Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՅՈՒՆՈՒԱՐ 4-10
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 18-19
«Բարոյական մաքրութիւնդ պահէ»
Կրնա՛ս սատանայական ծուղակէ մը պաշտպանուիլ
Շրջակայ ժողովուրդներուն անբարոյ արարքները թուելով, Եհովան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Մի՛ ընէք այնպէս. . . ինչպէս Քանանի երկրին մէջ կ’ընեն, ուր ձեզ պիտի տանիմ. . . Այն երկրին պղծուելովը՝ անոր անզգամութիւնը պիտի պատժեմ»։ Իսրայէլի սուրբ Աստուծոյ համար, քանանացիներուն ապրելակերպը ա՛յնքան պիղծ եւ գարշելի էր, որ անոնց երկիրը անմաքուր եւ ապականուած նկատեց (Ղեւ. 18։3, 25)։
Եհովան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ
13 Այդ հաւատարիմ թագաւորները որքա՜ն տարբեր էին ուրիշ երկիրներու առաջնորդներէն, որոնք մարդկային սահմանափակ իմաստութեամբ կ’առաջնորդուէին։ Օրինակ՝ քանանացի առաջնորդներն ու իրենց ժողովուրդը շատ գանելի բաներ կ’ընէին, ինչպէս՝ ազգապղծութիւն, միասեռականութիւն, անասնամոլութիւն, կռապաշտութիւն եւ մանուկները զոհել (Ղեւ. 18։6, 21-25)։ Ասկէ զատ, բաբելոնացի եւ եգիպտացի առաջնորդները չունէին այն մաքրութեան օրէնքները որ Աստուծոյ ժողովուրդը ունէր (Թուոց 19։13)։ Անդին, Աստուծոյ ժողովուրդը կրնար տեսնել թէ իր հաւատարիմ առաջնորդները ինչպէ՛ս կը քաջալերէին զիրենք, որ իրենց պաշտամունքը մաքուր պահեն, ֆիզիքապէս մաքուր մնան եւ սեռային անմաքրութենէ հեռու կենան։ Յստակ էր թէ Եհովա՛ն կ’առաջնորդէր զիրենք։
Գէշ բաներու նկատմամբ Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ
Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ անոնց մասին, որոնք յամառօրէն կը մերժեն իրենց ճամբաները փոխել եւ կը վճռեն գէշ բաներ ընել։ Խորհրդածէ՛ այս ուղղակի խոստումին մասին. «Ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին» (Առակաց 2։21, 22)։ Ամբարիշտ մարդոց ազդեցութիւնը պիտի չքանայ։ Այսպիսի խաղաղ պայմաններու ներքեւ, հնազանդ մարդիկ ժառանգուած անկատարութենէն հետզհետէ պիտի ազատին (Հռովմայեցիս 6։17, 18. 8։21)։
Հոգեւոր գոհարներ
«Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ»
11 Մովսիսական Օրէնքին երկրորդ երեսակը, որ իր ժողովուրդին բարօրութեամբ Աստուծոյ հետաքրքրուիլը կը յայտնէր, ճռաքաղելու իրաւունքն էր։ Եհովա պատուիրեց որ հունձքի ատեն, Իսրայելացի հողագործը չքաւորներուն թոյլ տայ որ մշակներուն ձգածը հաւաքեն։ Հողագործը իր արտին եզերքը ամբողջովին պէտք չէր հնձէր, այգիին մէջ մնացած խաղողը կամ ձիթապտուղը պէտք չէր ժողվէր, իսկ դաշտին մէջ մոռցուած որան առնելու համար պէտք չէր վերադառնար։ Ասիկա սիրալիր կարգադրութիւն մըն էր՝ ի նպաստ աղքատներուն, օտարականներուն, որբերուն եւ այրիներուն։ Ճիշդ է որ ճռաքաղութիւնը ծանր աշխատանք էր, բայց անոր միջոցով անոնք մուրալէ կը խուսափէին։—Ղեւտացւոց 19։9, 10. Բ. Օրինաց 24։19-22. Սաղմոս 37։25
ՅՈՒՆՈՒԱՐ 11-17
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 20-21
«Եհովան իր ժողովուրդը կը զատէ ուրիշներէն»
Դրախտ՝ քեզի՞ համար
12 Բայց կայ բան մը որ պէտք չէ անտեսենք։ Աստուած Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Պահեցէք այն ամէն պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի զօրանաք ու մտնէք այն երկիրը, ուր կ’երթաք զանիկա ժառանգելու»։ (Բ. Օրինաց 11։8) Ղեւտացւոց 20։22, 24–ի մէջ, այդ նոյն երկիրը կը յիշուի. «Իմ բոլոր կանոններս եւ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք, որպէս զի այն երկիրը, ուր ձեզ պիտի տանիմ բնակելու, դուրս չփսխէ ձեզ։ Եւ ըսի ձեզի. ‘Անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք ու ես զանիկա ձեզի պիտի տամ իբր ստացուածք, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի’»։ Այո, Խոստացեալ Երկրին տիրանալը Եհովա Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալէ կախեալ էր։ Որովհետեւ Իսրայելացիները իրեն չհնազանդեցան, Աստուած թոյլ տուաւ Բաբելոնացիներուն որ զանոնք նուաճեն ու տեղահանեն։
it-1 1199
Ժառանգութիւն
Ժառանգութիւնը որեւէ ստացուածք է, որ երբ տէրը մեռնի՝ կ’անցնի իր ժառանգորդներուն կամ այն անձերուն որոնք իրեն պիտի յաջորդեն։ Ժառանգութիւնը նաեւ որեւէ բան է, որ մէկը իր նախահայրերէն կամ նախորդներէն կը ստանայ։ Գործածուած եբրայերէն բայը նա·չալ է (գոյականը՝ նա·չալահ)։ Ատիկա կը պարփակէ ժառանգութիւն կամ ստացուածք տալ կամ ստանալ այն ատեն, երբ անհատի մը կը յաջորդէ միւսը (Թւ. 26։55. Եզեկ. 46։18)։ Ատեններ եա·րաշ բայը գործածուած է՝ ‘յաջորդել որպէս ժառանգորդ’ իմաստով, բայց շատ աւելի գործածուած է այն իմաստով, որ մէկը բան մը ‘կը ժառանգէ’ առանց անհատի մը յաջորդելու (Ծն. 15։3. Ղեւ. 20։24)։ Ատիկա նաեւ կը նշանակէ՝ զինուորական ուժով «վռնտել» կամ ‘դուրս քշել’ դիմացինը (Բ. Օր. 2։12. 31։3)։ «Ժառանգութիւն» բառին հետ կապ ունեցող յունարէն բառերը եկած են քլէրոս բառէն, որ սկիզբը ունէր ‘վիճակ’ իմաստը, ետքը ունեցաւ ‘բաժին’ իմաստը, իսկ յետագային ունեցաւ ‘ժառանգութիւն’ իմաստը (Մատ. 27։35. Գործք 1։17. 26։18)։
it-1 317 ¶2
Թռչուններ
Ջրհեղեղէն ետք, Նոյ «մաքուր թռչուն»ներ եւ ուրիշ անասուններ զոհ մատուցանեց (Ծն. 8։18-20)։ Ատկէ ետք, Աստուած արտօնեց որ մարդը թռչուն ուտէ առանց արիւնի (Ծն. 9։1-4. համեմատէ՛ Ղեւ. 7։26. 17։13)։ Ըստ երեւոյթին, այդ ժամանակ կարգ մը թռչուններու «մաքուր» ըլլալը կ’ակնարկէր, որ Աստուած ընդունած էր որ ատոնք որպէս զոհ մատուցանուէին։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ որ բոլոր թռչունները ուտուելու համար մաքուր կը սեպուէին մինչեւ Մովսիսական օրէնքին դրուիլը (Ղեւ. 11։13-19, 46, 47. 20։25. Բ. Օր. 14։11-20)։ Սուրբ Գիրքին մէջ յստակօրէն չէ նշուած, որ ինչի հիման վրայ որոշուած էր, թէ ո՛ր թռչունները ծիսականօրէն «անմաքուր» էին։ Ճիշդ է որ «անմաքուր» սեպուած թռչուններուն մեծամասնութիւնը գիշատիչ թռչուններ էին, բայց կային բացառութիւններ։ Նոր ուխտը հաստատուելէն ետք, Աստուած տեսիլքով մը Պետրոսին յայտնեց, որ այլեւս զատողութիւն չկար «մաքուր» եւ «անմաքուր» թռչուններուն միջեւ (Գործք 10։9-15)։
Հոգեւոր գոհարներ
it-1 563
Կտրածներ
Աստուծոյ Օրէնքը ուղղակիօրէն կ’արգիլէր մարմնի վրայ կտրածներ ընելը մահացած անձի մը համար (Ղեւ. 19։28. 21։5. Բ. Օր. 14։1)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ իսրայէլացիները Եհովային համար սուրբ ժողովուրդ մըն էին՝ սեփական ժողովուրդ մը (Բ. Օր. 14։2)։ Ասոր համար, անոնք պէտք էր բոլոր կռապաշտական սովորութիւններէ հեռու մնային։ Ասկէ զատ, այսպիսի ծայրայեղ կերպով սգալը պատշաճ չէր ժողովուրդի մը համար, որոնք շատ լաւ գիտէին թէ մեռելները ի՛նչ վիճակի մէջ են եւ թէ անոնք յարութիւն պիտի առնեն (Դան. 12։13. Եբ. 11։19)։ Նաեւ, այս օրէնքը իսրայէլացիներուն կը հասկցնէր, որ պէտք է յարգեն Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը՝ մարդկային մարմինը։
ՅՈՒՆՈՒԱՐ 18-24
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 22-23
«Տարեկան տօները իմաստ ունին մեզի համար»
it-1 826-827
Բաղարջակերաց տօն
Բաղարջակերաց տօնին առաջին օրը տօնախմբութիւն կ’ըլլար եւ Շաբաթ կը հաշուըուէր։ Յաջորդ օրը՝ նիսան 16–ին, քահանային կը բերուէր գարիի հունձքին երախայրիէն որայ մը (գարին առաջին բերքն էր որ կը հասուննար Պաղեստինի մէջ)։ Այս տօնէն առաջ, իսրայէլացիները չէին կրնար նոր հունձքէն ուտել, ըլլա՛յ որպէս հատիկ, հաց կամ խորոված հատիկ։ Քահանան խորհրդանշական կերպով երախայրիները Եհովային կը մատուցանէր՝ որան աջ–ձախ շարժելով։ Միեւնոյն ատեն, մէկ տարեկան անարատ գառ մը որպէս ողջակէզ կը մատուցանուէր, ինչպէս նաեւ իւղով շաղուած հացի ընծայ մը եւ ըմպելի նուէր մը կը մատուցանուէին (Ղեւ. 23։6-14)։ Պատուէր մը չկար որ հատիկները կամ ատոր ալիւրը այրուէր զոհասեղանին վրայ, ինչպէս որ յետագային քահանաները սկսան ընել։ Այս տօնին ատեն ոչ միայն որպէս ազգ երախայրի կը մատուցանէին, հապա նաեւ կարգադրութիւն կար որ ամէն մէկ ընտանիք կամ անհատ, որ Իսրայէլի մէջ ստացուածք ունէր, շնորհակալութեան զոհեր մատուցանէր (Ել. 23։19. Բ. Օր. 26։1, 2)։
Կարեւորութիւն. Այս տօնին ատեն բաղարջ կամ անխմոր հաց կ’ուտէին, ինչ որ համապատասխան էր Ելից 12։14-20–ին մէջ արձանագրուած այն ցուցմունքներուն, որ Մովսէս ստացաւ Եհովայէն։ 19–րդ համարին մէջ կը գտնենք այս հրամանը. «Եօթը օր տուներնիդ խմոր պիտի չգտնուի»։ Բ. Օրինաց 16։3–ին մէջ անխմոր հացը կոչուած է՝ ‘դառնութեան հաց’։ Ատիկա ամէն տարի իսրայէլացիներուն կը յիշեցնէր, որ ինչ աճապարանօք կերպով ելան Եգիպտոսէն (երբ ժամանակ չունէին իրենց հացը խմորելու [Ել. 12։34])։ Այսպիսով անոնք կը յիշէին այն դառն ստրկութիւնը որմէ ազատագրուեցան, ինչպէս որ Եհովան ըսաւ. «Որպէս զի քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ Եգիպտոսի երկրէն ելած օրդ միտքդ բերես»։ Այսպիսով, իսրայէլացիները իրենց երեք մեծ տօներուն առաջին տօնէն իսկ կ’անդրադառնային, որ ազատ ազգ մըն են եւ Եհովան իրենց Ազատարարն է (Բ. Օր. 16։16)։
it-2 598 ¶2
Պէնտէկոստէ
Ցորենի հունձքին երախայրիներուն մատուցուած կերպը տարբեր էր գարիի երախայրիներուն մատուցուած կերպէն։ Երկու տասանորդ լաւ որակի ալիւր (4.4 լիդր) թթխմորի հետ շաղուելով կ’եփուէր եւ երկու հաց կը պատրաստուէր։ Ատոնք պէտք էր իսրայէլացիներուն «բնակարաններէն» ըլլային, ինչ որ կը նշանակէր որ իրենց ամէնօրեայ հացերուն պէս պէտք էր շինէին զանոնք, եւ ոչ թէ սուրբ նպատակի համար եղողներուն պէս (Ղեւ. 23։17)։ Ասոնց հետ միասին կը մատուցանուէին ողջակէզի ընծաներ եւ մեղքի պատարագ մը, ինչպէս նաեւ երկու գառներ որպէս խաղաղութեան զոհ։ Քահանան հացերը եւ գառները Եհովային առջեւ կը շարժէր՝ իր ձեռքերը հացերուն եւ գառներուն միսերուն տակ դնելով եւ զանոնք ետեւ–առջեւ շարժելով, ինչ որ կը ցուցնէր որ ատոնք Եհովային առջեւ կը ներկայացուէին։ Հացերը եւ գառները մատուցուելէն ետք ատոնք քահանային կ’ըլլային, եւ ինք կրնար անոնք ուտել որպէս խաղաղութեան զոհ (Ղեւ. 23։18-20)։
Եհովայի կազմակերպութեան հետ յառաջ կ’ընթանա՞ս
11 Եհովայի կազմակերպութիւնը մեր լաւագոյն շահերուն ի նպաստ կը գործէ, երբ մեզ կը քաջալերէ որ Պօղոս առաքեալի խրատին անսանք. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբ. 10։24, 25)։ Տարեկան տօները եւ պաշտամունքի այլ հաւաքոյթները իսրայէլացիները հոգեւորապէս կերտեցին. ասկէ զատ, ուրախալի առիթներ էին, ինչպէս՝ Նէեմիայի օրուան մասնայատուկ Տաղաւարահարաց տօնը (Ել. 23։15, 16. Նէ. 8։9-18)։ Նոյնանման կերպով մեր ժողովներէն եւ համաժողովներէն կ’օգտուինք։ Թող որ լիովին օգտագործենք մեր հոգեւոր առողջութեան եւ ուրախութեան նպաստող այս կարգադրութիւնները (Տիտ. 2։2)։
Հոգեւոր գոհարներ
Ուղղամտութիւնդ պահէ՛
3 Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս ուղղամտութիւն ցոյց կու տան։ Եհովան ամբողջ սրտով սիրելով եւ, առ ի արդիւնք, միշտ ընելով ինչ որ զինք կը հաճեցնէ։ Նկատի առ թէ «ուղղամտութիւն» բառը ինչպէ՛ս կը գործածուի Սուրբ Գիրքին մէջ։ «Ուղղամտութիւն» թարգմանուած եբրայերէն բառը կը նշանակէ՝ լիակատար, ամբողջական, անթերի կամ անարատ։ Օրինակ, իսրայէլացիները Եհովային անասնական զոհեր կը մատուցանէին, եւ Օրէնքը կ’ըսէր որ անասունները պէտք էր անարատ ըլլային (Ղեւ. 22։21, 22)։ Աստուծոյ ժողովուրդին չէր արտօնուած մատուցանել անասուն մը, որուն մէկ ոտքը, ականջը կամ աչքը պակաս էր, կամ ալ հիւանդ էր։ Եհովային համար կարեւոր էր որ անասունը ամբողջական, անթերի կամ անարատ ըլլար (Մաղ. 1։6-9)։ Կրնա՛նք հասկնալ թէ Եհովան ինչու անարատութիւն կը փնտռէ։ Օրինակ, երբ պիտի գնենք պտուղ, գիրք կամ գործիք, չենք ուզեր գնել պտուղ մը, որուն մէկ մասը զարնուած է, կամ գիրք մը, որ պատռուած էջեր ունի, կամ ալ գործիք մը, որ պակաս կտորներ ունի։ Կ’ուզենք մեր գնածը ըլլայ ամբողջական կամ անթերի։ Եհովան նոյն բանը կը զգայ, իրեն հանդէպ մեր սիրոյն ու հաւատարմութեան առնչութեամբ։ Մեր սէրն ու հաւատարմութիւնը պէտք է լիակատար ըլլան։
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Դասախօսութիւն
w07 7/15 26
Հարցումներ ընթերցողներէն
Բաղարջակերաց տօնին ատեն հունձքը պաշտօնապէս կը սկսէր հնձուիլ մինչ բոլոր իսրայէլացի տղամարդիկը տօնին ներկայ կ’ըլլային։ Լաւ, ո՞վ կը հնձէր գարիի երախայրիները, որոնք սրբարան կը բերուէին։
Մովսիսական օրէնքը իսրայէլացիներուն կը պատուիրէր. «Տարին երեք անգամ, այսինքն բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու տաղաւարահարաց տօնին, քու բոլոր արուներդ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիտի երեւնան՝ այն տեղ, որ ինք պիտի ընտրէ» (Բ. Օրինաց 16։16)։ Սողոմոն թագաւորին ժամանակէն սկսեալ Աստուած ընտրեց որ Երուսաղէմի տաճարին մէջ ըլլայ այս մէկը։
Երեք տօներուն առաջինը, որ կը կոչուէր Բաղարջակերաց տօն, տեղի կ’ունենար գարնան սկիզբը։ Նիսան 14–ին կը տօնակատարուէր Պասեքը, իսկ յաջորդ օրը կը սկսէր Բաղարջակերաց տօնին տօնակատարութիւնը, եւ եօթը օր կը շարունակուէր՝ մինչեւ նիսան 21։ Տօնին երկրորդ օրը՝ նիսան 16–ին, կը սկսէր տարուան հունձքին հնձումը, ըստ սուրբ օրացոյցին։ Այդ օրը, քահանայապետը պէտք էր գարիի հունձքէն «երախայրի որայ մը» առնէր եւ սրբարանին մէջ ‘Տէրոջը առջեւ երերցնէր’, այսինքն՝ ետեւ–առջեւ շարժէր (Ղեւտացւոց 23։5-12)։ Նկատի ունենալով որ բոլոր տղամարդոցմէ պահանջուած էր որ Բաղարջակերաց տօնին ներկայ ըլլան, ո՞վ կը հնձէր այս գարին։
Հունձքին երախայրիները Եհովային մատուցանելու պատուէրը ամբո՛ղջ ազգին տրուեցաւ։ Այսինքն՝ պահանջուած էր որ անոնք որպէս ա՛զգ այս մէկը ընէին։ Պահանջուած չէր որ ամէն մէկ իսրայէլացի անհատապէս սկսի հնձել եւ երախայրիները սրբարանը բերել։ Այսպիսով, անոնք կրնային խումբ մը ղրկել ամէնէն մօտ գարիի արտը, որպէսզի Բաղարջակերաց տօնին համար որայ մը բերէր։ Համայնագիտարան մը ասոր մասին կ’ըսէ. «Եթէ գարին հասունցած ըլլար, Երուսաղէմի շրջակայքէն կը բերուէր։ Եթէ ոչ, Իսրայէլի մէջ ուրիշ որեւէ տեղէ կը բերուէր։ Երեք տղամարդիկ իրենց մանգաղներով եւ սակառներով կը հնձէին զայն» (Encyclopaedia Judaica)։ Ետքը, գարիի որան կը բերուէր քահանայապետին, որպէսզի զայն Եհովային մատուցանէր։
Ասիկա իսրայէլացիներուն համար շատ աղուոր առիթ մըն էր, որ իրենց գնահատութիւնը ցուցնեն Աստուծոյ հանդէպ՝ իրենց երկիրն ու հունձքը օրհնելուն համար (Բ. Օրինաց 8։6-10)։ Ասկէ զատ, այդ ընծան ‘գալիք բարիքներուն շուքն էր’ (Եբրայեցիս 10։1)։ Յիսուս Քրիստոս յարութիւն առաւ Ք.Ե. 33–ի նիսան 16–ին, այն օրը երբ հունձքին երախայրիները Եհովային կը մատուցուէին։ Պօղոս առաքեալ Յիսուսին մասին գրեց. «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը. . . Բայց ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու ատենը» (Ա. Կորնթացիս 15։20-23)։ Այն երախայրի որան, որ քահանայապետը Եհովային առջեւ կը շարժէր, նախապատկերացուց յարութիւն առած Յիսուս Քրիստոսը։ Յիսուս առաջին անձն էր որ յարութիւն առնելով յաւիտենական կեանք ստացաւ։ Այսպիսով, Յիսուս ճամբան բացաւ, որ մարդիկ ազատին մեղքէն ու մահէն։
ՅՈՒՆՈՒԱՐ 25-31
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 24-25
«Յոբելեան տարին եւ ապագայ ազատութիւնը»
it-1 871
Ազատութիւն
Ազատութեան Աստուածը. Եհովան ազատութեան Աստուածն է։ Ան իսրայէլացիները ազատեց Եգիպտոսի ստրկութենէն, եւ անոնց ըսաւ որ այնքան ատեն որ իր պատուիրաններուն կը հնազանդին, բանի մը կարօտ պիտի չըլլան (Բ. Օր. 15։4, 5)։ Բայց Օրէնքը կ’ըսէր որ եթէ մէկը աղքատանար, կրնար իր անձը որպէս ծառայ ծախել, որպէսզի իր եւ իր ընտանիքին պէտքերը հոգար։ Բայց ըստ Օրէնքին, այս եբրայեցին պէտք էր ազատ արձակուէր իր ծառայութեան եօթներորդ տարին (Ել. 21։2)։ Յոբելեան տարին (ամէն 50–երորդ տարին), երկրին բոլոր բնակիչներուն համար ազատութիւն կը քարոզուէր։ Ամէն եբրայեցի ծառայ ազատ կ’արձակուէր եւ ամէն մարդ իր ստացուածքին կը վերադառնար (Ղեւ. 25։10-19)։
it-1 1200 ¶2
Ժառանգութիւն
Քանի որ ընտանիքի մը հողաբաժինը որպէս իր ստացուածքը կը մնար սերունդէ սերունդ, ատիկա պէտք չէր մշտնջենապէս ծախուէր ուրիշի մը։ Հողաբաժին մը կը ծախուէր այն իմաստով, որ դիմացինը զայն կը վարձէր, ատոր արտադրելիք հունձքին արժէքին համաձայն։ Ան կը վճարէր գումար մը, կախեալ ըլլալով թէ քանի՛ տարի կայ մինչեւ Յոբելեան տարին։ Յոբելեան տարին, բոլոր հողաբաժինները կը վերադառնային իրենց բուն տէրերուն, եթէ արդէն իսկ տէրը զայն ետ գնած չըլլար մինչեւ այն ատեն (Ղեւ. 25։13, 15, 23, 24)։ Այս օրէնքը նաեւ կը կիրարկուէր այն տուներուն, որոնք պարսպապատ չեղող քաղաքներու մէջ էին։ Ատոնք երկրին արտին պէս կը սեպուէին։ Իսկ պարսպապատ քաղաքներու մէջ եղող տուներուն պարագային, բուն տէրը տունը ծախելէն ետք միայն մէկ տարի ունէր որ զայն ետ գնէր, թէ ոչ մէկ տարի ետք տունը գնողին ստացուածքը կը դառնար։ Ղեւտացիներուն քաղաքներուն տուներուն պարագային, բուն տէրը ե՛րբ որ ուզէր կրնար ետ գնել տունը. որոշ ժամանակամիջոց մը չկար։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ղեւտացիները երկրի ժառանգութիւն չունէին (Ղեւ. 25։29-34)։
it-2 122-123
Յոբելեան
Երբ իսրայէլացիները կը հնազանդէին Յոբելեան տարուան օրէնքին, ասիկա կը ձգէր որ ազգը չհասնէր այն վիճակին, որ հիմա կը տեսնենք շատ մը երկիրներու մէջ, ուր գրեթէ միայն երկու դասակարգեր կան՝ վերջին ծայր հարուստներ եւ վերջին ծայր աղքատներ։ Իսրայէլացիները իրենց հնազանդութեամբ օգուտներ կը քաղէին եւ ասիկա կը զօրացնէր ազգը, քանի որ մէկը չէր ըլլար որ անկարող կը դառնար դրամական նեղութիւն ունենալուն պատճառով, հապա՝ բոլորը կրնային իրենց ձիրքերն ու կարողութիւնները գործածել ամբողջ ազգին օգտին համար։ Երբ իսրայէլացիները կը հնազանդէին այս օրէնքին, Եհովան երկրին բերքը կ’օրհնէր։ Ասոր եւ Եհովային տուած կրթութեան շնորհիւ անոնք կրնային բարգաւաճիլ եւ կատարեալ կառավարութիւն մը վայելել, ինչ որ միայն Եհովային իշխանութիւնը կրնար հայթայթել (Եսա. 33։22)։
Հոգեւոր գոհարներ
w09 9/1 22 ¶4
Երբ մէկէ մը նեղանաս
Եթէ իսրայէլացի մը ուրիշ իսրայէլացիի մը վրան յարձակելով անոր աչքը տեղէն հանէր, Օրէնքը արդարութեան համար կ’արտօնէր որ յարձակողը պատիժ ստանար։ Բայց վնասուողը չէր որ պէտք էր պատժէր յարձակողը կամ անոր ընտանիքին անդամներէն մէկը։ Օրէնքը կը պահանջէր որ ան հարցը ներկայացնէր դատաւորներուն, որպէսզի անո՛նք յարմար կերպով ձեռք առնէին զայն։ Այս օրէնքը կ’օգնէր որ մարդիկ վախնային ոճրագործութիւն ընելէ։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1-7
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 26-27
«Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովային օրհնութիւնը ստանալ»
«Սնոտի բաներ»ը մերժէ՛
8 «Մամոնան» ի՞նչպէս կրնայ չաստուածի մը նման ըլլալ։ Լուսաբանենք. վաղեմի Իսրայէլի մէկ դաշտին մէջ եղող քար մը կրնար տունի մը կամ ցանկապատի մը շինութեան պիտանի ըլլալ։ Միւս կողմէ, եթէ անիկա զետեղուէր իբր «արձան» կամ «պատկերաւոր կոթող», Եհովայի ժողովուրդին գայթակղութիւն կը պատճառէր։ (Ղեւ. 26։1) Նմանապէս, դրամը իր տեղը ունի։ Անիկա ապրուստի միջոց է, եւ կրնանք զայն օգտակար կերպով գործածել Եհովայի ծառայութեան մէջ։ (Ժող. 7։12. Ղուկ. 16։9) Բայց եթէ դրամի հետապնդումը մեր քրիստոնէական ծառայութենէն առաջ դասենք, մեզի համար դրամը չաստուած մը կը դառնայ։ (Կարդալ՝ Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Այս աշխարհին մէջ, ուր հարստութեան հետամուտ ըլլալը մարդոց համար չափազանց կարեւոր է, վստահ պէտք է ըլլանք որ այս հարցին շուրջ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կը պահպանենք։—Ա. Տիմ. 6։17-19
it-1 223 ¶3
Ակնածանք
Եհովային ժողովուրդը ակնածանք (եբրայերէն՝ մոհ·րա) ունէր Մովսէսին հանդէպ, քանի որ Եհովան յատուկ կերպով կը գործածէր զինք եւ կը վարուէր իրեն հետ (Բ. Օր. 34։10, 12. Ել. 19։9)։ Հաւատք ունեցողները առողջ վախ ունէին Մովսէսին հեղինակութեան հանդէպ։ Անոնք ըմբռնած էին, որ Աստուած Մովսէսին միջոցաւ կը խօսի իրենց հետ։ Իսրայէլացիները սրբարանին հանդէպ ալ պէտք էր ակնածանք ունենային (Ղեւ. 19։30. 26։2)։ Ասիկա կը նշանակէր որ անոնք յարգանք պէտք էր ունենային ատոր հանդէպ, իրենց պաշտամունքը կատարելով այն կերպով, որ Եհովան պատուիրած էր, եւ Իր բոլոր պատուիրաններուն համաձայն ապրելով։
դ91 5/1 12 ¶10
«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ» ԹՈՂ ՁԵՐ ՍՐՏԵՐԸ ՊԱՀՊԱՆԷ
10 Եհովա ըսաւ այս ազգին. «Եթէ իմ կանոններովս քալէք եւ իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք գործադրէք, ես ալ ձեզի անձրեւը ատենին պիտի տամ եւ երկիրը իր հունձքը պիտի տայ ու դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան։ Եւ խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին ու հանգիստ պիտի պառկիք եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ ու երկրին չար գազանները պիտի հատցնեմ եւ ձեր երկրէն սուր պիտի չանցնի։ Եւ ձեր մէջ պիտի քալեմ ու ձեզի Աստուած ըլլամ եւ դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք»։ (Ղեւ. 26։3, 4, 6, 12) Իսրայէլ խաղաղութիւն ունէր այդ առումով որ անոնք իրենց թշնամիներէն ապահով էին, նիւթական առատութիւն եւ Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն ունէին։ Բայց ասիկա կախեալ պիտի ըլլար Եհովայի Օրէնքին կառչելէն։—Սաղմոս 119։165
Հոգեւոր գոհարներ
it-2 617
Ժանտախտ
Աստուծոյ Օրէնքը անտեսելուն հետեւանքով։ Իսրայէլացիներուն զգուշացում տրուած էր որ եթէ Աստուծոյ հետ իրենց ըրած ուխտը անտեսէին, Աստուած ‘իրենց մէջ ժանտախտ պիտի ղրկէր’ (Ղեւ. 26։14-16, 23-25. Բ. Օր. 28։15, 21, 22)։ Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ, ֆիզիքական կամ հոգեւոր առողջութիւն ունենալը կապ ունի Աստուծոյ օրհնութիւնը ունենալուն հետ (Բ. Օր. 7։12, 15. Սաղ. 103։1-3. Առ. 3։1, 2, 7, 8. 4։21, 22. Յայտ. 21։1-4), իսկ հիւանդութիւնը կապ ունի մեղքին ու անկատարութեան հետ (Ել. 15։26. Բ. Օր. 28։58-61. Եսա. 53։4, 5. Մատ. 9։2-6, 12. Յովհ. 5։14)։ Ճիշդ է որ կարգ մը պարագաներու Եհովա Աստուա՛ծ էր ուղղակի հիւանդութիւն ղրկողը անհատներու վրայ, ինչպէս՝ Մարիամին, Ոզիային եւ Գէեզիին բորոտութիւնը (Թւ. 12։10. Բ. Մն. 26։16-21. Դ. Թագ. 5։25-27), բայց այնպէս կ’երեւի թէ շատ մը պարագաներու մէջ ատիկա բնական եւ անխուսափելի արդիւնքն էր անհատներուն կամ ազգերուն մեղաւոր ընթացքին։ Անոնք պարզապէս հնձեցին ինչ որ ցանած էին։ Անոնց սխալները ֆիզիքական հետեւանքներ պատճառեցին իրենց (Գաղ. 6։7, 8)։ Պօղոս առաքեալ սեռային անբարոյութիւն գործողներուն մասին ըսաւ, որ Աստուած «պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սրտերուն ցանկութիւններովը՝ իրենց մարմինները իրենց մէջ անարգելու. . . Իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին» (Հռով. 1։24-27)։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 8-14
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 1-2
«Եհովան կը կազմակերպէ իր ժողովուրդը»
ԵՀՈՎԱՅԻ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻՆ ՊԱՏՇԱՃ ՏԵՂԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
4 Եթէ անապատը բանակած Իսրայէլացիները վերէն դիտէիք, ի՞նչ տեսարան պիտի պարզուէր ձեր աչքին։ Հաւանաբար երեք միլիոն կամ աւելի անհատներ պատսպարող վրաններու ընդարձակ, բայց կոկիկ, շարան մը, երեքական ցեղերու բաժանումներուն համաձայն խմբաւորուած դէպի հիւսիս, հարաւ, արեւելք եւ արեւմուտք։ Աւելի մօտէն դիտելով, բանակատեղիի կեդրոնամասին աւելի մօտ եղող ուրիշ խումբ մըն ալ պիտի նկատէիք։ Վրաններու այս աւելի պզտիկ չորս խումբերը Ղեւիի ցեղին ընտանիքները կը պատսպարէին։ Իսկ բանակատեղիին ճիշդ կեդրոնը, վարագոյրէ պատով անջատուած մասի մը մէջ, անզուգական կառոյց մը կար։ Անիկա «վկայութեան վրան»ն էր, զոր «սրտով իմաստուն» Իսրայէլացիներ շինած էին Եհովայի ծրագրին համաձայն։—Թուոց 1։52, 53. 2։3, 10, 17, 18, 25. Ելից 35։10
it-1 397 ¶4
Բանակ
Իսրայէլացիներուն բանակը շատ մեծ էր։ Անոնք 603,550 կռուող տղամարդիկ էին՝ կիներէն, պզտիկներէն, ծերերէն, անկարողներէն, 22,000 ղեւտացիներէն եւ օտարներէ կազմուած «խառն բազմութիւն»էն զատ։ Անոնց թիւը թերեւս ընդամէնը 3,000,000 կամ աւելի էր (Ել. 12։38, 44. Թւ. 3։21-34, 39)։ Չենք կրնար յստակօրէն գիտնալ, թէ անոնց բանակատեղին որքա՛ն մեծ ըլլալու էր։ Ասոր նկատմամբ շատ տարբեր կարծիքներ կան։ Երբ իսրայէլացիները Երիքովի դիմացի Մովաբի դաշտերուն մէջ բանակած էին, Սուրբ Գիրքը կը նկարագրէ որ անոնք «Բեթեսիմօթէն մինչեւ Աբէլսատիմ» տարածուած էին (Թւ. 33։49)։
Հոգեւոր գոհարներ
it-2 764
Գրանցում
Գրանցումը կ’ըլլար արձանագրելով մարդոց անունը եւ ո՛ր ցեղէն ու ընտանիքէն ըլլալնին։ Ատիկա պարզապէս մարդոց քանակը համրելով չէր ըլլար։ Սուրբ Գիրքին մէջ խօսուած ազգային գրանցումները շատ մը նպատակներու կը ծառայէին։ Օրինակ, ատոնք կ’օգնէին կարգի դնելու տուրքերը, զինուորական ծառայութեան նշանակումները կամ սրբարանին մէջ պարտականութիւնները (այն գրանցումներուն պարագային, որոնց մէջ ղեւտացիներն ալ պարփակուած էին)։
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Դասախօսութիւն
w08 7/1 21
Գիտէի՞ր
Ինչո՞ւ ընդհանրապէս կ’ակնարկուի իսրայէլի 12 ցեղերուն, մինչ իրականութեան մէջ 13 ցեղեր կային։
Իսրայէլի ցեղերը, կամ ազգատոհմերը, եկան Յակոբին որդիներէն, որուն անունը փոխուեցաւ Իսրայէլի։ Այս նահապետը 12 որդի ունէր՝ Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Դան, Նեփթաղիմ, Գադ, Ասեր, Իսաքար, Զաբուղոն, Յովսէփ եւ Բենիամին (Ծննդոց 29։32–30։24. 35։16-18)։ Անոնցմէ տասնմէկին անունով ցեղեր հաստատուեցան, բայց Յովսէփին անունով ցեղ չկար։ Փոխարէնը, իր երկու որդիներուն՝ Եփրեմի եւ Մանասէին՝ անուններով երկու ցեղեր հաստատուեցան։ Եփրեմը եւ Մանասէն ցեղերու գլուխներ հաշուըուեցան միւսներուն պէս։ Այսպիսով, իսրայէլի ցեղերը 13 հատ եղան։ Լաւ Սուրբ Գիրքը ինչո՞ւ ընդհանրապէս կը խօսի 12 ցեղերու մասին։
Իսրայէլացիներուն մէջ, Ղեւիի ցեղի տղամարդիկը ընտրուեցան ծառայելու Եհովային խորանին մէջ, եւ ետքը՝ տաճարին մէջ։ Ասոր համար անոնք զինուորական ծառայութիւն չէին ըներ։ Եհովան Մովսէսին ըսաւ. «Միայն Ղեւտացիներուն ցեղը պիտի չհամրես եւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ անոնց գումարը պիտի չաւելցնես. բայց դուն Ղեւտացիները վկայութեան խորանին ու անոր բոլոր բաներուն վերակացու դիր» (Թուոց 1։49, 50)։
Ասկէ զատ, ղեւտացիները ժառանգութիւն չստացան Աւետեաց երկրին մէջ։ Փոխարէնը՝ անոնք 48 քաղաքներ ստացան, որոնք միւս ցեղերուն ժառանգութիւններուն մէջ կը գտնուէին (Թուոց 18։20-24. Յես. 21։41)։
Այս երկու պատճառներուն համար Ղեւիի ցեղը ընդհանրապէս չէր նշուէր երբ իսրայէլի ցեղերը կը նշուէին։ Այսպիսով, իսրայէլի ցեղերուն կ’ակնարկուէր որպէս 12 ցեղեր (Թուոց 1։1-15)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
od 100-101 ¶39-41
Բարի լուրը քարոզելու մեթոտներ
39 Եթէ անհատը անկեղծօրէն հետաքրքրուի, պէտք է փորձենք գտնել ուրիշ մէկը, որ որակեալ է իր հասկցած լեզուով իրեն օգնելու։ Կրնանք նաեւ իրեն ըսել, որ իր շուրջը ո՛ւր ժողովներ կը գումարուին ի՛ր լեզուով։ Եթէ կը փափաքի որ իր լեզուն խօսող մէկը իրեն այցելէ, կրնանք իրեն ցուցնել, որ ինչպէ՛ս կրնայ այս խնդրանքը ընել jw.org կայքին մէջ։ Իր կարգին, մասնաճիւղը պիտի ջանայ իրեն մօտ գտնուող հրատարակիչ մը, խումբ մը կամ ժողովք մը գտնել, որ կրնայ իրեն աւելի օգնել։
40 Մենք պէտք է շարունակենք իրեն այցելել, մինչեւ որ մեզի ըսէ թէ իրեն հետ կապ պահած է իր լեզուն խօսող մէկը։ Կարգ մը պարագաներու, մասնաճիւղը երէցներուն կ’ըսէ, որ անհատին լեզուն խօսող մէկը չգտնուեցաւ։ Այս պարագային, պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որ տանտէրին հետաքրքրութիւնը մշակենք։ Եթէ կարելիութիւնը կայ, կրնանք անոր հետ Սուրբ Գիրքը սերտել, գործածելով իր լեզուով հրատարակութիւն մը։ Եթէ հրատարակութեան մէջի նկարները օգտագործենք եւ անհատէն խնդրենք որ համարները կարդայ, ան Սուրբ Գիրքին հիմնական գիտելիքները պիտի հասկնայ։ Ասկէ զատ, անհատին ընտանիքին անդամներէն մէկը, որ բաւարար չափով գիտէ թէ՛ հետաքրքրուած անհատին լեզուն եւ թէ տեղական լեզուն, կրնայ օգնել խօսակցութիւնը թարգմանելու։
41 Որպէսզի հետաքրքրուած անհատը ուղղենք Աստուծոյ կազմակերպութեան, պէտք է զինք մեր ժողովներուն հրաւիրենք, թէեւ ան չի կրնար յայտագիրը լման հասկնալ։ Երբ համարներ կը կարդացուին, կրնանք իրեն օգնել զանոնք բանալու, եթէ իր լեզուով Սուրբ Գիրք մը ունի։ Ժողովքին մէջ միւսներուն ընկերակցիլը ինքնին կրնայ իրեն օգնել, որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 15-21
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 3-4
«Ղեւտացիներուն ծառայութիւնը»
it-2 683 ¶3
Քահանայ
Օրէնքի ուխտին տակ. Երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսի մէջ ստրուկներ էին, Եհովան իսրայէլացիներուն իւրաքանչիւր անդրանիկ որդին ‘սրբեց’ իրեն համար, երբ տասներորդ պատուհասին ատեն սպաննեց եգիպտացիներուն անդրանիկները (Ել. 12։29. Թւ. 3։13)։ Այս անդրանիկները Եհովային պատկանեցան, որպէսզի Եհովան զիրենք գործածէ յատուկ ծառայութեան մէջ։ Աստուած կրնար բոլոր այս անդրանիկները նշանակել որպէս սրբարանին քահանաներն ու հոգատարները։ Բայց իր նպատակին յարմարեցաւ, որ Ղեւիի ցեղին տղամարդիկը նշանակէ այս ծառայութեան։ Այսպիսով, Եհովան արտօնեց որ մնացեալ 12 ցեղերուն անդրանիկ որդիները փոխարինուին ղեւտացի տղամարդոցմով (Յովսէփին որդիներուն՝ Եփրեմին եւ Մանասէին սերունդները երկու ցեղ կը հաշուըուէին)։ Երբ անհատները հաշուըուեցան, տեսնուեցաւ որ ղեւտացի չեղող եւ մէկ ամսուընէ վեր եղող անդրանիկները 273 հոգիով աւելի էին ղեւտացի տղամարդոցմէ։ Ասոր համար, Աստուած պահանջեց որ 273 հոգիին իւրաքանչիւրը հինգ սիկղ (11$) վճարէ որպէս փրկագին, եւ այդ գումարը տրուեցաւ Ահարոնին եւ անոր որդիներուն (Թւ. 3։11-16, 40-51)։ Այս դէպքէն առաջ, Եհովան արդէն իսկ Ղեւիի ցեղին պատկանող Ահարոնին ընտանիքին տղամարդիկը ընտրած էր որ կազմեն իսրայէլ ազգին քահանայութիւնը (Թւ. 1։1. 3։6-10)։
it-2 241
Ղեւտացիներ
Պարտականութիւններ. Ղեւտացիները երեք ազգատոհմերէ կազմուած էին, որոնք Ղեւիին որդիներէն սերած էին՝ Գերսոն, Կահաթ եւ Մերարի (Ծն. 46։11. Ա. Մն. 6։1, 16)։ Երբ իսրայէլացիները անապատին մէջ էին, այս ընտանիքներուն իւրաքանչիւրին համար խորանին քով տեղ մը նշանակուած էր։ Կահաթի որդիներէն եղող Ահարոնին ընտանիքը բանակած էր խորանին առջեւը դէպի արեւելք, միւս Կահաթեանները՝ խորանին հարաւը, Գերսոնեանները՝ խորանին արեւմուտքը եւ Մերարեանները՝ խորանին հիւսիսը (Թւ. 3։23, 29, 35, 38)։ Խորանը կանգնեցնելը, քակելը եւ շալկելը ղեւտացիներո՛ւն պարտականութիւնն էր։ Երբ տեղափոխուելու ժամանակը գար, Ահարոնը եւ իր որդիները վար կ’առնէին այն վարագոյրը, որ Սրբութիւնը կը բաժնէր Սրբութիւն սրբութեանցէն, եւ կը ծածկէին վկայութեան տապանակը, սեղանները եւ ուրիշ սուրբ կարասիներ եւ առարկաներ։ Ետքը, Կահաթեանները կը շալկէին այս բաները։ Գերսոնեանները կը փոխադրէին վրանին ծածկոցները, դուրսի վարագոյրները, դրան վարագոյրները, սրահին վարագոյրները, սրահին դրան վարագոյրները եւ չուանները (ըստ երեւոյթին խորանին չուանները)։ Իսկ Մերարեանները կը փոխադրէին տախտակները, սիւները, խարիսխները, վրանին ցիցերն ու չուանները (խորանին շուրջը եղող սրահին չուանները) (Թւ. 1։50, 51. 3։25, 26, 30, 31, 36, 37. 4։4-33. 7։5-9)։
it-2 241
Ղեւտացիներ
Մովսէսին օրերուն, ղեւտացիները 30 տարեկանին կը ստանձնէին իրենց լման պարտականութիւնները, ինչպէս՝ խորանը եւ ատոր առարկաները շալկել, երբ զայն կը փոխադրէին (Թւ. 4։46-49)։ Անոնք 25 տարեկանէն կրնային կարգ մը պարտականութիւններ ընել, բայց ոչ ծանր պարտականութիւնները, ինչպէս՝ խորանը տեղափոխել (Թւ. 8։24)։ Դաւիթ թագաւորի օրերուն, անոնք 20 տարեկանէն կը սկսէին ծառայել։ Ինչո՞ւ։ Դաւիթ ըսաւ որ այլեւս պէտք պիտի չըլլար կրելու խորանը (որուն տեղը պիտի առնէր տաճարը)։ Ստիպողական ծառայութիւնը կը վերջանար երբ մէկը 50 տարեկան կ’ըլլար (Թւ. 8։25, 26. Ա. Մն. 23։24-26)։ Ղեւտացիները պէտք էր որ լաւ գիտնային Օրէնքը։ Անոնք շատ անգամ կը կանչուէին, որ զայն պարզ ժողովուրդին կարդային եւ սորվեցնէին (Ա. Մն. 15։27. Բ. Մն. 5։12. 17։7-9. Նէ. 8։7-9)։
Հոգեւոր գոհարներ
Իմաստո՛ւն եղիր՝ Աստուծմէ վախնալով
13 Նեղութեան միջոցին Եհովայի օգնութիւնը վայելելը, Աստուծոյ հանդէպ Դաւիթի վախը խորացուց եւ իր վստահութիւնը ամրացուց։ (Սաղմոս 31։22-24) Սակայն երեք աչքառու առիթներով Դաւիթի աստուածավախութիւնը անկում կրեց, լուրջ հետեւանքներ ունենալով։ Առաջինը կապ ունէր իր ըրած կարգադրութեան հետ, որ Եհովայի ուխտի տապանակը սայլո՛վ Երուսաղէմ փոխադրուի, փոխանակ Ղեւտացիներու ուսին վրայ, ինչպէս Աստուծոյ Օրէնքը կ’ըսէր։ Երբ սայլը վարող Ոզան տապանակը բռնեց որ չիյնայ, ան իսկոյն մեռաւ այս «յանցանքին» համար։ Ճիշդ է որ Ոզա լուրջ մեղք գործեց, սակայն ի վերջոյ, Աստուծոյ Օրէնքը պատշաճօրէն չյարգելը Դաւիթի կողմէ, այս աղիտալի հետեւանքին առաջնորդեց։ Աստուծմէ վախնալ կը նշանակէ՝ ամէն բան իր կարգադրութեան համաձայն ընել։—Բ. Թագաւորաց 6։2-9. Թուոց 4։15. 7։9
ՓԵՏՐՈՒԱՐ 22-28
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԹՈՒՈՑ 5-6
«Ինչպէ՞ս կրնաս ուխտաւորները ընդօրինակել»
it-2 477
Ուխտաւոր
Ուխտաւորները գլխաւորաբար երեք բաներ չէին կրնար ընել. 1) Անոնք պէտք չէր ալքոլ խմէին. ո՛չ կրնային որթատունկին պտուղէն ուտել՝ ըլլա՛յ խակ, հասունցած կամ չորցած, ոչ ալ կրնային անոր հիւթէն խմել, ըլլա՛յ թարմ, մակարդուած կամ քացխած։ 2) Անոնք պէտք չէր իրենց գլխու մազը կտրէին։ 3) Անոնք պէտք չէր դիակի մը դպչէին, նոյնիսկ եթէ մեռնողը իրենց ընտանիքի մէկ անդամը ըլլար՝ հայր, մայր, եղբայր կամ քոյր (Թւ. 6։1-7)։
Յատուկ ուխտեր. Այս յատուկ ուխտը ընողը ‘ինքզինք Տէրոջը նուիրած կ’ըլլար’։ Այսինքն՝ ինք Եհովային համար զատուած կ’ըլլար եւ իր նպատակը չէր ըլլար ծայրայեղ ճգնաւորի կեանք մը ապրելով մարդոց ծափահարութիւնը շահիլ։ Ընդհակառակը, ‘որքան ատեն որ ինքզինք նուիրած էր, բոլոր օրերը ինք սուրբ էր Տէրոջը’ (Թւ. 6։2, 8)։
Ուրեմն ինչ որ ուխտաւորներէն պահանջուած էր՝ յատուկ իմաստ ունէր Եհովային պաշտամունքին մէջ։ Ճիշդ ինչպէս որ քահանայապետը իր սուրբ պաշտօնին համար պէտք չէր դիակի մը դպչէր, նոյնիսկ ընտանիքի մօտիկ անդամի մը դիակը, ուխտաւորն ալ պէտք չէր դիակի դպչէր։ Որովհետեւ քահանայապետը եւ քահանաները լուրջ պատասխանատուութիւն ունէին, արգիլուած էր որ գինի կամ ալքոլ խմէին, երբ իրենց սուրբ պարտականութիւնները կ’ընէին Եհովային առջեւ (Ղեւ. 10։8-11. 21։10, 11)։
Ասկէ զատ, ուխտաւորը (եբրայերէն՝ նա·զիր) «սուրբ պէտք է ըլլայ եւ իր գլխու մազերը պէտք է թողու որ աճին», ինչ որ տեսնողներուն համար նշան է թէ ինք սուրբ ուխտաւոր է (Թւ. 6։5)։ Նոյն եբրայերէն բառը՝ նա·զիր, գործածուած է ակնարկելու համար այն «չյօտած» այգիներուն, որոնք սուրբ Շաբաթի տարիներուն եւ Յոբելեան տարիներուն ընթացքին կ’ըլլային (Ղեւ. 25։5, 11)։ Հետաքրքրական է որ քահանայապետին խոյրին առջեւը եղող ոսկիէ թիթեղը, որուն վրայ գրուած էր՝ «Սրբութիւն Տեառն», կոչուած էր՝ «նուիրման [եբրայերէն՝ նէզէր, նոյն արմատէն որմէ եկած է նա·զիր բառը] սուրբ պսակը» (ՆԱ) (Ել. 39։30, 31)։ Ասկէ զատ, Իսրայէլի օծեալ թագաւորներուն պաշտօնական թագն ալ կոչուած էր նէզէր (Բ. Թագ. 1։10. Դ. Թագ. 11։12)։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ, որ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կնոջ մը երկար մազը իրեն տրուած է գլուխի բնական ծածկոցի մը փոխարէն։ Ատիկա իրեն կը յիշեցնէ, որ ինք տղամարդուն դիրքը չունի եւ թէ պէտք է ենթարկուող ըլլայ, ըստ Աստուծոյ կարգադրութեան։ Ուրեմն այս երեք պահանջները՝ չկտրուած մազը (որ տղամարդուն համար բնական չէ), գինի չխմելը եւ մաքուր ու անարատ ըլլալը, ուխտաւորին կը հասկցնէր թէ որքա՛ն կարեւոր է, որ անձնուրաց կեանք մը ապրի եւ լման ենթարկուի Եհովայի կամքին (Ա. Կոր. 11։2-16)։
Հոգեւոր գոհարներ
w05 1/15 30 ¶2
Հարցումներ ընթերցողներէն
Սամփսոն ուրիշ տեսակ ուխտաւոր մըն էր։ Անոր ծնելէն առաջ, Եհովային հրեշտակը իր մօրը ըսաւ. «Դուն պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնանիս։ Անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չդպի. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի սկսի Իսրայէլը Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատել» (Դատաւորաց 13։5)։ Սամփսոն ուխտաւորի ուխտը չըրաւ։ Եհովա՛ն զինք ուխտաւոր նշանակեց եւ ան իր ամբողջ կեանքը ուխտաւոր էր։ Դիակի չդպչելու պահանջը իր վրայ չէր կիրարկուէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ եթէ կիրարկուէր եւ ինք դիակի մը դպչէր, ինչպէ՞ս կրնար ետ սկիզբէն սկսիլ իր ուխտը, որ իր ծնած վայրկեանին սկսած էր։ Ան իր ամբողջ կեանքը ուխտաւոր էր։ Յստակ է թէ ինչո՛ւ այսպիսի ուխտաւորէ մը պահանջուածները քիչ մը տարբեր էին կամաւոր ուխտաւորէ մը պահանջուածներէն։