Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 2/1 էջ 11-16
  • Միացած՝ սիրոյ կատարեալ կապով

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Միացած՝ սիրոյ կատարեալ կապով
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ներդաշնակութիւնը Գիտութեան Կապուած Է
  • Անուշադրութիւնը Կրնայ Ներդաշնակութեան Վնասել
  • Համոզիչ Առարկութիւններէ Զգուշանանք
  • Եհովա կրնայ մեզ ուժովցնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • ‘Անոր մէջ պահուած’ գանձեր գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Ուրիշներուն օգնեցէք որ Եհովային արժանի կերպով քալեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Մարդկութիւնը կարիքը ունի Աստուծոյ գիտութեան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 2/1 էջ 11-16

Միացած՝ սիրոյ կատարեալ կապով

«Սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած ըլլան»։—ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 2։2, ՆԱ

1, 2. Պառակտիչ ի՞նչ ազդեցութիւն զգալի է մասնաւորաբար ներկայիս։

ԱԿԱ՜ՆՋ դրէք. Համայն երկնքին մէջ բարձր ձայն մը կ’արձագանգէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ (Յայտնութիւն 12։12) Տարուէ տարի, այդ պատգամը աւելի չարագուշակ կը դառնայ երկրի բնակիչներուն համար։

2 Եհովայի մեծ ընդդիմացողը սկիզբէն ի վեր ճանչցուած է որպէս հակառակորդ (Սատանայ) եւ զրպարտիչ (Բանսարկու)։ Սակայն այս խաբողը հիմա ուրիշ սպառնացող դեր մը կը խաղայ. զայրացած աստուծոյ մը դերը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, 1914–ին երկնքի մէջ սկսած պատերազմին ընթացքին, ան Միքայէլի ու իր հրեշտակներուն կողմէ երկնքէն դուրս ձգուած է։ (Յայտնութիւն 12։7–9) Բանսարկուն գիտէ որ բոլոր մարդիկը Աստուծոյ պաշտամունքէն հեռացնելու իր յաւակնութիւնները արդարացնելու համար միայն քիչ ժամանակ ունի։ (Յոբ 1։11. 2։4, 5) Անել կացութեան մատնուած ըլլալով, ան եւ իր դեւերը կատղած մեղուներու երամի մը պէս են, որոնք իրենց կատաղութիւնը մարդկութեան անհանդարտ զանգուածներուն վրայ կը թափեն։—Եսայեայ 57։20

3. Սատանայի նուաստացումը ի՞նչ ազդեցութիւններ ունեցած է մեր օրերուն։

3 Մարդկային աչքերուն անտեսանելի այս իրադարձութիւնները կը բացատրեն թէ հիմա ի՛նչու բարոյական ընդհանուր քայքայում մը կայ ամբողջ մարդկութեան մէջ։ Անոնք նաեւ կը բացատրեն իրարու հետ համերաշխութեամբ ապրելու անկարող եւ բաժան բաժան եղող ազգերը հաշտեցնելու համար մարդոց խելացնոր ջանքերը։ Տոհմային ու ազգագրական խումբեր վայրագօրէն իրար վրայ կը յարձակին, միլիոնաւորներ տնազուրկ եւ փախստական դարձնելով։ Զարմանալի չէ որ անօրէնութիւնը աննախընթաց համեմատութեամբ կ’աւելնայ։ Ինչպէս Յիսուս գուշակեց, ‘շատերուն սէրը կը պաղի’։ Ո՛ւր որ նայինք, ներկայ անհանդարտ մարդկութիւնը կը յատկորոշուի անտարբերութիւնով ու սիրոյ պակասով։—Մատթէոս 24։12

4. Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ մասնաւորաբար վտանգի մէջ են։

4 Աշխարհի վիճակին ի տես, իր հետեւորդներուն ի նպաստ Յիսուսի մատուցած աղօթքը աւելի խոր իմաստ մը կը ստանայ. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն [աշխարհի մէկ մասը չեն, (ՆԱ)], ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։15, 16) Ներկայիս, «չար»ը մասնաւորաբար իր բարկութիւնը կը թափէ անոնց վրայ, «որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը [պահեն] ու Յիսուսին վկայութիւնը [ունին]»։ (Յայտնութիւն 12։17) Եթէ Եհովա պահպանիչ եւ սիրալիր հոգածութիւն չհայթայթէր, իր հաւատարիմ Վկաները բնաջնջուած պիտի ըլլային։ Մեր կեանքը կախեալ է մեր ապահովութեանը եւ մեր հոգեւոր բարօրութեանը համար Աստուծոյ ըրած բոլոր կարգադրութիւններէն օգուտ քաղելէն։ Այդ կարգադրութիւնները կը պարփակեն Քրիստոսի միջոցով Իր զօրութեան ներգործութեանը համեմատ մեր ջանք թափելը, ինչպէս առաքեալը կը յորդորէ մեզ Կողոսացիս 1։29–ին մէջ։

5, 6. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ կը զգար Կողոսացի Քրիստոնեաներուն հանդէպ, եւ 1995–ի տարուան համարը ինչո՞ւ տեղին է։

5 Թէեւ Պօղոս հաւանաբար իր Կողոսացի եղբայրները երես առ երես բնաւ չէր տեսած, բայց ան կը սիրէր զանոնք։ Ան անոնց ըսաւ. «Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս մեծ անձկութիւն ունիմ ձեզի ... համար»։ (Կողոսացիս 2։1) Քանի որ Յիսուսի հետեւորդները աշխարհի մէկ մասը չեն, «չար»ը պիտի շարունակէր փորձել եղբայրներուն միութիւնը բեկանել անոնց մէջ աշխարհի հոգին ցանելով։ Կողոսայէն Եպափրասի բերած լուրերը ցոյց կու տային որ ասիկա որոշ չափով տեղի ունեցած էր։

6 Իր Քրիստոնեայ եղբայրներուն հանդէպ Պօղոսի գլխաւոր հետաքրքրութիւններէն մէկը կարելի է ամփոփել սա խօսքերով. ‘Սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած եղէք’։ Իր խօսքերը մասնաւոր նշանակութիւն մը ունին այսօր, անմիաբանութեամբ եւ սիրոյ պակասով լեցուն աշխարհի մը մէջ։ Եթէ Պօղոսի խրատը սրտանց ընդունինք, Եհովայի հոգածութենէն օգուտ պիտի քաղենք։ Մեր կեանքին մէջ իր հոգիին զօրութիւնն ալ պիտի զգանք, մեզի օգնելով որ աշխարհի ճնշումներուն ընդդիմանանք։ Ի՜նչ իմաստուն խրատ մըն է ասիկա։ Հետեւաբար, Կողոսացիս 2։2–ը 1995–ի տարուան համարը պիտի ըլլայ։

7. Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն միջեւ ի՞նչ ներդաշնակութիւն պէտք է տիրէ։

7 Նախապէս Կորնթացիներուն գրած նամակի մը մէջ, առաքեալը մարդկային մարմինը գործածեց որպէս օրինակ։ Ան գրեց որ օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքին մէջ «երկպառակութիւն» պէտք չէր ըլլար, այլ անոր «անդամները միեւնոյն խնամքը [պէտք էր ունենային] իրարու վրայ»։ (Ա. Կորնթացիս 12։12, 24, 25) Ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը։ Մեր անդամները իրարմէ կախեալ են, իւրաքանչիւրը մարմնին մնացեալ մասին կապուած ըլլալով։ Նոյն սկզբունքը կիրարկելի է մեր եղբայրներուն համաշխարհային ընկերակցութեան որ բաղկացած է օծեալներէ եւ երկրային դրախտի մը մէջ ապրելու յոյսով միլիոնաւորներէ։ Մեր Քրիստոնեայ հաւատակիցներէն՝ այս մարմինէն՝ բնաւ չզատուինք անկախութեամբ ապրելու համար։ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ ներգործելով, Աստուծոյ հոգին մեծ չափով մեր վրայ կը թափուի, երբ մեր եղբայրներուն հետ կ’ընկերակցինք։

Ներդաշնակութիւնը Գիտութեան Կապուած Է

8, 9. (ա) Ժողովքին մէջ ներդաշնակութեան անհատապէս նպաստելու համար, կարեւոր ի՞նչ բանի կարիքը ունինք։ (բ) Քրիստոսի մասին ինչպէ՞ս գիտութիւն ձեռք ձգած էք։

8 Պօղոսի շեշտած գլխաւոր կէտերէն մէկն էր թէ Քրիստոնէական ներդաշնակութիւնը գիտութեան կապուած է, մասնաւորաբար Քրիստոսի վերաբերեալ գիտութեան։ Պօղոս գրեց որ Քրիստոնեաները ‘սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած պէտք է ըլլան’ «ու կատարեալ իմաստութեան բոլոր ճոխութեանը հասնին, այսինքն Հօր Աստուծոյ եւ Քրիստոսին խորհուրդին [սրբազան գաղտնիքին (ՆԱ)] գիտութեանը»։ (Կողոսացիս 2։2) Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել սկսելնուս ի վեր, մենք գիտութիւն՝ իրողութիւններ՝ ստացած ենք։ Երբ հասկացողութիւն ձեռք կը ձգենք թէ այս իրողութիւններէն շատեր ի՛նչպէս Աստուծոյ նպատակին կը ծառայեն, այդ պարագային կը հասկնանք Յիսուսի ճակատագրական դերը։ «[Անոր] մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են»։—Կողոսացիս 2։3

9 Աստուծոյ նպատակին մէջ Յիսուսի եւ իր խաղցած դերին մասին նոյն զգացումը ունի՞ք։ Քրիստոնեայ Աշխարհի պատկանողներէն շատեր դիւրութեամբ կը յիշեն Յիսուսը, դաւանելով որ զինք ընդունած են եւ որ փրկուած են։ Բայց անոնք իրապէս կը ճանչնա՞ն զինք։ Կը կասկածինք, քանի որ անոնցմէ շատեր Երրորդութեան՝ սուրբ գրային չեղող վարդապետութեան՝ կը հաւատան։ Դուք ո՛չ միայն այս մասին ճշմարտութիւնը գիտէք, այլ նաեւ բաւական հաստատ գիտութիւն ունիք Յիսուսի ըսածին ու ըրածին մասին։ Միլիոնաւոր անհատներ այս մասին գիտութիւն ստացած են՝ Մեծագոյն Մարդը որ Ցարդ Ապրած Է (Անգլ.) խորագրով գրքին տեղեկութիւնները ուսումնասիրելով։ Սակայն, մենք պէտք է շարունակենք Յիսուսի եւ իր գործելակերպերուն մասին մեր գիտութիւնը խորացնել։

10. Պահուած գիտութիւնը ի՞նչ կերպով մատչելի է մեզի։

10 Երբ կ’ըսուի որ Յիսուսին «մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են», ասիկա չի նշանակեր որ այս գիտութիւնը մեր հասկացողութենէն վեր է։ Ընդհակառակը, անիկա բաց հանքի մը նման է։ Պարտաւոր չենք հսկայ տարածութեան մը վրայ փնտռել, մենք մեզի հարց տալով թէ փորելը ո՛ւրկէ սկսինք։ Մենք արդէն գիտենք. իրական գիտութիւնը կը սկսի այն ինչ որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Երբ Եհովայի նպատակին իրագործման մէջ Յիսուսի դերը աւելի լման կերպով գնահատենք, իրական իմաստութեան եւ ճշգրիտ գիտութեան գանձերը ձեռք կը ձգենք։ Ուստի, միմիայն աւելի խորը փորելու կարիքը ունինք, որպէսզի մեր արդէն փորած հողէն մատչելի յաւելեալ գոհարներ կամ թանկարժէք բաներ պեղենք։—Առակաց 2։1–5

11. Յիսուսի կեցուածքին վրայ խոկալով, ինչպէ՞ս կրնանք մեր գիտութիւնն ու իմաստութիւնը աւելցնել (իր աշակերտներուն ոտքերը լուալու օրինակով, կամ ուրիշ օրինակներով բացատրեցէք)։

11 Օրինակի համար, թերեւս գիտենք որ Յիսուս իր առաքեալներուն ոտքերը լուաց։ (Յովհաննու 13։1–20) Սակայն, արդեօք իր սորվեցուցած դասին եւ իր ցուցաբերած մտավիճակին վրայ խոկացա՞ծ ենք։ Այսպէս ընելով, իմաստութեան գանձ մը ձեռք պիտի ձգենք, որ մեզի պիտի օգնէ, այո, պիտի մղէ մեզ որ իր բնաւորութեամբ երկար ատեն մեզ ջղայնացնող եղբօր մը կամ քրոջ մը հանդէպ մեր վերաբերմունքը վերաճշդենք։ Կամ յաջորդ անգամ երբոր մեզի շատ հաճելի չեղող նշանակում մը տրուի, թերեւս տարբեր կերպով հակազդենք, անգամ մը որ Յովհաննու 13։14, 15–ի իմաստին թափանցենք։ Այս կերպով է որ գիտութիւնն ու իմաստութիւնը կ’ազդեն մեզի։ Երբ մենք, Քրիստոսի մասին յաւելեալ գիտութիւն ստանալով, աւելի սերտօրէն հետեւինք իր օրինակին, ասիկա ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ուրիշներուն վրայ։ Հաւանական է որ հօտը ‘սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միանայa’։

Անուշադրութիւնը Կրնայ Ներդաշնակութեան Վնասել

12. Ո՞ր գիտութենէն պէտք է զգուշանանք։

12 Եթէ ճշգրիտ գիտութիւնով աւելի դիւրին է ‘սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած ըլլալ’, բայց «սուտանուն գիտութեան» հետեւանքները ի՞նչ են։ Ճիշդ հակառակը. հակաճառութիւններ, անհամաձայնութիւն եւ հաւատքէն մոլորում։ Հետեւաբար, այսպիսի սուտանուն գիտութիւններէ պէտք է զգուշանանք, ինչպէս Պօղոս զգուշացուց Տիմոթէոսը։ (Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21) Պօղոս նաեւ գրեց. «Ասիկա կ’ըսեմ, որ չըլլայ թէ մէկը սուտ խօսքերով [համոզիչ առարկութիւններով (ՆԱ)] ձեզ մոլորեցնէ։ Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս»։—Կողոսացիս 2։4, 8

13, 14. (ա) Գիտութեան հարցով, Կողոսացի եղբայրները ինչո՞ւ վտանքի մէջ էին։ (բ) Ոմանք ներկայիս ինչո՞ւ կրնան խորհիլ որ իրենք այս վտանգին մէջ չեն։

13 Կողոսացի Քրիստոնեաները իրապէս սուտանուն գիտութեան անզգալի ազդեցութեամբ շրջապատուած էին։ Կողոսայի մէջ եւ շրջակայքը, շատեր շատ բարձր կը դասէին Յունական փիլիսոփայութիւնները։ Կային նաեւ Յուդայականներ որոնք կ’ուզէին որ Քրիստոնեաները Մովսիսական Օրէնքը, զոր օրինակ, անոր տօները եւ ուտելիքի պահանջները, պահէին։ (Կողոսացիս 2։11, 16, 17) Պօղոս հակառակ չէր որ իր եղբայրները ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգէին, բայց անոնք պէտք էր զգուշանային թէ ոեւէ մէկը զիրենք գերի չդարձնէր կեանքի ու արարքներու նկատմամբ մարդկային պարզ աշխարհահայեաց մը որդեգրել տալու համար համոզիչ առարկութիւններ գործածելով։ Արդ կրնաք հասկնալ որ, եթէ ժողովքին մէջ ոմանք թոյլ տային որ իրենց մտածելակերպը եւ որոշումները կեանքի հանդէպ Սուրբ Գրութիւններուն հակառակ այսպիսի գաղափարներով եւ մերձեցումներով առաջնորդուին, անիկա ժողովքի անդամներուն միջեւ ներդաշնակութեան ու սիրոյ հակառակ պիտի գործէր։

14 Բայց կրնանք խորհիլ. ‘Այո, կը տեսնեմ Կողոսացիներուն դիմագրաւած վտանգը, բայց ես Յունական գաղափարներէ ազդուելու վտանգի մէջ չեմ, ինչպէս՝ հոգիի անմահութիւնը կամ Երրորդութիւնը. ոչ ալ սուտ կրօնքին, որմէ դուրս ելած եմ, հեթանոսական տօներով հրապուրուելու վտանգ կը տեսնեմ’։ Շատ լաւ։ Լաւ է Յիսուսի միջոցով յայտնուած եւ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ մատչելի եղող հիմնական ճշմարտութեան գերակայ արժէքին վճռակամօրէն համոզուած ըլլալ։ Սակայն, կրնա՞յ ըլլալ որ ներկայիս տիրական եղող ուրիշ փիլիսոփայութիւններէ կամ մարդկային տեսակէտներէ ազդուելու վտանգի մէջ ենք։

15, 16. Կեանքի նկատմամբ ի՞նչ մերձեցում կրնայ Քրիստոնեայի մը մտածելակերպին ազդել։

15 Հետեւեալին նման կեցուածք մը շատոնց գոյութիւն ունի. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասնզի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ»։ (Բ. Պետրոս 3։4, 5) Այդ զգացումը կարելի է ուրիշ բառերով արտայայտել, բայց միտքը նոյնն է։ Օրինակի համար, անհատ մը կրնայ խորհիլ. ‘Երբ տասնեակ տարիներ առաջ ես ճշմարտութիւնը սորվեցայ, կ’ըսէինք. «Վերջը դրան սեմին էր»։ Բայց անիկա տակաւին չէ եկած եւ ո՞վ գիտէ ե՛րբ պիտի գայ’։ Ճիշդ է որ ոեւէ մէկը չի գիտեր թէ վերջը ե՛րբ պիտի գայ։ Բայց նկատի առէք Յիսուսի յորդորած տեսակէտը. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք ..., վասնզի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է»։—Մարկոս 13։32, 33

16 Որքա՜ն վտանգաւոր պիտի ըլլար որդեգրել այն տեսակէտը թէ քանի որ չենք գիտեր վերջին թուականը, պէտք է ծրագրենք լեցուն եւ «բնական» կեանք մը վարել։ Այդ մերձեցումը կրնայ հետեւեալ պատճառաբանութեամբ արտացոլացուիլ. ‘Լաւ պիտի ընէի թոյլ տալով որ ես (կամ զաւակներս) լաւ եկամուտ խոստացող պատուաբեր ասպարէզով մը հետաքրքրուիմ եւ կարենամ հանգստաւէտ կեանք մը վարել։ Անշո՛ւշտ, Քրիստոնէական ժողովներու պիտի յաճախեմ եւ որոշ չափով քարոզչութեան պիտի մասնակցիմ, բայց շատ ջանք թափելու եւ մեծ զոհողութիւններ ընելու պատճառ չունիմ’։—Մատթէոս 24։38–42

17, 18. Յիսուս եւ առաքեալները ի՞նչ տեսակէտ որդեգրել յորդորեցին մեզ։

17 Կարելի չէ ժխտել սակայն, որ Յիսուս եւ իր առաքեալները յորդորեցին մեզ որ բարի լուրը քարոզելու, ջանք թափելու եւ զոհողութիւններ ընելու յօժար ըլլալու ստիպողականութեան զգացումով վարել մեր կեանքը։ Պօղոս գրեց. «Ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին ... եւ անոնք որ ծախու կ’առնեն՝ որպէս թէ բան մը չունին եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր. վասնզի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի»։—Ա. Կորնթացիս 7։29–31. Ղուկաս 13։23, 24. Փիլիպպեցիս 3։13–15. Կողոսացիս 1։29. Ա. Տիմոթէոս 4։10. Բ. Տիմոթէոս 2։4. Յայտնութիւն 22։20

18 Փոխանակ թելադրելու թէ հանգստաւէտ կեանք մը մեր նպատակակէտը դարձնենք, Պօղոս ներշնչման ներքեւ գրեց. «Վասնզի բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք։ ... Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար եւ շատ վկաներու առջեւ դաւանեցար բարի դաւանութիւնը [հանրային բարի յայտարարութիւնը (ՆԱ)]»։—Ա. Տիմոթէոս 6։7–12

19. Ժողովք մը ինչպէ՞ս կ’ազդուի, երբ անոր անդամները կեանքի նկատմամբ Յիսուսի յորդորած տեսակէտը կ’որդեգրեն։

19 ‘Հանրային բարի յայտարարութիւնը դաւանել’ու մէջ անկեղծօրէն ջանք թափող նախանձախնդիր Քրիստոնեաներէ բաղկացած ժողովքին մէջ, ներդաշնակութիւնը բնականաբար կը տիրէ։ Այս Քրիստոնեաները սա կեցուածքին անձնատուր չեն ըլլար. «Շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր»։ (Ղուկաս 12։19) Ընդհակառակը, անոնք նոյն ջանքին մէջ միացած են, զոհողութիւններ ընելու յօժար, որպէսզի կարելի եղած չափով շատ մասնակցութիւն բերեն այս անկրկնելի գործունէութեան մէջ։—Բաղդատել Փիլիպպեցիս 1։27, 28։

Համոզիչ Առարկութիւններէ Զգուշանանք

20. Ուրիշ ո՞ր մարզին մէջ Քրիստոնեաները կրնան մոլորիլ։

20 Անշուշտ ուրիշ կերպեր ալ կան, որոնցմով Քրիստոնեաները կրնան «համոզիչ առարկութիւններով», «փուճ խաբէութիւններով» մոլորիլ, որոնք արգելք կը հանդիսանան ‘սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած ըլլալ’ուն։ Գերմանիոյ Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղը գրեց. «Պարագայ մը հակաճառութեան մեծ դուռ բացաւ շատ մը ժողովքներու մէջ, հրատարակիչներ եւ նոյնիսկ երէցներ եղբօր մը կողմէ կատարուած դարմանումի կերպերուն շուրջ դէմ–ընդդէմ կողմ բռնելով»։ Անոնք կ’աւելցնէին. «Գործածուած կերպերուն լայն պէսպիսութեան եւ հիւանդներու հսկայ թիւին պատճառաւ, ասիկա հակաճառութիւններու դուռ բացող մարզ մըն է եւ, եթէ բուժումի կերպերը ոգեհարցական ենթերանգ ունին, կրնայ վտանգաւոր ըլլալ»։—Եփեսացիս 6։12

21. Այսօր Քրիստոնեայի մը ուշադրութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ շեղիլ։

21 Քրիստոնեաները կ’ուզեն ողջ ու առողջ մնալ, որպէսզի կարենան Աստուած պաշտել։ Այսուհանդերձ, այս դրութեան մէջ, մենք անկատարութենէն առթած ծերութեան ու հիւանդութեան ենթակայ ենք։ Փոխանակ առողջապահական հարցերու վրայ շեշտ դնելու, մեզի եւ ուրիշներուն համար իրական լուծումին վրայ պէտք է կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը։ (Ա. Տիմոթէոս 4։16) Քրիստոս այդ լուծումին առանցքը կը կազմէ, ինչպէս որ ան Կողոսացիներուն տուած Պօղոսի խրատին առանցքը կը կազմէր։ Բայց չմոռնանք Պօղոսի ըսածը թէ ոմանք «համոզիչ առարկութիւններով» մեր ուշադրութիւնը Քրիստոսէն պիտի շեղէին, թերեւս զայն դէպի ախտաճանաչման կերպերու, դարմանումներու, կամ սննդականոններու դարձնելով։—Կողոսացիս 2։2–4

22. Ախտաճանաչման եւ դարմանումի պէսպիսի կերպերու նկատմամբ ի՞նչ հաւասարակշռուած կեցուածք պէտք է ունենանք։

22 Ամբողջ երկրի վրայ մարդիկ շատ տեսակի դարմանումներու եւ ախտաճանաչման միջոցներու մասին ծանուցումներով եւ վկայութիւններով պատուած են։ Անոնցմէ ոմանք լայնօրէն գործածուած եւ ընդունուած են. ուրիշներ լայնօրէն քննադատուած կամ երկբայելի նկատուած են։b Իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատու է որոշելու թէ ի՛նչ պիտի ընէ իր առողջութեանը համար։ Սակայն Կողոսացիս 2։4, 8–ին մէջ գտնուած Պօղոսի խրատը ընդունողները «համոզիչ առարկութիւններով» կամ «փուճ խաբէութիւններով» մոլորուելէ պիտի պաշտպանուին, որոնցմով կը մոլորին Թագաւորութեան յոյսը չունեցող եւ յուսահատօրէն ամոքում փնտռող շատ մը անհատներ։ Նոյնիսկ երբ Քրիստոնեայ մը համոզուած է թէ որոշ դարմանում մը իրեն լաւ կու գայ, ան պէտք չէ քաջալերէ զայն Քրիստոնեայ եղբայրներու մէջ, քանի որ անիկա կրնայ շատ խօսակցութիւններու ու հակաճառութիւններու նիւթ դառնալ։ Այս կերպով, ան ցոյց պիտի տայ որ ինք մեծապէս կը փափաքի որ ժողովքը ներդաշնակօրէն միացած մնայ։

23. Մենք ինչո՞ւ մասնաւորաբար ուրախանալու պատճառներ ունինք։

23 Պօղոս շեշտեց որ Քրիստոնէական ներդաշնակութիւնը իրական ուրախութեան հիմ մըն է։ Իր օրերուն, ժողովքներու թիւը ներկայ ժողովքներուն թիւէն նուազ էր։ Այսուհանդերձ, ան կրցաւ Կողոսացիներուն գրել. «Թէպէտ մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ձեզի հետ եմ եւ կ’ուրախանամ երբ ձեր բարի վարքը տեսնեմ ու ձեր հաւատքին հաստատութիւնը՝ Քրիստոսին վրայ»։ (Կողոսացիս 2։5. տես նաեւ Կողոսացիս 3։14–ը։) Մեր ուրախանալուն պատճառները աւելի շատ են։ Մենք մեր ժողովքին մէջ իսկ կրնանք ներդաշնակութիւնը, բարի վարքը եւ հաւատքի հաստատութիւնը տեսնել, որոնք ամբողջ երկրի վրայ Աստուծոյ ժողովուրդին ընդհանուր վիճակը կ’արտացոլացնեն։ Ուստի, ներկայ դրութեան մնացած քիչ ժամանակին մէջ, ամէն մէկս վճռենք «սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած» ըլլալ։

[Ստորանիշ էջ 14]

a Թէեւ կարելիութիւնները գրեթէ անվերջ են, սակայն նայեցէք թէ հետեւեալ օրինակներէն Յիսուսի մասին անձնապէս ի՛նչ կրնաք սորվիլ, ինչ որ կրնայ ձեր ժողովքին մէջ ներդաշնակութեան նպաստել. Մատթէոս 12։1–8. Ղուկաս 2։51, 52. 9։51–55. 10։20. Եբրայեցիս 10։5–9։

[Ստորանիշ էջ 16]

b Տես Անգլերէնով Դիտարան Յունիս 15, 1982–ի թիւը, էջ 22–9։

Նկատի Առի՞ք

◻ Եհովայի Վկաներու 1995–ի տարուան համարը ի՞նչ է։

◻ Կողոսացի Քրիստոնեաները ինչո՞ւ սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած ըլլալու կարիքը ունէին, իսկ մենք ինչո՞ւ ասոր կարիքը ունինք ներկայիս։

◻ Ներկայիս Քրիստոնեաները կեանքի նկատմամբ անզգալի ո՞ր մերձեցումէն պէտք է զգուշանան։

◻ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ արթուն պէտք է ըլլան, որ առողջապահութեան եւ ախտաճանաչման միջոցներու նկատմամբ համոզիչ առարկութիւններով չմոլորին։

[Նկարներ՝ էջ 15]

Ապագայի համար ձեր ծրագիրները Յիսուսի ներկայութեան վրայ կը կեդրոնանա՞ն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել