Յոյսով խարսխուած՝ սիրով մղուած
«Հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13։13
1. Պօղոս առաքեալ ի՞նչպէս կը զգուշացնէ մեզ։
ՊՕՂՈՍ առաքեալ մեզ կը զգուշացնէ, որ մեր հաւատքը կրնայ խորտակուիլ, նաւու մը նման։ Ան կը խօսի որ ունենանք «հաւատք ու մաքուր խղճմտանք, որ մէկ քանիները իրենցմէ մէկդի ձգելով՝ նաւակոծութիւն կրեցին հաւատքին կողմանէ»։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19) Հ.Դ. առաջին դարուն, նաւարկութեան մէջ եղող նաւերը փայտէ կը շինուէին։ Ծովուն վրայ անոնց արժէքը կախեալ կ’ըլլար գործածուած ատաղձին տեսակէն եւ նաւաշինութեան հմտութենէն։
2. Մեր հաւատքի նաւը ինչո՞ւ լաւ կառուցուած պէտք է ըլլայ, եւ ասիկա մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։
2 Այդպէս կոչուած մեր հաւատքի նաւն ալ մարդկային ալեկոծեալ ծովերուն մէջ պէտք է ծփայ։ (Եսայեայ 57։20. Յայտնութիւն 17։15) Ուստի, անիկա պէտք է լաւ կառուցուած ըլլայ եւ ասիկա մեզմէ կախեալ է։ Նախկին Քրիստոնեաներուն համար երբ հրէական ու հռովմէական «ծովերը» սկսան մասնաւորաբար փոթորկալից ըլլալ, Յուդա գրեց. «Սի՛րելիներ, անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք, անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար»։ (Յուդա 20, 21) Քանի որ Յուդա ‘սուրբերուն աւանդուած հաւատքին’ համար պայքարելու մասին ալ խօսեցաւ, ուստի «ամենասուրբ հաւատք» արտայայտութիւնը կրնայ ակնարկել քրիստոնէական ամբողջ ուսուցումին, մէջը ըլլալով փրկութեան բարի լուրը։ (Յուդա 3) Քրիստոս այդ հաւատքին հիմն է։ Քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքին կառչելու համար, զօրաւոր հաւատքի կարիքը ունինք։
«Աղանդի Սարսափ» Կոչուած Փոթորիկին Դէմ Դնել
3. Ոմանք ի՞նչպէս «աղանդի սարսափը» կը գործածեն։
3 Վերջին տարիներուն, գաղտնուսոյց աղանդներու հետ առնչուած զանգուածային անձնասպանութիւններ, մարդասպանութիւններ եւ ահաբեկչական արարքներ տեղի ունեցած են։ Հասկնալի է որ շատեր, մէջը ըլլալով անկեղծ քաղաքական առաջնորդներ, մտահոգութիւն ցոյց տուին, որպէսզի անմեղ մարդիկը, մանաւանդ անչափահասները, պաշտպանեն այսպիսի վտանգաւոր աղանդներէն։ Անկասկած, այս նողկալի ոճիրներուն ետին եղողը՝ «այս աշխարհի աստուածը» ըլլալով, ստեղծած է աղանդի սարսափը, եւ ասիկա կը գործածէ Եհովայի ժողովուրդին դէմ։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Յայտնութիւն 12։12) Ոմանք այս կացութիւնը շահագործած են, մեր գործին վրայ հակառակութիւն հրահրելու համար։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, անոնք արշաւներ կազմակերպած են, որոնց նպատակը իբրեւ թէ մարդիկը «վտանգաւոր աղանդներ»էն պաշտպանել է, բայց Եհովայի Վկաներուն անունն ալ անոնց կարգին դասելով անուղղակիօրէն մեզ ալ կը դատապարտեն։ Այս պատճառաւ, եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ տունէ–տուն ծառայութիւնը դժուարացած է եւ մեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրողներէն ոմանք իրենց ուսումնասիրութիւնը դադրեցուցած են։ Որպէս հետեւանք, ասիկա բացասական ազդեցութիւն մը ունեցած է կարգ մը եղբայրներու վրայ։
4. Հակառակութիւնը ինչո՞ւ պէտք չէ յուսահատեցնէ մեզ։
4 Սակայն, փոխանակ յուսահատելու, հակառակութիւնը պէտք է ամրապնդէ մեր համոզումը թէ մենք ճշմարիտ Քրիստոնէութիւն կը գործադրենք։ (Մատթէոս 5։11, 12) Նախկին Քրիստոնեաները մեղադրուած էին որպէս խռովարար աղանդ մը, որու ‘դէմ կը խօսէին’ ամէն տեղ։ (Գործք 24։5. 28։22) Բայց Պետրոս առաքեալ իր հաւատակիցները խրախուսեց, անոնց գրելով. «Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. հապա ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք, որպէս զի անոր փառքին յայտնուելու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք»։ (Ա. Պետրոս 4։12, 13) Նոյն կերպով, առաջին դարու կառավարիչ մարմինի անդամներէն մէկը գրեց. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ։ Բայց համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէս զի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք ու բանի մը պակասութիւն չունենաք»։ (Յակոբու 1։2-4) Ճիշդ ինչպէս որ սուրացող քամին փորձի կ’ենթարկէ նաւու մը դիմացկունութիւնը, նոյնպէս հակառակութեան փոթորիկները մեր հաւատքի նաւուն մէջ եղած որեւէ տկարութիւն երեւան պիտի հանեն։
Փորձութիւնները Համբերութիւն կ’Առաջացնեն
5. Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր հաւատքը անխախտ պիտի մնայ նեղութիւններու ներքեւ։
5 Քրիստոնեաները փորձութեան փոթորիկներուն դէմ դնելէն ետքն է միայն որ կրնան վստահ ըլլալ թէ համբերութիւն ու անսասան հաւատք ունին։ Մեր «համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն» պիտի ունենայ փոթորկալից ծովերուն մէջ, միայն երբ ‘կատարեալ ու ամբողջ ըլլանք ու բանի մը պակասութիւն չունենանք’, ի ներառեալ մեր հաւատքը։ Պօղոս գրեց. «Ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս՝ շատ համբերութիւնով վշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու»։—Բ. Կորնթացիս 6։4
6. Ինչո՞ւ ‘նեղութիւններու մէջ պէտք է պարծինք’, եւ ասիկա ի՞նչպէս կը զօրացնէ մեր յոյսը։
6 Երբեմն մեր դիմագրաւած փորձութիւններու մրրկալից հովերը, պէտք է մեր հաւատքի նաւուն լաւ եւ տոկուն ըլլալը ապացուցանելու պատեհութիւններ նկատենք։ Հռովմի Քրիստոնեաներուն, Պօղոս գրեց. «Նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս. եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ»։ (Հռովմայեցիս 5։3-5) Փորձութեանց ներքեւ անխախտ մնալով Եհովայի հաճութեան կ’արժանանանք։ Ասիկա իր կարգին, մեր յոյսը կը զօրացնէ։
Ոմանք Ինչո՛ւ Նաւակոծութեան կը Հանդիպին
7. (ա) Ինչպէս Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան, ոմանք ի՞նչպէս հոգեւոր նաւակոծութիւն կրեցին։ (բ) Ներկայիս, ոմանք ի՞նչպէս ճշմարտութենէն խոտորած են։
7 Երբ Պօղոս ‘նաւակոծութեան’ դէմ զգուշացուց, ան իր մտքին մէջ ունէր ոմանք, որոնք իրենց մաքուր խղճմտանքը ‘մէկդի ձգած’ ու իրենց հաւատքը կորսնցուցած էին։ (Ա. Տիմոթէոս 1։19) Անոնց կարգին էին Հիմենոս եւ Աղեքսանդրոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղելով ու անոր դէմ խօսելով հաւատուրացութեան մէջ ինկան։ (Ա. Տիմոթէոս 1։20. Բ. Տիմոթէոս 2։17, 18) Ներկայիս, ճշմարտութենէն խոտորած հաւատուրացներ, բերանացի կերպով կը ծեծեն «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», արդարեւ խածնելով այն ձեռքը, որ զիրենք կը կերակրէր հոգեւորապէս։ Ոմանք կը նմանին ‘չար ծառային’, իրենց սրտին մէջ ըսելով. «Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ»։ (Մատթէոս 24։44-49. Բ. Տիմոթէոս 4։14, 15) Անոնք չեն ընդունիր որ իրերու այս չար դրութեան վերջաւորութիւնը մօտ է եւ կը քննադատեն հոգեւորապէս արթուն ծառայ դասակարգը, Եհովայի ժողովուրդին մէջ ստիպողականութեան զգացումը պահպանելուն համար։ (Եսայեայ 1։3) Այսպիսի հաւատուրացներ «կը կործանեն ոմանց հաւատքը», հոգեւոր նաւակոծութեան ենթարկելով զանոնք։—Բ. Տիմոթէոս 2։18
8. Ի՞նչ բան պատճառ եղած է որ ոմանց հաւատքի նաւը խորտակուի կամ ընկղմի։
8 Նուիրուած ուրիշ Քրիստոնեաներ իրենց հաւատքի նաւը խորտակած են իրենց խղճմտանքը մէկդի ձգելով եւ այս աշխարհի անսանձ հաճոյասիրութեան եւ սեռային անբարոյութեան անձնատուր ըլլալով։ (Բ. Պետրոս 2։20-22) Իսկ ուրիշներ, իրենց հաւատքի նաւը կ’ընկղմեն, քանի որ ըստ իրենց, հորիզոնին վրայ տակաւին չի տեսնուիր իրերու նոր դրութեան նաւահանգիստը։ Կարգ մը մարգարէութիւններուն ժամանակը չկարենալով հաշուել, եւ իրենց մտքին մէջ «Եհովայի օրը» հեռացնելով, անոնք կը լքեն ճշմարիտ պաշտամունքը։ (Բ. Պետրոս 3։10-13, ՆԱ. Ա. Պետրոս 1։9) Շատ չանցած, անոնք իրենք զիրենք դարձեալ կը գտնեն ներկայ իրերու դրութեան մռայլ, պղտոր ջուրերուն մէջ։ (Եսայեայ 17։12, 13. 57։20) Քրիստոնէական ժողովքին հետ իրենց ընկերակցութիւնը դադրեցնողներէն ոմանք տակաւին կը խորհին որ անիկա ճշմարիտ կրօնքը կը գործադրէ։ Սակայն, անոնք նոր աշխարհին սպասելու համար պահանջուած համբերութիւնը չունէին. աշխարհ մը, որ Եհովա Աստուած խոստացած է։ Ըստ իրենց, դրախտային կեանքը բաւական կանուխ չէր եկած։
9. Նուիրուած Քրիստոնեաներէն ոմանք ի՞նչ կ’ընեն, եւ այս իրողութիւնները ի՞նչ բան նկատի առնելու պէտք է առաջնորդեն մեզ։
9 Այնպէս կը թուի թէ աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, նուիրուած Քրիստոնեաներէն ոմանք ալ իրենց հաւատքի նաւուն առագաստը փոքրացուցած են։ Նաւը տակաւին կը ծփայ, բայց փոխանակ հաւատքով լի առաջ երթալու, անոնք կը տատանին։ «Շուտով Դրախտ» մտնելու յոյսէն հրապուրուած, ոմանք ջանք չէին խնայած անոր հասնելու համար. քարոզչութեան մէջ եռանդուն եղած էին ու կանոնաւորաբար ժողովներու ու համաժողովներու յաճախած էին։ Հիմա խորհելով որ իրենց յոյսերուն իրականացումը իրենց կարծածէն աւելի հեռու է, այլեւս չեն ուզեր նոյն ջանքով աշխատիլ։ Ասիկա բացայայտ կ’ըլլայ իրենց քարոզչութեան նուազումով, ժողովներու անկանոն կերպով յաճախելով եւ համաժողովներու կարգ մը մասերէն բացակայելով։ Ուրիշներ աւելի ժամանակ կը յատկացնեն զբօսանքի ու նիւթական հանգստաւէտութեան։ Այս իրողութիւնները մեզ կը մղեն որ նկատի առնենք թէ Եհովայի կատարած մեր նուիրումը ի՛նչ ոյժէ մղուած պէտք է ըլլայ։ Իր ծառայութեան մէջ մեր նախանձախնդրութիւնը «մօտալուտ Դրախտ»ի յոյսէ՞ն կախեալ պէտք է ըլլայ։
Յոյսը՝ Խարիսխի Նմանցուած
10, 11. Պօղոս մեր յոյսը ի՞նչ բանի նմանցուց, եւ այս բաղդատութիւնը ինչո՞ւ տեղին է։
10 Պօղոս նշեց որ Եհովա խոստացած էր Աբրահամի միջոցաւ օրհնութիւններ բերել։ Ապա առաքեալը բացատրեց. «Աստուած . . . երդում ըրաւ. որպէս զի երկու անփոփոխելի բաներով [իր խօսքը եւ իր երդումը], որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու, որ ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին»։ (Եբրայեցիս 6։17-19. Ծննդոց 22։16-18) Օծեալ Քրիստոնեաներու դիմաց դրուած է երկնքի մէջ անմահ կեանքի յոյսը։ Ներկայիս, Եհովայի ծառաներուն հսկայ մեծամասնութիւնը դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու սքանչելի յոյսը ունի։ (Ղուկաս 23։43) Անհատ մը չի կրնար հաւատք ունենալ, առանց այսպիսի յոյս մը ունենալու։
11 Խարիսխ մը ապահովութեան զօրաւոր եւ անհրաժեշտ գործիք մըն է, որպէսզի նաւը իր տեղը պահուի ու հովէ չքշուի։ Ոեւէ նաւաստի առանց խարիսխ նետելու նաւահանգիստէն չի հեռանար։ Քանի որ Պօղոս քանիցս նաւակոծութեան հանդիպած էր, ան փորձառաբար գիտէր որ նաւուն վրայ գտնուողներուն կեանքը յաճախ նաւուն խարիսխէն կախեալ է։ (Գործք 27։29, 39, 40. Բ. Կորնթացիս 11։25) Առաջին դարուն, նաւ մը շարժիչ չունէր որ նաւապետը կարենար իր ուզած կողմը ուղղել զայն։ Թիավարուող ռազմանաւերէն զատ, մնացեալ նաւերը շարժուելու համար գլխաւորաբար հովէն կախեալ էին։ Եթէ նաւապետը տեսնէր որ իր նաւը ժայռերուն պիտի զարնուի, անոր միակ ապաւէնն էր խարիսխը նետել, որպէսզի փոթորիկին դիմանայ, յուսալով որ խարիսխը ամուր կերպով բռնէ ծովուն հունը։ Ուստի, Պօղոս Քրիստոնեային յոյսը կը նմանցնէ ‘մեր անձերուն համար հաստատ ու անշարժ խարիսխի մը’։ (Եբրայեցիս 6։19) Երբ հակառակութեան փոթորիկներու բռնուինք կամ ուրիշ փորձութիւններ դիմագրաւենք, մեր հոյակապ յոյսը խարիսխի մը նման է, որ մեր անձերը կը հաստատէ, որպէսզի հոսանքը մեր հաւատքի նաւը չքշէ տանի կասկածի վտանգաւոր ծանծաղուտներուն, կամ հաւատուրացութեան աղիտալի ժայռերուն ուղղութեամբ։—Եբրայեցիս 2։1. Յուդա 8-13
12. Ի՞նչպէս կրնանք Եհովայէ հեռանալէ խուսափիլ։
12 Պօղոս զգուշացուց Եբրայեցի Քրիստոնեաները. «Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ»։ (Եբրայեցիս 3։12) Յունարէն բնագրին մէջ, «ապստամբիլ» բառացիօրէն կը նշանակէ «ետ կենալ», այսինքն, հաւատուրաց դառնալ։ Բայց կրնանք խուսափիլ այսպիսի ամբողջական նաւակոծութենէ։ Հաւատքն ու յոյսը մեզի պիտի օգնեն որ Եհովայի կառչած մնանք, նոյնիսկ փորձութեան ամենասաստիկ փոթորիկի ընթացքին։ (Բ. Օրինաց 4։4. 30։19, 20) Մեր հաւատքը՝ հաւատուրաց ուսուցումի հովերէն տարուբերուող նաւու մը պիտի չնմանի։ (Եփեսացիս 4։13, 14) Իսկ խարիսխի նմանող յոյսով, որպէս Եհովայի ծառաներ, պիտի կարենանք կեանքի փոթորիկներուն դիմանալ։
Սիրով եւ Սուրբ Հոգիով Մղուած
13, 14. (ա) Մեր յոյսին խարիսխը ինչո՞ւ ինքնին բաւարար չէ։ (բ) Եհովայի սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու ետին եղող դրդիչ ոյժը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։
13 Քրիստոնեայ մը չի կրնար մինչեւ նոր դրութիւն ընթանալ, եթէ Եհովայի ծառայելու իր միակ շարժառիթն է դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ Մինչ յոյսի խարիսխը իր կեանքին մէջ զինք կանգուն պահող ազդակ մը կը դարձնէ, ան իր յոյսին ու իր հաւատքին վրայ պէտք է աւելցնէ սիրոյ դրդիչ ոյժը։ Պօղոս ընդգծեց այս իրողութիւնը, երբ գրեց. «Հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է»։—Ա. Կորնթացիս 13։13
14 Սրբազան ծառայութիւն մատուցանելու մեր դրդիչ ոյժը պէտք է ըլլայ Եհովայի հանդէպ սրտանց սէր, մեզի հանդէպ իր ունեցած անսահման սիրոյն որպէս ընդառաջում։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։ Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց»։ (Ա. Յովհաննու 4։8, 9, 19) Եհովայի հանդէպ երախտագիտութենէ մղուած, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ անձնական փրկութիւն ձեռք ձգել, այլ՝ իր սուրբ անուան սրբացման եւ իր արդար գերիշխանութեան ջատագովման ականատես ըլլալ։
15. Եհովայի հանդէպ մեր ունեցած սէրը ի՞նչպէս իր գերիշխանութեան հարցին հետ առնչուած է։
15 Եհովա կ’ուզէ որ իրեն ծառայենք, ոչ միայն Դրախտին համար, այլ քանի որ զինք կը սիրենք։ Խորաթափանց Ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն Վրայa խորագրով Աստուածաշունչի համայնագիտարանը կը նշէ. «Եհովա մեծապէս հաճոյք կը զգայ այն իրողութեամբ որ իր գերիշխանութիւնը եւ իր արարածներուն անոր նեցուկ կանգնիլը գլխաւորաբար սիրոյ վրայ հիմնուած է։ Ան իրապէս կ’ուզէ միայն այն անհատները որոնք իր լաւ յատկութիւններուն համար զինք կը սիրեն, եւ իր գերիշխանութիւնը կը նախընտրեն, քանի որ անիկա արդար է։ (Ա. Կորն. 2։9) Անոնք կը նախընտրեն իր գերիշխանութեան ներքեւ ծառայել, փոխանակ փորձելու անկախ ըլլալ. այս բոլորը կ’ընեն, քանի որ գիտութիւն ունին իր անձին, ու իր սիրոյ, արդարութեան եւ իմաստութեան մասին, գիտակցելով որ Անոր իմաստութիւնը իրենցինէն գերիվեր է։ (Սաղմ. 84։10, 11)»—Հատոր Բ., էջ 275։
16. Յիսուսի սէրը ի՞նչպէս դրդիչ ոյժ մըն է մեր կեանքին մէջ։
16 Որպէս Քրիստոնեաներ, Յիսուսի նկատմամբ ալ սէր ունինք, մեզի հանդէպ իր սիրոյն որպէս ընդառաջում։ Պօղոս հետեւեալ կերպով պատճառաբանեց. «Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ եւ մեր համոզումն է թէ՝ եթէ մէկը ամենուն համար մեռաւ, ուրեմն ամէնքն ալ մեռան։ Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ»։ (Բ. Կորնթացիս 5։14, 15) Քրիստոս ուղղակի այն հիմն է որու վրայ մեր հոգեւոր կեանքը, մեր հաւատքը եւ մեր յոյսը կառուցուած են։ Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ մեր ունեցած սէրը նեցուկ կը կանգնի մեր յոյսին եւ կը հաստատէ մեր հաւատքը, մանաւանդ փոթորկալից փորձութեան ժամանակներուն։—Ա. Կորնթացիս 3։11. Կողոսացիս 1։23. 2։6, 7
17. Եհովա ի՞նչ զօրաւոր ոյժ մը կը հայթայթէ մեզի, եւ անոր կարեւորութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տրուած է Գործք 1։8 եւ Եփեսացիս 3։16–ի մէջ։
17 Մինչ որպէս Քրիստոնեաներ, մեր կեանքին գլխաւոր դրդիչ ոյժն է Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն հանդէպ մեր սէրը, Եհովա ուրիշ բան մըն ալ կը հայթայթէ որ մեզ կը մղէ, կ’ոգեւորէ եւ մեզի ոյժ կու տայ որ իր ծառայութեան մէջ յարատեւենք։ Անիկա իր գործօն ոյժը՝ սուրբ հոգին է։ «Հոգի» թարգմանուած Եբրայերէն եւ Յունարէն բառերը հիմնականօրէն կ’ակնարկեն օդի ուժգին շարժումին, ինչպէս՝ հովը։ Պօղոսի նստած նաւուն նման առագաստանաւեր հովին անտեսանելի ոյժին կը վստահին, իրենց նշանակումին հասնելու համար։ Նոյն կերպով, մենք ալ սիրոյ եւ Աստուծոյ անտեսանելի գործօն ոյժին պէտք ունինք, եթէ կ’ուզենք որ մեր հաւատքի նաւը Եհովայի ծառայութեան մէջ յառաջանայ։—Գործք 1։8. Եփեսացիս 3։16
Օ՛ն Յառաջ, Դէպի Մեր Նպատակակէտը
18. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ապագային հաւատքի որեւէ փորձութեան տոկանք։
18 Մեր հաւատքն ու սէրը կրնան խստօրէն փորձի ենթարկուիլ, իրերու նոր դրութիւնը հասնելէ առաջ։ Բայց Եհովա «հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը» հայթայթած է՝ որ է մեր հոյակապ յոյսը։ (Եբրայեցիս 6։19. Հռովմայեցիս 15։4, 13) Երբ հակառակութիւնը կամ ուրիշ փորձութիւններ մեզ հարուածեն, կրնանք տոկալ՝ եթէ մեր յոյսին միջոցաւ ապահով կերպով խարսխուած ըլլանք։ Փոթորիկին մէկը անցնելէն ետք եւ ուրիշ մը յաջորդելէն առաջ, վճռենք մեր յոյսը զօրացնել ու մեր հաւատքը ամրապնդել։
19. Մեր հաւատքի նաւը ի՞նչպէս կրնանք իր ընթացքին մէջ պահել, որպէսզի Աստուծոյ նոր աշխարհի նաւահանգիստը հասնի։
19 ‘Մեր անձին խարիսխին’ մասին խօսելէ առաջ, Պօղոս ըսաւ. «Մենք կը բաղձանք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն ջանքը ցուցնէ յոյսը հաստատելու՝ մինչեւ վերջը։ Որպէս զի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա՝ նմանիք անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին»։ (Եբրայեցիս 6։11, 12) Եհովայի եւ իր Որդւոյն հանդէպ սէրէ մղուած եւ սուրբ հոգիով զօրացած, թող որ մեր հաւատքի նաւը շարունակէ իր ընթացքը, մինչեւ որ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհի նաւահանգիստը մտնենք։
[Ստորանիշ]
a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Վերաքաղի Համար
◻ Պօղոս մեր հաւատքի առնչութեամբ, ի՞նչ բանի դէմ կանխազգուշացուց մեզ։
◻ Ոմանք ի՞նչպէս հոգեւոր նաւակոծութեան հանդիպած են, իսկ ուրիշներ ի՞նչպէս կը դանդաղին։
◻ Աստուածային ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է կցենք մեր հաւատքին։
◻ Ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի որպէսզի Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհի նաւահանգիստը հասնինք։
[Նկար՝ էջ 16]
Մեր հաւատքին նաւը պէտք է լաւ կառուցուած ըլլայ, կեանքի փոթորիկներուն դիմանալու համար
[Նկար՝ էջ 17]
Մեր հաւատքը կրնայ նաւակոծութեան հանդիպիլ
[Նկար՝ էջ 18]
Որպէս Քրիստոնեաներ, յոյսը մեր կեանքի խարիսխն է