Սիրոյ աւելի աղէկ ճամբուն հետեւինք
ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ սիրոյ մարմնացումն է։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, ըսաւ որ պէտք է սիրենք Աստուած եւ մեր ընկերը։ (Մատթէոս 22։37–40) Այո, Աստուած այս յատկութեան վրայ հիմնուած կը վարէ համայն տիեզերքը։ Ուստի, ուր որ ալ ըլլայ յաւիտենական կեանքի մեր յոյսը, պէ՛տք է հետեւինք սիրոյ ճամբուն։
Աստուած սէր ցոյց տուաւ Իսրայէլ ազգին հանդէպ, ապա մերժեց այդ կազմակերպութիւնը՝ իրենց անհաւատարմութեան պատճառաւ։ Յետոյ ան Յիսուսի աշակերտներուն ժողովքը բնորոշեց որպէս Իր նոր կազմակերպութիւնը։ Ինչպէ՞ս։ Սուրբ հոգիին մասնայատուկ յայտնաբերութեամբ, զանոնք զօրացնելով որ լեզուներ խօսին ու մարգարէանան։ Այս կերպով, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, 3,000 Հրեաներ եւ հաւատադարձ հաւատացեալներ ըլլալով հին կազմակերպութիւնը ձգեցին եւ եկան Աստուծոյ նոր կազմակերպութեան մէջ։ (Գործք 2։1–41) Քանի որ հոգիին պարգեւները անկէ ետք փոխանցուեցան Յիսուսի առաքեալներուն միջոցով, այդ յայտնաբերումները դադրեցան անոնց մահով։ (Գործք 8։5–18. 19։1–6) Բայց այն ատեն, այդ պարգեւները ապացուցանեցին որ Աստուծոյ հաճութիւնը հոգեւոր Իսրայէլի վրայ էր։—Գաղատացիս 6։16
Հոգիին պարգեւներէն առթած հրաշքները օգտաշատ էին։ Սակայն, շատ աւելի կարեւոր է ուրիշներուն հանդէպ սէր, կամ անշահախնդիր հետաքրքրութիւն ցոյց տալ, քան հոգիին պարգեւները ունենալ։ Պօղոս առաքեալ ասիկա ցոյց տուաւ Կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ (շ. Հ.Դ. 55–ին)։ Անոր մէջ, ան սիրոյ մասին խօսեցաւ որպէս «աւելի աղէկ ճամբայ մը»։ (Ա. Կորնթացիս 12։13) Այդ ճամբուն մասին կը խօսուի Ա. Կորնթացիս 13–րդ գլուխին մէջ։
Առանց սիրոյ՝ Ոչինչ Ենք
Պօղոս պատճառաբանեց. «Եթէ մարդոց ու հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ եւ սէր չունենամ, ես ձայն տուող պղինձի պէս եղայ, կամ հնչող ծնծղաներու պէս»։ (Ա. Կորնթացիս 13։1) Եթէ սէր չունենանք, ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ հոգիին տուած մարդկային լեզուները, կամ երկնային հրեշտակներուն լեզուները խօսիլը։ Պօղոս կը նախընտրէր հինգ կերտիչ բառեր խօսիլ, քան թէ տասնեակ հազարաւոր բառեր լեզուով մը զոր մարդիկ չեն հասկնար։ (Ա. Կորնթացիս 14։19) Սէր չունեցող անհատ մը, «ձայն տուող պղինձի»—աղմուկ հանող, անհաճելի կոչնազանգի մը—պէս, կամ առանց եղանակի «հնչող ծնծղաներու պէս» պիտի ըլլար։ Առանց սիրոյ, լեզուներ խօսիլը Աստուած փառաբանելու եւ իր ծառաներուն օգնելու ու հոգեւորապէս կերտելու կերպ մը չէր։ Ներկայիս, մեր սէրը ցոյց կու տանք, Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ հասկնալի լեզու մը գործածելով։
Առաքեալը ապա ըսաւ. «Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ ու հասկնամ ամէն խորհուրդները ու ամէն գիտութիւնը եւ եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։2) Հրաշքով մարգարէանալը, սրբազան գաղտնիքներու մասնայատուկ հասկացողութիւնը ու սուրբ հոգիին տուած գիտութիւնը կրնայ ուրիշներուն օգտակար ըլլալ, բայց ոչ՝ այդ պարգեւները ունեցողներուն, եթէ անոնք սէր չունենան։ Պօղոս սրբազան խորհուրդներուն մասնաւոր հասկացողութիւնը գործածեց ուրիշներուն օգնելու համար եւ գիտութեան պարգեւը զինք ատակ դարձուց որ նաւաբեկութեան զոհերուն վերապրումը նախագուշակէ։ (Գործք 27։20–44. Ա. Կորնթացիս 4։1, 2) Սակայն, եթէ ‘ունենար ամէն գիտութիւնը ու ամէն հաւատքը’ եւ սէր չունենար, ան արժէք մը պիտի չունենար Եհովայի աչքին։
Ներկայիս, Եհովայի հոգին կարելի կը դարձնէ որ իր Վկաները հասկնան Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները եւ սրբազան խորհուրդները եւ զանոնք կ’առաջնորդէ որ այս գիտութիւնը ուրիշներուն հետ բաժնեն։ (Յովելեայ 2։28, 29) Հոգին՝ լեռնանման արգելքներ փոխադրող հաւատք ալ կը յառաջացնէ մեր մէջ։ (Մատթէոս 17։20) Քանի որ հոգին այս բաները կ’ընէ, սխալ պիտի ըլլար անոնց միջոցաւ անձնական փառք փնտռել։ Բանի մը չենք կրնար հասնիլ, եթէ ի՛նչ որ կ’ընենք Աստուծոյ փառքին համար եւ իրեն ու մարդոց հանդէպ սէրէ մղուած չընենք։—Գաղատացիս 5։6
Առանց Սիրոյ Զոհերը Անօգուտ Են
Պօղոս ըսաւ. «Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ու իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։3) Եթէ Պօղոս սէր չունենար, օգուտ մը պիտի չունենար, նոյնիսկ երբ իր բոլոր ունեցածը ուրիշները կերակրելու համար տար։ Աստուած մեզ կը վարձատրէ տալու մէջ մեր ունեցած սիրոյ շարժառիթին համաձայն եւ ո՛չ թէ մեր տուած բաներուն նիւթական արժէքին, կամ անկէ մեր ակնկալած փառքին համաձայն, ինչպէս ըրին Անանիա եւ Սափիրա։ (Գործք 5։1–11) Պօղոս գեղեցիկ օրինակ մը հանդիսացաւ, Յուդայի հաւատացեալներուն համար նպաստ ժողվելու համար սիրալիր կերպով իր անձէն տալով։—Ա. Կորնթացիս 16։1–4. Բ. Կորնթացիս 8։1–24. 9։7
Նոյնիսկ եթէ ճշմարտութեան համար նահատակուինք, առանց սէր ունենալու, Աստուծոյ քով արժէք մը չի ներկայացներ։ (Առակաց 25։27) Յիսուս իր զոհագործութեան մասին խօսեցաւ, բայց անոր համար չպարծեցաւ։ Փոխանակ պարծենալու, ան յօժարութեամբ իր անձը տուաւ։ (Մարկոս 10։45. Եփեսացիս 5։2. Եբրայեցիս 10։5–10) Իր հոգեւոր եղբայրները ‘իրենց մարմինները կ’ընծայեն որպէս կենդանի զոհ մը’ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, ոչ թէ ինքնագով նահատակութեամբ, այլ՝ պարզունակ կերպերով, որոնք Եհովան կը փառաւորեն եւ իրեն հանդէպ իրենց սէրը կը ցուցաբերեն։—Հռովմայեցիս 12։1, 2
Սէրը Պատճառ Պիտի Ըլլայ Որ Հետեւեալ Կերպերով Վարուինք
Պօղոս գրեց. «Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4ա) Ադամի մեղանչելէն ի վեր, Աստուծոյ երկայնամտութիւնը շատերուն թոյլ տուած է, որ զղջան ու փրկուին։ (Բ. Պետրոս 3։9, 15) Եթէ սէր ունինք, ուրիշներուն համբերութեամբ ճշմարտութիւնը պիտի սորվեցնենք։ Պիտի խուսափինք զգացական պոռթկումներէ եւ փափկանկատ ու ներող պիտի ըլլանք։ (Մատթէոս 18։21, 22) Սէրը նաեւ քաղցր է, իսկ մենք Աստուծոյ կը մօտենանք իր քաղցրութեան պատճառաւ։ Հոգիին այս պտուղը՝ մեզի ետ կը պահէ ուրիշներէն աւելին պահանջելէն քան ինչ որ ինք մեզմէ կը պահանջէ։ (Եփեսացիս 4։32) Սէրը կը մղէ որ նոյնիսկ ապերախտ անհատներու հանդէպ քաղցր ըլլանք։—Ղուկաս 6։35
Պօղոս աւելցուց. «Սէրը քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։4բ) Նախանձը մարմնի գործերէն մէկն է, որ անհատի մը արգելք պիտի ըլլայ Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ մտնելու։ (Գաղատացիս 5։19–21) Սէրը մեզի ետ կը պահէ ուրիշի մը ստացուածքին կամ նպաստաւոր պարագաներուն նախանձելէ։ Եթէ ուրիշ մը մեր ցանկացած ծառայութեան առանձնաշնորհում մը ստանայ, սէրը պէտք է մղէ որ անոր հետ ուրախանանք, անոր նեցուկ կանգնինք եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնենք որ ան կրնայ գործածուիլ ժողովքին օգտակար ըլլալու համար։
Քանի որ սէրը «չի գորոզանար», անիկա մեզի չի մղեր որ հպարտանանք, Աստուծոյ թոյլատուութեամբ իր ծառայութեան մէջ մեր ըրած բաներուն համար։ Կարգ մը Կորնթացիներ կը հպարտանային, որպէս թէ իրենք ծագում տուած ըլլային հոգիին պարգեւներուն. սակայն անոնք Աստուծմէ էին, ինչպէս իր արդի կազմակերպութեան մէջ եղող առանձնաշնորհումները։ Ուրեմն, փոխանակ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ մեր ունեցած դիրքին համար հպարտանալու, զգոյշ ըլլանք որ չիյնանք։ (Ա. Կորնթացիս 1։31. 4։7. 10։12) «Սէրը չի հպարտանար», բայց սէր չունեցող անհատի մը միտքը կրնայ փքիլ, ինքզինք կարեւոր կարծելով։ Սէր ունեցող անհատները իրենք զիրենք ուրիշներէն գերակայ չեն զգար։—Ա. Կորնթացիս 4։18, 19. Գաղատացիս 6։3.
Անվայել, Անձնասէր, Ցասկոտ չէ
Սէրը «անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր»։ (Ա. Կորնթացիս 13։5ա) Անիկա բարեկրթութիւն, լաւ վարմունք, հեղինակութեան հանդէպ յարգանք եւ Քրիստոնէական ժողովներուն մէջ վայել վարք կը յառաջացնէ։ (Եփեսացիս 5։3–5. Ա. Կորնթացիս 11։17–34. 14։40. բաղդատել Յուդա 4, 8–10) Քանի որ սէրը իւրաքնչիւրին զգալ կու տայ որ ինք պէտք է, ինչպէս մարմնի մը բոլոր մասերը, սիրալիր ժողովք մը խաղաղութեան եւ ապաստանի վայր մըն է։ (Ա. Կորնթացիս 12։22–25) Փոխանակ անձնասիրութեամբ ‘իր շահը փնտռելու’, սէրը պատճառ կ’ըլլայ որ երբեմն մեր իրաւունքները զոհենք եւ ուրիշներով եւ անոնց բարօրութեամբ հետաքրքրուինք։ (Փիլիպպեցիս 2։1–4) Սէրը մեզ կը մղէ որ մեր ծառայութեան մէջ ‘ամէն տեսակ մարդոց համար, ամէն բան ըլլանք, որպէսզի ոմանք փրկենք’։—Ա. Կորնթացիս 9։22, 23
Սէրը «բարկութեան չի գրգռուիր»։ Ջղայնութեան նոպաները մեղաւոր մարմնին գործերն են, բայց սէրը պատճառ կ’ըլլայ որ ‘բարկանալու մէջ ծանր’ ըլլանք։ (Յակոբու 1։19. Գաղատացիս 5։19, 20) Նոյնիսկ երբ բարկութիւնը արդարացի է, սէրը թոյլ չի տար որ բարկացած մնանք, Բանսարկուին տեղի տալով։ (Եփեսացիս 4։26, 27) Մանաւանդ երէցները պէտք է խուսափին բարկանալէ, երբ իրենց հաւատակիցները կարգ մը թելադրութիւններ չեն կատարեր։
Պօղոս սիրոյ մասին ըսաւ. «Չարութիւն չի խորհիր»։ (Ա. Կորնթացիս 13։5բ) Սէրը յանցանքներու ցանկ մը չի պահեր, հաշուետետրին մէջ եղած գրութիւններուն նման։ Անիկա իր հաւատակիցներուն մէջ լաւ բաները կը տեսնէ եւ իրական կամ երեւակայական յանցանքները չի փոխադարձեր։ (Առակաց 20։22. 24։29. 25։21, 22) Սէրը մեզի կ’օգնէ որ «խաղաղութեամբ ապրինք»։ (Հռովմայեցիս 14։19) Պօղոս եւ Բառնաբաս վիճաբանութիւն մը ունեցան եւ տարբեր կողմեր գացին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, բայց սէրը բացուած խրամատը գոցեց եւ քինախնդիր ըլլալէ ետ պահեց զիրենք։—Ղեւտացւոց 19։17, 18. Գործք 15։36–41
Իրաւունքի եւ Ճշմարտութեան Պատրաստակամ
Սիրոյ մասին Պօղոս շարունակեց ըսել. «Անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։6) Ոմանք ա՛յնքան հաճոյք կ’առնեն անիրաւութենէն որ «մինչեւ որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար»։ (Առակաց 4։16) Բայց Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ իրարու չենք հակառակիր, կամ եթէ մէկը մեղքի որոգայթին մէջ իյնայ, չենք ուրախանար։ (Առակաց 17։5. 24։17, 18) Եթէ Կորնթոսի ժողովքին մէջ բաւարար սէր ըլլար Աստուծոյ եւ արդարութեան հանդէպ, հոն պոռնկութեան պիտի չհանդուրժէին։ (Ա. Կորնթացիս 5։1–13) Արդարութեան հանդէպ սէրը ի միջի այլոց, մեզ ետ կը պահէ անարդարութիւն ցուցադրող հեռատեսիլէն, շարժապատկերներէն կամ թատրոններէն հաճոյք առնելէ։
Սէրը «ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ»։ Հոս ճշմարտութիւնը հակադրուած է անիրաւութեան հետ։ Ասիկա բացայայտօրէն կը նշանակէ թէ սէրը պատճառ կ’ըլլայ որ ուրախանանք, երբ ճշմարտութիւնը մարդոց վրայ արդար ազդեցութիւն մը ունենայ։ Ուրախութիւն կը գտնենք այն բաներուն մէջ զորս մարդիկը կը կերտեն եւ թէ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը կը պաշտպանեն։ Սէրը մեզ ետ կը պահէ ստելէ, մեզ կ’ուրախացնէ երբ արդարին անմեղ ըլլալը փաստուի եւ պատճառ կ‘ըլլայ որ հրճուինք երբ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը յաղթէ։—Սաղմոս 45։4
Սէրը Ի՛նչպէս կը Վարուի Ամէն Բանի Հետ
Սիրոյ իր սահմանումը շարունակելով, Պօղոս կը գրէ. «Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։7) ‘Ամէն բանի զիջանելով’, սէրը կը վանէ զայրոյթը, ինչպէ լաւ երդիք մը՝ անձրեւը։ Եթէ մէկը մեզ վիրաւորէ եւ ապա ներողութիւն խնդրէ, սէրը թոյլ կու տայ որ այդ վիրաւորանքը կրենք, յանցագործին ներելով, փոխանակ այդ հարցին մասին բանբասելով։ Սիրով կը ջանանք ‘մեր եղբայրը շահիլ’։—Մատթէոս 18։15–17. Կողոսացիս 3։13
Սէրը Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող «ամէն բանի կը հաւատայ» եւ մեզ երախտապարտ կը դարձնէ «հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հայթայթուած հոգեւոր կերակուրին համար։ (Մատթէոս 24։45–47) Թէեւ դիւրախաբներ չենք, սէրը մեզ ետ կը պահէ անհաւատ սիրտ մը ունենալէ եւ մեր հաւատակիցներուն գէշ մղումներ վերագրելէ։ (Ժողովողի 7։21, 22) Սէրը նաեւ «ամէն բանի կը հաւատայ» որ արձանագրուած է Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, ինչպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւններ։ Սերէ մղուած, կը յուսանք եւ կ’աղօթենք փորձիչ վիճակներէն լաւագոյնս դուրս գալու համար։ Սէրը նաեւ մեզ կը մղէ որ ուրիշներուն ըսենք մեր յոյսին պատճառը։ (Ա. Պետրոս 3։15) Ասկէ զատ, «սէրը ամէն բանի կը համբերէ», մէջը ըլլալով մեր դէմ գործուած մեղքերուն։ (Առակաց 10։12) Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզի կ’օգնէ որ հալածանքի եւ ուրիշ փորձութիւններու տոկանք։
Պօղոս աւելցուց. «Սէրը բնա՛ւ չիյնար»։ (Ա. Կորնթացիս 13։8ա) Ինչպէս Եհովան բնաւ վերջ չունի ու չի թերանար, նոյնն է սէրը։ Քանի որ մեր յաւիտենական Աստուածը սիրոյ մարմնացումն է, այս յատկութիւնը բնաւ պիտի չի դադրի։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17. Ա. Յովհաննու 4։16) Տիեզերքը մի՛շտ սիրով պիտի կառավարուի։ Հետեւաբար աղօթենք որ Աստուած օգնէ մեզի մեր անձնասէր հակումները յաղթարելու եւ իր հոգիին այս անթերի պտուղը յայտնաբերելու։—Ղուկաս 11։13
Այն Բաները Որոնք Պիտի Անցնէին
Պօղոս գալիքը մատնանշելով գրեց. «Բայց եթէ մարգարէութիւններ ըլլան՝ պիտի խափանին, եթէ լեզուներ՝ պիտի դադարին, եթէ գիտութիւն՝ պիտի խափանուի»։ (Ա. Կորնթացիս 13։8բ) Մարգարէութեան պարգեւը, զայն ստացողին օգնեց որ նոր մարգարէութիւններ տայ։ Թէեւ այսպիսի պարգեւներ անցան, երբ Քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ որպէս Աստուծոյ կազմակերպութիւնը, սակայն իր մարգարէական զօրութիւնը բնաւ չանցնիր, եւ իր Խօսքը կը բովանդակէ այն բոլոր մարգարէութիւնները որոնց պէտք ունինք։ Լեզուներ խօսելու հոգիին պարգեւն ալ դադրեցաւ, եւ ինչպէս նախագուշակուած էր, մասնաւոր գիտութիւնն ալ ‘խափանուեցաւ’։ Բայց Եհովայի ամբողջական Խօսքը կը հայթայթէ ինչ որ պէտք է գիտնանք փրկութեան մասին։ (Հռովմայեցիս 10։8–10) Ասկէ զատ, Աստուծոյ ծառաները իր հոգիով լեցուած են եւ անոր պտուղները յառաջ կը բերեն։
Պօղոս շարունակեց. «Վասնզի շատէն քիչը գիտենք ու շատէն քիչը կը մարգարէանանք. բայց երբ կատարեալը գայ, այն ատեն շատէն քիչը պիտի խափանուի»։ (Ա. Կորնթացիս 13։9, 10) Գիտութեան եւ մարգարէութեան պարգեւները ամբողջական չէին։ Երեւութապէս այսպիսի մարգարէութիւն մանրամասնութիւններ չէր տար եւ իւրաքանչիւր մարգարէ ապագան մասամբ կը գուշակէր, իր նախագուշակածին մասին կատարեալ գիտութիւն մը չունենալով։ Սակայն հիմա, մարգարէութեան հասկացողութիւնը աստիճանաբար կ’ամբողջանայ։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կատարող իրողութիւնները կը հաստատեն թէ Յիսուս 1914–ին, մարդկութեան վրայ թագաւորական հեղինակութիւն ստացաւ։ Անկէ ի վեր, մենք «վերջին ժամանակին մէջ» ենք եւ հոգեւոր յաւելեալ գիտութիւն ու Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու հասկացողութիւն կը վայելենք։ (Դանիէլ 12։4) Հետեւաբար, մենք կատարեալ գիտութեան կը մօտենանք եւ ինչ որ «կատարեալ» է, մեզի շատ մօտ պէտք է ըլլայ։
Մեծագոյն Յատկութիւնը կը Մնայ
Ժողովքի յառաջդիմութեան ակնարկելով, Պօղոս գրեց. «Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի»։ (Ա. Կորնթացիս 13։11) Քանի որ մանուկ մը սահմանափակ գիտութեամբ եւ ֆիզիքական կարողութեամբ կը վարուի, Ան կրնայ ասդին ու անդին տատանիլ, որպէս թէ օրօրոցի մը մէջ ըլլար։ Բայց այր մարդ մը ֆիզիքապէս շատ աւելի աճած է, աւելի մեծ գիտութիւն ունի եւ ընդհանրապէս դիւրութեամբ չի տատանիր։ Անիկա իր մանկական մտածումները, կեցուածքը եւ կերպերը մէկդի ըրած է։ Նմանապէս, Աստուծոյ երկրային կազմակերպութիւնը երբ մեծցաւ, Ան այլեւս կարիքը չի տեսաւ մարգարէութեան, լեզուներու եւ գիտութեան հոգիի պարգեւներուն։ Ժողովքի այժմու անդամները, որոնք տարիքով յառաջացած են, անոնք ալ թէեւ կարիքը չեն զգար այդպիսի պարգեւներու, բայց ուրախ են որ Աստուծոյ կը ծառայեն իր հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ։
Պօղոս աւելցուց. «Քանզի հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես։ Հիմա շատէն քիչ մը տեղեակ եմ, բայց այն ատեն այնպէս պիտի ճանչնամ՝ ինչպէս ճանչցուեցայ»։ (Ա. Կորնթացիս 13։12) Երբ ժողովքը մանուկ էր, ժամանակը չէր որ Աստուած կարգ մը բաներ յայտնէր։ Հետեւաբար անոնք անյայտ կերպով կը տեսնուէին, որպէս թէ Քրիստոնեաները կը նայէին արտացոլող լաւ մակերես չունեցող մետաղէ հայելիի մը մէջ։ (Գործք 1։6, 7) Բայց այլեւս մենք աղօտ կերպով չենք տեսներ։ Հիմա թէ տիպերը եւ թէ մարգարէութիւնները աչքի կը զարնեն, քանի որ հիմա Աստուծոյ յայտնութեան ժամանակն է։ (Սաղմոս 97։11. Դանիէլ 2։28) Թէեւ Պօղոս առաքեալ Աստուած կը ճանչնար, սակայն Եհովայի կատարեալ գիտութեան եւ Իր հետ շատ սերտ յարաբերութեան պիտի հասնէր, երբ առաքեալը երկնային կեանքի յարուցանուէր, իր Քրիստոնէական ընթացքին լման վարձատրութիւնը ստանալով։
Սիրոյ իր սահմանումը եզրափակելով, Պօղոս գրեց. «Ուստի հիմա կը մնայ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է»։ (Ա. Կորնթացիս 13։13) Հակառակ հոգիին հրաշալի պարգեւներուն չգոյութեան, հիմա ժողովքը շատ աւելի ամբողջական գիտութիւն եւ աւելի ճոխ հաւատք, յոյս եւ սէր ունի։ Անիկա հաւատք ունի թէ ի՛նչ որ Աստուած խոստացած է, որպէս թէ կատարուած է։ (Եբրայեցիս 11։1) Հաւատքի երեսակները պիտի վերջանան, երբ Աստուծոյ Խօսքին մէջ նախագուշակուած բաները իրականանան։ Յոյսի երեւոյթները պիտի դադրին, երբ մեր յուսացած բաները տեսնենք։ Բայց սէրը յաւիտեան պիտի մնայ։ Հետեւաբար, բոլորս շարունակենք սիրոյ աւելի աղէկ ճամբուն հետեւիլ։