Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ասմ գլ. 5 էջ 50-61
  • Ինչպէ՞ս աշխարհէն անջատ մնալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՞ս աշխարհէն անջատ մնալ
  • «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ՉԷԶՈՔ ՄՆԱԼ
  • «ԱՇԽԱՐՀԻ ՀՈԳԻ»ԻՆ ԴԷՄ ԴՆԵԼ
  • ՄԵՐ ՀԱԳՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻՆ ՈՒ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ
  • ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՐԶ ՊԱՀԵԼ
  • «ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԿՐԵԼ
  • ՀԱՒԱՏՔԴ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԻՐ
  • Չէզոք քրիստոնեաներ՝ վերջին օրերուն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Ինչո՞ւ մեր հագուելակերպն ու տեսքը կարեւոր են
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Աստուծոյ հոգին ստացիր եւ ոչ թէ աշխարհի հոգին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Տես աւելին
«Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
ասմ գլ. 5 էջ 50-61

ԳԼՈՒԽ 5

Ինչպէ՞ս աշխարհէն անջատ մնալ

«Աշխարհէն չէք» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 15։19)։

1. Երկրի վրայ որպէս մարդ արարած իր վերջին գիշերը Յիսուս ի՞նչ շեշտեց։

ՅԻՍՈՒՍ, երբ որպէս մարդ արարած երկրի վրայ էր, իր վերջին գիշերը իր հետեւորդներուն ապագայ բարօրութեան նկատմամբ խոր մտահոգութիւն յայտնեց։ Ան նոյնիսկ ասոր համար իր Հօր աղօթեց, ըսելով. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհաննէս 17։15, 16)։ Իր այս սրտագին աղաչանքով, Յիսուս ցոյց տուաւ անոնց հանդէպ իր խոր սէրը եւ նոյն գիշերը անոնցմէ ոմանց ուղղած իր խօսքին կարեւորութիւնը. «Աշխարհէն չէք» (Յովհաննէս 15։19)։ Բացայայտօրէն, Յիսուսի համար շա՛տ կարեւոր էր որ իր հետեւորդները աշխարհէն անջատ մնային։

2. Ի՞նչ է Յիսուսի ակնարկած «աշխարհ»ը։

2 Հոս, Յիսուս երբ «աշխարհ» կ’ըսէ, կ’ակնարկէ Աստուծմէ օտարացած ամբողջ մարդկութեան, որ Սատանայի իշխանութեան տակն է եւ գերեվարուած է անկէ ծագում առնող անձնասէր ու հպարտ հոգիին կողմէ (Յովհաննէս 14։30. Եփեսացիս 2։2. Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Արդարեւ, այս «աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է» (Յակոբոս 4։4)։ Սակայն անոնք, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ, ինչպէ՞ս կրնան այս աշխարհին մէջ ըլլալով հանդերձ անկէ անջատ ըլլալ։ Նկատի պիտի առնենք ասիկա ընելու հինգ կերպեր. Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ մնալ ու աշխարհի քաղաքականութեան մէջ չէզոքութիւն պահել. աշխարհի հոգիին դէմ դնել. մեր հագուելակերպին ու յարդարանքին մէջ համեստութիւն ցուցաբերել. մեր կեանքը պարզ պահել եւ մեր հոգեւոր սպառազինութիւնը կրել։

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՈՒ ՉԷԶՈՔ ՄՆԱԼ

3. ա) Յիսուս իր օրուան քաղաքականութիւնը ինչպէ՞ս նկատեց։ բ) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Յիսուսի օծեալ հետեւորդները որպէս դեսպաններ կը ծառայեն (պարփակէ ստորանիշը)։

3 Յիսուս իր օրուան քաղաքականութեան միջամուխ չեղաւ, այլ կեդրոնացաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելուն վրայ, այն ապագայ երկնային կառավարութիւնը, որուն Թագաւորը ինք պիտի ըլլար (Դանիէլ 7։13, 14. Ղուկաս 4։44. 17։20, 21)։ Ուստի, երբ Յիսուս հռոմայեցի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսի առջեւ ներկայացած էր, ան կրցաւ ըսել. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհաննէս 18։36)։ Իր հաւատարիմ հետեւորդները իր օրինակին հետեւելով, հաւատարիմ են Քրիստոսի ու իր Թագաւորութեան եւ այդ Թագաւորութիւնը կը ծանուցանեն աշխարհին (Մատթէոս 24։14)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք. . . մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ» (Բ. Կորնթացիս 5։20)a։

4. Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերած են (տե՛ս «Նախկին քրիստոնեաները չէզոք էին» շրջանակը)։

4 Քանի որ դեսպանները օտար կառավարիչ մը կամ պետութիւն մը կը ներկայացնեն, անոնք իրենց ծառայած երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամուխ չեն ըլլար, այլ չէզոք կը մնան։ Սակայն դեսպանները կը ջատագովեն այն երկրին կառավարութիւնը զոր կը ներկայացնեն։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներուն մասին, որոնց «քաղաքացիութիւնը երկինքն է» (Փիլիպպեցիս 3։20, ԱԾ)։ Իրողութիւնը այն է, թէ Թագաւորութեան մասին անոնց նախանձախնդիր քարոզչութեան շնորհիւ, անոնք Քրիստոսի միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ»ուն օգնած են որ ‘Աստուծոյ հետ հաշտուին’ (Յովհաննէս 10։16. Մատթէոս 25։31-40)։ Այս վերջինները կը ծառայեն իբրեւ Քրիստոսի պատուիրակներ, Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն աջակցելով։ Այս երկու խումբերն ալ, որպէս մեսիական Թագաւորութիւնը ջատագովող միացեալ հօտ, աշխարհի քաղաքական հարցերուն մէջ բացարձակապէս չէզոքութիւն կը պահեն (կարդա՛ Եսայի 2։2-4)։

5. Քրիստոնէական ժողովքը ինչպէ՞ս տարբեր է վաղեմի իսրայէլէն, եւ քրիստոնեաները այս տարբերութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տան։

5 Սակայն Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութիւնը միակ պատճառը չէ, որուն համար ճշմարիտ քրիստոնեաները չէզոք են։ Վաղեմի իսրայէլի հակառակը, որուն Աստուած տուած էր աշխարհագրական հողամաս մը, մենք մաս կը կազմենք միջազգային եղբայրութեան մը, որ կը գտնուի ամբողջ աշխարհի տարածքին (Մատթէոս 28։19. Ա. Պետրոս 2։9)։ Հետեւաբար, եթէ երկրի մը քաղաքական կուսակցութիւններուն զօրավիգ կանգնինք, պիտի կորսնցնենք Թագաւորութեան պատգամին մասին մեր խօսելու համարձակութիւնը եւ լրջօրէն պիտի վտանգենք մեր քրիստոնէական միութիւնը (Ա. Կորնթացիս 1։10)։ Ասկէ զատ, եթէ պատերազմ ծագի, պիտի կռուինք մեր հաւատակիցներուն դէմ, որոնց սիրելու պատուէր ստացած ենք (Յովհաննէս 13։34, 35. Ա. Յովհաննէս 3։10-12)։ Հետեւաբար, վաւերական պատճառով Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ, որ իրենց սուրը վար առնեն։ Ան նոյնիսկ անոնց ըսաւ, որ իրենց թշնամիները սիրեն (Մատթէոս 5։44. 26։52. տե՛ս «Չէզոք կը մնա՞մ» շրջանակը)։

6. Աստուծոյ կատարած նուիրումդ ինչպէ՞ս կ’ազդէ Կայսրին հետ քու յարաբերութեանդ։

6 Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, մեր կեանքը նուիրած ենք Աստուծոյ եւ ոչ թէ ոեւէ մարդու, մարդկային կազմակերպութեան կամ ազգի։ Ա. Կորնթացիս 6։19, 20–ը կ’ըսէ. «Դուք ձեր անձին տէրը չէք. քանզի գնով ծախու առնուեցաք»։ Ուստի Յիսուսի հետեւորդները «Կայսրին» կու տան ի՛նչ որ «Կայսրին» է, այսինքն՝ պատիւ, տուրք եւ յարաբերական հպատակութիւն, իսկ «Աստուծոյ» կու տան ի՛նչ որ «Աստուծոյ» է (Մարկոս 12։17. Հռովմայեցիս 13։1-7)։ Անոնք Աստուծոյ կու տան պաշտամունք, անձնուէր սէր եւ հաւատարիմ հնազանդութիւն։ Եթէ հարկ ըլլայ, անոնք պատրաստ են Աստուծոյ համար իրենց կեանքն ալ տալու (Ղուկաս 4։8. 10։27. կարդա՛ Գործք 5։29. Հռովմայեցիս 14։8)։

ՆԱԽԿԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՉԷԶՈՔ ԷԻՆ

Պատմութիւնը բաւարար ապացոյց կը հայթայթէ, թէ նախկին քրիստոնեաները քաղաքական հարցերու մէջ չէզոք մնացին եւ պատերազմներու չմասնակցեցան։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Քրիստոնէութեան հիմնադիրները շատ ուշադիր էին, որ իրենց մէջ քաղաքական վարչակարգին ուղղակիօրէն միջամուխ ըլլալու փափաք մը չզարգանայ» (The Beginnings of Christianity)։ Իսկ ուրիշ գիրք մը կը նշէ. «Նախկին քրիստոնէութիւնը հեթանոս աշխարհի կառավարիչներուն կողմէ յաճախ սխալ հասկցուած էր եւ անոնց աչքին անհամակրելի էր. . . Քրիստոնեաները մերժեցին հռոմայեցի քաղաքացիներու կարգ մը պարտականութիւններուն մասնակցիլ. . . Անոնք քաղաքական պաշտօններ չէին ստանձներ» (On the Road to Civilization)։

Նախկին քրիստոնեաներուն եւ զինուորական ծառայութեան առնչութեամբ, գերմանացի աստուածաբան Փիթըր Մէյնհոլտ, ըսաւ. «Միաժամանակ քրիստոնեայ ու զինուոր ըլլալը հակասական էր»։ Կրօնական նիւթերու շուրջ գրող Ճոնաթան Տիմընտ, պատերազմի ու քրիստոնէութեան մասին գրած քննասիրութեան մը մէջ ըսաւ, թէ Յիսուսի մահէն ետք, իր հետեւորդները որոշ ժամանակ «մերժեցին [պատերազմներու] մասնակցիլ ինչ որ ալ ըլլային հետեւանքները. վարկաբեկում, բանտարկութիւն կամ մահ»։ Տիմընտ աւելցուց. «Այս իրողութիւնները անվիճելի են»։ Այլ գրող մը ըսաւ, թէ քրիստոնեաները սկսան զինուոր ըլլալ միայն այն ատեն, երբ «քրիստոնէութիւնը սկսաւ ապականուիլ»։

«ԱՇԽԱՐՀԻ ՀՈԳԻ»ԻՆ ԴԷՄ ԴՆԵԼ

7, 8. Ի՞նչ է «աշխարհի հոգին», եւ անիկա ինչպէ՞ս «կը ներգործէ» անհնազանդ մարդոց մէջ։

7 Աշխարհէն անջատ մնալու ա՛յլ կերպ մըն է՝ անոր չար հոգիին դէմ դնել։ Պօղոս գրեց. «Մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է» (Ա. Կորնթացիս 2։12)։ Իր խօսքը եփեսացիներուն ուղղելով, ան ըսաւ. «Ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ» (Եփեսացիս 2։2, 3)։

8 Աշխարհի «օդ»ը կամ հոգին, անտեսանելի ու դրդիչ ոյժ մըն է, որ Աստուծոյ հանդէպ անհնազանդութիւն կը հրահրէ եւ «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը» կը քաջալերէ (Ա. Յովհաննէս 2։16. Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10)։ Այս հոգին «իշխանութիւն» ունի, քանի որ անիկա մեղաւոր մարմնին կոչ կ’ընէ, նաեւ խորամանկ ու անողոք է եւ օդի նման՝ համատարած։ Ասկէ զատ, անիկա անհնազանդ մարդոց մէջ «կը ներգործէ», անոնց մէջ աստիճանաբար զարգացնելով անբարեպաշտ նկարագրի գիծեր, ինչպէս՝ անձնասիրութիւն, ամբարտաւանութիւն, ագահ փառասիրութիւն եւ բարոյական անկախութեան ու ըմբոստութեան ոգինb։ Ուրիշ խօսքով, աշխարհի հոգին աստիճանաբար պատճառ կ’ըլլայ որ Բանսարկուին յատկանիշները աճին մարդոց սրտին մէջ (Յովհաննէս 8։44. Գործք 13։10. Ա. Յովհաննէս 3։8, 10)։

9. Աշխարհի հոգին ի՞նչ կերպերով կրնայ մեր մտքէն ու սրտէն ներս թափանցել։

9 Աշխարհի հոգին մտքիդ ու սրտիդ մէջ կրնա՞յ արմատ կապել։ Այո, բայց միայն եթէ արթուն չըլլաս (կարդա՛ Առակաց 4։23)։ Անոր ազդեցութիւնը յաճախ խորամանկօրէն կը սկսի, թերեւս ընկերակիցներու միջոցով, որոնք լաւ անձեր կրնան թուիլ, բայց իրականութեան մէջ, Եհովայի հանդէպ սէր չունին (Առակաց 13։20. Ա. Կորնթացիս 15։33)։ Այս չար հոգին նաեւ կրնաս իւրացնել՝ առարկելի հրատարակութիւններու, պոռնկագրական կամ հաւատուրացներու կայքէջերու, վնասակար ժամանցի եւ չափազանց մրցակցութեան ոգիով խաղցուած մարզախաղերու միջոցով,– խորքին մէջ, ոեւէ անհատի կամ որեւէ բանի միջոցով որ Սատանայի կամ իր աշխարհին մտածելակերպը կը հաղորդէ։

10. Ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհի հոգիին դէմ դնել։

10 Ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհի խորամանկ հոգիին դէմ դնել եւ մեր անձերը Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել։ Միմիայն Եհովայի հոգեւոր հայթայթումներէն լիովին օգտուելով եւ յարատեւաբար աղօթելով որ սուրբ հոգին ստանանք։ Եհովան շա՜տ աւելի մեծ է քան՝ Բանսարկուն կամ Սատանայի հակակշռին ներքեւ գտնուող չար աշխարհը (Ա. Յովհաննէս 4։4, ԱԾ)։ Հետեւաբար, որքա՜ն կարեւոր է որ աղօթքով Եհովայի մօտիկ մնանք։

ՉԷԶՈՔ ԿԸ ՄՆԱ՞Մ

Սկզբունք. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհաննէս 18։36)։

Դուն քեզի հարցուր

  • Ինչպէ՞ս կրնամ բացատրել թէ դրօշակին բարեւելը կռապաշտութեան կերպ մըն է (Ելից 20։4, 5. Ա. Յովհաննէս 5։21)c։

  • Երբ հաւատալիքներս չբաժնողներուն կը բացատրեմ թէ ինչո՛ւ կարգ մը ազգային արարողութիւններու չեմ մասնակցիր, ինչպէ՞ս կրնամ անոնց հանդէպ խոր յարգանք ցուցաբերել (Ա. Պետրոս 3։15)։

  • Ի՞նչ պատճառներ ունիմ որեւէ քաղաքական կուսակցութեան չաջակցելու կամ զինուորական որեւէ ծառայութիւն չկատարելու (Յովհաննէս 13։34. Ա. Յովհաննէս 3։10-12)։

ՄԵՐ ՀԱԳՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻՆ ՈՒ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՄԵՍՏՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ

11. Աշխարհի հոգին ինչպէ՞ս ազդած է հագուելակերպի չափանիշներուն։

11 Անհատին արտաքին տեսքը, այսինքն՝ հագուստը, յարդարանքը եւ անձնական մաքրութիւնը ցոյց կու տան զինք մղող հոգին։ Շատ մը երկիրներու մէջ, հագուելակերպի չափանիշները այնքա՛ն նուաստացած են, որ հեռատեսիլի խօսնակ մը ըսաւ թէ մօտ ատենէն պիտի չկարենանք զանազանել սովորական կիները պոռնիկներէն։ Նոյնիսկ 13–ը չթեւակոխած աղջնակներ այս նորոյթին հետեւելով իրենց «մարմինները կը ցուցադրեն եւ համեստութիւն չեն ցուցաբերեր», տեղեկագրեց լրագիր մը։ Ա՛յլ նորոյթ մըն է թափթփած հագուստներ հագուիլը, որ կ’արտացոլէ ըմբոստութեան ոգին, ինչպէս նաեւ՝ արժանապատուութեան ու իր անձին հանդէպ յարգանքի պակաս։

12, 13. Մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը ի՞նչ սկզբունքներով պէտք է ղեկավարուին։

12 Որպէս Եհովայի ծառաներ, իսկապէս կ’ուզենք լաւ դրսերեւոյթ ունենալ։ Ասիկա կը նշանակէ որ մեր հագուելակերպը պէտք է ըլլայ կոկիկ, մաքուր, ճաշակաւոր եւ առիթին յարմար։ Մեր դրսերեւոյթը ամէն ատեն պէտք է արտացոլէ ‘համեստութիւն եւ ողջամտութիւն’, որ «բարի գործերով» մէկտեղ պատշաճ է «աստուածպաշտութիւնը յանձն առած» տղամարդոց եւ կիներուն։ Անշուշտ, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը մեր անձին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելը չէ, այլ մեր ‘անձերը Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահելն’ է (Ա. Տիմոթէոս 2։9, ՆԱ, 10. Յուդա 21)։ Արդարեւ, կ’ուզենք որ մեր ամենագեղեցիկ զարդարանքը ըլլայ «սրտին ծածուկ մարդը. . . որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է» (Ա. Պետրոս 3։3, 4)։

13 Նաեւ ի մտի ունեցիր, թէ մեր հագուելակերպն ու յարդարանքը կրնան ճշմարիտ պաշտամունքի հանդէպ ուրիշներու տեսակէտին ազդել։ ‘Համեստութիւն’ թարգմանուած յունարէն բառը, երբ բարոյական առումով գործածուի, ուրիշներու զգացումներուն կամ կարծիքներուն հանդէպ կ’արտայայտէ պատկառանք, ակնածանք ու յարգանք։ Հետեւաբար, մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ ուրիշներու խղճմտանքը վեր դասել մեր կարծեցեալ իրաւունքներէն։ Ամէն բանէ աւելի, կ’ուզենք Եհովայի ու իր ժողովուրդին պատիւ բերել, եւ մեր անձերը յանձնարարել որպէս Աստուծոյ ծառաներ, ‘ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ընելով’ (Ա. Կորնթացիս 4։9. 10։31. Բ. Կորնթացիս 6։3, 4. 7։1)։

Դրսերեւոյթս Եհովայի պատիւ կը բերէ՞

14. Մեր դրսերեւոյթին ու մաքրութեան առնչութեամբ, մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։

14 Պէտք է մեր հագուելակերպին, յարդարանքին ու մաքրութեան ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընծայենք, երբ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցինք կամ քրիստոնէական ժողովներու ներկայ կը գտնուինք։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Դրսերեւոյթս ու անձնական մաքրութիւնս անձիս վրայ անհարկի ուշադրութիւն կը հրաւիրե՞ն եւ ուրիշները նեղ կացութեան կը մատնե՞ն։ Այս մարզերուն մէջ իրաւունքներս, ժողովքին մէջ առանձնաշնորհումներէս աւելի կարեւոր կը նկատե՞մ’ (Սաղմոս 68։6. Փիլիպպեցիս 4։5. Ա. Պետրոս 5։6)։

15. Աստուծոյ Խօսքը ինչո՞ւ հագուելակերպի, յարդարանքի ու մաքրութեան շուրջ կանոններու ցանկ մը չի տար։

15 Աստուածաշունչը՝ քրիստոնեաներուն հագուելակերպի, յարդարանքի ու մաքրութեան շուրջ կանոններու ցանկ մը չի տար։ Եհովան չ’ուզեր մեզ զրկել մեր ընտրելու ազատութենէն կամ մեր մտային կարողութիւնները գործածելէն։ Ընդհակառակը, ան կ’ուզէ որ ըլլանք հասուն անհատներ, որոնք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն կը տրամաբանեն եւ որոնց «զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել» (Եբրայեցիս 5։14)։ Ամէն բանէ աւելի, ան կ’ուզէ որ առաջնորդուինք Աստուծոյ ու ընկերի հանդէպ սիրով (կարդա՛ Մարկոս 12։30, 31)։ Այս չափանիշներուն ներքեւ, հագուստի ու յարդարանքի հսկայ այլազանութիւն մը ունինք։ Ասոր մասին կը վկայեն աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ Եհովայի ուրախ ժողովուրդին գոյնզգոյն հագուստները։

ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՐԶ ՊԱՀԵԼ

16. Աշխարհի հոգին ինչպէ՞ս Յիսուսի ուսուցումին հակառակ է, եւ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։

16 Աշխարհի հոգին խաբուսիկ է եւ միլիոնաւորներ կը մղէ որ երջանկութիւն ձեռք ձգելու համար դրամի ու նիւթական բաներու հետամուտ ըլլան։ Սակայն Յիսուս ըսաւ. «Մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը» (Ղուկաս 12։15)։ Թէեւ Յիսուս ճգնաւորութիւն կամ ծայրայեղ անձնուրացութիւն չորդեգրեց, սակայն ան սորվեցուց թէ կեանքն ու իսկական երջանկութիւնը ձեռք կը ձգեն անոնք, որոնք «հոգիով աղքատ» են եւ կը վարեն պարզ կեանք մը, որ կեդրոնացած է հոգեւոր բաներու վրայ (Մատթէոս 5։3. 6։22)։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Իրապէս կը հաւատա՞մ Յիսուսի ուսուցանած բաներուն, թէ ոչ «ստութեան հօրմէն» ազդուած եմ (Յովհաննէս 8։44)։ Իմ խօսքերս, նպատակակէտերս, առաջնահերթութիւններս եւ կենցաղս ի՞նչ կը յայտնեն’ (Ղուկաս 6։45. 21։34-36. Բ. Յովհաննէս 6)։

17. Նշէ կարգ մը օգուտներ, զորս կը վայելեն պարզ կեանք վարողները։

17 Յիսուս ըսաւ. «Իմաստութիւնը արդարացաւ իր գործերով» (Մատթէոս 11։19, ՆԱ)։ Նկատի առ միայն քանի մը օգուտներ, զորս կը վայելեն պարզ կեանք վարողները։ Անոնք Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ իսկական թարմացում կը գտնեն (Մատթէոս 11։29, 30)։ Նաեւ կը խուսափին անհարկի մտահոգութիւններէ, եւ այսպէս՝ իրենց անձերը կը խնայեն զգացական շատ մը ցաւերէ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10)։ Կեանքի անհրաժեշտութիւններով գոհացած ըլլալով, անոնք իրենց ընտանիքին ու քրիստոնէական ընկերակիցներուն համար աւելի ժամանակ ունին։ Որպէս արդիւնք, աւելի հանգիստ կը քնանան (Ժողովող 5։12)։ Անոնք կը վայելեն տալէն յառաջ եկող մեծ ուրախութիւնը, եւ ջանքեր կը թափեն իրենց կարողութեան ներած չափով այդպէս ալ ընել (Գործք 20։35)։ Անոնց ‘յոյսը կ’առատանայ’ եւ ներքին խաղաղութիւն ու գոհունակութիւն կ’ունենան (Հռովմայեցիս 15։13. Մատթէոս 6։31, 32)։ Այս օրհնութիւնները ի՛րապէս թանկագին են։

«ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԻՒՆԸ» ԿՐԵԼ

18. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ՝ մեր թշնամին, անոր մեթոտները եւ մեր ‘գօտեմարտին’ բնոյթը։

18 Անոնք՝ որոնք իրենց անձը Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը պահեն, նաեւ հոգեւորապէս կը պաշտպանուին Սատանայէն, որ կ’ուզէ քրիստոնեաները զրկել ոչ միայն երջանկութենէ, այլեւ յաւիտենական կեանքէ (Ա. Պետրոս 5։8)։ Պօղոս ըսաւ. «Մեր գօտեմարտը մարմինի եւ արիւնի հետ չէ, հապա պետութիւններու, իշխանութիւններու, այս խաւար աշխարհին իշխանաւորներուն հետ, երկնաւոր վայրերու մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» (Եփեսացիս 6։12, ԱԾ)։ ‘Գօտեմարտիլ’ բառը կը նշանակէ, ոչ թէ հեռուէն կռուիլ, այլ ձեռքերով կռուիլ։ Ասկէ զատ, «պետութիւններ», «իշխանութիւններ» ու «աշխարհի իշխանաւորներ» արտայայտութիւնները կը նշեն, թէ հոգեղէն ծիրէն եկած յարձակումները մեծապէս կազմակերպուած եւ դիտումնաւոր են։

19. Նկարագրէ քրիստոնեային հոգեւոր սպառազինութիւնը։

19 Սակայն հակառակ մարդկային տկարութիւններուն ու սահմանափակումներուն, կրնանք յաղթական դուրս գալ։ Ինչպէ՞ս։ Մեր վրայ առնելով «Աստուծոյ սպառազինութիւնը» (Եփեսացիս 6։13)։ Այս սպառազինութիւնը նկարագրելով, Եփեսացիս 6։14-18–ը կ’ըսէ. «Ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը հագնելով ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել եւ փրկութեան սաղաւարտը [կամ՝ յոյսը] առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է։ Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով»։

20. Մեր պարագան ինչպէ՞ս կը տարբերի բառացի զինուորի մը պարագայէն։

20 Քանի որ այս հոգեւոր սպառազինութիւնը Աստուծոյ կարգադրութիւնն է, անիկա մեզ յուսախաբ պիտի չընէ, պայմանաւ որ զայն ամէն ատեն մեր վրայ կրենք։ Բառացի զինուորներուն հակառակը, որոնք խաղաղութեան պահերուն կռիւներէն երկար դադար կ’առնեն, քրիստոնեաները յարատեւաբար մահու եւ կենաց պայքար կը մղեն։ Այս պայքարը վերջ պիտի չգտնէ, մինչեւ որ Աստուած Սատանայի աշխարհը կործանէ եւ բոլոր չար ոգիները անդունդը նետէ (Յայտնութիւն 12։17. 20։1-3)։ Ուստի, եթէ տկարութեան կամ սխալ ցանկութիւններու դէմ կը պայքարիք՝ մի՛ յանձնուիք, քանի որ բոլորս ալ պէտք է մեր անձերը «ճնշենք» Եհովայի հաւատարիմ մնալու համար (Ա. Կորնթացիս 9։27)։ Արդարեւ, պէտք է մտահոգուինք այն ատեն, երբ չենք գօտեմարտիր։

21. Միայն ի՞նչ կերպով է որ կրնանք մեր հոգեւոր պատերազմէն յաղթական դուրս գալ։

21 Ասկէ զատ, չենք կրնար մեր սեփական ուժերով այս պայքարը շահիլ։ Ուստի Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ, որ Եհովայի ‘աղօթք ընենք ամէն ատեն Հոգիով’։ Միեւնոյն ատեն, պէտք է մտիկ ընենք Եհովայի՝ իր Խօսքը ուսումնասիրելով եւ ամէն առիթով մեր «զինուորակից»ներուն ընկերակցելով, քանի որ այս պայքարին մէջ առանձին չենք (Փիլիմոն 2. Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Անոնք՝ որոնք այս բոլոր մարզերուն մէջ հաւատարիմ են, ոչ միայն յաղթական դուրս պիտի գան, այլ նաեւ պիտի կարենան իրենց հաւատքը հաստատօրէն պաշտպանել, երբ անիկա յարձակման ենթարկուի։

ՀԱՒԱՏՔԴ ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՂԻՐ

22, 23. ա) Ինչո՞ւ ամէն ատեն պատրաստ պէտք է ըլլանք մեր հաւատքը պաշտպանելու, եւ մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։ բ) Յաջորդ գլուխին մէջ ի՞նչ նիւթ պիտի քննարկուի։

22 Յիսուս ըսաւ. «Որովհետեւ աշխարհէն չէք. . . աշխարհ ձեզ կ’ատէ» (Յովհաննէս 15։19)։ Հետեւաբար, քրիստոնեաները պէտք է միշտ պատրաստ ըլլան իրենց հաւատքը պաշտպանելու եւ ասիկա ընեն յարգանքով եւ հեզութեամբ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։15)։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Կը հասկնա՞մ թէ Եհովայի վկաները ինչո՛ւ երբեմն հասարակաց կարծիքին հակառակ դիրք կը բռնեն։ Երբ այսպիսի դժուար կեցուածք մը դիմագրաւեմ, լիովին համոզուա՞ծ եմ թէ ինչ որ Աստուածաշունչը եւ հաւատարիմ ծառան կ’ըսեն ճիշդ է (Մատթէոս 24։45. Յովհաննէս 17։17)։ Իսկ երբ Եհովայի աչքին ճիշդ եղած բանը պիտի ընեմ, արդեօք պատրաստուա՞ծ եմ ոչ միայն տարբեր ըլլալու, այլ նաեւ տարբեր ըլլալուս համար հպարտ զգալու’ (Սաղմոս 34։2. Մատթէոս 10։32, 33)։

23 Սակայն աշխարհէն անջատ ըլլալու մեր փափաքը յաճախ շա՛տ աւելի խորամանկ կերպերով փորձի կ’ենթարկուի։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Բանսարկուն կը ջանայ Եհովայի ծառաները դէպի աշխարհ քաշել, աշխարհային ժամանցի միջոցով։ Ինչպէ՞ս կրնանք ընտրել օգտակար ժամանց, որ մեզի կու տայ թարմացում ու մաքուր խղճմտանք։ Այս նիւթը նկատի պիտի առնուի յաջորդ գլուխին մէջ։

a Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէէն ի վեր, Քրիստոս որպէս Թագաւոր կը ծառայէ երկրի վրայ իր օծեալ հետեւորդներէն բաղկացած ժողովքին վրայ (Կողոսացիս 1։13)։ Իսկ 1914–ին, Քրիստոս թագաւորական հեղինակութիւն ստացաւ «աշխարհի թագաւորութիւններ»ուն վրայ։ Ուստի այժմ օծեալ քրիստոնեաները նոյնպէս կը ծառայեն որպէս մեսիական Թագաւորութեան դեսպաններ (Յայտնութիւն 11։15)։

b Տե՛ս Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանել գիրքը, էջ 389-393, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ (անգլերէնով)։

c Տե՛ս «Դրօշակի բարեւել, քուէարկել եւ քաղաքացիական ծառայութիւն» յաւելուածը։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել