Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ92 11/1 էջ 7-11
  • ‘Ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըլլայ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըլլայ’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Անձնաքննութեան Ժամանակ մը
  • «Տղայութեան Բաները»
  • Յառաջդիմութիւնը Ինչպէ՞ս Յայտնի կ’Ըլլայ
  • Որպէս քրիստոնեայ «չափահա՞ս» էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Քու յառաջդիմութիւնդ յայտնի ըրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Յառաջդիմեցէ՛ք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Պատանինե՛ր, ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըրէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1992
դ92 11/1 էջ 7-11

‘Ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըլլայ’

«Բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի»։—Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 13։11

1. Աճումը ինչպէ՞ս ստեղծագործութեան սքանչելիութեան մէկ վկայութիւնն է։

ՄԻԱՅՆ խոշորացոյցով մը տեսանելի հաւկիթէ մը, կէտ ձուկը հսկայ արարած մը կը դառնայ, աւելի քան 30 մեթր երկարութիւն ունենալով եւ 80 թոն կշռելով։ Նոյնպէս, ամենապզտիկ սերմէ մը, հսկայ սեքվոյա ծառը կրնայ աւելի քան 90 մեթր բարձրութիւն ունենալ։ Իրապէս, աճումը կեանքի սքանչելիքներէն մէկն է։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ, մենք կրնանք ցանել եւ ջրել, բայց ‘Աստուած է որ կ’աճեցնէ’։—Ա. Կորնթացիս 3։7

2. Աստուածաշունչը ինչպի՞սի աճման մը մասին նախագուշակած է։

2 Կայ սակայն, տարբեր աճում մը որ նոյնքան հոյակապ է։ Անոր մասին նախագուշակեց Եսայի մարգարէն. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը՝ մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա»։ (Եսայեայ 60։22) Այս մարգարէութիւնը Աստուծոյ ժողովուրդին աճման հետ կապ ունէր եւ հիմնական կատարում մը կ’ունենայ մեր օրերուն։

3. 1991–ի ծառայութեան տարուան տեղեկագրութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Եհովան արագացուցած է իր ժողովուրդին գործը։

3 Եհովայի Վկաներու համաշխարհային գործունէութեան 1991–ի ծառայութեան տարուան տեղեկագրութիւնը ցոյց կու տայ որ Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը հասած է նոր գագաթնակէտի մը՝ 4,278,820 եւ 300,945 հոգի մկրտուած են տարուան ընթացքին։ Այսքան նորեկներուն ողողումով, 3,191 նոր ժողովքներ, համապատասխան շրջաններ եւ նահանգներ կազմուած են։ Այսինքն օրական աւելի քան ութ ժողովքներ, գրեթէ մէկ կամ երկու շրջաններ՝ երկու օրը անգամ մը։ Ի՜նչ հոյակապ աճում մը։ Որոշ է որ Եհովա գործը կ’արագացնէ եւ իր ժողովուրդին ջանքերը կ’օրհնէ։—Սաղմոս 127։1

Անձնաքննութեան Ժամանակ մը

4. Երբ դէպի ապագան նայինք, ո՞ր հարցումները նկատի պէտք է առնենք։

4 Թէեւ ասիկա տեսնելը սիրտ կը տոգորէ, սակայն իրեն հետ կը բերէ նաեւ որոշ պատասխանատուութիւններ։ Բաւարար հասուն եւ կամեցող անհատներ պիտի ըլլա՞ն այս բոլոր նորեկներուն հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու համար։ Մինչ դէպի առաջ ապագային կը նայինք, գլխու պտոյտ կը պատճառէ մտածել, թէ որքա՜ն ռահվիրաներու, օգնական ծառաներու, երէցներու եւ ճամբորդող տեսուչներու կարիքը պիտի ունենանք, այս աճման եւ ընդլայնումին հոգ տանելու համար։ Համայն աշխարհի մէջ այս գործին թիկունք կանգնելու համար, նաեւ մասնաճիւղերու եւ Պէթէլի Տուներու մէջ կամաւոր աշխատաւորներու ալ պէտքը պիտի ըլլայ։ Այսքան մեծ թիւով անհատներ ո՞ւրկէ պիտի գան։ Կասկած չկայ որ հունձքը մեծ է։ Բայց ներկայիս որո՞նք ի վիճակի են հոգ տանելու այն բոլոր աշխատաւորներուն, որոնց կարիքը կայ հունձքը քաղելու համար։—Մատթէոս 9։37, 38

5. Կարգ մը շրջաններու մէջ արագ աճման ի՞նչ վիճակներ գոյութիւն ունին։

5 Կը տեղեկագրուի, օրինակի համար, թէ աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, գրեթէ հարիւր հոգիներէ բաղկացած ժողովքներ կան, ուր միայն մէկ երէց եւ մէկ կամ երկու օգնական ծառաներ կան։ Երբեմն մէկ երէց երկու ժողովքի հոգ կը տանի։ Ուրիշ տեղեր, տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն վարող որակելի Քրիստոնեաներու կարիքը ա՛յնքան մեծ է, որ նորեկներ սպասման ցանկերու վրայ դրուած են։ Տակաւին ուրիշ տեղեր, այնքան արագօրէն նոր ժողովքներ կը կազմուին, որ երբեմն երեք, չորս կամ հինգ ժողովքներ նոյն Թագաւորութեան Սրահը կը գործածեն։ Թերեւս ձեր շրջանին մէջ ալ այսպիսի աճման ականատես եղած էք։

6. Ինչո՞ւ տեղին է անձնաքննութիւն մը կատարել։

6 Վերոյիշեալ բացատրութիւնները ի՞նչ կը թելադրեն մեզի։ Թէ ժամանակին ի տես, բոլորս ալ մեր պարագաները պէտք է քննենք, տեսնելու համար թէ մեր ժամանակը եւ մեր ունեցածը լաւագոյն կերպով կը գործածե՞նք, կարիքին ընդառաջելու համար։ (Եփեսացիս 5։15–17) Պօղոս առաքեալ առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն գրեց. «Թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի»։ (Եբրայեցիս 5։12) Ինչպէս այս խօսքերը կը մատնանշեն, Քրիստոնեաներն ալ անհատապէս պէտք է աճին։ Իսկ իրական վտանգ կայ որ անհատ մը հոգեւոր մանկութեան մէջ տնտընալ, փոխանակ դէպի Քրիստոնէական հասունութիւն յառաջանալու։ Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Պօղոս մեզ կը յորդորէ. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը»։ (Բ. Կորնթացիս 13։5) Դուք ձեզ քննա՞ծ էք տեսնելու որ ձեր մկրտութենէն ի վեր հոգեւորապէս աճած էք թէ ոչ։ Արդեօք տեղքայլի մէ՞ջ էք։ Ինչպէ՞ս կարելի է գիտնալ։

«Տղայութեան Բաները»

7. Որպէսզի մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըլլայ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

7 «Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի», ըսաւ Պօղոս առաքեալ։ (Ա. Կորնթացիս 13։11) Հոգեւոր զարգացման հարցին մէջ, ատեն մը բոլորս ալ մեր մտածումներով եւ արարքներով մանուկներու պէս էինք։ Սակայն, մեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըլլալու համար, պէտք է «տղայութեան բաները» մէկդի ձգենք, ինչպէս Պօղոս ըսաւ։ Ի՞նչ են տղայական բաներէն ոմանք։

8. Ըստ Եբրայեցիս 5։13, 14–ի Պօղոսի խօսքերուն, հոգեւոր մանուկի մը յատկանիշներէն մէկը ի՞նչ է։

8 Նախ նկատի առէք Պօղոսի խօսքերը, Եբրայեցիս 5։13, 14–ի մէջ. «Այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է։ Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել»։ «Արդարութեան խօսքին» ծանօ՞թ էք։ Աստուածաշունչը՝ Աստուծոյ Խօսքը՝ բաւական լաւ գիտէ՞ք որ կարենաք զայն գործածել «բարին ու չարը զանազանել»ու համար։ Պօղոս բացատրեց որ հասուն անհատներ ասիկա կրնան ընել, քանի որ կանոնաւորաբար «հաստատուն կերակուր»ով կը սնուցանուին։ Ուստի, հաստատուն կերակուրի հանդէպ մեր փափաքը կամ ախորժակը ինքնին կը մատնանշէ թէ մենք հոգեւորապէս մեծցա՞ծ ենք, թէ ոչ տակաւին հոգեւոր մանուկներ մնացած ենք։

9. Անհատի մը հոգեւոր ախորժակը ինչպէ՞ս կը մատնանշէ իր հոգեւոր յառաջդիմութեան։

9 Արդ, ձեր հոգեւոր ախորժակը ինչպէ՞ս է։ Ինչպէ՞ս կը նկատէք այն հոգեւոր ճոխ պաշարը, զոր Եհովա կը հայթայթէ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններով եւ Քրիստոնէական ժողովներով ու համաժողովներով։ (Եսայեայ 65։13) Անկասկած մեծապէս կ’ուրախանաք երբ ամէն տարի նահանգային համաժողովներուն նոր գրականութիւններ լոյս կը տեսնեն։ Բայց տուն երթալէն ետք ի՞նչ կ’ընէք զանոնք։ Երբ Դիտարանի կամ Զարթի՛րի նոր թիւ մը ստանաք, ի՞նչ կ’ընէք։ Զանոնք կարդալու համար ժամանակ կը յատկացնէ՞ք, թէ ոչ միայն կը թերթատէք զանոնք, վերնագիրներուն նայելու համար եւ ապա ձեր գրադարանին մէջ եղող միւսներուն վրայ կը դիզէք։ Լաւ է նոյն ուղղութեամբ հարցումներ հարցնել Քրիստոնէական ժողովներուն մասին։ Կանոնաւորաբար բոլոր ժողովներուն կը յաճախէ՞ք։ Անոնց համար կը պատրաստուի՞ք ինչպէս նաեւ անոնց կը մասնակցի՞ք։ Երեւութապէս ոմանք հոգեւոր գետնի վրայ խեղճօրէն կերակրուելու սովորութեան մէջ ինկած են, միայն աչք մը նետելով, այսինքն ոտքի վրայ կ’ուտեն, ինչպէս կ’ըսեն։ Որքա՜ն տարբեր էր սաղմոսերգուին պարագան, որ ըսաւ. «Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս»։ Իսկ Դաւիթ Թագաւոր ըսաւ. «Մեծ ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ, մեծ բազմութեան մէջ քեզ պիտի օրհնեմ»։ (Սաղմոս 35։18. 119։97) Որոշ է ուրեմն, թէ հոգեւոր կարգադրութիւններու հանդէպ մեր գնահատութեան չափը կը մատնանշէ մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։

10. Եփեսացիս 4։14–ը հոգեւոր մանուկի մը ո՞ր յատկանիշին կը մատնանշէ։

10 Պօղոս հոգեւոր մանուկներու ուրիշ մէկ յատկանիշը շեշտեց, երբ խրատեց. «Ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու»։ (Եփեսացիս 4։14) Ծնողները գիտեն թէ մանուկները ինչպէս ամէն բանով կը հետաքրքրուին։ Մէկ կողմէն ասիկա լաւ յատկանիշ մըն է, քանի որ կ’օգնէ որ հետախուզեն եւ սորվին եւ աստիճանաբար հասուն անհատներ դառնան։ Բայց նաեւ վտանգը կայ որ անոնց ուշադրութիւնը դիւրութեամբ մէկ բանէն ուրիշ բանի մը դառնայ։ Բայց ամենագէշը այդ է որ անփորձ ըլլալով, այս հետաքրքրութիւնը յաճախ զիրենք լուրջ դժուարութիւններու կը մատնէ, նոյնիսկ թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ ուրիշները վտանգելով։ Ասիկա նոյնպէս ճշմարիտ է հոգեւոր մանուկներու պարագային։

11. (ա) Պօղոս ի՞նչ ի մտի ունէր երբ գործածեց «վարդապետութեան ամէն հովերէն» արտայայտութիւնը։ (բ) Հիմա ի՞նչ ‘հովեր’ կը դիմագրաւենք։

11 Սակայն, Պօղոս ի՞նչ ըսել կ’ուզեր, երբ գրեց որ հոգեւոր մանուկները «վարդապետութեան ամէն հովերէ» կը տարուբերին։ Հոս «հով» բառը թարգմանուած է Յունարէն անէմոս բառէն, որու մասին Միջազգային Քննադատական Մեկնութիւնը (Անգլ.) դիտել կու տայ թէ բացայայտօրէն անիկա «ընտրուած է, քանի որ փոփոխականութեան գաղափարին կը յարմարի»։ Ասիկա լաւ կերպով պատկերացուած է Պօղոսի յաջորդ խօսքերով՝ «մարդոց խաբէութիւնովը»։ «Խաբէութիւն» բառը նախնական լեզուին մէջ հիմնականօրէն կը նշանակէ «նարտի բախտաքար» կամ «նարտ խաղալ», ուրիշ խօսքով, բախտախաղ։ Կէտը այդ է որ մենք յարատեւաբար նոր գաղափարներու եւ նպատակակէտերու դիմաց կը գտնուինք, որոնք կրնան անվնաս, փորձիչ եւ նոյնիսկ արժէքաւոր թուիլ։ Պօղոսի խօսքերը գլխաւորաբար մեր հաւատքին կապակցաբար հարցերու կը կիրարկուի, ինչպէս, ընդհանուր կրօնական շարժումներու, ընկերային, քաղաքական եւ նման նպատակներու։ (Բաղդատել Ա. Յովհաննու 4։1)։ Բայց այս սկզբունքը նաեւ կիրարկելի է աշխարհի յարափոփոխ քմայքներուն ու նորաձեւութիւններուն. հագուելակերպի, զբօսանքի, ուտելիքի, առողջութեան կամ մարմնամարզանքի նման մարզերու մէջ։ Փորձառութեան եւ լաւ դատողութեան պակասի պատճառով, հոգեւորապէս մանուկ եղողը կրնայ չափազանցօրէն տարուիլ այսպիսի բաներով եւ ասոնք արգելք կը հանդիսանան իր հոգեւոր յառաջդիմութեան եւ Քրիստոնէական աւելի կարեւոր պարտականութիւնները կատարելուն։—Մատթէոս 6։22–25

12. Պատասխանատուութեան նկատմամբ, երախաները ինչպէ՞ս տարբեր են չափահասներէն։

12 Մանուկները ուրիշ յատկանիշ մըն ալ ունին. անոնք անդադար օգնութեան եւ ուշադրութեան կը կարօտին։ Անոնք ո՛չ պատասխանատուութիւններէ տեղեակ են եւ ոչ ալ անոնցմով հետաքրքրուած են։ Մանկութիւնը կեանքի ա՛յն ժամանակն է երբ գրեթէ ամէն բան զբօսանք եւ խաղ է։ Ինչպէս Պօղոս կ’ըսէ, անոնք ‘տղայի պէս կը խօսին, տղայի պէս կը խորհին’։ Անոնց համար բնական բան մըն է որ ուրիշներ իրենց հոգ տանին։ Նոյնը կարելի է ըսել հոգեւորապէս մանուկ եղողի մը մասին։ Երբ նորեկ մը առաջին անգամ Աստուածաշունչէն իր բաժինը կը ներկայացնէ, կամ քարոզչութեան կը մասնակցի, հոգեւոր ծնողը հաճոյքով ամէն բան կ’ընէ իրեն օգնելու համար։ Բայց ինչ կը պատահի երբ այս նորեկը շարունակէ այսպիսի օգնութեան ապաւինիլ եւ ինքնիրեն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը չստանձնէ։ Ասիկա յստակօրէն ինքնաշխատութեան պակաս պիտի ըլլար։

13. Ինչո՞ւ ամէն մարդ պէտք է սորվի ինքն իր բեռը կրել։

13 Այս ուղղութեամբ, յիշենք Պօղոսի խրատը, որ թէեւ պէտք է ‘իրարու նեղութիւնները կրենք, բայց «ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։ (Գաղատացիս 6։2, 5) Անշուշտ, ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ որ անհատ մը սորվի իր Քրիստոնէական պատասխանատուութիւնները կրել, բայց կրնայ նաեւ նշանակել կարգ մը մարզերու մէջ զոհողութիւններ ընել։ Սակայն, լուրջ սխալ մը պիտի ըլլար ա՛յնքան տարուիլ կեանքի հաճոյքներով եւ խաղերով—զբօսանքներով, պտոյտներով, հնարքներով—կամ նոյնիսկ անհրաժեշտ չեղող աշխարհային գործով, որ այդպէս ըսած, մէկ կողմ կը մնանք, աշակերտելու մէջ մեր մասնակցութիւնը աւելցնելու որեւէ փափաք չունենալով, կամ հոգեւոր յառաջդիմութեան կամ պատասխանատուութեան չտենջալով։ «Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով», յորդորեց Յակոբոս աշակերտ։—Յակոբու 1։22. Ա. Կորնթացիս 16։13

14. Ինչո՞ւ պէտք չէ գոհանանք հոգեւոր մանուկի յատկանիշները յայտնաբերելով։

14 Այո, շատ նկատելի յատկանիշներ կան, որոնք մանուկ մը կը զատորոշեն չափահասէ մը։ Սակայն կարեւոր բանը այդ է, որ ինչպէս Պօղոս կ’ըսէ, տղայական բաները մէկդի ձգենք եւ մեծնանք։ (Ա. Կորնթացիս 13։11. 14։20) Ապա թէ ոչ հոգեւոր առումով թերաճ պիտի ըլլանք։ Բայց անհատ մը ինչպէ՞ս կը յառաջդիմէ։ Ի՞նչ բան կ’օգնէ որ հոգեւորապէս աճինք դէպի հասունութիւն։

Յառաջդիմութիւնը Ինչպէ՞ս Յայտնի կ’Ըլլայ

15. Աճման գործողութեան մէջ, ի՞նչ են հիմնական քայլերը։

15 Բնութեան մէջ աճումը ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ։ Ըստ Համաշխարհային Համայնագիտարանին (Անգլ), «իւրաքանչիւր անհատին կեանքը կը սկսի մէկ բջիջով։ Բջիջը նիւթերը կ’առնէ եւ զանոնք կը վերածէ շինարար աղիւսներու որոնց պէտք ունի աճելու համար։ Ուստի, այդ մէկ բջիջը ներսէն կը մեծնայ։ Այս բջիջը կը բազմանայ եւ կը բաժնուի ուրիշ բջիջներ կազմելու համար։ Ուստի աճումը՝ կերտելու, բազմապատկուելու եւ բաժնուելու գործողութիւնն է»։ Բայց հոս աչքի զարնող բանը այդ է որ աճումը ներսէն կը սկսի։ Երբ սնունդը պատշաճ կերպով առնուի, մարսուի եւ գործածուի, արդիւնքը կ’ըլլայ աճում։ Ասիկա պարզօրէն կը տեսնուի նորածին մանուկի մը պարագային։ Ինչպէս գիտենք, նորածին մը մասնաւոր պատրաստուած կերակուր եւ կաթ կը ստանայ կանոնաւորաբար, որ հարուստ է ճարպով եւ պրոտէինով՝ նիւթեր որոնք անհրաժեշտ են աճման համար։ Արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Իր կեանքին առաջին տարին մանուկի մը աճումը թէ՛ կշիռքով եւ թէ հասակով բնաւ չի համեմատիր իր աճման մնացեալ տարիներուն հետ։

16. Աստուածաշունչը նոր ուսումնասիրողներուն մէջ ինչպի՞սի աճում մը կը տեսնուի, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կարելի կը դառնայ։

16 Աճումի այս բնական գործողութենէն շատ բան կրնանք սորվիլ, զոր կրնանք կիրարկել մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան, սկիզբէն մինչեւ հասունութեան հասնիլը։ Ամէն բանէ առաջ, կանոնաւոր կերակրումի յայտագիր մը կենսական է։ Նաեւ ձեր միտքը բերէք այն ժամանակը երբ սկսաք Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Եթէ դուք շատ մը ուրիշներու նման էիք, հաւանաբար գրեթէ ոչինչ գիտէիք Աստուծոյ Խօսքին մասին։ Բայց ամէն շաբաթ ձեր դասը պատրաստեցիք եւ Աստուածաշունչի ձեր ուսումնասիրութիւնը ունեցաք եւ յարաբերաբար կարճ ժամանակուայ մը մէջ, Սուրբ Գրութիւններու բոլոր հիմնական ուսուցումները սորվեցաք։ Պէտք է ընդունիք որ ատիկա շատ մեծ աճում մըն էր, քանի որ կանոնաւորաբար կը կերակրուէիք Աստուծոյ Խօսքէն։

17. Ինչո՞ւ հոգեւորապէս կանոնաւոր կերակրումի յայտագիր մը անհրաժեշտ է։

17 Իսկ հիմա. տակաւին կերակրումի կանոնաւոր յայատագրի մը կը հետեւի՞ք։ Բնաւ պէտք չէ խորհինք որ քանի որ մկրտուած ենք, այլեւս կարիքը չունինք կանոնաւորաբար ուսումնասիրելով հոգեւորապէս սնուցանուելու։ Թէեւ Տիմոթէոս հասուն Քրիստոնեայ տեսուչ մըն էր, Պօղոս յորդորեց զինք. «Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէսզի քու յառաջդիմութիւնս ամենուն յայտնի ըլլայ»։ (Ա. Տիմոթէոս 4։15) Ուրեմն որքա՜ն աւելի իւրաքանչիւրս պէտք ունինք այսպէս վարուելու։ Եթէ կ’ուզէք որ ձեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըլլայ, այսպիսի ջանքեր պէտք է թափէք։

18. Անհատի մը հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ինչպէ՞ս յայտնի կ’ըլլայ։

18 Մեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ընելու համար, պէտք չունինք մեր գիտցածը ցոյց տալու, կամ ուրիշները տպաւորելու ջանքեր թափելու։ Յիսուս նշեց. «Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ», նաեւ՝ «բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ (Մատթէոս 5։14. 12։34) Երբ մեր սրտերն ու մտքերը Աստուծոյ Խօսքէն լաւ բաներով լեցուած են, անիկա անպայման յայտնի պիտի ըլլայ մեր ըրած եւ ըսած բաներով։

19. Մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան համար պէտք է վճռենք ի՞նչ ընել, եւ ի՞նչ արդիւնքի սպասելով։

19 Ուստի, հարցը հետեւեալն է. Կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէ՞ք եւ Քրիստոնէական ժողովներուն կը յաճախէ՞ք պարարտացուցիչ նիւթեր ստանալու համար, որոնք պիտի նպաստեն ձեր ներքին, հոգեւոր աճման։ Երբ հարցը ձեր հոգեւոր զարգացման գայ, մի՛ գոհանաք կրաւորական դիրք մը գրաւելով։ Դրական քայլեր առէք, վստահ ըլլալու համար որ Եհովայի հայթայթած հոգեւոր ճոխ կերակուրը լիովին կ’օգտագործէք։ Եթէ դուք ալ ‘հաճոյք կը զգաք Աստուծոյ օրէնքէն, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէք’, այդ պարագային ձեզի համար ալ կարելի է ըսել. «Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. ու անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ (Սաղմոս 1։2, 3) Սակայն ի՞նչ պէտք է ընէք, որպէսզի շարունակէք հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Այս հարցը պիտի շօշափենք յաջորդ յօդուածով։

Կրնա՞ք Պատասխանել

◻ Ինչո՞ւ տեղին է մեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը աչքէ անցնել։

◻ Հոգեւոր աճումը ինչպէ՞ս հոգեւոր ախորժակին հետ կապ ունի։

◻ Ի՞նչ կը նշանակէ «վարդապետութեան ամէն հովերէն» արտայայտութիւնը։

◻ Ինչո՞ւ ամէն մէկը իր բեռը պէտք է կրէ։

◻ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի։

[Նկար՝ էջ 9]

Ժամանակ կը յատկացնէ՞ք Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններ կարդալուն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել