Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 8/1 էջ 6-11
  • Եհովայի գովաբանութիւններ երգենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի գովաբանութիւններ երգենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովան Գովաբանելու Կերպեր
  • Եհովայի Գովաբանութիւններ Երգել Աստուածաշունչի Ժամանակներուն
  • Գովաբանութիւններ Երգելը Մեր պաշտամունքին Կարեւոր Մէկ Մասն Է
  • Եհովայի Բարութեան Հանդէպ Գնահատութիւն Ցոյց Տանք՝ Երգելով
  • Ուրախութեամբ երգէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ուրախութեամբ Եհովան փառաբանէ երգերով
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
  • Եհովային գովերգենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Պաշտամունքի համար նո՛ր երգեր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 8/1 էջ 6-11

Եհովայի գովաբանութիւններ երգենք

«Պիտի երգեմ [Եհովայի], քանզի փառքով փառաւորեալ է»։—ԵԼԻՑ 15։1

1. Եհովայի ո՞ր բարեմասնութիւններն ու յատկութիւնները պատճառ կու տան մեզի որ զինք փառաբանենք։

150–ՐԴ ՍԱՂՄՈՍԸ տասնըերեք անգամ կը պատուիրէ որ մենք Եհովան կամ Եահը օրհնենք կամ փառաբանենք։ Վերջին համարը կ’ըսէ. «Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜»։ Մենք՝ Եհովայի Վկաներս՝ գիտենք որ Եհովան փառաբանուելու արժանի է։ Ան Տիեզերքի Գերիշխանը, Բարձրեալը, յաւիտենականութեան Թագաւորը, մեր Ստեղծիչը, մեր Բարերարն է։ Բազմաթիւ կերպերով, ան անհամեմատելի, աննման, անբաղդատելի, անզուգական է։ Ան ամենագէտ, ամենազօր, արդարութեան մէջ կատարեալ եւ սիրոյ մարմնացումն է։ Ան ոեւէ մէկէն աւելի բարի ու հաւատարիմ է։ (Ղուկաս 18։19. Յայտնութիւն 15։3, 4) Ան մեր փառաբանութեան արժանի՞ է։ Վստա՛հաբար։

2. Եհովայի հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

2 Եհովա, մեզի հանդէպ իր ըրած բոլոր բաներուն համար, ոչ միայն մեր պաշտամունքին եւ փառաբանութեան արժանի է, այլ նաեւ՝ մեր երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան։ Ան «ամէն բարի տուրք ու կատարեալ պարգեւ» Տուողն է։ (Յակոբու 1։17) Ան ամէն կեանքի Ակը, Աղբիւրն է։ (Սաղմոս 36։9) Բոլոր բաները, զորս կը վայելենք որպէս մարդկային ցեղին մէկ անդամը, Իրմէ կու գան, քանի որ ան մեր Հոյակապ Ստեղծիչն է։ (Եսայեայ 42։5) Դարձեալ, ան ամէն հոգեւոր օրհնութիւն Տուողն է, որ մեզի կու գայ իր հոգիին, իր կազմակերպութեան եւ իր խօսքին միջոցաւ։ Մենք մեղքի թողութիւն ստացած ենք որպէս փրկանք իր Որդին հայթայթելուն հիման վրայ։ (Յովհաննու 3։16) Մենք Թագաւորութեան յոյսը ունինք՝ ‘նոր երկինք ու նոր երկիր մը, որոնց մէջ արդարութիւնը պիտի բնակի’։ (Բ. Պետրոս 3։13) Հաւատակից Քրիստոնեաներու հաճելի ընկերակցութիւնը կը վայելենք։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12) Իր Վկաները ըլլալու պատիւն ու օրհնութիւնները ունինք։ (Եսայեայ 43։10–12) Ունինք նաեւ աղօթքի թանկագին առանձնաշնորհումը։ (Մատթէոս 6։9–13) Արդարեւ, մենք Եհովայի շնորհակալութիւն յայտնելու բազմաթի՜ւ պատճառներ ունինք։

Եհովան Գովաբանելու Կերպեր

3. Ի՞նչ տարբեր կերպերով կրնանք Եհովան գովաբանել եւ իրեն հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել։

3 Մենք՝ Եհովայի նուիրուած ծառաներս՝ ինչպէ՞ս կրնանք զինք գովաբանել եւ իրեն հանդէպ մեր երախտագիտութիւնը յայտնել։ Ասիկա կրնանք ընել Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ՝ տունէ տուն վկայելով, վերայցելութիւններ ընելով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելով եւ փողոցի վկայութեան մասնակցելով։ Նաեւ, երբ առիթը ներկայանայ, կրնանք զինք գովաբանել անպաշտօն վկայութիւն տալով։ Տակաւին կրնանք Եհովան գովաբանել լաւ վարք մը ունենալով, նոյնիսկ կոկիկ եւ պարկեշտ կերպով հագուելով ու յարդարուելով։ Այս մարզերուն մէջ օրինակելի ըլլալով, Եհովայի Վկաները յաճախ գովասանքին արժանացած են։ Իսկ վերջապէս, կրնանք Եհովան գովաբանել եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնել՝ աղօթքի միջոցաւ։—Տես Ա. Մնացորդաց 29։10–13։

4. Մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը գովաբանելու ամենէն գեղեցիկ կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

4 Ասոնցմէ զատ, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը գովաբանելու ամենէն գեղեցիկ կերպերէն մէկն է Թագաւորութեան երգեցողութիւններով զինք եւ իր առաքինութիւնները գովերգել։ Շատ մը երաժիշտներ եւ յօրինողներ կը համաձայնին որ ամենէն գեղեցիկ նուագարանը մարդկային ձայնն է։ Դասական երաժշտութեան վարպետներ ձգտած են օփերաներ գրել, քանի որ մարդկային գեղգեղանքը ունկնդրելը շատ հաճելի է։

5. Ի՞նչ պատճառներով Թագաւորութեան երգեցողութիւններ երգելը լուրջի պէտք է առնենք։

5 Մարդոց երգերը ունկնդրելը որքա՜ն հաճելի ըլլալու է Եհովային, մանաւանդ երբ անոնք գովաբանութեան եւ երախտագիտութեան երգեր են։ Հետեւաբար, շատ լուրջի պէտք է առնենք, երբ մեր տարբեր հաւաքոյթներուն՝ ժողովքային հանդիպումներուն, շրջանային համաժողովներուն, մասնաւոր համաժողովի օրերուն, նահանգային համաժողովներուն եւ միջազգային համաժողովներուն՝ Թագաւորութեան երգեցողութիւններ կ’երգենք։ Մեր երգարանը լեցուն է իրապէս հաճելի մեղեդիներով որոնց գեղեցկութիւնը յաճախ դուրսիններուն կողմէ գովասանքի արժանացած է։ Որքան թափանցենք Թագաւորութեան երգեցողութիւններուն հոգիին, այդքան աւելի հաճոյք կը պատճառենք ուրիշներուն եւ մեր անձին։

Եհովայի Գովաբանութիւններ Երգել Աստուածաշունչի Ժամանակներուն

6. Իսրայելացիները Կարմիր Ծովէն իրենց ազատագրումին համար իրենց գնահատութիւնը ինչպէ՞ս արտայայտեցին։

6 Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ որ Մովսէս եւ մնացեալ Իսրայելացիները, Կարմիր Ծովուն մէջ Փարաւոնի բանակներէն ազատագրուելէ ետք, յաղթանակի երգ մը թնթացուցին։ Անոնց երգը հետեւեալ խօսքերով կը սկսէր. «Պիտի երգեմ [Եհովայի], քանզի փառքով փառաւորեալ է։ Ձին ու անոր հեծեալը ծովուն մէջ նետեց։ Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնս եւ իմ փրկութիւնս եղաւ։ Անիկա է իմ Աստուածս ու պիտի փառաւորեմ զանիկա»։ (Ելից 15։1, 2) Կրնանք իրապէս երեւակայել Իսրայելացիներուն խանդավառութիւնը եւ ուրախութիւնը, երբ անոնք այս խօսքերը կ’երգէին իրենց հրաշալի ազատագրումէն ետք։

7. Ուրիշ ի՞նչ կարեւոր առիթներով Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւնները կը յիշեն թէ Իսրայելացիները երգով Եհովան գովաբանեցին։

7 Ա. Մնացորդաց 16։1, 4–36–ին մէջ կը կարդանք որ Եհովա երգով ու նուագարաններով գովաբանուեցաւ, երբ Դաւիթ Տապանակը Երուսաղէմ բերաւ։ Ատիկա իրապէս ուրախ առիթ մըն էր։ Դարձեալ նուագարաններու ընկերակցութեամբ, Եհովա երգերով գովաբանուեցաւ, երբ Սողոմոն Թագաւոր Երուսաղէմի տաճարին նաւակատիքը կատարեց։ Բ. Մնացորդաց 5։13, 14–ին մէջ կը կարդանք. «Փող հնչեցնողներն ու երգողները միաբերան մէկ ձայնով Տէրը կ’օրհնէին ու կը գովէին եւ փողերով, ծնծղաներով եւ նուագարաններով ձայներնին վերցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին, ըսելով. ‘Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասնզի բարի է, վասնզի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’։ Այն ատեն Տէրոջը տունը ամպով լեցուեցաւ։ Ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որպէսզի իրենց պաշտօնը կատարեն. քանզի Տէրոջը փառքը Աստուծոյ, տունը լեցուցեր էր»։ Ատիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Անիկա ցոյց կու տայ թէ Եհովա այդ գովաբանական երգը մտիկ կ’ընէր, իսկ գերբնական ամպին ներկայութիւնը կ’ապացուցանէր որ անիկա հաճոյք կը պատճառէր իրեն։ Հետագային, Նէեմիայի օրերուն, երբ Երուսաղէմի պարիսպին նաւակատիքը կատարուեցաւ, երկու երգչախումբ կ’երգէին։—Նէեմեայ 12։27–42

8. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Իսրայելացիները երգելը լուրջի առած էին։

8 Արդարեւ, տաճարին մէջ, երգելը այնքան կարեւոր տեղ մը կը գրաւէր պաշտամունքին մէջ, որ 4,000 Ղեւտացիներ որոշուեցան երաժշտական սպասարկութեան համար։ (Ա. Մնացորդաց 23։4, 5) Անոնք երգիչներուն պիտի ընկերակցէին։ Երաժշտութիւնը, մանաւանդ երգեցողութիւնը, կարեւոր տեղ մը կը գրաւէր պաշտամունքին մէջ, ոչ միայն Օրէնքին ծանր նիւթերը քանդակելու համար, այլ նաեւ՝ պաշտամունքի նկատմամբ շիտակ հոգի մը հայթայթելու համար։ Անիկա Իսրայելացիներուն կ’օգնէր որ Եհովան պաշտեն ոգեւորիչ կերպով մը։ Նկատի առէք որ որքա՜ն պատրաստութիւն եղած եւ մանրամասնութիւններու ուշադրութիւն տրուած էր այս առնչութեամբ. «Անոնց թիւը՝ Տէրոջը երգեր սորված իրենց եղբայրներուն հետ՝ այսինքն բոլոր հանճարեղներուն թիւը երկու հարիւր ութսունըութն էր»։ (Ա. Մնացորդաց 25։7) Նկատի առէք որ Եհովայի գովաբանութիւններ երգելը որքան լուրջի առնուած էր։ Անոնք երգելու համար մարզուած էին եւ հանճարեղներ էին։

9. Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ երգելուն ի՞նչ կարեւորութիւն տրուած է։

9 Գալով մեր հասարակաց դարաշրջանի առաջին դարուն, ի՞նչ կը տեսնենք։ Յիսուս իր մատնուած գիշերը, իր մտքին մէջ ա՛յդքան ծանրակշիռ հարցեր ունենալով հանդերձ, տակաւին կարիքը զգաց Պասէքի տօնակատարութիւնը եւ իր մահուան Յիշատակատօնը փակել Եհովայի գովաբանութիւններ երգելով։ (Մատթէոս 26։30) Դարձեալ կը կարդանք որ Պօղոս եւ Շիղա, ծեծուելէ ու բանտարկուելէ ետք, «կէս գիշերին ... աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին ու բանտարկեալներն ալ մտիկ կ’ընէին»։—Գործք 16։25

Գովաբանութիւններ Երգելը Մեր պաշտամունքին Կարեւոր Մէկ Մասն Է

10. Երգով Աստուած գովաբանելու մասին Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ պատուէր կու տայ։

10 Կը խորհի՞ք որ Թագաւորութեան երգեցողութիւններ երգելը այնքան ալ կարեւոր չէ սրտանց ուշադրութիւն ընծայելու համար անոր։ Եթէ այս է պարագան, չէ՞ք խորհիր որ այս հարցը պէտք է վերաքննէք տեսնելու համար այն կարեւորութիւնը զոր Եհովա եւ Յիսուս Քրիստոս կու տան գովաբանութիւններ երգելուն։ Այո, Աստուծոյ Խօսքին մէջ յաճախ պատուէր տրուած է որ Եհովան գովաբանենք եւ իր մասին գովերգենք։ Օրինակի համար, Եսայեայ 42։10–ին մէջ կը կարդանք. «Նոր ե՛րգ երգեցէք Տէրոջը ու անոր գովութիւնը՝ երկրի ծայրերէն, ո՛վ ծով իջնողներ ու զանիկա լեցնողներ, կղզիներ եւ անոնց բնակիչները»։—Տես նաեւ Սաղմոս 96։1։

11. Երգելու մասին Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ կու տայ մեզի։

11 Պօղոս առաքեալ գիտէր որ երգելը կրնար մեզ ոգեւորել. հետեւաբար ան երկու անգամ մեզ կը խրատէ այս հարցով։ Եփեսացիս 5։18, 19–ին մէջ կը կարդանք. «Հոգիո՛վ լեցուեցէք։ Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը ձեր սրտերուն մէջ»։ Իսկ Կողոսացիս 3։16–ին մէջ կը կարդանք. «Քրիստոսին խօսքը ձեր մէջ բնակի առատապէս ամէն իմաստութիւնով՝ իրարու սորվեցնելու ու խրատելու՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու»։

12. Իրարու սորվեցնելու եւ խրատելու նկատմամբ մեր երգեցողութիւններուն մէջ ի՞նչ օրինակներ ունինք։

12 Նկատի առէք որ իւրաքանչիւր պարագային, Պօղոս յաճախակի ակնարկումներ կ’ընէ երգելու շուրջ, երբ կը յիշէ ‘սաղմոսները, օրհնութիւնները, հոգեւոր երգերը եւ ձեր սրտերուն մէջ սաղմոս ըսելը’։ Իսկ Կողոսացիներուն ըրած իր ակնարկներուն մէջ, ան կ’ըսէ որ այս կերպով մենք կրնանք ‘իրարու սորվեցնել ու խրատել’։ Վստահաբար ասիկա կ’ընենք, ինչպէս կը տեսնուի մեր երգեցողութիւններու խորագրերուն մէջ։ Յիշենք անոնցմէ քանի մը հատը. «Ամբողջ Ստեղծագործութիւնը Թող Փառաբանէ Եհովան» (Թիւ 5, Անգլ.), «Հաստատ, Անսասան Ըլլանք» (Թիւ 10), «Թագաւորութեան Յոյսով Ուրախ Ըլլանք» (Թիւ 16, Անգլ.), «Անոնցմէ Մի՛ Վախնար» (Թիւ 27), «Մեր աստուածը՝ Եհովան՝ Գովաբանենք» (Թիւ 100, Անգլ.)։

13. «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» մեր պաշտամունքին մէջ երգելու կարեւորութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տուած է։

13 Այս պատուէրներուն հետ ներդաշնակ ըլլալով, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կարգադրութիւն ըրած է որ մեր հաւաքոյթները՝ ժողովքային հանդիպումները, մասնաւոր համաժողովի օրերը, շրջանային, նահանգային եւ միջազգային համաժողովները՝ Թագաւորութեան երգեցողութիւնով մը բացուին ու փակուին։ (Մատթէոս 24։45) Ասկէ զատ, այս հաւաքոյթներուն ընթացքին, տարբեր ժամանակներու ալ երգուելիք երգեցողութիւններ յայտագրուած են։ Քանի որ մեր ժողովները սովորաբար Թագաւորութեան երգեցողութիւն մը երգելով կը սկսին, պէտք չէ՞ որոշենք այդ ատեն բաւական կանուխ ներկայ ըլլալ, որպէսզի մեր պաշտամունքի այդ բաժնին մէջ ալ մեր մասնակցութիւնը բերենք։ Իսկ քանի որ ժողովները երգեցողութիւնով մը կը փակուին, հոն պէտք չէ՞ մնանք մինչեւ փակման երգեցողութիւնը եւ անմիջապէս անոր յաջորդող աղօթքը։

14. Մեր յայտագիրներուն յարմարող երգեցողութիւններու ընտրութեան ի՞նչ օրինակներ ունինք։

14 Մեր ժողովներու երգեցողութիւնները հոգածութեամբ ընտրուած են յայտագրին համաձայն։ Օրինակի համար, 1993–ի «Աստուածային Ուսուցում» բնաբանով Նահանգային Համաժողովին, «Ճշմարտութիւնը Քուկդ Ըրէ» 191–րդ երգեցողութեան, որու մէջ Քրիստոնեաներուն քաջալերութիւն տրուած է որ անոնք ընդդիմանան Սատանային, աշխարհին եւ իրենց ինկած մարմնին, անմիջապէս յաջորդեցին երեք դասախօսութիւններ որոնք այս երեք թշնամիներուն մասին խօսեցան։ Նմանապէս, 164–րդ երգեցողութիւնը՝ «Զաւակներ՝ Թանկագին Պարգեւ մը Աստուծմէ»՝ ուր ծնողներուն շատ մը խրատներ տրուեցան, յաջորդեց ճիշդ այն դասախօսութեան որ իրենց զաւակները մարզելու համար ծնողներու պարտականութիւններուն վրայ շեշտ կը դնէր։ «Երեմիայի Պէս Եղիր» 70–րդ երգեցողութիւնը Երեմիայի մարգարէութեան վրայ հիմնուած դասախօսութիւններու շարքէն ճիշդ առաջ երգուեցաւ։ Իսկ մեր Թագաւորութեան ծառայութեան տարբեր երեսակներուն մասին յօդուածաշարքէ մը ետք, երգուեցաւ 156–րդ երգեցողութիւնը՝ «կ’Ուզեմ», ծառայութեան վրայ ուղղակի շեշտ դնող երգեցողութիւն մը։ Նոյնքան հոգածութեամբ կ’ընտրուին Դիտարանի Ուսումնասիրութեան, Ծառայութեան Ժողովին եւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին երգեցողութիւնները։ Հետեւաբար, երբ երէցները հանրային դասախօսութիւններ կու տան եւ յայտագիրը սկսելու համար երգեցողութեան մը կը մատնանշեն, անոնք պէտք է ընտրեն երգեցողութիւն մը որ իրենց դասախօսութեան բնաբանին կը յարմարի։

15. Ժողովի ատենապետը երգուելիք երգեցողութեան հանդէպ ինչպէ՞ս կրնայ գնահատութիւն արթնցնել։

15 Երբ երգեցուելիք երգեցողութիւնը կը ծանուցանէ, ատենապետը գնահատութիւն պէտք է արթնցնէ երգեցողութեան հանդէպ, խորագիրը տալով։ Թիւերը չեն որ կ’երգենք, այլ՝ սուրբ գրային խորագիրը։ Դարձեալ, որպէսզի ժողովքը երգեցողութիւնը աւելի գնահատէ, լաւ կ’ըլլայ, երբ խորագրին ներքեւ տրուած համարը նշուի։ Ապա կարելի է քանի մը նշմարներ ընել, զոր օրինակ, նշել որ բոլորն ալ երգեցողութեան հոգիին թափանցեն։

Եհովայի Բարութեան Հանդէպ Գնահատութիւն Ցոյց Տանք՝ Երգելով

16. Մեր երգեցողութիւններուն հոգիին ինչպէ՞ս կրնանք թափանցել։

16 Քանի որ մեր Թագաւորութեան երգեցողութիւններուն բառերը իմաստալից են, մինչ կ’երգենք, բառերուն վրայ պէտք է կեդրոնացնենք մեր միտքը։ Իւրաքանչիւր երգեցողութեան հոգիին պէտք է թափանցենք։ Անոնցմէ ոմանք, ինչպէս՝ հոգիին սիրոյ պտուղին հետ կապ ունեցողները, խոր զգացում կը յայտնեն։ (Գաղատացիս 5։22) Մենք զանոնք ուժգնութեամբ եւ ջերմութեամբ կ’երգենք։ Ուրիշներ ուրախ երգեր են, իսկ մենք պէտք է ջանանք ուրախութեամբ երգել։ Տակաւին ուրիշներ ուժգին քայլերգանման են, անոնք ալ խանդավառութեամբ եւ հաստատամտութեամբ պէտք է երգուին։ Մեր Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ խրատ կը ստանանք որ, երբ կը խօսինք, ջերմութիւն ու զգացում եւ խանդավառութիւն յայտնաբերենք։ Իսկ շատ աւելի կարեւոր է ջերմութիւն, զգացում եւ խանդավառութիւն յայտնաբերել, երբ մեր երգեցողութիւնները կ’երգենք։

17. (ա) Անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն մասին եղած ո՞ր մեղադրանքը չենք ուզեր, որ կիրարկուի երգելու մեր կերպին։ (բ) Եթէ մեր երգեցողութիւններուն մէջ տրուած խրատները լուրջի առնենք, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

17 Երբ մեր Թագաւորութեան երգեցողութիւնները կ’երգենք, ու մեր մտքերը ուրիշ տեղ են, առանց բառերը լիովին հասկնալու, արդեօք կերպով մը անհաւատարիմ Իսրայելացիներուն պիտի չնմանէի՞նք, որոնք յանդիմանուեցան, քանի որ մինչ իրենց շրթունքներով Աստուած կը գովաբանէին, իրենց սրտերը անկէ շա՜տ հեռու էին։ (Մատթէոս 15։8) Չենք ուզեր որ այդ մեղադրանքը կիրարկուի Թագաւորութեան երգեցողութիւնները երգելու մեր կերպին, այդպէս չէ՞։ Մեր Թագաւորութեան երգեցողութիւնները երգելու ատեն պատշաճ գնահատութիւն ցոյց տալով, ոչ միայն մենք պիտի խանդավառուինք, այլ նաեւ՝ մեր շուրջիները, մէջը ըլլալով՝ պզտիկները։ Այո, եթէ մեր Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ բոլոր երգողները լուրջի առնեն այդ երգեցողութիւններուն պարունակած խրատները, ասոնք զօրաւոր քաջալերութիւն մը պիտի ըլլան անոնց, ծառայութեան մէջ եռանդուն ըլլալու եւ յանցագործութեան որոգայթէն խուսափելու համար։

18. Թագաւորութեան երգեցողութիւնները ի՞նչ տպաւորութիւն ձգեցին կնոջ մը վրայ։

18 Յաճախ դրսեցիներուն վրայ մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ Թագաւորութեան երգեցողութիւնները երգելու մեր կերպը։ Դիտարանը առիթով մը հրատարակեց հետեւեալ նիւթը. «[Մեր] երգելը կրնայ ծառայել որ ուրիշ մարդիկ Եհովա Աստուած ճանչնան. ինչ որ կը տեսնուի կնոջ մը փորձառութեամբ, որ 1973–ի ‘Աստուածային Յաղթանակ’ բնաբանով Համաժողովին մկրտուեցաւ, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորք քաղաքի Եանքի Մարզաւանին մէջ։ Ան առանձին այցելած էր Թագաւորութեան Սրահ մը եւ երկու ժողովներուն ներկայ եղած։ Երբ ժողովքը երգեց ... ‘Շարունակէ Նայիլ Մրցանակին’, ան այնքան տպաւորուեցաւ անոր բառերէն ու անոնց երգուած ձեւէն, որ որոշեց թէ հոն իր տեղն էր։ Անկէ ետք, ան մօտեցաւ Վկայի մը եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեց. այնքան յառաջդիմեց ան որ Եհովայի Վկայ մը եղաւ»։

19. Թագաւորութեան երգեցողութիւնները սրտանց երգելու առնչութեամբ վերջին ի՞նչ քաջալերութիւն մը տրուած է մեզի։

19 Ընդհանրապէս մեր ժողովներուն ունկնդիրները բաղդատաբար շատ քիչ առիթ ունին իրենց զգացումներն ու գնահատութիւնը արտայայտելու։ Բայց բոլորս ալ կրնանք Եհովայի բարութեան հանդէպ մեր զգացումները արտայայտել, Թագաւորութեան երգեցողութիւններուն սրտանց մասնակցելով։ Ասկէ զատ, երբ իրարու քով հաւաքուինք, լաւ տրամադրութիւն մը չե՞նք ունենար։ Ուստի պէտք է փափաքինք երգել։ (Յակոբու 5։13) Իրապէս, ո՛րքան գնահատենք Եհովայի բարութիւնը եւ իր անարժան ողորմութիւնը, այնքան սրտանց պիտի գովաբանենք զինք։

Ինչպէ՞ս կը Պատասխանէք

◻ Եհովան գովաբանելու երկու հիմնական պատճառները ի՞նչ են։

◻ Ի՞նչ տարբեր կերպերով կրնանք Եհովան գովաբանել։

◻ Եհովան գովաբանելու ամենէն գեղեցիկ կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

◻ Երգով Եհովան գովաբանելու մասին Սուրբ Գրոց ի՞նչ օրինակներ ունինք։

◻ Թագաւորութեան երգեցողութիւնները երգելու ատեն մեր գնահատութիւնը ինչպէ՞ս կ’արտայայտենք։

[Շրջանակ՝ էջ 7]

Այդ Երգեցողութիւնները Վայելեցէք

Այնպէս կը թուի որ ոմանք կարգ մը երգեցողութիւններ սորվելու մէջ քիչ մը դժուարութիւն ունեցած են։ Սակայն, կարգ մը ժողովքներ մասնաւոր խնդիր չեն ունեցած այդ երգեցողութիւններէն շատերը երգելու մէջ։ Թերեւս քիչ մը յաւելեալ ջանք թափելու կարիքը ունիք ձեզի անծանօթ եղող բան մը սորվելու համար։ Յաճախ ժողովքը, անգամ մը որ այդ երգեցողութիւններուն ընտելանայ, զանոնք աւելի կը գնահատէ քան առանց ջանքի սորվածները։ Այն ատեն ժողովքին մէջ բոլորը համարձակ կ’երգեն։ Այո, այդ պարագային, անոնք այդ երգեցողութիւնները կը վայելեն։

[Շրջանակ՝ էջ 11]

Թագաւորութեան Երգեցողութիւններ Երգենք Ընկերային հաւաքոյթներուն

Թագաւորութեան երգեցողութիւնները միայն Թագաւորութեան Սրահին մէջ երգուելու համար չեն սահմանուած։ Պօղոս եւ Շիղա Եհովայի գովաբանութիւններ երգեցին բանտին մէջ։ (Գործք 16։25) Իսկ Յակոբոս աշակերտ ըսաւ. «Եթէ մէկը ուրախ է, սաղմոս թող երգէ»։ (Յակոբու 5։13, ստորանիշ) Ընկերային հաւաքոյթներուն ընթացքին, ամէն մարդ լաւ տրամադրութեան մէջ է։ Ուստի, ինչո՞ւ Թագաւորութեան երգեցողութիւններ չերգել։ Ասիկա աւելի հաճելի կ’ըլլայ, եթէ երգեցողութեան ընկերակցի դաշնամուր կամ կիթար։ Եթէ ոչ, ունինք Թագաւորութեան երգեցողութիւններու դաշնամուրով նուագուած ձայներիզները։ Վկայ ընտանիքներէն շատեր այս ձայներիզներուն ալպոմը ունին։ Անոնք ոչ միայն երգեցողութեան ընկերակցելու համար լաւ կը ծառայեն, այլ նաեւ հրաշալի են որպէս յետսամասի գեղեցիկ երաժշտութիւն։

[Նկար՝ էջ 8,9]

Կարմիր Ծովէն ազատագրուելէ ետք, Իսրայելացիները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին՝ երգելով

[Նկար՝ էջ 10]

Ներկայիս ուրախ երգեցողութիւնները Քրիստոնէական պաշտամունքին մէկ մասն են

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել