Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտա19 Մայիս էջ 1-13
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները
  • «Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
  • Ենթավերնագիրներ
  • ՄԱՅԻՍ 6-12
  • ՄԱՅԻՍ 13-19
  • ՄԱՅԻՍ 20-26
  • ՄԱՅԻՍ 27–ՅՈՒՆԻՍ 2
«Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր»–ին աղբիւրները (2019)
ժտա19 Մայիս էջ 1-13

Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները

ՄԱՅԻՍ 6-12

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4-6

«Չենք վհատիր»

(Բ. Կորնթացիս 4։16) Այս պատճառով չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի։

դ04 9/1 19 ¶16-17

Ֆիզիքապէս յոգնած բայց ո՛չ՝ հոգեւորապէս

16 Անշուշտ մեր հոգեւոր առողջութեան հոգ տանիլը շատ կարեւոր է։ Երբ Եհովա Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութիւն ունինք, կրնանք ֆիզիքապէս յոգնիլ, բայց զինք պաշտելէ երբեք պիտի չձանձրանանք։ Եհովան է «յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը»։ (Եսայեայ 40։28, 29) Պօղոս առաքեալ, որ անձամբ այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը նկատեց, գրեց. «Չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի»։—Բ. Կորնթացիս 4։16

17 Նկատէ «օրէ օր» արտայայտութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ Եհովայի կարգադրութիւններէն ամէն օր օգտուիլ։ Միսիոնարուհի մը որ 43 տարի հաւատարմօրէն ծառայեց, ֆիզիքական յոգնածութեան ու վհատութեան պահեր դիմագրաւեց, բայց չթուլցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Սովորութիւն դարձուցի ամէն առաւօտ կանուխ արթննալ, որպէսզի որեւէ գործ ընելէ առաջ, կարենամ Եհովայի աղօթելու եւ իր Խօսքը կարդալու ժամանակ ունենալ։ Այս առօրեայ սովորութիւնը ինծի օգնած է որ մինչեւ օրս տոկամ»։ Արդարեւ կրնանք Եհովայի կազդուրիչ զօրութեան ապաւինիլ, եթէ կանոնաւորաբար՝ «օրէ օր» իրեն աղօթենք ու իր վեհ յատկութիւններուն եւ խոստումներուն վրայ խոկանք։

(Բ. Կորնթացիս 4։17) Վասն զի մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ։

it-1 724-725

Տոկալ

Նաեւ կարեւոր է որ ամուր պահենք կատարեալ եւ յաւիտենական կեանքի յոյսը։ Նոյնիսկ հալածանքի տակ մահը չի կրնար քրիստոնեային յոյսը խլել իրմէ (Հռով. 5։4, 5. Ա. Թես. 1։3. Յայտ. 2։10)։ Հիմակուան չարչարանքները աննշան պիտի դառնան, բաղդատած այն օրհնութիւններուն հետ, որոնք պիտի վայելենք երբ այդ յոյսը իրականանայ (Հռով. 8։18-25)։ Տառապանքը որքա՛ն ալ զօրաւոր ըլլայ, ատիկա «վայրկենական» եւ «թեթեւ» է՝ յաւիտենական կեանքին հետ բաղդատած (Բ. Կոր. 4։16-18)։ Երբ անձը յիշէ որ փորձութիւնները ժամանակաւոր են եւ ամուր պահէ իր ունեցած յոյսը, կրնայ յուսահատութեան գիրկը չիյնալ եւ Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ։

(Բ. Կորնթացիս 4։18) Ուստի մենք երեւցած բաներուն չնայինք, հապա չերեւցածներուն. քանզի երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Բ. Կորնթացիս 4։7) Արդ՝ մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ։

w12 2/1 28-29

«Եհովային դէմքին վրայ ժպիտ դրէք»

Տէյվիտ Սբլէյն, որ Կառավարիչ մարմինի անդամ է, այս նիւթը նկատի առաւ (Բ. Կոր. 4։7)։ Գանձը ի՞նչ է։ Գիտութի՞ւն է, իմաստութի՞ւն է։ «Ո՛չ», ըսաւ դասախօսը։ Պօղոս առաքեալին նշած գանձը՝ «ճշմարտութիւնը յայտնել»ու «այս պաշտօնն» է (Բ. Կոր. 4։1, 2, 5)։ Եղբայր Սբլէյնը աշակերտներուն յիշեցուց, որ դպրոցին մէջ իրենց անցուցած հինգ ամիսները զիրենք պատրաստեցին ծառայութեան յատուկ նշանակումի մը։ Աշակերտները պէտք է այդ նշանակումը շատ արժեւորեն։

Դասախօսը բացատրեց որ «հողէ ամաններ»ը մեր բառացի մարմիններն են։ Ան հողէ ամանը բաղդատեց ոսկիէ ամանին հետ, եւ ըսաւ որ ոսկիէ ամանները շատ չեն գործածուիր, մինչ հողէ ամանները միշտ կը գործածուին։ Եթէ գանձ մը դնենք ոսկիէ ամանի մը մէջ, գանձին չափ արժէք կու տանք այդ ամանի՛ն։ Եղբայր Սբլէյնը աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք պէտք չէ ձեր անձին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրէք։ Որպէս միսիոնարներ, պէտք է մարդոց ուշադրութիւնը Եհովային դարձնէք։ Դուք հեզ հողէ ամաններ էք»։

(Բ. Կորնթացիս 6։13) Ուստի անոր հատուցում ընելու համար (իբրեւ որդիներուս կը խօսիմ ձեզի,) դուք ալ դէպի զիս լայն բացէք ձեր սրտերը։

դ09 11/1 24 ¶7

Շարունակէ եղբայրսիրութեան մէջ աճիլ

7 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ մեր մասին։ Ի՞նչպէս կրնանք եղբայրսիրութիւն ցուցաբերելու մէջ ‘մեր սրտերը լայն բանալ’։ Տարեկիցներ կամ նոյն էթնիքական ենթահողը ունեցողներ, բնականաբար իրարու կը մօտենան։ Եւ նոյն զբօսանքը սիրող անհատներ, յաճախ իրարու հետ շատ ժամանակ կ’անցընեն։ Սակայն, եթէ կարգ մը քրիստոնեաներու հետ մեր բաժնած հետաքրքրութիւնները մեզ ուրիշներէ կ’անջատեն, հարկ է որ ‘մեր սիրտը լայն բանանք’։ Մենք մեզի հարց տանք. ‘Մտերիմ խումբէս չեղող եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ քի՞չ անգամ ծառայութեան կամ ընկերային գործունէութիւններու կը մասնակցիմ։ Թագաւորութեան սրահին մէջ, նորեկներուն հետ հաղորդակցութիւնս կը սահմանափակե՞մ, խորհելով թէ ժամանակ պէտք է անցնի, որպէսզի բարեկամութիւնս շահին։ Ժողովքին մէջ, թէ՛ տարեցները եւ թէ դեռատիները կը բարեւե՞մ’։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 65

ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՄԻՆՉ Կ’ՈՒՂՂՈՒԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

ՄԱՏԹԷՈՍ 8։19-22 ՂՈՒԿԱՍ 9։51-62 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 7։2-10

• ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԾԻՔԸ ԻՐ ՄԱՍԻՆ

• ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸ ՈՐՔԱ՞Ն ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Որոշ ժամանակ, Յիսուս գլխաւորաբար կը քարոզէր Գալիլիայի մէջ, ուր մարդիկ իր պատգամին աւելի կ’ընդառաջէին քան՝ Հրէաստանի մարդիկը։ Ասկէ զատ, ‘հրեաները ա՛լ աւելի կը մտածէին զինք սպաննել’, քանի որ երբ Երուսաղէմի մէջ էր, Շաբաթ օրով մարդ մը բժշկած էր (Յովհաննէս 5։18. 7։1)։

Հիմա Ք.Ե. 32–ի աշունն է եւ Տաղաւարահարաց տօնը կը մօտենայ։ Այս տօնը եօթը օր կը տեւէ, իսկ ութերորդ օրը հանդիսաւոր հաւաքոյթ կ’ըլլայ։ Տօնը կը նշէ հողագործական տարուան աւարտը, ինչպէս նաեւ շատ ուրախանալու եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու ժամանակ է։

Յիսուսին խորթ եղբայրները,– Յակոբոսը, Սիմոնը, Յովսէսը եւ Յուդան,– իրեն կ’ըսեն. «Ելի՛ր ասկէ ու Հրէաստան գնա»։ Երուսաղէմը երկրին կրօնական կեդրոնն է եւ տարեկան երեք տօներուն ժամանակ մարդոցմով խճողուած կ’ըլլայ։ Անոր համար, Յիսուսին եղբայրները կ’ըսեն. «Մէկը չկայ որ ծածկաբար բան մը ընէ եւ ինք յայտնի ըլլալ ուզէ. եթէ դուն այդ բաները կ’ընես, ինքզինքդ աշխարհի յայտնէ» (Յովհաննէս 7։3, 4)։

Իրականութեան մէջ, Յիսուսին խորթ եղբայրները ‘չեն հաւատար’ որ ինք Մեսիան է։ Բայց եւ այնպէս, անոնք կ’ուզեն որ տօնին առթիւ հաւաքուած մարդիկը տեսնեն Յիսուսին հրաշալի գործերը։ Բայց Յիսուս, գիտնալով որ հոն իր կեանքին վրայ վտանգ կայ, կ’ըսէ. «Աշխարհ ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ’ատէ, վասն զի ես կը վկայեմ թէ իր գործերը չար են։ Դուք ելէ՛ք այս տօնին. ես դեռ չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած» (Յովհաննէս 7։5-8)։

Յիսուսին եղբայրները ճամբորդներու գլխաւոր խումբին հետ Երուսաղէմ կ’երթան, իսկ ատկէ քանի մը օր ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն հետ գաղտնաբար ճամբայ կ’ելլէ։ Անոնք Յորդանան գետի մօտէն անցնող սովորական ճամբան բռնելու տեղ, Սամարիայէն անցնող աւելի կարճ ճամբան կը բռնեն։ Եւ քանի՛ որ անոնք Սամարիայի մէջ պիտի գիշերեն, Յիսուս պատգամաւորներ կ’ուղարկէ, որ պատրաստութիւններ տեսնեն։ Բայց գիւղերէն մէկուն բնակիչները կը մերժեն Յիսուսը ընդունիլ կամ հիւրասիրել, քանի որ կը գիտնան որ ան Երուսաղէմ կ’երթայ հրեաներուն տօնին համար։ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը բարկացած կը հարցնեն. «Տէ՛ր, կ’ուզե՞ս որ ըսենք ու երկնքէն կրակ իջնէ ու սատկեցնէ զանոնք» (Ղուկաս 9։54)։ Յիսուս երկուքն ալ կը յանդիմանէ իրենց ըրած առաջարկին համար եւ ետքը իրենց ճամբան կը շարունակեն։

Ճամբուն վրայ, դպիրներէն մէկը Յիսուսին կ’ըսէ. «Վա՛րդապետ, ես քու ետեւէդ պիտի գամ ուր որ երթաս»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ» (Մատթէոս 8։19, 20)։ Ան ըսել կ’ուզէ որ եթէ դպիրը իր հետեւորդը դառնայ, նեղութիւններ պիտի քաշէ։ Այնպէս կ’երեւի որ դպիրը ա՛յնքան հպարտ է որ չի փափաքիր այս տեսակ կեանք վարել։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Սրտանց կ’ուզե՞մ Յիսուսին հետեւիլ’։

Ետքը Յիսուս ուրիշ մարդու մը կ’ըսէ. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան կը պատասխանէ. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր որ առաջ երթամ իմ հայրս թաղեմ»։ Անոր պարագաները գիտնալով, Յիսուս կ’ըսէ. «Թող տուր մեռելներուն որ թաղեն իրենց մեռելները, բայց դուն գնա՛ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ» (Ղուկաս 9։59, 60)։ Այնպէս կ’երեւի որ այդ մարդուն հայրը դեռ չէ մեռած, քանի որ եթէ մեռած ըլլար, մարդը իր հօր թաղումով պիտի զբաղէր եւ ոչ թէ հոն կայնած՝ Յիսուսին հետ պիտի խօսէր։ Ուրեմն, յստակ է որ ան պարզապէս պատրաստ չէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելու։

Մինչ Յիսուս եւ իր աշակերտները իրենց ճամբան կը շարունակեն դէպի Երուսաղէմ, ուրիշ մարդ մը իրեն կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ես քու ետեւէդ պիտի գամ, բայց ինծի հրաման տուր որ առաջ իմ տանս մէջ եղողներուն հրաժարական ողջոյնս տամ»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ» (Ղուկաս 9։61, 62)։

Անոնք՝ որոնք կ’ուզեն Յիսուսին ճշմարիտ աշակերտները ըլլալ, պէտք է իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն Թագաւորութեան գործին վրայ։ Եթէ հերկողը շարունակ իր դիմացը չնայի, արտին մէջ ծուռ ակօս կը բանայ։ Եւ եթէ ան մաճը ձգէ, որ նայի թէ իր ետեւը ի՛նչ կայ, արտին գործը կը դանդաղի։ Նոյնպէս, եթէ մէկը ետեւ նայի՝ այս հին դրութեան մէջ եղած բաներուն, յաւիտենական կեանքի տանող ճամբայէն կը շեղի։

◇ Յիսուսին չորս խորթ եղբայրները ի՞նչ կարծիք ունին իր մասին։

◇ Սամարացիները ինչո՞ւ Յիսուսը չեն ընդունիր, իսկ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը ի՞նչ կ’առաջարկեն ընել։

◇ Յիսուս ինչի՞ մասին կը խօսի երեք անհատներու հետ, եւ Աստուծոյ ծառայելու նկատմամբ ի՞նչ բան կը շեշտէ։

ՄԱՅԻՍ 13-19

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7-10

«Մեր օգնութեան աշխատանքները»

(Բ. Կորնթացիս 8։1-3) Արդ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կը ցուցնենք Աստուծոյ շնորհքը, որ Մակեդոնացիներու եկեղեցիներուն տրուած է. 2 որ նեղութեան մեծ փորձին մէջ իրենց ուրախութիւնը աւելցաւ եւ իրենց ծանր աղքատութեանը մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութեան մղուեցան։ 3 Վասն զի ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան չափովը ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամութեամբ։

w98 11/1 25 ¶1

«Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»

Առաջին, Պօղոս կորնթացիներուն պատմեց մակեդոնացիներուն մասին, որոնք լաւ օրինակ էին օգնութեան աշխատանքներուն թիկունք կանգնելու մէջ։ Պօղոս գրեց. «Նեղութեան մեծ փորձին մէջ իրենց ուրախութիւնը աւելցաւ եւ իրենց ծանր աղքատութեանը մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութեան մղուեցան»։ Պօղոս պէտք չունէր քանի մը անգամ անոնց յիշեցնելու որ օգնեն։ Ընդհակառակը, Պօղոս ըսաւ որ անոնք «յօժարակամութեամբ, կ’աղաչէին որ. . . օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք»։ Մակեդոնացիներուն առատաձեռնութիւնը գնահատելի է մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ անոնք անձամբ «ծանր աղքատութեան» մէջ էին, բայց ուրախութեամբ կու տային (Բ. Կոր. 8։2-4)։

թկ 236 ¶1

Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ

ՇՈՒՐՋ Ք.Ե. 46 թուականն է։ Հրէաստան սաստիկ սովի մէջ է։ Այնքա՛ն ահաւոր սղութիւն կայ որ հոն ապրող Քրիստոսի հրեայ աշակերտները նոյնիսկ քիչ մը ցորեն գնելու անկարող են։ Անոնք շատ անօթի են։ Բայց Եհովան իր ծառաները երեսի վրայ չէ ձգած։ Անոնք շուտով աննախընթաց կերպով պիտի զգան թէ իրենց Աստուածը որքա՜ն հոգատար է։ Ի՞նչ պիտի պատահի։

(Բ. Կորնթացիս 8։4) Կ’աղաչէին որ տուրքերը ու սուրբերուն համար եղած օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք։

թկ 236-237 ¶4-6

Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ

4 Կորնթացիներուն ուղղած իր երկրորդ նամակին մէջ, Պօղոս բացատրեց որ Աստուծոյ մատուցած քրիստոնեաներուն ծառայութիւնը երկու երեսակ ունի։ Թէեւ Պօղոսին նամակը ուղղուած էր միայն օծեալ քրիստոնեաներուն, բայց ներկայիս իր խօսքերը կը կիրարկուին Քրիստոսի «ուրիշ ոչխարներ»ուն ալ (Յովհ. 10։16)։ Մեր ծառայութեան մէկ երեսակը «հաշտութեան պաշտօնն» է, այսինքն՝ քարոզելու եւ ուսուցանելու մեր գործունէութիւնը (Բ. Կոր. 5։18-20. Ա. Տիմ. 2։3-6)։ Միւս երեսակը կը պարփակէ ծառայութիւն մը, որ մեր հաւատակիցներուն ի նպաստ կը կատարենք։ Պօղոս այդ ծառայութեան ակնարկեց՝ ըսելով. «Սուրբերուն համար եղած օգնութիւն» (Բ. Կոր. 8։4)։ «Հաշտութեան պաշտօն» եւ «սուրբերուն համար եղած օգնութիւն» արտայայտութիւններուն մէջ, «պաշտօն» եւ «օգնութիւն» բառերը յունարէն տի·ա·քո·նիա բառին մէկ ձեւին թարգմանութիւնն են։ Ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։

5 Երկու գործունէութիւններուն համար յունարէն նոյն բառը գործածելով, Պօղոս աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները դասեց քրիստոնէական ժողովքին կատարած միւս ծառայութիւններուն շարքին։ Ան առաջին նամակին մէջ արդէն նշած էր. «Պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց. . . միեւնոյն Հոգին կը ներգործէ [զանոնք]» (Ա. Կոր. 12։4-6, 11)։ Իրականութեան մէջ, Պօղոս ժողովքային զանազան ծառայութիւնները կապեց «սուրբ ծառայութեան» հետ (Հռով. 12։1, 6-8)։ Զարմանալի չէ որ ան յարմար տեսաւ իր ժամանակին մէկ մասը տրամադրել «սուրբերուն սպասաւորութիւն ընելու» (Հռով. 15։25, 26)։

6 Պօղոս կորնթացիներուն օգնեց տեսնելու համար թէ ինչո՛ւ աղէտէ տուժածներուն օգնելու աշխատանքները իրենց ծառայութեան եւ պաշտամունքին մաս կը կազմեն։ Նկատի առ իր տրամաբանական բացատրութիւնը. քրիստոնեաները օգնութիւն կը մատուցանեն, քանի որ «Քրիստոսի Աւետարանին կը հնազանդի[ն]» (Բ. Կոր. 9։13, Նոր աշխարհաբար թարգմանութիւն)։ Ուրեմն, Քրիստոսի ուսուցումները կիրարկելու փափաքը քրիստոնեաները կը մղէ իրենց հաւատակիցներուն օգնելու։ Պօղոս ըսաւ որ իրենց եղբայրներուն ի նպաստ քրիստոնեաներուն կատարած ազնիւ գործերը «Աստուծոյ գերազանց շնորհք»ը դրսեւորելու կերպեր են (Բ. Կոր. 9։14. Ա. Պետ. 4։10)։ Կարիքաւոր եղբայրներուն ծառայելու մասին խօսելով, Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1975 թիւը նշեց. «Բնաւ պէտք չէ կասկածինք թէ Եհովա Աստուած եւ իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս իսկապէս կարեւորութիւն կու տան այս տեսակի ծառայութեան»։ Արդարեւ, այս աշխատանքները սուրբ ծառայութեան արժէքաւոր մէկ մասն են (Հռով. 12։1, 7. Բ. Կոր. 8։7. Եբ. 13։16)։

(Բ. Կորնթացիս 9։7) Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ։

թկ 221 ¶10

Թագաւորութեան գործունէութիւններուն ֆինանսաւորումը

10 Նախ, կամաւոր նուիրատուութիւններ կ’ընենք, քանի որ Եհովան կը սիրենք եւ կ’ուզենք «իր առջեւ հաճելի եղած բաները» ընել (Ա. Յովհ. 3։22)։ Եհովա Աստուած իրապէս կ’ուրախանայ այն երկրպագուով, որ ամբողջ սրտով կու տայ։ Նկատի առնենք թէ Պօղոս առաքեալ այս նիւթին շուրջ ի՛նչ ըսաւ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Ճշմարիտ քրիստոնեան ո՛չ դժկամելով ոչ ալ ստիպմամբ կու տայ։ Փոխարէն ան կու տայ, քանի որ «սրտով կը յօժարի» տալու։ Այսինքն, ան կու տայ երբ կը նկատէ թէ նիւթական կարիք մը կայ եւ կը մտածէ թէ ատոր նկատմամբ ի՛նչ կրնայ ընել։ Այսպիսի տուող մը Եհովա Աստուծոյ համար սիրելի է, քանի որ «Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ Ուրիշ թարգմանութիւն մըն ալ կ’ըսէ, թէ «Աստուած կը սիրէ բոլոր անոնք՝ որոնք կը սիրեն տալ»։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Բ. Կորնթացիս 9։15) Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար։

դ16.01 12 ¶2

Աստուծոյ «անպատում պարգեւ»ը մեզ կը մղէ գործելու

2 Պօղոս գիտէր թէ Յիսուսի զոհը երաշխիք կու տայ, թէ Աստուծոյ հոյակապ խոստումները պիտի իրականանան (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։20)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուծոյ «անպատում պարգեւ»ը կը պարփակէ Յիսուսին զոհը եւ բոլոր այն բարութիւնն ու հաւատարիմ սէրը, որ Եհովան մեզի կը ցուցնէ։ Այս պարգեւը այնքա՛ն հիանալի է, որ բառերով չի բացատրուիր։ Այս հոյակապ պարգեւը ստանալը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեր վրայ։ Եւ այս պարգեւը պէտք է մեզ մղէ որ ի՞նչ գործնական քայլեր առնենք, մինչ կը պատրաստուինք Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը տօնելու՝ չորեքշաբթի 23 մարտ 2016–ին։

(Բ. Կորնթացիս 10։17) Բայց ան որ կը պարծենայ՝ թող Տէրոջմով պարծենայ։

g99 7/8 20-21

Հպարտանալը սխա՞լ է

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, kau·khaʹo·mai բայը, որ կը թարգմանուի՝ «հպարտանալ, ցնծալ, պարծենալ», կը գործածուի թէ՛ ժխտական եւ թէ դրական իմաստով։ Օրինակի համար, Պօղոս կ’ըսէ որ կրնանք ‘Աստուծոյ փառքին յոյսովը պարծիլ’։ Ան նաեւ կը պատուիրէ. «Ան որ կը պարծենայ՝ թող Տէրոջմով պարծենայ» (Հռով. 5։2. Բ. Կոր. 10։17)։ Ասիկա կը նշանակէ հպարտ ըլլալ, որ Եհովան մեր Աստուածն է։ Այս զգացումը կը ձգէ որ ցնծանք իր լաւ համբաւով։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 66

ՏԱՂԱՒԱՐԱՀԱՐԱՑ ՏՕՆԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 7։11-32

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Յիսուսին մկրտութեան վրայ տարիներ անցած են եւ արդէն շատեր լաւ կը ճանչնան զինք։ Հազարաւոր հրեաներ իր հրաշքները տեսած են եւ իր ըրածներուն մասին լուրեր տարածուած են ամբողջ երկրին մէջ։ Հիմա, Տաղաւարահարաց տօնին ժամանակ Երուսաղէմի մէջ, շատեր Յիսուսը կը փնտռեն։

Յիսուսին մասին տարբեր կարծիքներ կան։ Ոմանք կ’ըսեն. «Աղէկ մարդ է»։ Իսկ ուրիշներ կ’ըսեն. «Ոչ, հապա ժողովուրդը կը մոլորեցնէ» (Յովհաննէս 7։12)։ Յիսուսին մասին այս բաները կը խօսուին տօնին առաջին օրերուն ընթացքին։ Բայց մէ՛կը համարձակութիւն չունի բացէ ի բաց դրականօրէն խօսելու իր մասին, քանի որ բոլորը կը վախնան հրեայ առաջնորդներուն հակազդեցութենէն։

Տօնին ընթացքին, Յիսուս տաճար կ’երթայ։ Շատեր կը հիանան երբ կը տեսնեն, թէ ի՜նչ հոյակապ կերպով կը սորվեցնէ։ Եւ քանի՛ որ ան բնաւ չէ յաճախած ռաբունական դպրոցներ, հրեաները հարց կու տան. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ» (Յովհաննէս 7։15)։

Յիսուս կը բացատրէ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։ Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ» (Յովհաննէս 7։16, 17)։ Յիսուսին սորվեցուցածները ներդաշնակ են Աստուծոյ Օրէնքին հետ, ուրեմն յստակ է որ ոչ թէ իր փառքը կը փնտռէ, հապա՝ Աստուծոյ։

Ետքը Յիսուս կ’ըսէ. «Մովսէս չտուա՞ւ ձեզի օրէնքը ու ձեզմէ մէ՛կն ալ չի պահեր օրէնքը։ Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել»։ Ոմանք, որոնք թերեւս ուրիշ շրջաններէ եկած են Երուսաղէմ, լուր չունին որ կարգ մը հրեաներ ատանկ բան կը մտածեն։ Իրենց համար բնաւ տրամաբանական չի թուիր, որ մէկը պիտի ուզէ Յիսուսին պէս ուսուցիչ մը սպաննել։ Անոր համար, անոնք կ’եզրակացնեն որ Յիսուս սխալ բան մը ունի, որ ատանկ բան կ’ըսէ։ «Դեւ կայ քու ներսդ», անոնք կ’ըսեն։ «Ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել» (Յովհաննէս 7։19, 20)։

Իրականութեան մէջ, մէկուկէս տարի առաջ, հրեայ առաջնորդները ուզեցին Յիսուսը սպաննել, քանի որ Շաբաթ օրով մարդ մը բժշկեց։ Իսկ հիմա, Յիսուս միտք գրգռող կէտ մը կ’ըսէ, ցոյց տալու համար որ անոնք տրամաբանօրէն չեն դատեր։ Ան անոնց ուշադրութեան կը յանձնէ որ ըստ Օրէնքին, անոնք նորածին տղաքը կը թլփատեն ութերորդ օրը, նոյնիսկ եթէ այդ օրը Շաբաթ ըլլայ։ Ետքը կը հարցնէ. «Եթէ շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք որպէս զի Մովսէսին օրէնքը չքակուի, ինծի կը բարկանա՞ք որ ես շաբաթ օրը ամբողջ մարդ մը բժշկեցի։ Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք» (Յովհաննէս 7։23, 24)։

Երուսաղէմի բնակիչները, որոնք տեղեակ են թէ հրեայ առաջնորդները կ’ուզեն Յիսուսը սպաննել, կ’ըսեն. «Ասիկա ան չէ՞, որ [իշխանները] կը փնտռեն սպաննելու համար։ Ահա յայտնի կը խօսի ու բան մը չեն ըսեր անոր. միթէ իշխանները հասկցա՞ն թէ ասիկա ճշմարտապէս Քրիստոսն է»։ Անոնք ինչո՞ւ չեն հաւատար որ Յիսուս Քրիստոսն է։ Կ’ըսեն. «Մենք գիտենք թէ ուրկէ՛ է. բայց Քրիստոս երբ գայ, մէ՛կը պիտի չգիտնայ ուրկէ՛ ըլլալը» (Յովհաննէս 7։25-27)։

Յիսուս կը պատասխանէ. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։ Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց» (Յովհաննէս 7։28, 29)։ Առ ի արդիւնք, ոմանք կը փորձեն Յիսուսը բռնել, որ բանտարկեն կամ սպաննեն։ Բայց չեն յաջողիր, քանի որ Յիսուսին մեռնելու ժամանակը չէ եկած։

Բայց շատեր Յիսուսին կը հաւատան եւ անոր հաւատալու շատ պատճառներ ունին։ Ան ծովու ջուրերուն վրայ քալեց, հովը հանդարտեցուց, հրաշալիօրէն հազարաւորներ կերակրեց քանի մը հացով ու ձուկով, հիւանդները բժշկեց, կաղերը եւ կոյրերն ու բորոտները առողջացուց եւ նոյնիսկ մեռելներուն յարութիւն տուաւ։ Այո, անոնք ամէն պատճառ ունին հարց տալու. «Երբ Քրիստոս գայ, միթէ աւելի՞ նշաններ պիտի ընէ՝ քան անոնք որ ասիկա ըրաւ» (Յովհաննէս 7։31, ԱԾ)։

Երբ փարիսեցիները կը լսեն ժողովուրդին ըսածները, անոնք եւ քահանայապետները սպասաւորներ կը ղրկեն որ Յիսուսը բռնեն։

◇ Տօնին ժամանակ, մարդիկ ի՞նչ կ’ըսեն Յիսուսին մասին։

◇ Յիսուս ի՞նչ տրամաբանական կէտ յիշելով ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ Օրէնքը չի կտրեր։

◇ Ինչո՞ւ շատեր Յիսուսին կը հաւատան։

ՄԱՅԻՍ 20-26

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11-13

«Պօղոսին ‘մարմնի խայթոցը’»

(Բ. Կորնթացիս 12։7) Որպէս զի չըլլայ որ ես հպարտանամ խիստ շատ յայտնութիւններուն համար։ Ինծի մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը, զիս նեղելու համար, որպէս զի չըլլայ թէ հպարտանամ։

w08 6/15 3-4 ¶3

Զօրաւոր ըլլալ հակառակ տկարութիւններուն

Ուրիշ հաւատարիմ ծառայ մը՝ Պօղոսը, Եհովայէն խնդրեց որ վերցնէ իր «մարմնի խայթոց»ը, որ մնայուն խնդիր մըն էր։ Պօղոս առաքեալ երեք անգամ աղաչեց Աստուծոյ, որ ատկէ ազատի։ Այդ խնդիրը խայթոցի մը պէս նեղութիւն կու տար իրեն եւ կրնար Եհովայի ծառայութենէն եկած ուրախութիւնը խլել իրմէ։ Ատիկա կը նմանէր անդադար ապտակներ ստանալուն։ Եհովային պատասխանը այս էր. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Եհովան այդ խայթոցը չվերցուց եւ Պօղոս պէտք էր ատոր դէմ պայքարէր։ Բայց ան ըսաւ. «Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ» (Բ. Կոր. 12։7-10)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց։

(Բ. Կորնթացիս 12։8, 9) Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը, որ մէկդի ընէ ինձմէ։ 9 Ու ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։

դ07 1/1 16 ¶17-18

Եհովա ‘սուրբ հոգին կու տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն’

17 Պօղոսի աղօթքներուն ընդառաջելով՝ Աստուած իրեն ըսաւ. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Պօղոս նշեց. «Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի [«վրանի մը նման վրաս մնայ», ՆԱ]»։ (Բ. Կորնթացիս 12։9. Սաղմոս 147։5) Արդ, Պօղոս գիտակցեցաւ թէ Քրիստոսի միջոցաւ, Աստուծոյ հզօր պաշտպանութիւնը վրանի մը նման իր վրայ տարածուած էր։ Ներկայիս Եհովա նոյն կերպով մեր աղօթքներուն կը պատասխանէ։ Ան իր պաշտպանութիւնը վրանի մը պէս կը տարածէ իր ծառաներուն վրայ։

18 Անշուշտ վրանը չի կեցներ անձրեւին տեղալը կամ քամիին փչելը, բայց այս տարրերէն որոշ չափով կը պաշտպանէ։ Նոյնպէս, ‘Քրիստոսի զօրութեան’ հայթայթած պատսպարանը չի կեցներ փորձութիւններուն պատահիլը կամ դժուարութիւններուն բերուիլը մեզի դէմ։ Այսուհանդերձ, անիկա աշխարհի վնասակար տարրերէն եւ անոր կառավարիչին՝ Սատանայի յարձակումներէն հոգեւորապէս կը պաշտպանէ։ (Յայտնութիւն 7։9, 15, 16) Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ փորձութիւն մը կը դիմագրաւես որ քեզմէ ‘չի հեռանար’, կրնաս վստահ ըլլալ որ Եհովա քու մղած պայքարէդ տեղեակ է եւ «քու աղաղակիդ ձայնը» լսած է։ (Եսայեայ 30։19. Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Պօղոս գրեց. «Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել»։—Ա. Կորնթացիս 10։13. Փիլիպպեցիս 4։6, 7

(Բ. Կորնթացիս 12։10) Անոր համար համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ։

դ18.01 9 ¶8-9

«Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը»

8 Կարդա՛ Եսայի 40։30։ Նոյնիսկ եթէ շատ ձիրքեր ունինք, ամէն բան չենք կրնար ընել մե՛ր ուժով։ Բոլորս պէտք է ասիկա ըմբռնենք։ Թէեւ Պօղոս առաքեալ շատ մը բաներ կրնար ընել, բայց իր ամէ՛ն ուզածը չէր կրնար ընել։ Երբ իր հոգերը Աստուծոյ պատմեց, Աստուած իրեն ըսաւ. «Իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Պօղոս հասկցաւ կէտը, եւ ըսաւ. «Երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ» (Բ. Կոր. 12։7-10)։ Ի՞նչ ըսել ուզեց։

9 Պօղոս անդրադարձաւ որ ամէն բան չէր կրնար ընել իր ուժով։ Ան պէտք ունէր իրմէ աւելի զօրաւոր անձի մը օգնութեան։ Աստուծոյ սուրբ հոգին կրնար Պօղոսին զօրութիւն տալ երբ տկար ըլլար։ Ասկէ աւելին, սուրբ հոգին կրնար Պօղոսին պէտք եղած զօրութիւնը տալ, որ ընէ բաներ, որոնք իր անձնական ուժովը չէր կրնար ընել։ Մեր պարագան ալ նոյնն է։ Երբ Եհովան իր սուրբ հոգին մեզի տայ, իրապէս զօրաւոր պիտի ըլլանք։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Բ. Կորնթացիս 12։2-4) Մարդ մը կը ճանչնայի Քրիստոսով, որ տասնըչորս տարի առաջ (մարմինո՞վ էր՝ չեմ գիտեր, կամ առա՞նց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ), յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը։ 3 Ու կը ճանչնայի ուրիշ մարդ մը, (մարմնո՞վ թէ առանց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ,) 4 որ դրախտ յափշտակուեցաւ ու լսեց անպատմելի խօսքեր, որոնց մասին արժան չէ խօսիլ։

դ18.12 8 ¶10-12

Հարցումներ՝ ընթերցողներէն

Բ. Կորնթացիս 12։2–ին մէջ նշուած «երրորդ երկինքը» շատ հաւանաբար մեսիական Թագաւորութիւնն է՝ Յիսուս Քրիստոսին եւ 144,000–ին միջոցաւ, այսինքն՝ «նոր երկինքը» (Բ. Պետ. 3։13)։

Թագաւորութիւնը «երրորդ երկինք» կը կոչուի, քանի որ բարձրագոյն տեսակի իշխանութիւն մըն է։

«Դրախտ»ը, ուր Պօղոս տեսիլքին մէջ «յափշտակուեցաւ», շատ հաւանաբար կ’ակնարկէ՝ 1) գալիք բառացի երկրային Դրախտին. 2) հոգեւոր դրախտին որ այդ ժամանակ գոյութիւն պիտի ունենայ եւ հիմակուան հոգեւոր դրախտէն աւելի ճոխ պիտի ըլլայ. 3) երկինքի մէջ «Աստուծոյ դրախտ»ին, որ միեւնոյն ատեն գոյութիւն պիտի ունենայ նոր աշխարհին մէջ։

(Բ. Կորնթացիս 13։12) Բարեւ տուէք իրարու սուրբ համբոյրով։ Բարեւ կ’ընեն ձեզի բոլոր սուրբերը։

it-2 177

Համբոյր

«Սուրբ համբոյր»ը։ Առաջին դարու քրիստոնեաները իրար կը համբուրէին «սուրբ համբոյրով» (Հռով. 16։16. Ա. Կոր. 16։20. Բ. Կոր. 13։12. Ա. Թես. 5։26), կամ «սիրոյ համբոյրով» (Ա. Պետ. 5։14)։ Հաւանաբար նոյն սեռի պատկանող անհատներն էին որ այսպէս իրար կը համբուրէին։ Քրիստոնեաներուն միջեւ բարեւելու այս ձեւը կը նմանի հրեաներուն միջեւ համբոյրով մը բարեւելու սովորութեան։ Թէեւ Սուրբ Գրութիւնները մանրամասնութիւններ չեն տար «սուրբ համբոյր»ին կամ «սիրոյ համբոյր»ին մասին, բայց ատիկա բացայայտօրէն ցոյց կու տար, որ սէր ու միութիւն կար քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Յովհ. 13։34, 35)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 67

«ԵՐԲԵՔ ՄԷ՛ԿԸ ԱՅԴ ՄԱՐԴՈՒՆ ՊԷՍ ԽՕՍԱԾ ՉԷ»

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 7։32-52

• ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ Կ’ՈՒՂԱՐԿՈՒԻՆ ՅԻՍՈՒՍԸ ԲՌՆԵԼՈՒ

• ՆԻԿՈԴԷՄՈՍԸ ՅԻՍՈՒՍԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԸ ԽՕՍԻ

Յիսուս դեռ Երուսաղէմի մէջ է Տաղաւարահարաց տօնին առթիւ։ Ան ուրախ է որ ‘շատեր կը հաւատան իրեն’։ Անշուշտ հրեայ կրօնական առաջնորդները ուրախ չեն։ Անոնք Յիսուսը բռնելու համար կ’ուղարկեն սպասաւորներ, որոնք կը ծառայեն որպէս կրօնական ոստիկաններ (Յովհաննէս 7։31, 32)։ Բայց Յիսուս չի փորձեր անոնցմէ պահուըտիլ։

Ընդհակառակը, Յիսուս կը շարունակէ հանրապէս սորվեցնել Երուսաղէմի մէջ, ըսելով. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։ Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ» (Յովհաննէս 7։33, 34)։ Հրեաները չեն հասկնար թէ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ’ուզէ, անոր համար իրարու կը հարցնեն. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։ Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’» (Յովհաննէս 7։35, 36)։ Մինչդեռ Յիսուս կը խօսի իր մահուան, յարութեան եւ երկինք համբառնալուն մասին, ուր իր թշնամիները չեն կրնար երթալ։

Տօնին եօթներորդ օրն է։ Տօնին եօթը օրերուն, քահանայ մը ամէն առտու Սելովամի աւազանէն ջուր կ’առնէր ու տաճարի զոհասեղանին վրայ կը հոսեցնէր։ Հաւանաբար, մարդոց յիշեցնելով այս արարողութիւնը, Յիսուս բարձր ձայնով կ’ըսէ. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’» (Յովհաննէս 7։37, 38)։

Յիսուս այս խօսքերով կ’ըսէ թէ ինչ պիտի պատահի, երբ իր աշակերտները սուրբ հոգիով օծուին եւ երկնային կեանքի յոյսը ձեռք ձգեն։ Ասիկա տեղի պիտի ունենայ իր մահէն ետք, յաջորդ տարուան Պէնտէկոստէին։ Այդ օրը, հոգիէն օծուած աշակերտները պիտի սկսին ճշմարտութիւնը բաժնել մարդոց հետ եւ այդ ատեն «կենդանի ջուրի գետեր» պիտի սկսին բխիլ։

Այս խօսքերը լսելով՝ ոմանք կը պատասխանեն. «Իրաւցնէ ասիկա է մարգարէն»։ Այնպէս կ’երեւի որ անոնք ի մտի ունին Մովսէսէն աւելի մեծ մարգարէն, որուն մասին նախապէս գրուած էր։ Ուրիշներ կ’ըսեն. «Ասիկա է Քրիստոսը»։ Իսկ ուրիշներ ալ կ’ըսեն. «Միթէ Քրիստոսը Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ։ Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլեհէմէն պիտի գայ» (Յովհաննէս 7։40-42)։

Ուրեմն ժողովուրդը բաժնուած է։ Ճիշդ է որ ոմանք կ’ուզեն Յիսուսը ձերբակալել, բայց մէ՛կը չի համարձակիր այդ քայլը առնել։ Երբ սպասաւորները առանց Յիսուսին կը վերադառնան կրօնական առաջնորդներու քով, քահանայապետներն ու փարիսեցիները կը հարցնեն. «Ինչո՞ւ զանիկա հոս չբերիք»։ Սպասաւորները կը պատասխանեն. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ Այն ատեն առաջնորդները բարկացած՝ ծաղրական եւ անարգական ոճով կ’ըսեն. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։ Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր. բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են» (Յովհաննէս 7։45-49)։

Այդ ժամանակ, Նիկոդէմոսը որ փարիսեցի է ու Սենետրիոնի անդամ, համարձակօրէն Յիսուսին ի նպաստ կը խօսի։ Մօտ երկուքուկէս տարի առաջ, Նիկոդէմոս գիշերով Յիսուսին քով եկաւ եւ ցոյց տուաւ որ իրեն կը հաւատար։ Հիմա ան կ’ըսէ. «Միթէ մեր օրէնքը մարդ կը դատէ՞, եթէ առաջ անկէ բան մը չլսէ եւ չգիտնայ թէ ի՞նչ կ’ընէ»։ Անոնք պաշտպանողական ոճով կը պատասխանեն. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես. քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարգարէ չ’ելլեր» (Յովհաննէս 7։51, 52)։

Սուրբ Գրութիւնները ուղղակիօրէն չեն ըսեր, որ մարգարէ մը պիտի գար Գալիլիայէն։ Բայց Աստուծոյ Խօսքին մէկ մարգարէութիւնը ըսած էր, որ «Հեթանոսներու Գալիլիան» պիտի տեսնէր «մեծ լոյս» մը, ինչ որ ցոյց կու տար որ Քրիստոսը հոնկէ պիտի գար (Եսայի 9։1, 2. Մատթէոս 4։13-17)։ Ասկէ զատ, ինչպէս մարգարէացուած էր, Յիսուս ծնաւ Բեթլեհէմի մէջ եւ Դաւիթի սերունդէն է։ Թէեւ փարիսեցիները կրնայ ըլլալ որ ասիկա գիտեն, հաւանաբար իրե՛նք են որ Յիսուսին մասին սխալ գաղափարներ կը տարածեն մարդոց մէջ։

◇ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ ջուրի մասին, որ հաւանաբար մարդոց կը յիշեցնէ տօնի ժամանակ ամէն առտու կատարուող արարողութիւն մը։

◇ Ինչո՞ւ սպասաւորները չեն ձերբակալեր Յիսուսը, եւ կրօնական առաջնորդները ինչպէ՞ս կը հակազդեն։

◇ Ի՞նչը ցոյց կու տայ որ Քրիստոսը Գալիլիայէն պիտի գար։

Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11-13 | Պօղոսին «մարմնի խայթոց»ը

(Գաղատացիս 6։11, ԱԾ) Նայեցէ՛ք, ո՛րքան մեծ գիրերով գրեցի ձեզի՝ ի՛մ ձեռքովս։

ՄԱՅԻՍ 27–ՅՈՒՆԻՍ 2

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 1-3

«Անոր դէմ կեցայ»

(Գաղատացիս 2։11-13) Երբ Պետրոս Անտիոք եկաւ, ես անոր դէմ կեցայ. որովհետեւ ինք մեղադրելի էր։ 12 Վասն զի դեռ Յակոբոսին քովէն մէկ քանի հոգի չեկած, ինք հեթանոսներուն հետ անխտրաբար կ’ուտէր. բայց երբ եկան՝ մէկդի կը քաշուէր եւ ինքզինք կը զատէր, վախնալով թլփատուածներէն։ 13 Եւ անոր հետ կեղծաւորուեցան միւս Հրեաներն ալ, այնպէս որ Բառնաբաս ալ անոնց կեղծաւորութեանը հակեցաւ։

դ17.04 27 ¶16

Եհովային արդար աչքով կը նայի՞ս հարցերուն

16 Կարդա՛ Գաղատացիս 2։11-14։ Պետրոս մարդոց հանդէպ վախ ունեցաւ (Առ. 29։25)։ Ան գիտէր թէ Եհովան ի՛նչ կը մտածէր հեթանոսներուն մասին։ Բայց ան վախցաւ որ Երուսաղէմէն եկող հրեայ քրիստոնեաները գէշ կարծիք առնեն իր մասին։ Պօղոս առաքեալ Պետրոսին ըսաւ որ կեղծաւորութիւն կ’ընէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Ք.Ե. 49–ին՝ Երուսաղէմին մէջ ժողովին ընթացքին, Պօղոս տեսած էր թէ Պետրոս ինչպէ՛ս պաշտպանեց հրեայ չեղողները (Գործք 15։12)։ Լաւ, ի՞նչ ըրին այն ոչ–հրեայ քրիստոնեաները որոնք վիրաւորուեցան Պետրոսին ըրածէն։ Գայթակղեցա՞ն։ Պետրոս իր արժէքաւոր առանձնաշնորհումները պիտի կորսնցնէ՞ր այս սխալին պատճառաւ։

(Գաղատացիս 2։14) Բայց ես երբ տեսայ թէ աւետարանին ճշմարտութեանը մէջ շիտակ չեն քալեր, ամենուն առջեւ Պետրոսին ըսի. «Եթէ դուն, որ Հրեայ ես, հեթանոսի պէս ու ո՛չ թէ Հրեայի պէս կ’ապրիս, ի՞նչպէս հեթանոսները կը ստիպես Հրեայի պէս վարուելու»։

դ13 3/15 5 ¶12

Եհովան սիրողներուն համար «գայթակղութիւն չկայ»

12 Մարդոց հանդէպ վախը Պետրոսը մղեց որ ատեններ սխալներ գործէ։ Ասով հանդերձ, ան Յիսուսին եւ Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Օրինակի համար, ան հրապարակաւ իր Տէրը ուրացաւ ոչ թէ մէկ անգամ, այլ՝ երե՛ք անգամ (Ղուկ. 22։54-62)։ Յետագային, Պետրոս քրիստոնէավայել վերաբերմունք չցուցաբերեց, երբ հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներուն եւ հրեայ քրիստոնեաներուն նոյն աչքով չդիտեց։ Պօղոս առաքեալ սակայն, հարցերը յստակ կերպով դիտեց. ժողովքէն ներս դասակարգային խտրութիւն պէտք չէր ըլլար։ Պետրոս սխալ կեցուածք ունէր եւ ասիկա կրնար եղբայրութենէն ներս տարածուիլ։ Պօղոս երես–երեսի Պետրոսը խրատեց (Գաղ. 2։11-14)։ Արդեօք Պետրոս վիրաւորուած զգալով հրաժարեցա՞ւ կեանքի մրցավազքէն։ Ո՛չ։ Ան լրջօրէն նկատի առաւ Պօղոսի խրատը, զայն կիրարկեց եւ մրցավազքին մէջ մնաց։

Հոգեւոր գոհարներ փնտռել

(Գաղատացիս 2։20) Քրիստոսին հետ խաչը ելայ եւ ալ կենդանի եմ ո՛չ թէ ես, հապա Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս. բայց ես որ հիմա մարմնովս կ’ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց։

դ14 9/15 16 ¶20-21

Հաւատարմօրէն Աստուծոյ ծառայէ՝ հակառակ «շատ նեղութեան»

20 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ խորամանկ յարձակումներուն մասին։ Օրինակ, ինչպէ՞ս կրնանք վհատութեան զգացումին դէմ դնել։ Ասիկա ընելու ամէնէն ազդու կերպերէն մէկն է՝ փրկանքին վրայ խոկալ։ Պօղոս առաքեալ այս մէկը ըրաւ։ Ան երբեմն վհատած զգաց։ Բայց ան գիտէր թէ Քրիստոս մեռաւ՝ ոչ թէ կատարեալ մարդոց համար, հապա մեղաւորներու համար։ Եւ Պօղոս այդ մեղաւորներէն մէկն էր։ Իրականութեան մէջ, ան գրեց. «Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (Գաղ. 2։20)։ Այո, Պօղոս փրկանքը ընդունեց։ Ան գիտակցեցաւ թէ փրկանքը անձնապէս իրեն կը կիրարկուէր։

21 Այդ նոյն տեսակէտը,– փրկանքը Եհովայէն տրուած անձնական պարգեւ նկատելը,– կրնայ մեծապէս քեզի օգնել։ Ասիկա չի նշանակեր թէ վհատութիւնը անմիջապէս պիտի անհետանայ։ Որոշ տարողութեամբ, մեզմէ ոմանք թերեւս ստիպուին այս խորամանկ յարձակումին դէմ պատերազմիլ մինչեւ նոր աշխարհին գալը։ Բայց յիշէ՛. վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ անոնց՝ որոնք չեն յանձնուիր։ Որեւէ ժամանակէ աւելի մօտեցած ենք այն փառաւոր օրուան, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խաղաղութիւն պիտի հաստատէ եւ բոլոր հաւատարիմ մարդիկը կատարելութեան պիտի հասցնէ։ Վճռէ՛ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնել, նոյնիսկ եթէ շատ նեղութիւն պիտի կրես։

(Գաղատացիս 3։1) Ո՜վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հրապուրեց, որոնց աչքերուն առջեւ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջ խաչը ելած նկարագրուեցաւ։

it-1 880

Գաղատացիներ, նամակ

Պօղոսին բացագանչութիւնը՝ «Ո՜վ անմիտ Գաղատացիներ», չի փաստեր որ ան ի մտի ունէր միայն որոշ էթնիկ խումբ մը, որ Գաղատիայի հիւսիսը ապրող գաղղիացիներէն սերած էր (Գաղ. 3։1)։ Հապա՝ Պօղոս կը յանդիմանէր ժողովքներուն մէջ եղող կարգ մը անհատներ, քանի որ ազդուած էին հրէութիւն գործադրող քրիստոնեաներէն, որոնք կը փորձէին Մովսիսական օրէնքին գործերով արդարանալ, փոխանակ ‘հաւատքով արդարանալու’ նոր ուխտին միջոցով (2։15–3։14, 4։9, 10)։ Գաղատիոյ ժողովքներուն մէջ (1։2) կային թէ՛ հրեաներ եւ թէ ոչ–հրեաներ։ Հրեայ չեղողներուն մէջ կային նորահաւատներ ու չթլփատուածներ, եւ անկասկած կային նաեւ կելտեր (Գործք 13։14, 43. 16։1. Գաղ. 5։2)։ Անոնք բոլորը միասնաբար կը համարուէին Գաղատիոյ քրիստոնեաները, քանի որ անոնց ապրած վայրը Գաղատիա կը կոչուէր։ Նամակը ուղղուած էր Գաղատիոյ հարաւը ապրող այն անձերուն, որ Պօղոս լաւ կը ճանչնար, եւ ոչ թէ իրեն անծանօթ մարդոց, որոնք կ’ապրէին Գաղատիոյ հիւսիսը, ուր ըստ երեւոյթին ան բնա՛ւ չէր այցելած։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

յճ դաս 68

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻՆ «ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍՆ» Է

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 8։12-36

• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԹԷ Ո՛Վ Է ՈՐԴԻՆ

• ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԾԱՌԱՆԵՐ ԵՆ

Տաղաւարահարաց տօնին վերջին օրը՝ եօթներորդ օրը, Յիսուս կը սորվեցնէ տաճարին այն մասին մէջ, որ կը կոչուի «գանձատուն» (Յովհաննէս 8։20. Ղուկաս 21։1)։ Այնպէս կ’երեւի որ ատիկա կը գտնուի «Կիներու Գաւիթ»ին մէջ, ուր մարդիկ նուիրատուութիւններ կ’ընեն։

Տօնին ընթացքին, գիշերները, տաճարին այդ մասը յատկապէս լուսաւոր է։ Հոն չորս հսկայ աշտանակներ կան, եւ ատոնցմէ ամէն մէկը ունի իւղով լեցուած չորս մեծ աման։ Այս աշտանակներուն լոյսը այնքա՛ն զօրաւոր է, որ տաճարին շուրջ մեծ տարածութիւն կը լուսաւորէ։ Թերեւս մարդիկ այս տեսարանը կը յիշեն, երբ Յիսուս կ’ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ» (Յովհաննէս 8։12)։

Փարիսեցիները կ’առարկեն՝ ըսելով. «Դուն քու անձիդ համար կը վկայես, քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Թէեւ ես իմ անձիս համար կը վկայեմ, բայց իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, վասն զի գիտեմ ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՞ կու գամ եւ ո՞ւր կ’երթամ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Ձեր օրէնքին մէջ ալ գրուած է թէ՝ ‘Երկու մարդու վկայութիւնը ճշմարիտ է’։ Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար» (Յովհաննէս 8։13-18)։

Յիսուսին խօսքերը մերժելով, փարիսեցիները կը հարցնեն. «Ո՞ւր է քու Հայրդ»։ Յիսուս ուղղակի կը պատասխանէ. «Ո՛չ զիս կը ճանչնաք եւ ո՛չ՝ իմ Հայրս. եթէ զիս ճանչնայիք իմ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք» (Յովհաննէս 8։19)։ Ճիշդ է որ փարիսեցիները տակաւին կ’ուզեն Յիսուսը ձերբակալել, բայց մէ՛կը անոր չի դպչիր։

Այն ատեն Յիսուս կ’ըսէ բան մը, որ նախապէս ըսած էր. «Ես կ’երթամ ու զիս պիտի փնտռէք եւ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Ուր որ ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։ Հրեաները իր խօսքերը սխալ հասկնալով, հարց կու տան. «Միթէ ինքզինք պիտի մեռցնէ՞, որ կ’ըսէ թէ՝ ‘Ուր ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’»։ Անոնք չեն հասկնար թէ Յիսուս ինչ ըսել կ’ուզէ, քանի որ չեն գիտեր որ ան ուրկէ եկած է։ Յիսուս կը բացատրէ. «Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ» (Յովհաննէս 8։21-23)։

Յիսուս կը խօսի իր նախամարդկային գոյութեան մասին երկինքի մէջ եւ խոստացեալ Մեսիան կամ Քրիստոսը ըլլալուն մասին, որ պէտք էր այդ կրօնական առաջնորդները ճանչնային։ Մինչդեռ անոնք խիստ անարգական ոճով կ’ըսեն. «Դուն ո՞վ ես» (Յովհաննէս 8։25)։

Տեսնելով որ անոնք իրեն կը հակառակին ու կը մերժեն, Յիսուս կ’ըսէ. «Ինչո՞ւ ես ձեզի հետ կը խօսիմ»։ Բայց եւ այնպէս, ան անոնց ուշադրութիւնը իր Հօր վրայ կը դարձնէ եւ կը բացատրէ, որ ինչո՛ւ հրեաները պէտք է մտիկ ընեն Որդիին. «Ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է եւ ես ինչ որ իրմէ լսեցի, զանիկա կը խօսիմ աշխարհի» (Յովհաննէս 8։25, ՆԱ, 26)։

Ետքը Յիսուս կը յայտնէ իր Հօր հանդէպ իր վստահութիւնը, բան մը՝ որ այս հրեաները չունին. «Երբ Որդին մարդոյ բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ով եմ ու ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ. եւ զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ» (Յովհաննէս 8։28, 29)։

Բայց կարգ մը հրեաներ իրեն կը հաւատան, անոր համար անոնց կ’ըսէ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհաննէս 8։31, 32)։

Ոմանց համար, ազատելու գաղափարը տարօրինակ կը թուի։ Անոնք կ’առարկեն. «Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք. դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ՝ ‘Ազատ պիտի ըլլաք’»։ Հրեաները գիտեն որ ատեն–ատեն օտար տիրապետութեան տակ եղած են, բայց եւ այնպէս՝ կը մերժեն ծառայ կամ ստրուկ կոչուիլ։ Բայց Յիսուս կը յստակացնէ որ անոնք տակաւին ծառաներ են, ըսելով. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է’» (Յովհաննէս 8։33, 34)։

Հրեաները չեն ընդունիր որ մեղքի ծառայ են, անոր համար Յիսուս անոնց կ’ըսէ թէ ի՛նչ պիտի պատահի. «Ծառան տանը մէջ յաւիտեան չի մնար, բայց որդին յաւիտեան կը մնայ» (Յովհաննէս 8։35)։ Ծառան ժառանգութիւն ստանալու իրաւունք չունի եւ որեւէ ժամանակ կարելի է զինք տունէն դուրս դնել։ Միայն որդին կամ որդեգրուած որդին կրնայ տան մէջ «յաւիտեան» մնալ, այսինքն՝ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։

Ուրեմն, Որդիին մասին ճշմարտութիւնն է, որ մարդիկը յաւիտեան կ’ազատէ մահուան առաջնորդող մեղքէն։ Յիսուս կ’ըսէ. «Եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յովհաննէս 8։36)։

◇ Տօնին ընթացքին, գիշերները ի՞նչ յատուկ բան կ’ըլլայ, եւ ի՞նչ կապ կայ ատոր եւ Յիսուսին սորվեցուցածին միջեւ։

◇ Յիսուս ի՞նչ կ’ըսէ իր ուրկէ գալուն մասին եւ ատիկա ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ իր ով ըլլալը։

◇ Հրեաները ի՞նչ առումով ծառաներ են, բայց ո՞ր ճշմարտութիւնը զիրենք պիտի ազատէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել