Առաքինութեան ետեւէ՞ էք
«Ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք»։—ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4։8
1. Ի՞նչ է անառակութիւնը, եւ անիկա ինչո՞ւ Եհովայի պաշտամունքը չէ ապականած։
ԱՆԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆԸ բարոյական եղծանում կամ ապականութիւն է։ Ան մեր ապրած աշխարհէն ներս կը թափանցէ։ (Եփեսացիս 2։1-3) Սակայն, Եհովա Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ իր մաքուր պաշտամունքը ապականի։ Քրիստոնէական հրատարակութիւնները, ժողովները եւ համաժողովները, անիրաւ վարքի դէմ այժմէական ազդարարութիւններ կու տան։ Աստուծոյ աչքին ‘բարի’ եղածին ‘յարելու’ համար, սուրբ գրային արժէքաւոր օգնութիւն կը ստանանք։ (Հռովմայեցիս 12։9) Հետեւաբար, որպէս կազմակերպութիւն, Եհովայի Վկաները կը ջանան մաքուր եւ առաքինի ըլլալ։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել անհատապէս մեր մասին։ Իրապէս, դուք առաքինութեան ետեւէ՞ էք։
2. Ի՞նչ է առաքինութիւնը, եւ ինչո՞ւ առաքինի մնալը ջանք կը պահանջէ։
2 Առաքինութիւնը բարոյական արժանիք, բարութիւն, շիտակ գործելակերպ եւ մտածելակերպ է։ Անիկա կրաւորական յատկութիւն մը չէ, այլ՝ գործունեայ եւ դրական։ Առաքինութիւնը մեղքէ խուսափելէն աւելին կ’ընդգրկէ. անիկա բարի բաներու ետեւէն ըլլալ կը նշանակէ։ (Ա. Տիմոթէոս 6։11) Պետրոս առաքեալ քրիստոնեայ հաւատակիցները յորդորեց, ըսելով. «Ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք»։ Ի՞նչպէս։ «[Աստուծոյ թանկագին խոստումներուն] ընդառաջելով՝ բոլոր ջանքերնիդ դրած»։ (Բ. Պետրոս 1։5, ՆԱ) Մեր մեղաւոր բնոյթին համար, առաքինի մնալը իսկական ջանք կը պահանջէ։ Սակայն, վաղեմի աստուածավախ անհատներ ասիկա ըրած են, նոյնիսկ հսկայ արգելքներու դիմաց։
Ան Առաքինութեան Ետեւէ Էր
3. Աքազ Թագաւոր ո՞ր ամբարիշտ արարքներով յանցապարտ եղաւ։
3 Աստուածաշունչը առաքինութեան ետեւէ եղողներուն մասին, բազմաթիւ դրուագներ կը պարունակէ։ Օրինակի համար, նկատի առէք առաքինի Եզեկիան։ Իր հայրը՝ Յուդայի Աքազ Թագաւորը՝ բացայայտօրէն Մողոքը կը պաշտէր։ «Աքազ քսան տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Դաւիթին պէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղղութիւն չըրաւ, հապա Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց ու իր որդին ալ կրակէ անցուց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, որոնք Տէրը Իսրայէլին որդիներուն առջեւէն վռնտեց։ Բարձր տեղերն ու բլուրներու վրայ եւ ամէն կանանչ ծառերու տակ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր»։ (Դ. Թագաւորաց 16։2-4) Ոմանք կը դաւանին թէ ‘կրակէ անցընելը’ տեսակ մը մաքրումի արարողութեան կ’ակնարկէ եւ ոչ թէ՝ մարդկային զոհագործութեան։ Սակայն, Ճոն Տէյի կողմէ գրուած, Մողոք՝ Մարդկային Զոհի Աստուած մը՝ Հին Կտակարանին Մէջ գիրքը (Անգլերէն), դիտել կու տայ. «Թէ՛ դասական եւ թէ Փիւնիկեան [Կարթագինեան] ինչպէս նաեւ հնախուզական աղբիւրներէ ապացոյցներ կան, որ մարդկային զոհագործութիւն գոյութիւն ունէր . . . քանանական աշխարհին մէջ, հետեւաբար Հին Կտակարանի [մարդկային զոհի] ակնարկումներուն վրայ կասկածելու պատճառ չկայ»։ Ասկէ զատ, Բ. Մնացորդաց 28։3–ը յատկապէս կ’ըսէ թէ Աքազ «իր որդիները կրակով այրեց»։ (Բաղդատել՝ Բ. Օրինաց 12։31. Սաղմոս 106։37, 38։) Ի՜նչ ամբարիշտ արարքներ։
4. Եզեկիա ի՞նչպէս վարուեցաւ անառակութեամբ լեցուն միջավայրի մը մէջ։
4 Եզեկիա ի՞նչպէս վարուեցաւ անառակութեամբ լեցուն այս միջավայրին մէջ։ 119–րդ Սաղմոսը կը հետաքրքրէ մեզ, քանի որ ոմանք կը խորհին թէ Եզեկիան գրած է զայն, մինչ տակաւին իշխան մըն էր։ (Սաղմոս 119։46, 99, 100) Հետեւաբար, իր պարագաները կրնան ցոյց տրուիլ հետեւեալ խօսքերով. «Իշխաններ ալ կը նստէին ու ինծի դէմ կը խօսէին, բայց քու ծառադ քու կանոններուդ վրայով կը մտածէր։ Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի»։ (Սաղմոս 119։23, 28) Սուտ կրօնքի հետեւողներով շրջապատուած ըլլալով, թերեւս Եզեկիա պալատականներու ծաղրանքի առարկան դարձած էր, ա՛յն աստիճան որ քնանալու դժուարութիւն կ’ունենար։ Սակայն, ան առաքինի մնաց ու ժամանակ մը ետք թագաւոր ըլլալով, «Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ . . . Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ապաւինեցաւ»։—Դ. Թագաւորաց 18։1-5
Անոնք Առաքինի Մնացին
5. Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները ի՞նչ փորձութիւններ դիմագրաւեցին։
5 Առաքինութեան տիպարներ էին նաեւ Դանիէլ եւ իր երեք Եբրայեցի ընկերները՝ Անանիա, Միսայէլ եւ Ազարիան։ Անոնք բռնի ոյժով տեղահանուեցան իրենց հայրենիքէն եւ Բաբելոն աքսորուեցան։ Չորս երիտասարդներուն բաբելոնական անուններ տրուեցան՝ Բաղտասասար, Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով։ Անոնց հրամցուեցաւ «թագաւորին ազնիւ կերակուրէն», մէջը ըլլալով Աստուծոյ Օրէնքին կողմէ արգիլուած ուտելիքներ։ Ասկէ զատ, անոնց պարտադրուեցաւ երեք տարուան մարզում մը, որ կապ ունէր ‘Քաղդէացիներու գիրին ու լեզուին’ հետ։ Ասիկա պարզապէս ուրիշ լեզու մը սորվելէ աւելին կ’ընդգրկէր, քանի որ հոս յիշուած «Քաղդէացիներ» արտայայտութիւնը, հաւանաբար ուսեալ դասակարգին կը մատնանշէր։ Հետեւաբար, այս Եբրայեցի երիտասարդներուն բաբելոնական խեղաթիւրուած ուսուցում մատակարարուեցաւ։—Դանիէլ 1։1-7
6. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Դանիէլ առաքինութեան ետեւէ էր։
6 Հակառակ համակերպելու համար եղած ահագին ճնշումներուն, Դանիէլ եւ իր երեք ընկերները առաքինութիւն ընտրեցին փոխան՝ անառակութեան։ Դանիէլ 1։21 կ’ըսէ. «Դանիէլ մինչեւ Կիւրոս Թագաւորին առաջին տարին մնաց»։ Այո Դանիէլ որպէս Եհովայի առաքինի ծառայ մը շարունակեց ‘մնալ’ աւելի քան 80 տարիներ, տեսնելով շատ մը հզօր թագաւորներու բարձրացումն ու անկումը։ Ան Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց հակառակ կառավարական ապականած պաշտօնեաներու դաւերուն եւ բաբելոնական կրօնքէն ներս թափանցած սեռային անառակութիւններուն։ Դանիէլ շարունակե՛ց առաքինութեան ետեւէ ըլլալ։
7. Դանիէլի եւ իր երեք ընկերներուն հետեւած ընթացքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
7 Աստուածավախ Դանիէլէն եւ իր ընկերներէն շատ բան կրնանք սորվիլ։ Անոնք առաքինութեան ետեւէ եղան եւ մերժեցին բաբելոնական մշակոյթին մէջ ձուլուիլ։ Թէեւ անոնց բաբելոնական անուններ տրուեցան, բայց որպէս Եհովայի ծառաներ երբեք իրենց ինքնութիւնը չկորսնցուցին։ Շուրջ 70 տարիներ ետք, Բաբելոնի թագաւորը անոր Եբրայերէն անունը գործածեց, երբ Դանիէլի հետ խօսեցաւ։ (Դանիէլ 5։13) Իր երկարատեւ կեանքի ընթացքին, Դանիէլ մերժեց տեղի տալ նոյնիսկ պզտիկ հարցերու մէջ։ Որպէս երիտասարդ մը, ան ‘որոշած էր թագաւորին ազնիւ կերակուրովը չպղծուիլ’։ (Դանիէլ 1։8) Դանիէլի եւ իր երեք ընկերներուն բռնած այս անտեղիտալի կեցուածքը, անկասկած զիրենք զօրացուց, որպէսզի հետագային իրենց դիմագրաւած մահու եւ կենաց փորձութիւններէն վերապրին։—Դանիէլ, 3 եւ 6–րդ գլուխները։
Ներկայիս Առաքինութեան Ետեւէ Ըլլանք
8. Քրիստոնեայ երիտասարդներ ի՞նչպէս կրնան պայքարիլ, Սատանայի աշխարհին մէջ չձուլուելու համար։
8 Դանիէլի եւ իր երեք ընկերներուն նման, ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը Սատանայի ամբարիշտ աշխարհին մէջ չձուլուելու համար կը պայքարի։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Եթէ քրիստոնեայ երիտասարդ մըն էք, թերեւս ձեր ընկերներուն կողմէ զօրաւոր ճնշումներու կ’ենթարկուիք, հագուելակերպի, յարդարանքի եւ երաժշտութեան մէջ անոնց ծայրայեղ ճաշակը ընդօրինակելու համար։ Փոխանակ ժողովրդային եղող իւրաքանչիւր նորոյթի հետեւելու, հաստա՛տ կեցէք եւ մի՛ ‘կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը’։ (Հռովմայեցիս 12։2) «Ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները [ուրացէք] եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով [ապրեցէք]»։ (Տիտոս 2։11, 12) Կարեւորը Եհովա՛յի հաճութիւնը ունենալն է եւ ո՛չ թէ՝ ձեր ընկերներուն։—Առակաց 12։2
9. Առեւտրական աշխարհին մէջ Քրիստոնեաներ ի՞նչ ճնշումներ կրնան դիմագրաւել, սակայն ի՞նչ վարմունք պէտք է ունենան։
9 Չափահաս Քրիստոնեաներն ալ ճնշումներ կը դիմագրաւեն եւ առաքինի պէտք է ըլլան։ Քրիստոնեայ առեւտրականներ կրնան փորձուիլ կասկածելի մեթոտներ գործածել կամ կառավարական կանոններ եւ տուրքեր զանց ընել։ Սակայն, առեւտրական մրցակիցներուն կամ գործակիցներուն վարմունքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, մենք «ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ»։ (Եբրայեցիս 13։18) Աստուածաշունչը մեզմէ կը պահանջէ որ գործատէրերուն, պաշտօնեաներուն, յաճախորդներուն եւ աշխարհային կառավարութիւններուն հետ ուղղամիտ եւ պարկեշտ ըլլանք։ (Բ. Օրինաց 25։13-16. Մատթէոս 5։37. Հռովմայեցիս 13։1. Ա. Տիմոթէոս 5։18. Տիտոս 2։9, 10) Ուստի, մեր առեւտրական գործառնութիւններուն մէջ ալ կարգապահ ըլլանք։ Ճշգրիտ արձանագրութիւններ պահելով եւ համաձայնութիւններ գրի առնելով, յաճախ կրնանք թիւրիմացութիւններէ խուսափիլ։
Շարունակեցէ՛ք Զգոյշ Ըլլալ
10. Երբ հարցը երաժշտութիւն ընտրելու գայ, ինչո՞ւ կարիքը կայ ‘զգոյշ ըլլալու’։
10 Սաղմոս 119։9–ն Աստուծոյ աչքին առաքինի մնալու ուրիշ երեսակ մըն ալ աչքառու կը դարձնէ։ Սաղմոսերգուն երգեց. «Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով»։ Սատանայի ամենէն ազդու զէնքերէն մէկն է՝ երաժշտութիւնը, որ զգացումներ գրգռելու զօրութիւնը ունի։ Դժբախտաբար, Քրիստոնեաներէն ոմանք երաժշտութեան հարցով «զգուշութիւն ընել»ու մէջ թերացած են եւ անոր ծայրայեղ տեսակներով հրապուրուած են, ինչպէս՝ րէբ–ը եւ հէվի մէթըլ–ը։ Ոմանք կրնան առարկել թէ այսպիսի երաժշտութիւն վնաս չի հասցներ իրենց, կամ թէ՝ անոր բառերուն ուշադրութիւն չեն ընծայեր։ Ուրիշներ կ’ըսեն թէ պարզապէս հաճոյք կ’առնեն զօրաւոր կշռոյթներէն կամ բարձրաձայն կիթառներէն։ Սակայն, Քրիստոնեաներուն համար, հարցը բանէ մը հաճոյք առնելը կամ չառնելը չէ, այլ, թէ անիկա «Տէրոջը հաճելի» է թէ՝ ոչ։ (Եփեսացիս 5։10) Ընդհանուր առմամբ, հէվի մէթըլ եւ րէբ երաժշտութիւնը անառակութիւններ՝ հայհոյութիւն, պոռնկութիւն եւ նոյնիսկ սատանայապաշտութիւն կը քաջալերէ.a բաներ, որոնք անկասկած Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տեղ չունին։ (Եփեսացիս 5։3) Ըլլանք պատանիներ կամ չափահասներ, լաւ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւրս հետեւեալ հարցումին մասին մտածենք. Երաժշտութեան իմ նախասիրութիւններովս կը հետապնդեմ առաքինութի՞ւն թէ՝ անառակութիւն։
11. Քրիստոնեայ մը ի՞նչպէս կրնայ զգուշութիւն ընել հեռատեսիլի յայտագիրներուն, պատկերիզներուն եւ շարժապատկերներուն առնչութեամբ։
11 Հեռատեսիլի յայտագիրներէն, պատկերիզներէն եւ շարժապատկերներէն շատեր, անառակութիւն կը հրահրեն։ Համբաւաւոր մասնագէտ հոգեբոյժի մը համաձայն, ‘հաճոյապաշտութիւնը, սեռը, բռնութիւնը, ագահութիւնը եւ անձնասիրութիւնը’ ներկայիս արտադրուած շարժապատկերներուն մեծամասնութեանց մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւեն։ Ուստի, զգուշութիւն ընել կը նշանակէ մեր դիտած բաներուն նկատմամբ ընտրողական ըլլալ։ Սաղմոսերգուն աղօթեց. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն»։ (Սաղմոս 119։37) Ժոզէֆ կոչուած քրիստոնեայ պատանի մը այս սկզբունքը կիրարկեց։ Երբ շարժապատկերի մը մէջ սկսաւ բացայայտօրէն սեռային յարաբերութիւն եւ բռնութիւն ցուցադրուիլ՝ պատկերասրահէն դուրս ելաւ։ Ան ամչցա՞ւ ասիկա ընելու։ «Բնա՛ւ երբեք», կ’ըսէ Ժոզէֆ։ «Ամէն բանէ առաջ Եհովայի եւ զինք հաճեցնելու մասին խորհեցայ»։
Ուսումնասիրել եւ Խոկալ
12. Առաքինութեան ետեւէ ըլլալու համար, ինչո՞ւ կարիքը կայ անձնական ուսումնասիրութեան եւ խոկալուն։
12 Չար բաներէն խուսափիլը բաւարար չէ։ Առաքինութեան ետեւէ ըլլալը նաեւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ արձանագրուած բարի բաներուն մասին ուսումնասիրել եւ խոկալ կը պարփակէ, որպէսզի անոր արդար սկզբունքները կեանքի մէջ կարելի ըլլայ կիրարկել։ Սաղմոսերգուն բացագանչեց. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ, ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։ (Սաղմոս 119։97) Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական գրականութիւնները անձնապէս ուսումնասիրելը ձեր շաբաթական յայտագրին մաս կը կազմէ՞։ Շիտակ է, որ Աստուծոյ Խօսքին ժրաջանօրէն ուսումնասիրելը եւ աղօթքով անոր վրայ խոկալու համար ժամանակ տրամադրելը, կրնայ դիւրին չըլլալ։ Սակայն, յաճախ կարելի է ուրիշ գործունէութիւններէ ժամանակ առնել։ (Եփեսացիս 5։15, 16) Թերեւս առաւօտեան կանուխ ժամերը կրնան յարմար ժամանակ մը ըլլալ՝ աղօթելու, ուսումնասիրելու եւ խոկալու համար։—Բաղդատել՝ Սաղմոս 119։147։
13, 14. (ա) Խոկալը ինչո՞ւ թանկագին բան մըն է։ (բ) Ո՞ր համարներուն վրայ խոկալը կրնայ օգնել մեզի, որ սեռային անբարոյականութիւնը ատենք։
13 Խոկալը թանկագին է, քանի որ մեր սորվածը վերյիշելու կը նպաստէ։ Ասկէ կարեւորը, անիկա աստուածային տեսակէտը ունենալու կ’օգնէ։ Օրինակի համար. պոռնկութիւնը Աստուծոյ կողմէ արգիլուած ըլլալը գիտնալը բան մըն է, բայց ‘չարէն զզուելով, բարիին յարիլը’ բոլորովին ուրիշ բան մըն է։ (Հռովմայեցիս 12։9) Սեռային անբարոյականութեան շուրջ Եհովայի տեսակէտը կրնանք ունենալ, խոկալով Աստուածաշունչի կարգ մը բանալի համարներու վրայ, ինչպէս՝ Կողոսացիս 3։5, որ կը յորդորէ. «Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է»։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ի՞նչ տեսակ անսանձ կիրք պէտք է սպաննեմ։ Անմաքուր ցանկութիւններ գրգռող ի՞նչ բաներէ պէտք է խուսափիմ։ Հակառակ սեռի պատկանող անհատներու հետ ունեցած գործառնութիւններուս մէջ փոփոխութիւններ պէ՞տք է մտցնեմ’։—Բաղդատել՝ Ա. Տիմոթէոս 5։1, 2։
14 Պօղոս Քրիստոնեաները կը յորդորէ որ պոռնկութենէ ետ կենան եւ ժուժկալութիւն ի գործ դնեն, որպէսզի «չըլլայ որ այդ բանին մէջ չափէ անցնի մէկը ու իր եղբայրը զրկէ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-7) Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Պոռնկութիւն ընելը ինչո՞ւ վնասակար է։ Ի՞նչ վնաս կը հասցնեմ ես ինծի կամ ուրիշի մը, եթէ այս մեղքը գործեմ։ Ի՞նչպէս պիտի ազդուիմ հոգեւորապէս, զգացականօրէն եւ ֆիզիքապէս։ Ի՞նչ է ժողովքին մէջ գտնուող այն անհատներուն պարագան, որոնք Աստուծոյ օրէնքը բեկանած են եւ չեն զղջացած։ Անոնց համար հետեւանքը ի՞նչ եղած է’։ Այս տեսակ վարմունքի նկատմամբ, Աստուածաշունչի ըսածներուն ուշադրութիւն ընծայելը, կրնայ Աստուծոյ աչքին չար նկատուող բաներուն հանդէպ մեր ատելութիւնը խորացնել։ (Ելից 20։14. Ա. Կորնթացիս 5։11-13. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10 Գաղատացիս 5։19-21. Յայտնութիւն 21։8) Պօղոս կ’ըսէ թէ պոռնիկ մը, «ոչ թէ մարդ մը կ’անարգէ, հապա Աստուած»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։8) Ո՞ր ճշմարիտ Քրիստոնեան պիտի ուզէր անարգել իր երկնաւոր Հայրը։
Առաքինութիւնը եւ Ընկերակցութիւնը
15. Առաքինութեան ետեւէ ըլլալու մէջ, մեր ընկերակցութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ։
15 Առաքինի մնալու նպաստող ուրիշ բան մը՝ լաւ ընկերակցութիւնն է։ Սաղմոսերգուն երգեց. «Ես ընկեր եղայ այն ամենուն, որոնք քեզմէ կը վախնան [Եհովա] ու քու հրամաններդ կը պահեն»։ (Սաղմոս 119։63) Մենք քրիստոնէական ժողովներուն հայթայթուած առողջ ընկերակցութեան կարիքը ունինք։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Եթէ մեկուսանանք, մեր մտածելակերպին մէջ կրնանք ինքնակեդրոն դառնալ եւ անառակութիւնը կրնայ դիւրաւ կլանել մեզ։ (Առակաց 18։1) Սակայն, քրիստոնէական ջերմ ընկերակցութիւնը առաքինի մնալու մեր վճռակամութիւնը կրնայ զօրացնել։ Անշուշտ, չար ընկերակցութիւններէ պէտք է զգուշանանք։ Կրնանք դրացիներու, գործակիցներու եւ դասընկերներու հետ սիրալիր ըլլալ։ Սակայն, եթէ իրապէս իմաստութեամբ կը քալենք, պիտի խուսափինք քրիստոնէական առաքինութեան ետեւէ չեղող անհատներուն հետ մօտիկ ըլլալէ։—Բաղդատել՝ Կողոսացիս 4։5։
16. Ներկայիս, Ա. Կորնթացիս 15։33–ը կիրարկելը, ի՞նչպէս կրնայ օգնել մեզի որ առաքինութեան ետեւէ ըլլանք։
16 Պօղոս գրեց. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ Ասիկա ըսելով ան հաւատացեալները կը զգուշացնէր որ կրնային իրենց հաւատքը կորսնցնել ընկերակցելով Քրիստոնեաներ ըլլալ դաւանող անհատներու հետ, որոնք յարութեան մասին Աստուածաշունչի ուսուցումը կը մերժէին։ Պօղոսի ազդարարութեան ետին եղող սկզբունքը ժողովքէն ներս եւ դուրս մեր ունեցած ընկերակցութիւններուն կը կիրարկուի։ (Ա. Կորնթացիս 15։12, 33) Բնականաբար, պիտի չուզէինք մեր հոգեւոր եղբայրներէն ու քոյրերէն խոյս տալ, քանի որ անոնք համաձայն չեն մեր ունեցած կարգ մը զուտ–անձնական տեսակէտներուն հետ։ (Մատթէոս 7։4, 5. Հռովմայեցիս 14։1-12) Բայց եւ այնպէս, զգուշութեան կարիքը կայ եթէ ժողովքէն ոմանք կասկածելի վարքի միջամուխ կ’ըլլան, կամ՝ դառն կամ գանգատող հոգի կը ցուցաբերեն։ (Բ. Տիմոթէոս 2։20-22) Իմաստութիւն է սերտ ընկերակցութիւն ունենալ ա՛յն անհատներուն հետ, որոնց հետ կրնանք «փոխադարձ քաջալերութիւն» վայելել։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12, ՆԱ) Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ առաքինի ընթացք մը հետապնդենք ու ‘կենաց ճամբուն’ մէջ մնանք։—Սաղմոս 16։11
Շարունակենք Առաքինութեան Ետեւէ Ըլլալ
17. Թուոց 25–րդ գլուխին համաձայն, Իսրայելացիները ի՞նչ աղէտի հանդիպեցան, եւ ասիկա մեզի ի՞նչ դաս կը հայթայթէ։
17 Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկրին տիրանալէ քիչ առաջ, անոնցմէ հազարաւորներ անառակութեան դարձան եւ հետեւանքը աղիտալի եղաւ։ (Թուոց 25–րդ գլուխ) Ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը արդար նոր աշխարհի սեմին կը գտնուի։ Անկէ ներս մտնելու օրհնեալ առանձնաշնորհումը պիտի շնորհուի անոնց, որոնք կը շարունակեն այս աշխարհի անառակութիւնները մերժել։ Որպէս անկատար մարդիկ, կրնանք սխալ հակումներ ունենալ, սակայն Աստուած կրնայ օգնել մեզի, որ իր սուրբ հոգիին արդար առաջնորդութեան հետեւինք։ (Գաղատացիս 5։16. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3, 4) Հետեւաբար, Իսրայէլի տուած Յեսուի յորդորանքին ուշադրութիւն ընծայենք. «Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ըրէք»։ (Յեսուայ 24։14) Եհովան տհաճեցնելու յարգալից վախը, պիտի օգնէ մեզի որ առաքինի ընթացք մը հետապնդենք։
18. Անառակութեան եւ առաքինութեան նկատմամբ, բոլոր Քրիստոնեաներուն վճռակամութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
18 Եթէ ձեր սրտին փափաքն է Աստուած հաճեցնել, վճռեցէք Պօղոսի սա յորդորին հետեւիլ. «Ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք»։ Եթէ ասոնք ընէք, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Պօղոս ըսաւ. «[Ասոնք] ըրէք եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։ (Փիլիպպեցիս 4։8, 9) Այո, Եհովայի օգնութեամբ կրնանք անառակութիւնը մերժել եւ առաքինութեան ետեւէ ըլլալ։
[Ստորանիշ]
a Տես՝ Դիտարան 1 Յուլիս 1993, էջ 23-27, եւ Զարթի՛ր (Անգլերէն) 8 Փետրուար, 22 Փետրուար եւ 22 Մարտ 1993–ի նաեւ 22 Նոյեմբեր 1996–ի համարներուն «Պատանիները կը Հարցնեն . . .» յօդուածաշարքը։
Վերաքաղի կէտեր
◻ Առաքինութեան ետեւէ ըլլալու համար ի՞նչ պահանջուած է։
◻ Եզեկիա, Դանիէլ եւ իր երեք Եբրայեցի ընկերակիցները, ի՞նչ պայմաններու ներքեւ առաքինի մնացին։
◻ Ի՞նչպէս կրնանք Դանիէլի նման Սատանայի հնարքներուն դէմ դնել։
◻ Քրիստոնեաները ժամանցի նկատմամբ, ինչո՞ւ պէտք է զգուշութիւն ընեն։
◻ Ուսումնասիրութիւնը, խոկալը եւ ընկերակցութիւնը, առաքինութիւն հետապնդելու մէջ ի՞նչ դեր կը խաղան։
[Նկար՝ էջ 27]
Քրիստոնեաները ժամանցի նկատմամբ զգուշութիւն պէտք է ընեն