Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 3/1 էջ 8-13
  • Մխիթարութեան համար Եհովայի նայինք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մխիթարութեան համար Եհովայի նայինք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մխիթարական Խոստում մը կը Կատարուի
  • Նոյէն Մեծ Մէկը
  • Ո՛ւր Գտնել Մխիթարութիւն
  • Խիստ Փորձութեան Ատեններ
  • Ո՞ւր կարելի է իսկական մխիթարութիւն գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • «Բոլոր սգաւորները մխիթարել»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Աստուած ինչպէ՞ս կը մխիթարէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Եհովայի զօրութեամբ մխիթարուեցէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 3/1 էջ 8-13

Մխիթարութեան համար Եհովայի նայինք

«Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 15։5

1. Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր օր իր հետ կը բերէ մխիթարութեան աւելի մեծ կարիք մը։

ԱՆՑՆՈՂ իւրաքանչիւր օր իր հետ կը բերէ մխիթարուելու յաւելեալ կարիք մը։ Ինչպէս որ աւելի քան 1,900 տարիներ առաջ Աստուածաշունչի գրող մը դիտել տուաւ, «բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։ (Հռովմայեցիս 8։22) Ներկայիս, ‘հառաչանքը’ ու ‘ցաւը’ որեւէ ժամանակէ աւելի շատցած են։ Առաջին Աշխարհամարտէն ի վեր, մարդկութիւնը տառապած է իրար յաջորդող տագնապներով. պատերազմներ, ոճիրներ ու բնական աղէտներ, որոնք յաճախ հետեւանքն են մարդուն կողմէ երկրի սխալ տնօրինութեան։—Յայտնութիւն 11։18

2. (ա) Մարդկութեան ներկայ վայերուն համար զո՞վ պէտք է մեղադրել ամենէ շատ։ (բ) Ո՞ր իրողութիւնը մխիթարութեան հիմ մը կը հայթայթէ մեզի։

2 Ինչո՞ւ ներկայիս այսքան շատ տառապանք կայ։ 1914–ին Թագաւորութեան ծնունդին յաջորդող Սատանայի երկինքէն վար ձգուիլը նկարագրելով, Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։12) Այդ մարգարէութեան կատարման յստակ ապացոյցը կը նշանակէ որ մենք Սատանայի ամբարիշտ իշխանութեան գրեթէ վերջաւորութեան հասած ենք։ Որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ երկրի վրայ կեանքը շուտով իր նախկին խաղաղ վիճակին պիտի դառնայ, որ Սատանան մեր առաջին ծնողքը ըմբոստութեան առաջնորդելէ առաջ գոյութիւն ունէր։

3. Մարդիկ ե՞րբ մխիթարութեան կարիքը չունէին։

3 Սկիզբը, մարդուն Ստեղծիչը մարդկային առաջին զոյգին գեղեցիկ պարտէզ մը հայթայթեց որպէս բնակավայր։ Անիկա կը գտնուէր շրջանի մը մէջ որ Եդեմ կը կոչուէր, ինչ որ «Բերկրանք» կամ «Հաճոյք» կը նշանակէ։ (Ծննդոց 2։8) Ասկէ զատ, Ադամն ու Եւան կատարեալ առողջութիւն կը վայելէին, բնաւ չմեռնելու հեռանկարով։ Վայրկեան մը խորհեցէք թէ որքան բազմաթիւ մարզերու մէջ կրնային իրենց հմտութիւնները զարգացնել. պարտիզպանութիւն, արուեստագիտութիւն, շինարարութիւն, երաժշտութիւն։ Խորհեցէք նաեւ այն բոլոր ստեղծագործութիւններուն մասին, զորս կրնային ուսումնասիրել, մինչ կը կատարէին երկրին տիրելու ու զանիկա դրախտի մը վերածելու իրենց յանձնարարութիւնը։ (Ծննդոց 1։28) Արդարեւ, Ադամի ու Եւայի կեանքերը պիտի լեցուէին, ոչ թէ հառաչանքով ու ցաւով, այլ՝ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ։ Յստակօրէն, անոնք մխիթարութեան կարիքը պիտի չունենային։

4, 5. (ա) Ադամ ու Եւա հնազանդութեան փորձին մէջ ինչո՞ւ ձախողեցան։ (բ) Մարդկութիւնը ի՞նչպէս մխիթարութեան կարիքը ունեցաւ։

4 Սակայն, Ադամ ու Եւա իրենց ազնիւ երկնաւոր Հօր հանդէպ խոր սէր ու գնահատութիւն մշակելու կարիքը ունէին։ Այսպիսի սէր մը զիրենք պիտի մղէր որ Աստուծոյ հնազանդէին բոլոր պարագաներու ներքեւ։ (Բաղդատել՝ Յովհաննու 14։31։) Դժբախտաբար, մեր առաջին ծնողքը իրենց իրաւազօր Գերիշխանին՝ Եհովայի, չհնազանդեցան։ Փոխարէն, անոնք իրենց անձերուն թոյլ տուին որ նուաստացած հրեշտակի մը՝ Բանսարկու Սատանային, ամբարիշտ իշխանութեան ներքեւ գան։ Սատանա՛ն էր որ Եւան փորձեց որ մեղանչէ ու արգիլուած պտուղէն ուտէ։ Յետոյ Ադամ մեղանչեց երբ ինքն ալ կերաւ այն պտուղէն, որու նկատմամբ Աստուած յստակօրէն ազդարարած էր. «Այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։—Ծննդոց 2։17

5 Այս կերպով, մեղաւոր զոյգը սկսաւ մեռնիլ։ Երբ մահուան վճիռը կ’արձակէր, Աստուած Ադամին նաեւ ըսաւ. «Երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես»։ (Ծննդոց 3։17, 18) Այսպէս, Ադամ ու Եւա անմշակ երկիրը դրախտի մը վերածելու հեռանկարը կորսնցուցին։ Եդեմէն վռնտուելով, հարկ էր որ անոնք իրենց կորովը կեդրոնացնէին անիծեալ երկրէն իրենց կերակուրը դժուարութեամբ ձեռք ձգելու վրայ։ Անոնցմէ սերած զաւակները, այս մեղաւոր, մահկանացու վիճակը ժառանգելով, մխիթարութեան մեծ կարիք ունեցան։—Հռովմայեցիս 5։12

Մխիթարական Խոստում մը կը Կատարուի

6. (ա) Մարդկութիւնը մեղքի մէջ իյնալէն յետոյ Աստուած մխիթարական ի՞նչ խոստում տուաւ։ (բ) Ղամէք մխիթարութեան մասին ի՞նչ մարգարէացաւ։

6 Երբ մարդը ըմբոստութեան հրահրողը կը դատապարտէր, Եհովա փաստեց որ ինք «մխիթարութեան Աստուած» էր։ (Հռովմայեցիս 15։5) Ան ասիկա ըրաւ, խոստանալով «սերունդ» մը ղրկել, որ ի վերջոյ Ադամի սերունդը պիտի ազատագրէր անոր ըմբոստութեան աղիտալի ազդեցութիւններէն։ (Ծննդոց 3։15) Յարմար ժամանակին, Աստուած նաեւ այս ազատագրութեան նախաշողեր հայթայթեց։ Օրինակի համար, ան Ղամէքը՝ Սէթ որդիէն Ադամի հեռաւոր մէկ շառաւիղը՝ ներշնչեց, որ Ղամէքի որդւոյն ընելիքը մարգարէանար. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ մեր գործերէն ու մեր ձեռքերուն աշխատութենէն, որ Տէրոջը անիծած երկրին պատճառով կը կրենք»։ (Ծննդոց 5։29) Այս խոստումին հետ ներդաշնակ ըլլալով, այդ որդին Նոյ կոչուեցաւ, որ կը նշանակէ «Հանգստութիւն» կամ «Մխիթարութիւն»։

7, 8. (ա) Ի՞նչ պարագայ մղեց Եհովան որ զղջայ մարդը ստեղծելուն, ու Ան ի՞նչ ընել նպատակադրեց։ (բ) Նոյ ի՞նչպէս իր անուան իմաստին համաձայն ապրեցաւ։

7 Այս միջոցին, Սատանան հետեւորդներ կը շահէր երկնային հրեշտակներուն մէջէն։ Ասոնք մարդկային մարմիններ հագան ու ամուսնացան Ադամէ սերած գեղեցիկ կիներու հետ։ Այսպիսի անբնական ամուսնութիւններ ա՛լ աւելի ապականեցին մարդկային ընկերութիւնը ու յառաջ բերին Նեֆիլիմներու՝ «տապալիչներ»ու՝ անաստուած սերունդ մը, որոնք երկիրը բռնութեամբ լեցուցին։ (Ծննդոց 6։1, 2, 4, 11. Յուդա 6) «Տէրը երբ տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ . . . Տէրը երկրի վրայ մարդը ստեղծելուն զղջաց ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ»։—Ծննդոց 6։5, 6

8 Եհովա նպատակադրեց այդ ամբարիշտ աշխարհը կործանել երկրածաւալ ջրհեղեղով մը, սակայն նախ Նոյի պատուիրեց որ կեանքը պահպանելու համար տապան մը շինէ։ Այսպիսով, մարդկային ցեղը ու անասնական տեսակները փրկուեցան։ Ջրհեղեղէն ետք Նոյ ու իր ընտանիքը որքա՜ն ամոքուած ըլլալու էին տապանէն դուրս գալով մաքրուած երկրի մը վրայ։ Որքա՜ն մխիթարական էր տեսնել թէ անէծքը երկրէն վերցուած էր, երկրագործութիւնը շատ աւելի հեշտացնելով։ Իրապէս, Ղամէքի մարգարէութիւնը շիտակ ելաւ, ու Նոյ իր անուան իմաստին համաձայն ապրեցաւ։ (Ծննդոց 8։21) Աստուծոյ հաւատարիմ ծառան ըլլալով, Նոյ մարդկութեան որոշ չափով «մխիթարութիւն» բերելու միջոց մը եղաւ։ Սակայն, Սատանայի ու իր դիւային հրեշտակներուն ազդեցութիւնը Ջրհեղեղով վերջ չգտաւ, եւ մարդկութիւնը կը շարունակէ հառաչել մեղքի, հիւանդութեան ու մահուան բեռին ներքեւ։

Նոյէն Մեծ Մէկը

9. Յիսուս ի՞նչպէս օգնական ու մխիթարիչ մը եղաւ զղջացող մարդոց։

9 Ի վերջոյ, մարդկային պատմութեան շուրջ 4,000 տարիներու վերջաւորութեան, խոստացեալ Սերունդը ժամանեց։ Մարդկութեան հանդէպ մեծ սէրէ մղուած, Եհովա Աստուած իր միածին Որդին երկիր ղրկեց մեղաւոր մարդկութեան համար որպէս փրկանք մեռնելու։ (Յովհաննու 3։16) Յիսուս Քրիստոս մեծ ամոքում կը բերէ իր զոհաբերական մահուան հաւատք ի գործ դնող, զղջացած մեղաւորներուն։ Բոլոր անոնք որոնք իրենց կեանքը Եհովայի կը նուիրեն ու իր Որդւոյն մկրտուած աշակերտները կ’ըլլան, մնայուն հանգստութիւն ու մխիթարութիւն կը գտնեն։ (Մատթէոս 11։28–30. 16։24) Հակառակ իրենց անկատարութեան, անոնք մաքուր խղճմտանքով Աստուծոյ ծառայելու մէջ խոր ուրախութիւն կը գտնեն։ Անոնց համար որքա՜ն մխիթարական է գիտնալ որ եթէ շարունակեն Յիսուսի հաւատալ, յաւիտենական կեանքով պիտի վարձատրուին։ (Յովհաննու 3։36. Եբրայեցիս 5։9) Եթէ տկարութեան պատճառաւ անոնք լուրջ մեղք մը գործեն, այդ պարագային բարեխօս կամ մխիթարիչ մը ունին, որ յարուցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոսն է։ (Ա. Յովհաննու 2։1, 2) Այսպիսի մեղք մը խոստովանելով ու մեղք գործողներ ըլլալէ խուսափելու համար հարկ եղած սուրբ գրային քայլերը առնելով, անոնք հանգստութիւն կը գտնեն, գիտնալով որ ‘Աստուած հաւատարիմ ու արդար է իրենց մեղքերուն թողութիւն տալու’։—Ա. Յովհաննու 1։9. 3։6. Առակաց 28։13

10. Երկրի վրայ եղած ատեն Յիսուսի կատարած հրաշքներէն ի՞նչ կը սորվինք։

10 Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս դիւահարները ազատագրելով, ամէն տեսակի հիւանդութիւնները բուժելով ու մեռած սիրելիները յարուցանելով ալ հանգստութիւն բերաւ։ Ճիշդ է որ այսպիսի հրաշքներ միայն ժամանակաւոր օգուտներ ունէին, որովհետեւ այս հրաշքներէն օգտուողները ի վերջոյ ծերացան ու մեռան։ Այսուհանդերձ, Յիսուս ատոնց միջոցաւ ցոյց տուաւ այն մնայուն օրհնութիւնները, զորս պիտի տեղացնէ բոլոր մարդկութեան վրայ։ Ներկայիս երկնային հզօր Թագաւոր մը ըլլալով, ան շուտով պարզապէս դեւերը վռնտելէն շատ աւելին պիտի ընէ։ Ան զանոնք, իրենց առաջնորդին՝ Սատանայի՝ հետ մէկտեղ, անդունդի մէջ անգործութեան պիտի մատնէ։ Անկէ ետք, Քրիստոսի Հազարամեայ փառաւոր Իշխանութիւնը պիտի սկսի։—Ղուկաս 8։30, 31. Յայտնութիւն 20։1, 2, 6

11. Յիսուս ինքզինք ինչո՞ւ ‘շաբաթին տէրը’ կոչեց։

11 Յիսուս ըսաւ որ ինք «շաբաթին տէրն» էր, ու իր բուժումներուն մեծամասնութիւնը Շաբաթ օրով կատարեց։ (Մատթէոս 12։8–13. Ղուկաս 13։14–17. Յովհաննու 5։15, 16. 9։14) Ինչո՞ւ արդեօք։ Շաբաթը Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքին մէկ մասն էր ու ծառայեց որպէս «գալիք բարիքներուն շուք»ը։ (Եբրայեցիս 10։1) Շաբթուան աշխատանքի վեց օրերը մեզի կը յիշեցնեն մարդուն անցեալ 6,000 տարիներու գերութիւնը՝ Սատանայի հարստահարիչ իշխանութեան ներքեւ։ Շաբաթավերջուան Շաբաթ օրը մեզի կը յիշեցնէ այն հանգստութիւնը, զոր մարդկութիւնը պիտի վայելէ Մեծագոյն Նոյի՝ Յիսուս Քրիստոսի, Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։—Բաղդատել՝ Բ. Պետրոս 3։8։

12. Մխիթարական ի՞նչ փորձառութիւններ կրնանք ակնկալել։

12 Քրիստոսի իշխանութեան երկրային հպատակները ի՜նչ հանգստութիւն պիտի զգան, երբ վերջապէս բոլորովին ազատագրուին Սատանայի ամբարիշտ ազդեցութենէն։ Անոնք յաւելեալ մխիթարութիւն պիտի ստանան, երբ բուժուին իրենց ֆիզիքական, զգացական ու մտային անհանգստութիւններէն։ (Եսայեայ 65։17) Ապա, երեւակայեցէք անոնց գերցնծութիւնը, երբ սկսին իրենց յարուցեալ սիրելիները դիմաւորել։ Այս կերպերով Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ»։ (Յայտնութիւն 21։4) Մինչ Յիսուսի փրկանքի զոհագործութեան օգուտները աստիճանաբար կը կիրարկուին, Աստուծոյ Թագաւորութեան հնազանդ հպատակները կատարելութեան պիտի հասնին, ամբողջովին ազատագրուելով Ադամի մեղքին բոլոր գէշ ազդեցութիւններէն։ (Յայտնութիւն 22։1–5) Անկէ ետք, Սատանան պիտի արձակուի «կարճ ժամանակուան մը համար»։ (Յայտնութիւն 20։3, 7) Այն բոլոր մարդիկը որոնք Եհովայի արդար գերիշխանութեան հաւատարմօրէն զօրավիգ կը կանգնին, յաւիտենական կեանքով պիտի վարձատրուին։ Երեւակայեցէ՜ք ‘ապականութեան ծառայութենէն բոլորովին ազատուելու’ անպատում ուրախութիւնն ու հանգստութիւնը։ Այս կերպով, հնազանդ մարդկութիւնը ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ պիտի վայելէ։—Հռովմայեցիս 8։21

13. Ինչո՞ւ բոլոր Քրիստոնեաները Աստուծոյ հայթայթած մխիթարութեան կարիքը ունին։

13 Մինչ այդ, կը շարունակենք ենթարկուիլ Սատանայի ամբարիշտ դրութեան մէջ բոլոր ապրողներուն հասարակաց եղող հառաչանքին ու ցաւին։ Ֆիզիքական հիւանդութիւններու եւ զգացական խանգարումներու աւելնալը կ’ազդէ ամէն տեսակ մարդոց, մէջը ըլլալով հաւատարիմ Քրիստոնեաներուն։ (Փիլիպպեցիս 2։25–27. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Ասկէ զատ, որպէս Քրիստոնեաներ յաճախ կը տառապինք անիրաւ ծաղրանքէ ու հալածանքէ, զորս Սատանան մեր վրայ կը կուտակէ, քանի որ ‘առաւել Աստուծոյ կը հնազանդինք քան թէ՝ մարդոց’։ (Գործք 5։29) Հետեւաբար, եթէ Աստուծոյ կամքը ընելու մէջ պիտի յարատեւենք մինչեւ Սատանայի աշխարհին վախճանը, Անոր հայթայթած մխիթարութեան, օգնութեան ու զօրութեան կարիքը ունինք։

Ո՛ւր Գտնել Մխիթարութիւն

14. (ա) Յիսուս իր մահուան նախորդող գիշերը ի՞նչ խոստացաւ։ (բ) Եթէ Աստուծոյ սուրբ հոգիին հայթայթած մխիթարութենէն լիովին կ’ուզենք օգտուիլ, ի՞նչ բան անհրաժեշտ է։

14 Իր կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալներուն յստակօրէն բացատրեց որ ինք շուտով պիտի ձգէր զիրենք ու իր Հօրը քով պիտի վերադառնար։ Ասիկա զիրենք խռովեցուց ու տրտմեցուց։ (Յովհաննու 13։33, 36. 14։27–31) Գիտակցելով որ անոնք շարունակաբար մխիթարուելու կարիքը ունէին, Յիսուս խոստացաւ. «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի»։ (Յովհաննու 14։16) Հոս, Յիսուս կ’ակնարկէր Աստուծոյ սուրբ հոգիին, որ իր աշակերտներուն վրայ թափուեցաւ իր յարութենէն 50 օր ետք։a Ուրիշ բաներու կողքին, Աստուծոյ հոգին զանոնք մխիթարեց փորձութիւններու ատեն ու զօրացուց, որպէսզի շարունակեն Աստուծոյ կամքը կատարել։ (Գործք 4։31) Սակայն, այսպիսի օգնութիւն ինքնաբերաբար չի գար։ Անկէ լիովին օգտուելու համար, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ պէտք է շարունակէ աղօթել իր սուրբ հոգիին միջոցաւ Աստուծոյ հայթայթած մխիթարական օգնութիւնը ստանալու համար։—Ղուկաս 11։13

15. Ի՞նչ են այն կերպերէն ոմանք, որոնցմով Եհովա մխիթարութիւն կը հայթայթէ մեզի։

15 Ուրիշ կերպ մը որով Աստուած մխիթարութիւն կը հայթայթէ՝ իր Խօսքին, Աստուածաշունչին, միջոցաւ է։ Պօղոս գրեց. «Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք»։ (Հռովմայեցիս 15։4) Ասիկա ցոյց կու տայ որ կարիքը ունինք Աստուածաշունչին ու անոր վրայ հիմնուած գրականութիւններուն մէջ գրուածները կանոնաւորաբար ուսումնասիրելու ու անոնց վրայ խոկալու։ Կարիքը ունինք նաեւ քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելու, ուր Աստուծոյ Խօսքէն մխիթարական գաղափարներ կը ներկայացուին։ Այս հանդիպումներու գլխաւոր նպատակներէն մէկը զիրար յորդորել է։—Եբրայեցիս 10։25

16. Աստուծոյ մխիթարական կարգադրութիւնները ի՞նչ բան ընելու պէտք է մղեն մեզ։

16 Հռովմայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս կը շարունակէ ցոյց տալ այն հոյակապ արդիւնքները զորս ձեռք կը ձգենք, երբ մեզ մխիթարելու համար Աստուծոյ ըրած կարգադրութիւններէն կ’օգտուինք։ «Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը», գրեց Պօղոս, «ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս, որպէս զի մէկ սրտով ու մէկ բերնով փառաւորէք Աստուած՝ մեր Տէրոջը՝ Յիսուս Քրիստոսին Հայրը»։ (Հռովմայեցիս 15։5, 6) Այո, Աստուծոյ ըրած մխիթարական հայթայթումներէն լիովին օգտուելով, ա՛լ աւելի պիտի նմանինք մեր խիզախ Առաջնորդին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Ասիկա մեզ պիտի մղէ որ շարունակենք մեր բերանները գործածել, որպէսզի Աստուած փառաւորենք մեր վկայութեան գործին ու ժողովներուն մէջ, հաւատակիցներուն հետ խօսած ատեն ու մեր աղօթքներուն մէջ։

Խիստ Փորձութեան Ատեններ

17. Եհովա իր Որդին ի՞նչպէս մխիթարեց եւ ի՛նչ արդիւնքով։

17 Յիսուս ‘վշտացաւ’ ու ‘մեռնելու չափ տրտմեցաւ’ իր տառապալից մահուան նախորդող գիշերը։ (Մատթէոս 26։37, 38) Ուստի ան իր աշակերտներէն հեռանալով քիչ մը անդին գնաց ու օգնութեան համար իր Հօրը աղօթեց։ «[Ան] լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով»։ (Եբրայեցիս 5։7) Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ թէ «երկնքէն հրեշտակ մը երեւցաւ [Յիսուսի] եւ զօրացուց զանիկա»։ (Ղուկաս 22։43) Իր հակառակորդները դիմագրաւելու Յիսուսի խիզախ ու առնական կեցուածքը կ’ապացուցանէ որ իր Որդին մխիթարելու Աստուծոյ կերպը շատ ազդու եղած էր։—Յովհաննու 18։3–8, 33–38

18. (ա) Պօղոս առաքեալի կեանքին ո՞ր ժամանակաշրջանը յատկապէս նեղութեամբ լեցուն էր։ (բ) Ի՞նչպէս կրնանք ծանր աշխատող, կարեկից երէցներուն մխիթարութեան աղբիւր մը ըլլալ։

18 Պօղոս առաքեալ ալ սաստիկ փորձութեան պահեր ունեցաւ։ Օրինակի համար, Եփեսոսի մէջ իր ծառայութիւնը յատկանշուեցաւ «շատ արցունքով ու փորձութիւններով որ Հրեաներու նենգութիւնով [իրեն] պատահեցան»։ (Գործք 20։17–20) Ի վերջոյ, Պօղոս լքեց Եփեսոսը, իր քարոզչական գործունէութեան պատճառով Արտեմիս չաստուածուհիին հետեւորդները քաղաքին մէջ խռովութիւն հանելէ ետք։ (Գործք 19։23–29. 20։1) Մինչ Պօղոս դէպի հիւսիս Տրովադա քաղաքը կ’ուղղուէր, բան մը կար որ զինք շատ կը մտահոգէր։ Եփեսոսի մէջ պատահած խռովութենէն քիչ առաջ, ան վրդովեցուցիչ տեղեկագրութիւն մը ստացած էր։ Կորնթոսի նորակազմ ժողովքին մէջ երկպառակութիւններ կային ու անոնք պոռնկութեան կը հանդուրժէին։ Ուստի Եփեսոսէն՝ Պօղոս խիստ յանդիմանական նամակ մը գրած էր, յուսալով որ կացութիւնը շտկուէր։ Ասիկա իրեն համար դիւրին բան մը չէր։ Հետագային, երկրորդ նամակով մը ան յայտնեց. «Շատ նեղութենէ եւ սրտի տագնապէ ես ձեզի գրեցի շատ արցունքով»։ (Բ. Կորնթացիս 2։4) Պօղոսի նման, կարեկից երէցներու համար ալ դիւրին չէ զգաստացուցիչ խրատներ ու յանդիմանութիւններ տալ, մասամբ, քանի որ անոնք խորապէս կը գիտակցին իրենց տկարութիւններուն։ (Գաղատացիս 6։1) Հետեւաբար, թող որ մենք ալ մխիթարութիւն ըլլանք մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ու սիրալիր խրատներուն անմիջապէս ընդառաջելով։—Եբրայեցիս 13։17

19. Պօղոս ինչո՞ւ Տրովադայէն Մակեդոնիա անցաւ, ու ի վերջոյ ան ի՞նչպէս հանգստութիւն գտաւ։

19 Մինչ Եփեսոսի մէջ էր, Պօղոս ոչ միայն Կորնթոսի մէջ եղող եղբայրներուն նամակ գրեց, այլեւ Տիտոսը ղրկեց անոնց օգնելու, անոր յանձնարարելով որ իր նամակին հանդէպ անոնց ցուցաբերած ընդառաջումը իրեն տեղեկագրէ։ Պօղոս կը յուսար Տրովադայի մէջ Տիտոսին հանդիպիլ։ Հոն, Պօղոս աշակերտելու հոյակապ պատեհութիւններ ունեցաւ։ Սակայն ասիկա իր մտահոգութիւնը չփարատեց, քանի որ տակաւին Տիտոս չէր ժամանած։ (Բ. Կորնթացիս 2։12, 13) Ուստի ան Մակեդոնիա ճամբորդեց, յուսալով հոն Տիտոսին հանդիպիլ։ Պօղոսի մտահոգութիւնը չափազանց աւելցաւ, երբ իր ծառայութեան դէմ սաստիկ հակառակութիւն եղաւ։ Ան բացատրեց. «Երբ մենք Մակեդոնիա հասանք, բնաւ մեր մարմինը հանգստութիւն չունեցաւ այլ ամէն կողմէ նեղութիւն քաշեցինք. դուրսէն պատերազմներ կային ու ներսէն՝ վախեր։ Բայց Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց Տիտոսին գալովը»։ (Բ. Կորնթացիս 7։5, 6) Ի՜նչ հանգստութիւն, երբ ի վերջոյ Տիտոս ժամանեց ու պատմեց Պօղոսի՝ իր նամակին հանդէպ Կորնթացիներու ցուցաբերած դրական ընդառաջումը։

20. (ա) Պօղոսի պարագային նման, ուրիշ ի՞նչ կարեւոր կերպ մը կայ, որու միջոցաւ Եհովա մխիթարութիւն կը հայթայթէ։ (բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնուի։

20 Պօղոսի փորձառութիւնը ներկայիս կը մխիթարէ Աստուծոյ ծառաները, որոնցմէ շատեր ալ փորձութիւններ կը դիմագրաւեն, որոնք պատճառ կ’ըլլան որ անոնք ‘սրտաբեկին’։ (Նոր Աշխարհաբար Թարգմանութիւն) Այո, ‘մխիթարութեան Աստուածը’ գիտէ մեր անձնական կարիքները ու կրնայ մեզ գործածել զիրար մխիթարելու համար, ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս մխիթարուեցաւ Կորնթացիներու զղջացած ըլլալուն մասին Տիտոսի բերած տեղեկագրութեամբ։ (Բ. Կորնթացիս 7։11–13) Մեր յաջորդ յօդուածին մէջ, նկատի պիտի առնենք Կորնթացիներուն գրած Պօղոսի ջերմ պատասխանը եւ թէ ատիկա ինչպէ՛ս կրնայ օգնել մեզի, որ ներկայիս Աստուծոյ հայթայթած մխիթարութիւնը ազդու կերպով ուրիշներու հետ բաժնենք։

[Ստորանիշ]

a Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն համար, Աստուծոյ սուրբ հոգիին գլխաւոր գործունէութիւններէն մէկն էր զանոնք օծել որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդեգիրներ ու Յիսուսի եղբայրներ։ (Բ. Կորնթացիս 1։21, 22) Ասիկա վերապահուած է միմիայն Քրիստոսի 144,000 աշակերտներուն։ (Յայտնութիւն 14։1, 3) Ներկայիս, Քրիստոնեաներու մեծամասնութեան դիմաց դրուած է երկրային դրախտի մը մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Թէեւ օծեալներ չեն, սակայն անոնք ալ կը ստանան Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը։

Կրնա՞ք Պատասխանել

◻ Մարդկութիւնը ի՞նչպէս մխիթարութեան կարիքը ունեցաւ։

◻ Յիսուս ի՞նչպէս փաստեց որ Նոյէն մեծ էր։

◻ Յիսուս ինքզինք ինչո՞ւ ‘շաբաթին տէրը’ կոչեց։

◻ Ներկայիս Աստուած ի՞նչ կերպով մխիթարութիւն կը հայթայթէ։

[Քարտէս/Նկար՝ էջ 11]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Պօղոս մեծապէս մխիթարուեցաւ Կորնթացիներուն մասին Տիտոսի բերած տեղեկագրութեամբ

ՄԱԿԵԴՈՆԻԱ

Փիլիպպէ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

Կորնթոս

ԱՍԻԱ

Տրովադա

Եփեսոս

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել