-
Եհովայի տուած մխիթարութիւնը բաժնենքԴիտարան 1997 | Մարտ 1
-
-
Պօղոսի Նեղութիւնները Ասիոյ մէջ
13, 14. (ա) Պօղոս ի՞նչպէս նկարագրեց Ասիոյ մէջ իր ունեցած խիստ նեղութիւններով լեցուն ժամանակը։ (բ) Պօղոս թերեւս ո՞ր դէպքը ի մտի ունէր։
13 Մինչեւ այդ ատեն Կորնթոսի ժողովքին կրած նեղութիւնը կարելի չէր բաղդատել Պօղոսի տոկացած բազմաթիւ նեղութիւններուն հետ։ Ուստի, ան կրնար անոնց յիշեցնել. «Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։ Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ. որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ»։—Բ. Կորնթացիս 1։8–10
14 Աստուածաշունչի ուսումնականներէն ոմանք կը խորհին որ Պօղոս՝ Եփեսոսի մէջ պատահած խռովութեան կ’ակնարկէր, որ կրնար Պօղոսի ինչպէս նաեւ իր երկու Մակեդոնացի ուղեկիցներուն՝ Գայիոսի ու Արիստարքոսի՝ մահուան պատճառ ըլլալ։ Այս երկու Քրիստոնեաները բռնի ոյժով թատրոն տարուեցան, ուր խռնուած էր խառնիճաղանճ բազմութիւն մը որ ‘երկու ժամու չափ կանչվռտեց թէ՝ «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»’։ Ի վերջոյ, քաղաքի ատենադպիրը յաջողեցաւ բազմութիւնը հանդարտեցնել։ Գայիոսի ու Արիստարքոսի կեանքերուն սպառնացող այս վտանգը մեծապէս վշտացուց Պօղոսը։ Իրականութեան մէջ, ան ուզեց ներս մտնել ու պատճառաբանել այդ մոլեռանդ խուժանին հետ, սակայն անոր թոյլ չտրուեցաւ որ իր կեանքը վտանգէ այս կերպով։—Գործք 19։26–40
15. Ա. Կորնթացիս 15։32–ի մէջ, թերեւս ի՞նչ ծանրակշիռ պարագայ մը նկարագրուած է։
15 Սակայն, թերեւս Պօղոս վերոյիշեալ դէպքէ շատ աւելի ծանրակշիռ պարագայ մը կը նկարագրէր։ Կորնթացիներուն գրած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս հարցուց. «Եթէ Եփեսոսի մէջ մարդոց նման գազաններու հետ մարտնչեցայ, ի՞նչ օգուտ ունի ինծի»։ (Ա. Կորնթացիս 15։32) Ասիկա կրնայ նշանակել որ Պօղոսի կեանքը վտանգի մէջ էր ոչ միայն գազանանման մարդոց պատճառաւ, այլ՝ Եփեսոսի կրկէսին մէջ բառացի վայրի գազաններու պատճառով։ Երբեմն ոճրագործները կը պատժէին զանոնք ստիպելով որ վայրի գազաններու հետ մարտնչին, մինչ արիւնարբու ամբոխը կը դիտէր։ Եթէ Պօղոս ըսել կ’ուզէր որ բառացի գազաններու հետ կռուած էր, վստահաբար վերջին վայրկեանին դաժան մահուընէ հրաշալիօրէն ազատուած ըլլալու էր, ճիշդ ինչպէս որ Դանիէլ բառացի առիւծներու բերնէն ազատուեցաւ։—Դանիէլ 6։22
-
-
Եհովայի տուած մխիթարութիւնը բաժնենքԴիտարան 1997 | Մարտ 1
-
-
16. (ա) Եհովայի Վկաներէն շատեր ինչո՞ւ Պօղոսի կրած նեղութիւնները կրնան հասկնալ։ (բ) Իրենց հաւատքին համար մեռնողներուն նկատմամբ, ի՞նչ բանէ վստահ կրնանք ըլլալ։ (գ) Երբ Քրիստոնեաներ մահուընէ ճողոպրին, ասիկա ի՞նչ դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ։
16 Ներկայ Քրիստոնեաներէն շատեր Պօղոսի նման նոյն վիճակներէն անցած են։ (Բ. Կորնթացիս 11։23–27) Այսօր ալ, կարգ մը Քրիստոնեաներ իրենց ‘կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուած են’, ու շատեր այնպիսի պարագաներու մէջ գտնուած են, որ ‘յոյսերնին կտրած են ապրելէ’։ (Բ. Կորնթացիս 1։8) Շատեր սպաննուած են ջարդարարներու եւ դաժան հալածիչներու ձեռքով։ Վստահ կրնանք ըլլալ որ Աստուծոյ մխիթարիչ զօրութիւնը կարողացուց որ անոնք տոկան, ու մեռան՝ իրենց սրտերը ու մտքերը զօրաւոր կերպով հաստատուած իրենց յոյսին իրականացման վրայ, ըլլա՛յ երկնային թէ երկրային։ (Ա. Կորնթացիս 10։13. Փիլիպպեցիս 4։13. Յայտնութիւն 2։10) Ուրիշ պարագաներու, Եհովա հարցերը ա՛յնպէս մը ուղղեց որ մեր եղբայրները մահուընէ ազատուեցան։ Անկասկած, այսպիսի փրկութիւն վայելողները, յաւելեալ վստահութիւն մշակած են «Աստուծոյ՝ [վրայ] որ մեռելները կը յարուցանէ»։ (Բ. Կորնթացիս 1։9) Անկէ ետք, անոնք կրնան ա՛լ աւելի համոզումով խօսիլ, մինչ Աստուծոյ մխիթարական պատգամը ուրիշներու հետ կը բաժնեն։—Մատթէոս 24։14
-