Բանաւորութիւն մշակենք
«Ձեր քաղցրութիւնը [բանաւորութիւնը (ՆԱ)] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ. Տէրը մօտ է»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4։5
1. Ներկայ աշխարհին մէջ բանաւոր ըլլալը ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն է։
ԱՆԳԼԻԱՑԻ լրագրող Սըր Ալէն Պատրիկ Հըրպըրթ «բանաւոր մարդը» անուանեց առասպելական անձնաւորութիւն մը։ Արդարեւ, երբեմն այնպէս կը թուի որ պայքարով պառակտուած այս աշխարհին մէջ բանաւոր մարդ չէ մնացած։ Աստուածաշունչը գուշակեց որ այս վճռական «վերջին օրեր»ուն, մարդիկ «դաժանաբարոյ», «յանդուգն» եւ «անհաշտ» պիտի ըլլային. ուրիշ խօսքով, բոլորովին անբանաւոր։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Այսուհանդերձ, ճշմարիտ Քրիստոնեաները բանաւորութիւնը շատ կ’արժեւորեն, գիտնալով որ անիկա աստուածային իմաստութեան յատկանիշ մըն է։ (Յակոբու 3։17, ՆԱ) Մենք չենք խորհիր որ անկարելի է բանաւոր ըլլալ այս անբանաւոր աշխարհին մէջ։ Ընդհակառակը, անվերապահօրէն կ’ընդունինք Փիլիպպեցիս 4։5–ին մէջ գտնուող Պօղոս առաքեալի ներշնչուած խրատին մարտահրաւէրը. «Ձեր քաղցրութիւնը [բանաւորութիւնը (ՆԱ)] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ»։
2. Փիլիպպեցիս 4։5–ին մէջ Պօղոս առաքեալի խօսքերը ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեզի որ որոշենք թէ բանաւոր ե՛նք թէ ոչ։
2 Նկատեցէք թէ Պօղոսի խօսքերը ի՛նչպէս կ’օգնեն մեզի որ քննենք թէ բանաւոր ե՛նք թէ ոչ։ Հարցը գլխաւորաբար այն չէ թէ մենք մեզ ի՛նչպէս կը նկատենք. հարցը այն է թէ ուրիշներ ի՛նչպէս կը նկատեն մեզ, թէ ի՛նչպէս ճանչցուած ենք։ Ֆիլլիբս [Դիտ. 9/1/90 էջ 12 պարբ. 7]ի թարգմանութիւնը այս համարը հետեւեալ կերպով կը ներկայացնէ. «Բանաւոր ըլլալու համբաւ մը ունեցէք»։ Ամէն մէկս կրնանք հարց տալ, ‘Ինչպէ՞ս ճանչցուած եմ։ Բանաւոր, տեղի տուող եւ քաղցր ըլլալու համբաւ մը ունի՞մ, թէ ոչ ճանչցուած եմ որպէս կարծր, բիրտ, կամ պնդագլուխ’։
3. (ա) «Բանաւոր» թարգմանուած Յունարէն բառը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ այս յատկութիւնը ինչո՞ւ գրաւիչ է։ (բ) Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ աւելի բանաւոր ըլլալ սորվիլ։
3 Այս մարզին մէջ մեր համբաւը պարզապէս պիտի արտացոլացնէ թէ մենք Յիսուս Քրիստոսը ո՛ր աստիճան կ’ընդօրինակենք։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Երբ հոս երկրի վրայ էր, Յիսուս կատարելապէս արտացոլացուց իր Հօր բանաւորութեան գերագոյն օրինակը։ (Յովհաննու 14։9) Իրականութեան մէջ, երբ Պօղոս գրեց ‘Քրիստոսին հեզութեան ու քաղցրութեան’ մասին, քաղցրութեան համար իր գործածած Յունարէն բառը (epieikias) նաեւ կը նշանակէ «բանաւորութիւն» կամ, բառացիօրէն՝ «տեղատուութիւն»։ (Բ. Կորնթացիս 10։1) Գիրք մը (The Expositor’s Bible Commentary) զայն կը կոչէ «բնաւորութիւն նկարագրող մեծ բառերէն մէկը Ն[որ] Կ[տակարան]ին մէջ»։ Անիկա կը նկարագրէ ա՛յնքան գրաւիչ յատկութիւն մը որ ուսումնական մը այս բառը կը թարգմանէ «քաղցր բանաւորութիւն»։ Հետեւաբար, երեք կերպեր շօշափենք, որոնցմով Յիսուս, իր Հօրը՝ Եհովայի՝ նման, բանաւորութիւն ցուցաբերեց։ Այսպիսով թերեւս ի՛նչպէս աւելի բանաւոր ըլլալ սորվինք։—Ա. Պետրոս 2։21
«Ներող»
4. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք «ներող» էր։
4 Իր Հօրը նման, Յիսուս բանաւորութիւն ցուցաբերեց կրկին անգամ «ներող» ըլլալով։ (Սաղմոս 86։5) Նկատի առէք այն պահը, երբ Պետրոս, սերտ ընկերակից մը, Յիսուսի ձերբակալութեան ու դատավարութեան գիշերը, երեք անգամ ուրացաւ Յիսուսը։ Յիսուս նախապէս ըսած էր. «Ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ»։ (Մատթէոս 10։33) Յիսուս այս կանոնը անթեք ու անողորմ կերպով Պետրոսի՞ն կիրարկեց։ Ո՛չ. իր յարութենէն ետք, Յիսուս անձնական այցելութիւն մը տուաւ Պետրոսին, անկասկած այս զղջացած, սրտաբեկ առաքեալը սփոփելու ու խրախուսելու համար։ (Ղուկաս 24։34. Ա. Կորնթացիս 15։5) Անկէ քիչ ետք, Յիսուս թոյլ տուաւ որ Պետրոս մեծ պատասխանատուութիւն մը կրէ։ (Գործք 2։1-41) Ահաւասիկ լաւագոյն կերպով ցուցաբերուած քաղցր բանաւորութիւն մը։ Սփոփիչ չէ՞ մտածել թէ Եհովա Յիսուսը նշանակած է որպէս Դատաւոր ամբողջ մարդկութեան վրայ։—Եսայեայ 11։1-4. Յովհաննու 5։22
5. (ա) Երէցները ի՞նչ համբաւ պէտք է ունենան ոչխարներուն մէջ։ (բ) Երէցները ո՞ր նիւթը կրնան վերաքաղ ընել դատական հարցեր ձեռք առնելէ առաջ, եւ ինչո՞ւ։
5 Երբ ժողովքին մէջ կը գործեն որպէս դատաւորներ, երէցները կը ջանան Յիսուսի բանաւոր օրինակին հետեւիլ։ Անոնք չեն ուզեր որ ոչխարները իրենցմէ վախնան որպէս պատժողներ։ Ընդհակառակը, անոնք կը ջանան Յիսուսը ընդօրինակել, որպէսզի ոչխարները իրենց հետ ապահով զգան որպէս սիրալիր հովիւներ։ Դատական հարցերու մէջ, անոնք ամէն ջանք կը թափեն բանաւոր, ներող ըլլալու համար։ Այսպիսի հարց մը ձեռք առնելէ առաջ, կարգ մը երէցներ օգտակար գտած են վերաքաղ ընել Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1992 թիւին յօդուածները. «Եհովա՝ ‘Բոլոր Երկրի Անաչառ Դատաւորը’» եւ «Ո՛վ Երէցներ, Արդարութեամբ Դատեցէք»։ Այսպիսով անոնք, ամփոփ կերպով, Եհովայի դատելու կերպը կը վերյիշեն. «Հաստատամտութիւն՝ երբ հարկ է, ողորմութիւն՝ երբ կարելի է»։ [Դիտ. 10/1/92 էջ 8 պարբ. 3] Սխալ մը չէ դատելու ատեն ողորմելու հակումը ունենալ, երբ այդպէս վարուելու բանաւոր հիմ մը կայ։ (Մատթէոս 12։7) Բիրտ կամ անողորմ ըլլալը ծանր սխալ մըն է։ (Եզեկիէլ 34։4) Ուստի, երէցները սխալելէ կը խուսափին, երբ սրտանց կը ջանան կարելի եղածին չափ ամենէն սիրալիր եւ ողորմած ընթացքը որդեգրել արդարութեան սահմաններէն ներս։—Բաղդատել Մատթէոս 23։23. Յակոբու 2։13։
Դիւրաթեքութիւն՝ Տարբեր Պարագաներու Դիմաց
6. Յիսուս ինչպէ՞ս բանաւորութիւն ցուցաբերեց դիւահար աղջիկ ունեցող Հեթանոս կնոջ հետ իր վերաբերմունքով։
6 Եհովային նման, Յիսուս ապացուցանեց որ իր ընթացքը փոխելու կամ յարուցուած նոր պարագաներու յարմարելու մէջ արագ էր։ Առիթով մը, Հեթանոս կին մը աղաչեց իրեն որ ուժգին կերպով դիւահար իր աղջիկը բժշկէ։ Երեք տարբեր կերպերով, Յիսուս սկիզբը ցոյց տուաւ որ անոր պիտի չօգնէր—նախ, անոր չպատասխանելով. երկրորդ, ուղղակիօրէն նշելով թէ ինք ղրկուած էր, ոչ թէ՝ Հեթանոսներուն, այլ՝ Հրեաներուն. իսկ երրորդ, ազնուօրէն նոյն կէտը շեշտող օրինակ մը տալով։ Սակայն, այս բոլորին հանդերձ, կինը շարունակեց պնդել արտակարգ հաւատք մը ապացուցանելով։ Այս բացառիկ պարագային ի տես, Յիսուս տեսաւ որ ընդհանուր կանոն մը պարտադրելու ժամանակը չէր. դիւրաթեք ըլլալու ժամանակն էր աւելի բարձր սկզբունքներու ընդառաջելով։a Արդ, Յիսուս ըրաւ այն ինչ որ երեք անգամ նշած էր թէ պիտի չընէր։ Ան բժշկեց այդ կնոջ աղջիկը։—Մատթէոս 15։21-28
7. Ծնողները ի՞նչ կերպերով կրնան բանաւորութիւն ցուցաբերել, եւ ինչո՞ւ։
7 Արդեօք մենք ալ ճանչցուա՞ծ ենք որպէս դիւրաթեք ըլլալու կամեցողութիւն ունեցող անհատներ, երբ տեղին է։ Ծնողներ յաճախ այսպիսի բանաւորութիւն մը ցուցաբերելու կարիքը ունին։ Քանի որ իւրաքանչիւր զաւակ տարբեր է, մէկու մը պարագային յաջող եղող կերպ մը կրնայ անյարմար ըլլալ ուրիշի մը։ Ասկէ զատ, մինչ զաւակները կը մեծնան, անոնց կարիքները կը փոխուին։ Արդեօք գիշերը տուն մտնելու ժամանակը պէ՞տք է բարեփոխուի։ Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը աւելի խանդավառօրէն վարելու հա՞րկը կայ։ Երբ ծնող մը չափազանց հակազդէ չնչին օրինազանցութեան մը, ան խոնարհ ըլլալու եւ հարցերը շտկելու յօժարակա՞մ է։ Այսպիսի կերպերու մէջ տեղի տուող ծնողներ կը խուսափին իրենց զաւակները անտեղիօրէն բարկացնելէ եւ զանոնք Եհովայէ հեռացնելէ։—Եփեսացիս 6։4
8. Ժողովքի երէցները ինչպէ՞ս կրնան թաղամասին կարիքներուն յարմարելու մէջ առաջնորդութիւնը առնել։
8 Երէցներն ալ յարմարելու կարիքը ունին, երբ նոր պարագաներ յարուցուին, բայց առանց զիջումներ ընելու Աստուծոյ բացայայտ օրէնքներուն մէջ։ Երբ քարոզելու գործունէութիւնը կը հովանաւորէք, աջալո՞ւրջ էք թաղամասին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն։ Երբ ձեր թաղամասի մարդոց ապրելակերպը փոփոխութիւն կրէ, թերեւս երեկոյեան վկայելուն, փողոցը վկայելուն, կամ հեռաձայնով վկայելուն զարկ պէտք է տրուի։ Այսպիսի կերպերու յարմարիլը կ’օգնէ մեզի որ մեր քարոզելու յանձնարարութիւնը աւելի ազդու կերպով կատարենք։ (Մատթէոս 28։19, 20. Ա. Կորնթացիս 9։26) Պօղոսն ալ իր ծառայութեան մէջ կը ջանար ամէն տեսակ մարդոց յարմարիլ։ Դուք ալ նոյնը կ’ընէ՞ք, զոր օրինակ, տեղական կրօնքներուն եւ մշակոյթներուն մասին որոշ չափով տեղեակ ըլլալով, որպէսզի կարողանաք մարդոց օգնել։—Ա. Կորնթացիս 9։19-23
9. Երէց մը ինչո՞ւ պէտք չէ պնդէ խնդիրները միշտ ձեռք առնել այն կերպով որ անցեալին կ’ընէր։
9 Մինչ այս վերջին օրերը ա՛լ աւելի վճռական կ’ըլլան, հովիւներն ալ թերեւս այժմ իրենց հօտին դիմագրաւած շփոթեցուցիչօրէն բարդ եւ անհաճոյ կարգ մը խնդիրներուն յարմարելու կարիքը ունենան։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ո՛վ երէցներ, հիմա կարծր ըլլալու ժամանակը չէ։ Վստահաբար երէց մը պիտի չպնդէ խնդիրները ձեռք առնել այն կերպով որ անցեալին կ’ընէր, եթէ իր կերպերը ազդու չեն եղած կամ եթէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» յարմար տեսած է նոր տեղեկութիւններ հրատարակել այսպիսի նիւթերու շուրջ։ (Մատթէոս 24։45. բաղդատել Ժողովողի 7։10. Ա. Կորնթացիս 7։31։) Հաւատարիմ երէց մը անկեղծօրէն փորձեց ընկճուած քրոջ մը օգնել, որ լաւ ունկնդրի մը մեծապէս կարիքը ունէր։ Սակայն, ան լուրջի չառաւ անոր ընկճուածութիւնը եւ պարզունակ լուծումներ մատուցանեց։ Ապա, Դիտարանի Ընկերութիւնը Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած որոշ տեղեկութիւններ հրատարակեց, որոնք ուղղակի կապ ունէին անոր խնդրին հետ։ Երէցը որոշեց դարձեալ անոր հետ խօսակցիլ, այս անգամ նոր տեղեկութիւնները կիրարկելով ու անոր դժուարին կացութեան հանդէպ կարեկցութիւն ցուցաբերելով։ (Բաղդատել Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14, 15։) Բանաւորութեան ի՜նչ ընտիր օրինակ մը։
10. (ա) Երէցները ինչպէ՞ս իրարու հանդէպ եւ երէցներու ամբողջ մարմնին հանդէպ տեղի տալու կեցուածք մը պէտք է ցուցաբերեն։ (բ) Երէցներու մարմինը ինչպէ՞ս պէտք է նկատէ անբանաւոր եղողները։
10 Երէցները իրարու հանդէպ ալ տեղի տալու կեցուածք մը ցուցաբերելու կարիքը ունին։ Երբ երէցներու մարմինը ժողով գումարէ, որքա՜ն կարեւոր է որ ո՛չ մէկը տիրապետէ բանակցութիւններուն։ (Ղուկաս 9։48) Յատկապէս վերակացութիւն ընողը ինքնազսպումի կարիքը ունի այս մարզին մէջ։ Իսկ երբ մէկ կամ երկու երէցներ չեն համաձայնիր երէցներու ամբողջ մարմնին տուած որոշումին հետ, անոնք պիտի չպնդեն որ իրենց ուզածը ըլլայ։ Հապա, այնքան ատեն որ սուրբ գրային որեւէ սկզբունք չէ բեկանուած, անոնք տեղի պէտք է տան, յիշելով որ երէցներէն բանաւորութիւն պահանջուած է։ (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 3) Միւս կողմէն, երէցներու մարմինը ի մտի պէտք է ունենայ որ Պօղոս Կորնթոսի ժողովքը յանդիմանեց, քանի որ ‘անմիտներուն [անբանաւոր մարդոց, (ՆԱ)] կը համբերէին’, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնէին որպէս «ամենէն երեւելի առաքեալներ»։ (Բ. Կորնթացիս 11։5, 19, 20) Ուստի, անոնք կամակոր, անբանաւոր կերպով վարուող ընկերակից երէց մը խրատելու կամեցողութիւնը պէտք է ունենան, բայց միաժամանակ հեզ ու քաղցր պէտք է ըլլան ասիկա ընելով։—Գաղատացիս 6։1
Բանաւորութիւն՝ Հեղինակութիւն Գործադրելու մէջ
11. Հեղինակութիւն գործադրելու մէջ Յիսուսի օրերուն Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն կերպին եւ Յիսուսի կերպին միջեւ ի՞նչ հակասութիւն կար։
11 Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, իր բանաւորութիւնը ցցուն եղաւ իր աստուածատուր հեղինակութիւնը գործածած կերպովը։ Ան որքա՜ն տարբեր էր իր օրուան կրօնական առաջնորդներէն։ Օրինակ մը նկատի առնենք։ Աստուծոյ օրէնքը պատուիրած էր որ ոչ մէկ գործ, ոչ իսկ փայտ ժողվել ըլլար Շաբաթ օրը։ (Ելից 20։10. Թուոց 15։32-36) Կրօնական առաջնորդները կ’ուզէին այդ օրէնքին գործադրումը մանրամասնել։ Ուստի, անոնք իրենք իրենց իրաւասութիւն տուին որոշելու թէ անհատ մը ճիշդ ի՛նչ կրնար վերցնել Շաբաթ օրը։ Անոնք վճռեցին. երկու չորցած թուզէն աւելի ծանր եղող ո՛չ մէկ բան։ Անոնք նոյնիսկ արգիլեցին գամեր ունեցող հողաթափները, պատճառաբանելով որ գամերուն յաւելեալ կշիռքը կրելը գործ մը կը համարուէր։ Ըսուած է որ ռաբբունիները, ընդամէնը, 39 կանոններ աւելցուցին Աստուծոյ տուած Շաբաթի օրէնքին վրայ եւ ապա այդ կանոններուն վրայ անվերջ յաւելումներ ըրին։ Սակայն, իր կարգին, Յիսուս չէր փորձեր ամօթի զգացումով մարդոց վրայ տիրել անվերջ արգելիչ կանոններ հաստատելով կամ անճկուն, անհասանելի չափանիշներ դնելով։—Մատթէոս 23։2-4. Յովհաննու 7։47-49
12. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Յիսուս Եհովայի արդար չափանիշները գործադրելու մէջ չվարանեցաւ։
12 Արդ, պէ՞տք է ենթադրենք որ Յիսուս Աստուծոյ արդար չափանիշներուն հաստատօրէն չկառչեցաւ։ Վստահաբար այդ չէր պարագան։ Ան կը հասկնար որ օրէնքները մեծապէս ազդեցիկ են, երբ մարդիկ ըմբռնեն այդ օրէնքներուն ետին գտնուող սկզբունքները։ Մինչ Փարիսեցիները անհամար կանոններով մարդոց տիրապետելով հետաքրքրուած էին, Յիսուս կը ջանար սրտերուն հասնիլ։ Օրինակի համար, ան լաւ գիտէր որ կարելի չէր տեղի տալ աստուածային կարգ մը օրէնքներու նկատմամբ, ինչպէս՝ «պոռնկութենէն փախէք» օրէնքը։ (Ա. Կորնթացիս 6։18) Ուստի Յիսուս մարդիկը ազդարարեց անբարոյութեան առաջնորդող խորհուրդներուն դէմ։ (Մատթէոս 5։28) Այսպիսի ուսուցում մը շատ աւելի իմաստութիւն ու ներատեսութիւն կը պահանջէր քան պարզապէս անճկուն, բանաձեւական կանոններ հաստատելը։
13. (ա) Երէցները ինչո՞ւ պէտք է խուսափին անթեք օրէնքներ ու կանոններ յօրինելէ։ (բ) Ո՞ր մարզերուն մէջ կարեւոր է անհատին խղմտանքը յարգել։
13 Ներկայիս, պատասխանատու եղբայրներ նոյնպէս սրտերուն հասնելով հետաքրքրուած են։ Հետեւաբար, անոնք քմահաճ, անթեք կանոններ հաստատելէ կամ իրենց անձնական տեսակէտներն ու կարծիքները օրէնքի վերածելէ կը խուսափին։ (Բաղդատել Դանիէլ 6։7-16։) Ժամանակ առ ժամանակ, հագուելակերպի եւ յարդարանքի մասին ազնիւ կերպով վերյիշեցումները կրնան տեղին եւ ժամանակայարմար ըլլալ, բայց երէց մը կրնայ որպէս բանաւոր մարդ իր համբաւը վտանգել, եթէ յաճախ այս հարցերուն շուրջ նոյն բանը կրկնէ կամ փորձէ գլխաւորաբար իր անձնական ճաշակը արտացոլացնող բան մը պարտադրել։ Իրապէս, ժողովքին բոլոր անդամները պէտք է խուսափին ուրիշներու վրայ տիրել փորձելէ։—Բաղդատել Բ. Կորնթացիս 1։23 [Ըստ Հայերէն Աստուածաշունչին։]. Փիլիպպեցիս 2։12։
14. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ուրիշներէն իր ակնկալած բաներուն մէջ բանաւոր էր։
14 Երէցները կրնան իրենք զիրենք քննել ուրիշ մարզի մը մէջ. ‘Ուրիշներէն ակնկալած բաներուս մէջ բանաւո՞ր եմ’։ Վստահաբար Յիսուս բանաւոր էր։ Ան իր հետեւորդներուն յաճախ ցոյց տուաւ որ սրտանց ջանքէն աւելին չէր ակնկալեր անոնցմէ եւ որ մեծապէս կ’արժեւորէր անոնց ջանքերը։ Ան աղքատ որբեւարին գովեց անոր քիչ արժէք ունեցող լումաները տալուն համար։ (Մարկոս 12։42, 43) Ան իր աշակերտները յանդիմանեց, երբ անոնք Մարիամի սուղ ընծան քննադատեցին, ըսելով. «Թող տուէք ատոր։ ... Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ»։ (Մարկոս 14։6, 8) Ան բանաւոր էր, նո՛յնիսկ երբ իր հետեւորդները յուսախաբ ըրին զինք։ Օրինակի համար, թէեւ ան իր երեք ամենէն սերտ առաքեալները յորդորեց, որ արթուն մնան ու շարունակեն հսկել իրեն հետ իր ձերբակալութեան գիշերը, սակայն անոնք զինք յուսախաբ ըրին կրկին անգամ քնանալով։ Այսուհանդերձ, ան հետեւեալ համակրալից դիտողութիւնը ըրաւ. «Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։—Մարկոս 14։34-38
15, 16. (ա) Երէցները ինչո՞ւ ուշադիր պէտք է ըլլան որ հօտը չճնշեն կամ անոր աչքը չվախցնեն։ (բ) Հաւատարիմ քոյր մը ինչպէ՞ս ուրիշներէն իր ակնկալած բանին մէջ բարեփոխումներ ըրաւ։
15 Ճիշդ է որ Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց որ ‘ջանք ընեն’։ (Ղուկաս 13։24) Բայց ան բնաւ չճնշեց անոնց որ այդպէս ընեն։ Ան կ’ոգեւորէր զանոնք, անոնց օրինակ կը հանդիսանար, առաջնորդութիւնը կ’առնէր եւ կը ջանար անոնց սրտերուն հասնիլ։ Անկէ դուրս մնացածին համար, ան Եհովայի հոգիին զօրութեան կ’ապաւինէր։ Երէցները այսօր նոյնպէս պէտք է քաջալերեն հօտը որ սրտանց ծառայէ Եհովայի, բայց պէտք է խուսափին անոր աչքը վախցնել յանցանքի կամ ամօթի զգացումով, այնպէս հասկցնելով որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ինչ որ ներկայիս կ’ընեն կերպով մը անբաւարար կամ անընդունելի է։ Անճկուն, «աւելին ըրէք, աւելին ըրէք, աւելին ըրէք»ի մօտեցումը կրնայ վհատեցնել անոնք որոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընեն։ Որքա՜ն ցաւալի պիտի ըլլար, եթէ երէց մը «դժուարահաճ» ըլլալու համբաւ մը կերտէ, ինչ որ բանաւոր ըլլալէ շա՜տ հեռու է։—Ա. Պետրոս 2։18, ՆԱ։
16 Բոլորս ալ ուրիշներէն մեր ակնկալած բաներուն մէջ բանաւոր պէտք է ըլլանք։ Քոյր մը, իր հիւանդ մօրը հոգ տանելու համար իր ամուսնոյն հետ միսիոնարական նշանակումը ձգելէ ետք, գրեց. «Այս ժամանակները իրապէս դժուար են մեզի՝ հրատարակիչներուս՝ հոս ժողովքներուն մէջ։ Շրջանային ու նահանգային գործունէութեան մէջ ծառայեցինք այսպիսի շատ մը ճնշումներէ պաշտպանուած ըլլալով, ապա յանկարծ, ու ցաւոք սրտի, ստիպուեցանք ասոնց գիտակցիլ։ Նախապէս ես ինծի հարց կու տայի, զոր օրինակ. ‘Այդ քոյրը ինչո՞ւ այս ամսուան համար նախատեսուած գրականութիւնը չի ներկայացներ։ Ան Թագաւորութեան Ծառայութիւնը չի՞ կարդար’։ Հիմա գիտեմ պատճառը։ Ոմանք ասկէ աւելին չեն կրնար ընել [ծառայութեան մէջ]»։ Որքա՜ն աւելի լաւ է մեր եղբայրները գովել իրենց ըրածին համար, քան թէ՝ զիրենք դատել իրենց չըրածին համար։
17. Բանաւորութեան նկատմամբ Յիսուս ինչպէ՞ս օրինակ հանդիսացաւ մեզի։
17 Վերջին օրինակ մը նկատի առնենք թէ Յիսուս ի՛նչպէս իր հեղինակութիւնը բանաւոր կերպով կը գործածէր։ Ան, իր Հօրը նման, իր հեղինակութիւնը նախանձագին չի պաշտպաներ։ Ան ալ, իր կարգին, տեղակալներ նշանակելու մէջ նշանաւոր է, երկրի վրայ «իր բոլոր ունեցածին» հոգ տանելու համար իր հաւատարիմ ծառայ դասակարգը նշանակելով։ (Մատթէոս 24։45-47) Ան չի վախնար ուրիշներէն գաղափարներ առնելէ։ Ան իր ունկնդիրներուն յաճախ կը հարցնէր. «Ի՞նչ կարծիք ունիք»։ (Մատթէոս 17։24. 18։12. 21։28. 22։42) Ներկայիս, Քրիստոսի բոլոր հետեւորդներուն պարագան ալ նոյնը պէտք է ըլլայ։ Հեղինակութեան աստիճանը ինչ որ ալ ըլլայ, անոնք ուրիշներուն մտիկ ընելը զանց պէտք չէ ընեն։ Ո՛վ ծնողներ, մտիկ ըրէք։ Ո՛վ ամուսիններ, մտիկ ըրէք։ Ո՛վ երէցներ, մտիկ ըրէք։
18. (ա) Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ բանաւորութեան համբաւ մը ունի՛նք թէ ոչ։ (բ) Բոլորս ալ պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել։
18 Անկասկած, մեզմէ ամէն մէկը կ’ուզէ ‘բանաւոր ըլլալու համբաւ մը ունենալ’։ (Փիլիպպեցիս 4։5, Ֆիլլիբս) Բայց ինչպէ՞ս գիտենք թէ այսպիսի համբաւ մը կը վայելենք։ Երբ Յիսուս հետաքրքրուած էր թէ մարդիկ իր մասին ի՛նչ կ’ըսէին, ան իր մտերիմ ընկերներուն հարցուց։ (Մատթէոս 16։13) Անոր օրինակին ինչո՞ւ չհետեւիք։ Կրնաք հարցնել մէկու մը, որու ճշմարտախօսութեան կը վստահիք թէ բանաւոր, տեղի տուող անձ մը ըլլալու համբա՛ւ մը ունիք։ Վստահաբար բոլորս ալ կրնանք շատ բան ընել Յիսուսի բանաւորութեան կատարեալ օրինակին աւելի մօտէն հետեւելու համար։ Մանաւանդ երբ որոշ հեղինակութիւն ունինք ուրիշներու վրայ, միշտ հետեւինք Եհովայի ու Յիսուսի օրինակին, միշտ բանաւոր կերպով մը գործածելով զայն, նոյնիսկ ներելով, դիւրաթեք ըլլալով, կամ տեղի տալով, երբ տեղին է։ Արդարեւ, ամէն մէկս ջանանք «բանաւոր» ըլլալ։—Տիտոս 3։2, ՆԱ։
[Ստորանիշ էջ 14]
a Բառագիրք մը (New Testament Words) կը մեկնաբանէ. «Էբիէյքես [բանաւոր] եղող մարդը գիտէ որ ժամանակներ կան, երբ բան մը կրնայ օրինականօրէն՝ կատարելապէս իրաւացի ըլլալ, այսուհանդերձ բարոյականօրէն՝ կատարելապէս սխալ։ Էբիէյքես եղող մարդը գիտէ ե՛րբ օրէնքը մեղմացնել ոյժի մը մղումին ներքեւ, որ օրէնքէն աւելի բարձր ու աւելի մեծ է»։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք է ուզեն բանաւոր ըլլալ։
◻ Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Յիսուսը ընդօրինակել ներող ըլլալու մէջ։
◻ Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք Յիսուսի նման դիւրաթեք ըլլալ։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք հեղինակութիւն գործադրելու մեր կերպովը բանաւորութիւն ցուցաբերել։
◻ Ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ քննել թէ իրապէս բանաւոր ե՛նք թէ ոչ։
[Նկար՝ էջ 15]
Յիսուս զղջացած Պետրոսին անյապաղ ներեց
[Նկար՝ էջ 16]
Երբ կին մը արտակարգ հաւատք ցուցաբերեց, Յիսուս տեսաւ որ ընդհանուր կանոն մը պարտադրելու ժամանակը չէր
[Նկար՝ էջ 17]
Ո՛վ ծնողներ, մտիկ ըրէք
[Նկար՝ էջ 17]
Ո՛վ ամուսիններ, մտիկ ըրէք
[Նկար՝ էջ 17]
Ո՛վ երէցներ, մտիկ ըրէք