‘Մահը պիտի խափանուի’
«Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 15։26
1, 2. (ա) Պօղոս առաքեալ մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս մատուցանեց։ (բ) Պօղոս յարութեան մասին ի՞նչ հարցում կը հարցնէ։
«ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ . . . մարմնի յարութեան, եւ յաւիտենական կեանքի»։ Առաքելական Հանգանակը այսպէս կ’ըսէ։ Թէ՛ Կաթողիկէները եւ թէ Բողոքականները հլու հնազանդ կը կրկնեն այս խօսքերը, չանդրադառնալով որ իրենց հաւատալիքները շատ աւելի նման են յունական փիլիսոփայութեան, քան առաքեալներուն հաւատացած բաներուն։ Պօղոս առաքեալ սակայն, յունական փիլիսոփայութիւնը մերժեց եւ հոգիի անմահութեան չէր հաւատար։ Ան զօրաւոր կերպով կը հաւատար ապագայ կեանքի եւ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։26) Ասիկա իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ մահկանացու մարդկութեան համար։
2 Պատասխանը ստանալու համար, վերադառնանք յարութեան մասին Ա. Կորնթացիս 15–րդ գլուխի մէջ արձանագրուած Պօղոսի զրոյցին։ Կը յիշէք որ բացման համարներուն մէջ, Պօղոս պարզեց որ յարութիւնը քրիստոնէական վարդապետութեան կենսական մէկ մասն է։ Արդ, մասնայատուկ հարցում մը կ’ուղղէ. «Բայց պիտի ըսէ մէկը. ‘Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն’, կամ ‘Ի՞նչ մարմնով կու գան’»։—Ա. Կորնթացիս 15։35
Ի՞նչպիսի Մարմին
3. Ոմանք ինչո՞ւ կը մերժէին յարութիւնը։
3 Այս հարցումը յարուցանելով, թերեւս Պօղոսի մտադրութիւնն էր հակազդել Պղատոնի փիլիսոփայութեան ձգած ազդեցութեան։ Պղատոն սորվեցուց որ մարդը անմահ հոգի մը ունի, որ մարմնին մեռնելէն ետ կը վերապրի։ Այսպիսի գաղափարով մեծցած մէկու մը համար, քրիստոնէական յարութեան ուսուցումը անկասկած անկարեւոր կը թուէր։ Եթէ մահուընէ ետք հոգին կը վերապրի, յարութեան նպատակը ի՞նչ է։ Ասկէ զատ, յարութիւնը հաւանաբար անտրամաբանական կը թուէր։ Մարմինը հողին մէջ տարրալուծուելէ ետք, յարութիւնը ի՞նչպէս կարելի կրնար ըլլալ։ Աստուածաշունչի մեկնաբան Հայնրիխ Մէյըր կ’ըսէ թէ կարգ մը Կորնթացիներու հակառակութիւնը հաւանաբար հիմնուած էր «փիլիսոփայական այն գետնի վրայ թէ մարմնի տարրերուն վերակազմումը անկարելի էր»։
4, 5. (ա) Անհաւատներուն առարկութիւնները ինչո՞ւ անտրամաբանական են։ (բ) ‘Ցորենի մերկ հատի’ մասին Պօղոսի տուած օրինակը բացատրեցէք։ (գ) Աստուած ի՞նչպիսի մարմիններ կու տայ յարուցեալ օծեալներուն։
4 Պօղոս անոնց տրամաբանութեան յիմարական ըլլալը կը քօղազերծէ. «Ա՛նմիտ, անիկա որ դուն կը սերմանես, եթէ չմեռնի՝ չի կենդանանար։ Զայն որ կը սերմանես, ոչ թէ այն մարմինը որ պիտի բուսնի՝ կը սերմանես, հապա մերկ հատը՝ ցորենի վրայ եւ թէ՛ ուրիշ սերմի՝ ու Աստուած անոր մարմին կու տայ ինչպէս կ’ուզէ եւ ամէն մէկ սերմին իր յատուկ մարմինը»։ (Ա. Կորնթացիս 15։36-38) Աստուած՝ երկրի վրայ եղած ժամանակ մարդոց ունեցած մարմինը չէ որ պիտի յարուցանէր։ Այլ, այլափոխում մը տեղի պիտի ունենար։
5 Պօղոս յարութիւնը կը բաղդատէ սերմի մը ծիլ արձակելուն հետ։ Ցորենի շատ փոքր սերմը, իրմէ աճած բոյսին բնաւ չի նմանիր։ Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն կ’ըսէ. «Երբ սերմ մը սկսի ծլիլ, մեծ քանակութեամբ ջուր կը ծծէ։ Ջուրը սերմին մէջ քիմիական շատ մը փոփոխութիւններ կը պատճառէ։ Անիկա նաեւ պատճառ կ’ըլլայ որ սերմին ներքին հիւսկէնները ուռին եւ սերմին կեղեւէն դուրս գան»։ Որպէս հետեւանք, սերմը սերմ ըլլալէ կը դադրի կամ կը մեռնի եւ նոր ծիլ մը կը դառնայ։ «Աստուած անոր մարմին կու տայ», այսինքն, անոր աճման վրայ հսկող գիտական հաստատուած օրէնքները գործի լծելով, իւրաքանչիւր սերմին իրեն պատկան մարմինը կու տայ։ (Ծննդոց 1։11) Նոյն կերպով, օծեալ Քրիստոնեաները նախ որպէս մարդ կը մեռնին։ Ապա, Աստուծոյ որոշած ժամանակին, ամբողջովին նոր մարմնով մը զանոնք կը վերակենդանացնէ։ Ինչպէս Պօղոս ըսաւ Փիլիպպեցիներուն, ‘Յիսուս Քրիստոս պիտի նորոգէ մեր խոնարհ մարմինը՝ իր փառաւոր մարմնին կերպարանակից ըլլալու’։ (Փիլիպպեցիս 3։20, 21. Բ. Կորնթացիս 5։1, 2) Անոնք հոգեղէն մարմիններով կը յարուցանուին եւ հոգեւոր ոլորտի մէջ կ’ապրին։—Ա. Յովհաննու 3։2
6. Ինչո՞ւ տրամաբանական է հաւատալ թէ Աստուած յարուցեալներուն կրնայ հոգեղէն յարմար մարմիններ տալ։
6 Դժուա՞ր է ասոր հաւատալ։ Ո՛չ. Պօղոս կը պատճառաբանէ ըսելով թէ անասունները իրարմէ շատ տարբեր մարմիններ ունին։ Ասկէ զատ, ան երկնային հրեշտակները կը բաղդատէ միսէ ու արիւնէ բաղկացած մարդոց հետ, ըսելով. «Երկնաւոր մարմիններ ալ կան, երկրաւոր մարմիններ ալ»։ Անկենդան ստեղծագործութեան մէջ ալ շատ այլազանութիւն կայ։ Գիտութիւնը՝ կապոյտ աստղերու, կարմիր հսկաներու եւ ճերմակ գաճաճներու նման երկնային մարմիններ գտնելէն շատ առաջ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Մէկ աստղը միւս աստղէն տարբեր է փառքով»։ Այս բոլորին ի տես, տրամաբանական չէ՞ որ Աստուած յարուցեալ օծեալներուն հոգեղէն յարմար մարմիններ տայ։—Ա. Կորնթացիս 15։39-41
7. Ի՞նչ կը նշանակէ անապականութիւն եւ՝ անմահութիւն։
7 Ապա Պօղոս կ’ըսէ. «Այսպէս մեռելներուն յարութիւնն ալ։ Մարմինը ապականութիւնով կը սերմանուի ու անապականութիւնով յարութիւն կ’առնէ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։42) Մարդկային մարմինը, նոյնիսկ կատարեալ վիճակի մէջ՝ ապականութեան ենթակայ է։ Անիկա կրնայ սպաննուիլ։ Պօղոս, զոր օրինակ, ըսաւ որ յարուցեալ Յիսուս «անգամ մըն ալ ապականութիւն պիտի չտեսնէ»։ (Գործք 13։34) Ան անգամ մը եւս պիտի չապրէր ապականացու մարդկային մարմնով, նոյնիսկ կատարեալ վիճակի մէջ։ Յարուցեալ օծեալներուն Աստուծոյ տուած մարմինները անապական են. ո՛չ կը մեռնին եւ ոչ ալ կը փճանան։ Պօղոս կը շարունակէ. «Անարգութիւնով կը սերմանուի ու փառքով յարութիւն կ’առնէ. տկարութիւնով կը սերմանուի ու զօրութիւնով յարութիւն կ’առնէ։ Կը սերմանուի շնչաւոր մարմին եւ յարութիւն կ’առնէ հոգեւոր մարմին»։ (Ա. Կորնթացիս 15։43, 44) Ապա Պօղոս կ’ըսէ. «Այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի»։ Անմահութիւն կը նշանակէ անվերջ, անփճացուելիք կեանք։ (Ա. Կորնթացիս 15։53. Եբրայեցիս 7։16) Այս կերպով, յարուցեալները «երկնաւորին»՝ Յիսուսի՝ իրենց յարութիւնը կարելի դարձնողին, «կերպարանք»ը կը հագնին։—Ա. Կորնթացիս 15։45-49
8. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ յարուցեալները երկրի վրայ ողջ եղած ժամանակ ունեցած նոյն անձնաւորութիւնը պիտի ունենան։ (բ) Յարութիւնը տեղի ունենալով, ո՞ր մարգարէութիւնները կատարուած պիտի ըլլան։
8 Հակառակ այս այլափոխութեան, յարուցեալները տակաւին մահուընէ առաջ իրենց ունեցած նոյն անձնաւորութիւնը պիտի պահեն։ Անոնք պիտի յարուցանուին նոյն յիշողութիւններով եւ քրիստոնէական նոյն հարազատ յատկութիւններով։ (Մաղաքեայ 3։3. Յայտնութիւն 21։10, 18) Այս մարզին մէջ Յիսուս Քրիստոսի կը նմանին։ Ան հոգեղէնը ձգելով մարդկային կերպարանք առաւ։ Ապա մեռաւ եւ յարուցանուեցաւ որպէս հոգեղէն։ Սակայն, «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս»։ (Եբրայեցիս 13։8) Օծեալները ի՜նչ փառաւոր առանձնաշնորհում մը ունին։ Պօղոս կ’ըսէ. «Բայց երբ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի եւ այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի, այն ատեն պիտի կատարուի այն խօսքը, որ գրուեցաւ. ‘Մահը յաղթութեան մէջ ընկղմեցաւ’։ ‘Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ’»։—Ա. Կորնթացիս 15։54, 55. Եսայեայ 25։8. Ովսեայ 13։14
Երկրային Յարութիւն մը
9, 10. (ա) Ա. Կորնթացիս 15։24–ի մէջ «վախճանը» ի՞նչ է, եւ անոր կապակցաբար ի՞նչ դէպքեր տեղի կ’ունենան։ (բ) Մահը խափանուելու համար ի՞նչ բաներ տեղի պէտք է ունենան։
9 Իսկ երկնքի մէջ անմահ հոգեղէն կեանքի յոյսը չունեցող միլիոնաւորներուն համար որեւէ ապագայ կա՞յ։ Անշո՛ւշտ կայ։ Բացատրելէ ետք թէ երկնային յարութիւնը տեղի կ’ունենայ Քրիստոսի ներկայութեան ընթացքին, Պօղոս հերթականօրէն դէպքերը կ’ուրուագծէ, ըսելով. «Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն»։—Ա. Կորնթացիս 15։23, 24
10 Հոս յիշուած «վախճանը», Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանն է, երբ Յիսուս խոնարհութեամբ ու հաւատարմութեամբ Թագաւորութիւնը կը յանձնէ իր Աստուծոյն ու Հօրը։ (Յայտնութիւն 20։4) ‘Քրիստոսով ամէն բան բովանդակելու’ Աստուծոյ նպատակը կատարուած պիտի ըլլայ։ (Եփեսացիս 1։9, 10) Բայց նախ՝ Քրիստոս պէտք է կործանէ Գերիշխան Աստուծոյ կամքին հակառակող «ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն»։ Ասիկա Արմագեդոնին կատարուած կործանումէն աւելին պիտի բովանդակէ։ (Յայտնութիւն 16։16. 19։11-21) Պօղոս կ’ըսէ. «[Քրիստոս] պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։25, 26) Այո, ադամական մեղքի ու մահուան ամէն հետք վերցուած պիտի ըլլայ։ Ուստի անհրաժեշտ է որ Աստուած «գերեզմաններ»ը պարպած ըլլայ, մեռելները վերակենդանացնելով։—Յովհաննու 5։28
11. (ա) Ի՞նչպէս գիտենք թէ Աստուած կրնայ վերստեղծել մեռած հոգիները։ (բ) Երկրի վրայ յարուցուողներուն ի՞նչ մարմիններ պիտի տրուին։
11 Ասիկա կը նշանակէ մարդկային հոգիներ վերստեղծել։ Անկարելի՞ է. ո՜չ։ Սաղմոս 104։29, 30–ը կը վստահեցնէ մեզ որ Աստուած կարող է ընել ասիկա. «Երբ անոնց հոգին [«ոգին», ՆԱ] առնես՝ կը մեռնին եւ իրենց հողը կը դառնան։ Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կը ստեղծուին»։ Թէեւ յարուցեալները մահուընէ առաջ իրենց ունեցած նոյն մարմինները ունենալու պէտք պիտի չունենան, բայց նոյն անձնաւորութիւնները պիտի ըլլան։ Երկինք յարուցուողներու նման, Աստուած անոնց ալ մարմին մը պիտի տայ ինչպէս ինք կ’ուզէ։ Կասկած չկայ թէ անոնց նոր մարմինները ֆիզիքապէս առողջ եւ տրամաբանականօրէն իրենց նախկին մարմնին նման պիտի ըլլան, որպէսզի իրենց սիրելիներուն կողմէ ճանչցուին։
12. Երկրային յարութիւնը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։
12 Երկրային յարութիւնը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Մարթա իր մեռած եղբօրը՝ Ղազարոսի՝ համար ըսաւ. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ (Յովհաննու 11։24) Ի՞նչպէս գիտէր ասիկա։ Իր օրերուն յարութիւնը հակաճառուած նիւթ մըն էր, քանի որ Փարիսեցիները անոր կը հաւատային, իսկ Սադուկեցիները՝ ոչ։ (Գործք 23։8) Այսուհանդերձ, Մարթա այս մասին տեղեկացած ըլլալու էր յարութեան յուսացող նախա–քրիստոնէական վկաներէն։ (Եբրայեցիս 11։35) Նաեւ, ան Դանիէլ 12։13–էն հասկցած ըլլալու էր որ յարութիւնը վերջին օրը տեղի պիտի ունենայ։ Թերեւս նոյնիսկ Յիսուսէն սորված էր այս մասին։ (Յովհաննու 6։39) Այդ «վերջին օրը»՝ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան հետ կը զուգադիպի։ (Յայտնութիւն 20։6) Երեւակայեցէ՜ք այդ ‘օրուան’ ընթացքին տեղի ունենալիք ցնծութիւնը, երբ այս հոյակապ դէպքը սկսի կատարուիլ։—Բաղդատել՝ Ղուկաս 24։41։
Որո՞նք Ետ Պիտի Գան
13. Յարութեան մասին ի՞նչ տեսիլք արձանագրուած է Յայտնութիւն 20։12-14–ի մէջ։
13 Յայտնութիւն 20։12-14–ի մէջ արձանագրուած է, Յովհաննէսի տրուած երկրային յարութեան տեսիլքը. «Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինքն կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած [«գրուածներէն», Արեւմտահայերէն] մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ։ Եւ ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ։ Եւ մահը ու դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը»։
14. Յարուցեալներուն մէջ որո՞նք պիտի ըլլան։
14 Յարութիւնը պիտի պարփակէ «պզտիկ ու մեծ»՝ թէ՛ կարկառուն եւ թէ աննշան մարդիկ, որոնք ապրած ու մեռած են։ Այո, նոյնիսկ մանուկներ պիտի ըլլան անոնց մէջ։ (Երեմեայ 31։15, 16) Գործք Առաքելոց 24։15–ի մէջ, ուրիշ կարեւոր մանրամասնութիւն մը յայտնուած է. «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն»։ «Արդարներուն» մէջ ուշագրաւ պիտի ըլլան վաղեմի հաւատարիմ այրեր ու կիներ, ինչպէս՝ Աբէլ, Ենովք, Նոյ, Աբրահամ, Սառա եւ Ռախաբ։ (Եբրայեցիս 11։1-40) Երեւակայեցէ՜ք որ անոնց հետ կը խօսիք եւ դարեր առաջ պատահած սուրբ գրային դէպքերուն շուրջ այս ականատեսներէն մանրամասնութիւններ կը ստանաք։ «Արդարներուն» մէջ պիտի ըլլան նաեւ հազարաւոր աստուածավախ անհատներ, որոնք աւելի վերջերս մեռած են եւ որոնք երկնային յոյս չունէին։ Ընտանիքի անդամ մը կամ սիրելի մը ունի՞ք, որ անոնց մէջ կրնայ գտնուիլ։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ զանոնք անգամ մը եւս կրնաք տեսնել։ Սակայն, որո՞նք են «մեղաւորներ»ը, որոնք պիտի յարուցանուին։ Անոնց մէջ պիտի գտնուին միլիոնաւորներ, նոյնիսկ միլիառաւորներ, որոնք մեռան առանց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվելու ու կիրարկելու պատեհութիւնը ունենալու։
15. Յարուցուածները ‘գրքերուն մէջ գրուածներէն դատուեցան, իրենց գործերուն համեմատ’ խօսքին իմաստը ի՞նչ է։
15 Կեանքի վերադարձողները ի՞նչպէս ‘գրքերուն մէջ գրուածներէն պիտի դատուին, իրենց գործերուն համեմատ’։ Այս գրքերը իրենց անցեալի արարքներուն արձանագրութիւնը չեն. երբ անոնք մեռան, իրենց կեանքի տեւողութեան գործած մեղքերէն անպարտ արձակուեցան։ (Հռովմայեցիս 6։7, 23) Սակայն, յարուցեալները տակաւին ադամական մեղքի ներքեւ պիտի ըլլան։ Շատ հաւանաբար, այդ գրքերը աստուածային հրահանգներ պիտի պարունակեն, որոնց բոլորը պէտք է հետեւին, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութենէն լիովին օգտուին։ Երբ ադամական մեղքին վերջին հետքը վերցուի, ‘մահը պիտի խափանի’ բառին լիարժէք իմաստով։ Հազարամեայի վերջաւորութեան, Աստուած պիտի «ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ»։ (Ա. Կորնթացիս 15։28) Այլեւս մարդը պէտք պիտի չունենայ Քահանայապետի մը կամ Փրկարարի մը միջամտութեան։ Ամբողջ մարդկութիւնը Ադամի սկիզբը վայելած կատարեալ վիճակին պիտի բերուի։
Կարգապահ Յարութիւն մը
16. (ա) Ինչո՞ւ տրամաբանական է հաւատալ որ յարութիւնը կարգապահօրէն պիտի ըլլայ։ (բ) Հաւանաբար առաջին յարուցուողներուն մէջ որո՞նք պիտի ըլլան։
16 Քանի որ երկնային յարութիւնը կարգապահօրէն կը կատարուի, «ամէն մէկը իր կարգովը», բացայայտ է որ երկրային յարութիւնն ալ բնակչութեան պայթումի քաոսային վիճակ պիտի չստեղծէ։ (Ա. Կորնթացիս 15։23) Հասկնալի է որ նոր յարուցեալները հոգատարութեան պիտի կարօտին։ (Բաղդատել՝ Ղուկաս 8։55։) Անոնք ֆիզիքական հայթայթումներու եւ՝ աւելի կարեւորը՝ հոգեւոր օգնութեան կարիքը պիտի ունենան, որպէսզի Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին կենսատու գիտութիւն ստանան։ (Յովհաննու 17։3) Եթէ բոլորը միեւնոյն ատեն յարութիւն առնեն, անկարելի պիտի ըլլայ պէտք եղած կերպով անոնց հոգ տանիլ։ Տրամաբանական է ենթադրել որ յարութիւնը աստիճանաբար տեղի պիտի ունենայ։ Սատանայի դրութեան վախճանէն ճիշդ առաջ մեռած հաւատարիմ Քրիստոնեաները հաւանաբար առաջին յարուցուողները ըլլան։ Նաեւ, կրնանք յուսալ որ վաղեմի հաւատարիմ մարդիկը, որոնք որպէս «իշխաններ» պիտի ծառայեն, շուտ յարութիւն առնեն։—Սաղմոս 45։16
17. Յարութեան նկատմամբ ո՞ր հարցերուն շուրջ Աստուածաշունչը լուռ է, եւ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ անտեղիօրէն պէտք չէ մտահոգուին այս հարցերով։
17 Այսուհանդերձ, քարացած մտայնութեամբ պէտք չէ մօտենանք այսպիսի հարցերու։ Շատ մը հարցերու շուրջ Աստուածաշունչը լուռ է։ Անիկա մանրամասն տեղեկութիւն չի տար թէ անհատներու յարութիւնը ի՛նչպէս, ե՛րբ, կամ ո՛ւր պիտի ըլլայ։ Մեզի տեղեկութիւն չի տար թէ այդ վերադարձողները ո՛ւր պիտի բնակին, ի՛նչպէս պիտի կերակրուին, կամ ի՛նչ պիտի հագնին։ Մենք ալ չենք կրնար որոշապէս ըսել թէ Եհովա ի՛նչպէս պիտի լուծէ կարգ մը հարցեր, ինչպէս՝ յարուցուած երախաներուն խնամակալութիւնը, կամ թերեւս մեր բարեկամներուն ու սիրելիներուն հետ առնչուող կարգ մը մասնաւոր պարագաներ։ Անշուշտ բնական է այսպիսի բաներու շուրջ հարց տալ, բայց իմաստութիւն չէ ժամանակ տրամադրել, փորձելով պատասխանել այնպիսի հարցումներու, որոնք անպատասխանելի են ներկայիս։ Մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք հաւատարմաբար Եհովայի ծառայելու եւ յաւիտենական կեանք շահելու վրայ։ Օծեալ Քրիստոնեաները իրենց յոյսը կը դնեն փառաւոր երկնային յարութեան վրայ։ (Բ. Պետրոս 1։10, 11) «Ուրիշ ոչխարներ»ը կը յուսան Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային ծիրին մէջ յաւիտենական ժառանգութիւն ստանալ։ (Յովհաննու 10։16. Մատթէոս 25։33, 34) Իսկ յարութեան շուրջ շուքի մէջ մնացած բազմաթիւ մանրամասնութիւններու համար՝ պարզապէս Եհովայի կը վստահինք։ Մեր ապագայ ուրախութիւնը ապահով է Անոր ձեռքին մէջ, որ կրնայ ‘ամէն կենդանիի փափաքը լեցնել’։—Սաղմոս 145։16. Երեմեայ 17։7
18. (ա) Պօղոս ի՞նչ յաղթանակ ընդգծեց։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք յարութեան յոյսին վստահիլ։
18 Պօղոս իր պատճառաբանութիւնը կ’աւարտէ, բացագանչելով. «Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Ա. Կորնթացիս 15։57) Այո, Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին միջոցաւ ադամական մահուան վրայ յաղթանակ տարուած է, եւ այդ յաղթանակին կը մասնակցին թէ՛ օծեալները եւ թէ «ուրիշ ոչխարներ»ը։ Անշուշտ, ներկայիս ողջ եղող «ուրիշ ոչխարներ»ը միայն ա՛յս սերունդին յատուկ եղող յոյս մը ունին։ Որպէս հետզհետէ աճող ‘մեծ բազմութեան’ մէկ մասը ըլլալով, անոնք պիտի վերապրին գալիք «մեծ նեղութենէն» եւ ֆիզիքական մահ բնաւ պիտի չհամտեսեն։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Սակայն, անոնք որոնք ‘ժամանակի ու դիպուածի’ բերմամբ, կամ Սատանայի գործակալներուն ձեռքով կը մահանան, կրնան յարութեան յոյսին վստահիլ։—Ժողովողի 9։11
19. Բոլոր Քրիստոնեաներն ալ ո՞ր յորդորին պէտք է անսան։
19 Հետեւաբար, անձկագին կը սպասենք այդ փառաւոր օրուան, երբ մահը պիտի խափանի։ Եհովայի յարութեան խոստումին վրայ մեր ունեցած անսասան վստահութիւնը մեզի կ’օգնէ որ հարցերը իրապաշտօրէն դիտենք։ Այս կեանքին մէջ ի՛նչ ալ պատահի մեզի, նոյնիսկ երբ մահանանք, ո՛չ մէկ բան կրնայ մեզմէ խլել Եհովայի խոստացած վարձատրութիւնը։ Ուստի, Կորնթացիներուն տուած Պօղոսի վերջին յորդորը նոյնքան տեղին է այսօր, որքան էր՝ երկու հազար տարի առաջ. «Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով»։—Ա. Կորնթացիս 15։58
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Պօղոս ի՞նչպէս կը պատասխանէ, յարութեան ժամանակ օծեալներուն ստանալիք մարմիններուն մասին յարուցուած հարցումի մը։
◻ Մահը ի՞նչպէս եւ ե՛րբ պիտի խափանուի։
◻ Երկրային յարութեան մէջ որո՞նք պիտի ըլլան։
◻ Ի՞նչ կեցուածք պէտք է ունենանք այն հարցերուն շուրջ, որոնց մասին Աստուածաշունչը լուռ է։
[Նկար՝ էջ 28]
Սերմը ‘կը մեռնի’՝ յատկանշական փոփոխութեան մը ենթարկուելով
[Նկար՝ էջ 31]
Վաղեմի հաւատարիմ այրեր եւ կիներ, ինչպէս՝ Նոյ, Աբրահամ, Սառա եւ Ռախաբ, յարուցուողներուն մէջ պիտի ըլլան