-
Եհովայի տուած մխիթարութիւնը բաժնենքԴիտարան 1997 | Մարտ 1
-
-
«Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը [«բաժնեկից», ՆԱ] պիտի ըլլաք»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 1։7
-
-
Եհովայի տուած մխիթարութիւնը բաժնենքԴիտարան 1997 | Մարտ 1
-
-
4. Նոր հետաքրքրուած անհատներ թերեւս ի՞նչ տարբեր կերպերով կը հակազդեն նեղութեան։
4 Դժբախտաբար, ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, ոմանք նեղութեան պատճառաւ կը գայթակղին ու քրիստոնէական ժողովքին հետ իրենց ընկերակցութիւնը կը դադրեցնեն։ (Մատթէոս 13։5, 6, 20, 21) Իսկ ուրիշներ իրենց մտքերը կեդրոնացած պահելով իրենց սորված մխիթարական խոստումներուն վրայ՝ նեղութիւններու կը տոկան։ Ի վերջոյ, անոնք իրենց կեանքը Եհովայի կը նուիրեն ու կը մկրտուին, որպէս իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ աշակերտները։ (Մատթէոս 28։19, 20. Մարկոս 8։34) Անշուշտ, Քրիստոնեային մկրտուելէն ետք նեղութիւնները վերջ չեն գտներ։ Օրինակի համար, անարատ մնալը ծանր պայքար մը կրնայ ըլլալ անհատի մը համար, որ անբարոյ անցեալ մը ունեցած է։ Ուրիշներ՝ ընտանիքի անհաւատ անդամներէն եկած յարատեւ հակառակութեան դէմ պէտք է պայքարին։ Նեղութիւնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, բոլոր անոնք որոնք հաւատարմօրէն Աստուծոյ նուիրուած կեանք մը կը հետապնդեն, մէկ բանէ կրնան վստահ ըլլալ. շատ անհատական գետնի վրայ, Աստուծոյ մխիթարութիւնն ու օգնութիւնը պիտի վայելեն։
-