Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մի՛ զատէք ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է
    Դիտարան 2007 | Մայիս 1
    • 6. Ամուսիններուն ուղղուած աստուածաշնչական խրատը ի՞նչ է։

      6 Եփեսացիներուն յղուած Պօղոս առաքեալի նամակը, ամուսիններուն համար յստակ ուղեգծեր կը բովանդակէ։ Պօղոս գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք [«շարունակեցէք սիրել», ՆԱ] ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար։ Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ [«փայփայէ», ԱՎ] զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին։ Սակայն ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը»։—Եփեսացիս 5։25, 28, 29, 33

  • Մի՛ զատէք ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է
    Դիտարան 2007 | Մայիս 1
    • Կինդ փայփայել ի՞նչ

      կը նշանակէ

      10. Ամուսին մը ի՞նչպէս կրնայ իր կինը փայփայել։

      10 Եթէ կինդ կը փայփայես, անոր լաւ հոգ կը տանիս քանի որ զինք կը սիրես։ Ասիկա ընելու զանազան կերպեր կան։ Նախ, կողակիցիդ հետ բաւարար ժամանակ անցուր։ Եթէ այս ուղղութեամբ կինդ անտեսես, քեզի հանդէպ իր սէրը կրնայ պաղիլ։ Նաեւ, թերեւս խորհիս թէ կինդ որոշ ժամանակի եւ ուշադրութեան կարիք ունի, մինչդեռ ան կը զգայ թէ շա՜տ աւելիին կարիք ունի։ Չես կրնար կնոջդ պարզապէս ըսել թէ իրեն հանդէպ գուրգուրանք ունիս։ Կինդ պէտք է զգայ թէ փայփայուած է։ Պօղոս գրեց. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ»։ (Ա. Կորնթացիս 10։24) Որպէս սիրալիր ամուսին, կ’ուզես վստահ ըլլալ թէ կնոջդ իսկական կարիքները կը հասկնաս։—Փիլիպպեցիս 2։4

      11. Իր կնոջ հետ ամուսինին վարուելակերպը, Աստուծոյ ու ժողովքին հետ իր յարաբերութեան ի՞նչպէս կ’ազդէ։

      11 Կինդ փայփայելու այլ կերպ մըն է՝ անոր հետ քնքշօրէն վարուիլ՝ խօսքով ու գործով։ (Առակաց 12։18) Պօղոս Կողոսացիներուն գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց»։ (Կողոսացիս 3։19) Աշխատասիրութեան մը համաձայն, Պօղոսի խօսքին երկրորդ մասը կրնայ նաեւ յատկաբանօրէն թարգմանուիլ՝ «անոր հետ իբրեւ սպասուհի մի՛ վարուիր» կամ «զինք ստրկուհի մի՛ նկատեր»։ Տունէն ներս կամ դուրս՝ բռնակալօրէն վարուող ամուսինը, վստահաբար ցոյց չի տար որ իր կինը կը փայփայէ։ Իր կնոջ հետ կոշտօրէն վարուելով, ան կրնայ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը վտանգել։ Պետրոս առաքեալ ամուսիններուն գրեց. «Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով [իրենց կիներուն] հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ»։c—Ա. Պետրոս 3։7

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել