-
Կը ջանա՞ս Քրիստոսի հասակի չափին հասնիլԴիտարան 2015 | Սեպտեմբեր 15
-
-
2 Նուիրումի եւ մկրտութեան հասնելէ ետք, քրիստոնեան կը շարունակէ աճիլ։ Իր նպատակն է՝ Աստուծոյ հասուն ծառայ ըլլալ։ Անշուշտ մենք կը խօսինք հոգեւոր հասունութեան մասին։ Պօղոս առաքեալ եփեսացիներուն գրեց որ պէտք է հոգեւորապէս հասուննան, քաջալերելով որ «հասն[ին] հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու» (Եփ. 4։13)։
3. Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին պարագան ինչպէ՞ս կը նմանի Եփեսոսի ժողովքին պարագային։
3 Երբ Պօղոս իր նամակը գրեց, Եփեսոսի ժողովքը արդէն քանի մը տարիէ հաստատուած էր։ Հոն բազմաթիւ աշակերտներ հոգեւորապէս շատ աճած էին։ Սակայն ոմանք տակաւին պէտք ունէին հասունութեան դիմելու։ Ներկայիս Եհովայի վկաներուն պարագան նոյնն է։ Բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր երկար տարիներէ Աստուծոյ կը ծառայեն եւ հոգեւոր հասունութեան հասած են։ Բայց յստակ է որ ամէն անհատ այս մակարդակին չէ հասած։ Օրինակ՝ ամէն տարի հազարաւորներ կը մկրտուին. ուստի շատեր տակաւին պէտք ունին հասունութեան դիմելու։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ (Կող. 2։6, 7)։
-
-
Կը ջանա՞ս Քրիստոսի հասակի չափին հասնիլԴիտարան 2015 | Սեպտեմբեր 15
-
-
5 Հասուն քրիստոնեան Յիսուսը կ’ընդօրինակէ եւ «իր շաւիղներուն [կը] հետեւի» (Ա. Պետ. 2։21)։ Յիսուս ի՞նչ բանի համար ըսաւ որ շատ կարեւոր է։ Եհովան սիրել ամբողջ սրտով, անձով ու մտքով, եւ ընկերը սիրել մեր անձին պէս (Մատ. 22։37-39)։ Հասուն քրիստոնեան այս պատուէրին հնազանդելու համար շատ ջանք կը թափէ։ Իր ապրելակերպը ցոյց կու տայ որ իրեն համար ամէնէն կարեւորը՝ Եհովային հետ իր փոխյարաբերութիւնն է եւ ուրիշներու հանդէպ անձնազոհ սէր ունի։
-
-
Կը ջանա՞ս Քրիստոսի հասակի չափին հասնիլԴիտարան 2015 | Սեպտեմբեր 15
-
-
8. Յիսուս որքա՞ն լաւ գիտէր ու հասկցած էր Աստուծոյ Խօսքը։
8 Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Խօսքը շատ լաւ գիտէր ու հասկցած էր։ Նոյնիսկ երբ միայն 12 տարեկան էր, ան կրցաւ տաճարին մէջ աստուածաշնչական նիւթեր խօսիլ վարդապետներու հետ։ «Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ» (Ղուկ. 2։46, 47)։ Յետագային, իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս Աստուծոյ Խօսքը վարպետութեամբ գործածելով, իր հակառակորդներուն բերանը գոցեց (Մատ. 22։41-46)։
9. ա) Հասուն քրիստոնեան սերտելու ի՞նչ սովորութիւններ ունի։ բ) Աստուածաշունչը սերտելու նպատակը ի՞նչ է։
9 Այն քրիստոնեան որ կ’ուզէ հոգեւորապէս աճիլ, Յիսուսին օրինակին կը հետեւի եւ Աստուածաշունչէն քիչ մը գիտութիւն առնելով չի գոհանար։ Ան կանոնաւորաբար անոր խորքերը կը թափանցէ, քանի որ գիտէ թէ «հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է» (Եբ. 5։14)։ Հասուն քրիստոնեան կ’ուզէ «Աստուծոյ Որդին ճանչնալ» (Եփ. 4։13)։ Ուստի դուն քեզի հարցուր. «Ամէն օր Աստուածաշունչը կը կարդա՞մ։ Անձնական ուսումնասիրութեան յայտագիր ունի՞մ։ Ամէն ջանքս կ’ընե՞մ, որ իւրաքանչիւր շաբաթ ընտանեկան պաշտամունքին ժամանակ տրամադրեմ»։ Երբ Աստուածաշունչը կը սերտես, փնտռէ սկզբունքներ, որոնք քեզի կ’օգնեն աւելի յստակօրէն տեսնելու թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը մտածէ եւ ի՛նչ կը զգայ։ Ետքը, ջանա՛ այդ սկզբունքները կիրարկել երբ որոշումներ կ’առնես։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ Եհովային ա՛լ աւելի մօտենալու։
-