Խօսքդ «այո» է, իսկ ետքը «ո՞չ» է
Հետեւեալը պատկերացուր. երէց մը, որ Հիւանդանոցներու հետ հաղորդակցող յանձնախումբի անդամ է, պատանի եղբօր մը հետ ժամադրուած է կիրակի առտու ծառայութեան ելլելու։ Այդ առաւօտ, երէցը հեռաձայն կը ստանայ եղբօրմէ, որուն կինը ինքնաշարժի արկած ունեցած եւ իսկոյն հիւանդանոց փոխադրուած է։ Եղբայրը երէցէն կը խնդրէ, որ իրեն օգնէ արեան հարցով համագործակցող բժիշկ մը գտնելու։ Ուստի, երէցը իր ծառայութեան ժամադրութիւնը կը ջնջէ, սիրով աջակցելու համար այս ընտանիքին, որ ստիպողական պարագայի մատնուած է։
Իսկ հիմա հետեւեալը պատկերացուր. զոյգ մը կը հրաւիրէ միայնակ մայր մը եւ անոր երկու աղջիկները, որ երեկոյ մը միասնաբար անցընեն։ Երբ մայրը իր աղջիկներուն այս հրաւէրին մասին կը պատմէ, անոնք կը սկսին իրենց ուրախութենէն ‘թռչկոտիլ’, եւ անհամբեր կը սպասեն այդ առիթին։ Բայց մէկ օր առաջ, զոյգը մօր կ’ըսէ թէ անակնկալ հարց մը ծագեցաւ եւ ստիպուած են հրաւէրը չեղեալ ընել։ Մայրը ետքը կը գիտնայ թէ անոնք ինչո՛ւ հրաւէրը չեղեալ ըրին։ Զինք հրաւիրելէ ետք, զոյգը կ’ընդունի հրաւէր մը, որ այդ նոյն երեկոն բարեկամներու հետ անցընէ։
Որպէս քրիստոնեաներ, պէտք է բոլորս մեր խօսքին տէրը ըլլանք։ Պէտք չէ «այո» ըսենք իսկ ետքը այդ «այո»ն «ոչ» դառնայ (Բ. Կոր. 1։18)։ Բայց ինչպէս որ երկու օրինակները ցոյց կու տան, բոլոր պարագաները համանման չեն։ Երբեմն կը պատահի որ կարգադրութիւն մը չեղեալ ընելէ զատ ուրիշ ճար չկայ։ Պօղոս առաքեալ այսպիսի պարագայի մատնուեցաւ։
ՊՕՂՈՍ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐՈՒԻ ԻԲՐԵՒ ՓՈՓՈԽԱՄԻՏ
Ք.Ե. 55–ին, մինչ Պօղոս իր երրորդ միսիոնարական ճամբորդութեան ընթացքին Եփեսոսի մէջ էր, ան մտադրեց Եգէական ծովը կտրելով Կորնթոս երթալ եւ ապա հոնկէ Մակեդոնիա անցնիլ, իսկ Երուսաղէմ ուղղուելու ատեն, երկրորդ անգամ ըլլալով Կորնթոսի ժողովքը այցելել, որպէսզի անոնց «պարգեւները» Երուսաղէմի եղբայրներուն տանի (Ա. Կոր. 16։3)։ Ասիկա յստակ է Բ. Կորնթացիս 1։15, 16–էն, ուր կը կարդանք. «Այս վստահութիւնով կ’ուզէի առաջ ձեզի գալ, որպէս զի դուք երկրորդ անգամ շնորհք ընդունիք. ու ապա անցնիլ դէպի Մակեդոնիա եւ դարձեալ Մակեդոնիայէն ձեզի գալ, որպէս զի դուք ճամբեցնէք դէպի Հրէաստան»։
Այնպէս կը թուի, թէ նախորդ նամակի մը մէջ Պօղոս Կորնթոսի եղբայրներուն տեղեկացուցած էր իր ծրագրին մասին (Ա. Կոր. 5։9)։ Այդ նամակը գրելէն քիչ ետք սակայն, Պօղոս Քղուէի տունէն եղողներէն լսեց, թէ ժողովքին մէջ լուրջ անհամաձայնութիւններ կային (Ա. Կոր. 1։10, 11)։ Ան իր նախկին ծրագիրը ճշդեց, եւ գրեց նամակ մը որ այսօր ծանօթ է որպէս՝ Ա. Կորնթացիս։ Անոր մէջ Պօղոս սիրալիրօրէն զանոնք խրատեց եւ սրբագրեց։ Ան նաեւ նշեց թէ իր երթուղին փոխած էր. նա՛խ Մակեդոնիա պիտի երթար եւ ապա Կորնթոս (Ա. Կոր. 16։5, 6)a։
Երբ Կորնթոսի եղբայրները իր նամակը ստացան, հաւանաբար ժողովքին «ամենէն երեւելի առաքեալներէն» ոմանք զինք մեղադրեցին իբրեւ փոփոխամիտ անհատ, որ իր խոստումները չի պահեր։ Առ ի պաշտպանութիւն, Պօղոս հարց տուաւ. «Երբ այսպէս մտածեցի, միթէ երկմտութիւնո՞վ [«թեթեւութեա՞մբ», ԱԾ] շարժեցայ. կամ թէ այն որ ես կը խորհիմ, մարմնաւորապէ՞ս կը խորհիմ, որպէս զի իմ կողմանէս ‘այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ’ ըլլայ» (Բ. Կոր. 1։17. 11։5)։
Արդեօք այս պարագաներուն մէջ Պօղոս առաքեալ իրապէ՞ս «թեթեւութեամբ» վարուեցաւ։ Անշուշտ ո՛չ։ «Թեթեւութեամբ» թարգմանուած բառը կը հաղորդէ փոփոխամիտ ըլլալու գաղափարը, կարծես անհատը անվստահելի է եւ իր խոստումները չի պահեր։ Պօղոսի խօսքը՝ «մարմնաւորապէ՞ս կը խորհիմ», պէտք էր Կորնթոսի քրիստոնեաներուն յստակացնէր, թէ իր ծրագիրը չփոխեց քանի որ անվստահելի անձ մըն էր։
Պօղոս մեղադրանքը հերքեց՝ գրելով. «Սակայն հաւատարիմ է Աստուած, որ մեր խօսքը ձեզի որ հասաւ ‘այո’ եւ ‘ոչ’ չէր» (Բ. Կոր. 1։18)։ Վստահաբար, Պօղոս Կորնթոսի եղբայրներուն եւ քոյրերուն լաւագոյն շահերը ի մտի ունէր, երբ իր կարգադրութիւնները փոխեց։ Բ. Կորնթացիս 1։23–ի մէջ կը կարդանք, թէ իրենց ‘խնայելու համար’ իր սկզբնական ծրագիրը փոխեց։ Արդարեւ, Պօղոս անոնց պատեհութիւն տուաւ, որ իր խրատը կիրարկեն առաջ որ ինք գայ։ Ինչպէս յուսացած էր, երբ ան Մակեդոնիայի մէջ էր, Տիտոսէն իմացաւ թէ իր նամակը իրապէս զիրենք մղած էր իրենց սխալին անդրադառնալու եւ զղջալու. ինչ որ Պօղոսը մեծապէս ուրախացուց (Բ. Կոր. 6։11. 7։5-7)։
ՅԻՍՈՒՍ ԵՐԱՇԽԻՔՆ Է
Երբ «ամենէն երեւելի առաքեալներ»ը Պօղոսը մեղադրեցին թէ իր խոստումները չէր պահեր, կրնայ ըլլալ որ անոնք նաեւ կ’ըսէին թէ քարոզչութեան մէջ վստահելի չէ։ Բայց Պօղոս կորնթացիներուն յիշեցուց, թէ իրենց քարոզած էր Յիսուս Քրիստոսի պատգամը։ «Աստուծոյ Որդին Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզմով ձեզի քարոզուեցաւ, ինձմով եւ Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով, ‘այո’ ու ‘ոչ’ չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ ‘այոն’» (Բ. Կոր. 1։19)։ Պօղոսի իտէալը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ անվստահելի՞ էր։ Ո՛չ։ Յիսուս իր կեանքին եւ ծառայութեան ընթացքին միշտ ճշմարտութիւնը խօսեցաւ (Յովհ. 14։6. 18։37)։ Եթէ Յիսուսի քարոզածը ամբողջովին ճշմարիտ ու վստահելի էր եւ Պօղոս նո՛յն պատգամը քարոզեց, ուրեմն առաքեալին քարոզչութիւնն ալ վստահելի էր։
Անշուշտ, Եհովան ‘ճշմարտութեան Աստուածն է’ (Սաղ. 31։5)։ Ասիկա կը նկատենք Պօղոսի յաջորդ գրածէն. «Որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ [Յիսուսի] մէջ ‘Այո’ են»։ Յիսուսի ուղղամտութեան շնորհիւ կրնանք ստոյգ ըլլալ, թէ Եհովայի խոստումները վստահելի են։ Պօղոս կը շարունակէ. «Ու իր մէջ ‘Ամէն’ են Աստուծոյ փառքին համար մեր ձեռքով» (Բ. Կոր. 1։20)։ Յիսուս այն երաշխիքը կամ «Ամէն»ն է, թէ Եհովա Աստուծոյ իւրաքանչիւր խոստում պիտի իրականանայ։
Ճիշդ ինչպէս որ Եհովան եւ Յիսուսը միշտ ճշմարտութիւնը կը խօսին, նոյնպէս Պօղոս ամէն ատեն ճշմարտախօս էր (Բ. Կոր. 1։19)։ Ան փոփոխամիտ չէր, մէկը որ իր խոստումները ‘մարմնաւորապէս’ կ’ընէր (Բ. Կոր. 1։17)։ Փոխարէն, ան ‘հոգիով գնաց’ (Գաղ. 5։16)։ Ուրիշներու հետ իր գործառնութեանց մէջ, ան անոնց լաւագոյն շահերը ի մտի ունէր։ Իր այոն այո՛ էր։
ՔՈՒ ԱՅՈԴ ԱՅՈ՞ Է
Այս օրերուն, սովորական է որ անոնք՝ որոնք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն համաձայն չեն ապրիր, խոստումներ ընեն եւ ետքը երբ փոքր խնդիրներ ծագին կամ աւելի հրապուրիչ բաներ իրենց հրամցուին, այդ խոստումները դրժեն։ Առեւտուրի մարզին մէջ «այո»ն միշտ «այո» չի նշանակեր, նոյնիսկ երբ համաձայնութիւնները գրի կերպով ըլլան։ Շատեր այլեւս ամուսնութիւնը երկու անհատներու միջեւ եղած մնայուն յանձնառութիւն չեն սեպեր։ Փոխարէն, ամուսնալուծման արագօրէն բարձրացող տոկոսը ցոյց կու տայ, թէ շատեր ամուսնութիւնը կը նկատեն սովորական միութիւն մը, որուն դիւրաւ կարելի է վերջ դնել (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։
Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Քու այոդ այո՞ է։ Ինչպէս յօդուածին սկիզբը տեսանք, կրնայ պատահիլ որ ժամադրութիւններ ջնջես, ոչ թէ քանի որ փոփոխամիտ ես, այլ քանի որ պարագաները այդպէս կը ստիպեն։ Բայց եթէ որպէս քրիստոնեայ բան մը խոստանաս, իսկապէս պէտք է ամէն կարելիդ ընես որ զայն պահես (Սաղ. 15։4. Մատ. 5։37)։ Եթէ այդպէս ընես, պիտի ճանչցուիս որպէս վստահելի անձ, որ իր խօսքին տէրն է եւ յարատեւաբար ճշմարտութիւնը կը խօսի (Եփ. 4։15, 25. Յակ. 5։12)։ Երբ մարդիկ գիտակցին թէ ամէնօրեայ հարցերուն մէջ վստահելի ես, աւելի հակամէտ պիտի ըլլան քեզ լսելու, երբ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ճշմարտութիւնը պատմես։ Ուստի, վստահ ըլլանք որ մեր այոն իրապէս այո է։
a Ա. Կորնթացիս նամակը գրելէն քիչ ետք, Պօղոս իրապէս Տրովադայէն անցնելով՝ գնաց Մակեդոնիա, ուր գրեց Բ. Կորնթացիս նամակը (Բ. Կոր. 2։12. 7։5)։ Յետագային, ան Կորնթոսը այցելե՛ց։