-
Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքէն ամէնէն շատ օգտուիլԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
3. Ե՞րբ կրնաս ժամանակ գտնել Սուրբ Գիրքը կարդալու
Արդեօք քեզի համար դժուա՞ր է Սուրբ Գիրքը կարդալու համար ժամանակ գտնել։ Մեզմէ շատերու համար դժուար է։ Ջանք ըրէ որ ‘ժամանակը ծախու առնես’, այսինքն՝ ժամանակդ լաւագոյն կերպով գործածես (Եփեսացիս 5։16)։ Ինչպէ՞ս։ Ամէն օր որոշ ժամանակ մը տուր, որ Սուրբ Գիրքը կարդաս։ Ոմանք առտու կանուխ ժամանակ կու տան։ Ուրիշներ կը նախընտրեն օրուան ընթացքին կարդալ, օրինակ՝ ճաշի դադարին։ Իսկ ուրիշներ, քնանալէ առաջ կը կարդան։ Քեզի համար ամէնէն յարմար ժամանակը ե՞րբ է։
-
-
Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնելԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
3. Թոյլ տուր որ Սուրբ Գիրքը քեզ առաջնորդէ
Սուրբ Գիրքին սկզբունքները ինչպէ՞ս կրնան մեզ առաջնորդել, երբ որոշումներ կ’առնենք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։
Ի՞նչ է ազատ կամքը։
Եհովան ինչո՞ւ մեզի ազատ կամք տուած է։
Եհովան ի՞նչ տուած է, մեզի օգնելու որ մեր ազատ կամքը լաւագոյն կերպով գործածենք։
Սուրբգրային սկզբունքի օրինակ մը տեսնելու համար, կարդացէ՛ք Եփեսացիս 5։15, 16։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք թէ ինչպէ՛ս կրնաս ‘ժամանակը ծախու առնել’, որպէսզի՝
Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար կարդաս։
աւելի լաւ կողակից, ծնողք կամ զաւակ ըլլաս։
ժողովներուն ներկայ ըլլաս։
-
-
Ընտրէ ժամանց, որ Եհովան կը հաճեցնէԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
2. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ որոշենք, թէ որքա՛ն ժամանակ պիտի տանք ժամանցին
Նոյնիսկ եթէ մեր ընտրած ժամանցը ընդունելի է, պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ անոր շատ ժամանակ չտանք։ Եթէ զգոյշ չըլլանք, թերեւս բաւարար ժամանակ չունենանք կարեւոր բաներու համար։ Սուրբ Գիրքը մեզ կը քաջալերէ, որ ‘ժամանակը ծախու առնենք’, այսինքն՝ ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածենք (կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16)։
-
-
Ընտրէ ժամանց, որ Եհովան կը հաճեցնէԿեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
-
-
4. Ժամանակդ իմաստութեամբ գործածէ
Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։
Թէեւ եղբայրը վնասակար բան մը չէր դիտեր, ազատ ժամանակը անցընելու իր կերպը ինչպէ՞ս իրեն կ’ազդէր։
Կարդացէ՛ք Փիլիպպեցիս 1։10 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.
Այս համարը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ որոշենք թէ որքա՛ն ժամանակ ժամանցին տանք։
-