Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 3/1 էջ 13-17
  • Սիրոյ ճամբան անվախճան է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սիրոյ ճամբան անվախճան է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Սէրը Մեզի կ’Օգնէ Որ Հպարտութիւնը Նուաճենք
  • Սէրը Խաղաղ Յարաբերութիւններ կը Պատճառէ
  • Սէրը կ’Օգնէ Որ Համբերենք
  • Սէր՝ «Ա՛լ Աւելի Աղէկ Ճամբայ մը»
  • Սիրոյ աւելի աղէկ ճամբուն հետեւինք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Մշակէ այն սէրը, որ բնաւ չ’իյնար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Սիրով կերտուեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Սէր. արժէքաւոր յատկութիւն մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 3/1 էջ 13-17

Սիրոյ ճամբան անվախճան է

«Նախանձաւոր եղէք այն շնորհքներուն համար, որոնք լաւագոյնն են եւ ես՝ ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ մը պիտի ցուցնեմ ձեզի»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12։31

1-3. (ա) Սէր արտայայտել սորվիլը ի՞նչպէս նոր լեզու մը սորվելու կը նմանի։ (բ) Ի՞նչ ազդակներ սէր արտայայտել սորվիլը կը դժուարացնեն։

ԲՆԱՒ փորձա՞ծ էք նոր լեզու մը սորվիլ։ Անիկա ուղղակի մարտահրաւէր մըն է, կրնանք ըսել։ Անշուշտ, երախայ մը լեզու մը կրնայ սորվիլ պարզապէս անոր հետ շփման մէջ գալով։ Անոր ուղեղը դիւրութեամբ կ’իւրացնէ ձայները եւ բառերուն իմաստները, այնպէս որ քիչ ժամանակ ետք մանուկ մը կրնայ բաւական ճարտարութեամբ եւ թերեւս անդադար խօսիլ։ Բայց չափահասներու պարագան նոյնը չէ։ Անդադար բառարան կը բանանք, օտար լեզուով միայն քանի մը հիմնական նախադասութիւններ սորվելու համար։ Ժամանակի ընթացքին եւ այդ լեզուին հետ բաւական շփման մէջ գալով սակայն, կը սկսինք նոր լեզուով մտածել եւ զայն խօսիլը աւելի կը դիւրանայ։

2 Սէր արտայայտել սորվիլը, որոշ չափով նոր լեզու մը սորվելու կը նմանի։ Ճիշդ է որ աստուածային այս յատկութիւնը որոշ չափով բնածին է մարդոց մէջ։ (Ծննդոց 1։27. համեմատել՝ Ա. Յովհաննու 4։8։) Այսուհանդերձ, սէր արտայայտել սորվիլը արտակարգ ջանք կը պահանջէ. մանաւանդ ներկայիս, երբ բնական սէրը շատ նուազած է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Երբեմն այս է պարագան նոյնիսկ ընտանիքէն ներս։ Այո, շատեր կը մեծնան այնպիսի կոշտ մթնոլորտի մէջ, ուր սիրալիր բառեր շատ քիչ, կամ բնաւ, չեն արտայայտուիր։ (Եփեսացիս 4։29-31. 6։4) Արդ, ի՞նչպէս կրնանք սէր արտայայտել սորվիլ, նոյնիսկ երբ հազուադէպօրէն սէր տեսած ենք։

3 Աստուածաշունչը կրնայ օգնութեան հասնիլ։ Ա. Կորնթացիս 13։4-8–ի մէջ, Պօղոս ոչ թէ սիրոյ ինչ ըլլալը մեքենայականօրէն կը սահմանէ, այլ կը նկարագրէ որ սիրոյ այս գերազանց տեսակը ի՛նչպէս կը գործէ։ Այս համարները քննելը մեզի պիտի օգնէ որ աստուածային այս յատկութեան բնոյթը ըմբռնենք եւ զայն արտայայտելու համար աւելի լաւ զինուինք։ Հիմա Պօղոսի նկարագրած սիրոյ կարգ մը երեսակները նկատի առնենք։ Զանոնք գլխաւոր երեք խումբերու պիտի բաժնենք. ընդհանուր առմամբ մեր վարքը, ապա աւելի մասնայատուկ կերպով, ուրիշներու հետ մեր յարաբերութիւնը, եւ վերջապէս՝ անոր մէջ մեր համբերութիւնը։

Սէրը Մեզի կ’Օգնէ Որ Հպարտութիւնը Նուաճենք

4. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ նախանձի մասին։

4 Սիրոյ մասին իր նախնական բացատրութիւնը տալէ ետք, Պօղոս Կորնթացիներուն գրեց. «Սէրը չի նախանձիր»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Նախանձը կրնայ յայտնի ըլլալ, ուրիշներուն ունեցած բարգաւաճութեան կամ իրագործումներուն նկատմամբ չարակնոտ դժգոհութեամբ։ Այս նախանձը կործանարար է ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր գետնի վրայ։—Առակաց 14։30. Հռովմայեցիս 13։13. Յակոբու 3։14-16

5. Երբ մեզի թուի որ աստուածպետական կարգ մը առանձնաշնորհումներէ զլացուած ենք, սէրը ի՞նչպէս կրնայ օգնել որ մեր նախանձը նուաճենք։

5 Ասիկա ի մտի ունենալով, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Կը նախանձի՞մ, երբ ինծի կը թուի թէ աստուածպետական կարգ մը առանձնաշնորհումներէ զլացուած եմ’։ Եթէ ասոր պատասխանը այո՛ է՝ մի՛ յուսահատիք։ Աստուածաշունչի գրութեան մասնակցող Յակոբոս մեզի կը յիշեցնէ թէ բոլոր անկատար մարդոց մէջ առկայ է ‘նախանձի փափաք’ը։ (Յակոբու 4։5) Ձեր եղբօրը հանդէպ սէրը կրնայ օգնել որ ձեր հաւասարակշռութիւնը պահէք։ Սէրը ձեզի կրնայ օգնել որ ուրախացողներուն հետ ուրախանաք, եւ երբ ուրիշ մը օրհնութիւն կամ գովասանք ստանայ, զանիկա ձեր անձին դէմ ուղղուած յարձակում չնկատէք։—Համեմատել՝ Ա. Թագաւորաց 18։7-9։

6. Առաջին դարու Կորնթոսի ժողովքին մէջ, ի՞նչ լուրջ կացութիւն մը զարգացած էր։

6 Պօղոս կ’աւելցնէ որ սէրը «չի գոռոզանար, չի հպարտանար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Եթէ որոշ տաղանդ կամ կարողութիւն մը ունինք, պէտք չէ որ անով պարծինք։ Այնպէս կը թուի թէ ասիկա կարգ մը փառատենչ անհատներու խնդիրն էր, որոնք վաղեմի Կորնթոսի ժողովքէն ներս սպրդած էին։ Կրնայ ըլլալ որ անոնք գաղափարներ պարզելու գերադաս կարողութիւններ ունէին, կամ բան մը ընելու մէջ աւելի ատակ էին։ Ուշադրութիւնը իրենց վրայ ուղղելը թերեւս պատճառ եղած էր որ ժողովքը հակադիր խումբերու բաժնուի։ (Ա. Կորնթացիս 3։3, 4. Բ. Կորնթացիս 12։20) Կացութիւնը ա՛յդքան լուրջ դարձաւ որ Պօղոս հետագային ստիպուեցաւ յանդիմանել Կորնթացիները, քանի որ անոնք ‘կը համբերէին անմիտներուն’, զորս Պօղոս քննադատականօրէն «երեւելի առաքեալներ» կոչեց։—Բ. Կորնթացիս 11։5, 19, 20

7, 8. Աստուածաշունչէն ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնանք մեր բնածին տաղանդները գործածել միութիւն յառաջացնելու համար։

7 Այսօր ալ նոյնանման կացութիւն մը կրնայ զարգանալ։ Օրինակ, ոմանք կրնան հակումը ունենալ ծառայութեան մէջ իրենց իրագործումներով, կամ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ իրենց ունեցած առանձնաշնորհումներով հպարտանալու։ Նոյնիսկ երբ մասնայատուկ հմտութիւն կամ կարողութիւն մը ունինք, զոր ժողովքին մէջ ուրիշներ չունին, ատիկա իրաւասութիւն կու տա՞յ մեզի որ մենք մեզ տեսնենք։ Ի վերջոյ, մենք մեր ունեցած բնածին տաղանդները պէտք է գործածենք միութիւն յառաջացնելու, եւ ոչ թէ մեր անձերը բարձրացնելու համար։—Մատթէոս 23։12. Ա. Պետրոս 5։6

8 Պօղոս գրեց որ թէեւ ժողովք մը շատ անդամներ ունի, բայց «Աստուած մարմինը բարեխառնեց»։ (Ա. Կորնթացիս 12։19-26) Յունարէն բառը որ հոս ‘բարեխառնել’ թարգմանուած է, կը նշանակէ ներդաշնակօրէն խառնել, ինչպէս երբ գոյները կը խառնենք։ Ուստի, ժողովքին մէջ ոեւէ մէկը ինքզինք պէտք չէ տեսնէ իր կարողութիւններուն համար եւ փորձէ ուրիշներուն վրայ տիրել։ Հպարտութիւնը եւ փառատենչութիւնը տեղ չունին Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ։—Առակաց 16։19. Ա. Կորնթացիս 14։12. Ա. Պետրոս 5։2, 3

9. Աստուածաշունչը կարգ մը անհատներու ազդարարական ի՞նչ օրինակներ կու տայ, որոնք իրենց անձնական շահը կը փնտռէին։

9 Սէրը «իրենը չի փնտռեր»։ (Ա. Կորնթացիս 13։5) Սիրալիր անհատ մը հարցերը այնպէս մը չի դարձներ որ ուրիշներուն պարտադրել տայ իր կամքը։ Այս մասին Աստուածաշունչը մեզի ազդարարական օրինակներ կու տայ։ Օրինակ, կը կարդանք Դալիլայի, Յեզաբէլի եւ Գոթողիայի մասին. կիներ որոնք ուրիշները դրդեցին որ իրենց անձնասէր հետապնդումներուն կողմնակից ըլլան։ (Դատաւորաց 16։16. Գ. Թագաւորաց 21։25. Բ. Մնացորդաց 22։10-12) Կար նաեւ Դաւիթ Թագաւորին որդին՝ Աբիսողոմը։ Ան Երուսաղէմի մէջ դատաստանի համար եկող անհատներուն կը մօտենար եւ խորամանկօրէն կը հասկցնէր որ թագաւորին պալատին մէջ իրենց խնդիրներով իրապէս հետաքրքրուող չկար։ Ապա բացէ ի բաց կ’ըսէր որ պալատին մէջ իրապէս իրեն նման խանդակաթ մէկու մը պէտքը կար։ (Բ. Թագաւորաց 15։2-4) Անշուշտ, Աբիսողոմ ոչ թէ ոտնակոխուած անհատներով հետաքրքրուած էր, այլ՝ իր անձով։ Ինքզինք թագաւորի տեղ դնելով, ան շատերուն սիրտը իրեն դարձուց։ Բայց ժամանակ մը ետք, Աբիսողոմ ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց։ Երբ մեռաւ, ան նոյնիսկ պատշաճ թաղումի չարժանացաւ։—Բ. Թագաւորաց 18։6-17

10. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ ուրիշներուն շահը կը փնտռենք։

10 Ասիկա ներկայիս Քրիստոնեաներուն համար ազդարարութիւն մըն է։ Այր ըլլանք թէ կին, թերեւս համոզելու բնածին կարողութիւններ ունինք։ Մեզի համար կրնայ դիւրին ըլլալ սանձը ձեռք առնել, խօսակցութեան մը տիրապետելով, կամ տարբեր կարծիք ունեցող մը տարհամոզելով։ Սակայն, եթէ իրապէս սիրալիր ենք, ուրիշներուն շահն ալ պիտի փնտռենք։ (Փիլիպպեցիս 2։2-4) Ուրիշները պէտք չէ շահագործենք, ոչ ալ՝ մեր ունեցած փորձառութեան, կամ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ մեր ունեցած դիրքին պատճառաւ հարցական եղող գաղափարներ առաջ քշենք, որպէս թէ միայն մեր կարծիքն է որ կշիռ ունի։ Հապա, պէտք է յիշենք սուրբ գրային հետեւեալ առակը. «Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ»։—Առակաց 16։18

Սէրը Խաղաղ Յարաբերութիւններ կը Պատճառէ

11. (ա) Ի՞նչ կերպերով կրնանք սէր ցոյց տալ, որ թէ՛ քաղցր եւ թէ վայելուչ է։ (բ) Ի՞նչպէս ցոյց կու տանք որ անիրաւութեան վրայ չենք խնդար։

11 Պօղոս նաեւ գրեց որ սէրը «քաղցր» է եւ «անվայել վարմունք չունենար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5) Այո, սէրը թոյլ պիտի չտայ որ կոպիտ, ռամիկ կամ անյարգալից կերպով վարուինք։ Հապա, ուրիշներուն զգացումները նկատի պիտի առնենք։ Օրինակ, սիրալիր անհատ մը ուրիշին խղճմտանքը անհանգստացնող բաներ չ’ըներ։ (Համեմատել՝ Ա. Կորնթացիս 8։13։) Սէրը «անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։6) Եթէ Եհովայի օրէնքը կը սիրենք, անբարոյութեան վրայ աչք չենք գոցեր, ոչ ալ Աստուծոյ ատած բաներով կը զուարճանանք։ (Սաղմոս 119։97) Սէրը մեզի կ’օգնէ որ կերտիչ բաներու մէջ փնտռենք մեր ուրախութիւնը, եւ ոչ թէ՝ քանդիչ։—Հռովմայեցիս 15։2. Ա. Կորնթացիս 10։23, 24. 14։26

12, 13. (ա) Երբ մէկը մեզ վիրաւորէ, ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք։ (բ) Աստուածաշունչէն օրինակներ թուեցէք, ցոյց տալու համար որ նոյնիսկ արդարացի բարկութիւնը կրնայ յիմարաբար վարուելու պատճառ ըլլալ։

12 Պօղոս կը գրէ որ սէրը «բարկութեան չի գրգռուիր» («դիւրագրգիռ չէ», Ֆիլլիբս)։ (Ա. Կորնթացիս 13։5) Ճիշդ է որ մեզի պէս անկատար անհատներուն համար բնական է բորբոքիլ, կամ որոշ չափով զայրանալ, երբ մէկը մեզ վիրաւորէ։ Բայց, սխալ պիտի ըլլար երկար ժամանակ դժգոհած, կամ բարկացած վիճակի մէջ մնալ։ (Սաղմոս 4։4, ՆԱ. Եփեսացիս 4։26) Եթէ ուշադիր չըլլանք, նոյնիսկ արդարացի բարկութիւն մը կրնայ պատճառ ըլլալ որ յիմար կերպով վարուինք եւ Եհովա կրնայ մեզ պատասխանատու բռնել ասոր համար։—Ծննդոց 34։1-31. 49։5-7. Թուոց 12։3. 20։10-12. Սաղմոս 106։32, 33

13 Ոմանք թոյլ տուած են որ ուրիշներուն անկատարութիւնները քրիստոնէական ժողովներու յաճախելու կամ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու իրենց որոշումին ազդեն։ Նախապէս, անոնցմէ շատեր հաւատքին համար ծանր պայքար մղած են, թերեւս ընտանեկան հակառակութեան, գործընկերներու ծաղրանքին եւ նման բաներու տոկալով։ Անոնք այսպիսի խոչընդոտներու տոկացած են, զանոնք ուղղամտութեան փորձութիւններ նկատելով, ինչ որ շիտակ է։ Բայց ի՞նչ կը պատահի, երբ հաւատակից մը անսիրալիր բան մը ըսէ կամ՝ ընէ։ Անիկա ալ մեր ուղղամտութիւնը փորձի ենթարկող բան մը չէ՞։ Արդարեւ, քանի որ եթէ բարկացած վիճակի մէջ մնանք՝ ‘Սատանային առիթ տուած’ կ’ըլլանք։—Եփեսացիս 4։27, Անթիլիաս։

14, 15. (ա) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘վիրաւորանքը հաշուի առնել’։ (բ) Ներելու մէջ ի՞նչպէս կրնանք Եհովան ընդօրինակել։

14 Լաւ պատճառով ուրեմն, Պօղոս կ’աւելցնէ որ սէրը «չարութիւն չի խորհիր [«վիրաւորանքը հաշուի չ’առներ» ՆԱ]»։ (Ա. Կորնթացիս 13։5) Հոս ան կը գործածէ հաշուապահական արտայայտութիւն մը, որպէս թէ վիրաւորանքը հաշուի տետրակին կ’անցուի, որպէսզի չմոռցուի։ Սիրալի՞ր է վիրաւորական խօսք մը կամ արարք մը անջնջելիօրէն մեր մտքին մէջ արձանագրել, ապագային ետ անոր անդրադառնալու համար։ Որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ որ Եհովա մեզ այսքան անողորմաբար չի զններ։ (Սաղմոս 130։3) Այո, երբ զղջանք, ան մեր յանցանքները կը սրբէ։—Գործք 3։19

15 Այս ուղղութեամբ, կրնանք Եհովան ընդօրինակել։ Երբ մէկը մեզ անտեսէ, չափազանց զգայուն պէտք չէ ըլլանք։ Եթէ շուտով ընդվզինք, մենք մեզ շատ աւելի խոր կերպով վիրաւորած կ’ըլլանք, քան մեզ վիրաւորած անհատը։ (Ժողովողի 7։9, 22) Ընդհակառակը, պէտք է յիշենք որ սէրը «ամէն բանի կը հաւատայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։7) Անշուշտ, ոեւէ մէկս չենք ուզեր դիւրախաբ ըլլալ. բայց միւս կողմէ, անտեղիօրէն մեր եղբայրներուն շարժառիթներուն վրայ պէտք չէ կասկածինք։ Երբ կարելի է, իրարու գէշ դիտաւորութիւններ չվերագրենք։—Կողոսացիս 3։13

Սէրը կ’Օգնէ Որ Համբերենք

16. Ո՞ր պարագաներուն սէրը կրնայ մեզի օգնել որ երկայնամիտ ըլլանք։

16 Ապա Պօղոս կ’ըսէ որ սէրը «երկայնամիտ է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4) Անիկա մեզի կ’օգնէ որ նոյնիսկ երկար ժամանակէ գոյատեւող փորձիչ կացութիւններուն տոկանք։ Օրինակ, շատ մը Քրիստոնեաներ տարիներով ապրած են կրօնապէս բաժնուած տան մը մէջ։ Ուրիշներ ամուրի են, ոչ թէ ընտրութեամբ, հապա քանի որ «Տէրոջմով» յարմար կողակից մը չեն գտած։ (Ա. Կորնթացիս 7։39. Բ. Կորնթացիս 6։14) Տակաւին կան ուրիշներ որոնք զիրենք տկարացնող առողջապահական խնդիրներու դէմ կը պայքարին։ (Գաղատացիս 4։13, 14. Փիլիպպեցիս 2։25-30) Իրապէս, այս անկատար դրութեան մէջ, չկայ մէկը որ կեանքի մէջ այնպիսի վիճակ մը ունենայ որ կերպով մը համբերելու ստիպուած չըլլայ։—Մատթէոս 10։22. Յակոբու 1։12

17. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ամէն բանի համբերենք։

17 Պօղոս մեզ կը հաւաստիացնէ որ սէրը «ամէն բանի կը զիջանի, . . . ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։7) Եհովայի հանդէպ սէրը մեզի կ’օգնէ որ արդարութեան սիրոյն որեւէ կացութեան տոկանք։ (Մատթէոս 16։24. Ա. Կորնթացիս 10։13) Մենք չարչարանքը փնտռողներ չենք։ Ընդհակառակը, մեր նպատակն է խաղաղ, հանդարտ կեանք մը վարել։ (Հռովմայեցիս 12։18. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։11) Այսուհանդերձ, երբ հաւատքի փորձերու հանդիպինք, ուրախութեամբ կը տոկանք անոնց, որպէս Քրիստոնեայ աշակերտ ըլլալու համար վճարուած գին։ (Ղուկաս 14։28-33) Մինչ կը համբերենք, կը ջանանք դրական տեսակէտ մը պահել, այդ փորձութեանց մէջ իսկ լաւագոյն արդիւնքը յուսալով։

18. Ի՞նչպէս նպաստաւոր ժամանակներուն մէջ իսկ համբերութեան կարիքը կայ։

18 Միայն նեղութիւնները չեն որ համբերութեան կոչ կ’ընեն։ Երբեմն համբերել կը նշանակէ պարզապէս դիմանալ, շարունակել ընթացքի մը հետեւիլ, փորձութիւններ ըլլան կամ ոչ։ Համբերութիւնը կը պարփակէ հոգեւոր լաւ սովորութիւններ պահպանել։ Օրինակ, ծառայութեան մէջ ձեր պարագաներուն ներած չափով իմաստալից մասնակցութիւն մը կ’ունենա՞ք։ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդաք ու անոր վրայ կը խոկա՞ք եւ ձեր երկնաւոր Հօրը հետ աղօթքով կը հաղորդակցի՞ք։ Քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար կը յաճախէ՞ք եւ հաւատակիցներու հետ եղած փոխադարձ քաջալերութենէն կ’օգտուի՞ք։ Եթէ այո, ուրեմն ներկայիս նպաստաւոր վիճակի մէջ ըլլաք թէ՝ աննպաստ, կրնանք ըսել որ դուք կը համբերէք։ Մի՛ հեղգանաք, «քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—Գաղատացիս 6։9

Սէր՝ «Ա՛լ Աւելի Աղէկ Ճամբայ մը»

19. Սէրը ի՞նչպէս «ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ մը»ն է։

19 Պօղոս սէր արտայայտելու կարեւորութիւնը ընդգծեց, այս աստուածային յատկութիւնը կոչելով «ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ մը»։ (Ա. Կորնթացիս 12։31) Ի՞նչ առումով «ա՛լ աւելի աղէկ»։ Պօղոս տակաւին նոր թուած էր առաջին դարու Քրիստոնեաներուն մէջ սովորական եղող հոգիին պարգեւները։ Ոմանք կրնային մարգարէանալ, ուրիշներ հիւանդութիւններ բուժելու զօրութիւնը ունէին, իսկ շատերու լեզուներ խօսելու կարողութիւնը տրուած էր։ Իսկապէս ապշեցուցիչ պարգեւներ։ Սակայն, Պօղոս Կորնթացիներուն ըսաւ. «Եթէ մարդոց ու հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ եւ սէր չունենամ, ես ձայն տուող պղինձի պէս եղայ, կամ հնչող ծնծղաներու պէս։ Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ ու հասկնամ ամէն խորհուրդները ու ամէն գիտութիւնը եւ եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։1, 2) Այո, նոյնիսկ արժէք ունեցող արարքներ «մեռած գործեր» կը դառնան, եթէ անոնց ետին եղող դրդապատճառը Աստուծոյ եւ դրացիի հանդէպ սէրը չըլլայ։—Եբրայեցիս 6։1

20. Սէր մշակելու համար, յարատեւ ջանքը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։

20 Յիսուս մեզի ուրիշ պատճառ մը կու տայ թէ ինչո՛ւ սիրոյ աստուածային յատկութիւնը պէտք է մշակենք։ Ան ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) «Եթէ» բառը կը ձգէ որ իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ի՛նք որոշէ թէ սէր արտայայտել սորվիլ կ’ուզէ կամ ոչ։ Վերջապէս, միայն օտար երկրի մը մէջ ապրիլը չէ որ մեզի պիտի ստիպէ որ այդ երկրին լեզուն խօսինք։ Նոյն կերպով, պարզապէս Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովներու յաճախելը եւ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ ընկերակցիլը մեզի ինքնաբերաբար սէր արտայայտել պիտի չսորվեցնեն։ Այս «լեզուն» սորվիլը յարատեւ ջանք կը պահանջէ։

21, 22. (ա) Ի՞նչպէս պէտք է հակազդենք, եթէ Պօղոսի բացատրած սիրոյ կարգ մը երեսակներուն մէջ թերացումներ ունենանք։ (բ) Ի՞նչ կերպով կրնայ ըսուիլ որ սէրը «անվախճան» է։

21 Երբեմն պիտի ըլլայ որ Պօղոսի բացատրած սիրոյն կարգ մը երեսակներուն մէջ թերացումներ ունենաք։ Բայց մի՛ յուսահատիք։ Համբերութեամբ յարատեւեցէք։ Շարունակեցէք Աստուածաշունչը քննել եւ ուրիշներու հետ ձեր վերաբերմունքին մէջ անոր սկզբունքները կիրարկեցէք։ Բնաւ մի՛ մոռնաք Եհովայի օրինակը որ մեր առջեւ ունինք։ Պօղոս խրատեց Եփեսացիները. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի»։—Եփեսացիս 4։32

22 Ճիշդ ինչպէս որ նոր լեզուով մը արտայայտուիլ սորվիլը հետզհետէ աւելի կը դիւրանայ, նոյնպէս ալ ժամանակի ընթացքին պիտի նկատէք որ աւելի դիւրութեամբ սէր կ’արտայայտէք։ Պօղոս մեզ կը հաւաստիացնէ որ «սէրը բնա՛ւ չիյնար [«անվախճան է», Անթիլիաս]»։ (Ա. Կորնթացիս 13։8) Հոգիին հրաշալի պարգեւներուն հակառակը, սէրը մի՛շտ գոյութիւն պիտի ունենայ։ Ուստի, շարունակեցէք աստուածային այս յատկութիւնը արտայայտել սորվիլ։ Ինչպէս Պօղոս կ’ըսէ, անիկա «ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ մը»ն է։

Կրնա՞ք բացատրել

◻ Սէրը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ հպարտութիւնը նուաճենք։

◻ Ի՞նչ կերպերով սէրը կ’օգնէ որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն յառաջացնենք։

◻ Սէրը ի՞նչպէս կ’օգնէ որ համբերենք։

◻ Սէրը ի՞նչպէս «ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ մը»ն է։

[Նկար՝ էջ 15]

Սէրը մեզի պիտի օգնէ որ մեր հաւատակիցներուն սխալները անտեսենք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել