-
Աստուծոյ սիրալիր պարգեւըԴիտարան 2011 | Յունիս 1
-
-
7, 8. Ինչպէ՞ս երկու կատարեալ մարդոց ընթացքները տարբեր արդիւնքներու առաջնորդած են։
7 Սիրալիրօրէն, Եհովա կարգադրութիւն ըրաւ, որ մարդիկ ժառանգուած մեղքէն ձերբազատուին։ Պօղոս բացատրեց թէ ասիկա կարելի էր, ուրիշ կատարեալ մարդու մը՝ երկրորդ Ադամի միջոցաւ (Ա. Կոր. 15։45)։ Բայց այդ երկու կատարեալ մարդոց իւրաքանչիւրին ընթացքը, շատ տարբեր արդիւնքներու առաջնորդած է։ Ինչպէ՞ս (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։15, 16)։
8 «Շնորհքը յանցանքին պէս չէ», Պօղոս գրեց։ Ադամ այդ յանցանքը գործեց եւ իրաւամբ աննպաստ վճիռ ստացաւ,– մեռաւ։ Բայց միայն Ադամ չէր որ պիտի մեռնէր։ Կը կարդանք. «Մարդու մը յանցանքովը շատեր մեռան»։ Ադամի ամբողջ զարմը,– ի ներառեալ մենք,– մեղաւոր ըլլալով, մահու արժանի է։ Այսուհանդերձ, կրնանք մխիթարուիլ գիտնալով, որ կատարեալ մարդը՝ Յիսուս, կրնար բոլորովին տարբեր արդիւնք մը յառաջ բերել։ Ի՞նչ արդիւնք։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Բոլոր մարդոց կեանք տուող արդարութիւն շնորհուեցաւ» (Հռով. 5։18, ԱԾ)։
9. Ինչպէս Հռովմայեցիս 5։16, 18–ի մէջ նշուած է, մարդիկը արդարացնելով Աստուած ի՞նչ կ’ընէր։
9 ‘Արդարացնել’ թարգմանուած յունարէն բառը ի՞նչ իմաստ կը կրէ։ Անոր առնչութեամբ Աստուածաշունչի թարգմանիչ մը գրեց. «Ատիկա զուտ օրինական արտայայտութիւն մը չէ, բայց օրինական երեսակ մը ունի՛։ Ատիկա կը յայտնէ Աստուծոյ առջեւ փոփոխութիւն մը անհատին դիրքին մէջ, եւ ոչ թէ անհատին մէջ՝ ներքին փոփոխութիւն. . . Փոխաբերութիւնը կը նկարագրէ Աստուած որպէս դատաւոր, որ որոշում կայացուցած է ի նպաստ ամբաստանեալին, որ այլաբանօրէն խօսելով, Իր ատեանին առջեւ բերուած էր՝ անարդարութեան յանցանքով ամբաստանուած։ Բայց Աստուած ամբաստանեալը անմեղ կը հռչակէ»։
-
-
Աստուծոյ սիրալիր պարգեւըԴիտարան 2011 | Յունիս 1
-
-
14, 15. Ի՞նչ ապագայ վարձատրութիւն ունէին անոնք որոնք արդարացան. բայց տակաւին ի՞նչ պէտք էր ընէին։
14 Պահ մը խորհէ՛ թէ ի՜նչ պարգեւ մըն է, որ Ամենակալը անհատի մը ժառանգած մեղքը եւ գործած յանցանքները ներէ։ Չես կրնար համրել մեղքերու քանակը, զորս անհատներ գործեցին քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ. սակայն փրկանքի հիման վրայ, Աստուած կրնայ այդ մեղքերը ներել։ Պօղոս գրեց. «Շնորհքը շատ մեղքերէ արդարութեան տարաւ» (Հռով. 5։16)։ Առաքեալները եւ ուրիշներ, որոնք այս սիրալիր պարգեւը ստացան (այսինքն՝ արդարացան), պէտք էր շարունակէին հաւատքով ճշմարիտ Աստուածը պաշտել։ Անոնց ի՞նչ ապագայ վարձատրութիւն կը սպասէր։ «Անոնք որ շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը կ’առնեն, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ Արդարեւ արդարութեան պարգեւը Ադամի մեղքին հակառակ ազդեցութիւնը ունի. անիկա կեանք կը բերէ (Հռով. 5։17. կարդա՛ Ղուկաս 22։28-30)։
-