Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 6/1 էջ 12-17
  • Շարունակենք Եհովայի ճամբուն մէջ քալել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շարունակենք Եհովայի ճամբուն մէջ քալել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վստահութեան եւ Հաւատարմութեան Կարիքը
  • Աստուծոյ Ճամբուն Մէջ Քալելու Համար Օգնութիւն
  • Որոշում
  • «Աստուած Մեր Կողմն Է»
  • Աստուծոյ հետ պիտի քալե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Աստուծոյ հետ քալելուն առաջին քայլերը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Հաւատքո՛վ ընթացիր, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Շարունակեցէք Աստուծոյ հետ քալել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 6/1 էջ 12-17

Շարունակենք Եհովայի ճամբուն մէջ քալել

«Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես»։—ՍԱՂՄՈՍ 37։34

1, 2. Դաւիթ Թագաւորին համար Եհովայի ճամբուն մէջ քալելը ի՞նչ կը ներփակէր, իսկ ներկայիս մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։

«ԻՄ ԵՐԹԱԼՈՒ ճամբաս ինծի ցուցուր, վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի»։ (Սաղմոս 143։8) Ներկայիս Քրիստոնեաները ամբողջ սրտով կը կրկնեն Դաւիթ Թագաւորի այս խօսքերը։ Անոնք անկեղծօրէն կ’ուզեն Եհովան հաճեցնել ու անոր ճամբուն մէջ քալել։ Ասիկա իր մէջ ի՞նչ կը ներփակէ։ Դաւիթին համար, անիկա նշանակեց Աստուծոյ օրէնքը պահել, որ կը ներփակէր Եհովայի ապաւինիլ, քան թէ ազգերուն հետ եղած դաշինքներուն։ Այո, անիկա նշանակեց հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայել եւ ոչ թէ դրացի ազգերուն չաստուածներուն։ Քրիստոնեաներուն համար, Եհովայի ճամբուն մէջ քալելը ասկէ աւելին կը ներփակէ։

2 Նախ՝ Եհովայի ճամբուն մէջ քալելը ներկայիս կը նշանակէ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք ընծայել, զինք ընդունիլ որպէս «ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։ (Յովհաննու 3։16. 14։6. Եբրայեցիս 5։9) Անիկա նաեւ կը նշանակէ «Քրիստոսին օրէնքը» պահել, որ կը ներփակէ իրարու, ու մանաւանդ, Յիսուսի օծեալ եղբայրներուն հանդէպ սէր ցոյց տալ։ (Գաղատացիս 6։2. Մատթէոս 25։34-40) Եհովայի ճամբուն մէջ քալողները կը սիրեն իր սկզբունքներն ու պատուիրանները։ (Սաղմոս 119։97. Առակաց 4։5, 6) Անոնք մեծապէս կը գնահատեն քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցելու իրենց թանկագին առանձնաշնորհումը։ (Կողոսացիս 4։17. Բ. Տիմոթէոս 4։5) Աղօթքը անոնց կեանքին հիմնական մէկ մասն է։ (Հռովմայեցիս 12։12) Իսկ անոնք խիստ ուշադրութիւն կ’ընեն որ ‘զգուշութեամբ քալեն, ո՛չ թէ անմիտներու պէս’։ (Եփեսացիս 5։15) Անոնք վստահաբար հոգեւոր հարստութիւնը չեն զոհեր, նիւթական ժամանակաւոր առաւելութիւններու կամ մարմնաւոր անօրէն հաճոյքներու փոխարէն։ (Մատթէոս 6։19, 20. Ա. Յովհաննու 2։15-17) Ասոնցմէ զատ, Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնը եւ իրեն վստահիլը կենսական բաներ են։ (Բ. Կորնթացիս 1։9. 10։5. Եփեսացիս 4։24) Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր կացութիւնը շատ նման է վաղեմի Իսրայէլի կացութեան։

Վստահութեան եւ Հաւատարմութեան Կարիքը

3. Ինչո՞ւ հաւատարմութիւնը, հաւատքը եւ վստահութիւնը մեզի կ’օգնեն որ Եհովայի ճամբուն մէջ մնանք։

3 Իսրայէլ պզտիկ ազգ մըն էր, շրջապատուած անբարեացակամ դրացիներով, որոնք կուռքերու պաշտամունքի համար անբարոյ արարողութիւններու անձնատուր կ’ըլլային։ (Ա. Մնացորդաց 16։26) Միայն Իսրայէլն էր որ միակ ճշմարիտ ու անտեսանելի Աստուածը՝ Եհովան կը պաշտէր, որ իրենցմէ կը պահանջէր բարոյական բարձր չափանիշ մը պահել։ (Բ. Օրինաց 6։4) Պարագան նոյնն է այսօր, միայն քանի մը միլիոն անհատներ Եհովան կը պաշտեն, ապրելով գրեթէ վեց միլիառ բնակչութիւն ունեցող աշխարհի մը մէջ, որու չափանիշները եւ կրօնական հայեացքը իրենցիններէն շա՛տ տարբեր են։ Եթէ մենք այդ քանի մը միլիոնին մէջ կը գտնուինք, զգոյշ պէտք է ըլլանք սխալ ազդեցութեան ենթարկուելէ։ Ի՞նչպէս։ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը, իրեն հաւատալը եւ իր խոստումները կատարելու նկատմամբ զօրաւոր վստահութիւնը պիտի օգնեն մեզի այս ուղղութեամբ։ (Եբրայեցիս 11։6) Ասիկա մեզի արգելք պիտի հանդիսանայ որ մեր վստահութիւնը դնենք այն բաներուն վրայ որոնց աշխարհ կը յուսայ։—Առակաց 20։22. Ա. Տիմոթէոս 6։17

4. Ինչո՞ւ ազգերուն «իմացականութիւնը խաւարած է»։

4 Պօղոս առաքեալ ցոյց տուաւ որ Քրիստոնեաները որքան տարբեր պէտք է ըլլան աշխարհէ, երբ գրեց. «Ուստի կ’ըսեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք անգամ մըն ալ այնպէս չքալէք, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն իրենց մտքին ունայնութեանը մէջ. որոնց իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով եւ իրենց սրտին կուրութեանը [կամ «բթութեանը», ստորանիշ] համար»։ (Եփեսացիս 4։17, 18) Յիսուս «ճշմարիտ Լոյս»ն է։ (Յովհաննու 1։9) Ոեւէ մէկը որ կը մերժէ զինք, կամ կը դաւանի իրեն հաւատալ, բայց «Քրիստոսին օրէնք»ին չի հնազանդիր՝ անոր «իմացականութիւնը խաւարած» է։ Փոխանակ Եհովայի ճամբուն մէջ քալելու, անոնք «օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն»։ Աշխարհային առումով կրնան իրենք զիրենք իմաստուն կարծել, բայց անոնք ‘իրենց մէջ տգիտութիւն’ ունին Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի վերաբերեալ, կեանքի տանող միակ գիտութեան շուրջ։—Յովհաննու 17։3. Ա. Կորնթացիս 3։19

5. Թէեւ ճշմարտութեան լոյսը կը փայլի աշխարհին մէջ, բայց ինչո՞ւ շատ մը սրտեր չեն ընդառաջեր։

5 Այսու ամենայնիւ, ճշմարտութեան լոյսը կը փայլի աշխարհին մէջ։ (Սաղմոս 43։3. Փիլիպպեցիս 2։15) «Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ»։ (Առակաց 1։20) Անցեալ տարի Եհովայի Վկաները մէկ միլիառէ աւելի ժամեր յատկացուցին իրենց դրացիներուն Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին խօսելու համար։ Հարիւր հազարաւոր անհատներ ընդառաջեցին։ Բայց պէ՞տք է զարմանանք որ շատ ուրիշներ ալ մերժեցին ընդառաջել։ Ո՛չ. Պօղոս խօսեցաւ անոնց «սրտին բթութեան» մասին։ Ոմանք անձնասիրութեան կամ դրամասիրութեան որպէս հետեւանք անզգայ սիրտ մը ունին։ Ուրիշներ սուտ կրօնքէն, կամ ներկայիս համատարած եղող աշխարհահայեացքներէ ազդուած են։ Կեանքի դժուարութիւնները պատճառ եղած են որ շատեր կռնակ դարձնեն Աստուծոյ։ Տակաւին ուրիշներ չեն ուզեր Եհովայի բարոյական բարձր չափանիշներուն գոհացում տալ։ (Յովհաննու 3։20) Արդեօք Եհովայի ճամբուն մէջ քալող անհատի մը սիրտն ալ կրնա՞յ այս բաներէն ազդուելով բթանալ։

6, 7. Թէեւ Իսրայելացիները Եհովա Աստուծոյ կը պաշտէին, բայց անոնք ի՞նչ առիթներով մեղանչեցին եւ ինչո՛ւ։

6 Ասիկա պատահեցա՛ւ վաղեմի Իսրայէլի, ինչպէս Պօղոս ցոյց տուաւ։ Ան գրեց. «Այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին։ Ոչ ալ կռապաշտ ըլլանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ Ինչպէս գրուած է. ‘Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու ու ելան խաղալու [«զուարճանալու», Էջմիածին]’։ Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան»։—Ա. Կորնթացիս 10։6-8

7 Նախ Պօղոս կ’ակնարկէ այն առիթին, երբ Իսրայէլ ոսկիէ հորթ մը պաշտեց Սինա Լերան ստորոտը։ (Ելից 32։5, 6) Ասիկա բացայայտ անհնազանդութիւն մըն էր աստուածային պատուէրի մը, որու հնազանդիլ խոստացած էին տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ։ (Ելից 20։4-6. 24։3) Ապա, Պօղոս կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ Իսրայէլ Մովաբի աղջիկներուն հետ Բահաղի առջեւ երկրպագութիւն ըրաւ։ (Թուոց 25։1-9) Հորթի պաշտամունքը յատկորոշուած էր անսանձ ինքնայագեցումով, ‘զուարճանալով’։a Բահաղի պաշտամունքին կ’ընկերանար ակներեւ սեռային լիրբ անբարոյութիւն։ (Յայտնութիւն 2։14) Իսրայելացիները ինչո՞ւ այս մեղքը գործեցին։ Քանի որ անոնք թոյլ տուին որ իրենց սրտերը ‘չար բաներու ցանկան’, անոնք ըլլան կռապաշտութիւն, թէ անոր ընկերակցող սանձարձակ սովորութիւններ։

8. Իսրայէլի փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

8 Պօղոս նշեց որ այս անցուդարձերէն պէտք է դաս առնենք։ Ի՞նչ դաս։ Աներեւակայելի է որ Քրիստոնեայ մը ոսկիէ հորթի մը, կամ Մովաբացի հին չաստուածներէն մէկուն առջեւ երկրպագութիւն ընէ։ Բայց անբարոյութեան, կամ անսանձ ինքնայագեցումի մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Ներկայիս, ասոնք սովորական բաներ են եւ եթէ թոյլ տանք որ այսպիսի բաներու հանդէպ ցանկութիւն մը զարգանայ մեր մէջ, անոնք մեզ պիտի հեռացնեն Եհովայէ։ Հետեւանքը կռապաշտութիւն կատարելու նման պիտի ըլլայ՝ Աստուծմէ օտարացում։ (Համեմատել՝ Կողոսացիս 3։5. Փիլիպպեցիս 3։19։) Արդարեւ, Պօղոս այս անցուդարձերու մասին իր խօսակցութիւնը կ’եզրափակէ իր հաւատակիցները յորդորելով. «Կռապաշտութենէ փախէք»։—Ա. Կորնթացիս 10։14

Աստուծոյ Ճամբուն Մէջ Քալելու Համար Օգնութիւն

9. (ա) Եհովայի ճամբուն մէջ քալելու համար ի՞նչ օգնութիւն կը ստանանք։ (բ) ‘Մեր ետեւէն խօսքը’ լսելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

9 Եթէ վճռած ենք շարունակել Եհովայի ճամբուն մէջ քալել, մենք մեր գլխուն ձգուած չենք։ Եսային մարգարէացաւ. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ (Եսայեայ 30։21) ‘Մեր ականջները’ ի՞նչպէս կը լսեն ‘ետեւէն եկած խօսքը’։ Անշուշտ, ոեւէ մէկս բառացի ձայն մը չենք լսեր կամ պատգամ մը չենք ստանար Աստուծմէ։ Այն «խօսք»ը որ կը լսենք, բոլորիս ալ նոյն կերպով կը հասնի։ Նախ եւ առաջ, անիկա գլխաւորաբար կու գայ ներշնչուած Գրութիւններէն՝ Աստուածաշունչէն, որ Աստուծոյ խորհուրդները եւ մարդոց հետ իր գործառնութիւններուն արձանագրութիւնը կը պարունակէ։ Քանի որ ամէն օր ‘Աստուծոյ կեանքէն օտարացած’ աղբիւրներէ եկող պրոպականդներու ենթարկուած ենք, հոգեւոր առողջ վիճակ ունենալու համար պէտք է կանոնաւորաբար կարդանք Աստուածաշունչը եւ անոր վրայ կանոնաւորաբար խոկանք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ «փուճ բաներէն» խուսափինք եւ «ամէն բարի գործերու պատրաստուած» ըլլանք։ (Գործք 14։13, 14. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Անիկա մեզի ոյժ պիտի տայ, պիտի զօրացնէ, ու օգնէ որպէսզի ‘յաջողութիւն գտնենք’։ (Յեսուայ 1։7, 8) Անոր համար, Եհովայի Խօսքը մեզ կը յորդորէ. «Հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք, վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։ Խրատի մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէ՛ք ու զանիկա մի՛ մերժէք»։—Առակաց 8։32, 33

10. ‘Մեր ետեւէն խօսքը’ լսելու երկրորդ կերպը ի՞նչ է։

10 ‘Մեր ետեւէն խօսքը’ նաեւ մեզի կը հասնի «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցով, որ ‘ատենին կերակուր կու տայ’։ (Մատթէոս 24։45-47) Այս կերակուրը հայթայթելու կերպերէն մէկն է սուրբ գրային հրատարակութիւնները, իսկ այս վերջին տարիներուն այս կերակուրը առատօրէն հայթայթուած է։ Օրինակ, Դիտարան պարբերաթերթին միջոցաւ, մարգարէութիւնները աւելի շիտակ կերպով հասկցած ենք։ Այս պարբերաթերթին մէջ, մեզի քաջալերութիւն տրուած է որ քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին մէջ յարատեւենք, հակառակ աւելցող անտարբերութեան. մեզի օգնութիւն տրուած է որ որոգայթներէն զգուշանանք եւ քաջալերութիւն տրուած է որ քրիստոնէական գեղեցիկ յատկութիւններ զարգացնենք։ Ատենին հասած այս կերակուրը որքա՜ն կ’արժեւորենք։

11. ‘Մեր ետեւէն խօսքը’ լսելու երրորդ կերպ մը բացատրեցէք։

11 Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան մեր կանոնաւոր ժողովներուն միջոցաւ ալ կերակուր կը հայթայթէ։ Անոնք կը ներփակեն մեր տեղական ժողովները, կիսամեայ շրջանային ու միօրեայ մասնաւոր համաժողովները եւ աւելի մեծ՝ տարեկան նահանգային համաժողովները։ Ո՞ր հաւատարիմ Քրիստոնեան այս հաւաքոյթներուն արժէքը կրնայ թերագնահատել։ Եհովայի ճամբուն մէջ քալելու համար անոնք անհրաժեշտ օգնութիւններ են։ Քանի որ շատեր իրենց գործին կամ դպրոցին մէջ շատ ժամանակ կ’անցընեն իրենց հաւատքը չբաժնող անհատներու հետ, քրիստոնէական կանոնաւոր ընկերակցութիւնը բառացիօրէն փրկարար է։ Ժողովները՝ ‘իրարու սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելու’ լաւ առիթներ են։ (Եբրայեցիս 10։24) Մեր եղբայրները կը սիրենք, ինչպէս նաեւ՝ անոնց ընկերակցութիւնը։—Սաղմոս 133։1

12. Եհովայի Վկաները ի՞նչ վճռած են ընել, եւ վերջերս ասիկա ի՞նչպէս արտայայտեցին։

12 Այսպիսի հոգեւոր կերակուրով զօրացած, գրեթէ վեց միլիոն անհատներ Եհովայի ճամբուն մէջ կը քալեն ներկայիս, իսկ ուրիշ միլիոնաւորներ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն, գիտնալու համար թէ ասիկա ինչպէս կրնան ընել։ Արդեօք անոնք կը յուսահատին կամ կը տկարանա՞ն այն իրողութեան ի տես որ երկրի միլիառներու հասնող բնակչութեան հետ համեմատած, իրենք քիչ են։ Բնա՛ւ երբեք։ Անոնք վճռած են ‘իրենց ետեւէն եկող ձայնին’ մտիկ ընել, հաւատարմաբար կատարելով Եհովայի կամքը։ Այս վճռակամութեան որպէս հանրային ապացոյց, 1998/1999–ի «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Նահանգային եւ Միջազգային Համաժողովներուն ընթացքին, պատուիրակները իրենց անխախտ կեցուածքը արտայայտող որոշում մը որդեգրեցին։ Ստորեւ կու տանք այդ որոշումին պարունակութիւնը։

Որոշում

13, 14. Եհովայի Վկաները աշխարհի կացութեան հանդէպ ի՞նչ իրապաշտ հայեացք մը ունին։

13 «Մենք՝ Եհովայի Վկաներս՝ որ ‘Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը’ Համաժողովին համար հաւաքուած ենք, բոլոր սրտով կ’ընդունինք որ Աստուծոյ ճամբան լաւագոյն ապրելակերպն է։ Սակայն, կը գիտակցինք որ մարդոց մեծամասնութիւնը տարբեր կը մտածէ։ Մարդկային ընկերութիւնը լաւագոյն ապրելակերպին ինչ ըլլալուն մասին բազմաթիւ կարծիքներ, փիլիսոփայութիւններ, եւ կրօնական գաղափարներ փորձած է։ Երբ մարդկային պատմութեան եւ աշխարհի վիճակներուն վրայ անկեղծ աչք մը նետենք, Երեմեայ 10։23–ի մէջ արձանագրուած աստուածային հետեւեալ խօսքին շիտակ ըլլալը կը փաստենք, թէ ‘քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ’։

14 «Ամէն օր այս խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը հաստատող յաւելեալ ապացոյցներ կը տեսնենք։ Մարդկային ընկերութիւնը ընդհանուր առմամբ Աստուծոյ ընդունելի եղող ապրելակերպը կ’անտեսէ։ Մարդիկ իրենց աչքին շիտակ եղածը կ’ընեն։ Ասոր արդիւնքը աղիտալի եղած է. ընտանեկան կեանքը քայքայուած, երախաներ առանց առաջնորդութեան մնացած. նիւթապաշտութեան ետեւէ վազելը պարապութեան եւ ընդվզումի զգացում մը տուած է. անիմաստ ոճիրներ ու բռնարարքներ անթիւ զոհեր խլած են. միջցեղային պայքարներն ու պատերազմները ահաւոր մարդկային կեանքեր խլած են. անբարոյութեան շատնալը սեռային փոխանցիկ հիւանդութիւններու համաճարակ մը պատճառած է։ Ասոնք տակաւին քանի մը հատն են այն բարդ խնդիրներուն, որոնք արգելք կ’ըլլան ուրախութեան, խաղաղութեան ու ապահովութեան։

15, 16. Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպին առնչութեամբ, որոշումին մէջ ի՞նչ վճռակամութիւն յայտնուած էր։

15 «Մարդկութեան այս տխուր փլուզումը եւ Արմագեդոն կոչուած ‘Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին’ մօտենալը տեսնելով, (Յայտնութիւն 16։14, 16), մենք՝ Եհովայի Վկաներս՝ որոշած ենք թէ.

16 «Առաջին. Մենք Եհովա Աստուծոյ կը պատկանինք, քանի որ անհատապէս մենք մեզ առանց պայմանի իրեն նուիրած ենք, եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ միջոցաւ իր հայթայթած փրկանքին հանդէպ անխախտ հաւատք պիտի պահենք։ Մենք որոշած ենք Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպին կառչած մնալ, որպէս իր Վկաները ծառայելով եւ իր գերիշխանութեան ենթարկուելով, որ Յիսուս Քրիստոսի իշխանութեամբ կը յայտնաբերուի։

17, 18. Եհովայի Վկաները ի՞նչ դիրք պիտի շարունակեն պահպանել բարոյական չափանիշներու եւ քրիստոնէական եղբայրակցութեան նկատմամբ։

17 «Երկրորդ. Մենք պիտի շարունակենք Աստուածաշունչի բարոյական ու հոգեւոր բարձր չափանիշներուն կառչած մնալ։ Մենք որոշած ենք ունայն մտքեր ունեցող ազգերուն քալած կերպով չքալել։ (Եփեսացիս 4։17-19) Մենք որոշած ենք Եհովայի առջեւ մաքուր եւ այս աշխարհէն անարատ մնալ։—Յակոբու 1։27

18 «Երրորդ. Որպէս Քրիստոնեայ եղբայրակցութիւն, մենք սուրբ գրային դիրքին կառչած պիտի մնանք։ Մենք ազգերուն մէջ քրիստոնէական չէզոքութիւն պիտի պահենք, թոյլ չտալով որ ցեղային, ազգային կամ ազգատոհմային ատելութիւնը կամ պառակտումը մեզի ազդեն։

19, 20. (ա) Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչ պիտի ընեն։ (բ) Բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս պիտի շարունակեն իրենք զիրենք բնորոշել որպէս Քրիստոսի աշակերտները։

19 «Չորրորդ. Մենք որ ծնողներ ենք, մեր զաւակներուն մէջ պիտի քանդակենք Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպը։ Մենք անոնց օրինակ պիտի հանդիսանանք քրիստոնէական ապրելակերպի մէջ, որու մաս կը կազմէ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցումը, ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը, եւ բոլորանուէր մասնակցութիւն մը քրիստոնէական ժողովքին եւ դաշտի ծառայութեան մէջ։

20 «Հինգերորդ. Բոլորս ալ պիտի ջանանք մեր Ստեղծիչին ունեցած գեղեցիկ յատկութիւնները մշակել եւ Յիսուսի նման իր անձնաւորութիւնը եւ իր ճամբաները ընդօրինակել։ (Եփեսացիս 5։1) Մենք որոշած ենք ամէն բանի մէջ սիրով վարուիլ, այսպիսով մենք մեզ բնորոշելով որպէս Քրիստոսի աշակերտները։—Յովհաննու 13։35

21-23. Եհովայի Վկաները ի՞նչ պիտի շարունակեն ընել, եւ անոնք ի՞նչ բանով համոզուած են։

21 «Վեցերորդ. Առանց դանդաղելու պիտի շարունակենք Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել ու աշակերտել եւ այդ աշակերտներուն պիտի սորվեցնենք Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպը, զանոնք քաջալերելով որ ժողովքային հանդիպումներու ընթացքին յաւելեալ մարզում ստանան։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20. Եբրայեցիս 10։24, 25

22 «Եօթներորդ. Անհատապէս եւ որպէս կրօնական կազմակերպութիւն մը, պիտի շարունակենք Աստուծոյ կամքը կատարելը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնել։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ գործածելով, որպէս մեր ուղեգիրքը, ո՛չ աջ եւ ոչ ձախ պիտի խոտորինք, ապացուցանելով որ Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպը աշխարհի բոլոր ճամբաներէն շատ աւելի գերադաս է։ Մենք վճռած ենք հիմա եւ յաւիտեան, հաւատարմօրէն Աստուծոյ ընդունելի ապրելակերպին հետեւիլ։

23 «Այս որոշումը կ’առնենք, քանի որ կատարեալ վստահութիւն ունինք Եհովայի սիրալիր խոստումին վրայ, թէ ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ՝ յաւիտեան կը մնայ։ Այս որոշումը կ’առնենք, քանի որ համոզուած ենք որ սուրբ գրային սկզբունքներով, խրատներով եւ ցուցմունքներով ապրիլը ներկայիս լաւագոյն ապրելակերպն է եւ ապագային համար լաւ հիմ կը հայթայթէ, որպէսզի իրական կեանքը ձեռք ձգենք։ (Ա. Տիմոթէոս 6։19. Բ. Տիմոթէոս 4։7բ, 8) Սակայն մենք այս որոշումը կ’առնենք, գլխաւորաբար քանի որ կը սիրենք Եհովա Աստուած մեր բոլոր սրտով, հոգիով, մտքով եւ զօրութեամբ։

24, 25. Առաջարկուած որոշումին ընդառաջումը ի՞նչ եղաւ, իսկ Եհովայի ճամբուն մէջ քալողները ի՞նչ վճռած են ընել։

24 «Այս Համաժողովին բոլոր ներկայ եղողներէն անոնք որոնք համաձայն են այս որոշումին՝ թող հաճին ԱՅՈ՛ ըսել»։

25 Համայն աշխարհի մէջ հարիւրաւոր հանդիսասրահներու ու մարզադաշտերու մէջ եղող ներկաները որոտընդոստ կերպով ԱՅՈ՛ պատասխանեցին։ Եհովայի Վկաները անվարան գիտեն թէ պիտի շարունակեն Եհովայի ճամբուն մէջ քալել։ Անոնք բացարձակ վստահութիւն ունին Եհովայի վրայ եւ կը հաւատան որ ան իր խոստումները պիտի կատարէ։ Անոնք հաւատարիմ կը մնան իրեն, ի՛նչ որ ալ պատահի եւ վճռած են իր կամքը կատարել։

«Աստուած Մեր Կողմն Է»

26. Եհովայի ճամբուն մէջ քալողներուն ուրախ կացութիւնը ի՞նչ է։

26 Եհովայի Վկաները կը յիշեն սաղմոսերգուին յորդորը. «Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես»։ (Սաղմոս 37։34) Անոնք չեն մոռնար Պօղոսի քաջալերական խօսքերը. «‘Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ’։ Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր»։ (Հռովմայեցիս 8։31, 32) Այո, եթէ շարունակենք Եհովայի ճամբուն մէջ քալել, ան ‘ամէն բան մեզի առատօրէն պիտի տայ վայելելու’։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17) Մեր սիրելի եղբայրներուն ու քոյրերուն կողքին Եհովայի ճամբուն մէջ քալելէն աւելի լաւ տեղ մը գոյութիւն ունի՞։ Եհովան ունենալով մեր կողքին, վճռենք մեր տեղը մնալ եւ մինչեւ վերջ համբերել, լիովին վստահ ըլլալով որ իր յարմար ժամանակին, իր բոլոր խոստումներուն կատարուիլը պիտի տեսնենք։—Տիտոս 1։2

[Ստորանիշ]

a Հոս «զուարճանալ» թարգմանուած Յունարէն բառին ուշադրութիւն հրաւիրելով, մեկնաբան մը կ’ըսէ թէ անիկա կ’ակնարկէ հեթանոսական տօնախմբութիւններուն մէջ տեղի ունեցած պարերուն, եւ կ’աւելցնէ. «Հանրածանօթ է որ այդ պարերէն շատերը, ուղղակիօրէն ծրագրուած էին ամենասանձարձակ կրքերը գրգռելու համար»։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Եհովայի ճամբուն մէջ քալելու համար Քրիստոնեաներէն ի՞նչ պահանջուած է։

◻ Ինչո՞ւ հարկ է որ Եհովայի վրայ վստահութիւն ու իրեն հանդէպ հաւատարմութիւն մշակենք։

◻ Երբ Եհովայի ճամբուն մէջ քալենք, ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է։

◻ «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Համաժողովներուն որդեգրուած որոշումին կարգ մը աչքառու մասերը ըսէք։

[Նկար՝ էջ 16]

Կարեւոր որոշում մը որդեգրուեցաւ «Աստուծոյ Ընդունելի Ապրելակերպը» Նահանգային ու Միջազգային Համաժողովներուն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել