Աշխարհի հոգիին կ’ընդդիմանա՞ք
«Մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն հոգին որ Աստուծմէն է»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2։12
1, 2. Թունաւոր կազի հետ կապ ունեցող ի՞նչ ողբերգութիւն տեղի ունեցաւ Հնդկաստանի Պոփալ քաղաղին մէջ, բայց աւելի մահացու ի՞նչ «կազ» կը շնչուի համայն աշխարհի մէջ։
1984–Ի ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ամսուան պաղ գիշերուան մը ընթացքին, ահռելի բան մը տեղի ունեցաւ Հնդկաստանի Պոփալ քաղաքին մէջ։ Դեկտեմբերի այդ գիշերը, այս քաղաքին քիմիական գործարանի մը կազի մթերանոցներէն մէկուն բլթակը աւրուեցաւ։ Յանկարծ սկսաւ թոներով մեթիլ զուգախաժ [methyl isocyanate] թափուիլ օդին մէջ։ Հովը, փչելով, այս մահաբեր կազը տարաւ տուներէ ներս եւ քնացած ընտանիքներու վրայ։ Հազարաւորներ մեռան եւ շատ մը ուրիշներ հաշմանդամ եղան։ Անիկա ցարդ ճարտարարուեստական վատագոյն արկածն էր։
2 Մարդիկ, Պոփալի մասին լսելով, ողբացին։ Այդ արձակուած կազը մահացու էր, բայց անիկա շատ աւելի քիչ անհատներ սպաննեց, բաղդատած՝ այն անհատներուն թիւին հետ, որոնք հոգեւորապէս կը սպաննուին «կազ»ով մը զոր համայն աշխարհի մէջ մարդիկ ամէն օր կը շնչեն։ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ «աշխարհի հոգին»։ Անիկա այդ մահաբեր օդն է զոր Պօղոս առաքեալ հակադրեց Աստուծմէ եկած հոգիին հետ, երբ ըսաւ. «Իսկ մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն հոգին որ Աստուծմէն է. որպէսզի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի»։—Ա. Կորնթացիս 2։12
3. Ի՞նչ է «աշխարհի հոգին»։
3 Ճիշդ ի՞նչ է «աշխարհի հոգին»։ Ըստ բառարանի մը (The New Thayer’s Greek English Lexicon of the New Testament), «հոգի» (Յունարէն՝ փնէօմա) բառին ընդհանրացած իմաստն է «տրամադրութիւն մը կամ ազդեցութիւն մը որ կը պատէ ու կը կառավարէ անձը»։ Անհատ մը կրնայ լաւ կամ գէշ հոգի մը, կամ տրամադրութիւն մը, ունենալ։ (Սաղմոս 51։10. Բ. Տիմոթէոս 4։22) Մարդոց խումբ մըն ալ կրնայ հոգի մը, կամ տիրող տրամադրութիւն մը, ունենալ։ Պօղոս առաքեալ իր Փիլիմոն ընկերին գրեց. «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր [ցուցաբերած] հոգիին հետ ըլլայ»։ (Փիլիմոն 25) Նմանապէս—բայց աւելի մեծ տարողութեամբ մը—ընդհանուր աշխարհը գերակշիռ տրամադրութիւն մը ունի եւ ասիկա է «աշխարհի հոգին» որու Պօղոս ակնարկեց։ Ըստ Վէնսանի աշխատասիրութեան (Word Studies in the New Testament), «այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ չարութեան սկզբունքը որ դարձի չեկած աշխարհը կ’ոգեւորէ»։ Անիկա մեղաւոր հակումն է, որ այս աշխարհի մտածելակերպին կը ներթափանցէ եւ մարդոց գործելակերպին խորապէս կ’ազդէ։
4. Աշխարհի հոգիին աղբիւրը ո՞վ է, եւ այս հոգին ի՞նչ ազդեցութիւն ունի մարդոց վրայ։
4 Այս հոգին թունաւոր է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա «այս աշխարհին իշխան»էն՝ Սատանայէն՝ ծագում կ’առնէ։ Արդարեւ, Սատանան կոչուած է «օդին իշխանութեանը [իշխանը] ... այն [ոգին] որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ»։ (Յովհաննու 12։31. Եփեսացիս 2։2) Դժուար է խուսափիլ այս «օդ»էն, կամ «այն [ոգիէն] որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ»։ Անիկա մարդկային ընկերութեան մէջ ամէն տեղ է։ Եթէ զայն շնչենք, կը սկսինք որդեգրել անոր կեցուածքները, անոր նպատակակէտերը։ Աշխարհի հոգին կը քաջալերէ ‘մարմնաւորապէս ապրիլ’, այսինքն, մեր մեղաւոր անկատարութեան համաձայն։ Անիկա մահացու է, «վասընզի եթէ մարմնաւորապէս ապրելու ըլլաք, պիտի մեռնիք»։—Հռովմայեցիս 8։13
Այս Աշխարհի Հոգիէն Խուսափիլ
5. Պոփալի մէջ եղած աղէտի ընթացքին, Եհովայի Վկայ մը ինչպէ՞ս իմաստութեամբ վարուեցաւ։
5 Պոփալի աղէտին ընթացքին, Եհովայի Վկայ մը զարթնեցաւ ահազանգէն եւ թունաւոր կազին սուր հոտէն։ Առանց տնտնալու, ան իր ընտանիքը արթնցուց եւ անմիջապէս զանոնք փողոց հանեց։ Հովին ուղղութիւնը որոշելու համար պահ մը կանգ առնելէ ետք, ան շփոթած ամբոխները ճեղքելով իր ընտանիքը առաջնորդեց քաղաքէն դուրս գտնուող բլուրի մը գագաթը։ Հոն անոնք կրցան իրենց թոքերը թարմ, մաքուր օդով լեցնել, որ մօտակայ լիճէ մը կը փչէր։
6. Ո՞ւր կրնանք երթալ աշխարհի հոգիէն խոյս տալու համար։
6 Կա՞յ բարձր վայր մը ուր կրնանք երթալ այս աշխարհի թունաւոր «օդ»էն պատսպարուելու համար։ Աստուածաշունչը դրական պատասխան մը կու տայ։ Մեր օրերը ի մտի ունենալով, Եսայի մարգարէն գրեց. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։ Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք’։ Վասնզի օրէնքը՝ Սիօնէն ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի ելլէ»։ (Եսայեայ 2։2, 3) Մաքուր պաշտամունքի բարձր վայրը, «Տէրոջը տանը» բարձրացած լեռը, այս մոլորակին վրայ միակ վայրն է, որ զերծ է այս աշխարհի հեղձուցիչ, թունաւոր հոգիէն։ Հոն է որ Եհովայի հոգին ազատօրէն կը հոսի հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն մէջ։
7. Շատեր ինչպէ՞ս ազատագրուած են աշխարհի հոգիէն։
7 Նախապէս այս աշխարհի հոգին շնչած շատ մը անհատներ Պոփալի մէջ եղող այդ Վկային նման ամոքում գտած են։ Այս աշխարհի օդը, կամ հոգին, շնչող «ապստամբութեան որդիներուն» մասին խօսելէ ետք, Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Անոնց մէջ մենք ամէնքս ալ կը պտըտէինք մեր մարմնին ցանկութիւններովը եւ մարմնին ու մտքին ուզածը կը կատարէինք եւ բնութեամբ բարկութեան որդիներ էինք՝ ինչպէս ուրիշներ. բայց Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւնով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց ... մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց»։ (Եփեսացիս 2։3-5) Անոնք, որոնք իրերու միայն այս դրութեան թունաւոր օդը կը շնչեն, հոգեւորապէս մեռած են։ Սակայն, Եհովայի շնորհիւ, միլիոնաւորներ այսօր հոգեւոր բարձունքը կը փախչին եւ այդ մահացու վիճակէն խոյս կու տան։
«Աշխարհի Հոգի»ին Յայտնաբերումները
8, 9. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ միշտ զգոյշ պէտք է ըլլանք աշխարհի հոգիէն։ (բ) Սատանայի հոգին ինչպէ՞ս կրնայ մեզ ապականել։
8 Սատանայի մահաբեր օդը տակաւին մեզ պատած է։ Զգոյշ պէտք է ըլլանք եւ երբեք զառիթափ չընթանանք աշխարհին վերադառնալով, թերեւս հոգեւորապէս շնչահեղձ ըլլալով։ Ասիկա յարատեւ արթնութիւն կը պահանջէ։ (Ղուկաս 21։36. Ա. Կորնթացիս 16։13) Նկատի առէք, զոր օրինակ, սա իրողութիւնը. Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ լաւ գիտեն Եհովայի բարոյական չափանիշները եւ երբեք հաւանութիւն չեն տար պիղծ սովորութիւններու, ինչպէս՝ շնութեան, պոռնկութեան եւ միասեռականութեան։ Այսուհանդերձ, ամէն տարի շուրջ 40,000 անհատներ կը վտարուին Եհովայի կազմակերպութենէն։ Ինչո՞ւ։ Յաճախ այդ միեւնոյն պիղծ սովորութիւններուն պատճառաւ։ Անիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ։
9 Քանի որ բոլորս ալ անկատար ենք։ Մարմինը տկար է եւ յարատեւաբար պէտք է պայքարինք սխալ հակումներու դէմ, որոնք ի յայտ կու գան մեր սրտին մէջ։ (Ժողովողի 7։20. Երեմեայ 17։9) Սակայն, այդ սխալ հակումները կը խրախուսուին աշխարհի հոգիին կողմէ։ Այս աշխարհին մէջ շատեր սխալ չեն տեսներ անբարոյութիւնը, իսկ այն գաղափարը՝ թէ ամէն բան թոյլատրելի է, մաս կը կազմէ Սատանայի իրերու դրութեան մտայնութեան։ Եթէ մենք մեր անձերը այսպիսի մտածելակեպի մը ենթարկենք, շատ հաւանական է որ սկսինք աշխարհի նման մտածել։ Շատ չանցած, այսպիսի պիղծ խորհուրդներ կրնան սխալ ցանկութիւններ յառաջացնել, որոնք լուրջ մեղքի կ’առաջնորդեն։ (Յակոբու 1։14, 15) Այդ ատեն, Եհովայի մաքուր պաշտամունքի լեռնէն պիտի իջնենք եւ Սատանայի աշխարհի վարակուած դաշտավայրերը պիտի մտնենք։ Ոեւէ անհատ որ յօժարակամօրէն հոն կը մնայ, յաւիտենական կեանքը պիտի չժառանգէ։—Եփեսացիս 5։3-5, 7
10. Սատանայի օդին մէկ յայտնաբերումը ի՞նչ է, եւ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է խուսափին անկէ։
10 Աշխարհի հոգին ակներեւ է մեր շուրջը։ Օրինակի համար, շատեր արհամարհանքով եւ հեգնանքով կը մօտենան կեանքին։ Եղծանուած կամ անատակ քաղաքագէտներէ եւ անբարոյ ու ագահ կրօնական առաջնորդներէ հիասթափուելով, անոնք նոյնիսկ լուրջ բաներուն մասին անպատկառօրէն կը խօսին։ Քրիստոնեաները այս հակումին դէմ կը դնեն։ Թէեւ կրնանք առողջ զուարթամտութիւն ունենալ, սակայն անպատկառ, հեգնական հոգի մը ժողովքէն ներս բերելէ կը խուսափինք։ Քրիստոնեայի մը խօսելակերպը Եհովայի վախն ու սրտի անբծութիւնը կ’արտացոլացնէ։ (Յակոբու 3։10, 11. բաղդատել Առակաց 6։14։) Ըլլանք պատանիներ թէ չափահասներ, մեր խօսելակերպը «ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած [պէտք է ըլլայ ու գիտնանք] թէ ի՛նչպէս կը վայլէ [մեզի] ամէն մէկուն պատասխան տալ»։—Կողոսացիս 4։6
11. (ա) Ի՞նչ է աշխարհի հոգիին ուրիշ մէկ երեսակը։ (բ) Քրիստոնեաները ինչո՞ւ տարբեր են այս երեսակը արտացոլացնողներէն։
11 Այս աշխարհի հոգին արտացոլացնող ուրիշ հասարակ հակում մըն է ատելութիւնը։ Աշխարհը պառակտուած է ցեղային, ազգային եւ նոյնիսկ անհատական տարբերութիւններու վրայ հիմնուած ատելութիւններով ու գժտութիւններով։ Իսկ որքա՜ն աւելի հաճելի է հոն ուր Աստուծոյ հոգին կը ներգործէ։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասնզի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը։ Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։ Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։—Հռովմայեցիս 12։17-21
12. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ նիւթապաշտութենէ կը խուսափին։
12 Այս աշխարհի հոգին նաեւ նիւթապաշտութիւն կը խթանէ։ Առեւտրական աշխարհէն քաջալերուած, շատեր հմայուած են վերջնագոյն սարքերով, վերջնագոյն նորաձեւութիւնով, ինքնաշարժի վերջնագոյն ձեւով։ Անոնք «աչքերու ցանկութիւն»ով գերեվարուած են։ (Ա. Յովհաննու 2։16) Անոնց մեծամասնութիւնը կեանքի մէջ իր յաջողութիւնը կը չափէ իր տան մեծութեամբ կամ իր դրամատան հաշւով։ Եհովայի անարատ պաշտամունքի բարձր լեռան վրայ հոգեւոր մաքուր օդը շնչող Քրիստոնեաները այս հակումին կ’ընդդիմանան։ Անոնք գիտեն որ նիւթական բաներ հետապնդելու որոշումը կրնայ կործանարար ըլլալ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Յիսուս իր աշակերտներուն վերյիշեցուց. «Մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։—Ղուկաս 12։15
13. Ի՞նչ են այս աշխարհի հոգիին յաւելեալ կարգ մը յայտնաբերումները։
13 Այս աշխարհի վատառողջ «օդ»ը ուրիշ կերպերով ալ կը յայտնաբերուի։ Անոնցմէ մէկն է ըմբոստութեան հոգին։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-3) Նկատա՞ծ էք որ շատեր այլեւս չեն համագործակցիր հեղինակութեան հետ։ Ձեր աշխարհային գործին մէջ նշմարա՞ծ էք որ շատ սովորական դարձած է որ մարդիկ աշխատին մի՛այն երբ իրենց վրայ հսկիչ մը կայ։ Քանի՞ անհատներ կը ճանչնաք, որոնք օրէնքներ ոտնակոխած են—թերեւս իրենց տուրքերը խարդախած, կամ գործատեղէն գողցած են։ Եթէ տակաւին դպրոց կը յաճախէք, պատահա՞ծ է որ չէք քաջալերուած ձեր լաւագոյնը ընելու, քանի որ ձեր դասընկերները կ’արհամարհեն յաջող աշակերտները։ Այս բոլորը աշխարհի հոգիին յայտնաբերումներն են, որոնց պէտք է ընդդիմանան Քրիստոնեաները։
Այս Աշխարհի Հոգիին Ի՛նչպէս Ընդդիմանալ
14. Քրիստոնեաները ո՞ր կերպերով տարբեր են ոչ–Քրիստոնեաներէն։
14 Սակայն ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհի հոգիին ընդդիմանալ, երբ իսկապէս կ’ապրինք աշխարհին մէջ։ Պէտք է յիշենք որ ֆիզիքապէս ո՛ւր որ ալ ըլլանք, հոգեւորապէս աշխարհի մէկ մասը չենք։ (Յովհաննու 17։15, 16) Մեր նպատակակէտերը այս աշխարհի նպատակակէտերը չեն։ Մենք իրերը տարբեր կերպով կը դիտենք։ Մենք հոգեւոր անհատներ ենք. կը խօսինք ու կը մտածենք «ոչ թէ մարդկային իմաստութեան սորվեցուցած խօսքերովը, հապա հոգիին սորվեցուցածներովը եւ հոգեւոր բաները հոգեւորի հետ կը յարմարցնենք»։—Ա. Կորնթացիս 2։13
15. Ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհի հոգիին ընդդիմանալ։
15 Անհատ մը ի՞նչ կրնայ ընել, երբ ինքզինք գտնէ թունաւոր կազով ապականած շրջանի մը մէջ։ Ան կա՛մ կազադիմակ մը պիտի դնէ, որ կցուած ըլլայ մաքուր օդի մթերքի մը եւ կամ այդ շրջանէն ֆիզիքապէս պիտի հեռանայ։ Սատանայի օդէն խուսափելու համար, այս երկու կերպերը պէտք է միացնել։ Կարելի եղածին չափ կը փորձենք ֆիզիքապէս հեռանալ որեւէ բանէ որ աշխարհի հոգիին մեր մտածելակերպին ազդելուն կը նպաստէ։ Հետեւաբար, սխալ ընկերակցութենէն կը խուսափինք եւ չենք մասնակցիր այնպիսի զբօսանքներու որոնք բռնութիւն, անբարոյութիւն, ոգեհարցութիւն, ըմբոստութիւն կամ մարմնին որեւէ ուրիշ գործ կը հրահրեն։ (Գաղատացիս 5։19-21) Սակայն, քանի որ աշխարհի մէջ կ’ապրինք, չենք կրնար ամբողջովին խուսափիլ այս բաներուն ենթակայ ըլլալէ։ Ուստի, իմաստութիւն է հոգեւոր մաքուր օդի մթերքի մը միացուած ըլլալ։ Մեր հոգեւոր թոքերը կը լեցնենք ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելով, անձնական ուսումնասիրութեամբ, Քրիստոնէական գործունէութեամբ ու ընկերակցութեամբ եւ աղօթքով։ Այս կերպով, եթէ Սատանայի օդէն բան մը մեր հոգեւոր թոքերէն ներս մտնէ, Աստուծոյ հոգին կը զօրացնէ մեզ որ զայն արտաշնչենք։—Սաղմոս 17։1-3. Առակաց 9։9. 13։20. 19։20. 22։17
16. Ինչպէ՞ս կ’ապացուցանենք թէ Աստուծոյ հոգին ունինք։
16 Աստուծոյ հոգին Քրիստոնեան կը վերածէ անձի մը՝ որ նկատելիօրէն տարբեր է այս աշխարհի մէկ մասը եղողներէն։ (Հռովմայեցիս 12։1, 2) Պօղոս ըսաւ. «Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ»։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Աստուծոյ հոգին նաեւ կ’օգնէ Քրիստոնեային որ հարցերը աւելի խոր կերպով հասկնայ։ Պօղոս ըսաւ. «Աստուծոյ բաները մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն Աստուծոյ հոգին»։ (Ա. Կորնթացիս 2։11) Ընդհանուր առմամբ, «Աստուծոյ բաները» կը պարփակեն որոշ ճշմարտութիւններ, ինչպէս՝ փրկանքի զոհագործութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, յաւիտենական կեանքի յոյսը եւ այս չար աշխարհի մօտալուտ ոչնչացումը։ Աստուծոյ հոգիին օգնութեամբ, Քրիստոնեաները այս բաները գիտեն եւ կ’ընդունին որպէս ճշմարտութիւն, ասոր համար կեանքի հանդէպ անոնց հայեցակէտը տարբեր է աշխարհի մարդոց ունեցած հայեցակէտէն։ Անոնք գոհ են որ իրենց ուրախութիւնը գտած են այժմ Եհովայի ծառայելով եւ կ’ակնկալեն յաւիտեան իրեն ծառայել։
17. Աշխարհի հոգիին ընդդիմանալու մէջ ո՞վ գերագոյն օրինակը հանդիսացաւ, եւ ինչպէ՞ս։
17 Յիսուս գերագոյն տիպարն է այս աշխարհի հոգիին ընդդիմացողներուն համար։ Յիսուսի մկրտութենէն անմիջապէս ետք, Սատանան, երեք փորձութիւններ ներկայացնելով, ջանաց զինք հեռացնել Եհովայի ծառայութենէն։ (Մատթէոս 4։1-11) Վերջին փորձութիւնը կարելիութիւն կ’ընծայէր որ Յիսուս ամբողջ աշխարհին իշխանութիւնը ունենար, Սատանային պաշտամունքի միայն արարքի մը փոխարէն։ Յիսուս կրնար մտածել. ‘Լաւ, պաշտամունքի արարքը կ’ընեմ, ապա աշխարհի վրայ իշխանութիւն ստանալէ ետք կը զղջամ եւ դարձեալ Եհովան կը պաշտեմ։ Աշխարհի կառավարիչը ըլլալով, ի վիճակի կ’ըլլամ շատ աւելի մեծ օգտակարութիւն ունենալ մարդկութեան քան այժմ, որպէս Նազարէթէն հիւսն մը’։ Յիսուս այդպէս չմտածեց։ Ան յօժարեցաւ սպասել մինչեւ որ Եհովա իրեն տար աշխարհի իշխանութիւնը։ (Սաղմոս 2։8) Այդ առիթով եւ իր կեանքի տեւողութեան մնացեալ բոլոր առիւթներով, ան ընդդիմացաւ Սատանայի օդին թունաւոր ազդեցութեան։ Այսպիսով, ան յաղթեց հոգեւորապէս ապականած այս աշխարհին։—Յովհաննու 16։33
18. Աշխարհի հոգիին ընդդիմանալով, մենք ինչպէ՞ս Աստուծոյ փառաբանութիւն կը բերենք։
18 Պետրոս առաքեալ ըսաւ որ Յիսուսի շաւիղներուն մօտէն պէտք է հետեւինք։ (Ա. Պետրոս 2։21) Աւելի լաւ ի՞նչ տիպար կրնայինք ունենալ։ Այս վերջին օրերուն, աշխարհի հոգիէն ազդուելով մարդիկ երթալով աւելի կ’ապականին։ Ի՜նչ հոյակապ է տեսնել որ այսպիսի աշխարհի մը մէջ, Եհովայի պաշտամունքի բարձր վայրը անարատ ու մաքուր կը մնայ։ (Միքիայ 4։1, 2) Վստահաբար, Աստուծոյ հոգիին ներգործութեամբ է, որ միլիոնաւորներ հեղեղի պէս կը դիմեն Աստուծոյ պաշտամունքի վայրը եւ այս աշխարհի հոգիին կ’ընդդիմանան, որ սփռուած է ամէն կողմ, Եհովայի պատիւ ու փառաբանութիւն բերելով։ (Ա. Պետրոս 2։11, 12) Թող բոլորս ալ վճռենք այդ բարձր տեղը մնալ մինչեւ որ Եհովայի օծեալ Թագաւորը այս չար աշխարհը մէջտեղէն վերցնէ եւ Բանսարկու Սատանան ու իր դեւերը անդունդը ձգէ։ (Յայտնութիւն 19։19–20։3) Այն ատեն, այս աշխարհի հոգին այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ։ Անիկա ի՜նչ օրհնեալ ժամանակ մը պիտի ըլլայ։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Ի՞նչ է աշխարհի հոգին։
◻ Այս աշխարհի հոգին ի՞նչ ազդեցութիւն ունի անհատներու վրայ։
◻ Աշխարհի հոգիին կարգ մը յայտնաբերումները ի՞նչ են, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոնցմէ խուսափիլ։
◻ Մենք ինչպէ՞ս կ’արտացոլացնենք թէ Աստուծոյ հոգին ունինք։
◻ Ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանան անոնք որոնք աշխարհի հոգիին կ’ընդդիմանան։
[Նկար՝ էջ 16,17]
Աշխարհի հոգին Սատանայէն է
Աշխարհի հոգիէն խուսափելու համար, Եհովայի պաշտամունքի բարձր վայրը փախչեցէք