Աստուծմէ սորվածներու պէս քալեցէք
«Եկէ՛ք, Եհովային լեռը ... ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ, որ անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։—ՄԻՔԻԱՅ 4։2
1. Ըստ Միքիային, վերջին օրերուն, Աստուած ի՞նչ պիտի ընէր իր ծառաներուն համար։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ Միքիա մարգարէն գուշակեց որ «վերջին օրերը», այսինքն, մեր ժամանակներուն, շատեր իրապէս Աստուած պիտի փնտռէին, զինք պաշտելու համար։ Անոնք իրար պիտի քաջալերէին, ըսելով. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը ... ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ, որ անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։—Միքիայ 4։1, 2
2, 3. Մարդոց արծաթասէր ըլլալուն մասին Պօղոսի գուշակութիւնը ինչպէ՞ս կատարուած է ներկայիս։
2 Բ. Տիմոթէոս 3։1–5–ը ուսումնասիրելը մեզի կ’օգնէ տեսնելու «վերջին օրերը» Աստուծմէ սորված ըլլալուն արդիւնքները։ Նախորդ յօդուածին մէջ, սկսանք նկատի առնել թէ «անձնասէր» չըլլալու Պօղոսի ազդարարութեան խրատին մտիկ ընողները ի՛նչ օգուտներ կը քաղեն։ Պօղոս աւելցուց որ մեր օրերուն մարդիկ նաեւ «արծաթասէր» պիտի ըլլային։
3 Ոեւէ մէկը արդի պատմութեան մասին բարձր ուսում ունենալու պէտք չունի տեսնելու համար թէ այս խօսքերը որքան լաւ կը յարմարին մեր ապրած ժամանակներուն։ Բնաւ չէ՞ք կարդացած դրամատէրերու կամ առեւտրական առաջնորդներու մասին, որոնք ամէն տարի միլիոններ շահելով հանդերձ գոհ չեն։ Այդ դրամասէրները տակաւին աւելի կ’ուզեն, նոյնիսկ անօրէն միջոցներու դիմելով։ Պօղոսի խօսքերը կը յարմարին նաեւ անոնց, որոնք թէեւ հարուստ չեն, բայց նոյնքան ագահ են, բնաւ չեն գոհանար։ Թերեւս ձեր շրջանին մէջ այսպիսի անհատներ կը ճանչնաք։
4–6. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կ’օգնէ Քրիստոնեաներուն որ արծաթասէր չըլլան։
4 Պօղոսի խօսքերը մարդկային բնոյթին անխուսափելի մէկ մա՞սն է։ Ո՛չ, ըստ Աստուածաշունչի Հեղինակին, որ տարիներ առաջ հետեւեալ ճշմարտութիւնը ըսաւ. «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթասիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան եւ ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին»։ Ուշադրութիւն ըրէք, Աստուած չըսեր թէ ‘բոլոր չարութիւններուն արմատը դրամն է’, այլ «արծաթասիրութիւնն [դրամասիրութիւնն (ՆԱ)]» է։—Ա. Տիմոթէոս 6։10
5 Հետաքրքրականօրէն, Պօղոսի խօսքերուն բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ առաջին դարուն լաւ անուն ունեցող Քրիստոնեաներէն ոմանք այս աշխարհին մէջ հարուստ էին. անոնք հարստութիւնը կա՛մ ժառանգած էին եւ կամ իրենց աշխատանքով վաստկած էին։ (Ա. Տիմոթէոս 6։17) Ուստի, մեր նիւթական վիճակը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Աստուածաշունչը յստակօրէն եւ իմաստունօրէն մեզ կը զգուշացնէ դրամասէր ըլլալու դէմ։ Աստուածաշունչը ուրիշ խրատ կու տա՞յ վշտի դուռ բացող եւ սովորական եղող այս թերութեան մասին։ Անշու՛շտ. ասիկա կը գտնենք Յիսուսի Լերան Քարոզին մէջ։ Այդ քարոզը աշխարհահռչակ է։ Նկատի առէք, զոր օրինակ, Մատթէոս 6։26–33–ին մէջ Յիսուսի խօսքերը։
6 Ինչպէս արձանագրուած է Ղուկաս 12։15–21–ին մէջ, Յիսուս խօսեցաւ հարուստ մարդու մը մասին, որ շարունակեց հարստութիւն դիզել, բայց յանկարծ իր կեանքը կորսնցուց։ Յիսուս ի՞նչ բան կ’ուզէր մատնանշել։ Ան ըսաւ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասընզի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ Այսպիսի խրատներու կողքին Աստուածաշունչը կը դատապարտէ ծուլութիւնը եւ պարկեշտ աշխատանքին արժէքը կը շեշտէ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։11, 12) Ոմանք կրնան առարկել թէ այսպիսի ուսուցումներ մեր ժամանակին համար չեն։ Բայց անոնք մեր ժամանակին համար են եւ գործնական ալ են։
Սորված եւ Օգտուած
7. Ի՞նչ պատճառ ունինք վստահ ըլլալու որ կրնանք հարստութեան մասին Աստուածաշունչի խրատը կիրարկել։
7 Ամէն ազգի մէջ, կրնաք ընկերային եւ տնտեսական բոլոր խաւերուն պատկանող այրեր եւ կիներ գտնել, որոնք դրամի շուրջ սուրբ գրային այս սկզբունքները կիրարկած են։ Ասիկա օգտակար եղած է թէ՛ անոնց եւ թէ անոնց ընտանիքներուն, իսկ դուրսիններ նկատած են ասիկա։ Օրինակի համար, Փրինսթըն Համալսարանի հրատարակութեան մը մէջ (Religious Movements in Contemporary America), մարդաբան մը գրեց. «[Վկաներուն] հրատարակութիւններուն եւ ժողովքային դասախօսութիւններուն մէջ, անոնց կը վերյիշեցուի որ նոր ինքնաշարժներէ, սուղ հագուստներէ կամ շռայլ ապրելակերպէ կախեալ չէ անոնց կացութիւնը։ Միեւնոյն ատեն Վկայ մը ամբողջ օրուան գործ մը պէտք է տայ իր գործատիրոջ եւ բծախնդրաբար պարկեշտ ըլլայ։ ... Այսպիսի յատկութիւններ նոյնիսկ շատ հմտութիւններ չունեցող անհատն անգամ պիտանի գործաւոր մը կը դարձնեն եւ Հիւսիսային Ֆիլատելֆիայի Վկաներէն ոմանք իրենց գործին մէջ աւելի պատասխանատու դիրքերու վրայ դրուած են»։ Որոշ է ուրեմն որ Աստուծոյ Խօսքին օգտակար ուսուցումները մեզի թէ՛ տեղեակ կը պահեն եւ թէ կը զգուշացնեն այն կեցուածքներէն որոնք ներկայ վիճակներուն հետ գլուխ ելլելը կը դժուարացնեն։ Իսկ փորձառութիւններ ցոյց կու տան որ Աստուածաշունչի ուսուցումները կրնան աւելի իմաստալից եւ ուրախ կեանք մը ունենալու առաջնորդել։
8. Ինչպէ՞ս կրնաք «ամբարտաւան», «հպարտ» եւ «հայհոյիչ» արտայայտութիւնները իրար կապել, եւ անոնց իմաստը ի՞նչ է։
8 Պօղոսի նշած յաջորդ երեք բաները կրնանք իրար կապել։ Վերջին օրերուն, մարդիկ պիտի ըլլային «ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ»։ Այս երեքը իրարու նման չեն, բայց բոլորն ալ հպարտութեան հետ կապուած են։ Առաջինն է «ամբարտաւան» ըլլալը։ Բառարան մը կ’ըսէ որ հոս գործածուած Յունարէն բառը հիմնականօրէն կը նշանակէ. «‘Մէկը որ ինքզինքին աւելի համարում կու տայ քան ինչ որ կրնայ արդարացնել’, կամ ‘իր կարողութենէն աւելի բաներ կը խոստանայ’»։ Անոր համար, կարգ մը թարգմանութիւններ կը գործածեն «սնապարծ» բառը։ Անկէ ետք կու գայ «հպարտ», կամ բառացիօրէն՝ «աւելի գերակայ երեւցող»։ Իսկ վերջապէս՝ «հայհոյիչ»։ Ոմանք կը խորհին որ հայհոյիչ են անոնք որոնք Աստուծոյ հանդէպ անյարգալից կերպով կ’արտայայտուին, բայց այս արտայայտութիւնը կը նշանակէ ուրիշ մարդոց մասին վիրաւորական, վարկաբեկիչ եւ չար բաներ ըսել։ Ուստի, Պօղոս կ’ակնարկէ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ մարդոց դէմ կատարուած հայհոյութիւններու։
9. Ներկայիս տիրապետող վնասակար կեցուածքին փոխարէն, Աստուածաշունչը կը քաջալերէ որ ի՞նչպիսի կեցուածք զարգացնենք։
9 Ինչպէ՞ս կը զգաք, երբ Պօղոսի նկարագրութեան յարմարող անհատներով շրջապատուած էք, ըլլան անոնք գործակիցներ, դասընկերներ, թէ ազգականներ։ Անոնք ձեր կեանքը կը դիւրացնե՞ն թէ աւելի կը բարդացնեն, մեր ժամանակներուն հետ գլուխ ելլելը աւելի դժուարացնելով։ Աստուծոյ Խօսքը, սակայն, կը սորվեցնէ մեզի որ զգուշանանք այսպիսի վարմունքէ, մեզի տալով կարգ մը խրատներ զորս կը գտնենք Ա. Կորնթացիս 4։7–ին, Կողոսացիս 3։12, 13–ին եւ Եփեսացիս 4։29–ին մէջ։
10. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Եհովայի ծառաները կ’օգտուին իրենց ստացած սուրբ գրային ուսուցումէն։
10 Թէեւ Քրիստոնեաները անկատար են, բայց այս ուսուցումները կիրարկելը մեծապէս կ’օգնէ անոնց այս դժուարին ժամանակներուն։ Իտալական լրագիր մը (La Civiltà Cattolica) ըսաւ որ Եհովայի Վկաներու բազմանալուն պատճառներէն մէկը այն է թէ «այդ շարժումը իր անդամներուն յստակ եւ զօրաւոր ինքնութիւն մը կու տայ»։ Բայց «զօրաւոր ինքնութիւն» մը ըսելով, արդեօք գրողը «ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյի՞չ» կ’ուզէր ըսել։ Ճիշդ հակառակը, Ժէզուիթ պարբերաթերթը կը շարունակէ, նշելով որ այդ շարժումը «իր անդամներուն յստակ եւ զօրաւոր ինքնութիւն մը կու տայ եւ անիկա վայր մըն է, ուր անոնց բարի գալուստ կը մաղթուի ջերմագին եւ եղբայրական հոգիով ու աջակցութեամբ»։ Բացայայտ չէ՞ որ Վկաներուն սորված բաները կ’օգնեն անոնց։
Ընտանիքի Անդամներուն Օգնող Խրատներ
11, 12. Պօղոս ինչպէ՞ս ճշգրտօրէն մատնանշեց շատ մը ընտանիքներու վիճակը։
11 Կրնանք յաջորդ չորս բաները համախմբել, որոնք իրարու հետ առնչուած են։ Պօղոս գուշակեց որ վերջին օրերուն, շատեր «ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ» պիտի ըլլային։ Դուք ալ նկատած էք որ այս թերութիւններէն երկուքը, ապերախտ եւ անսուրբ ըլլալը, մեր շուրջը շատ են։ Բայց դիւրութեամբ կրնանք տեսնել որ Պօղոս ասոնք ի՛նչու «ծնողներու անհնազանդ» եւ «անգութ»ին միջեւ դրաւ։ Այս չորսը ընդելուզուած են։
12 Իրապէս լաւ նկատողութիւն ունեցող ոեւէ անհատ, ըլլայ երիտասարդ թէ տարեց, պիտի ընդունի որ ծնողներու անհնազանդութիւնը երթալով կը շատնայ եւ աւելի գէշ կ’ըլլայ։ Շատ մը ծնողներ կը գանգատին որ երիտասարդները իրենց համար եղած բաներուն հանդէպ ապերախտ են։ Կարգ մը երիտասարդներ կը գանգատին որ իրենց ծնողները իրապէս հաւատարիմ չեն իրենց, կամ իրենց ընտանիքին, հանդէպ, այլ իրենց գործերով, հաճոյքներով, կամ իրենց անձով տարուած են։ Փոխանակ ջանալ որոշելու թէ որո՞ւ է յանցանքը, տխուր արդիւնքին նայեցէք։ Չափահասներու եւ պատանիներու միջեւ եղող պաղութիւնը յաճախ պատանիներուն կը մղէ, որ բարոյականութեան, կամ անբարոյութեան, շուրջ իրենց անձնական կանոնը կազմեն։ Ի՞նչ հետեւանքով։ Պատանեկան յղութեան, վիժումի եւ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններու ցաւալի համեմատութեամբ։ Շատ յաճախ տան մէջ սիրոյ պակասը բռնարարքներու կ’առաջնորդէ։ Հաւանաբար ձեր շրջանէն կրնաք օրինակներ յիշել, որոնք կը փաստեն որ բնական սէրը երթալով կը ցնդի։
13, 14. (ա) Բազմաթիւ ընտանիքներուն քայքայումը տեսնելով, ինչո՞ւ ուշադրութիւն պէտք է ընծայենք Աստուածաշունչին։ (բ) ընտանեկան կեանքի մասին Աստուած ի՞նչ իմաստուն խրատներ կու տայ։
13 Ասիկա կը բացատրէ թէ ի՛նչու երթալով աւելի անհատներ իրենց իսկ ընտանիքին մէկ մասը եղողներուն, նոյն խմբակցութեան կամ ցեղին, դէմ կ’ելլեն։ Դարձեալ կը կրկնենք որ մենք այս բաները չենք մէջբերեր ներկայ կեանքին բացասական երեսակները շեշտելու համար։ Յիշեցէք մեր երկու գլխաւոր հետաքրքրութիւնները. Աստուածաշունչի ուսուցումները կրնա՞ն մեզի օգնել, որ Պօղոսի յիշած սխալներէն խուսափինք, իսկ Աստուածաշունչի ուսուցումները մեր կեանքին մէջ կիրարկելով պիտի օգտուի՞նք։ Կրնանք այո՛ պատասխանել Պօղոսի ցանկին մէջ յիշուած չորս կէտերուն առնչութեամբ։
14 Հետեւեալ ակնարկը արդարացի է. չկայ ուսուցում մը՝ որ կրնայ Աստուածաշունչին նման սիրտ տոգորող եւ յաջող ընտանեկան կեանք մը յառաջ բերել։ Ասիկա կը տեսնուի անոր տուած խրատներէն օրինակ մը առնելով, որ ընտանիքի անդամներուն կ’օգնէ ոչ միայն որոգայթներէն խուսափելու, այլ նաեւ՝ յաջողելու։ Կողոսացիս 3։18–21–ը ասոր վկայող լաւ օրինակ մըն է, թէեւ ուրիշ բազմաթիւ գեղեցիկ եւ գործնական հատուածներ կան, ուղղուած՝ ամուսիններուն, կիներուն եւ զաւակներուն։ Այս խրատները գործնական են այսօր։ Ճիշդ է որ նոյնիսկ ճշմարիտ Քրիստոնեայ ընտանիքներուն մէջ խնդիրներ եւ դժուարութիւններ կան։ Բայց ընդհանուրը նկատի առնելով, կարելի է տեսնել որ Աստուածաշունչը օգտակար ուսուցում կը հայթայթէ ընտանիքներուն։
15, 16. Հետազօտող մը, երբ Զամպիոյ Եհովայի Վկաները կ’ուսումնասիրէր, ի՞նչ վիճակ գտաւ։
15 Գանատայի Լէթպրիճ Համալսարանէն հետազօտող մը Զամպիոյ ընկերային կեանքը ուսումնասիրեց մէկ ու կէս տարի։ Անոր եզրակացութիւնն էր. «Ամուսնական միութիւնը կայուն պահելու մէջ Եհովայի Վկաները միւս յարանուանութիւններէն աւելի կը յաջողին։ ... Անոնց յաջողութիւնը կը ներկայացնէ ամուսինի ու կնոջ միջեւ բարեփոխուած յարաբերութիւն մը, որոնք իրենց նոր գտած, ոչ–սպառնացող, համագործակից ճիգերուն մէջ, իրարու հանդէպ իրենց վերաբերմունքին համար, համարատու եղած են նոր գլուխի մը՝ Աստուծոյ։ ... Եհովայի Վկայ ամուսինը կը սորվի իր պատասխանատուութիւնը լաւ կերպով գործադրել իր կնոջ եւ զաւակներուն բարօրութեանը համար։ ... Ամուսին եւ կին քաջալերուած են ուղղամիտ անհատներ ըլլալ ...։ Ուղղամտութեան այս խիստ պահանջը կը շաղախէ ամուսնութիւնը»։
16 Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած էր իրական փորձառութիւններու վրայ։ Օրինակի համար, այս հետազօտողը ըսաւ որ հակառակ ընդունուած չափանիշներու, «Եհովայի Վկայ ամուսիններ յաճախ իրենց կիներուն կ’օգնեն պարտէզի գործին մէջ, ոչ միայն պատրաստութեան շրջանին, այլ նաեւ՝ ցանելու ու փորելու մէջ»։ Անթիւ փորձառութիւններ ցոյց կու տան որ Աստուածաշունչի ուսուցումը իրապէս կեանքերու կ’ազդէ։
17, 18. Կրօնական ժառանգութեան եւ նախամուսնական սեռի մասին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի՞նչ ապշեցուցիչ արդիւնք երեւան հանեց։
17 Նախորդ յօդուածը թերթի մը (Journal for the Scientific Study of Religion) յայտնագործութիւնները յիշեց։ 1991–ին, անիկա յօդուած մը կը պարունակէր, որու խորագիրն էր. «Կրօնական Ժառանգութիւն եւ Նախամուսնական Սեռականութիւն. Ազգին Հասուն Երիտասարդներէն Քաղուած Ապացոյցներ»։ Հաւանաբար տեղեակ էք թէ որքան սովորական բան մը եղած է նախամուսնական սեռային յարաբերութիւնը։ Կանուխ հասակէն, շատեր կիրքի անձնատուր կ’ըլլան եւ շատ մը պատանիներ ու պատանուհիներ բազմաթիւ սեռային ընկերակիցներ ունին։ Աստուածաշունչի ուսուցումները կրնա՞ն ասոր առաջքը առնել։
18 Այս հարցը ուսումնասիրող երեք համագործակից փրոֆէսէօրներ ակնկալեցին որ ‘աւելի պահպանողական Քրիստոնէական աւանդութիւններով մեծցած պատանիներ եւ երիտասարդներ հաւանաբար աւելի նուազ նախամուսնական սեռային յարաբերութիւն ունին’։ Իրողութիւնները ի՞նչ ցոյց տուին։ Ընդհանուր առմամբ, անոնց 70–82 տոկոսը նախամուսնական սեռը ճանչցած էին։ Անոնցմէ ոմանց կարծիքն էր թէ «Աստուածաշունչին բառացիօրէն հետեւողներուն մէջ նախամուսնական սեռային յարաբերութիւնը նուազ պէտք էր ըլլար, բայց պատանիներուն մէջ պարագան այս չէր»։ Անոնք կարգ մը երիտասարդներու մասին խօսեցան, որոնք երեւութապէս կրօնասէր ընտանիքներու կը պատկանէին, որոնք «բաղդատած Բողոքական Գլխաւոր Աղանդներուն, յատկանշականօրէն աւելի բարձր հաւանականութիւն տուին նախամուսնական սեռին»։—Շեղագիրը մեզմէ։
19, 20. Աստուծոյ խրատները ինչպէ՞ս օգտակար եղած եւ պաշտպանած են Եհովայի շատ մը երիտասարդ Վկաները։
19 Այս փրոֆէսէօրները ասոր ճիշդ հակառակը տեսան Եհովայի Վկաներու երիտասարդներուն մէջ, որոնք «ուրիշներէն շատ տարբեր խմբակցութիւն մըն էին»։ Ինչո՞ւ։ «Փորձառութեամբ, ակնկալութեամբ եւ կրօնական գործունէութիւններու մասնակցութեամբ յառաջ եկած յանձնարարութեան մակարդակը եւ ընկերային միջամտութիւնը ... կրնայ սովորաբար հաւատքի սկզբունքներուն աւելի զօրաւոր կերպով կապուելու փափաք ստեղծել»։ Անոնք աւելցուցին. «Որպէս պատանիներ եւ չափահասներ, Վկաներէն միսիոնարական պատասխանատուութիւններ կ’ակնկալուին»։
20 Հետեւաբար, Աստուածաշունչի ուսուցումները լաւ ազդեցութիւն մը ունեցած են Եհովայի Վկաներուն վրայ, օգնելով անոնց որ անբարոյութենէ խուսափին։ Ատիկա կը նշանակէ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններէն պաշտպանութիւն, որոնցմէ ոմանք անբուժելի են, իսկ ուրիշներ՝ մահացու։ Անիկա կը նշանակէ վիժումի ճնշումէ զերծ ըլլալ, քանի որ, ըստ Աստուածաշունչին, վիժումը սպանութեան համահաւասար է։ Անիկա նաեւ կը նշանակէ որ երիտասարդներ մաքուր խղճով ամուսնութեան աշխարհ մտնեն։ Ասիկա, իր կարգին, կը նշանակէ աւելի զօրաւոր հիմերու վրայ դրուած ամուսնութիւն մը։ Այս ուսուցումներն են, որոնք մեզի կ’օգնեն կեանքի խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու եւ աւելի առողջ ու աւելի ուրախ ըլլալու։
Դրական Խրատներ
21. Պօղոս ի՞նչ բաներ ճշգրտօրէն գուշակեց մեր ժամանակներուն մասին։
21 Հիմա վերադառնանք Բ. Տիմոթէոս 3։3, 4–ին եւ տեսնենք թէ Պօղոս ուրիշ ի՛նչ բաներ ըսաւ, որոնք շատերուն կեանքը պիտի դժուարացնէին, բայց ոչ՝ բոլորին. «[Մարդիկ պիտի ըլլան] անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր»։ Որքա՜ն ճիշդ են այս խօսքերը։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի ուսուցումները կրնան պաշտպանել եւ պատրաստել մեզ որ խնդիրներու հետ գլուխ ելլենք. յաջողակ ըլլանք։
22, 23. Պօղոս իր ցանկը ամբողջացուց դրական ո՞ր յորդորը տալով, եւ անիկա ի՞նչ կարեւորութիւն ունի։
22 Պօղոս առաքեալ իր ցանկը կը վերջացնէ դրական խօսքով մը։ Ան վերջին կէտը աստուածային պատուէրի մը կը վերածէ, որ կրնայ շատ մեծ օգտակարութիւն ունենալ մեզի։ Պօղոս կը յիշէ անոնք «որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր»։ Յիշեցէք որ կարգ մը եկեղեցիներու պատկանող պատանիներու մէջ նախամուսնական սեռային յարաբերութեան տոկոսը միջինէն աւելի բարձր էր։ Եթէ նոյնիսկ անոնց անբարոյութեան տոկոսը միայն միջինին հաւասար ըլլար, ատիկա փաստ մը պիտի չըլլա՞ր որ իրենց պաշտամունքը անզօր է։ Կրօնական ուսուցումները որեւէ փոփոխութիւն բերա՞ծ են գործի մէջ, իրենցմէ ստորադաս եղողներուն եւ իրենց ազգականներուն հանդէպ մարդոց վերաբերմունքին մէջ։
23 Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան որ մենք պէտք է գործադրենք Աստուծոյ Խօսքէն ի՛նչ որ կը սորվինք, պաշտամունքի կերպ մը ունենալով, որ Քրիստոնէութեան իրական զօրութիւնը ցոյց կու տայ։ Իրենց պաշտամունքին կերպը անզօր եղողներուն մասին, Պօղոս կ’ըսէ. «Դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր»։ Ասիկա յստակ պատուէր մըն է, որմէ կրնանք իրական օգուտներ քաղել։
24. Յայտնութիւն 18–րդ գլուխի քաջալերութիւնը ինչպէ՞ս կը զուգադիպի Պօղոսի խրատին։
24 Ի՞նչ կերպով։ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը կը նկարագրէ այլաբանական կին մը, պոռնիկ մը, որ Մեծն Բաբելոն կը կոչուի։ Իրողութիւնը ցոյց կու տայ որ Մեծն Բաբելոնը կը ներկայացնէ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը որու Եհովա Աստուած քննած է ու մերժած է զայն։ Բայց մենք ստիպուած չենք անոր մէջ ըլլալ։ Յայտնութիւն 18։4–ը մեզ կը յորդորէ. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէսզի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք»։ Պօղոս ալ նոյն պատգամը չտուա՞ւ, ըսելով՝ «Դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր»։ Աստուածաշունչի այս պատուէրին ալ ենթարկուելով, կրնանք յաւելեալ կերպով օգտուիլ աստուածային ուսուցումէն։
25, 26. Ի՞նչ ապագայ վերապահուած է անոնց որոնք Եհովա Աստուծմէ եկած խրատները կ’ընդունին եւ կը գործադրեն։
25 Աստուած շուտով պիտի միջամտէ մարդոց գործերուն մէջ։ Ան բոլոր սուտ կրօնքները մէջտեղէն պիտի վերցնէ, ինչպէս նաեւ՝ ներկայ չար դրութեան մնացեալ մասերը։ Ասիկա ուրախութեան պատճառ մը պիտի ըլլայ, ինչպէս Յայտնութիւն 19։1, 2–ը ցոյց կու տայ։ Երկրի վրայ անոնք, որոնք կ’ընդունին եւ կը հետեւին Աստուծոյ ուսուցումներուն, պիտի պահպանուին եւ պիտի կարենան շարունակել իր ուսուցումներուն հետեւիլ, երբ այս դժուարին ժամանակներուն արգելքները վերցուին։—Յայտնութիւն 21։3, 4
26 Այդ վերահաստատուած երկրային Դրախտին մէջ ապրիլը վստահաբար մեր երեւակայածէն աւելի հաճելի պիտի ըլլայ։ Սակայն Աստուած կը խոստանայ որ անիկա կարելի պիտի ըլլայ մեզի համար եւ կրնանք անվարան վստահիլ իրեն։ Ուստի, ան իր օգտակար ուսուցումը ընդունելու եւ անոր հետեւելու բազմաթիւ պատճառներ կու տայ։ Ե՞րբ։ Հիմա, այս դժուարին ժամանակներուն, հետեւինք անոր խրատներուն, նաեւ շարունակենք ասիկա ընել իր խոստացած Դրախտին մէջ։—Միքիայ 4։3, 4
Խոկալու Կէտեր
◻ Եհովայի ծառաները հարստութեան մասին իր խրատէն ինչպէ՞ս օգտուած են։
◻ Ժէզուիթ պարբերաթերթ մը Աստուծոյ ծառաներուն վրայ իր Խօսքին ունեցած ի՞նչ լաւ արդիւնքին մասին վկայեց։
◻ Զամպիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի՞նչ յայտնեց աստուածային խրատները գործադրող ընտանիքներուն քաղած օգուտներուն մասին։
◻ Աստուածային ուսուցումը ի՞նչ պաշտպանութիւն կը հայթայթէ երիտասարդներուն։
[Շրջանակ՝ էջ 27]
Ի՜ՆՉ ԲԱՐՁՐ ԳԻՆ ՄԸ
«Պատանիները ԱԴԱ–է վարակուելու մեծ վտանգի մէջ են, քանի որ անոնք կ’ուզեն սեռը եւ թմրեցուցիչները փորձել, վտանգը աչք առնել եւ հիմա վայելել. քանի որ անոնք իրենք զիրենք անմահ կը կարծեն եւ հեղինակութիւններու կ’ընդդիմանան», կ’ըսէ ԱԴԱ–ի եւ պատանիներու մասին խորհրդաժողովին ներկայացուած տեղեկագրութիւն մը։—New York Daily News, Կիրակի, 7 Մարտ 1993
«Սեռային գետնի վրայ գործունեայ եղող պատանուհիները ցանկին վրայ ԱԴԱ–ի համաճարակին ‘յաջորդ զոհեր’ն են, եզրակացուց Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Ասիոյ Հարաւ–Արեւելքի մէջ Միացեալ Ազգերու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը»։—The New York Times, Ուրբաթ 30 Յուլիս 1993
[Նկարներ՝ էջ 28,29]
Աստուածաշունչի խրատները օգտակար են Եհովայի Վկաներուն ժողովքին եւ տան մէջ