«Մեռելները յարութիւն պիտի առնեն»
«Որովհետեւ փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի փոխուինք»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15։52
1, 2. (ա) Ովսէէ մարգարէին միջոցով մխիթարական ի՞նչ խոստում մը տրուեցաւ։ (բ) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Աստուած մեռելները վերակենդանացնելու յօժար է։
ՄԱՀԸ ձեզմէ խլա՞ծ է սիրելի մը։ Եթէ այո, ուրեմն գիտէք մահուան պատճառած վիշտը։ Այսուհանդերձ, Ովսէէ մարգարէին միջոցաւ Աստուծոյ տուած խոստումը կը մխիթարէ Քրիստոնեաները. «Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ, զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ։ Ըսէ՛, ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ. ըսէ՛, ո՛վ գերեզման, ո՞ւր է աւերումդ»։—Ովսեայ 13։14
2 Սկեպտիկներուն համար, մեռելներուն վերակենդանացումի գաղափարը յիմարական կը թուի։ Սակայն, Ամենակալ Աստուած այսպիսի հրաշք մը կատարելու զօրութիւնը վստահաբար ունի։ Միակ հարցը այն է թէ Եհովա յօժա՞ր է մեռելները վերակենդանացնել։ Յոբ՝ արդար մարդը, հարցուց. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք»։ Ապա, ան այս հաւաստիացուցիչ պատասխանը տուաւ. «Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս [«գործին պիտի փափաքիս», Արեւմտահայերէն]»։ (Յոբայ 14։14, 15) ‘Փափաքիլ’ բառը տենչալու կամ ցանկալու գաղափարը կու տայ։ (Բաղդատել՝ Սաղմոս 84։2, ՆԱ։) Այո, Եհովա անձկագին կը կանխատեսէ յարութիւնը. ան կը տենչայ իր յիշողութեան մէջ կենդանի եղող մեկնած հաւատարիմները դարձեալ տեսնել։—Մատթէոս 22։31, 32
Յիսուս Յարութեան Վրայ Լոյս կը Սփռէ
3, 4. (ա) Յիսուս յարութեան յոյսին վրայ ի՞նչ լոյս սփռեց։ (բ) Ինչո՞ւ Յիսուս մարմնով յարութիւն չառաւ, այլ, որպէս հոգեղէն յարուցանուեցաւ։
3 Յոբի նման վաղեմի հաւատքի տէր մարդիկը յարութիւնը միայն մասամբ հասկցած էին։ Յիսուս Քրիստոս է որ լման կերպով լոյս սփռեց այս հոյակապ յոյսին վրայ։ Ան ցոյց տուաւ անոր մէջ իր խաղցած գլխաւոր դերը, երբ ըսաւ. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի»։ (Յովհաննու 3։36) Այդ կեանքը ո՞ւր պիտի ըլլայ։ Հաւատք ընծայողներու հսկայ մեծամասնութեան համար, անիկա երկրի վրայ պիտի ըլլայ։ (Սաղմոս 37։11) Սակայն, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Մի՛ վախնար, պզտիկ հօտ, վասն զի ձեր հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։ (Ղուկաս 12։32) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային է։ Հետեւաբար, այս խոստումը կը նշանակէ որ «պզտիկ հօտ»ը Յիսուսի հետ երկինք պիտի ըլլայ, որպէս հոգեղէն արարածներ։ (Յովհաննու 14։2, 3. Ա. Պետրոս 1։3, 4) Ի՜նչ փառաւոր հեռանկար մը։ Յիսուս հետագային Յովհաննէս առաքեալի յայտնեց որ այս «պզտիկ հօտ»ին թիւը միայն 144,000 պիտի ըլլար։—Յայտնութիւն 14։1
4 Սակայն, այս 144,000–ը ի՞նչպէս պիտի մտնէր երկնային փառքի մէջ։ Յիսուս «լուսաւորեց կեանքը ու անմահութիւնը աւետարանին միջոցաւ»։ Իր արեան միջոցաւ, ‘նոր ու կենդանի ճամբայ մը’ բացաւ՝ երկինք երթալու։ (Բ. Տիմոթէոս 1։10. Եբրայեցիս 10։19, 20) Նախ՝ ան մեռաւ, ինչպէս Աստուածաշունչը ըսած էր։ (Եսայեայ 53։12) Ապա, ինչպէս Պետրոս առաքեալ հետագային ծանուցանեց, «Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց»։ (Գործք 2։32) Սակայն Յիսուս որպէս մարդ չյարուցանուեցաւ։ Ան ըսած էր. «Այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար»։ (Յովհաննու 6։52) Այդ մարմինը ետ առնելով, չեղեալ ըրած պիտի ըլլար այս զոհագործութիւնը։ Ուստի, Յիսուս «մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի է [«եղաւ», Արեւմտահայերէն] հոգիով»։ (Ա. Պետրոս 3։18) Այս կերպով, Յիսուս ‘յաւիտենական փրկութիւն ստացաւ’ «պզտիկ հօտ»ին համար։ (Եբրայեցիս 9։12) Ան Աստուծոյ ներկայացուց իր մարդկային կատարեալ կեանքին արժէքը, որպէս փրկանք մեղաւոր մարդկութեան համար, իսկ անկէ առաջին օգտուողները եղան 144,000–ը։
5. Յիսուսի առաջին դարու հետեւորդներուն ի՞նչ յոյս հրամցուեցաւ։
5 Յիսուս երկնային կեանքի միակ յարուցուողը պիտի չըլլար։ Պօղոս Հռովմի մէջ գտնուող իր Քրիստոնեայ ընկերակիցներուն ըսաւ, որ իրենք սուրբ հոգիով օծուած են, Աստուծոյ որդիներ եւ Քրիստոսի հետ ժառանգակիցներ ըլլալու համար՝ պայմանաւ որ իրենց օծումը հաստատեն մինչեւ վերջը համբերելով։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17) Պօղոս նաեւ բացատրեց. «Եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուանը նմանութիւնովը, նաեւ անոր յարութեանը նմանութիւնով ալ կցորդ պիտի ըլլանք»։—Հռովմայեցիս 6։5
Յարութեան Յոյսին Պաշտպանութիւնը
6. Կորնթոսի մէջ ինչո՞ւ յարութեան համոզումը յարձակումի ենթարկուեցաւ, իսկ Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս ընդառաջեց։
6 Յարութիւնը՝ Քրիստոնէութեան «նախնական սորվելիքներ»ուն մաս կը կազմէ։ (Եբրայեցիս 6։1, 2) Այսուհանդերձ, այս վարդապետութիւնը յարձակումի ենթարկուած էր Կորնթոսի մէջ։ Ժողովքէն ոմանք, բացայայտօրէն յունական փիլիսոփայութենէն ազդուած, կ’ըսէին թէ՝ «մեռելներուն յարութիւն չկայ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։12) Երբ այս մասին տեղեկութիւններ հասան Պօղոս առաքեալին, ան պաշտպանեց յարութեան յոյսը, մասնաւորաբար՝ օծեալ Քրիստոնեաներու յոյսը։ Հիմա քննենք Ա. Կորնթացիս 15–րդ գլուխի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը։ Լաւ կ’ըլլայ որ ամբողջ գլուխը նախապէս կարդաք, ինչպէս յանձնարարուած էր նախկին յօդուածին մէջ։
7. (ա) Պօղոս իր ուշադրութիւնը ո՞ր հիմնական հարցին վրայ կեդրոնացուց։ (բ) Որո՞նք տեսան յարուցեալ Յիսուսը։
7 Առաջին Կորնթացիս 15–րդ գլուխին առաջին երկու համարներուն մէջ, Պօղոս իր զրոյցին բնաբան մը կը դնէ. «Եղբա՛յրներ, ձեզի կ’իմացնեմ այն աւետարանը որ ես ձեզի քարոզեցի եւ որը ընդունեցիք ու անոր վրայ հաստատուած էք. որով կը փրկուիք ալ, . . . այնպէս որ պարապ տեղը հաւատացած չըլլաք»։ Եթէ Կորնթացիները աւետարանին մէջ հաստատ չկենային, ճշմարտութիւնը պարապ տեղ ընդունած պիտի ըլլային։ Պօղոս շարունակեց. «Ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ եւ երեւցաւ Կեփասին ու ետքը տասներկուքին. ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին։ Ետքը երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն։ Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի [«կանխահաս ծնածի», ՆԱ] մը՝ ինծի ալ երեւցաւ»։—Ա. Կորնթացիս 15։3-8
8, 9. (ա) Յարութեան հաւատալը ո՞րքան կարեւոր է։ (բ) Հաւանաբար ի՞նչ առիթով Յիսուս երեւցաւ «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու»։
8 Բարի լուրը ընդունողներուն համար, Յիսուսի յարութեան հաւատալը կամքի ձգուած հարց մը չէր։ Բազմաթիւ ականատեսներ կային, հաստատելու համար թէ «Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ» եւ թէ յարուցանուեցաւ։ Անոնցմէ մէկն էր Կեփաս, որ Պետրոս անունով աւելի ծանօթ է։ Յիսուսի մատնուած ու ձերբակալուած գիշերը Պետրոս զինք ուրացած ըլլալով, որքա՜ն մխիթարուած ըլլալու էր, երբ յարուցեալ Յիսուս իրեն երեւցաւ։ Յարուցեալ Յիսուս այցելեց նաեւ «տասներկուքին»՝ առաքեալներուն, որպէս խումբ մը. փորձառութիւն մը, որ անկասկած իրենց վախը յաղթահարելու եւ Յիսուսի յարութեան քաջարի վկաները ըլլալու նպաստեց։—Յովհաննու 20։19-23. Գործք 2։32
9 Քրիստոս աւելի մեծ խումբի մըն ալ երեւցաւ, «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու»։ Քանի որ միայն Գալիլիոյ մէջ այսքան մեծ թիւով հետեւորդներ ունէր, հաւանաբար այս առիթն է որ նկարագրուած է Մատթէոս 28։16-20–ի մէջ, երբ Յիսուս աշակերտելու պատուէրը տուաւ։ Այդ ականատեսները ի՜նչ ուժեղ վկայութիւն մը կրնային տալ։ Անոնցմէ ոմանք տակաւին ողջ էին Հ.Դ. 55–ին, երբ Պօղոս գրեց այս Առաջին Կորնթացիս նամակը։ Նկատի առէք որ մեռածներու մասին խօսուած է, որպէս ‘ննջածներ’։ Անոնք իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանալու համար տակաւին յարուցանուած չէին։
10. (ա) Իր աշակերտներուն հետ ունեցած Յիսուսի վերջին հանդիպման ազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ (բ) Յիսուս ի՞նչպէս երեւցաւ Պօղոսի «որպէս կանխահաս ծնածի մը»։
10 Յիսուսի յարութեան ուրիշ ուշագրաւ ականատես մըն էր Յակոբոս, Յովսէփի ու Յիսուսի մօրը՝ Մարիամի՝ որդին։ Այնպէս կ’երեւայ թէ յարութենէն առաջ, Յակոբոս հաւատացեալ մը չէր։ (Յովհաննու 7։5) Բայց Յիսուս իրեն երեւնալէն ետք, Յակոբոս հաւատացեալ մը եղաւ եւ թերեւս իր մնացեալ եղբայրները դարձի բերելու մէջ դեր մը ունեցաւ։ (Գործք 1։13, 14) Իր աշակերտներուն հետ վերջին հանդիպումին՝ որու ընթացքին երկինք համբարձաւ, Յիսուս անոնց յանձնարարեց որ ‘վկաներ ըլլան, մինչեւ երկրին ծայրերը’։ (Գործք 1։6-11) Ապա երեւցաւ Քրիստոնեաները հալածող Տարսոնցի Սաւուղի։ (Գործք 22։6-8) Յիսուս Սաւուղի երեւցաւ «որպէս թէ վիժածի [«կանխահաս ծնածի», ՆԱ] մը»։ Որպէս թէ Պօղոս արդէն յարուցանուած ըլլար հոգեղէն կեանքի եւ կրցած էր տեսնել փառաւորեալ Տէրը, օծեալներուն յարութիւնը տեղի ունենալէն դարեր առաջ։ Այս փորձառութիւնը պատճառ եղաւ որ Պօղոս անմիջապէս դադրեցնէ իր ոճրային հակառակութիւնը քրիստոնէական ժողովքին դէմ եւ իր կեանքին մէջ ուշագրաւ փոփոխութիւն մը մտցնէ։ (Գործք 9։3-9, 17-19) Սաւուղ՝ Պօղոս առաքեալը՝ քրիստոնէական հաւատքի կարկառուն ջատագովներէն մէկը եղաւ։—Ա. Կորնթացիս 15։9, 10
Յարութեան Հաւատալը Կենսական Է
11. Պօղոս ի՞նչպէս՝ «յարութիւն չկայ» խօսքին սխալ ըլլալը քօղազերծեց։
11 Հետեւաբար, Յիսուսի յարութիւնը փաստացի իրադարձութիւն մըն էր։ Պօղոս կ’առարկէ. «Ուրեմն եթէ Քրիստոս կը քարոզուի, որ մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ մէկ քանիները կ’ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներուն յարութիւն չկայ’»։ (Ա. Կորնթացիս 15։12) Այսպիսի անհատներ, ոչ միայն անձնական կասկածներ կամ հարցումներ ունէին յարութեան շուրջ, այլ բացէ ի բաց անոր մասին անհաւատութիւն կ’արտայայտէին։ Ուստի, Պօղոս անոնց բանականութեան սխալ ըլլալը կը քօղազերծէ։ Ան կ’ըսէ որ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն քրիստոնէական պատգամը ստութիւն մըն էր եւ Քրիստոսի յարութեան մասին վկայութիւն տուողներն ալ՝ «Աստուծոյ սուտ վկաներ»ն էին։ Եթէ Քրիստոս յարուցանուած չէ, ուրեմն Աստուծոյ փրկագին վճարուած չէր, հետեւաբար Քրիստոնեաները ‘տակաւին իրենց մեղքերուն մէջ’ էին։ (Ա. Կորնթացիս 15։13-19. Հռովմայեցիս 3։23, 24. Եբրայեցիս 9։11-14) Իսկ այն Քրիստոնեաները, որոնք մահուան մէջ ‘կը ննջէին’, կարգ մը պարագաներուն որպէս մարտիրոսներ, առանց իրական յոյսի մը կորսուած էին։ Եթէ Քրիստոնեաները միայն այս կեանքի համար յուսացած էին, որքա՜ն ողորմելի էին։ Իրենց ամբողջ տառապանքը անիմաստ էր։
12. (ա) Քրիստոս «ննջեցեալներուն առաջին պտուղը» կոչուած ըլլալը ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Քրիստոս ի՞նչպէս յարութիւնը կարելի դարձուց։
12 Սակայն, պարագան այս չէր։ Պօղոս կը շարունակէ. «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է»։ Մանաւանդ որ, ան «ննջեցեալներուն առաջին պտուղ»ն է։ (Ա. Կորնթացիս 15։20) Երբ Իսրայելացիները իրենց բերքին երախայրիները հնազանդօրէն Եհովայի տային, Եհովա աւելի առատ հունձքով մը զիրենք կ’օրհնէր։ (Ելից 22։29, 30. 23։19. Առակաց 3։9, 10) Քրիստոսը «առաջին պտուղը» կոչելով, Պօղոս կը հասկցնէր որ մահուընէ երկնային կեանքի համար յարուցուողներու ուրիշ հունձք մըն ալ կար։ «Քանզի մարդով եղաւ մահը» կ’ըսէ Պօղոս, «մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան»։ (Ա. Կորնթացիս 15։21, 22) Յիսուս յարութիւնը կարելի դարձուց, իր մարդկային կատարեալ կեանքը որպէս փրկանք տալով, մարդկութիւնը մեղքի ու մահուան կապանքներէն ազատելու ճամբան բանալով։—Գաղատացիս 1։4. Ա. Պետրոս 1։18, 19a
13. (ա) Երկնային յարութիւնը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։ (բ) Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ կարգ մը օծեալներ մահուան մէջ չեն ‘ննջեր’։
13 Պօղոս կը շարունակէ. «Բայց ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու ատենը»։ (Ա. Կորնթացիս 15։23) Քրիստոս Հ.Դ. 33–ին յարուցանուեցաւ։ Սակայն, իր օծեալ հետեւորդները՝ «Քրիստոսինները»՝ պէտք էր սպասէին մինչեւ Յիսուսի թագաւորական ներկայութիւնը սկսելէն քիչ ետք. Աստուածաշունչի մարգարէութեան համաձայն այդ ներկայութիւնը տեղի ունեցաւ 1914–ին։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16. Յայտնութիւն 11։18) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք իր ներկայութեան ընթացքին ողջ պիտի ըլլային։ Պօղոս կ’ըսէ. «Ահա ձեզի խորհուրդ մը կ’ըսեմ. ‘Ամէնքս պիտի չննջենք, բայց ամէնքս ալ պիտի փոխուինք, յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը. որովհետեւ փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի փոխուինք’»։ (Ա. Կորնթացիս 15։51, 52) Որոշ է ուրեմն, որ բոլոր օծեալները գերեզմանին մէջ յարութեան պիտի չսպասէին։ Անոնք որոնք Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին կը մեռնին, վայրկենական կը փոխուին։—Յայտնութիւն 14։13
14. Օծեալները ի՞նչպէս «մեռելներ ըլլալու համար կը մկրտուին»։
14 Պօղոս կը հարցնէ. «Ապա թէ ոչ՝ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ մեռելներուն [«մեռելներ ըլլալու», ՆԱ] համար կը մկրտուին, եթէ մեռելները բնաւ յարութիւն պիտի չառնեն։ Ինչո՞ւ ուրեմն անոնց [«այդպէս ըլլալու», ՆԱ] համար կը մկրտուին, ինչո՞ւ համար մենք ալ վտանգի մէջ կը մտնենք ամէն ժամ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։29, 30) Պօղոս ըսել չէր ուզեր որ ապրող անհատներ կը մկրտուէին մեռելներուն համար, ինչպէս կ’ուզեն հասկցնել Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ։ Վերջ ի վերջոյ, մկրտութիւնը աշակերտելու հետ կապ ունի, եւ մեռած հոգիները չեն կրնար աշակերտներ ըլլալ։ (Յովհաննու 4։1) Ընդհակառակը, Պօղոս կը խօսէր ապրող Քրիստոնեաներու մասին, որոնցմէ շատեր Պօղոսի նման ‘վտանգի մէջ կը մտնէին ամէն ժամ’։ Օծեալ Քրիստոնեաները ‘Քրիստոսի մահուանը կը մկրտուէին’։ (Հռովմայեցիս 6։3) Իրենց օծուելէն սկսեալ, անոնք ‘մկրտուած’ էին, որպէս թէ Քրիստոսի նման մահ մը ճաշակելու ընթացքի մը մէջ մտնելով։ (Մարկոս 10։35-40) Անոնք երկնային փառաւոր յարութեան յոյսով պիտի մեռնէին։—Ա. Կորնթացիս 6։14. Փիլիպպեցիս 3։10, 11
15. Հաւանաբար Պօղոս ի՞նչ վտանգներու ենթարկուեցաւ եւ անոնց տոկալու մէջ յարութեան հանդէպ հաւատքը ի՞նչ դեր խաղցաւ։
15 Արդ, Պօղոս կը բացատրէ որ ա՛յնքան վտանգներու հանդիպած էր որ կրնար ըսել. «Ես ամէն օր կը մեռնիմ»։ Ոմանց կողմէ չափազանցող չնկատուելու համար, Պօղոս կ’աւելցնէ. «Վկայ կը բերեմ այն պարծանքը՝ որ ձեր վրայ ունիմ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով»։ Երուսաղէմի Աստուածաշունչը այս համարը հետեւեալ կերպով կը թարգմանէ. «Ամէն օր մահ կը դիմագրաւեմ, եղբայրնե՛ր, եւ ես կ’երդնում այն պարծանքով զոր ունիմ ձեր վրայ՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցով»։ Իր դիմագրաւած վտանգներէն օրինակ տալով, 32–րդ համարին մէջ, Պօղոս ‘Եփեսոսի մէջ գազաններու հետ մարտնչելու’ մասին կը խօսի։ Հռովմէացիները յաճախ ոճրագործները կը սպաննէին, զանոնք կրկէսներու մէջ գազաններու առջեւ նետելով։ Եթէ Պօղոս բառացի գազաններու հետ մարտնչելէն վերապրեցաւ, ասիկա միայն Եհովայի օգնութեամբ կարելի եղաւ։ Առանց յարութեան յոյսի, այսպիսի վտանգաւոր ընթացք մը բռնելը իրապէս անխոհեմութիւն պիտի ըլլար։ Առանց ապագայ կեանքի յոյսը ունենալու, Աստուծոյ ծառայութենէն առթած դժուարութիւններուն եւ զոհողութիւններուն տոկալը անիմաստ պիտի ըլլար։ Պօղոս ըսաւ. «Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք»։—Ա. Կորնթացիս 15։31, 32. տես՝ Բ. Կորնթացիս 1։8, 9. 11։23-27։
16. (ա) «Ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք» արտայայտութեան հաւանական ծագումը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ (բ) Այս կարծիքը որդեգրելու վտանգները ի՞նչ էին։
16 Հաւանաբար Պօղոս մէջբերեց Եսայեայ 22։13–ը, ուր կը նկարագրէ Երուսաղէմի անհնազանդ բնակիչներուն կեցուածքը, ըստ որոնց կարգ մը բաներ անխուսափելի էին։ Կամ՝ թերեւս ի մտի ունէր Եպիկուրեաններու համոզումները, որոնք յետ–մահու որեւէ կեանքի յոյս հեգնանքով կը դիտէին եւ կը հաւատային թէ մարմնաւոր հաճոյքները կեանքի մէջ գլխաւոր բաներ են, որոնցմէ պէտք է օգտուին։ Պարագան ինչ ալ ըլլար, «ուտենք ու խմենք»ի փիլիսոփայութիւնը անվայել էր։ Հետեւաբար, Պօղոս կը զգուշացնէ. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Յարութիւնը մերժողներուն հետ ընկերակցիլը կրնար թունաւոր ըլլալ։ Հաւանաբար այսպիսի ընկերակցութիւն դեր մը ունեցաւ Կորնթոսի ժողովքի մէջ Պօղոսի ձեռք առած խնդիրներուն մէջ, որոնք էին՝ սեռային անբարոյութիւն, երկպառակութիւններ, դատեր, եւ Տէրունական Ընթրիքին հանդէպ անյարգալից կեցուածք։—Ա. Կորնթացիս 1։11. 5։1. 6։1. 11։20-22
17. (ա) Պօղոս ի՞նչ յորդոր տուաւ Կորնթացիներուն։ (բ) Ո՞ր հարցումները պատասխանի կը կարօտին։
17 Հետեւաբար, Պօղոս հետեւեալ ազդու յորդորը կու տայ Կորնթացիներուն. «Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք, վասն զի ձեզմէ ոմանք Աստուծոյ գիտութիւնը չունին. ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։34) Յարութեան շուրջ բացասական տեսակէտ մը ունենալը, ոմանց հոգեւոր թմրութեան առաջնորդած էր, որպէս թէ գինով ըլլային։ Անոնք արթննալու, զգաստ մնալու կարիքը ունէին։ Այսօր ալ, օծեալ Քրիստոնեաները պէտք է հոգեւորապէս արթուն ըլլան, աշխարհի կասկածամիտ տեսակէտներէն չազդուելու համար։ Անոնք իրենց երկնային յարութեան յոյսին ամրօրէն կառչած պէտք է մնան։ Սակայն տակաւին հարցեր կան, որոնք առկախ կը մնան վաղեմի Կորնթացիներուն, ինչպէս նաեւ ներկայիս՝ մեզի համար։ Օրինակ, 144,000–ը ի՞նչ կերպարանքով երկինք պիտի յարուցուին։ Իսկ ի՞նչ կրնայ ըսուիլ տակաւին գերեզմաններուն մէջ եղող միլիոնաւոր ուրիշներու մասին, որոնք երկնային յոյս չունին։ Անոնց համար յարութիւնը ի՞նչ պիտի նշանակէ։ Յաջորդ յօդուածով յարութեան մասին Պօղոսի մնացեալ խօսքերը պիտի քննենք։
[Ստորանիշ]
a Փրկանքի նիւթին քննարկման համար տես՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1991–ի համարը։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Յիսուս ի՞նչ լոյս սփռեց յարութեան վրայ։
◻ Քրիստոսի յարութեան ականատեսներէն ոմանք որո՞նք էին։
◻ Յարութեան վարդապետութիւնը ինչո՞ւ յարձակման ենթարկուեցաւ, եւ Պօղոս ի՞նչպէս ընդառաջեց։
◻ Յարութեան հաւատալը ինչո՞ւ կենսական էր օծեալ Քրիստոնեաներուն համար։
[Նկար՝ էջ 23]
Յայրոսի աղջիկը յարութեան ապացոյց մը եղաւ
[Նկար՝ էջ 24]
Առանց յարութեան յոյսի, հաւատարիմ Քրիստոնեաներու մարտիրոսութիւնը անիմաստ պիտի ըլլար