Կեանքի վազքին մէջ ինչպէ՞ս կը վազէք
«Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9։24
1. Աստուածաշունչը ի՞նչ բանի կը նմանցնէ մեր Քրիստոնէական ընթացքը։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ յաւիտենական կեանքի մեր փնտռտուքը վազքի մը կը նմանցնէ։ Պօղոս առաքեալ իր կեանքին վերջաւորութեան, ինքն իր մասին ըսաւ. «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքս կատարեցի, հաւատքս պահեցի»։ Ան իր հաւատակիցներուն քաջալերեց որ նոյնը ընեն, երբ ըսաւ. «Ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։—Բ. Տիմոթէոս 4։7. Եբրայեցիս 12։1
2. Կեանքի մրցումին մէջ քաջալերական ի՞նչ ձեռնարկ կը տեսնենք։
2 Բաղդատութիւնը շատ յարմար է, քանի որ վազք մը մեկնակէտ մը, որոշ ընթացք մը եւ վերջակէտ կամ աւարտագիծ մը ունի։ Կեանքի տանող մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան յառաջխաղացն ալ նոյնն է։ Տեսանք որ ամէն տարի հարիւր հազարաւոր անհատներ լաւ կերպով կը ձեռնարկեն այս կեանքի վազքին։ Վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, աւելի քան 1,336,429 անհատներ պաշտօնապէս վազքի մէջ մտած են, նուիրուելով եւ ջուրի մէջ մկրտուելով։ Շատ քաջալերական է եռանդուն կերպով սկսիլ։ Սակայն կարեւոր է այդ վազքին մէջ մնալ մինչեւ աւարտագիծին հասնիլը։ Կ’ընէ՞ք ասիկա։
Կեանքի Վազքը
3, 4. (ա) Պօղոս ինչպէ՞ս մատնանշեց մրցումին մէջ քայլ պահելու կարեւորութիւնը։ (բ) Ոմանք ինչպէ՞ս թերացած են Պօղոսի խրատը մտիկ ընելու մէջ։
3 Վազքի մէջ մնալու կարեւորութիւնը շեշտելու համար, Պօղոս խրատեց. «Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս մը վազեցէք, որ հասնիք»։—Ա. Կորնթացիս 9։24
4 Ճիշդ է որ անցեալի մրցումներուն մէջ միայն մէկ հոգի կը ստանար մրցանակը։ Սակայն կեանքի վազքին մէջ, ամէն մարդ կրնայ մրցանակը ստանալու յարմար ընտրուիլ։ Միայն անհրաժեշտ է մինչեւ վերջը մնալ մրցումին մէջ։ Ուրախ ենք որ շատեր հաւատարմօրէն վազած են մինչեւ իրենց կեանքին վախճանը, Պօղոս առաքեալի նման։ Իսկ միլիոնաւոր ուրիշներ կը շարունակեն վազել։ Ոմանք սակայն, յառաջանալու, կամ մինչեւ աւարտագիծը հասնելու մէջ վրիպած են։ Անոնք թոյլ տուած են որ ուրիշ բաներ իրենց արգելք հանդիսանան, այնպէս որ կա՛մ վազքը ձգած են եւ կամ կերպով մը անորակելի դարձած են։ (Գաղատացիս 5։7) Այս պատճառով բոլորս ալ մենք մեզ պէտք է քննենք թէ կեանքի վազքին մէջ ի՛նչպէս կը վազենք։
5. Պօղոս կեանքի մրցումը մրցական խաղերո՞ւ հետ կը բաղդատէր։ Բացատրեցէք։
5 Թերեւս հարցնէք. Պօղոս ի՞նչ ունէր իր միտքը երբ ըսաւ որ «մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը»։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, ան ըսել չուզեց որ կեանքի վազքին բոլոր մասնակցողներէն միայն մէկ հոգի պիտի ստանայ յաւիտենական կեանքը։ Բացայայտ է որ պարագան այս չէր կրնար ըլլալ, քանի որ կրկին անգամ ան յստակօրէն ցոյց տուաւ որ Աստուծոյ կամքն է որ ամէն տեսակ մարդիկ փրկուին։ (Հռովմայեցիս 5։18. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4. 4։10. Տիտոս 2։11) Ոչ ալ ըսել կ’ուզէր որ այս վազքը մրցում մըն է, որու մասնակցող իւրաքանչիւր անհատ կը ջանայ միւսները պարտութեան մատնել։ Կորնթացիները շատ լաւ գիտէին թէ մրցակցութեան այդպիսի հոգի մը գոյութիւն ունէր իրենց Իսթմեան Խաղերու մրցակիցներուն մէջ. կ’ըսուի թէ այդ ատեն, այս խաղերը շատ աւելի համբաւաւոր էին քան Ողիմպիական Խաղերը։ Արդ, Պօղոս ի՞նչ ունէր իր միտքը։
6. Բովանդակութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ Պօղոսի տուած վազողի եւ վազքի օրինակին մէջ։
6 Վազողի մը օրինակը մէջբերելով, Պօղոս գլխաւորաբար կը խօսէր փրկութեան իր անձնական ակնկալութեան մասին։ Նախորդ համարներուն մէջ, ան կը նկարագրէ թէ ինչպէս ծանր աշխատած եւ ճիգ թափած էր շատ մը կերպերով։ (Ա. Կորնթացիս 9։19–22) Ապա 23–րդ համարին մէջ, ան կ’ըսէ. «Ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէսզի անոր կցորդ ըլլամ»։ Ան կը գիտակցէր որ իր փրկութիւնը չէր երաշխաւորուած պարզ անոր համար որ առաքեալ ընտրուած էր, կամ տարիներ ուրիշներուն քարոզելով անցուցած էր։ Բարի լուրին օրհնութիւններուն հաղորդ ըլլալու համար, ան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ եղած ամէն ջանք պէտք էր թափէր բարի լուրին համար։ Ան անպայման շահելու միտումով պէտք էր վազէր, կարելի եղածին չափ տքնելով որպէս թէ Իսթմեան Խաղերուն վազքի մը պիտի մասնակցէր, ուր միայն «մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը»։—Ա. Կորնթացիս 9։24ա
7. Ի՞նչ բանի կարիքը կայ, որպէսզի ‘այնպէս վազենք որ հասնինք’։
7 Ասկէ կրնանք շատ բան սորվիլ։ Թէեւ մրցումի բոլոր մասնակցողներն ալ կ’ուզեն շահիլ, սակայն անոնք որոնք իրապէս վճռած են շահիլ կրնան ակնկալել իրենց նպատակին հասնիլ։ Հետեւաբար, ինքնագոհ պէտք չէ ըլլանք, խորհելով որ մենք մրցումին մասնակցած ենք։ Պէտք չէ խորհինք որ ամէն բան լաւ պիտի ընթանայ, քանի որ ‘ճշմարտութեան մէջ ենք’։ Քրիստոնեայ անունը կրնանք կրել, բայց արդեօք կրնա՞նք փաստել որ իրապէս ենք։ Օրինակի համար, Քրիստոնեայէ մը պահանջուած բաները կ’ընե՞նք. Քրիստոնէական ժողովներու յաճախել, քարոզչութեան մասնակցիլ, եւայլն։ Եթէ այո, գովելի ենք, պէտք է ջանանք այս սքանչելի սովորութիւնները պահել։ Սակայն, կարելի՞ է որ մեր ըրած այս բաներէն աւելի օգտուինք։ Արդեօք, միշտ պատրա՞ստ ենք ժողովներուն կերպով մը նպաստելու։ Մեր սորվածները մեր անձնական կեանքին մէջ գործադրելու ջանք կը թափե՞նք։ Մեր հմտութիւնները բարելաւելու համար ուշադրութիւն կ’ընե՞նք, որպէսզի կարենանք ամբողջական վկայութիւն մը տալ, հակառակ թաղամասին մէջ մեր հանդիպած արգելքներուն։ Կամեցողութիւն ունի՞նք հետաքրքրուած անհատները վերայցելելու եւ անոնց հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելու։ «Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք», յորդորեց Պօղոս։—Ա. Կորնթացիս 9։24բ
Ամէն Բանի մէջ Անձնազսպում Ունեցէք
8. Ի՞նչ բան մղեց Պօղոսի որ իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն յորդորէ, որպէսզի ‘ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն պահեն’։
8 Պօղոս իր կեանքի ընթացքին տեսաւ շատեր որոնք կեանքի վազքին մէջ դանդաղեցան, անկէ հեռացան կամ զայն լքեցին։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19, 20. Եբրայեցիս 2։1) Անոր համար ան կրկնակիօրէն յիշեցուց իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն որ անխոնջ եւ յարատեւ պայքարի մը մէջ են։ (Եփեսացիս 6։12. Ա. Տիմոթէոս 6։12) Ան վազողին օրինակին մէջ քայլ մը առաջ երթալով, ըսաւ. «Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։25ա) Այս խօսքերով, Պօղոս ակնարկութիւն մը կ’ընէր բանի մը որու լաւ ծանօթ էին Կորնթոսի Քրիստոնեաները, այսինքն, Իսթմեան Խաղերուն մէջ մրցողներուն հետեւած խիստ մարզումին։
9, 10. (ա) Աղբիւրէ մը ի՞նչ կը տեղեկանանք Իսթմեան Խաղերուն մասին։ (բ) Այս նկարագրութեան մէջ հետաքրքրաշարժ բանը ի՞նչ է։
9 Ահաւասիկ մրցողի մը մարզումին մասին վառ նկարագրութիւն մը.
«Ան գոհունակ եւ առանց տրտնջալու կ’ենթարկուի իր տասնամսեայ մարզումին կանոններուն եւ զրկումներուն, առանց որոնց հաւանաբար մրցումին չկարենայ մասնակցիլ ...։ Ան իր կրած պզտիկ նեղութիւններով, յոգնութիւններով եւ զրկումներով հպարտ է եւ պատիւի արժանի բան մը կը նկատէ բծախնդրութեամբ զգուշանալ որեւէ բանէ որ կրնայ պզտիկ չափով իսկ իր յաջողելու առիթը նսեմացնել։ Ան կրնայ տեսնել որ մինչ ինք ճիգ կը թափէ, ուրիշներ ախորժակով կ’ուտեն, կը հանգստանան, բաղնիքներու մէջ պերճանքի մէջ են, կեանքի հաճոյքները կը վայելեն. բայց ինք գրեթէ չի նախանձիր անոնց, քանի որ իր սիրտը դրած է մրցանակին վրայ եւ խիստ մարզումը անհրաժեշտ է։ Ան գիտէ որ եթէ որեւէ կէտի մէջ, կամ որեւէ առիթով թուլնայ եւ իր թափը կորսնցնէ, առիթը ձեռքէն փախցուցած կ’ըլլայ»։—The Expositor’s Bible, Հատոր Ե. էջ 674
10 Մասնաւոր հետաքրքրութեան արժանի է այն կէտը թէ մարզումի ներքեւ եղող անհատը այսպիսի խիստ անձնուրաց ընթացքի մը հետեւիլը «պատիւի արժանի բան կը սեպէ»։ Իրականութեան մէջ, ան «գրեթէ չի նախանձիր» ուրիշներուն վայելած հեշտ եւ հանգստաւէտ կեանքին։ Ասկէ կրնա՞նք դաս մը սորվիլ։ Ա՛րդարեւ։
11. Երբ կեանքի մրցումին կը մասնակցինք, ո՞ր անտեղի մտածելակերպէն պէտք է զգուշանանք։
11 Յիշեցէք Յիսուսի խօսքերը, թէ «լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասնզի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ (Մատթէոս 7։13, 14) Մինչ կը ջանաք ‘նեղուածք ճամբէն’ քալել, միւս ճամբուն վրայ գտնուողներուն երեւութապէս վայելած ազատութեան եւ հեշտութեան կը նախանձի՞ք։ Կը զգա՞ք թէ ուրիշներուն ըրած կարգ մը բաներէն զրկուած էք, որոնք այդքան ալ վատ բաներ չեն։ Շատ դիւրին է այսպէս մտածել, եթէ մոռնանք թէ ի՛նչու այս ընթացքը բռնած ենք։ «Անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար ու մենք՝ անեղծանելին», ըսաւ Պօղոս։—Ա. Կորնթացիս 9։25բ
12. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մարդոց փնտռած փառքը եւ համբաւը նման են Իսթմեան Խաղերուն տրուած եղծանելի պսակին։
12 Իսթմեան Խաղերուն յաղթանակ տանողը Իսթմեան մայրիէ կամ ուրիշ նման բոյսէ մը շինուած պսակ մը կը ստանար, որ հաւանաբար քանի մը օր կամ շաբաթ ետք կը չորնար։ Անշուշտ մարզիկները փճանալիք պսակին համար չէ որ կը պայքարէին, այլ անոր ընկերակցող փառքին, պատիւին եւ համբաւին համար։ Աղբիւր մը կը տեղեկագրէ որ երբ յաղթականը տուն կը վերադառնար, զայն հերոսի մը պէս կ’ողջունէին։ Յաճախ թափօրը անկէ անցնելու համար, քաղաքին պատերը կը փլցուէին եւ ի պատիւ իրեն, արձաններ կը կանգնէին։ Հակառակ այս բոլորին, անոր փառքը եղծանելի էր։ Ներկայիս մարդիկ չեն ճանչնար իսկ այդ հերոսները եւ իրականութեան մէջ հոգերնին անգամ չէ։ Բոլոր անոնք որոնք իրենց ժամանակը, ոյժը, առողջութիւնը եւ նոյնիսկ ընտանեկան ուրախութիւնը կը զոհեն, աշխարհի մէջ հեղինակութիւն, համբաւ եւ հարստութիւն շահելու համար, պիտի տեսնեն որ իրենց նիւթապաշտական «պսակները» իրենց կեանքին պէս վաղանցիկ են։—Մատթէոս 6։19, 20. Ղուկաս 12։16–21
13. Կեանքի վազքին մէջ վազողին կեանքը ինչպէ՞ս տարբեր է մարզիկի մը կեանքէն։
13 Մարզական խաղի մը մէջ մրցողները թերեւս միայն որոշ ժամանակ մը յօժարին վերը նկարագրուած խիստ մարզումին ենթարկուիլ։ Անգամ մը որ խաղերը վերջ գտնեն, անոնք կը վերադառնան իրենց բնականոն ապրելակերպին։ Թերեւս ժամանակ առ ժամանակ մարզուին իրենց հմտութիւնները պահելու համար, բայց այլեւս անձնուրացութեան խիստ ընթացքի մը չեն հետեւիր, առնուազն մինչեւ յաջորդ մրցումը։ Սակայն կեանքի վազքին մէջ եղողներուն պարագան նոյնը չէ։ Անոնց համար, մարզումը եւ անձնուրացութիւնը ապրելակերպ մը պէտք է ըլլան։—Ա. Տիմոթէոս 6։6–8
14, 15. Կեանքի վազքին մէջ մրցողը ինչո՞ւ յարատեւաբար ժուժկալութիւն ի գործ պէտք է դնէ։
14 «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ», ըսաւ Յիսուս Քրիստոս հաւաքուած աշակերտներու եւ ուրիշներու, «թող իր անձը ուրանայ (կամ, «իր անձին թող ‘Ո՛չ’ ըսէ», Charles B. Williams) եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ [շարունակաբար (ՆԱ)]»։ (Մարկոս 8։34) Երբ այս հրաւէրը ընդունինք, պէտք է պատրաստուինք ասիկա «շարունակաբար» ընել. ոչ թէ անոր համար որ անձնուրացութեան մէջ մասնաւոր արժէք մը կայ, այլ քանի որ վայրկեանի մը անխոհեմութիւնը, լաւ դատողութեան մը մէջ սխալիլը, կրնայ քանդել ինչ որ կերտած ենք, նոյնիսկ վտանգելով մեր յաւիտենական բարօրութիւնը։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ընդհանրապէս աւելի դանդաղ կ’ըլլայ, սակայն երբ յարատեւաբար զգոյշ չըլլանք, անիկա որքա՜ն շուտ կ’ոչնչանայ։
15 Ասկէ զատ, Պօղոս յորդորեց որ «ամէն բանի մէջ» ժուժկալութիւն ունենանք, այսինքն, մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Ասիկա իմաստալից է, քանի որ եթէ մարզուող մը չափազանցութիւններու անձնատուր ըլլայ, կամ սանձարձակ կեանք մը վարէ, իր կրած մարմնաւոր բոլոր ցաւերը եւ յոգնութիւնը ի՞նչ բանի պիտի ծառայեն։ Նմանապէս, մեր կեանքի վազքին մէջ, ամէն բանի մէջ ժուժկալութիւն պէտք է ունենանք։ Անհատ մը կրնայ ինքզինք զսպել գինովութեան եւ պոռնկութեան նման բաներէ, բայց ասոնք անարժէք կը դառնան եթէ բարձրամիտ եւ կռուազան է։ Կամ ի՞նչ արժէք ունի ուրիշներուն հետ երկայնամիտ եւ ազնիւ ըլլալ, բայց իր անձնական կեանքին մէջ կարգ մը գաղտնի մեղքեր ունենալ։ Ժուժկալութիւնը լիովին օգտակար ըլլալու համար, «ամէն բանի մէջ» անիկա ի գործ պէտք է դրուի։—Բաղդատել Յակոբու 2։10, 11։
«Անստուգութեամբ» Չվազել
16. Ի՞նչ կը նշանակէ «անստուգութեամբ» չվազել։
16 Տեսնելով որ կեանքի վազքին մէջ յաջողելու համար ճիգ պէտք է թափուի, Պօղոս կը շարունակէ ըսել. «Ուստի ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով»։ (Ա. Կորնթացիս 9։26) «Անստուգութեամբ» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «անբացայայտօրէն» (Kingdom Interlinear), «Աննկատելիօրէն, աննշմարելիօրէն» (Lange’s Commentary)։ Հետեւաբար, «անստուգութեամբ» չվազել կը նշանակէ բոլոր դիտողներուն բացայայտ ըլլալ թէ վազողը ո՛ւր կ’ուղղուի։ Թարգմանութիւն մը (The Anchor Bible) կ’ըսէ՝ «ոչ թէ դարձդարձիկ ճամբով»։ Եթէ ծովափը ոտքի հետքեր տեսնէինք որոնք վեր, վար, շրջանակի եւ երբեմն իր քայլերուն վրայ ետ եկած, պիտի չխորհէի՞նք որ անհատը կը վազէր, ոչ ալ գիտէր թէ ուր կ’երթար։ Սակայն եթէ տեսնէիք ոտքի հետքեր որոնք երկար, ուղիղ գիծ մը կը ներկայացնէին մէկը միւսին ետեւէն եւ համաչափ, պիտի եզրակացնէիք որ այդ հետքերը կը պատկանին անհատի մը որ ճշգրտօրէն գիտէ թէ ուր կ’երթայ։
17. (ա) Պօղոս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք «անստուգութեամբ» չէր վազեր։ (բ) Այս կէտին մէջ ինչպէ՞ս կրնանք Պօղոսը ընդօրինակել։
17 Պօղոսի կեանքը յստակօրէն ցոյց կու տայ որ ինք «անստուգութեամբ» չէր վազեր։ Ան շատ փաստեր կրնար տալ թէ ինք Քրիստոնեայ քարոզիչ մը եւ առաքեալ մըն էր։ Ան միայն մէկ նպատակակէտ կը հետապնդէր եւ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ճիգ թափեց որ անոր հասնի։ Ան բնաւ չշեղեցաւ համբաւի, հեղինակութեան, հարստութեան կամ հանգիստի տիրանալու համար, հակառակ անոր որ կրնար անոնցմէ որեւէ մէկուն տիրանալ։ (Գործք 20։24. Ա. Կորնթացիս 9։2. Բ. Կորնթացիս 3։2, 3. Փիլիպպեցիս 3։8, 13, 14) Երբ ձեր կեանքի ընթացքին հետադարձ ակնարկ մը նետէք, ի՞նչ ուղի մը կը տեսնէք։ Արդեօք անիկա շիտակ եւ որոշ ուղղութի՞ւն մը ունի, թէ ոչ՝ աննպատակ դեգերումի։ Բացայա՞յտ է որ կեանքի վազքին մէջ կը մրցիք։ Յիշեցէք որ եթէ այս վազքին մաս կը կազմէք, նպատակը շարժումի մը հետեւիլ չէ, այլ՝ աւարտակէտին հասնիլ։
18. (ա) Մեր պարագային, ‘հովը ծեծելը’ ի՞նչ բանի կրնանք նմանցնել։ (բ) Ինչո՞ւ անիկա վտանգաւոր ընթացք մըն է։
18 Մարզական ուրիշ երեւոյթի մը հետ զուգորդելով, Պօղոս կ’ըսէ. «Ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով»։ (Ա. Կորնթացիս 9։26բ) Այս կեանքի մրցումին մէջ, բազմաթիւ թշնամիներ ունինք. Սատանան, աշխարհը եւ մեր անկատարութիւնը։ Վաղեմի կռփամարտիկի մը պէս, լաւ տրուած բռուցքի հարուածներով պէտք է տապալենք զանոնք։ Բարեբախտաբար, Եհովա Աստուած մեզ կը մարզէ եւ մեզի կ’օգնէ այս կռիւին մէջ։ Իր Խօսքին, Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած գրականութիւններուն եւ Քրիստոնէական ժողովներուն միջոցաւ մեզ կը դաստիարակէ։ Սակայն եթէ Աստուածաշունչը եւ գրականութիւնները կարդանք եւ ժողովներու երթանք, բայց մեր սորվածները չգործադրենք, մենք ալ ‘հովը ծեծած’ չե՞նք ըլլար, մեր ջանքերը վատնելով։ Այսպէս ընելով մենք մեզ շատ վտանգաւոր կացութեան մը մէջ կը ձգենք։ Կը խորհինք որ պայքար կը մղենք եւ ապահովութեան սխալ զգացում մը կ’ունենանք, առանց մեր թշնամիներուն վրայ յաղթանակ տանելու։ Անոր համար Յակոբոս աշակերտ խրատեց. «Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով»։ Ճիշդ ինչպէս որ «հովը ծեծելով» մեր թշնամիները չենք չէզոքացներ, ‘միայն լսելով’ ալ Աստուծոյ կամքը չենք կրնար կատարել։—Յակոբու 1։22. Ա. Թագաւորաց 15։22. Մատթէոս 7։24, 25
19. Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի խոտելի չըլլանք։
19 Վերջապէս, Պօղոս մեզի կ’ըսէ իր յաջողութեան գաղտնիքը. «Բայց ես մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։27) Պօղոսի նման, մենք ալ պէտք է տիրապետենք մեր անկատար մարմնին, փոխանակ թոյլ տալու որ անիկա մեր վրայ տիրէ։ Մեր մէջէն արմատախիլ պէտք է ընենք մարմնաւոր հակումները, տենչերը եւ ցանկութիւնները։ (Հռովմայեցիս 8։5–8. Յակոբու 1։14, 15) Ասիկա ընելը կրնայ ցաւագին ըլլալ, քանի որ ‘ճնշել’ բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «աչքին ներքեւը հարուածել» (Kingdom Interlinear)։ Նախընտրելի չէ՞ այդպէս կոչուած սեւցած աչք ունենալ քան թէ ինկած մարմնին ցանկութիւններուն անձնատուր ըլլալ եւ մեռնիլ։—Բաղդատել Մատթէոս 5։28, 29. 18։9. Ա. Յովհաննու 2։15–17։
20. Ինչո՞ւ մասնաւորաբար հիմա ստիպողական է մենք մեզ քննել թէ կեանքի վազքին մէջ ինչպէ՞ս կը վազենք։
20 Հիմա, մենք մրցումին աւարտին կը մօտենանք։ Մրցանակները բաշխելու ժամանակը մօտ է։ Օծեալ Քրիստոնեաներուն համար՝ «Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակ»ը պիտի ըլլայ։ (Փիլիպպեցիս 3։14) Իսկ մեծ բազմութեան համար՝ դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք։ Քանի որ այս բոլորը խնդրոյ առարկայ են, մենք ալ Պօղոսի նման վճռենք «խոտելի» չգտնուիլ։ Բոլորս ալ սրտանց ընդունինք սա պատուէրը. «Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք»։—Ա. Կորնթացիս 9։24, 27
Կը Վերյիշէ՞ք
◻ Ինչո՞ւ տեղին է Քրիստոնեայի մը կեանքը մրցումի մը նմանցնել։
◻ Կեանքի մրցումը ինչպէ՞ս տարբեր է սովորական մրցումէ մը։
◻ Ինչո՞ւ յարատեւաբար եւ «ամէն բանի մէջ» ժուժկալութիւն պէտք է ունենանք։
◻ Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ «անստուգութեամբ» չվազել։
◻ Ինչու վտանգաւոր է միայն «հովը ծեծել»։
[Նկար՝ էջ 15]
Ախոյեանի մը պսակը, ինչպէս նաեւ փառքը եւ պատիւը, վաղանցիկ են