-
‘Ձեր վրայ հագէ՛ք երկայնմտութիւնը’Դիտարան 2001 | Նոյեմբեր 1
-
-
«Սէրը Երկայնամիտ Է»
9. Հաւանաբար Պօղոս ինչո՞ւ ըսաւ Կորնթացիներուն թէ «սէրը երկայնամիտ է»։
9 Պօղոս ցոյց տուաւ որ մասնաւոր յարակցութիւն մը կայ սիրոյ եւ երկայնմտութեան մէջ, երբ ըսաւ՝ «Սէրը երկայնամիտ է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Աստուածաշունչի ուսումնական մը, Ալպերթ Պարնզ, այն կարծիքին է թէ Պօղոս ասիկա շեշտեց, նկատի ունենալով Կորնթոսի քրիստոնէական ժողովքին մէջ գոյութիւն ունեցող վէճերն ու կռիւները։ (Ա. Կորնթացիս 1։11, 12) Պարնզ կը նշէ. «Հոս գործածուած [երկայնամիտ] բառը՝ շտապելու, ցասկոտ արտայայտութիւններու ու խորհուրդներու, եւ բարկութեան հակառակ է։ Անիկա կը նշէ մտավիճակի մը, որ ԵՐԿԱՐ ԿԸ ՀԱՆԴՈՒՐԺԷ հակառակութեան ու գրգռումի դիմաց»։ Սէրը եւ երկայնմտութիւնը տակաւին մեծապէս կը նպաստեն քրիստոնէական ժողովքին խաղաղութեան։
10. (ա) Սէրը ի՞նչ կերպով մեզի կ’օգնէ որ երկայնամիտ ըլլանք, եւ Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ կու տայ այս ուղղութեամբ։ (բ) Աստուածաշունչի ուսումնական մը ի՞նչ մեկնաբանութիւն կ’ընէ Աստուծոյ երկայնմտութեան եւ քաղցրութեան մասին։ (Տես ստորանիշը։)
10 «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը . . . իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր»։ Ուստի, սէրը շատ կերպերով մեզի կ’օգնէ որ երկայնամիտ ըլլանք։a (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5) Սէրը մեզի կ’օգնէ որ համբերութեամբ իրարու ներենք եւ յիշենք որ բոլորս ալ անկատար ենք եւ սխալներ ու թերութիւններ ունինք։ Անիկա մեզի կ’օգնէ որ նկատառու եւ ներող ըլլանք։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը քաջալերէ որ քալենք «լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնմտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով. ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել»։—Եփեսացիս 4։1-3
-
-
‘Ձեր վրայ հագէ՛ք երկայնմտութիւնը’Դիտարան 2001 | Նոյեմբեր 1
-
-
a Մեկնաբանելով Պօղոսի խօսքը, թէ «սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է», Աստուածաշունչի ուսումնական Կորտըն Տ. Ֆի կը գրէ. «Պօղոսի աստուածաբանութեան մէջ անոնք [երկայնմտութիւնն ու քաղցրութիւնը] կը ներկայացնեն մարդկութեան հանդէպ աստուածային վերաբերմունքին երկու կողմերը (համեմատել՝ Հռովմ. 2։4)։ Մէկ կողմէ, ցոյց կը տրուի Աստուծոյ սիրալիր ինքնազսպումը՝ ըմբոստ մարդոց հանդէպ իր բարկութիւնը ետ պահելով. իսկ միւս կողմէ, իր քաղցրութիւնը, իր ողորմութեան հազարապատիկ արտայայտութիւններու մէջ կը տեսնուի։ Ուստի, Պօղոսի սիրոյ նկարագրութիւնը կը սկսի Աստուծոյ այս երկկողմանի նկարագրութեամբ, որ Քրիստոսի միջոցաւ ինքնազսպում եւ քաղցրութիւն ցոյց տուած է աստուածային դատավճիռին արժանի եղողներուն հանդէպ»։
-