Եհովա կրնայ մեզ ուժովցնել
«Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 40։29
1, 2. Եհովայի անհատնելի զօրութեան կարգ մը ապացոյցները ի՞նչ են։
ԵՀՈՎԱ ‘անհատնելի զօրութիւն (ՆԱ)’ ունեցող Աստուած է։ Իր ֆիզիքական ստեղծագործութեան շքեղութեան մէջ կրնանք Աստուծոյ ‘մշտնջենաւոր զօրութեան ու աստուածութեան’ փաստերը տեսնել։ Իր Արարչագործութեան այս ապացոյցներուն գիտակցիլ մերժողները աններելի են։—Սաղմոս 147։5. Հռովմայեցիս 1։19, 20
2 Եհովայի զօրութիւնը երթալով աւելի կը յայտնաբերուի, երբ գիտնականներ տիեզերքն ու հարիւր միլիոնաւոր տարիներ–լոյսի երկարող անոր անհամար աստղահոյլերը խորապէս կը զննեն։ Մութ՝ բայց ջինջ գիշեր մը, երկինքը դիտեցէք եւ հաւանաբար դուք ալ սաղմոսերգուին զգացումը պիտի բաժնեկցիք. «Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես [հոգ կը տանիս (ՆԱ)]»։ (Սաղմոս 8։3, 4) Իսկ Եհովա որքա՜ն լաւ հոգ տարած է մարդ արարածին՝ մեզի։ Ան առաջին մարդուն ու կնկան երկրային գեղեցիկ բնակարան մը տուաւ։ Նոյնիսկ մոլորակին հողը իր մէջ ոյժ ունէր. բուսեղէնք աճեցնելու, սննդարար ու չապականուած ուտելիք արտադրելու համար։ Մարդն ու անասունները Աստուծոյ զօրութեան այս ցուցադրութենէն ֆիզիքական ոյժ կը քաղէին։—Ծննդոց 1։12. 4։12. Ա. Թագաւորաց 28։22
3. Տիեզերքին ֆիզիքական բաներէն զատ, ուրիշ ի՞նչ բան Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնաբերէ։
3 Երկինքը՝ թովիչ, ու երկրի բուսական եւ անասնական աշխարհը հաճելի ըլլալէն զատ, անոնք Աստուծոյ զօրութիւնը կը յայտնաբերեն մեզի։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը»։ (Հռովմայեցիս 1։20) Բայց իր զօրութեան ուրիշ մէկ ապացոյցը կայ, որ մեր ուշադրութեան ու գնահատութեան արժանի է։ ‘Ի՞նչ բան կրնայ տիեզերքէն աւելի Աստուծոյ զօրութիւնը յայտնաբերել’, թերեւս հարցնէք։ Պատասխանն է. Յիսուս Քրիստոս։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ ըսաւ որ ցցահանուած Քրիստոսը «Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնն է»։ (Ա. Կորնթացիս 1։24) ‘Ի՞նչ առումով’, թերեւս հարց տաք։ ‘Իսկ անիկա ներկայ կեանքիս հետ ի՞նչ առնչութիւն ունի’։
Զօրութիւն Յայտնաբերուած՝ Որդւոյն Միջոցով
4. Աստուծոյ զօրութիւնը ինչպէ՞ս յայտնաբերուեցաւ իր Որդւոյն հետ կապակցաբար։
4 Աստուած իր զօրութիւնը առաջին անգամ յայտնաբերեց, երբ իր միածին Որդին ստեղծեց, շինուած՝ իր պատկերին պէս։ Այս հոգեղէն Որդին Եհովայի ծառայեց որպէս «ճարտարապետ», միւս բոլոր բաները ստեղծելու համար Աստուծոյ անհատնելի զօրութիւնը գործածելով։ (Առակաց 8։22, 30) Պօղոս Կողոսայի իր Քրիստոնեայ եղբայրներուն գրեց. «Անով [անոր միջոցով (ՆԱ)] ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ ...։ Բոլոր բաները անով [անոր միջնորդութեամբ (ՆԱ)] ու անոր համար ստեղծուեցան»։—Կողոսացիս 1։15, 16
5–7. (ա) Անցեալին, Աստուծոյ զօրութեան յայտնաբերումները ինչպէ՞ս օգտաշատ եղան մարդոց։ (բ) Ի՞նչ պատճառ ունինք հաւատալու որ Աստուծոյ զօրութիւնը կրնայ ներկայիս յայտնաբերուիլ Քրիստոնեաներու պարագային։
5 Մենք ‘երկրի վրայ ստեղծուած բան’երուն մաս կը կազմենք։ Ուստի, Աստուծոյ զօրութիւնը կրնա՞յ մեզ՝ մարդկայիններս՝ ալ ուժովցնել։ Այո, անկատար մարդոց հետ Աստուծոյ գործառնութիւններուն մէջ, Եհովա ժամանակ առ ժամանակ յաւելեալ ոյժ տուած է իր ծառաներուն, որպէսզի անոնք կարենան իր նպատակները իրագործել։ Մովսէս գիտէր որ ընդհանրապէս անկատար մարդիկ 70 կամ 80 տարի կ’ապրին։ (Սաղմոս 90։10) Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել Մովսէսին մասին։ Ան մինչեւ 120 տարեկան ապրեցաւ եւ սակայն «անոր աչքերը չտկարացան ու անոր ոյժը չգնաց»։ (Բ. Օրինաց 34։7) Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր որ Աստուած իր ամէն ծառային այդքան երկար ապրելու կամ այդպիսի կորով մը պահելու կարող կը դարձնէ, այլ ասիկա կ’ապացուցանէ որ Եհովա կրնայ մարդիկը ուժովցնել։
6 Մարդիկը եւ կիները ուժովցնելու Աստուծոյ կարողութիւնը ցոյց տուող ուրիշ պարագայ մըն է Աբրահամի կնոջը իր ըրածը։ «Սառան՝ որդեծնութեան սերմը առնելու զօրութիւնը ընդունեց եւ ատենը անցած հասակի մէջ զաւակ ծնաւ, վասնզի հաւատարիմ սեպեց զանիկա որ խոստացած էր»։ Կամ նկատի առնենք թէ Աստուած ի՛նչպէս Իսրայէլի դատաւորներ եւ ուրիշ անհատներ ուժովցուց. ‘Գեդէօնը ու Բարակը եւ Սամփսոնը ու Յեփթայէն եւ Դաւիթը ու Սամուէլը եւ ուրիշ մարգարէներ’ «որոնք ... տկարութենէ ուժովցան»։—Եբրայեցիս 11։11, 32–34
7 Այսպիսի ոյժ մը կրնայ ազդու ըլլալ մեր պարագային ալ։ Անշուշտ, հիմա չենք ակնկալեր հրաշքով զաւակ ունենալ, ոչ ալ Սամփսոնին պէս ոյժ ցուցաբերել։ Սակայն կրնանք ուժովնալ, ինչպէս Պօղոս յիշեցուց Կողոսայի մէջ ապրած սովորական մարդոց։ Այո, Պօղոս կը գրէր այնպիսի այրերու, կիներու եւ զաւակներու որոնք կը նմանէին այն անհատներուն որոնցմէ ներկայիս կը բաղկանան ժողովքները եւ անոնց ըսաւ որ անոնք «բոլոր ուժով զօրացած» էին։—Կողոսացիս 1։11
8, 9. Առաջին դարուն, Եհովայի զօրութիւնը ինչպէ՞ս անժխտելիօրէն յայտնաբերուեցաւ մեզի նման մարդոց նկատմամբ։
8 Յիսուսի երկրային ծառայութեան ընթացքին, Եհովա յստակ ըրաւ որ իր զօրութիւնը կը ներգործէր իր Որդւոյն միջոցով։ Օրինակի համար, առիթով մը, երբ Կափառնայումի մէջ բազմութիւններ Յիսուսի եկած էին, «Տէրոջը զօրութիւնը ներկայ էր ... բժշկելու» համար։—Ղուկաս 5։17
9 Իր յարութենէն ետք, Յիսուս հաւաստիացուց իր հետեւորդները որ ‘սուրբ հոգին իրենց վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէին’։ (Գործք 1։8) Ասիկա շատ ճիշդ էր։ Պատմաբան մը, Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին յաջորդած օրերու իրադարձութիւններուն մասին կը տեղեկագրէ. «Առաքեալները մեծ զօրութիւնով վկայ էին Տէր Յիսուսին յարութեանը»։ (Գործք 4։33) Պօղոսն ալ Աստուծոյ կողմէ իրեն յանձնարարուած գործը կատարելու համար ուժովցած անհատ մըն էր։ Իր դարձի գալէն ու տեսողութիւնը գտնելէն ետք, ան «ա՛լ աւելի կը զօրանար եւ Դամասկոսի մէջ բնակող Հրեաները կը պապանձեցնէր, ապացուցանելով թէ՝ Քրիստոսը ասիկա է»։—Գործք 9։22
10. Աստուծմէ եկած զօրութիւնը ինչպէ՞ս օգտաշատ եղաւ Պօղոսին։
10 Պօղոս վստահաբար յաւելեալ ոյժի կարիքը ունէր, երբ նկատի առնենք հոգեւոր եւ մտային կորովը որ պահանջուեցաւ հազարաւոր քիլոմեթրներ ծածկող միսիոնարական երեք ճամբորդութիւնները կատարելու համար։ Ան նաեւ ամէն տեսակ դժուարութեան հանդուրժեց, բանտարկութիւններու տոկալով եւ նահատակութիւն դիմագրաւելով։ Ան ինչպէ՞ս կրցաւ այս բոլորին դիմանալ։ Ան կը պատասխանէ. «Տէրը իմ քովս կայնեցաւ ու զիս զօրացուց, որպէսզի քարոզութիւնը իմ միջոցովս լման ըլլայ»։—Բ. Տիմոթէոս 4։6–8, 17. Բ. Կորնթացիս 11։23–27
11. Աստուծոյ զօրութեան նկատմամբ, Պօղոս ի՞նչ վստահութիւն արտայայտեց Կողոսայի իր հաւատակիցներուն։
11 Զարմանալի չէ, ուրեմն, որ Պօղոս, երբ Կողոսայի իր ‘Քրիստոսով եղբայրներուն’ կը գրէր, հաւաստիացուց անոնց որ անոնք կրնային ‘Եհովայի փառաւոր զօրութեանը համեմատ բոլոր ուժով զօրանալ՝ որպէսզի համբերութեան ու երկայնմտութեան համար ուրախանան’։ (Կողոսացիս 1։2, 11) Թէեւ այս խօսքերը առաջին հերթին կ’ուղղուէին օծեալ Քրիստոնեաներուն, սակայն Քրիստոսի քայլերուն բոլոր հետեւողները կրնան մեծապէս օգտուիլ Պօղոսի գրածէն։
Կողոսայի մէջ Ուժովցած
12, 13. Կողոսացիս նամակը ի՞նչ պարագաներու ներքեւ գրուեցաւ, եւ հաւանաբար այս քաղաքի Քրիստոնեաներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։
12 Ասիոյ Հռովմէական նահանգին մէջ գտնուած Կողոսայի ժողովքը հաւանաբար կազմուեցաւ Եպափրաս կոչուած հաւատարիմ Քրիստոնեային քարոզչութեամբ։ Այնպէս կը թուի որ, շուրջ Հ.Դ. 58–ին, երբ Հռովմի մէջ Պօղոսի բանտարկուիլը լսեց, Եպափրաս որոշեց առաքեալին այցելել ու զինք քաջալերել Կողոսայի իր եղբայրներուն սիրոյն ու հաստատամտութեանը մասին լաւ տեղեկագրութիւն մը տալով։ Շատ հաւանաբար Եպափրաս հաւատարիմ տեղեկագրութիւն մըն ալ ներկայացուց կարգ մը խնդիրներու մասին, որոնք սրբագրութեան կը կարօտէին Կողոսայի ժողովքին մէջ։ Իր կարգին, Պօղոս պարտական զգաց այդ ժողովքին քաջալերական ու խրատիչ նամակ մը գրել։ Այդ նամակին առաջին գլուխը կարդալով, մենք ալ կրնանք մեծապէս քաջալերուիլ, քանի որ անիկա լոյս կը սփռէ թէ Եհովա ի՛նչպէս կրնայ իր ծառաները ուժովցնել։
13 Կրնանք երեւակայել Կողոսայի եղբայրներուն ու քոյրերուն զգացումը, երբ Պօղոս զանոնք կ’անուանէ՝ «Քրիստոսով հաւատացեալ ... եղբայրներ»։ Անոնք գովուելու արժանի էին «բոլոր սուրբերուն վրայ» իրենց ունեցած ‘սիրոյն’ եւ Քրիստոնեաներ ըլլալնէն ի վեր ‘բարի լուրը պտղաբեր դարձնել’նուն համար։ Արդեօք կարելի՞ է նոյնպէս արտայայտուիլ մեր ժողովքին, կամ անհատապէս մեզի համար։—Կողոսացիս 1։2–8
14. Պօղոս ի՞նչ կը փափաքէր Կողոսացիներուն համար։
14 Իր ստացած տեղեկագրութիւններէն ա՛յնքան ազդուած էր որ Պօղոս Կողոսացիներուն գիտցուց որ ինք չէր դադարած իրենց համար աղօթելէ ու խնդրելէ որ անոնք ‘Աստուծոյ կամքին գիտութիւնովը կատարեալ ըլլան’, «իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով» լեցուին, որպէսզի ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալեն’։ Ան կ’աղօթէր որ անոնք «բարի գործերով պտղաբեր [ըլլան ու աճին] Աստուծոյ գիտութիւնովը. իր փառաւոր զօրութեանը համեմատ բոլոր ուժով զօրացած՝ համբերութեան ու երկայնմտութեան համար ուրախացած»։—Կողոսացիս 1։9–11
Ներկայիս Ալ Ուժովցած
15. Ինչպէ՞ս կրնանք յայտնաբերել այն մտավիճակը զոր կ’արտացոլացնէ Պօղոսի Կողոսացիս նամակը։
15 Պօղոս ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը ձգեց մեզի։ Համայն աշխարհի մէջ, մեր եղբայրները մեր աղօթքներուն կարիքը ունին, որպէսզի անոնք համբերեն եւ իրենց ուրախութիւնը պահեն, հակառակ իրենց տառապանքներուն։ Պօղոսին նման, մեր աղօթքներուն մէջ, մենք մասնայատուկ պէտք է ըլլանք, երբ կը տեղեկանանք որ ուրիշ ժողովքի մը, կամ ուրիշ երկրի մը մէջ մեր եղբայրները դժուարին պահերէ կ’անցնին։ Կրնայ ըլլալ որ մօտակայ ժողովք մը աղետէ մը հարուածուած է կամ հոգեւոր դժուարութիւն մը ունեցած է։ Կամ կրնայ ըլլալ որ քաղաքացիական պատերազմով կամ միջցեղային ջարդերով պառակտուած երկրի մը մէջ Քրիստոնեաները նեղութիւններու կը համբերեն։ Մեր աղօթքներուն մէջ, պէտք է խնդրենք Աստուծմէ որ օգնէ մեր եղբայրներուն, որպէսզի անոնք ‘Եհովայի արժանի կերպով քալեն’ եւ մինչ կը համբերեն, շարունակեն Թագաւորութեան պտուղներ բերել ու գիտութիւնովը աճիլ։ Այս կերպով, Աստուծոյ ծառաները իր հոգիին զօրութիւնը կը ստանան, ‘բոլոր ոյժով զօրանալով’։ Վստա՛հ ըլլանք որ մեր Հայրը պիտի լսէ մեր աղօթքները ու պատասխանէ անոնց։—Ա. Յովհաննու 5։14, 15
16, 17. (ա) Ինչպէս Պօղոս գրեց, ի՞նչ բանի համար շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք։ (բ) Ի՞նչ առումով Աստուծոյ ժողովուրդը ազատագրութիւն եւ թողութիւն ստացած է։
16 Պօղոս գրեց որ Կողոսացիները ‘գոհանային Հօր Աստուծմէ, որ զիրենք լոյսի մէջ բնակող սուրբերուն վիճակին մասնակից ըլլալու արժանացուց’։ Մենք ալ մեր երկնաւոր Հօրը շնորհակալութիւն յայտնենք իր կարգադրութեան մէջ մեր դիրքին համար զոր ունինք, անիկա ըլլայ իր Թագաւորութեան երկնային թէ երկրային ծիրին մէջ։ Աստուած անկատար մարդիկը ինչպէ՞ս իր աչքին արժանի դարձուցած է։ Պօղոս իր օծեալ եղբայրներուն գրեց. «[Ան] մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց։ Որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն»։—Կողոսացիս 1։12–14
17 Մեր յոյսը ի՛նչ ալ ըլլայ՝ երկնային թէ երկրային՝ ամէն օր Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք որ, խաւարի այս չար դրութենէն ազատագրուած ենք, Եհովայի սիրելի Որդւոյն քաւիչ զոհին թանկագին կարգադրութեան վրայ մեր հաւատքով։ (Մատթէոս 20։28) Հոգիէն–օծուած Քրիստոնեաները մասնայատուկ կերպով մը իրենց կիրարկուած փրկանքէն օգտուած են, այնպէս որ անոնք կարենան ‘Աստուծոյ սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրուիլ’։ (Ղուկաս 22։20, 29, 30) Բայց «ուրիշ ոչխարներ»ն ալ կրնան հիմակուընէ օգտուիլ փրկանքէն։ (Յովհաննու 10։16) Այս մարդիկը կրնան Աստուծմէ թողութիւն ստանալ, որպէսզի իր առջեւ արդար կեցուածք մը ունենան որպէս իր բարեկամները։ Այս վերջին ժամանակին, անոնք մեծ մասնակցութիւն կը բերեն «արքայութեան այս աւետարանը» ծանուցանելուն մէջ։ (Մատթէոս 24։14) Անկէ զատ, անոնք, Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանին, ամբողջովին արդար ու ֆիզիքապէս կատարեալ ըլլալու հոյակապ յոյսը ունին։ Մինչ կը խորհինք Յայտնութիւն 7։13–17–ին մէջ նկարագրուած վիճակներուն վրայ, ազատագրութիւն մը, օրհնութիւն մը չե՞նք տեսներ։
18. Կողոսացիս նամակին մէջ յիշուած ի՞նչ հաշտութիւն Աստուած տակաւին կ’իրագործէ այսօր։
18 Պօղոսի այս նամակը մեզի կ’օգնէ անդրադառնալու թէ որքա՜ն պարտական ենք ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն։ Աստուած ի՞նչ կ’իրագործէր Քրիստոսի միջոցով։ «Ամէնքը [հաշտեցուց] իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները»։ Աստուծոյ նպատակն է բոլոր ստեղծագործութիւնը անգամ մը եւս իրեն հետ կատարեալ ներդաշնակութեան մէջ բերել, ինչպէս որ էին վիճակները Եդեմի մէջ ըմբոստութենէն առաջ։ Ան որ գործածուեցաւ բոլոր բաները ստեղծելու համար, նոյնն է, որ հիմա կը գործածուի այս հաշտութիւնը իրագործելու համար։—Կողոսացիս 1։20
Ուժովցած՝ Ի՞նչ Նպատակի Համար
19, 20. Մեր սուրբ ու անբիծ ըլլալը ի՞նչ բանէ կախեալ է։
19 Բոլորս ալ, որ Աստուծոյ հետ հաշտուած ենք, պատասխանատուութիւններու դիմաց կը գտնուինք։ Ատեն մը մեղաւոր եւ Աստուծմէ հեռացած էինք։ Բայց հիմա, Յիսուսի զոհագործութեան վրայ հաւատք ունենալով եւ մեր մտքերը այլեւս չար գործերու վրայ չկեդրոնացնելով, մենք հիմնականօրէն «սուրբ ու անբիծ» նկատուած ենք, ‘Աստուծոյ առջեւ անարատ’ վիճակով մը։ (Կողոսացիս 1։21, 22) Այո, ինչպէս որ Աստուած իր վաղեմի հաւատարիմ վկաներէն չէր ամչնար, նոյնպէս ան մեր Հայրը կոչուելէ չամչնար։ (Եբրայեցիս 11։16) Ներկայիս, ոեւէ մէկը չի կրնար մեզ ամբաստանել թէ մենք իր փառաւոր անունը սխալ կերպով կը կրենք, կամ թէ այդ անունը երկրին հեռաւոր տեղերը ծանուցանելէ կը վախնանք։
20 Սակայն, նկատի առնենք թէ Պօղոս ի՛նչ խրատ կը կցէ Կողոսացիս 1։23–ին մէջ. «Եթէ կենաք հաւատքին մէջ հիմնուած ու հաստատ եւ առանց խախտելու աւետարանին յոյսէն որ լսեցիք, որ երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։ Եհովայի հաւատարիմ մնալէն շատ բան կախեալ է, իր սիրելի Որդւոյն քայլերուն հետեւելով։ Եհովա եւ Յիսուս շա՜տ բան ըրած են մեզի համար։ Մենք ալ, Պօղոսի խրատին հետեւելով, անոնց հանդէպ մեր սէրը ցուցաբերենք։
21. Այսօր հրճուելու ի՞նչ մեծ պատճառ ունինք։
21 Կողոսացի Քրիստոնեաները հրճուած ըլլալու էին տեղեկանալով որ ‘իրենց լսած աւետարանը’ արդէն «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» ‘քարոզուած էր’։ Ներկայիս, տակաւին աւելի խայտալի է տեղեկանալ թէ Թագաւորութեան բարի լուրը ո՛ր տարողութեամբ կը ծանուցանուի. չորսուկէս միլիոնէ շատ աւելի Վկաներու կողմէ, աւելի քան 230 երկիրներու մէջ։ Այո, ամէն տարի բոլոր ազգերէն գրեթէ 300,000 անհատներ Աստուծոյ հետ կը հաշտուին։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20
22. Նոյնիսկ երբ կը տառապինք, Աստուած ի՞նչ կրնայ ընել մեզի համար։
22 Իր Կողոսացիս նամակը գրած ժամանակ, թէեւ Պօղոս ակներեւաբար բանտարկուած էր, բայց ան որեւէ կերպով ինքն իր վրայ չողբաց։ Ընդհակառակը, ան գրեց. «Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս համար»։ Պօղոս գիտէր թէ ի՛նչ կը նշանակէր «համբերութեան ու երկայնմտութեան համար» ուրախանալ։ (Կողոսացիս 1։11, 24) Բայց ան գիտէր որ ասիկա ինքն իր ոյժով չէր ըներ։ Եհովա ուժովցուցած էր զինք։ Նոյնն է պարագան այսօր։ Հազարաւոր Վկաներ բանտարկուած ու հալածուած են, բայց անոնք Եհովայի ծառայելու իրենց ուրախութիւնը չեն կորսնցուցած։ Ընդհակառակը, անոնք Եսայեայ 40։29–31–ին մէջ գտնուող Աստուծոյ խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը գնահատած են. «Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը ... Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի»։
23, 24. Կողոսացիս 1։26–ին մէջ յիշուած «սրբազան գաղտնիքը» ի՞նչ է։
23 Քրիստոսին վրայ կեդրոնացած բարի լուրի ծառայութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունէր Պօղոսին համար։ Ան կ’ուզէր որ ուրիշներ ալ Աստուծոյ նպատակին մէջ Քրիստոսի դերին արժէքը գնահատեն. անոր համար ան զայն նկարագրեց որպէս «այն խորհուրդը [սրբազան գաղտնիքը (ՆԱ)] որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու ազգերէն»։ Սակայն, անիկա մինչեւ վերջը գաղտնիք մը պիտի չմնար։ Պօղոս աւելցուց. «Հիմա իր սուրբերուն յայտնուեցաւ»։ (Կողոսացիս 1։26) Երբ Եդեմի մէջ ըմբոստութիւնը ծագեցաւ, Եհովա գալիք աւելի լաւ բաներու խոստում մը տուաւ, գուշակելով որ ‘կնոջ սերունդը օձին գլուխը պիտի ջախջախէր’։ (Ծննդոց 3։15) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէր։ Սերունդներու եւ դարերու տեւողութեան, անիկա գաղտնիք մը մնացած է։ Ապա Յիսուս եկաւ եւ «լուսաւորեց կեանքը ու անմահութիւնը աւետարանին միջոցաւ»։—Բ. Տիմոթէոս 1։10
24 Այո, «սրբազան գաղտնիք»ին առանցքը կը կազմէ Քրիստոս եւ Մեսիական Թագաւորութիւնը։ Պօղոս յիշեց «երկնքի մէջ եղողները», անոնց ակնարկելով, որոնք Քրիստոսին հետ Թագաւորութեան իշխանակիցներ պիտի ըլլան։ Անոնց միջոցով, անպատում օրհնութիւններ պիտի բերուին «երկրի վրայ ... եղողներուն»՝ անոնց որոնք երկրի վրայ Դրախտին մէջ յաւիտեան պիտի ապրին։ Կրնաք տեսնել թէ ո՛րքան տեղին էր, ուրեմն, որ Պօղոս այս «սրբազան գաղտնիք»ին ‘փառաւոր ճոխութեանը’ ակնարկէր։—Կողոսացիս 1։20, 27
25. Ինչպէս ցոյց տրուած է Կողոսացիս 1։29–ին մէջ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր կեցուածքը հիմա։
25 Պօղոս Թագաւորութեան մէջ իր տեղը գրաւելուն անձկագին կը սպասէր։ Այսուհանդերձ, ան շատ լաւ գիտէր որ իր ձեռքերը ծալլած չէր կրնար անոր սպասել։ «Որուն համար ես ալ կ’աշխատիմ, ջանք ընելով իր ներգործութեանը համեմատ, որ զօրութիւնով իմ մէջս կը գործէ»։ (Կողոսացիս 1։29) Նկատի առնենք որ Եհովա, Քրիստոսին միջոցով, Պօղոսը ուժովցուց, այնպէս որ ան կեանք փրկող ծառայութիւն մը կատարեց։ Եհովա հիմա կրնայ նոյնը ընել մեր պարագային։ Բայց մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Ես աւետարանելու հոգին ունի՞մ զոր ունէի, երբ ճշմարտութիւնը սորվեցայ’։ Ի՞նչ կը պատասխանէք։ Ի՞նչ բան կրնայ իւրաքանչիւրիս օգնել, որ շարունակենք ‘ծանր աշխատիլ, Եհովայի զօրութեան ներգործութեանը համեմատ ջանք թափելով’։ Յաջորդ յօդուածը ճիշդ այս նիւթը պիտի շօշափէ։
Նկատի Առի՞ք
◻ Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա կրնայ իր զօրութիւնը յայտնաբերել մարդոց ի նպաստ։
◻ Պօղոս ի՞նչ պարագաներու ներքեւ գրեց Կողոսացիս առաջին գլուխը։
◻ Աստուած ինչպէ՞ս կ’իրագործէ Կողոսացիս 1։20–ին մէջ յիշուած հաշտութիւնը։
◻ Եհովա, իր զօրութեամբ, ի՞նչ կրնայ իրագործել մեր միջոցով։
[Քարտէս⁄Նկար՝ էջ 7]
ԿՈՂՈՍԱ