Քրիստոս անօրէնութիւնը ատեց—Իսկ դո՞ւք
«Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 1։9
1. Արդարութիւնը սիրելէ զատ, Եհովա Աստուծոյ բոլոր ճշմարիտ ծառաներէն ուրիշ ի՞նչ ալ կը պահանջուի։
ԵՀՈՎԱՅԻ ճշմարիտ ծառաները զինք կը սիրեն իրենց բոլոր սրտով, անձով, մտքով ու զօրութիւնով։ (Մարկոս 12։30) Անոնք կ’ուզեն Եհովայի սիրտը ուրախացնել ուղղամտութիւն պահելով։ (Առակաց 27։11) Ասիկա ընելու համար, անոնք ոչ միայն արդարութիւնը պէտք է սիրեն, այլ նաեւ՝ անօրէնութիւնը ատեն։ Անոնց Տիպարը՝ Յիսուս Քրիստոս ասիկա ըրա՛ւ։ Իր մասին ըսուած է. «Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր»։—Եբրայեցիս 1։9
2. Անօրէնութիւնը ի՞նչ կը բովանդակէ։
2 Ի՞նչ է անօրէնութիւնը։ Անիկա մեղքն է, ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ ցոյց տուաւ, երբ գրեց. «Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա անօրէնութիւն ալ կը գործէ եւ բուն մեղքը անօրէնութիւն է»։ (Ա. Յովհաննու 3։4) Անօրէն անհատ մը «օրէնքով չի սանձուիր կամ զսպուիր»։ (Webster’s Ninth New Collegiate Dictionary)։ Անօրէնութիւնը իր մէջ կը պարփակէ ի՛նչ որ վատ, չար, անբարոյ, պիղծ եւ անպարկեշտ է։ Աշխարհի վրայ ակնարկ մը նետելով կը տեսնենք որ անօրէնութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի վերելքի մէջ է ներկայիս։ Կասկած չկայ որ մենք կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ, զոր Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց Բ. Տիմոթէոս 3։1–5–ի մէջ։ Այս բոլոր անօրէնութեան ի տես, որքա՜ն լաւ է որ պատուէր ստացած ենք ամէն ձեւի անօրէնութիւն ատել։ Մեզի ըսուած է, զոր օրինակ, «Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք»։ (Սաղմոս 97։10) Իսկ ուրիշ տեղ կը կարդանք. «Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք»։—Ամովս 5։15
Երեք Տեսակի Ատելութիւն
3–5. Աստուծոյ Խօսքին մէջ «ատել» բառը ի՞նչ երեք կերպերով գործածուած է։
3 Ի՞նչ կը նշանակէ ատել։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ «ատել» բառը երեք տարբեր կերպերով գործածուած է։ Կայ ատելութիւն մը որ չարութենէ ծագում կ’առնէ եւ կը փորձէ վնաս հասցնել իր ատած բանին։ Քրիստոնեաները պէտք է խուսափին այսպիսի ատելութենէ։ Ասիկա ա՛յն ատելութիւնն է որ Կայէնի մղեց իր արդար եղբայրը՝ Աբէլը սպաննելու։ (Ա. Յովհաննու 3։12) Ասիկա նաեւ այն ատելութիւնն էր, որ կրօնական առաջնորդները ունէին Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ։—Մատթէոս 26։3, 4
4 Ապա «ատելութիւն» բառը Սուրբ Գրութիւններուն մէջ գործածուած է՝ նուազ սիրելու իմաստով։ Օրինակի համար, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ մէկը ինծի գայ, բայց չատէ իր հայրը եւ մայրը ու կինը եւ զաւակները ու եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ իր կեանքն ալ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։ (Ղուկաս 14։26) Որոշ է որ Յիսուս պարզապէս ըսել կ’ուզէր, որ անոնք իրմէ նուազ պէտք է սիրենք։ Յակոբ ‘ատեց Լիան’, բայց իրականութեան մէջ զինք Ռաքէլէն նուազ սիրեց։—Ծննդոց 29։30, 31
5 «Ատել» բառը ունի նաեւ ուրիշ իմաստ մը, որ մեզի մասնաւորաբար կը հետաքրքրէ հոս։ Անիկա կը բովանդակէ անախորժութիւն, կամ զօրաւոր խորշանք զգալ մէկու մը կամ բանի մը հանդէպ, չփափաքելով որեւէ կապ ունենալ այդ անձին կամ այդ բանին հետ։ 139–րդ Սաղմոսին մէջ ասիկա նկարագրուած է որպէս ‘կատարեալ ատելութիւն’։ Հոն Դաւիթ կ’ըսէ. «Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր ու քեզի դէմ ելլողներէն չե՞մ զզուիր։ Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ եւ ինծի թշնամի կը համարեմ»։—Սաղմոս 139։21, 22
Ինչո՛ւ Պէտք Է Ատենք Անօրէնութիւնը
6, 7. (ա) Գլխաւորաբար ինչո՞ւ պէտք է ատենք անօրէնութիւնը։ (բ) Անօրէնութիւնը ատելու երկրորդ զօրաւոր պատճառը ի՞նչ է։
6 Ինչո՞ւ պէտք է ատենք անօրէնութիւնը։ Պատճառներէն մէկն է, մեր անձին հանդէպ յարգանք եւ լաւ խղճմտանք մը ունենալ։ Միայն այս կերպով կրնանք լաւ յարաբերութիւն մը ունենալ մեր արդար, սիրալիր երկնաւոր Հօրը՝ Եհովայի հետ։ Դաւիթ ասոր մէջ գեղեցիկ օրինակ մը հանդիսացած է մեզի, ինչպէս կը տեսնուի 26րդ Սաղմոսը կարդալով։ Ան ըսաւ, զոր օրինակ, «Չարերուն ժողովքը ատեցի ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ»։ (Սաղմոս 26։5) Աստուծոյ եւ արդարութեան հանդէպ մեր սէրը պէտք է մեզ մղէ որ իրաւացիօրէն բարկանանք, այո, ատենք ի՛նչ որ անօրէն է իր հայեացքով, մէջը ըլլալով Եհովայի անհնազանդ եղողներուն եւ զինք ատողներուն անօրէն արարքները։ Մանաւանդ պէտք է ատենք անօրէնութիւնը, քանի որ անիկա Աստուծոյ անուան նախատինք կը բերէ։
7 Անօրէնութիւնը վտանգաւոր եւ վնասակար է. ահաւասիկ ուրիշ պատճառ մը, որու համար Եհովայի ծառաները պէտք է ատեն անօրէնութիւնը։ Մարմնին, այսինքն անօրէնութիւն ցանելուն արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Պօղոս մեզ զգուշացուց. «Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասնզի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմինէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ հոգիին կը սերմանէ, այն հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ»։ (Գաղատացիս 6։7, 8) Ուստի բացարձակապէս պէտք չէ կապ ունենանք անօրէնութեան հետ։ Իրապէս, մեր բարօրութեան եւ մտքի խաղաղութեան համար, ամէն ձեւի անօրէնութիւն պէտք է ատենք։
Անօրէնութիւնը Ատողները
8. Անօրէնութիւնը ատելու մէջ գլխաւոր օրինակը ո՞վ հանդիսացած է։ Ո՞ր համարները ցոյց կու տան ասիկա։
8 Անօրէնութիւնը ատելու մէջ, Աստուած օրինակ կը հանդիսանայ բոլոր մտացի արարածներուն։ անօրէնութիւնը իրաւացիօրէն կը զայրացնէ զինք. ուստի իր Խօսքը կ’ըսէ. «Տէրը վեց բանէ կը զզուի ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։ Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ»։ Նաեւ կը կարդանք. «Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ, հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ընթացքը ու նենգաւոր բերանը կ’ատեմ»։ (Առակաց 6։16–19. 8։13) Մանաւանդ որ մեզի ըսուած է. «Ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ. անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ»։—Եսայեայ 61։8
9, 10. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ ինք անօրէնութիւնը կ’ատէր։
9 Յիսուս Քրիստոս իր Հայրը ընդօրինակեց անօրէնութիւնը ատելու մէջ։ Անոր համար կը կարդանք. «Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, [ո՛վ] Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի»։ (Եբրայեցիս 1։9) Այսպիսի ատելութիւն ցոյց տալու մէջ Յիսուս մեզի օրինակ կը հանդիսանայ։ Անօրէնութեան հանդէպ իր ատելութիւնը ցոյց տուաւ, քօղազերծելով կամայականօրէն զայն գործադրողները. սուտ կրօնքի առաջնորդները։ Ան կրկնակիօրէն զանոնք կոչեց կեղծաւորներ։ (Մատթէոս 23րդ գլուխը)։ Ուրիշ առիթով մը Յիսուս անոնց ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել»։ (Յովհաննու 8։44) Անօրէնութեան հանդէպ Յիսուս իր ատելութիւնը ցոյց տուաւ, նոյնիսկ ֆիզիքական ոյժ գործածելով, երկու անգամ տաճարը մաքրելով կրօնական ագահ կեղծաւորներէն։—Մատթէոս 21։12, 13. Յովհաննու 2։13–17
10 Անօրէնութեան ու մեղքի հանդէպ իր ատելութիւնը ցոյց տուաւ նաեւ բոլորովին անոնցմէ հեռու մնալով։ Անոր համար կրնար իր հակառակորդներուն հարց տալ. «Ձեզմէ ո՞վ կրնայ զիս յանդիմանել մեղքի համար»։ (Յովհաննու 8։46) Յիսուս «սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուծ» էր։ (Եբրայեցիս 7։26) Ասիկա հաստատելով, Պետրոս գրեց որ Յիսուս «մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ»։—Ա. Պետրոս 2։22
11. Սուրբ Գրութիւններուն մէջ, անօրէնութիւնը ատող անկատար անհատներու ի՞նչ օրինակներ ունինք։
11 Սակայն Յիսուս կատարեալ մարդ մըն էր։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ անկատար մարդոց օրինակներ ունի՞նք, որոնք անօրէնութիւնը ատեցին։ Ա՛րդարեւ։ Օրինակի համար Մովսէս եւ իր Ղեւտացի ընկերակիցները կռապաշտութեան հանդէպ մեծ ատելութիւն ցոյց տուին, Եհովայի պատուէրին վրայ շուրջ 3,000 կռապաշտներ սպաննելով։ (Ելից 32։27, 28) Փենեհէս մեծ ատելութիւն ցոյց տուաւ անօրէնութեան հանդէպ, երբ գեղարդով մը սպաննեց երկու պոռնկացողները։—Թուոց 25։7, 8
Անօրէնութեան Հանդէպ Ատելութիւն Արտայայտել
12. (ա) Անօրէնութեան հանդէպ մեր ատելութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ։ (բ) Անօրէն խորհուրդներէն խուսափելու կարգ մը գործնական կերպերը ի՞նչ են։
12 Իսկ հիմա ինչպէ՞ս կրնանք անօրէնութեան հանդէպ մեր ատելութիւնը ցոյց տալ։ Մեր խորհուրդները, խօսքերը եւ արարքները հսկողութեան տակ առնելով։ Երբ մեր միտքը մեր ձեռքի գործով զբաղած չէ, պէտք է մշակենք մտքով կերտիչ բաներու վրայ խորհելու սովորութիւնը։ Եթէ պատահի որ գիշերը զարթնինք, թերեւս հակումը ունենանք բացասական բաներու մասին մտածելու, ինչպէս վիրաւորանքներու վրայ կենալ, կամ սեռային մտահաճոյքի անձնատուր ըլլալ։ Բնաւ տեղ մի տաք այսպիսի բաներու, այլ, օգտակար բաներու մասին մտածելու սովորութիւնը մշակեցէք։ Օրինակի համար, փորձեցէք ձեր մտքէն ըսել համարներ, ինը երանելիները եւ հոգիին ինը պտուղները։ (Մատթէոս 5։3–12. Գաղատացիս 5։22, 23) Կրնա՞ք 12 առաքեալներուն անունները ըսել։ Տասը Պատուիրանները գիտէ՞ք։ Որո՞նք են այն եօթը եկեղեցիները որոնց պատգամ յղուած էր։ Թագաւորութեան երգեր գոց սորվիլն ալ կ’օգնէ որ մեր միտքը ճշմարիտ, պարկեշտ, արդար, մաքուր, հաճելի, լաւ համբաւ ունեցող եւ առաքինի ու գովելի բաներու վրայ պահենք։—Փիլիպպեցիս 4։8
13. Անօրէնութիւնը ատելը, ինչպի՞սի խօսակցութիւնը մը ատելու պատճառ պիտի ըլլայ։
13 Նաեւ ցոյց կու տանք որ անօրէնութիւնը կ’ատենք, խուսափելով անմաքուր լեզու գործածելէ։ Աշխարհային շատ մը անհատներ հաճոյք կը զգան աղտոտ կատակներ պատմելէ եւ մտիկ ընելէ, բայց Քրիստոնեաները զանոնք նոյնիսկ մտիկ ընելու հակումը պէտք չէ ունենան։ Այսպիսի ցած մակարդակ ունեցող խօսակցութիւններէն պէտք է հեռանանք եւ անոնց մասնակցելէ խուսափինք։ Եթէ չենք կրնար անկէ հեռանալ, առ նուազն մեր դէմքի արտայայտութեամբ կրնանք ցոյց տալ որ մենք կ’ատենք այսպիսի խօսակցութիւն։ Պէ՛տք է հետեւեալ խրատին հետեւինք. «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէսզի լսողներուն շնորհք տայ»։ (Եփեսացիս 4։29) Պէտք չէ մենք մեզ պղծենք, անմաքուր բան մը ըսելով կամ անոր մտիկ ընելով։
14. Անօրէնութիւնը ատելը մեզի համար ի՞նչ ապահովութիւն պիտի հայթայթէ առեւտրական գործունէութիւններու եւ գործի մարզին մէջ։
14 Անօրէնութեան հանդէպ մեր ատելութիւնը պէտք է ուղղուի նաեւ մեղաւոր բոլոր սովորութիւններու դէմ։ Անօրէնութիւնը ատելը մեզի պիտի օգնէ որ ասոր մէջ համակերպելէ խուսափինք։ Անկեղծ Քրիստոնեաները մեղքը սովորութիւն չեն դարձներ։ (Բաղդատել Ա. Յովհաննու 5։18)։ Օրինակի համար, պէտք է ատենք առեւտրական բոլոր անպարկեշտ սովորութիւնները։ Ներկայիս, շատ Եհովայի Վկաներ ճնշումի տակ բերուած են, իրենց գործատիրոջ համար անպարկեշտ բան մը ընելու համար, բայց անոնք մերժած են ասիկա։ Քրիստոնեաները նոյնիսկ յօժարած են իրենց գործերը կորսնցնել, քան թէ Աստուածաշունչով մարզուած իրենց խղճմտանքը բռնբարող բան մը ընել։ Ասկէ զատ, մենք ալ անօրէնութեան հանդէպ մեր ատելութիւնը ցոյց պիտի տանք երթեւեկի օրէնքները չոտնակոխելով եւ տուրք կամ մաքս վճառելու մէջ չխաբելով։—Գործք 23։1. Եբրայեցիս 13։18
Սեռային Անմաքրութիւնը Ատենք
15. Մարդիկը կենակցելու զօրաւոր բնազդով մը ստեղծելը ի՞նչ լաւ նպատակներու ծառայած է։
15 Որպէս Քրիստոնեաներ, մասնաւորաբար պէտք է ատենք սեռային հարցերու հետ կապ ունեցող որեւէ անմաքրութիւն։ Մարդկութիւնը կենակցելու զօրաւոր բնազդով մը ստեղծելով, Աստուած երկու լաւ նպատակներ հետապնդեց։ Ան կարգադրեց որ մարդկային ցեղը չմեռնի, ինչպէս նաեւ ուրախութեան համար ամենէն սիրալիր կարգադրութիւնը ըրաւ։ Նոյնիսկ աղքատ, անուս, կամ աննպաստ վիճակ ունեցող անհատներ կրնան կերպով մը մեծ ուրախութիւն գտնել ամուսնական յարաբերութեան մէջ։ Սակայն, այս յարաբերութիւնը վայելելու համար Եհովա սահմաներ դրաւ։ Աստուծոյ կողմէ դրուած այս սահմանները պէ՛տք է յարգուին։—Ծննդոց 2։24. Եբրայեցիս 13։4
16. Սեռային գետնի վրայ պիղծ զբօսանքներու եւ սովորութիւններու հանդէպ մեր կեցուածքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
16 Եթէ անօրէնութիւնը ատենք, բծախնդրութեամբ պէտք է խուսափինք սեռային գետնի վրայ անմաքուր եղող բոլոր սովորութիւններէն եւ անբարոյ զբօսանքներէն։ Հետեւաբար բարոյապէս կասկածելի եղող որեւէ գիրքերէ, պարբերաթերթերէ եւ լրագիրներէ պէտք է խուսափինք։ Եթէ անօրէնութիւնը կ’ատենք, նաեւ պիտի չդիտենք որեւէ պիղծ ներկայացում, ըլլայ հեռատեսիլի, շարժապատկերի թէ բեմի վրայ։ Եթէ տեսնենք որ յայտագրի մը մէջ անբարոյութիւն կայ, անմիջապէս պէտք է մարենք հեռատեսիլը, կամ թատրոնէն դուրս ելլելու քաջութիւնը ունենանք։ Նոյնպէս, անօրէնութիւնը ատելը մեզի պիտի օգնէ որ զգուշանանք կիրք արթնցնող երգերու բառերէ կամ երաժշտութենէ։ Անբարոյ նիւթերու մասին տեղեկանալու ջանք պիտի չթափենք, այլ ‘չարութիւն գիտնալու կողմանէ տղայ ըլլանք ու մտքով՝ չափահաս’։—Ա. Կորնթացիս 14։20
17. Կողոսացիս 3։5–ը ի՞նչ խրատ կու տայ, որ մեզի կ’օգնէ բարոյապէս մաքուր մնալու։
17 Շատ տեղին ըլլալով, մեզի խրատ տրուած է. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը»։ (Կողոսացիս 3։5) Կասկած չկայ որ զօրաւոր միջոցներու պէտք է դիմենք, եթէ վճռած ենք բարոյապէս մաքուր մնալ։ Կողոսացիս 3։5–ի մէջ գործածուած ‘սպաննել’ Յունարէն բառին մասին բառարան մը (The Expositor’s Bible Commentary) կը նշէ. «Անիկա չար արարքները կամ կեցուածքը պարզապէս սանձել կամ զսպել չի թելադրեր։ Զանոնք պէտք է ջնջենք, հին կենցաղը ամբողջութեամբ պէտք է մեռցնենք։ ‘Ամբողջութեամբ սպաննել’ արտայայտութիւնը ճիշդ տեղին կրնայ ըլլալ։ ... Թէ՛ բային իմաստը եւ թէ եղանակը, անձնական վճռակամութեան զօրեղ, ցաւոտ արարք մը կը թելադրէ»։ Հետեւաբար, պոռնկագրութենէն պէտք է խուսափինք որպէս թէ անիկա վտանգաւոր, վարակիչ, մահացու հիւանդութիւն մը ըլլար, քանի որ իրականութեան մէջ, բարոյապէս եւ հոգեւորապէս այդ է պարագան։ Քրիստոս նոյնանման միտք մը արտայայտեց, երբ ըսաւ որ մեր ձեռքը, ոտքը կտրենք կամ աչքը հանենք, եթէ անիկա մեզ կը գայթակղեցնէ։—Մարկոս 9։43–48
Սուտ Կրօնքը եւ Հաւատուրացութիւնը Ատել
18. Կրօնական անօրէնութեան հանդէպ մեր ատելութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք արտայայտել։
18 Ապա, ինչպէս Յիսուս անօրէնութեան հանդէպ իր ատելութիւնը ցոյց տուաւ կեղծաւոր կրօնաւորները քօղազերծելով, նմանապէս այսօր Եհովայի Վկաները իրենց ատելութիւնը ցոյց կու տան կրօնական բոլոր կեղծաւոր անօրէնութիւններուն համար։ Ինչպէ՞ս։ Մեծն Բաբելոնը մերկացնող սուրբ գրային գրականութիւններ ցրուելով, որոնք ցոյց կու տան անոր ինքնութիւնը, այսինքն կրօնական պոռնիկ մը ըլլալը։ Եթէ իրապէս կ’ատենք կրօնական անօրէն կեղծաւորութիւնը, մենք ալ բացայայտօրէն պէտք է քօղազերծենք Մեծն Բաբելոնը, սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը։ Ասիկա պէտք է ընենք պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն սիրոյն, որոնց կուրցուցած եւ հոգեւոր գերութեան մէջ պահած է։ Որքան որ իրապէս կ’ատենք Մեծն Բաբելոնի անօրէնութիւնը, ա՛յնքան նախանձախնդրութեամբ պիտի մասնակցինք Թագաւորութեան ծառայութեան բոլոր երեսակներուն։—Մատթէոս 15։1–3, 7–9. Տիտոս 2։13, 14. Յայտնութիւն 18։1–5
19. Հաւատուրացները ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք եւ ինչու։
19 Անօրէնութիւնը ատելու ստիպողականութիւնը կը կիրարկուի նաեւ հաւատուրացներուն բոլոր գործունէութիւններուն։ Հաւատուրացներուն հանդէպ Դաւիթի ունեցած կեցուածքը պէտք է ունենանք, որ ըսաւ. «Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր ու քեզի դէմ ելնողներէն չե՞մ զզուիր։ Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ եւ ինծի թշնամի կը համարեմ»։ (Սաղմոս 139։21, 22) Արդի հաւատուրացները հասարակաց գետին մը ունին ‘անօրէնութեան մարդուն’՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերներուն հետ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3) Ուրեմն մենք՝ Եհովայի հաւատարիմ Վկաներս, անոնց հետ բացարձակապէս հասարակաց բան մը չունինք։ Անկատար ըլլալով, մեր սրտերը դիւրութեամբ կրնան հակումը ունենալ մեր եղբայրները քննադատել։ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»էն եղողները անհատապէս անկատար մարդիկ են։ (Մատթէոս 24։45–47) Բայց այս դասակարգը հաւատարիմ ու իմաստուն է։ Հաւատուրացները, առաջնորդութիւն առնող եղբայրներուն յանցանքները, կամ երեւութական սխալները կը շահագործեն։ Մեր ապահովութեան համար, հաւատուրացներու քարոզչութենէն փախինք, ինչպէս պիտի փախչէինք թոյնէ մը, քանի որ անիկա իրապէս թոյն է։—Հռովմայեցիս 16։17, 18
20, 21. Անօրէնութիւնը ատելու պատճառները ամփոփեցէք։
20 Կը տեսնենք որ աշխարհս լեցուած է մեղքին հոմանիշը եղող անօրէնութեամբ։ Չի բաւեր արդարութիւնը սիրել. պէտք է նաեւ ատե՛նք անօրէնութիւնը։ Քրիստոնէական ժողովքէն վտարուածներէն ոմանք թերեւս կը խորհէին թէ իրենք արդարութիւնը կը սիրէին, բայց անոնք անօրէնութիւնը բաւական չէին ատեր։ Եթէ ասիկա չընենք, լաւ խիղճ մը եւ մեր անձին հանդէպ յարգանք չենք կրնար ունենալ։ Ասկէ զատ, անօրէնութիւն կը նշանակէ Եհովա Աստուծոյ անհաւատարիմ ըլլալ։ Իսկ անօրէնութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ շատ դառն պտուղներ քաղենք՝ թշուառութիւն, ապականութիւն եւ մահ։
21 Նշեցինք նաեւ թէ ինչպէս կ’ապացուցանենք որ անօրէնութիւնը կ’ատենք։ Ասիկա կրնանք ընել բացարձակապէս ոչ մէկ կապ ունենալով անպարկեշտութեան, սեռային անբարոյութեան ու հաւատուրացութեան հետ։ Քանի որ կ’ուզենք բաժին ունենալ Եհովայի ջատագովման մէջ եւ կը փափաքինք իր սիրտը ուրախացնել, ոչ միայն արդարութիւնը պէտք է սիրենք եւ իր ծառայութեան մէջ զբաղած ըլլալ, այլ նաեւ անօրէնութիւնը պէտք է ատենք, ինչպէս ըրաւ մեր Առաջնորդը եւ Հրամանատարը՝ Յիսուս Քրիստոս։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Սուրբ Գրութիւնները «ատել» բառը ինչպէ՞ս կը գործածէ։
◻ Անօրէնութիւնը ատելու կարգ մը լաւ պատճառները ի՞նչ են։
◻ Անօրէնութիւնը ատողներու ի՞նչ լաւ օրինակներ ունինք։
◻ Անօրէնութեան հանդէպ մեր ատելութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տանք։
[Նկար՝ էջ 18]
Յիսուս տաճարը մաքրեց քանի որ անօրէնութիւնը կ’ատէր
[Նկար՝ էջ 20]
Եթէ անօրէնութիւնը ատենք, պիտի խուսափինք սեռային գետնի վրայ անբարոյ զբօսանքներէ