Եհովան՝ գաղտնիքներ յայտնող Աստուածը
«Երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ»։—ԴԱՆԻԷԼ 2։28
1, 2. (ա) Եհովա ի՞նչպէս կը տարբերի իր մեծ Հակառակորդէն։ (բ) Մարդիկ ի՞նչպէս կը ցոլացնեն այս տարբերութիւնը։
ԵՀՈՎԱ, տիեզերքի գերագոյն եւ սիրալիր Աստուածը, միակ Ստեղծիչը, իմաստութեան ու արդարութեան Աստուած մըն է։ Ան իր ինքնութիւնը, գործերը կամ նպատակները թաքցնելու կարիքը չունի։ Իր յարմար դատած ժամանակին եւ ըստ հաճութեան՝ ինքզինք կը յայտնէ։ Այս կերպով, ան իր Հակառակորդէն՝ Բանսարկու Սատանայէն՝ կը տարբերի, որ կը ջանայ իր իսկական ինքնութիւնը եւ միտումները թաքցնել։
2 Ինչպէս որ Եհովա եւ Սատանան հակառակ են, նոյնպէս ալ իրենց երկրպագուները։ Սատանայի առաջնորդութեան հետեւողները, կեղծիքով եւ խաբէութեամբ յատկանշուած են։ Անոնք կը փորձեն իրենք զիրենք ներկայացնել որպէս բարերարներ, մինչ խաւարի պատկանող գործեր կ’ընեն։ Կորնթացի Քրիստոնեաներուն ըսուեցաւ, որ այս իրողութիւնը զիրենք չզարմացնէ։ «Վասն զի այնպիսիները՝ սուտ առաքեալներ, խաբեբայ բանուորներ ըլլալով՝ Քրիստոսին առաքեալներուն կերպարանքը իրենց վրայ կ’առնեն։ Եւ զարմանալի չէ. վասն զի Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ»։ (Բ. Կորնթացիս 11։13, 14) Միւս կողմէ, Քրիստոնեաները Քրիստոսի կը նային որպէս իրենց Առաջնորդը։ Երբ երկրի վրայ էր, ան կատարելապէս իր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ՝ անձնաւորութիւնը ցոլացուց։ (Եբրայեցիս 1։1-3) Հետեւաբար, Քրիստոսի հետեւելով, Քրիստոնեաները Եհովան կ’ընդօրինակեն, որ ճշմարտութեան, պարզորոշութեան եւ լոյսի Աստուած է։ Անոնք ալ կարիքը չունին իրենց ինքնութիւնը, գործերը կամ նպատակները թաքցնելու։—Եփեսացիս 4։17-19. Եփեսացիս 5։1, 2
3. Ի՞նչպէս կրնանք հերքել այն ամբաստանութիւնը թէ Եհովայի Վկայ դարձող անհատներ բռնադատութեամբ «գաղտնի աղանդ»ի մը կը միանան։
3 Եհովա, իր յարմար տեսած ժամանակին, իր նպատակներուն եւ մարդոց անծանօթ եղող ապագային նկատմամբ մանրամասնութիւններ կը յայտնէ։ Այս առումով, ան գաղտնիքներ յայտնող Աստուած մըն է։ Հետեւաբար, իրեն ծառայել ուզող անհատներ հրաւիրուած՝ նոյնիսկ քաջալերուած՝ են, որ այս յայտնուած տեղեկութիւնները սորվին։ 1994–ին, եւրոպական երկրի մը մէջ, 145,000–է աւելի Վկաներու հետ կատարուած փորձագիտանք մը ցոյց տուաւ թէ, միջին հաշուով, անոնցմէ իւրաքանչիւրը երեք տարի Եհովայի Վկաներու ուսուցումները անձնապէս քննեց, Վկայ մը ըլլալ որոշելէ առաջ։ Անոնք այս ընտրութիւնը ըրին ազատ կամքով, առանց բռնադատութեան։ Իսկ անոնք շարունակեցին կամքի եւ գործելու ազատութիւն ունենալ։ Զոր օրինակ, ոմանք ժամանակ մը ետք որոշեցին դադրիլ Վկայ ըլլալէ, քանի որ այլեւս Եհովայի Վկաներու բարոյական բարձր չափանիշներուն հետ համաձայն չէին։ Հետաքրքրական է, սակայն, որ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին, այս նախկին Վկաներէն շատեր դարձեալ որպէս Վկաներ իրենց ընկերակցութիւնը եւ գործունէութիւնը վերսկսելու համար քայլեր առին։
4. Հաւատարիմ Քրիստոնեաները ի՞նչ բանէ պէտք չէ խռովին եւ ինչո՛ւ։
4 Անշուշտ, բոլոր նախապէս Վկաներ եղողները չեն վերադառնար, մէջը ըլլալով կարգ մը անհատներ որոնք ժամանակ մը քրիստոնէական ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքեր ունէին։ Ասիկա զարմանալի պէտք չէ թուի, քանի որ նոյնիսկ Յիսուսի ամենամտերիմ հետեւորդներէն մէկը՝ Յուդա առաքեալը՝ հեռացաւ։ (Մատթէոս 26։14-16, 20-25) Սակայն, ասիկա պատճա՞ռ մըն է որ ինքնին Քրիստոնէութեան շուրջ կասկած ունենանք։ Ասիկա կը ժխտէ՞ այն յաջողութիւնը որով Եհովայի Վկաները իրենց ուսուցումի գործունէութիւնը յառաջ կը տանին։ Բնա՛ւ երբեք, ճիշդ ինչպէս որ Իսկարիովտացի Յուդայի դաւաճան արարքը Աստուծոյ նպատակները չկասեցուց։
Ամենակալ Սակայն Սիրալիր
5. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եհովա եւ Յիսուս մարդիկը կը սիրեն, եւ այս սէրը ի՞նչպէս ցոյց տուած են։
5 Եհովա սիրոյ Աստուած մըն է։ Ան մարդոց հանդէպ հոգածու է։ (Ա. Յովհաննու 4։7-11) Վեհաշուք դիրք մը ունենալով հանդերձ, մարդոց հետ բարեկամութիւն ընելէն հաճոյք կը զգայ։ Իր վաղեմի ծառաներէն մէկուն մասին կը կարդանք. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»։ (Յակոբու 2։23. Բ. Մնացորդաց 20։7. Եսայեայ 41։8) Ինչպէս որ մարդկային բարեկամներ ծածուկ հարցեր, կամ գաղտնիքներ, կը բաժնեկցին, Եհովա նոյնը կ’ընէ իր բարեկամներուն հետ։ Այս առնչութեամբ Յիսուս իր Հայրը ընդօրինակեց, քանի որ ան իր առաքեալներուն հետ բարեկամ եղաւ եւ անոնց հետ գաղտնիքներ բաժնեց։ Ան ըսաւ անոնց. «Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասն զի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի»։ (Յովհաննու 15։15) Եհովայի, իր Որդւոյն եւ իրենց բարեկամներուն հասարակաց եղող գաղտնի տեղեկութիւններ, կամ «գաղտնիքներ», բաժնելը զիրենք կը միացնէ սիրոյ եւ նուիրումի անբեկանելի կապով մը։—Կողոսացիս 3։14
6. Եհովա ինչո՞ւ պէտքը չունի իր միտումները թաքցնելու։
6 Եհովա անուան իմաստը՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ», ցոյց կու տայ իր նպատակը իրագործելու համար իր ուզածը ըլլալու իր կարողութիւնը։ Մարդոց հակառակը, Եհովա իր միտումները թաքցնելու կարիքը չունի, վախնալով որ ուրիշներ թերեւս կարենան իրեն արգելք հանդիսանալ զանոնք կատարելու։ Ան չի կրնար ձախողիլ, ուստի իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ, բացէ ի բաց կը յայտնէ իր նպատակադրած բաներուն մեծ մասը։ Ան կը խոստանայ. «[Խօսքս] . . . ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որու համար զանիկա ղրկեցի»։—Եսայեայ 55։11
7. (ա) Եհովա Եդեմի մէջ ի՞նչ նախագուշակեց, եւ Սատանան ի՞նչպէս Աստուծոյ ճշմարիտ ըլլալը փաստեց։ (բ) Բ. Կորնթացիս 13։8–ի սկզբունքը ի՞նչպէս միշտ կիրարկելի է։
7 Եդեմի մէջ, ըմբոստութենէն քիչ ետք, Եհովա ամփոփ կերպով յայտնեց, իր եւ իր Հակառակորդին՝ Սատանայի՝ միջեւ շարունակուող պայքարին վերջնական արդիւնքը։ Աստուծոյ խոստացեալ Սերունդը, ցաւագին՝ բայց ժամանակաւոր կերպով՝ պիտի խայթուէր, իսկ Սատանան, վերջնականօրէն մահացու հարուած մը պիտի ստանար։ (Ծննդոց 3։15) Հ.Դ. 33–ին, Բանսարկուն իրապէս խայթեց Սերունդին՝ Քրիստոս Յիսուսի, անոր մահը պատճառելով։ Այս կերպով, Սատանան Սուրբ Գրութիւնները կատարեց եւ միեւնոյն ժամանակ ապացուցանեց որ Եհովա ճշմարտութեան Աստուած մըն է, թէեւ՝ վստահաբար անմտադրաբար ըրաւ ասիկա։ Ճշմարտութեան եւ արդարութեան հանդէպ իր ատելութիւնը, ինչպէս նաեւ իր հպարտ, անզեղջ կեցուածքը, զինք առաջնորդեցին որ ընէ ճիշդ այն ինչ որ Աստուած գուշակած էր որ պիտի ընէր։ Այո, ճշմարտութեան բոլոր հակառակորդներուն, նոյնիսկ Սատանայի պարագային, հետեւեալ սկզբունքը ճշմարիտ է. «Ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, հապա [«միայն», ՆԱ] ճշմարտութեան համար»։—Բ. Կորնթացիս 13։8
8, 9. (ա) Սատանան ի՞նչ գիտէ, սակայն այս գիտութիւնը Եհովայի նպատակներուն կատարման վտանգ կը հանդիսանա՞յ։ (բ) Եհովայի հակառակորդները ո՞ր յստակ ազդարարութիւնը կ’անտեսեն եւ ինչո՛ւ։
8 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը 1914–ին անտեսանելի կերպով հաստատուելէն ի վեր, Յայտնութիւն 12։12 կը կիրարկուի. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ Սակայն, իր ժամանակին կարճ ըլլալուն գիտութիւնը, կը մղէ՞ որ Սատանան իր ընթացքը փոխէ։ Եթէ պարագան այդ ըլլար, Սատանան ընդունած պիտի ըլլար թէ Եհովա ճշմարտութեան Աստուած մըն է եւ որպէս Գերագոյն Իշխան, միայն ինք պաշտուելու արժանի է։ Սակայն, այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, Բանսարկուն չի յօժարիր իր պարտութիւնը ընդունիլ։
9 Եհովա բացէ ի բաց կը յայտնէ ի՛նչ որ տեղի պիտի ունենայ, երբ Քրիստոս գայ Սատանայի աշխարհի դրութեան վրայ դատաստան ի գործ դնելու։ (Մատթէոս 24։29-31. 25։31-46) Այս առնչութեամբ, աշխարհի կառավարիչներուն մասին Իր խօսքը կը ծանուցանէ. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3) Սատանայի օրինակին հետեւողները այս յստակ ազդարարութիւնը կ’անտեսեն։ Իրենց չար սրտերուն պատճառաւ անոնք կուրցած են, եւ ասիկա արգելք կը հանդիսանայ որ իրենց ամբարիշտ ընթացքէն զղջան եւ իրենց ծրագիրներն ու ռազմավարութիւնները փոխեն, որոնք կը ջանան Եհովայի նպատակները ձախողեցնել։
10. (ա) Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։3–ը ո՞ր տարողութեամբ կատարում ունեցած է, սակայն Եհովայի ժողովուրդը ի՞նչպէս պէտք է հակազդէ։ (բ) Անհաւատ մարդիկ ապագային ինչո՞ւ աւելի թշնամական կրնան դառնալ Աստուծոյ ժողովուրդին հակառակելու մէջ։
10 Յատկապէս 1986–էն ի վեր, երբ Միացեալ Ազգերը Միջազգային Խաղաղութեան Տարի յայտարարեց, աշխարհը լեցուն է խաղաղութեան եւ ապահովութեան մասին եղած խօսակցութեամբ։ Հաստատ քայլեր առնուած են, ջանալով համաշխարհային խաղաղութիւն ապահովել, երեւութապէս՝ որոշ յաջողութեամբ մը։ Այս մարգարէութեան ամբողջ կատարումը միայն ա՞յս է, թէ ոչ կրնանք ապագային որոշ ցնցիչ յայտարարութիւն մը ակնկալել։ Եհովա իր յարմար ժամանակին այս հարցը պիտի յստակացնէ։ Մինչ այդ, հոգեւորապէս արթուն մնանք, «սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն»։ (Բ. Պետրոս 3։11, 12) Մինչ ժամանակը կ’անցնի, ու երթալով աւելի կը խօսուի խաղաղութեան եւ ապահովութեան մասին, այս ազդարարութենէն տեղեակ եղող ու զայն անտեսող կարգ մը անհատներ կրնան աւելի արհամարհական դառնալ, ենթադրելով թէ Եհովա իր խօսքը պիտի չկատարէ, կամ՝ պիտի չկարենայ կատարել։ (Բաղդատել՝ Ժողովողի 8։11-13. Բ. Պետրոս 3։3, 4։) Սակայն ճշմարիտ Քրիստոնեաները գիտեն որ Եհովա իր նպատակը պիտի կատարէ։
Եհովայի Գործածած Գործակալութիւններուն Հանդէպ՝ Պատշաճ Յարգանք
11. Դանիէլ եւ Յովսէփ Եհովայի մասին ի՞նչ սորվեցան։
11 Երբ Նոր–Բաբելոնական Կայսրութեան կառավարիչը՝ Նաբուգոդոնոսոր Թագաւոր, վրդովեցուցիչ երազ մը տեսաւ, զոր չկրցաւ վերյիշել, օգնութիւն խնդրեց։ Իր մոգերը, հմայողներն ու կախարդները ո՛չ կրցան ըսել թէ ի՛նչ էր երազը, ո՛չ ալ կրցան մեկնաբանել անոր իմաստը։ Սակայն, Աստուծոյ ծառան՝ Դանիէլ, կրցաւ ասիկա ընել, թէեւ ան խոստովանեցաւ որ երազը ու անոր մեկնութիւնը յայտնելը իր անձնական իմաստութեամբ չէր։ Դանիէլ ըսաւ. «Երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ, որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը յայտնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ»։ (Դանիէլ 2։1-30) Քանի մը դարեր առաջ, Աստուծոյ ուրիշ մէկ մարգարէն՝ Յովսէփ՝ ալ փորձառաբար գիտցաւ թէ Եհովան գաղտնիքներ Յայտնող է։—Ծննդոց 40։8-22. Ամովսեայ 3։7-8
12, 13. (ա) Աստուծոյ մեծագոյն մարգարէն ո՞վ էր, եւ ինչո՞ւ այդպէս կը պատասխանէք։ (բ) Ներկայիս որո՞նք կը ծառայեն որպէս «Աստուծոյ սրբազան գաղտնիքներուն տնտեսները», եւ զանոնք ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
12 Երկրի վրայ ծառայող Եհովայի մեծագոյն մարգարէն էր՝ Յիսուս։ (Գործք 3։19-24) Պօղոս բացատրեց. «Շատ ձեւերով ու շատ կերպերով կանխաւ խօսած է Աստուած հայրերուն հետ՝ մարգարէներով։ Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, որը ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ, որով աշխարհն ալ ստեղծեց»։—Եբրայեցիս 1։1, 2
13 Եհովա, նախկին Քրիստոնեաներուն խօսեցաւ, իր Որդւոյն՝ Յիսուսի՝ միջոցաւ, որ անոնց աստուածային գաղտնիքներ գիտցուց։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Ձեզի տրուած է հասկնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդները»։ (Ղուկաս 8։10) Պօղոս հետագային օծեալ Քրիստոնեաներուն մասին խօսեցաւ որպէս «Քրիստոսին սպասաւորները ու Աստուծոյ խորհուրդներուն [«սրբազան գաղտնիքներուն», ՆԱ] տնտեսները»։ (Ա. Կորնթացիս 4։1) Ներկայիս, օծեալ Քրիստոնեաները կը շարունակեն ծառայել այս հանգամանքով, կազմելով հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգ մը, որ իր Կառավարիչ Մարմինին միջոցաւ ատենին հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ։ (Մատթէոս 24։45-47) Եթէ մեծապէս կը յարգենք Աստուծոյ վաղեմի ներշնչեալ մարգարէները, մասնաւորաբար Աստուծոյ Որդին, նոյնպէս պէտք չէ՞ յարգենք այն մարդկային գործակալութիւնը, զոր Եհովա ներկայիս կը գործածէ սուրբ գրային տեղեկութիւններ յայտնելու համար, որոնք իր ծառաներուն համար շատ անհրաժեշտ են այս դժուարին ժամանակներուն մէջ։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13
Յայտնե՞լ թէ Գաղտնի Պահել
14. Քրիստոնեաներ ե՞րբ գաղտնաբար կը գործեն, եւ որո՞ւ օրինակին հետեւելով։
14 Քանի որ Եհովա բան մը չի թաքցներ, այլ կը յայտնէ, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Քրիստոնեաները պէտք է միշտ եւ ամէն պարագաներու ներքեւ իրենց ամբողջ գիտցածը յայտնեն։ Քրիստոնեաները կը հետեւին, իր առաքեալներուն տուած Յիսուսի խրատին. «Խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս»։ (Մատթէոս 10։16, ՆԱԹ) Եթէ իրենց ըսուի թէ չեն կրնար Աստուած պաշտել իրենց խղճմտանքին պահանջած կերպով, Քրիստոնեաները կը շարունակեն «Աստուծոյ հնազանդիլ», քանի որ կը գիտակցին թէ մարդկային ո՛չ մէկ գործակալութիւն իրաւունքը ունի Եհովայի պաշտամունքը արգիլելու։ (Գործք 5։29) Յիսուս անձամբ ցոյց տուաւ ասոր պատշաճութիւնը։ Կը կարդանք. «Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի մէջ կը պտըտէր, քանզի չէր ուզեր Հրէաստանի մէջ պտըտիլ, վասն զի Հրեաները զինք սպաննել կ’ուզէին։ Հրեաներուն տաղաւարահարաց տօնը մօտ էր, Յիսուս ըսաւ անոնց [իր անհաւատ, մարմնաւոր եղբայրներուն]. . . . ‘Դուք ելէ՛ք այս տօնին. ես [դեռ] չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած’։ Այս ըսելով անոնց՝ ինք Գալիլիա մնաց։ Բայց երբ իր եղբայրները գացին, ետքը ինք ալ գնաց տօնին, ո՛չ թէ յայտնի՝ հապա գաղտուկ կերպով մը»։—Յովհաննու 7։1, 2, 6, 8-10
Ըսե՞լ՝ թէ Չըսել
15. Յովսէփ ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ գաղտնիք մը պահելը, երբեմն սիրալիր բան մըն է։
15 Կարգ մը պարագաներուն, հարց մը գաղտնի պահելը ո՛չ միայն իմաստութիւն՝ այլ նաեւ սիրալիր բան մըն է։ Օրինակի համար, Յիսուսի խորթ հայրը՝ Յովսէփ՝ ի՞նչպէս հակազդեց երբ գիտցաւ որ իր նշանածը՝ Մարիամ՝ յղի էր։ Կը կարդանք. «Յովսէփ՝ անոր այրը՝ արդար մարդ ըլլալով ու չուզելով որ զանիկա խայտառակ ընէ, մտածեց որ ծածկաբար արձակէ զանիկա»։ (Մատթէոս 1։18, 19) Զինք հանրապէս խայտառակելը որքա՜ն անազնիւ պիտի ըլլար։
16. Երէցները, ինչպէս նաեւ ժողովքի ուրիշ անդամները, ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին գաղտնի հարցերու նկատմամբ։
16 Դժուարութեան մատնող կամ ցաւ պատճառող գաղտնի հարցերը, առնչութիւն չունեցող անհատներու պէտք չէ յայտնուին։ Քրիստոնեայ երէցները ասիկա ի մտի կ’ունենան, երբ հաւատակից Քրիստոնեաներուն անհատական խրատ կամ մխիթարութիւն պէտք է մատուցանեն, կամ թերեւս նոյնիսկ կրթութիւն տան, Եհովայի դէմ լրջօրէն մեղանչելուն պատճառաւ։ Այսպիսի հարցեր սուրբ գրային կերպով ձեռք առնելը անհրաժեշտ է. առնչութիւն չունեցող անհատներու, գաղտնի մանրամասնութիւններ յայտնելը, անտեղի եւ անսիրալիր է։ Վստահաբար, քրիստոնէական ժողովքի անդամները պիտի չփորձեն երէցներու բերնէն գաղտնի տեղեկութիւններ քաշել, այլ պիտի յարգեն հարցերը գաղտնի պահելու երէցներուն պատասխանատուութիւնը։ Առակաց 25։9–ը կ’ըսէ. «Ընկերիդ հետ քու դատդ վարէ՛, բայց գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ»։
17. Քրիստոնեաները, շատ մը պարագաներուն, ինչո՞ւ գաղտնի հարցերը չեն յայտներ, սակայն ինչո՞ւ միշտ այդպէս չեն կրնար ընել։
17 Այս սկզբունքը կը կիրարկուի նաեւ ընտանեկան շրջանակէն ներս, կամ՝ մտերիմ ընկերներու պարագային։ Թիւրիմացութիւններէ եւ լարուած յարաբերութիւններէ խուսափելու համար, կենսական է կարգ մը հարցեր գաղտնի պահել։ «Հիւսիսային քամին անձրեւ է բերում, եւ խոժոռ դէմքը՝ գաղտախօս լեզու»։ (Առակաց 25։23, Արարատ) Անշուշտ, Եհովայի ու իր արդար սկզբունքներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղանչող անհատներուն հանդէպ սէրը, երբեմն անհրաժեշտ կը դարձնեն, որ նոյնիսկ գաղտնի հարցեր տեղեկացնենք ծնողներու, քրիստոնեայ երէցներու, կամ առնչութիւն ունեցող ուրիշ անհատներու։a Սակայն, շատ մը պարագաներուն, Քրիստոնեաները ուրիշներու անձնական գաղտնիքները ծածուկ կը պահեն, որպէս թէ իրենցը ըլլային։
18. Քրիստոնէական ո՞ր երեք յատկութիւնները կրնան օգնել մեզի, որոշելու թէ ի՛նչ պէտք է ըսել եւ ի՛նչ՝ չըսել։
18 Որպէս ամփոփում, Քրիստոնեայ մը Եհովան կ’ընդօրինակէ որոշ հարցեր գաղտնի պահելով երբ անհրաժեշտ է ու զանոնք կը յայտնէ՝ միայն երբ պատշաճ է։ Ան խոնարհութեամբ, հաւատքով եւ սիրով կ’առաջնորդուի, որոշելու համար թէ ի՛նչ պէտք է ըսէ եւ ի՛նչ՝ չըսէ։ Խոնարհութիւնը արգելք կը հանդիսանայ իր անձին չափազանց կարեւորութիւն տալու, չփորձելով տպաւորել ուրիշները իր ամէն գիտցածը պատմելով, կամ ալ զանոնք չարչրկելով այնպիսի գաղտնիքներով, զորս չի կրնար ըսել։ Եհովայի Խօսքին եւ քրիստոնէական ժողովքին հաւատք ընծայելը կը մղէ զինք որ Աստուծմէ հայթայթուած սուրբ գրային տեղեկութիւնները քարոզէ, մինչ զգոյշ կ’ըլլայ ըսելէ բաներ, որոնք կրնան ուրիշները վշտացնելու դուռ բանալ։ Այո, սէրը կը մղէ զինք որ յայտնապէս պատմէ Աստուած փառաբանող բաները եւ կեանք ձեռք ձգելու համար մարդոց պէտք ունեցած գիտելիքները։ Միւս կողմէ, անձնական գաղտնի հարցեր չի յայտներ, գիտակցելով որ շատ մը պարագաներուն, զանոնք յայտնելը սիրոյ պակաս ցոյց կու տայ։
19. Ո՞ր ընթացքը կ’օգնէ ճշմարիտ Քրիստոնեաները բնորոշելու, եւ ասիկա ի՞նչ արդիւնք կու տայ։
19 Այս հաւասարակշռուած մօտեցումը ճշմարիտ Քրիստոնեաները բնորոշելու կ’օգնէ։ Անոնք Աստուծոյ ինքնութիւնը անանուն դիմակի մը, կամ խորհրդաւոր, անբացատրելի Երրորդութեան մը ետին չեն թաքցներ։ Անծանօթ աստուածները սուտ կրօնքին յատկանիշներն են եւ ո՛չ թէ՝ ճշմարիտ կրօնքին։ (Տես՝ Գործք 17։22, 23։) Եհովայի օծեալ Վկաները իրապէս կը գնահատեն «Աստուծոյ խորհուրդներուն [«սրբազան գաղտնիքներուն», ՆԱ] տնտեսները» ըլլալու առանձնաշնորհումը։ Այս գաղտնիքները բացայայտօրէն ուրիշներու յայտնելով, պարկեշտ սիրտ ունեցող անհատներուն կ’օգնեն Եհովայի բարեկամութիւնը փնտռելու։—Ա. Կորնթացիս 4։1. 14։22-25. Զաքարեայ 8։23. Մաղաքեայ 3։18
[Ստորանիշ]
a Տես՝ «Ուրիշներուն Մեղքերուն Հաղորդ Մի՛ Ըլլաք» յօդուածը, Դիտարան 1 Ապրիլ 1986։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք
◻ Եհովա ինչո՞ւ պէտք չունի իր միտումները թաքցնելու։
◻ Եհովա իր գաղտնիքները որո՞ւ կը յայտնէ։
◻ Քրիստոնեաները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին գաղտնի հարցերու նկատմամբ։
◻ Ո՞ր երեք յատկութիւնները պիտի օգնեն Քրիստոնեաներուն, գիտնալու թէ ի՛նչ պէտք է ըսեն եւ ի՛նչ՝ չըսեն։
[Նկարներ՝ էջ 10]
Եհովա իր Խօսքին միջոցաւ գաղտնիքներ կը յայտնէ