Կեանք եւ ծառայութիւն ժողովի տետր–ին աղբիւրները
ՅՈՒԼԻՍ 1-7
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԿՈՂՈՍԱՑԻՍ 1-4
«Հինը վրայէդ հանէ եւ նորը հագուէ»
(Կողոսացիս 3։5-9) Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է. 6 որոնց համար Աստուծոյ բարկութիւնը անհնազանդութեան որդիներուն վրայ կու գայ. 7 որոնց մէջ ատեն մը դո՛ւք ալ կը քալէիք, երբ անոնց մէջ կ’ապրէիք։ 8 Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը, հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։ 9 Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք։
Աստուծոյ հոգին ստացիր եւ ոչ թէ աշխարհի հոգին
12 Անձնաւորութիւնս ո՞ր հոգին կ’արտացոլացնէ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։8-10, 13)։ Աշխարհի հոգին մարմնի գործերը յառաջ կը մղէ (Գաղ. 5։19-21)։ Իսկական քննութիւնը՝ թէ ո՛ր հոգին մեզի կ’ազդէ՝ տեղի կ’ունենայ ոչ թէ երբ ամէն բան լաւ կ’ընթանայ, այլ՝ երբ իրավիճակները լաւ չեն, ինչպէս որ եթէ քրիստոնեայ եղբայր մը կամ քոյր մը մեզ անտեսէ, ընդվզեցնէ կամ նոյնիսկ մեզի դէմ մեղանչէ։ Աւելին, մեր տան մէջ առանձին եղած ատենը յայտնի կ’ըլլայ, թէ ո՛ր հոգին կը տիրէ։ Թերեւս որոշ ինքնաքննութիւն մը տեղին ըլլայ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Անցած վեց ամիսներու ընթացքին, անձնաւորութիւնս աւելի քրիստոսանման դարձե՞ր է, թէ ոչ վերադարձեր եմ խօսելակերպի եւ վարքի որոշ գէշ սովորութիւններու’։
13 Աստուծոյ հոգին կրնայ մեզի օգնել, որ «հին մարդը իր գործերովը» մեր վրայէն հանենք, եւ հագնինք «նորը»։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ աւելի սիրառատ ու քաղցր ըլլանք։ Հակամէտ պիտի ըլլանք ազատօրէն իրարու ներելու, նոյնիսկ եթէ թուի որ դժգոհելու արդարացի պատճառ կայ։ Նկատուած անարդարութիւններուն այլեւս պիտի չհակազդենք ‘դառնութեամբ եւ բարկութեամբ ու սրտմտութեամբ եւ աղաղակով ու հայհոյութեամբ’։ Հապա ջանք պիտի թափենք «գթած» ըլլալու (Եփ. 4։31, 32)։
(Կողոսացիս 3։10-14) Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս 11 ուր Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, Բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ. հապա Քրիստոս է ամէնը՝ ամէն բանի մէջ։ 12 Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, 13 իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ 14 Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։
Փոխակերպուա՞ծ ես
18 Եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզ փոխակերպէ, պէտք է զայն կարդալէ եւ անկէ սորվելէ աւելին ընենք։ Շատեր Աստուածաշունչը կը կարդան եւ լաւատեղեակ են անոր բովանդակութեան։ Թերեւս այսպիսիներու հանդիպած ես ծառայութեան ընթացքին։ Ոմանք նոյնիսկ կրնան Աստուածաշունչի համարներ գոց ըսել։ Բայց ասիկա յաճախ իրենց մտածելակերպը եւ կենցաղակերպը չի փոխեր։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը անհատին ազդէ եւ փոխակերպէ, ան պէտք է թոյլ տայ որ իր սրտին հասնի։ Ուստի պէտք է մեր սորվածներուն մասին խորհրդածենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Համոզուա՞ծ եմ որ այս կէտը կրօնական ուսուցումէ մը աւելին է։ Ապացոյցներ ունի՞մ թէ ասիկա է ճշմարտութիւնը։ Սորվածներս կը կիրարկե՞մ, թէ ոչ միայն զանոնք մարդոց կը քարոզեմ։ Կը հաւատա՞մ որ սորվածներս Եհովայէն են, կարծես ան անձամբ ինծի կը խօսի’։ Այսպիսի հարցումներու մասին մտածելը եւ խոկալը կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովայի աւելի մօտենանք։ Երբ մեր սորվածները մեր սրտին դպչին, պիտի մղուինք մեր կեանքին մէջ այնպիսի փոփոխութիւններ մտցնելու, որոնք Եհովան պիտի ուրախացնեն (Առ. 4։23. Ղուկ. 6։45)։
19 Աստուծոյ Խօսքը կանոնաւորաբար կարդալը եւ անոր վրայ խոկալը, մեզ պիտի մղէ որ շարունակենք Պօղոսի ըսածը ընել. «Հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած» (Կող. 3։9, 10)։ Եթէ իրապէս հասկնանք Աստուածաշունչին ըսածը եւ զայն կիրարկենք, պիտի մղուինք նոր անձնաւորութիւնը հագուելու, ինչ որ մեզ Սատանային որոգայթներէն կրնայ պաշտպանել։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Կողոսացիս 1։13, 14) Որ մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց։ 14 Որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն։
յա 136 ¶6-7
Աստուծոյ կառավարութիւնը կը սկսի իր իշխանութիւնը
6 Կարգ մը անհատներ կ’ըսեն թէ Թագաւորութիւնը սկսաւ իր իշխանութիւնը այն տարին երբ Յիսուս երկինք վերադարձաւ։ Անոնք կ’ըսեն որ Քրիստոս սկսաւ իշխել երբ մեր հասարակ դարաշրջան 33–ի Պէնտէկոստէին, Հրէական տօնին օրը, ան սուրբ հոգին թափեց իր հետեւորդներուն վրայ։ (Գործք 2։1-4) Բայց Սատանայի ըմբոստութեան պատճառով երեւան եկած բոլոր խնդիրները վերջացնելու համար, կարգադրուած Թագաւորութիւնը կամ կառավարութիւնը այն ատեն չսկսաւ իր իշխանութիւնը։ Ոչ մէկ ապացոյց կայ թէ «արու զաւակ»ը՝ որ Քրիստոսի տրուած Աստուծոյ կառավարութիւնն է, այն ատեն ծնած էր եւ իր իշխանութիւնը՝ սկսած։ (Յայտնութիւն 12։1-10) Լաւ, մեր հասարակ դարաշրջան 33–ին Յիսուս որեւէ կերպով Թագաւորութիւն մը ունէ՞ր։
7 Այո, Յիսուս այն ատեն սկսաւ իշխել իր հետեւորդներուն ժողովքին վրայ, որոնք ժամանակի ընթացքին, երկինքի մէջ իրեն պիտի միանային։ Ասոր համար, անոնց երկրի վրայ եղած ատեն Աստուածաշունչը անոնց մասին կը խօսի որպէս «[Աստուծոյ] սիրելի Որդւոյն Թագաւորութեան»ը մէջ առնուածներ։ (Կողոսացիս 1։13) Բայց երկնային կեանքի յոյս ունեցող Քրիստոնեաներու վրայ եղած այս իշխանութիւնը կամ «Թագաւորութիւն»ը, այն Թագաւորութիւնը կամ կառավարութիւնը չէ, որու համար Յիսուս սորվեցուց իր հետեւորդներուն որ աղօթեն։ Անիկա միայն 144,000 անհատներու վրայ եղած Թագաւորութիւն մըն է, որոնք իր հետ երկինքի մէջ պիտի թագաւորեն։ Ամբողջ դարերու ընթացքին, միայն անոնք եղած են իր հպատակները։ Այս կերպով, այս իշխանութիւնը կամ «Աստուծոյ սիրելի Որդւոյն Թագաւորութիւն»ը, պիտի վերջանայ երբ երկնային յոյս ունեցող այս հպատակներուն վերջինը մեռնի եւ երկինքի մէջ Քրիստոսի միանայ։ Անոնք այլեւս Քրիստոսի հպատակները պիտի չըլլան, այլ այն ատեն իր հետ Թագաւորներ պիտի ըլլան, Աստուծոյ երկար ատենէ խոստացած Թագաւորութեան կամ կառավարութեան մէջ։
Հնազանդութիւն մշակենք մինչ վախճանը կը մօտենայ
3 Երբ երկինք համբարձաւ, Յիսուս անմիջապէս չսկսաւ աշխարհի ժողովուրդներուն վրայ տիրել։ (Սաղմոս 110։1) Բայց եւ այնպէս, ան ստացաւ «թագաւորութիւն» մը, իրեն հնազանդող հպատակներով։ Պօղոս առաքեալ այդ թագաւորութիւնը բնորոշեց, երբ գրեց. «[Աստուած] մեզ [հոգիով օծուած Քրիստոնեաները] ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց»։ (Կողոսացիս 1։13) Այս ազատագրումը սկսաւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, երբ սուրբ հոգին թափուեցաւ Յիսուսի հաւատարիմ հետեւորդներուն վրայ։—Գործք 2։1-4. Ա. Պետրոս 2։9
(Կողոսացիս 2։8) Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս։
Գաղատացիս, Եփեսացիս, Փիլիպպեցիս եւ Կողոսացիս նամակներէն աչքառու կէտեր
2։8—Ի՞նչ են «աշխարհի սկզբունքներ»ը, որոնցմէ Պօղոս զգուշացուց։ Ասոնք Սատանայի աշխարհին տարրերն են,– հիմնական բաներ կամ սկզբունքներ, որոնք կը կազմեն, կ’առաջնորդեն կամ կը դրդեն զայն։ (Ա. Յովհ. 2։16) Անոնք կը պարփակեն այս աշխարհի փիլիսոփայութիւնը, նիւթապաշտութիւնը եւ սուտ կրօնքները։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 73
ԻՍԿԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԸ Ո՞Վ Է
• ԻՆՉՊԷ՞Ս ԺԱՌԱՆԳԵԼ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
• ԲԱՐԻ ՍԱՄԱՐԱՑԻՆ
Մինչ Յիսուս դեռ Երուսաղէմին մօտերն է, շատ մը հրեաներ իրեն կը մօտենան։ Ոմանք կ’ուզեն իրմէ սորվիլ, իսկ ուրիշներ կ’ուզեն զինք փորձել։ Անոնցմէ մէկը, որ լաւատեղեակ է Օրէնքէն, Յիսուսին կը հարցնէ. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ» (Ղուկաս 10։25)։
Յիսուս կը հասկնայ, որ մարդը այդ հարցումը չի հարցներ պարզապէս տեղեկութիւն առնելու համար։ Կրնայ ըլլալ որ ան կը փորձէ Յիսուսը մղել որ անանկ մէկ պատասխան տայ, որ հրեաներուն համար վիրաւորական պիտի ըլլայ։ Յիսուս կ’անդրադառնայ որ այս մարդը արդէն որոշ տեսակէտ ունի այս հարցին նկատմամբ։ Անոր համար, իմաստուն պատասխան կու տայ, որ մարդը իր մտքին մէջինը դուրս հանէ։
Յիսուս կը հարցնէ. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։ Այս մարդը Աստուծոյ Օրէնքը սորված է, անոր համար իր պատասխանը ատոր վրայ կը հիմնէ։ Ան կը մէջբերէ Բ. Օրինաց 6։5–ը եւ Ղեւտացւոց 19։18–ը, ըսելով. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս» (Ղուկաս 10։26, 27)։ Արդեօք ասիկա՞ է մարդուն հարցումին պատասխանը։
Յիսուս մարդուն կ’ըսէ. «Շիտակ պատասխան տուիր, ատիկա ըրէ ու պիտի ապրիս»։ Բայց անոնց խօսակցութիւնը հոս չի վերջանար։ Այս մարդը չ’ուզեր պարզապէս հարցումին պատասխանը առնել, հապա կ’ուզէ «ինքզինք արդարացնել»։ Այսինքն, ան կ’ուզէ որ Յիսուս հաստատէ թէ իր տեսակէտը ճիշդ է եւ թէ ուրիշներուն հետ իր վարուած կերպը արդարացի է։ Անոր համար կը հարցնէ. «Բայց իմ ընկերս ո՞վ է» (Ղուկաս 10։28, 29)։ Այդ պարզ թուող հարցումը խոր իմաստ ունի, իսկ պատասխանն ալ՝ մեծ ազդեցութիւն։ Ինչպէ՞ս։
Հրեաները կը հաւատան որ «ընկեր» բառը միայն կ’ակնարկէ անոնց՝ որոնք հրէական սովորութիւնները կը պահեն, եւ կրնայ ըլլալ որ այնպէս կ’երեւի, թէ Ղեւտացւոց 19։18–ը այդ գաղափարին թիկունք կը կանգնի։ Իրականութեան մէջ, հրեայ մը թերեւս նոյնիսկ սեպէ, որ «օրինաւոր բան չէ» հրեայ չեղողի հետ ընկերակցիլ (Գործք 10։28)։ Ուրեմն, այս մարդը եւ հաւանաբար Յիսուսի կարգ մը աշակերտները կը կարծեն որ եթէ հրեայի մը հետ ազնուութեամբ վարուին, արդար են, իսկ հրեայ չեղողին հետ կրնան անազնիւ կերպով վարուիլ, քանի որ «ընկեր» չէ։
Յիսուս ինչպէ՞ս կրնայ սրբագրել այս տեսակէտը, առանց այս մարդը եւ ուրիշ հրեաներ վիրաւորելու։ Ան պատմութիւն մը կը պատմէ. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին»։ Յիսուս կը շարունակէ. «Պատահեցաւ որ քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։ Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։ Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց» (Ղուկաս 10։30-33)։
Յիսուսին հարցում հարցնող մարդը վստահաբար գիտէ, որ շատ մը քահանաներ եւ տաճարին մէջ ծառայող ղեւտացիներ Երիքովի մէջ կ’ապրին։ Տաճարէն տուն վերադառնալու համար, անոնք պէտք է իջնեն ճամբայէ մը, որ մօտ 23 քմ. է։ Այդ ճամբան վտանգաւոր է, քանի որ կարելի է հանդիպիլ աւազակներու։ Եթէ քահանայ մը եւ ղեւտացի մը տեսնեն հրեայ մը վիրաւոր ու խեղճուկրակ վիճակի մէջ, պէտք չէ՞ անոր օգնեն։ Յիսուսին պատմած պատմութեան մէջ, անոնք այդպէս չեն վարուիր։ Այդ վիրաւոր հրեային կ’օգնէ սամարացի մը. մինչ հրեաները կ’անարգեն սամարացիները (Յովհաննէս 8։48)։
Սամարացին ինչպէ՞ս օգնեց վիրաւոր հրեային։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։ Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան հանեց՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. ‘Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ’» (Ղուկաս 10։34, 35)։
Այս պատմութիւնը պատմելէ ետք, Հմուտ Ուսուցիչը՝ Յիսուս, միտք գրգռող հարցում մը կը հարցնէ մարդուն. «Այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։ Կրնայ ըլլալ որ այդ մարդը չ’ուզեր ըսել՝ «սամարացին» բառը. փոխարէն կ’ըսէ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։ Ետքը Յիսուս յստակ կերպով ցոյց կու տայ որ ի՛նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել, երբ կ’ըսէ. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ» (Ղուկաս 10։36, 37)։
Յիսուս դաս սորվեցնելու ի՜նչ հոյակապ մեթոտ ունի։ Եթէ պարզապէս ըսէր այդ մարդուն, որ հրեայ չեղողներն ալ իր ընկերներն են, արդեօք ան եւ միւս հրեաները այդ խօսքը պիտի ընդունէի՞ն։ Հաւանաբար ոչ։ Փոխարէն Յիսուս պարզ պատմութիւն մը պատմեց եւ անոր մէջ գործածեց մանրամասնութիւններ, որոնք իրեն մտիկ ընողներուն ծանօթ էին։ Այսպիսով, «Իմ ընկերս ո՞վ է» հարցումին պատասխանը յստակ դարձուց։ Իսկական ընկերը ան է, որ սէր եւ ազնուութիւն կը ցուցաբերէ. բան մը, որ Սուրբ Գիրքը մեզի կը պատուիրէ որ ընենք։
◇ Մարդ մը թերեւս ինչո՞ւ Յիսուսին կը հարցնէ, որ ինչպէս կրնայ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգել։
◇ Հրեաները կը կարծեն որ որո՞նք իրենց ընկերներն են։
◇ Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ մեր իսկական ընկերը ով է։
ՅՈՒԼԻՍ 8-14
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 1-5
«Մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք»
(Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11-13) Անոր համար մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք։ 12 Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, որ յարգէք ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները։ 13 Զանոնք մեծ սիրով պատուեցէք իրենց գործին համար։ Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք։
‘Ձեր մէջ ժրաջան աշխատողները յարգեցէք’
12 Ժողովքին ‘վերակացութիւն ընելը’ աւելին կը պարփակէ, քան՝ միայն սորվեցնելը։ Նոյն արտայայտութիւնը գործածուած է Ա. Տիմոթէոս 3։4–ի մէջ։ Պօղոս ըսաւ որ տեսուչ մը պէտք է «իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելու»։ Հոս՝ «վերակացութիւն ընէ» արտայայտութիւնը բացայայտօրէն կը պարփակէ ոչ միայն իր զաւակներուն սորվեցնելը, հապա նաեւ՝ ընտանիքին մէջ առաջնորդութիւն առնելն ու ‘զաւակները հնազանդութեան մէջ պահելը’։ Այո, երէցները ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն կ’առնեն, բոլորին օգնելով որ Եհովային հնազանդին (Ա. Տիմ. 3։5)։
‘Ձեր մէջ ժրաջան աշխատողները յարգեցէք’
19 Ի՞նչ պիտի ընէիր, եթէ յատկապէս քեզի համար պատրաստուած նուէր մը ստանայիր։ Գնահատութիւնդ պիտի յայտնէի՞ր՝ զայն գործածելով։ Եհովան Յիսուս Քրիստոսի միջոցով ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկ’ հայթայթած է քեզի համար։ Այս պարգեւներուն հանդէպ երախտագիտութիւնդ ցոյց տալու մէկ կերպն է՝ երէցներուն կողմէ տրուած դասախօսութիւնները ուշադրութեամբ ունկնդրել եւ ջանալ անոնց նշած կէտերը կիրարկել։ Կրնաս երախտագիտութիւնդ ցոյց տալ նաեւ՝ ժողովներուն մէջ իմաստալից մեկնաբանութիւններ ներկայացնելով։ Թիկունք կանգնէ այն գործին, որուն մէջ երէցները առաջնորդութիւն կ’առնեն, զոր օրինակ՝ դաշտի ծառայութիւնը։ Եթէ որոշ երէցի մը խրատէն օգտուած ես, ինչո՞ւ իրեն չիմացնես։ Ասկէ զատ, ինչո՞ւ երէցներուն ընտանիքի անդամները չգնահատես։ Յիշէ՛ թէ երէց մը որպէսզի ժողովքին մէջ ժրաջանօրէն աշխատի, իր ընտանիքը կը զոհէ այն ժամանակը, զոր իրեն հետ կրնայ անցընել։
(Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք։
«Սիրենք. . . գործով ու ճշմարտութիւնով»
13 Տկարներուն օգնէ։ Սուրբ Գիրքին պատուէրը որ ‘տկարներուն ձեռնտու ըլլանք, ամենուն ալ երկայնամիտ ըլլանք’, կրնայ մէջտեղ հանել որ մեր սէրը անկե՛ղծ է կամ ոչ (Ա. Թես. 5։14)։ Տկար եղողներէն շատեր յետագային կը զօրանան, բայց ուրիշներ պէտք ունին որ իրենց շարունակաբար եւ համբերութեամբ օգնենք։ Ինչպէ՞ս։ Կրնանք Սուրբ Գիրքը գործածելով զանոնք քաջալերել, կամ զանոնք հրաւիրել որ մեզի հետ քարոզեն, կամ ալ կրնանք պարզապէս անոնց մտիկ ընել։ Նաեւ, փոխանակ մեր մտքին մէջ որոշելու թէ որոշ հաւատակից մը «զօրաւոր» է կամ «տկար» է, պէտք է ընդունինք որ բոլորս ունինք զօրաւոր եւ տկար կէտեր։ Նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ խոստովանեցաւ որ տկարութիւններ ունի (Բ. Կոր. 12։9, 10)։ Ամէն մէկս պէտք ունի միւսին օգնութեան եւ քաջալերութեան։
Ընդօրինակէ Յիսուսին խոնարհութիւնը եւ քնքշութիւնը
16 Մեր քնքուշ խօսքերը։ Ուրիշներու հանդէպ գութ ունենալը մեզ կը մղէ որ ‘վատասիրտները մխիթարենք’ (Ա. Թես. 5։14)։ Ինչպէ՞ս կրնանք զիրենք քաջալերել։ Կրնանք վհատածները սփոփել, իրենց հանդէպ մեր հարազատ հետաքրքրութիւնը արտայայտելով։ Կրնանք զիրենք անկեղծօրէն գովել, որպէսզի իրենց դրական յատկութիւնները եւ կարողութիւնները տեսնեն։ Կրնանք իրենց յիշեցնել, որ քանի որ Եհովան զիրենք իր Որդիին քաշեց, ուրեմն թանկարժէք ըլլալու են Իր աչքին (Յովհ. 6։44)։ Կրնանք իրենց վստահեցնել, որ Եհովան խորապէս կը հետաքրքրուի իր այն ծառաներով, որոնց «սիրտը կոտրած է» կամ «հոգիով խոնարհած» են (Սաղ. 34։18)։ Մեր քնքուշ խօսքերը կրնան բալասանի պէս ըլլալ անոնց, որոնք մխիթարութեան պէտք ունին (Առ. 16։24)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-6) Վասն զի Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ. 4 ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել. 5 ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները, որոնք Աստուած չեն ճանչնար։ 6 Չըլլայ որ այդ բանին մէջ չափէ անցնի մէկը ու իր եղբայրը զրկէ, վասն զի Տէրը այդ բոլոր բաներուն համար վրէժխնդիր է. ինչպէս նախապէս ըսինք ձեզի ու վկայութիւն տուինք։
it-1 863-864
Պոռնկութիւն
Պոռնկութիւնը մեղք մըն է, որուն պատճառով անձ մը կրնայ վտարուիլ քրիստոնէական ժողովքէն (Ա. Կոր. 5։9-13. Եբ. 12։15, 16)։ Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ որ պոռնկութիւն գործող քրիստոնեան իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ, քանի որ իր սեռային անդամները կը գործածէ սխալ նպատակի համար։ Ան հոգեւորապէս կը վնասուի, Աստուծոյ ժողովքին մէջ պղծութիւն կը մտցնէ եւ վտանգի մէջ կ’ըլլայ որ սեռով փոխանցուող հիւանդութիւններ առնէ (Ա. Կոր. 6։18, 19)։ Ան իր եղբայրներուն վնաս կը հասցնէ (Ա. Թես. 4։3-7) 1) անմաքրութիւն, ամօթ եւ անարգանք բերելով ժողովքին վրայ (Եբ. 12։15, 16), 2) արգելք ըլլալով այն անձին, որուն հետ պոռնկութիւն գործեց, որ մաքուր բարոյական կեցուածք ունենայ, եւ եթէ ան ամուրի է՝ անոր արգելք ըլլալով որ մաքուր վիճակով ամուսնանայ, 3) բարոյական արատ բերելով ի՛ր ընտանիքին վրայ եւ 4) վնասելով իրեն հետ պոռնկութիւն գործող անհատին ծնողքին, ամուսինին կամ նշանածին։ Ան կ’անարգէ ոչ թէ մարդ արարածը, որուն քով պոռնկութիւնը թերեւս ընդունելի ըլլայ, հապա՝ Աստուած, որ զինք պիտի պատժէ իր գործած մեղքին պատճառով (Ա. Թես. 4։8)։
(Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։14-16) Վասն զի ասիկա կ’ըսեմ ձեզի՝ Տէրոջը խօսքովը, եթէ մենք մինչեւ Տէրոջը գալուստը ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք։ 15 Վասն զի Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն ու Աստուծոյ փողովը երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ 16 Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ եւ այնպէս յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք։
«Ձեր փրկութիւնը մօտ է»
14 Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ Մագոգի Գոգի յարձակումը սկսելէն ետք, ի՞նչ պիտի պատահի։ Մատթէոս եւ Մարկոս նոյն դէպքը արձանագրած են. «[Որդի մարդոյ] իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը» (Մար. 13։27. Մատ. 24։31)։ Այս ժողվելը չ’ակնարկեր օծեալներուն սկզբնական ժողվուելուն, ոչ ալ կ’ակնարկէ օծեալ մնացորդին վերջնական կնքումին (Մատ. 13։37, 38)։ Այդ կնքումը տեղի կ’ունենայ մեծ նեղութիւնը չսկսած (Յայտ. 7։1-4)։ Ուստի, Յիսուսի նշած ժողովումը ի՞նչ է։ Անիկա այն ժամանակն է, երբ 144,000–ի մնացորդը իր երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանայ (Ա. Թես. 4։14-16. Յայտ. 14։1)։ Այս դէպքը տեղի պիտի ունենայ Մագոգի Գոգի յարձակումը սկսելէն ետք, որոշ մէկ հանգրուանին (Եզեկ. 38։11)։ Ապա Յիսուսի սա խօսքը պիտի կատարուի. «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ» (Մատ. 13։43)։
15 Քրիստոնէական աշխարհին մէջ շատեր կը հաւատան, թէ քրիստոնեաները մարդկային մարմնով երկինք պիտի առնուին, եւ թէ Յիսուս տեսանելի կերպով պիտի վերադառնայ, որպէսզի երկրի վրայ իշխէ։ Սակայն Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ «Որդի մարդոյ նշանը» երկնքի՛ մէջ պիտի երեւնայ, եւ թէ Յիսուս «երկնքի ամպերուն վրայ» պիտի գայ (Մատ. 24։30)։ Այս երկու արտայայտութիւններն ալ կը հասկցնեն թէ Յիսուսի վերադարձը անտեսանելի է։ Աւելին, «մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել». ուստի անոնք որոնք երկինք պիտի առնուին, նախ պէտք է «փոխու[ին], յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։50-53)։ Հաւատարիմ օծեալ մնացորդը բոլորը միասին յանկարծ պիտի առնուին։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 74
ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՂՕԹՔԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԵՐ
• ՅԻՍՈՒՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՐԹԱՅԻՆ ԵՒ ՄԱՐԻԱՄԻՆ
• ԱՂՕԹՔԻ ՄԷՋ ՅԱՐԱՏԵՒԵԼԸ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
Ձիթենեաց լերան արեւելեան լանջին, Երուսաղէմէն մօտ երեք քիլոմեթր անդին, կը գտնուի Բեթանիա գիւղը (Յովհաննէս 11։18)։ Յիսուս հոն կ’երթայ եւ երկու քոյրերու՝ Մարթայի եւ Մարիամի տունը կը մտնէ։ Անոնք եւ անոնց եղբայրը՝ Ղազարոս, Յիսուսին ընկերներն են եւ ջերմօրէն կ’ընդունին զինք։
Մեծ պատիւ է Մեսիան որպէս հիւր ունենալ։ Մարթան մեծ փափաք ունի Յիսուսին լաւ հիւրասիրութիւն ցոյց տալ, անոր համար կը սկսի տեսակաւոր ճաշերու պատրաստութիւններ տեսնել։ Անոր աշխատած ժամանակ, Մարիամը Յիսուսին ոտքերուն քով նստած՝ անոր խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Քիչ ժամանակ ետք, Մարթան Յիսուսին կ’ըսէ. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ» (Ղուկաս 10։40)։
Մարիամը քննադատելու տեղ, Յիսուս Մարթային խրատ կու տայ, քանի որ կը տեսնէ որ ան չափէ դուրս մտահոգ է հիւրասիրութեան հարցերով։ Ան կ’ըսէ. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. բայց մէ՛կ բան պէտք է եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի» (Ղուկաս 10։41, 42)։ Յիսուս յստակ կը դարձնէ որ պայման չէ ժամերով շատ ճաշեր պատրաստել։ Մէկ պարզ ճաշ ինքնին բաւարար է։
Մարթան գէշ շարժառիթներ չունի։ Ան կ’ուզէ հիւրասէր ըլլալ։ Բայց իր չափէ դուրս կեդրոնանալը ճաշի պատրաստութիւններուն վրայ պատճառ կ’ըլլայ, որ Աստուծոյ Որդիէն արժէքաւոր դասեր սորվելու առիթը փախցնէ։ Յիսուս կ’ըսէ որ Մարիամը իմաստուն ընտրութիւն ըրաւ, ինչ որ իրեն յարատեւ օգուտներ պիտի բերէ։ Ատիկա նաեւ մեզի համար կարեւոր դաս է, որ պէտք է միշտ յիշենք։
Ուրիշ առիթով, Յիսուս նոյնքան կարեւոր բայց տարբեր դաս մը կը սորվեցնէ։ Աշակերտներէն մէկը կը խնդրէ. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս իր աշակերտներուն սորվեցուց» (Ղուկաս 11։1)։ Յիսուս մօտ մէկուկէս տարի առաջ իր Լերան քարոզին մէջ արդէն սորվեցուցած էր ինչպէ՛ս աղօթել (Մատթէոս 6։9-13)։ Բայց կրնայ ըլլալ որ այս աշակերտը հոն ներկայ չէր, անոր համար Յիսուս գլխաւոր գաղափարները կը կրկնէ։ Ետքը ան առակ մը կը պատմէ, որ ցոյց տայ թէ պէտք է աղօթքի մէջ յարատեւել։
«Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, վասն զի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու’։ Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. ‘Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ’։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’» (Ղուկաս 11։5-8)։
Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ Եհովան պատրաստ չէ մեր խնդրանքներուն պատասխանելու։ Հապա ան ըսել կ’ուզէ որ եթէ օգնել չուզող բարեկամը յարատեւ խնդրանքներուն ընդառաջեց, անկասկած մեր սիրելի երկնաւոր Հայրը իր հաւատարիմ ծառաներուն անկեղծ խնդրանքներուն պիտի ընդառաջէ։ Յիսուս կը շարունակէ. «Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’» (Ղուկաս 11։9, 10)։
Ետքը Յիսուս նորէն կը շեշտէ կէտը, համեմատութիւն մը ընելով. «Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր։ Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկաս 11։11-13)։ Այս խօսքերը մեզ իրապէս կը վստահեցնեն, որ մեր Հայրը պատրաստ է մեզի մտիկ ընելու եւ մեր պէտքերը հոգալու։
◇ Մարթան ու Մարիամը ի՞նչ տարբեր բաներու վրայ կը կեդրոնանան, եւ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։
◇ Յիսուս ինչո՞ւ կը կրկնէ աղօթքի վերաբերեալ իր սորվեցուցած կէտերը։
◇ Յիսուս ինչպէ՞ս կը լուսաբանէ աղօթքի մէջ յարատեւելու գաղափարը։
ՅՈՒԼԻՍ 15-21
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Բ. ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 1-3
«Անօրէնին յայտնուիլը»
(Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։6-8) Եւ հիմա դուք ինքնիրեննիդ գիտէք ի՛նչ բան կ’արգիլէ, որպէս զի ինք իր ատենին յայտնուի։ 7 Վասն զի անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը գործէ. բայց ան որ հիմա կ’արգիլէ, պիտի արգիլէ՝ մինչեւ ինք մէջտեղէն վերնայ։ 8 Ու ետքը պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը [Յիսուս] իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ։
it-1 972-973
Աստուածպաշտութիւն
Կայ ուրիշ գաղտնիք մը, որ լման հակառակ է Եհովային «սրբազան գաղտնիք»ին։ Ատիկա «անօրէնութեան խորհուրդ»ն է կամ «անօրէնութեան գաղտնիքը» (ՆԱ)։ Ատիկա Պօղոս առաքեալի օրերուն գաղտնիք էր, քանի որ «անօրէնութեան մարդը» տակաւին չէր կազմուած եւ յայտնուած որպէս յստակ դասակարգ մը։ Նոյնիսկ երբ այն «մարդը» կազմուէր, անոր ինքնութիւնը տակաւին գաղտնիք պիտի մնար մարդոց մեծամասնութեան, քանի որ ան աստուածպաշտութեան ծածկոցին տակ պիտի ընէր իր չարութիւնները։ Ատիկա իրականութեան մէջ ճշմարիտ աստուածպաշտութենէ ապստամբութիւն մը պիտի ըլլար։ Պօղոս ըսաւ որ «անօրէնութեան գաղտնիքը» արդէն կը գործէր իր օրերուն, քանի որ քրիստոնէական ժողովքին մէջ կար անօրէն մարդոց ազդեցութիւնը, որ յետագային մէջտեղ պիտի բերէր այս հաւատուրաց դասակարգը։ Ի վերջոյ, Յիսուս Քրիստոս զայն պիտի ոչնչացնէր իր ներկայութեան ատեն։ Այս հաւատուրաց «մարդը», որ Սատանային ազդեցութեան տակ էր, ինքզինք պիտի բարձրացնէր «ամենուն վրայ, որ աստուած պիտի կոչուի կամ պաշտուի» (յունարէն՝ seʹba·sma)։ Այսպիսով, Սատանային գործածած այս մեծ հակառակորդը շատ խաբեբայ պիտի ըլլար եւ կործանումի պիտի տանէր բոլոր այն անձերը, որոնք իրեն պիտի հետեւէին։ Այս «անօրէնութեան մարդը» ազդու պիտի ըլլար, քանի որ կեղծաւորութեամբ պիտի ձեւացնէր որ աստուածապաշտ է եւ այսպիսով իր չարութիւնները պիտի ծածկէր (Բ. Թես. 2։3-11. համեմատէ՛ Մատ. 7։15, 21-23)։
(Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9-11) Անօրէնին գալը Սատանային ազդեցութիւնովն է, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով 10 եւ կորսուածներուն վրայ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը։ Քանի որ անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին որ փրկուին, անոր համար Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց զօրաւոր մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան. 11 որպէս զի դատապարտուին ամէն անոնք, որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա անօրէնութեան յօժարեցան։
it-2 245 ¶7
Սուտ
Եհովա Աստուած թոյլ կու տայ որ «մոլորութիւն» մը մոլորեցնէ զանոնք, որոնք սուտը կը նախընտրեն, որպէսզի «ստութեան հաւատան», փոխանակ Յիսուս Քրիստոսին մասին բարի լուրին հաւատալու (Բ. Թես. 2։9-11)։ Դարեր առաջ ապրած Աքաաբ թագաւորին հետ պատահածը ասիկա ցոյց կու տայ։ Սուտ մարգարէներ Աքաաբը վստահեցուցին, որ պիտի յաղթէ եթէ Ռամովթ–Գաղաադին վրայ պատերազմելու երթայ, մինչ Եհովային մարգարէն՝ Միքիան ըսաւ որ արդիւնքը գէշ պիտի ըլլայ։ Ինչպէս որ Միքիան տեսիլքով տեսած էր, Եհովան թոյլ տուած էր որ հոգեղէն արարած մը «սուտ ոգի» ըլլար Աքաաբին մարգարէներուն բերանը։ Այսինքն, այս հոգեղէն արարածը իր զօրութիւնը գործածած էր անոնց վրայ, այնպէս մը որ անոնք ճշմարտութիւնը չէին խօսած, հապա խօսած էին ի՛նչ որ իրենք կ’ուզէին ըսել եւ ի՛նչ որ Աքաաբ կ’ուզէր լսել։ Հակառակ անոր որ Աքաաբին զգուշացում տրուեցաւ, բայց ան նախընտրեց այդ մարգարէներուն սուտերով խաբուիլ եւ իր կեանքը կորսնցուց (Գ. Թագ. 22։1-38. Բ. Մն. 18)։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7, 8) Եւ ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը, 8 բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր։
it-1 834 ¶5
Կրակ
Պօղոս գրեց որ «հիմա երկինք ու երկիր պահուած են. . . կրակի համար»։ Շուրջի համարներուն եւ ուրիշ համարներու հիման վրայ յստակ կը դառնայ, որ ասիկա բառացի կրակ չէ, հապա կը խորհրդանշէ յաւիտենական կործանում։ Ճիշդ ինչպէս որ Նոյին օրուան ջրհեղեղը չկործանեց բառացի երկինքն ու երկիրը, հապա՝ չար մարդիկը, նմանապէս երբ Յիսուս Քրիստոս բորբոքած կրակով յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներով, վերջնականապէս պիտի կործանէ միայն չար մարդիկը եւ այն չար դրութիւնը, որուն մաս կը կազմեն անոնք (Բ. Պետ. 3։5-7, 10-13. Բ. Թես. 1։6-10. համեմատէ՛ Եսա. 66։15, 16, 22, 24)։
(Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։2) Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն ու չըլլայ որ խռովիք՝ ո՛չ հոգիով [«ներշնչեալ խօսքով», ՆԱ] ու ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ թուղթով մը իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսին օրը եկած հասած է։
it-1 1206 ¶4
Ներշնչում
«Ներշնչեալ խօսքեր». ճշմարիտ եւ սուտ։ Յունարէն pneuʹma (հոգի) բառը մասնայատուկ կերպով կը գործածուի առաքեալներուն կարգ մը գրութիւններուն մէջ։ Օրինակ, Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։2–ին մէջ, Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցի եղբայրներուն կը պատուիրէ, որ չխռովին կամ իրենց մտքէն չխախտին «ո՛չ հոգիով [կամ՝ «ներշնչեալ խօսքով», ՆԱ] ու ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ թուղթով մը իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսին օրը եկած հասած է»։ Յստակ է թէ Պօղոս հոս pneuʹma (հոգի) բառին կ’ակնարկէ որպէս հաղորդակցութեան միջոց, ինչպէս որ «խօսք»ին եւ «թուղթ»ին պարագան է։ Այս պատճառով, Լանկ հեղինակը իր գիրքին մէջ այս համարին համար կ’ըսէ. «Առաքեալը այս բառը կը գործածէ այն իմաստով, որ ատիկա հոգեւոր թելադրութիւն մը, ենթադրուած գուշակութիւն մը կամ մարգարէի մը խօսքն է» (Commentary on the Holy Scriptures, էջ 126, թարգմանուած եւ խմբագրուած՝ Փ. Շաֆին կողմէ, 1976)։ Վինսընթ հեղինակը իր գիրքին մէջ կ’ըսէ. «Հոգիով, այսինքն՝ քրիստոնէական ժողովներուն ընթացքին անհատներուն ըսած մարգարէական խօսքերով, որոնք կը դաւանին որ այդ յայտնութիւնները Աստուծմէ են» (Word Studies in the New Testament, 1957, հատոր Դ., էջ 63)։ Այսպէս, թէեւ կարգ մը թարգմանութիւններ pneuʹma բառը պարզապէս կը թարգմանեն որպէս «հոգի» այս համարին եւ այսպիսի համարներու մէջ, ուրիշ թարգմանութիւններ կ’ըսեն՝ «հոգիին պատգամը», «գուշակութիւն, «ներշնչում», «ներշնչեալ խօսք» (ՆԱ)։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 75
ԻՍԿԱԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐԸ
• «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՎԸ» ԴԵՒԵՐ ՀԱՆԵԼ
• ԻՍԿԱԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐԸ
Յիսուս աղօթքի վերաբերեալ իր սորվեցուցած կէտերը դեռ նոր կրկնած է։ Բայց ատիկա միակ նիւթը չէ, որուն մասին կրկին անգամ կը խօսի իր ծառայութեան ընթացքին։ Երբ Գալիլիայի մէջ էր, իրեն համար ըսուեցաւ որ դեւերու իշխանին զօրութեամբ հրաշքներ կ’ընէ։ Հիմա, Հրէաստանի մէջ, ան նոյն ամբաստանութիւնը կը լսէ։
Երբ Յիսուս համր մարդու մը մէջէն դեւ կը հանէ, ժողովուրդը կը զարմանայ։ Բայց հակառակորդները զինք կ’ամբաստանեն, ըսելով. «Ատիկա դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցով դեւերը կը հանէ» (Ղուկաս 11։15)։ Ուրիշներ ալ իր ո՛վ ըլլալուն մասին աւելի փաստեր ուզելով, իրմէ կը խնդրեն որ երկինքէն նշան մը տայ իրենց։
Յիսուս կ’անդրադառնայ որ անոնք զինք կը փորձեն եւ անոնց կը պատասխանէ այնպէս՝ ինչպէս Գալիլիայի մէջ զինք քննադատողներուն պատասխանեց։ Ան կ’ըսէ որ ինքնիր դէմ բաժնուած որեւէ թագաւորութիւն կ’աւերի, եւ կը տրամաբանէ՝ ըսելով. «Եթէ Սատանան իրեն դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ»։ Ետքը ուղղակի կ’ըսէ. «Եթէ ես Աստուծոյ մատովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է» (Ղուկաս 11։18-20)։
«Աստուծոյ մատ»ը արտայայտութիւնը պէտք է իրեն մտիկ ընողներուն միտքը բերէ այն ինչ որ պատահեցաւ անցեալին իսրայէլի պատմութեան մէջ։ Անոնք՝ որոնք Փարաւոնին պալատին մէջ էին, երբ տեսան որ Մովսէս հրաշք մը կ’ընէ, ըսին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Նաեւ «Աստուծոյ մատն» էր որ Տասը պատուիրանները գրեց երկու քարէ տախտակներու վրայ (Ելից 8։19. 31։18)։ Նոյնպէս, «Աստուծոյ մատը», այսինքն՝ իր սուրբ հոգին կամ գործօն ուժն է, որ Յիսուսը կարող կը դարձնէ որ դեւեր հանէ եւ հիւանդներ բժշկէ։ Ուրեմն, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իրապէս ալ այդ հակառակորդներուն վրայ հասած է, քանի որ անոր նշանակուած Թագաւորը՝ Յիսուս՝ անոնց առջեւ հրաշքներ կ’ընէ։
Դեւեր հանելու Յիսուսին կարողութիւնը ցոյց կու տայ իր զօրութիւնը Սատանային վրայ, ճիշդ ինչպէս որ պալատ մը պաշտպանող զինեալի մը կը յաղթէ աւելի զօրաւոր մարդ մը։ Յիսուս նաեւ կը կրկնէ իր տուած օրինակը մարդու մը մասին, որմէ անմաքուր ոգի դուրս կ’ելլէ։ Եթէ մարդը պարապութիւնը չլեցնէ լաւ բաներով, այդ ոգին կը վերադառնայ եօթը ուրիշ ոգիներով, եւ մարդուն վերջնական վիճակը առաջուընէ աւելի գէշ կը դառնայ (Մատթէոս 12։22, 25-29, 43-45)։ Իսրայէլ ազգը ճիշդ այս վիճակը ունի։
Կին մը, որ Յիսուսին մտիկ կ’ընէ, կը մղուի ըսելու. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց եւ այն ծիծերուն՝ որոնք քեզի կաթ տուին»։ Հրեայ կիները կը յուսային որ մարգարէի մը,– մանաւանդ Մեսիային,– մայրը ըլլային։ Ուրեմն, այս կինը կը կարծէ որ Մարիամ յատկապէս երջանիկ պէտք է ըլլայ, քանի որ այսպիսի ուսուցիչի մը մայրն է։ Բայց Յիսուս կինը կը սրբագրէ՝ յստակացնելով երջանկութեան իսկական աղբիւրը. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկաս 11։27, 28)։ Յիսուս բնաւ այդ գաղափարը չէ տուած, որ իր մօր՝ Մարիամին՝ յատուկ պատիւ պէտք է տրուի։ Փոխարէն, ան կ’ըսէ որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ ըլլա՛լը երջանիկ կը դարձնէ անհատը եւ ոչ թէ ընտանեկան կապը կամ անձնական իրագործումը։
Ինչպէս որ Գալիլիայի մէջ ըրաւ, Յիսուս ժողովուրդը կը յանդիմանէ, քանի որ երկինքէն նշան մը կ’ուզեն։ Ան կ’ըսէ որ «Յովնան մարգարէին նշան»էն զատ, ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոնց։ Յովնան երկու կերպով նշան էր. երբ երեք օր ձուկին փորին մէջ մնաց, եւ երբ համարձակօրէն քարոզեց, ինչ որ նինուէցիները մղեց զղջալու։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս» (Ղուկաս 11։29-32)։ Յիսուս Սողոմոնէն ալ մեծ է, որուն իմաստութիւնը լսելու եկաւ Սաբայի թագուհին։
Յիսուս կ’աւելցնէ. «Մէկը ճրագը չի վառեր ու ծածուկ տեղ մը դներ, ո՛չ ալ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ» (Ղուկաս 11։33)։ Ան կրնայ ըլլալ որ ըսել կ’ուզէ որ այդ մարդոց սորվեցնելը եւ անոնց առջեւ հրաշքներ ընելը կը նմանի ճրագը ծածուկ տեղ դնելուն։ Որովհետեւ անոնց ‘աչքը պարզ չէ’, անոնք Յիսուսին գործերուն ետին գտնուողը նպատակը չեն ըմբռներ (Ղուկաս 11։34)։
Յիսուս դեռ նոր դեւ մը հանած է համր մարդու մը մէջէն եւ ան սկսած է խօսիլ։ Ասիկա պէտք է ժողովուրդը մղէ Եհովա Աստուած փառաբանելու եւ ուրիշներուն պատմելու որ Ան ինչե՜ր կ’իրագործէ։ Անոր համար Յիսուս ազդարարական խօսք ունի անոնց՝ որոնք զինք կը քննադատեն։ Ան կ’ըսէ. «Ուրեմն զգոյշ կեցիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ։ Արդ՝ եթէ քու բոլոր մարմինդ լուսաւոր է եւ մութ մաս մը չունի, բոլորն ալ լուսաւոր կ’ըլլայ. ինչպէս երբ ճրագ մը իր փայլունութիւնովը քեզ լուսաւորէ» (Ղուկաս 11։35, 36)։
◇ Հրէաստանի մէջ ոմանք ինչպէ՞ս կը հակազդեն, երբ Յիսուս մարդ մը կը բժշկէ։
◇ Ի՞նչ է «Աստուծոյ մատը», եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս Յիսուսին մտիկ ընողներուն վրայ հասած է։
◇ Մարդիկ ինչպէ՞ս կրնան իսկապէս երջանիկ ըլլալ։
ՅՈՒԼԻՍ 22-28
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1-3
«Աղէկ գործի ձգտէ»
(Ա. Տիմոթէոս 3։1) Այս խօսքը հաւատարիմ է։ Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ։
Հոգեւորապէս յառաջդիմելու պէտքը կը տեսնե՞ս
3 Կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 3։1։ ‘Ցանկալ’ թարգմանուած յունարէն բայը կը նշանակէ՝ բան մը բռնելու համար ձեռքդ երկարել, թերեւս սովորականէն աւելի։ Պօղոս առաքեալ այս բառը գործածելով շեշտեց, թէ մէկը պէտք է ջանք թափէ որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Երեւակայէ թէ եղբայր մը կ’ուզէ օգնական ծառայ ըլլալ։ Ան կ’անդրադառնայ որ պէտք է հոգեւոր յատկութիւններ զարգացնէ իր մէջ։ Ետքը, մինչ որպէս օգնական ծառայ կը ծառայէ, ան կը շարունակէ ծանր աշխատիլ որպէսզի որակեալ ըլլայ տեսուչ ըլլալու։
(Ա. Տիմոթէոս 3։13) Քանզի անոնք որ սարկաւագութեան պաշտօնը աղէկ կը կատարեն, բարի աստիճան մը կը շահին ու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքին մէջ՝ շատ համարձակութիւն։
km 9/78 4 ¶7
‘Բարի աստիճան մը’ շահողները
7 Ուրեմն, դիւրին է տեսնել թէ Պօղոս առաքեալ ինչո՛ւ այսպիսի օգնական ծառաներու համար ըսաւ, որ «բարի աստիճան մը կը շահին»։ Անոնք ոչ թէ աւելի բարձր դիրքի կը հասնին, ինչպէս որ ոմանք կ’ենթադրեն եւ ինչպէս որ եկեղեցիներուն մէջ կ’ըլլայ։ Հապա՝ քանի որ «պաշտօնը աղէկ կը կատարեն», անոնց խօսք կը տրուի որ Եհովայէն եւ Յիսուսէն օրհնութիւն պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ բոլոր ժողովքին յարգանքն ու աջակցութիւնը կ’ունենան։ Այսպիսով, անոնք «Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքին մէջ՝ շատ համարձակութիւն» կ’ունենան։ Ուրիշ խօսքով՝ քանի որ իրենց պաշտօնը լաւ կը կատարեն, ուրիշներ կը գնահատեն իրենց ծառայութիւնը։ Եւ քանի որ հաստատ հաւատք ունին, կրնան իրենց հաւատքին մասին խօսիլ առանց վախնալու որ ուրիշներ պիտի մեղադրեն զիրենք։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ա. Տիմոթէոս 1։4) Եւ չնայիլ առասպելներու ու ազգահամարներու [«ազգաբանութիւններու», ՆԱ]՝ որոնք վերջ չունին, որոնք աւելի վէճեր ալ կը պատճառեն՝ քան թէ Աստուծոյ հաճելի շինութիւն՝ որ կ’ըլլայ հաւատքով։
it-1 914-915
Ազգաբանութիւն
Ազգաբանութիւնները սերտելը եւ ատոնց մասին քննարկելը օգուտ մը չունէր, մանաւանդ այն ժամանակ երբ Պօղոս նամակ գրեց Տիմոթէոսին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այլեւս պէտք չկար որ ազգաբանական արձանագրութիւններ ըլլային, որպէսզի անհատին որո՛ւն սերունդէն ըլլալը փաստէին, որովհետեւ Աստուած այլեւս հրեային եւ հրեայ չեղողին միջեւ տարբերութիւն չէր դնէր քրիստոնէական ժողովքին մէջ (Գաղ. 3։28)։ Եւ ազգաբանական արձանագրութիւնները արդէն փաստած էին որ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն էր։ Ասկէ զատ, Պօղոսին գրած այս պատուէրին վրայ շատ չանցած Երուսաղէմ պիտի կործանէր եւ ատոր հետ հրեաներուն արձանագրութիւններն ալ պիտի կործանէին։ Աստուած այդ արձանագրութիւնները չպահպանեց։ Ասոր համար, Պօղոս չէր ուզեր որ Տիմոթէոս եւ ժողովքները ժամանակ վատնէին պրպտումներ ընելով եւ վիճելով ազգաբանական հարցերու մասին, քանի որ ատոնք մէկու մը հաւատքը չէին զօրացներ։ Սուրբ Գիրքին տուած ազգաբանութիւնը բաւարար է որ փաստէ, թէ Քրիստոս Մեսիան է, եւ ասիկա ամէնէն կարեւոր ազգաբանական նիւթն է քրիստոնեաներուն համար։ Սուրբ Գիրքին տուած միւս ազգաբանութիւնները կը փաստեն որ Սուրբ Գրութիւնները Աստուծոյ կողմէ են, ցուցնելով որ ատոնք ճշգրիտ պատմական արձանագրութիւններ են։
(Ա. Տիմոթէոս 1։17) Արդ՝ յաւիտենական Թագաւորին, որ անեղծ ու աներեւոյթ է, մի միայն Աստուծոյն փառք ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
cl 12 ¶15
«Ահա մեր Աստուածը ասիկա է»
15 «Յաւիտենական Թագաւոր» տիտղոսն ալ միայն Եհովային տրուած է (Ա. Տիմ. 1։17)։ Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Եհովան յաւիտեան գոյութիւն ունեցած է անցեալին եւ յաւիտեան գոյութիւն պիտի ունենայ ապագային. բայց մեր սահմանափակ ուղեղը դժուար է որ ասիկա ըմբռնէ։ Սաղմոս 90։2–ը կ’ըսէ. «Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած»։ Ուրեմն, Եհովան սկիզբ չունի. Ան միշտ գոյութիւն ունէր։ Ան կոչուած է «Հինաւուրցը», քանի որ ան յաւիտեան գոյութիւն ունէր առաջ որ տիեզերքին մէջ ոեւէ մէկը կամ որեւէ բան գոյութիւն ունենար (Դան. 7։9, 13, 22)։ Ո՞վ կրնայ ըսել որ ան իրաւունք չունի Գերիշխան Տէրը ըլլալու։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 76
ՅԻՍՈՒՍ ՓԱՐԻՍԵՑԻԻ ՄԸ ՀԵՏ ԿԸ ՃԱՇԷ
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԿԵՂԾԱՒՈՐ ՓԱՐԻՍԵՑԻՆԵՐԸ
Յիսուս դեռ Հրէաստանի մէջ է։ Հոն, փարիսեցի մը զինք ճաշի կը հրաւիրէ, շատ հաւանաբար ցերեկը (Ղուկաս 11։37, 38)։ Ճաշելէ առաջ, փարիսեցիները ձեռքերնին մինչեւ արմուկ կը լուան։ Ասիկա իրենց սովորութիւնն է։ Բայց Յիսուս ատանկ բան չ’ըներ (Մատթէոս 15։1, 2)։ Ձեռքերը մինչեւ արմուկ լուալով մարդ մը Աստուծոյ Օրէնքը չի կտրեր, բայց միւս կողմէ Աստուած ասանկ բան չի պահանջեր։
Փարիսեցին կը զարմանայ որ Յիսուս այդ աւանդութեան չի հետեւիր։ Յիսուս կը նկատէ այս մէկը եւ կ’ըսէ. «Հիմա դուք՝ փարիսեցիներ, գաւաթին ու պնակին դուրսիդին կը մաքրէք, բայց ձեր ներսիդին յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։ Ա՛նխելքներ, ան որ դուրսինը ըրաւ, ներսինն ալ ինք չըրա՞ւ» (Ղուկաս 11։39, 40)։
Անշուշտ հոս Յիսուս չի խօսիր մաքուր ձեռքով ուտելու մասին։ Հապա ան կը խօսի անոնց կրօնական կեղծաւորութեան մասին։ Փարիսեցիները եւ ուրիշներ սովորութեան մը հետեւելով՝ ձեռքերնին կը լուան, բայց եւ այնպէս, անոնք իրենց սրտերը չարութենէն չեն մաքրեր։ Անոր համար Յիսուս զանոնք կը խրատէ. «Անոնց մէջ եղածներէն ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր կ’ըլլայ ձեզի» (Ղուկաս 11։41)։ Որքա՜ն ճիշդ է։ Անհատ մը պէտք է տայ սրտանց եւ սէրէ մղուած, եւ ոչ թէ ուրիշները տպաւորելու համար, ձեւացնելով որ ինք արդար է։
Յիսուս ըսել չ’ուզեր որ այս մարդիկը չեն տար։ Ան կ’ըսէ. «Անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք» (Ղուկաս 11։42)։ Աստուծոյ Օրէնքը կը պահանջէր բերքին տասանորդը վճարել (Բ. Օրինաց 14։22)։ Ատիկա կը պարփակէր անանուխն ու փեգենան, որոնք ճաշերուն համ տուող բոյսեր էին։ Փարիսեցիները բծախնդրօրէն այս բոյսերուն տասանորդը կը վճարէին։ Բայց արդեօք Օրէնքին աւելի կարեւոր պահանջները կը գոհացնէի՞ն. ինչպէս արդարութեամբ վարուիլ եւ Աստուծոյ առջեւ համեստ ըլլալ (Միքիա 6։8, ՆԱ)։
Յիսուս կը շարունակէ. «Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։ Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր» (Ղուկաս 11։43, 44)։ Այո, մարդիկ կրնային առանց անդրադառնալու կոխել չերեւցող գերեզմանի վրայ եւ ըստ Օրէնքին՝ անմաքուր դառնալ։ Յիսուս այդ իրողութիւնը կը գործածէ շեշտելու համար, որ փարիսեցիներուն անմաքրութիւնը աներեւոյթ է (Մատթէոս 23։27)։
Օրէնքէն լաւատեղեակ մարդ մը կը գանգատի. «Վա՛րդապետ, այդ խօսքերը ըսելով՝ մեզ ալ վար կը զարնես»։ Բայց այսպիսի տղամարդիկ պէտք է անդրադառնան որ մարդոց չեն օգներ։ Յիսուս կ’ըսէ «Ձեզի ալ վա՜յ օրինականներուդ, որ տանելու դժուար բեռներ կը բեռցնէք մարդոց ու դուք ձեր մէկ մատով այն բեռներուն չէք դպչիր։ Վա՜յ ձեզի, որ մարգարէներուն գերեզմաններ կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերը սպաննեցին զանոնք» (Ղուկաս 11։45-47)։
Յիսուսին ըսած բեռները բերանացի աւանդութիւններն են ու Օրէնքին նկատմամբ փարիսեցիներուն ըրած մեկնաբանութիւններն են։ Այս մարդիկը ժողովուրդին կեանքը կը դժուարացնեն՝ պնդելով որ բոլորը պահեն այդ ծանր բեռ դարձած սովորութիւնները։ Անոնց նախահայրերը սպաննեցին Աստուծոյ մարգարէները,– Աբէլէն սկսեալ։ Հիմա անոնք կը ձեւացնեն որ կը պատուեն մարգարէները, անոնց համար գերեզմաններ շինելով։ Մինչդեռ անոնք իրենց նախահայրերուն նոյն մտածելակերպը եւ վարքը ունին։ Անոնք նոյնիսկ կերպեր կը փնտռեն Աստուծոյ գլխաւոր Մարգարէն սպաննելու։ Յիսուս կ’ըսէ որ Աստուած հաշիւ պիտի պահանջէ այս սերունդէն։ Եւ ասիկա կատարուեցաւ մօտ 38 տարի ետք՝ Ք.Ե. 70–ին։
Յիսուս կը շարունակէ. «Վա՜յ ձեզի օրինականներուդ, որ գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք» (Ղուկաս 11։52)։ Այս մարդիկը պէտք է Աստուծոյ Խօսքին նշանակութիւնը սորվեցնեն։ Մինչդեռ անոնք ժողովուրդին առիթ չեն տար որ ատոր մասին գիտութիւն առնեն ու զայն հասկնան։
Փարիսեցիները եւ դպիրները ինչպէ՞ս կը հակազդեն։ Մինչ Յիսուս փարիսեցիին տունէն դուրս կ’ելլէ, անոնք բարկացած կը հակառակին եւ շատ հարցումներ կը հարցնեն։ Անոնք Յիսուսէն սորվելու փափաք չունին, հապա կ’ուզեն որ ըսէ բան մը, որ կրնայ պատճառ ըլլալ որ ձերբակալուի։
◇ Յիսուս ինչո՞ւ փարիսեցիներն ու դպիրները կը դատապարտէ։
◇ Ժողովուրդը ի՞նչ բաներով բեռնաւորուած է։
◇ Ի՞նչ կը սպասէ անոնց՝ որոնք Յիսուսին կը հակառակին եւ կ’ուզեն զինք սպաննել։
ՅՈՒԼԻՍ 29–ՕԳՈՍՏՈՍ 4
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | Ա. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 4-6
«Աստուածպաշտութի՞ւն թէ ոչ հարստութիւն»
(Ա. Տիմոթէոս 6։6-8) Սակայն աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։ 7 Վասն զի բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ 8 Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք։
w03 6/1 9 ¶1-2
Գոհունակութեան գաղտնիքը
Գոհունակութիւնը գլխաւոր բաներէն մէկն էր, որ ուրախութեան տուաւ Պօղոսին։ Լաւ ի՞նչ կը նշանակէ գոհունակ ըլլալ։ Ատիկա կը նշանակէ հիմնական բաներով բաւականանալ։ Պօղոս ասոր նկատմամբ Տիմոթէոսին ըսաւ. «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։ Վասն զի բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք» (Ա. Տիմ. 6։6-8)։
Նկատէ թէ Պօղոս գոհունակութիւնը կապեց աստուածպաշտութեան հետ։ Ան կը գիտակցէր որ հարստութիւնը կամ նիւթական ստացուածքները չեն, որ իսկական ուրախութիւն կու տան, հապա՝ աստուածպաշտութիւնը, այսինքն՝ մեր ծառայութիւնը առաջին տեղը դնելը։ «Կերակուր»ը ու «հանդերձ»ը պարզապէս միջոց մըն էին, որ ան կարենար շարունակել աստուածպաշտութեան ետեւէ ըլլալ։ Ուրեմն, Պօղոսին գոհունակութեան գաղտնիքը՝ Եհովային վստահիլն էր, ինչ ալ ըլլային պարագաները։
(Ա. Տիմոթէոս 6։9) Բայց անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։
g 6/07 6 ¶2
Դրամասիրութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ քեզի
Անշուշտ, մարդոց մեծամասնութիւնը չի մեռնիր հարստութեան ետեւէ ըլլալուն պատճառով։ Բայց մինչ անոնք դրամին ետեւէն կը վազեն, իրենց կեանքէն հաճոյք չեն առներ, քանի որ գործին սթրեսին եւ դրամական խնդիրներուն պատճառով առողջապահական խնդիրներ կ’ունենան, ինչպէս՝ զգացական խանգարումներ, անքնութիւն, մնայուն գլխացաւ կամ խոցեր, որոնք կրնան իրենց կեանքը կարճեցնել։ Եւ նոյնիսկ եթէ անհատը անդրադառնայ, որ պէտք է փոփոխութիւններ մտցնէ իր նախապատուութիւններուն մէջ, թերեւս շատ ուշ ըլլայ։ Կրնայ ըլլալ որ իր կողակիցը այլեւս իրեն չվստահի, իր զաւակները զգացական գետնի վրայ վնասուին եւ իր առողջութիւնը ետեւ երթայ։ Թերեւս ան կարենայ այդ վնասներէն ոմանք շտկել, բայց ասիկա շատ ջանք կը պահանջէ։ Այսպիսի անձեր իրապէս ալ ‘ինքզինքնին շատ ցաւերով կը խոցեն’ (Ա. Տիմ. 6։10)։
(Ա. Տիմոթէոս 6։10) Վասն զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին։
g 11/08 6 ¶4-6
Յաջողութեան վեց բանալիներ
Ինչպէս որ այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ տեսանք, այն անձերը որոնք դրամին ետեւէն կը վազեն՝ կարծելով որ ատիկա յաջողութեան բանալին է, իրականութեան մէջ խաբուած կ’ըլլան։ Անոնք ոչ միայն յուսախաբ կ’ըլլան, հապա նաեւ շատ վնասներ կը կրեն։ Օրինակ, շատ անգամ իրենց ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ իրենց փոխյարաբերութիւնները կը վնասուին։ Ուրիշներ անքուն գիշերներ կ’անցընեն, որպէսզի աշխատին կամ քանի որ հոգեր ունին։ Ժողովող 5։12–ը կ’ըսէ. «Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ, բայց հարուստին կուշտ ըլլալը չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ»։
Դրամը ոչ միայն մեծ վնասներ կը հասցնէ, հապա նաեւ կը խաբէ։ Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ «հարստութեան խաբէութիւններ»ուն մասին (Մար. 4։19)։ Ուրիշ խօսքով, հարստութիւնը կը խոստանայ որ ուրախութիւն պիտի բերէ, բայց չի բերեր, հապա՝ անհատին մէջ աւելի ցանկութիւն կ’աւելցնէ որ դրամի ետեւէ ըլլայ։ Ժողովող 5։10–ը կ’ըսէ. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար»։
Մէկ խօսքով, դրամասիրութիւնը կը քանդէ անհատը եւ կը ձգէ որ յուսախաբ ըլլայ կամ նոյնիսկ ոճիր գործէ (Առ. 28։20)։ Անդին, առատաձեռնութիւնը, ներողամտութիւնը, բարոյական մաքրութիւնը, սէրը եւ հոգեւորութիւնն են որ իսկական ուրախութիւն եւ յաջողութիւն կու տան։
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել
(Ա. Տիմոթէոս 4։2) Ստախօսներուն կեղծաւորութիւնովը, որոնց խղճմտանքը խանձուած է։
Ինչպէ՞ս կրնաս մաքուր խղճմտանք մը պահել
17 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Մաքուր խղճմտանք ունեցէք» (Ա. Պետրոս 3։16)։ Եհովա Աստուծոյ աչքին մաքուր խղճմտանք մը սքանչելի օրհնութիւն մըն է։ Անիկա չի նմանիր ներկայիս շատերու ունեցած խղճմտանքին։ Պօղոս խօսեցաւ անոնց մասին, որոնց «խղճմտանքը խանձուած է» (Ա. Տիմոթէոս 4։2)։ Տաք երկաթը միսը կը խանձէ, զայն սպիացնելով եւ անզգայ դարձնելով։ Նմանապէս, շատեր ունին խղճմտանք մը որ խորքին մէջ մեռած է,– ա՛յնքան սպիացած եւ անզգայ դարձած, որ երբ յանցանք գործեն, այլեւս չի յառաջացներ ազդարարութիւններ, բողոքներ կամ ամօթի ու յանցապարտութեան զգացումներ։ Անոնք ուրախ են որ այսպիսի զգացումներ չունին։
(Ա. Տիմոթէոս 4։13) Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։
it-2 714 ¶1-2
Հանրային ընթերցանութիւն
Քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Առաջին դարուն, շատ քիչեր էին որ Սուրբ Գիրքին մագաղաթներուն օրինակներէն ունէին, եւ այս պատճառով հանրային ընթերցանութիւնը կարեւոր էր։ Պօղոս առաքեալ պատուէր տուաւ, որ իր գրած նամակները հանրապէս կարդացուին քրիստոնէական ժողովքներուն ժողովներուն ընթացքին, եւ ժողովքներուն ըսաւ որ իր նամակները իրենց միջեւ փոխանակեն, որպէսզի բոլոր ժողովքները կարդան ատոնք (Կող. 4։16. Ա. Թես. 5։27)։ Պօղոս երիտասարդ տեսուչին՝ Տիմոթէոսին ըսաւ, որ միտք դնէ «կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու» (Ա. Տիմ. 4։13)։
Հանրային ընթերցանութիւնը պէտք է սահուն ըլլայ (Ամբ. 2։2)։ Եւ քանի որ հանրային ընթերցանութեան նպատակն է՝ ուրիշներուն սորվեցնել, հանրապէս ընթերցողը պէտք է լաւ գիտնայ, թէ ի՛նչ կը կարդայ, եւ լաւ հասկցած ըլլայ, թէ գրողին նպատակը ի՛նչ է։ Ան պէտք է ուշադրութեամբ կարդայ, որպէսզի սխալ գաղափար կամ տպաւորութիւն չտայ մտիկ ընողներուն։ Ըստ Յայտնութիւն 1։3–ին, ուրախ են անոնք, որոնք այդ մարգարէութիւնը բարձրաձայն կը կարդան, եւ անոնք որոնք, այդ խօսքերը կը լսեն եւ կը պահեն։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
յճ դաս 77
ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԽՐԱՏ ԿՈՒ ՏԱՅ
• ԱՆՄԻՏ ՀԱՐՈՒՍՏԻՆ ԱՌԱԿԸ
• ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ԽՕՍԻ ԱԳՌԱՒՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՇՈՒՇԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
• ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ «ՊԶՏԻԿ ՀՕՏ» ՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Մինչ Յիսուս փարիսեցիին տան մէջ կը ճաշէ, դուրսը հազարաւորներ կը հաւաքուին եւ իրեն կը սպասեն։ Ասկէ առաջ, Գալիլիայի մէջ ալ նման բան եղած էր (Մարկոս 1։33. 2։2. 3։9)։ Հոս, Հրէաստանի մէջ, շատեր կ’ուզեն տեսնել եւ մտիկ ընել Յիսուսին, ինչ որ ցոյց կու տայ որ անոնք բոլորովին տարբեր կեցուածք ունին այն փարիսեցիներէն, որոնք Յիսուսին հետ ճաշի նստած են։
Ինչ որ Յիսուս կ’ըսէ, շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի իր աշակերտներուն համար. «Ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն»։ Ան ասկէ առաջ այս զգուշացումը տուած է, բայց ինչ որ տեսաւ ճաշի ժամանակ ցոյց կու տայ որ այս խրատը որքա՛ն հրատապ է (Ղուկաս 12։1. Մարկոս 8։15)։ Փարիսեցիները կը փորձեն իրենց չարութիւնը պահել՝ բարեպաշտութիւն ցուցադրելով։ Մինչդեռ անոնք լուրջ վտանգ են ժողովուրդին համար եւ անոնց չար գործերը պէտք է քօղազերծուին։ Յիսուս կը բացատրէ. «Բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ չգիտցուի» (Ղուկաս 12։2)։
Թերեւս ժողովուրդէն շատեր, որոնք Յիսուսին շուրջ հաւաքուած են, Հրէաստանէն են եւ չեն լսած որ ան ինչ սորվեցուցած է Գալիլիայի մէջ։ Անոր համար, Յիսուս նախապէս իր ըսած գլխաւոր գաղափարները կը կրկնէ։ Ան բոլոր մտիկ ընողներուն կ’ըսէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին» (Ղուկաս 12։4)։ Ան կը շեշտէ որ իր հետեւորդները պէտք է վստահ ըլլան, որ Աստուած իրենց հոգ պիտի տանի։ Անոնք նաեւ պէտք է ընդունին Որդին մարդոյ եւ համոզուին որ Աստուած կրնա՛յ իրենց օգնել (Մատթէոս 10։19, 20, 26-33. 12։31, 32)։
Ետքը ժողովուրդին մէջէն մէկը իր անձնական մտահոգութեան մասին կ’արտայայտուի՝ ըսելով. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ» (Ղուկաս 12։13)։ Օրէնքը կ’ըսէ որ անդրանիկ զաւակին երկու բաժին կ’իյնայ ժառանգութենէն, ուրեմն պէտք չէ այս նիւթին շուրջ վիճաբանութիւն ըլլայ (Բ. Օրինաց 21։17)։ Այնպէս կ’երեւի որ այս մարդը իր օրինական բաժինէն աւելի՛ն կը պահանջէ։ Յիսուս իմաստութեամբ կը վարուի եւ կը մերժէ կողմ բռնել՝ անոր հարցնելով. «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ» (Ղուկաս 12։14)։
Անկէ ետք Յիսուս այս խրատը կու տայ բոլորին. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը» (Ղուկաս 12։15)։ Մարդ մը որքա՛ն ալ հարուստ ըլլայ եւ ստացուածքներ ունենայ, օր մը պիտի մեռնի եւ իր ստացուածքները արժէք մը պիտի չունենան իրեն համար։ Յիսուս այս կէտը կը շեշտէ շատ աղուոր առակով մը, որ նաեւ ցոյց կու տայ թէ որքա՛ն կարեւոր է Աստուծոյ քով բարի անուն ունենալ.
«Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին։ Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր. ‘Ի՞նչ ընեմ, վասն զի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ’։ Եւ ըսաւ. ‘Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս. եւ իմ անձիս ըսեմ. «Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր»’։ Բայց Աստուած ըսաւ անոր. ‘Ա՛նմիտ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան’։ Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար» (Ղուկաս 12։16-21)։
Թէ՛ Յիսուսին աշակերտները եւ թէ իրեն մտիկ ընողները կրնան ստացուածք դիզելու ծուղակին մէջ իյնալ։ Կամ ալ, կրնայ ըլլալ որ կեանքի հոգերը զիրենք շեղեն Եհովային ծառայելէ։ Անոր համար Յիսուս կը կրկնէ այն կարեւոր խրատը որ տուաւ մօտ մէկուկէս տարի առաջ Լերան քարոզին մէջ.
«Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք. . . Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի կ’արժէք թռչուններէն։ . . .Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ։ . . .Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞նչ պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք. . . Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։ Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (Ղուկաս 12։22-31. Մատթէոս 6։25-33)։
Որո՞նք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի խնդրեն։ Յիսուս կը յայտնէ որ անոնք «պզտիկ հօտ» մըն են, հաւատարիմ մարդոցմէ բաղկացած փոքր խումբ մը։ Յետագային յստակ պիտի դառնայ, որ անոնց թիւը 144,000 է։ Իսկ անոնց ի՞նչ պիտի տրուի։ Յիսուս կը վստահեցնէ. «Ձեր Հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ»։ Այս խումբը պիտի չկեդրոնանայ երկրի վայ գանձեր դիզելու վրայ, ուր գողերը կրնան ատոնք գողնալ, հապա անոնց սիրտը պիտի ըլլայ ‘չպակսող գանձին վրայ երկինքը’, ուր Քրիստոսի հետ պիտի թագաւորեն (Ղուկաս 12։32-34)։
◇ Յիսուս ժառանգութեան վերաբերեալ հարցումի մը ինչպէ՞ս կը պատասխանէ։
◇ Ինչո՞ւ պէտք է լուրջի առնենք անմիտ հարուստին առակը։
◇ Յիսուս ի՞նչ կը յայտնէ իրեն հետ Թագաւորութեան մէջ եղողներուն մասին։