Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յիսուսի յարութիւնը իրապէս տեղի ունեցա՞ւ
    Դիտարան 2013 | Մարտ 1
    • Վաղեմի Կորնթոսի քրիստոնեաներէն ոմանք այս հարցին շուրջ շփոթած էին. իսկ ուրիշներ բնա՛ւ չէին հաւատար բառացի յարութեան։ Այդտեղի քրիստոնեաներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ, առաքեալը թուեց այն հետեւանքները, որոնք յառաջ պիտի գային, եթէ յարութիւնը իրականութիւն չըլլար։ Ան գրեց. «Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ։ Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է եւ մենք ալ Աստուծոյ սուտ վկաները կ’ըլլանք. . . Ձեր հաւատքը պարապ է ու տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք. նոյնպէս Քրիստոսով ննջողներն ալ կորսուած են» (Ա. Կորնթացիս 15։13-18)։

      «Հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ. . . Ետքը երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն։ Ամենէն ետքը. . . ինծի ալ երեւցաւ» (Ա. Կորնթացիս 15։6-8)։

  • Յիսուսի յարութիւնը իրապէս տեղի ունեցա՞ւ
    Դիտարան 2013 | Մարտ 1
    • Ուրիշ հետեւանքներ ալ պիտի յաջորդէին։ Եթէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած չըլլար, քրիստոնէական հաւատքը ունայն պիտի ըլլար, անիմաստ, սուտի վրայ հիմնուած։ Ասկէ զատ, Պօղոս եւ ուրիշներ ոչ միայն Յիսուսի յարութեան մասին սխալ խօսած պիտի ըլլային, այլեւ անոր մասին, որուն համար ըսին թէ զայն յարուցանեց՝ Եհովա Աստուած։ Աւելին, այն հաւաստիքը թէ Քրիստոս «մեր մեղքերուն համար մեռաւ», նոյնպէս սուտ պիտի ելլէր,– եթէ Փրկիչը ի՛նք մահէն փրկուած չըլլար, պիտի չկարենար ուրիշները փրկել (Ա. Կորնթացիս 15։3)։ Ասիկա պիտի նշանակէր թէ մահացած քրիստոնեաները, որոնցմէ ոմանք մարտիրոսներ եղան, կորսուած պիտի ըլլային՝ կեղծ յոյսով մը թէ յարութիւն պիտի առնեն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել