-
«Ետին» մի՛ նայիրԴիտարան 2012 | Մարտ 1
-
-
12. Պօղոս իր ետին ձգած բաներուն նկատմամբ ինչպէ՞ս զգաց։
12 Պօղոս առաքեալ Քրիստոսի հետեւորդը ըլլալու համար շատ բաներ զոհեց (Փլպ. 3։4-6)։ Ան իր ետին ձգած բաներուն նկատմամբ ինչպէ՞ս զգաց։ Ան մեզի կ’ըսէ. «Ինչ որ ինծի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցի»։ Ինչո՞ւ։ Ան կը շարունակէ. «Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ» (Փլպ. 3։7, 8)։a Անձ մը որ աղբը կը թափէ, յետագային չի զղջար որ զայն թափեց։ Նմանապէս, Պօղոս չզղջաց որ աշխարհիկ պատեհութիւններ իր ետին ձգեց։ Ան այլեւս չէր զգար որ ատոնք արժէք ունէին։
13, 14. Պօղոսի օրինակին ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ։
13 Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ շարունակ մտածենք անցեալին մեր մերժած պատեհութիւններուն մասին։ Պէտք է Պօղոսի օրինակին հետեւինք։ Ինչպէ՞ս։ Ներկայիս քու ունեցած բաներուդ արժէքը գիտցի՛ր։ Եհովայի հետ արժէքաւոր փոխյարաբերութիւն մը շահած ես եւ անոր առջեւ հաւատարմութեան արձանագրութիւն մը հաստատած ես (Եբ. 6։10)։ Ներկայիս մեր վայելած եւ ապագային մեր վայելելիք հոգեւոր ճոխ օրհնութիւններուն դիմաց, աշխարհը նիւթական ի՞նչ առաւելութիւններ կրնայ հրամցնել (կարդա՛ Մարկոս 10։28-30)։
-
-
«Ետին» մի՛ նայիրԴիտարան 2012 | Մարտ 1
-
-
a Բնագիր լեզուին մէջ, հոս թարգմանուած «աղտեղութիւն» բառը նաեւ կը նշանակէ՝ «ինչ որ շուներուն կը թափուի», «թրիք», «կղկղանք»։ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կ’ըսէ թէ Պօղոս այս բառը գործածեց, որպէսզի ակնարկէ բանի մը, որ անհատ մը բացարձակապէս կը մերժէ։ Անհատը զայն անարժէք եւ զզուելի կը նկատէ, եւ բնաւ չ’ուզեր զայն տեսնել։
-