Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 12/1 էջ 12-17
  • Քրիստոսին օրէնքը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քրիստոսին օրէնքը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Նոր Ուխտը
  • Ազատութեան Օրէնքը
  • Յիսուս եւ Փարիսեցիները
  • Քրիստոսին Օրէնքը Թոյլատո՞ւ Է
  • Քրիստոնեայ Աշխարհը Քրիստոսին Օրէնքը կ’Ապականէ
  • Քրիստոնեայ Աշխարհի Սխալներէն Սորվինք
  • Օրէնքը՝ Քրիստոսէ առաջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Մովսիսական Օրէնքը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար
    Միացած՝ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ
  • Հարցումներ ընթերցողներէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Քրիստոսի օրէնքին համաձայն ապրինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 12/1 էջ 12-17

Քրիստոսին օրէնքը

«Քրիստոսին օրէնքին տակ էի»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9։21

1, 2. Մարդկութեան բազմաթիւ սխալներուն առաջքը ի՞նչպէս կարելի էր առնել։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհը Հրէականութեան պատմութենէն ի՞նչ բան չսորվեցաւ։

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ ու կառավարութիւններ պատմութենէն բան մը չեն սորված, կամ անկէ եզրակացուած սկզբունքներուն համաձայն չեն գործած»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ ԺԹ. դարու Գերմանացի փիլիսոփայ մը։ Արդարեւ, մարդկային պատմութեան ընթացքը նկարագրուած է որպէս «յիմարութեան տողանցք» մը, ահաւոր սխալներու ու տագնապներու յաջորդականութիւն մը, որոնցմէ շատերուն առաջքը կարելի էր առնել, եթէ մարդկութիւնը միայն կամենար անցեալի սխալներէն սորվիլ։

2 Աստուածային օրէնքի այս քննարկումը ցոյց կու տայ որ մարդիկ անցեալի սխալներէն բան չեն սորված։ Եհովա Աստուած Մովսիսական Օրէնքը փոխարինեց աւելի լաւ օրէնքով մը՝ Քրիստոսին օրէնքով։ Սակայն, Քրիստոնեայ Աշխարհի առաջնորդները, որոնք կը դաւանին այս օրէնքը սորվեցնել ու անոր համաձայն ապրիլ, Փարիսեցիներուն չափազանց անմտութենէն չեն սորված։ Ուստի, Քրիստոնեայ Աշխարհը Քրիստոսին օրէնքը խեղաթիւրած ու զեղծանած է, ճիշդ ինչպէս Հրէականութիւնը ըրաւ Մովսիսական Օրէնքին։ Ի՞նչ կերպով։ Նախ, ուղղակի այս օրէնքը նկատի առնենք. անիկա ի՛նչ է, որո՛նց կը կիրարկուի եւ ի՛նչպէս, եւ ի՛նչ բանով Մովսիսական Օրէնքէն տարբեր է։ Ապա պիտի քննենք թէ Քրիստոնեայ Աշխարհը ինչպէ՛ս զայն չարաչար գործածած է։ Ուստի, պատմութենէն դաս առնենք ու անկէ օգտուինք։

Նոր Ուխտը

3. Եհովա նոր ուխտին նկատմամբ ի՞նչ խոստում ըրաւ։

3 Եհովա Աստուծմէ զատ, ո՞վ կրնար կատարեալ Օրէնք մը բարեփոխել։ Մովսիսական Օրէնքի ուխտը կատարեալ էր։ (Սաղմոս 19։7) Ասով հանդերձ, Եհովա խոստացաւ. «Ահա օրեր կու գան, . . . երբ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ, ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի»։ Տասը Պատուիրանները՝ Մովսիսական Օրէնքին կորիզը՝ քարէ տախտակներու վրայ գրուած էին։ Սակայն, նոր ուխտին նկատմամբ, Եհովա ըսաւ. «Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ»։—Երեմեայ 31։31–34

4. (ա) Ո՞ր Իսրայէլը նոր ուխտին մէջ պարփակուած է։ (բ) Հոգեւոր Իսրայելացիներու կողքին որո՞նք ալ Քրիստոսի օրէնքին տակն են։

4 Այս նոր ուխտին մէջ որո՞նք պիտի պարփակուէին։ Վստահաբար բառացի ‘Իսրայէլի տունը’ պիտի չըլլար, քանի որ ան այս ուխտին Միջնորդը մերժած էր։ (Եբրայեցիս 9։15) Այս նոր «Իսրայէլ»ը «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը պիտի ըլլար. հոգեւոր Իսրայելացիներէ բաղկացած ազգ մը։ (Գաղատացիս 6։16. Հռովմայեցիս 2։28, 29) Հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներու այս խմբակին հետագային պիտի միանար բոլոր ազգերէն բաղկացած «մեծ բազմութիւն մը», որ նոյնպէս պիտի փափաքէր Եհովան պաշտել։ (Յայտնութիւն 7։9, 10. Զաքարեայ 8։23) Նոր ուխտին մաս չկազմելով հանդերձ, անոնք ալ օրէնքին ենթակայ պիտի ըլլային։ (Բաղդատել Ղեւտացւոց 24։22. Թուոց 15։15։) «Մէկ հովիւ»ի ներքեւ «մէկ հօտ» ըլլալով, բոլորն ալ «Քրիստոսին օրէնքին տակ» պիտի ըլլային, ինչպէս Պօղոս առաքեալ գրեց։ (Յովհաննու 10։16. Ա. Կորնթացիս 9։21) Պօղոս այս նոր ուխտը «լաւագոյն ուխտ» կոչեց։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկը այն է որ, անիկա կատարուած խոստումներու, եւ ոչ թէ գալիք բաներու շուքին վրայ հաստատուած է։—Եբրայեցիս 8։6. 9։11–14

5. Նոր ուխտին նպատակը ի՞նչ է, եւ անիկա ինչո՞ւ պիտի յաջողի։

5 Այս ուխտին նպատակը ի՞նչ է։ Թագաւորներու ու քահանաներու ազգ մը յառաջ բերել՝ ամբողջ մարդկութիւնը օրհնելու համար։ (Ելից 19։6. Ա. Պետրոս 2։9. Յայտնութիւն 5։10) Մովսիսական Օրէնքին ուխտը այս ազգը յառաջ չբերաւ բառին բուն առումով, քանի որ Իսրայէլ որպէս ժողովուրդ ըմբոստացաւ ու իր պատեհութիւնը կորսնցուց։ (Բաղդատել Հռովմայեցիս 11։17–21։) Սակայն, նոր ուխտը, անկասկած պիտի յաջողի, քանի որ շատ տարբեր օրէնքի մը հետ կապ ունի։ Անիկա ի՞նչ կերպերով տարբեր էր։

Ազատութեան Օրէնքը

6, 7. Քրիստոսին օրէնքը ի՞նչպէս Մովսիսական Օրէնքէն աւելի մեծ ազատութիւն կը հրամցնէ։

6 Քրիստոսին օրէնքը յաճախ ազատութեան հետ կը կցորդուի։ (Յովհաննու 8։31, 32) Անոր ակնարկուած է որպէս «ազատ ժողովուրդի մը օրէնք»ը եւ «ազատութեան կատարեալ օրէնք»ը։ (Յակոբու 1։25. 2։12, ՆԱ) Անշուշտ, մարդոց մէջ ամէն ազատութիւն յարաբերական է։ Այսուհանդերձ, այս օրէնքը շատ աւելի մեծ ազատութիւն կը հրամցնէ քան իր նախորդը՝ Մովսիսական Օրէնքը։ Ի՞նչպէս։

7 Օրինակի համար, ո՛չ մէկ անհատ Քրիստոսի օրէնքին տակ կը ծնի։ Ցեղի ու ծննդավայրի նման ազդակներ կարեւորութիւն չունին։ Ճշմարիտ Քրիստոնեաները սիրայօժար կամքով կ’ընդունին այս օրէնքին հնազանդելու լուծը։ Այսպէս ընելով, անոնք կը նկատեն որ անիկա քաղցր լուծ մը, թեթեւ բեռ մըն է։ (Մատթէոս 11։28–30) Արդէն, Մովսիսական Օրէնքին ալ նպատակն էր մարդուն սորվեցնել թէ ինք մեղաւոր էր ու իր անձը փրկելու համար փրկանքի զոհագործութեան մեծ կարիքը ունէր։ (Գաղատացիս 3։19) Իսկ Քրիստոսին օրէնքը կը սորվեցնէ որ Մեսիան եկած է, իր կեանքով փրկանքը վճարած է եւ մեզի համար ճամբան բացած է որ մեղքի ու մահուան ահաւոր հարստահարութենէն ազատագրուինք։ (Հռովմայեցիս 5։20, 21) Օգտուելու համար, պէտք է այդ զոհագործութեան ‘հաւատք ընծայենք’։—Յովհաննու 3։16

8. Քրիստոսին օրէնքը ի՞նչ կը պարփակէ, սակայն անոր համաձայն ապրիլը ինչո՞ւ հարիւրաւոր օրինական կանոններ գոց սորվիլ չի պահանջեր։

8 ‘Հաւատք ընծայել’ը կը պարփակէ Քրիստոսին օրէնքին համաձայն ապրիլ, ուրիշ խօսքով, Քրիստոսի բոլոր պատուիրաններուն հնազանդիլ։ Ասիկա կը նշանակէ հարիւրաւոր օրէնքներ ու կանոննե՞ր գոց սորվիլ։ Ո՛չ։ Մինչ Մովսէս՝ հին ուխտին միջնորդը՝ Մովսիսական Օրէնքը գրի առաւ, Յիսուս՝ նոր ուխտին Միջնորդը՝ որեւէ օրէնք չարձանագրեց։ Ան այս օրէնքը ապրեցաւ։ Իր կատարեալ ապրելակերպով, ան բոլորին առջեւ օրինակ մը թողուց որու պէտք է հետեւիլ։ (Ա. Պետրոս 2։21) Թերեւս ասոր համար նախկին Քրիստոնեաներու պաշտամունքին կ’ակնարկուէր որպէս «ճամբան»։ (Գործք 9։2. 19։9, 23. 22։4, ՆԱ. Գործք 24։22, ՆԱ) Անոնց համար, Քրիստոսի ապրելակերպը ցոլքն էր Քրիստոսի օրէնքին։ Յիսուսը ընդօրինակել կը նշանակէր այդ օրէնքին հնազանդիլ։ Անոր հանդէպ անոնց ունեցած անհուն սէրը ցոյց կու տար որ այս օրէնքը արդարեւ իրենց սրտերուն վրայ գրուած էր, ինչպէս մարգարէացուած էր։ (Երեմեայ 31։33. Ա. Պետրոս 4։8) Իսկ այն անհատը որ սէրէ մղուած կը հնազանդի, բնաւ ճնշուած չ’զգար. ահաւասիկ ուրիշ պատճառ մը թէ ինչո՛ւ Քրիստոսին օրէնքը կրնայ «ազատ ժողովուրդի մը օրէնք»ը կոչուիլ։

9. Քրիստոսի օրէնքին ծուծը ի՞նչ է, եւ այս օրէնքը ի՞նչ կերպով նոր պատուիրան մը կը պարփակէ։

9 Եթէ սէրը Մովսիսական Օրէնքին մէջ կարեւոր էր, անիկա քրիստոնէական օրէնքին բուն ծուծը կը կազմէ։ Ուստի Քրիստոսին օրէնքը նոր պատուիրան մը կը բովանդակէ. Քրիստոնեաները իրարու հանդէպ անձնազոհ սէր պէտք է ունենան։ Անոնք պէտք է սիրեն ինչպէս Յիսուս սիրեց. ան յօժարակամօրէն իր կեանքը զոհեց իր բարեկամներուն համար։ (Յովհաննու 13։34, 35. 15։13) Հետեւաբար, կրնայ ըսուիլ որ Քրիստոսին օրէնքը ա՛լ աւելի վեհ կերպով կ’արտայայտէ աստուածպետութիւնը, քան՝ Մովսիսական Օրէնքը։ Ինչպէս այս պարբերաթերթը նախապէս մատնանշած էր. «Աստուածպետութիւնը Աստուծոյ իշխանութիւնն է. Աստուած սէր է. հետեւաբար աստուածպետութիւնը սիրով իշխել կը նշանակէ»։

Յիսուս եւ Փարիսեցիները

10. Յիսուսի ուսուցումը ի՞նչպէս հակադրուեցաւ Փարիսեցիներուն ուսուցումին հետ։

10 Ուստի, շատ զարմանալի չէ որ Յիսուս բախում ունեցաւ իր օրուան Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն հետ։ Դպիրներուն ու Փարիսեցիներուն կարողութենէն վեր էր ըմբռնել «ազատութեան կատարեալ օրէնք» մը։ Անոնք փորձեցին մարդակերտ կանոններով ժողովուրդը իրենց հակակշռին տակ առնել։ Անոնց ուսուցումը հարստահարող, դատապարտող ու բացասական դարձաւ։ Ասոր ճիշդ հակառակը, Յիսուսի ուսուցումը անուրանալիօրէն շինիչ ու դրական էր։ Ան գործնական էր ու մարդոց իսկական կարիքներն ու մտահոգութիւնները նկատի կ’առնէր։ Ան պարզութեամբ ու անկեղծութեամբ կը սորվեցնէր, առօրեայ կեանքէն օրինակներ գործածելով ու Աստուծոյ Խօսքին հեղինակութեան դիմելով։ Հետեւաբար, «ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ»։ (Մատթէոս 7։28) Այո, Յիսուսի ուսուցումը անոնց սրտերուն հասաւ։

11. Յիսուս ի՞նչպէս ապացուցանեց որ Մովսիսական Օրէնքը պէտք էր բանաւոր կերպով ու ողորմածութեամբ կիրարկուէր։

11 Փոխանակ Մովսիսական Օրէնքին վրայ կանոններ աւելցնելու, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Հրեաները այդ Օրէնքը ինչպէ՛ս պէտք էր կիրարկէին. բանաւոր կերպով ու ողորմածութեամբ։ Յիշեցէք, զոր օրինակ, երբ արեան տեռատեսութիւն ունեցող կին մը անոր մօտեցաւ։ Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, անոր դպչող ոեւէ անհատ անմաքուր պիտի ըլլար, ուստի ան բազմութեան մէջ բնաւ պէտք չէր մտներ։ (Ղեւտացւոց 15։25–27) Սակայն ան ա՛յնքան կը տենչար բժշկուիլ, որ բազմութեան մէջէն անցնելով Յիսուսի հանդերձին դպաւ։ Արիւնահոսութիւնը անմիջապէս դադրեցաւ։ Օրէնքը բեկանելուն համար Յիսուս զինք սաստե՞ց։ Ո՛չ. այլ անոր յուսահատ վիճակը հասկցաւ ու Օրէնքին մեծագոյն պատուէրը՝ սէր՝ ցուցաբերեց։ Ան կարեկցութեամբ անոր ըսաւ. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։—Մարկոս 5։25–34

Քրիստոսին Օրէնքը Թոյլատո՞ւ Է

12. (ա) Ինչո՞ւ պէտք չէ եզրակացնենք որ Քրիստոս թոյլատու է։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ բազմաթիւ օրէնքներ դնելը փախուստի բազմաթիւ ճամբաներ ստեղծելու կ’առաջնորդէ։

12 Բայց պէ՞տք է եզրակացնենք որ Քրիստոսին օրէնքը թոյլատու է, քանի որ ‘ազատութեան օրէնք’ է, մինչդեռ Փարիսեցիները, իրենց բոլոր բերանացի աւանդութիւններով, առնուազն մարդոց վարքը սանձեցին։ Ո՛չ։ Ներկայ օրինական դրութիւնները կը փաստեն որ յաճախ որքան շատ օրէնքներ ըլլան, մարդիկ այդքան աւելի անոնցմէ խոյս տալու ճամբաներ կը գտնեն։a Յիսուսի օրերուն, փարիսեցիական կանոններուն շատութիւնը, փախուստի ճամբաներ փնտռել, անտարբերութեամբ սէրէ զուրկ գործեր կատարել եւ ներքին ապականութիւնը ծածկելու համար ինքնարդար դրսերեւոյթ մշակել քաջալերեց։—Մատթէոս 23։23, 24

13. Քրիստոսին օրէնքը ինչո՞ւ վարքի աւելի բարձր չափանիշ մը յառաջ կը բերէ քան ուրիշ որեւէ օրինագիրք։

13 Միւս կողմէ, Քրիստոսին օրէնքը այսպիսի վերաբերմունք չի քաջալերեր։ Իրականութեան մէջ, ուրիշներու հանդէպ Քրիստոսի ունեցած անձնազոհ սէրը ընդօրինակելով, Եհովայի սիրոյն վրայ հիմնուած օրէնքի մը հնազանդիլը, վարքի շատ աւելի բարձր չափանիշ մը յառաջ կը բերէ, քան թէ՝ պաշտօնական օրինագրքի մը հետեւիլը։ Սէրը փախուստի ճամբաներ չի փնտռեր. անիկա մեզ ետ կը պահէ վնասակար բաներ ընելէ, զորս օրինագիրք մը թերեւս բացայայտօրէն չ’արգիլեր։ (Տես՝ Մատթէոս 5։27, 28։) Արդ, Քրիստոսին օրէնքը մեզ պիտի մղէ որ ուրիշներուն հանդէպ առատաձեռնութիւն, հիւրասիրութիւն եւ սէր ցուցաբերենք՝ այնպիսի կերպերով որ պաշտօնական ո՛չ մէկ օրէնք կրնայ մեզի ընել տալ։—Գործք 20։35. Բ. Կորնթացիս 9։7. Եբրայեցիս 13։16

14. Քրիստոսի օրէնքին համաձայն ապրիլը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին վրայ։

14 Նախկին քրիստոնէական ժողովքին անդամները որքան որ Քրիստոսի օրէնքին համաձայն ապրէին, այնքան ժողովքը կը վայլէր ջերմ, սիրալիր մթնոլորտ մը, որ յարաբերաբար զերծ էր այն ժամանակուան ժողովարաններուն մէջ չափազանց տիրական եղող անթեք, դատապարտող ու կեղծաւոր վերաբերմունքէն։ Այս նորաբողբոջ ժողովքներուն անդամները իրապէս զգացած ըլլալու էին որ իրենք «ազատ ժողովուրդի մը օրէնք»ով կ’ապրէին։

15. Քրիստոնէական ժողովքը ապականելու Սատանայի առաջին ջանքերէն ոմանք ի՞նչ էին։

15 Սակայն, Սատանան ամէն գնով կ’ուզէր քրիստոնէական ժողովքը ներսէն ապականել, ինչպէս ըրած էր Իսրայէլ ազգին։ Պօղոս առաքեալ գայլանման մարդոց դէմ զգուշացուց, որոնք ‘ծուռ բաներ պիտի խօսէին’ ու Աստուծոյ հօտը պիտի հարստահարէին։ (Գործք 20։29, 30) Ան ստիպուած էր Յուդայականներուն դէմ դնել, որոնք կը ջանային Քրիստոսի օրէնքին յարաբերական ազատութիւնը փոխարինել Մովսիսական Օրէնքին գերութեամբ, որ Քրիստոսով կատարուած ու վերջացած էր։ (Մատթէոս 5։17. Գործք 15։1. Հռովմայեցիս 10։4) Վերջին առաքեալին մահուընէ ետք, այլեւս այսպիսի հաւատուրացութեան դէմ արգելք մը չկար։ Ուստի ապականութիւնը երթալով ծաղկեցաւ։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։6, 7

Քրիստոնեայ Աշխարհը Քրիստոսին Օրէնքը կ’Ապականէ

16, 17. (ա) Ապականութիւնը ի՞նչ ձեւեր առաւ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ։ (բ) Կաթողիկէ Եկեղեցիին օրէնքները ի՞նչպէս սեռի հանդէպ խեղաթիւրուած տեսակէտ մը քաջալերեցին։

16 Հրէականութեան պարագային նման, ապականութիւնը Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ տարբեր ձեւեր ստացաւ։ Անիկա ալ սուտ վարդապետութիւններու ու մեղկ վարքի զոհ դարձաւ։ Իսկ հօտը դուրսի ազդեցութիւններուն դէմ պաշտպանելու իր ջանքերը յաճախ վնասակար եղան մաքուր պաշտամունքէն մնացած բեկորներուն։ Անթեք ու սուրբ գրային չեղող օրէնքներ ծաղկեցան։

17 Եկեղեցական անհամար օրէնքներ դնելու մէջ, Կաթողիկէ Եկեղեցին առաջնագոյն տեղը գրաւած է։ Յատկապէս սեռի վերաբերեալ հարցերուն մէջ, այդ օրէնքները խեղաթիւրուեցան։ Գրքի մը համաձայն (Sexuality and Catholicism), եկեղեցին Ստոյիկութեան յունական փիլիսոփայութիւնը իւրացուց, որ ամէն տեսակ հաճոյք կասկածի տակ կը դնէր։ Եկեղեցին սորվեցուց որ ամէն սեռային հաճոյք, ի ներառեալ ամուսնութեան բնական յարաբերութիւնը, մեղք էր։ (Հակադրել Առակաց 5։18, 19–ի հետ։) Ան կը դաւանէր որ սեռը միայն սերնդագործութեան համար էր։ Ուստի եկեղեցական օրէնքը կը դատապարտէր յղարգելման արուեստական ամէն միջոց, որպէս շատ լուրջ մեղք մը, որ երբեմն կը պահանջէր զղջումի երկար տարիներ։ Ասկէ զատ, քահանաներուն արգիլուեցաւ ամուսնանալ. հրահանգ մը որ շատ ապօրինի սեռի, ինչպէս նաեւ մանուկներու խոշտանքման պատճառ եղած է։—Ա. Տիմոթէոս 4։1–3

18. Եկեղեցական օրէնքներուն շատնալուն արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

18 Երբ եկեղեցական օրէնքները շատցան, անոնք դասաւորուեցան գրքերու մէջ։ Այս գրքերը սկսան Աստուածաշունչը մթագնել ու զայն փոխարինել։ (Բաղդատել Մատթէոս 15։3, 9։) Հրէականութեան նման, Կաթողիկէութիւնը աշխարհային գրականութիւններուն չվստահեցաւ ու անոնց մեծամասնութիւնը սպառնալիք համարեց։ Այս տեսակէտը շուտով Աստուածաշունչի ողջամիտ ազդարարութենէն շատ աւելի անդին գնաց։ (Ժողովողի 12։12. Կողոսացիս 2։8) Ժերոմ, Հ.Դ. չորրորդ դարու եկեղեցական գրող մը, բացագանչեց. «Ո՜վ Տէր, եթէ երբեք դարձեալ աշխարհային գրքեր ունենամ կամ կարդամ, քեզ ուրացած կ’ըլլամ»։ Ժամանակի ընթացքին, եկեղեցին սկսաւ գրքերը գրաքննութեան ենթարկել, նոյնիսկ աշխարհային նիւթեր շօշափող գրքերը։ Հետեւաբար, ԺԷ. դարու աստղագէտ Գալիլէոս երբ գրեց թէ երկիրը արեւուն շուրջ կը թաւալի՝ բանադրանքի ենթարկուեցաւ։ Ամէն բանի մէջ, նոյնիսկ աստղագիտութեան յարուցած հարցերուն մէջ, վերջին խօսքը ունենալու Եկեղեցիին պնդումը, ի վերջոյ Աստուածաշունչին հանդէպ հաւատքը տկարացուց։

19. Վանքերը ի՞նչպէս խիստ ինքնագլուխ կեցուածք մը խրախուսեցին։

19 Օրէնքներ դնելու Եկեղեցիին հակումը վանքերուն մէջ լաւ հող գտաւ, ուր վանականներ իրենք զիրենք այս աշխարհէն անջատեցին, անձնուրաց կեանք մը ապրելու համար։ Կաթողիկէ վանքերը ընդհանրապէս «Սուրբ Բենեդիկտոսի Օրէնք»ին կառչեցան։ Աբբահայրը (Արամերէն «հայր» բառէն ծագում առած արտայայտութիւն մը) բացարձակ հեղինակութեամբ կ’իշխէր։ (Բաղդատել Մատթէոս 23։9։) Եթէ վանական մը իր ծնողքէն նուէր մը ստանար, աբբահայրը կ’որոշէր թէ ո՛վ պիտի ստանար զայն. այդ վանակա՞նը թէ՝ ուրիշ մը։ Ռամկութիւնը դատապարտելէ զատ, կանոն մը բոլոր թեթեւ խօսակցութիւններն ու կատակները կ’արգիլէր, ըսելով. «Ո՛չ մէկ աշակերտ այսպիսի բաներ պէտք է խօսի»։

20. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Բողոքականութիւնն ալ սուրբ գրային չեղող ինքնագլուխ կեցուածք մը խրախուսեց։

20 Բողոքականութիւնը, որ ջանաց Կաթողիկէութեան ոչ–սուրբ գրային ծայրայեղութիւնները բարեկարգել, շատ չանցած ինքն ալ սկսաւ ինքնագլուխ կանոններ դնել, որոնք Քրիստոսին օրէնքին մէջ հիմ չունէին։ Օրինակի համար, գլխաւոր բարեկարգիչ Ճոն Կալվին կոչուեցաւ «վերանորոգուած Եկեղեցիին օրէնսդիրը»։ Ան Ժընէվի Եկեղեցին ղեկավարեց շատ խիստ բազմաթիւ կանոններ դնելով, որոնք կը պարտադրուէին «Երէցներ»ու կողմէ, որոնց «պաշտօն»ն էր, ինչպէս Կալվին նշեց, «իւրաքանչիւր անհատի կեանքին վրայ հսկել»։ (Հակադրել Բ. Կորնթացիս 1։23–ի հետ։) Եկեղեցին իջեւանները իր հսկողութեան տակ առած էր ու օրէնք դրած էր թէ խօսակցութեան ո՛ր նիւթերը արտօնելի էին։ Շաղակրատական երգերու կամ պարերու նման օրինազանցութիւններ խիստ պատիժներու կ’ենթարկուէին։b

Քրիստոնեայ Աշխարհի Սխալներէն Սորվինք

21. ‘Գրուածէն անդին անցնելու’ Քրիստոնեայ Աշխարհի հակումին ընդհանուր հետեւանքը ի՞նչ եղած է։

21 Այս բոլոր կանոններն ու օրէնքները Քրիստոնեայ Աշխարհը ապականութենէն պաշտպանեցի՞ն։ Ընդհակառակը։ Ներկայիս Քրիստոնեայ Աշխարհը բաժնուած է հարիւրաւոր աղանդներու, ծայրայեղօրէն խիստէն մինչեւ չափազանցօրէն թոյլատու։ Բոլորն ալ, կերպով մը, ‘գրուածէն անդին անցած են’, թոյլ տալով որ հօտը մարդկային մտածելակերպով ղեկավարուի ու աստուածային օրէնքին հետ բախումի մէջ ըլլայ։—Ա. Կորնթացիս 4։6, ՆԱ։

22. Ինչո՞ւ Քրիստոնեայ Աշխարհի օրինազանցութիւնը Քրիստոսին օրէնքին վախճանը չէ նշանակած։

22 Այսուհանդերձ, Քրիստոսի օրէնքին պատմութիւնը եղերական վախճան մը չունեցաւ։ Եհովա Աստուած բնաւ թոյլ պիտի չտայ որ մարդիկ աստուածային օրէնքը խափանեն։ Քրիստոնէական օրէնքը ներկայիս մեծապէս ի զօրու է ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մէջ, եւ անոնք անոր համաձայն ապրելու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունին։ Սակայն, քննելէ ետք թէ Հրէականութիւնը ու Քրիստոնեայ Աշխարհը աստուածային օրէնքին ի՛նչ ըրած են, կրնանք պատշաճօրէն հարց տալ. ‘Ի՞նչպէս կրնանք Քրիստոսի օրէնքին համաձայն ապրիլ, մինչ կը խուսափինք Աստուծոյ Խօսքը մարդկային պատճառաբանութիւններով եւ կանոններով ապականելու թակարդէն, որոնք աստուածային օրէնքին բուն հոգին կը տկարացնեն։ Ներկայիս Քրիստոսին օրէնքը ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ կը քանդակէ մեր մէջ’։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։

[Ստորանիշներ]

a Արդի Հրէականութիւնը մեծապէս ազդուած ըլլալով Փարիսեցիներէն, չենք զարմանար որ Հրէականութիւնը Շաբաթը պահելու իր բազմաթիւ յաւելեալ օրէնքներուն մէջ, տակաւին փախուստի ճամբաներ կը փնտռէ։ Օրինակի համար, Շաբաթ օրով ուղղափառ Հրեաներու պատկանող հիւանդանոց այցելող մը կրնայ նկատել որ վերելակը ինքնաբերաբար կանգ կ’առնէ իւրաքանչիւր յարկի վրայ, որպէսզի զայն գործածողները կարենան խուսափիլ վերելակին կոճակը կոխելու մեղաւոր «գործ»էն։ Ուղղափառ Հրեայ բժիշկներէն ոմանք դեղագիրներ կը գրեն այնպիսի մելանով մը որ մի քանի օր ետք կ’անհետանայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Միշնան, գրելը «գործ»երու շարքին կը դասէ, սակայն «գրել»ը կը սահմանէ որպէս մնայուն հետք ձգող բան մը։

b Սերվէդոս, որ Կալվինի աստուածաբանական կարգ մը տեսակէտներուն դէմ դրաւ, որպէս հերետիկոս ցիցի վրայ այրուեցաւ։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք

◻ Քրիստոսի օրէնքին ծուծը ի՞նչ է։

◻ Յիսուսի ուսուցանելու կերպը ի՞նչպէս տարբեր էր Փարիսեցիներուն կերպէն։

◻ Քրիստոնեայ Աշխարհը ապականելու համար, Սատանան ի՞նչպէս անթեք եւ օրէնքներու վրայ հիմնուած հոգի մը գործածեց։

◻ Քրիստոսի օրէնքին համաձայն ապրելուն դրական ազդեցութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։

[Նկար՝ էջ 14]

Յիսուս Մովսիսական Օրէնքը բանաւոր կերպով ու ողորմածութեամբ կիրարկեց

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել