Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները մասնայատուկ ուշադրութեան կարիքը ունին
«Քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան քու սեղանիդ չորս կողմը»։—ՍԱՂՄՈՍ 128։3
1. Բոյսեր աճեցնելը եւ զաւակներ մեծցնելը ինչպէ՞ս կարելի է իրարու հետ բաղդատել։
ՇԱՏ մը երեսակներով, երախաները բոյսերու նման կ’աճին եւ կը զարգանան։ Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ Աստուածաշունչը մարդու մը կինը կը նմանցնէ «պտղաբեր որթատունկի մը», իսկ անոր զաւակները՝ ‘իր սեղանին չորս կողմը, ձիթենիի տունկերու’։ (Սաղմոս 128։3) Ոեւէ հողագործ ձեզի պիտի ըսէ որ մատղաշ բոյսերու աճը դիւրին չէ, մանաւանդ երբ կլիմայական կամ հողային պայմանները նպաստաւոր չեն։ Նմանապէս, այս «չար ժամանակներ»ուն, շատ դժուար է զաւակներ մեծցնել, այնպէս որ անոնք լաւ հաւասարակշռուած եւ աստուածավախ չափահասներ ըլլան։—Բ. Տիմոթէոս 3։1–5
2. Լաւ հունձք ունենալու համար սովորաբար ի՞նչ բաներու կարիքը կայ։
2 Լաւ հունձք մը ունենալու համար, հողագործ մը բարեբեր հող, լաւ արեւ եւ ջուր պէտք է ունենայ։ Մշակելէն եւ անպէտ խոտերը մաքրելէն զատ, հարկ է որ ան միջատասպան գործածէ եւ ուրիշ կերպերով հոգ տանի։ Մինչեւ հունձքի ժամանակը հասնի, ան կրնայ դժուարութիւններէ անցնիլ։ Ի՜նչ յուսախաբութիւն կ’ըլլայ, երբ հունձքը փճանայ։ Սակայն հողագործ մը որքա՜ն գոհունակութիւն կ’ունենայ, երբ ծանր աշխատանքէ ետք, լաւ հունձք մը ստանայ։—Եսայեայ 60։20–22. 61։3
3. Երբ բոյսերը զաւակներուն հետ բաղդատենք, որո՞նք շատ աւելի կարեւոր են, եւ զաւակները ի՞նչպիսի ուշադրութեան կարիքը ունին։
3 Բարեյաջող, արդիւնաբեր մարդկային կեանք մը վստահաբար շա՜տ աւելի թանկագին է քան հողագործին հունձքը։ Հետեւաբար պէտք չէ զարմանանք որ զաւակ մը յաջողութեամբ մեծցնելը շատ աւելի ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ քան բարեբեր հունձք մը։ (Բ. Օրինաց 11։18–21) Կեանքի պարտէզին մէջ ցանուած մանուկ մը, եթէ սիրով ջրուի եւ սնուցանուի եւ եթէ անոր առջեւ օգտակար սահմաններ դրուին, կրնայ հոգեւորապէս աճիլ եւ ծաղկիլ, նոյնիսկ բարոյական խամրած արժէքներով լեցուն աշխարհի մը մէջ։ Բայց երբ զաւակ մը եղծանուի կամ ճնշուի, ան ներքնապէս պիտի չորնայ եւ հոգեւորապէս մեռնի։ (Կողոսացիս 3։21. բաղդատել Երեմեայ 2։21. 12։2։) Արդարեւ, բոլոր զաւակներն ալ մասնայատուկ ուշադրութեան կարիքը ունին։
Առօրեայ Ուշադրութիւն՝ Մանկութենէն Իսկ
4. Պզտիկները իրենց ‘մանկութենէն’ ի՞նչպիսի ուշադրութեան կարիքը ունին։
4 Ծնողները անդադար ուշադիր պէտք է ըլլան նորածինի մը։ Սակայն, մանուկ մը ամէն օր միայն ֆիզիքական եւ նիւթակա՞ն ուշադրութեան կարիքը ունի։ Պօղոս առաքեալ Աստուծոյ ծառայ Տիմոթէոսին գրեց. «Քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։15) Ուստի, Տիմոթէոսի նոյնիսկ մանկութենէն ստացած ծնողական ուշադրութիւնը հոգեւոր երեսակն ալ կը պարփակէր։ Բայց մանկութիւնը ե՞րբ կը սկսի։
5, 6. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ տակաւին չծնած մանուկներու մասին։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ ծնողները հետաքրքրուած պէտք է ըլլան տակաւին չծնած մանուկին բարօրութեամբ։
5 Պօղոսի հոս գործածած Յունարէն բառը (պրէֆոս) տակաւին չծնած զաւկի մը համար ալ կը գործածուի։ Յովհաննէս Մկրտիչին մայրը՝ Եղիսաբէթ՝ իր ազգականին՝ Մարիամին՝ ըսաւ. «Երբ քու բարեւիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկը [պրէֆոս] որովայնիս մէջ խաղաց ուրախութենէն»։ (Ղուկաս 1։44) Ուստի, նոյնիսկ տակաւին չծնածները մանուկ կոչուած են եւ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ անոնք արգանդէն դուրս եղող անցուդարձերուն կ’ընդառաջեն։ Արդեօք ծնողական հոգատարութիւնը, որ շատ շեշտուած է ներկայիս, տակաւին չըծնած զաւկին հոգեւոր բարօրութի՞ւնն ալ պէտք է պարփակէ։
6 Ասիկա նկատողութեան արժանի բան մըն է, քանի որ իրողութիւնները ցոյց կու տան որ սաղմը իր լսած բաներէն կրնայ օգտուիլ կամ վնասուիլ։ Երաժշտութեան խմբավար մը նկատեց որ իր փորձ ըրած երաժշտական տարբեր կտորները զարմանալիօրէն իրեն ծանօթ էին, մանաւանդ թաւջութակի մասերը։ Երբ ան այս երաժշտութիւններուն անունները յիշեց իր մօրը, որ արհեստավարժ թաւջութակահար մըն էր, ան ըսաւ որ ճիշդ այս կտորները մտիկ կ’ընէր, երբ իրեն յղի էր։ Նոյնպէս, սաղմը կրնայ աննպաստ կերպով ազդուիլ, երբ իր մայրը հեռատեսիլէն շարունակական շարժապատկերներ դիտէ։ Երաժշտական լրագիր մը խօսեցաւ «սաղմին շարունակական շարժապատկերներու մոլին» ըլլալուն մասին։
7. (ա) Շատ մը ծնողներ ինչպէ՞ս ուշադրութիւն ընծայած են իրենց չծնած զաւկին։ (բ) Մանուկ մը ի՞նչ կարողութիւններ կրնայ ունենալ։
7 Մանուկին վրայ կարգ մը դրական գրգիռներուն ունեցած օգտակարութեան գիտակցելով, շատ մը ծնողներ կը սկսին իրենց զաւկին կարդալ, խօսիլ եւ երգել, նոյնիսկ անոր ծնելէն առաջ։ Դուք ալ կրնաք նոյնը ընել։ Թէեւ ձեր զաւակը չի հասկնար բառերը, բայց ան ձեր հանդարտեցուցիչ ձայնէն եւ սիրալիր շեշտէն պիտի օգտուի։ Իր ծնունդէն ետք, մանուկը պիտի սկսի հասկնալ ձեր խօսքերը, թերեւս ձեր կարծածէն աւելի շուտ։ Միայն երկու կամ երեք տարուան մէջ, մանուկ մը բարդ լեզու մը կը սորվի, պարզապէս անոր հետ շփման մէջ գալով։ Մանուկ մը կրնայ նաեւ սորվիլ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան «մաքուր լեզու»ն։—Սոփոնեայ 3։9
8. (ա) Երեւութապէս ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ, երբ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Տիմոթէոս սուրբ գիրքերը իր ‘մանկութենէն’ գիտէր։ (բ) Տիմոթէոսի պարագային ի՞նչ բան շիտակ ելաւ։
8 Ի՞նչ էր Պօղոսի միտքը, երբ ըսաւ որ Տիմոթէոս ‘սուրբ գիրքերը իր մանկութենէն գիտէր’։ Ան բացայայտօրէն ըսել կ’ուզէր որ Տիմոթէոս հոգեւոր մարզում ստացած էր, երբ նորածին էր եւ ոչ թէ քիչ մը մեծնալէն ետք։ Ասիկա ներդաշնակ է Յունարէն պրէֆոս բառին իմաստին հետ, որ ընդհանրապէս կ’ակնարկուի նորածինի մը։ (Ղուկաս 2։12, 16. Գործք 7։19) Տիմոթէոս հոգեւոր դաստիարակութիւն ստացաւ իր մօրմէն՝ Եւնիկէէն եւ իր մեծմօրմէն՝ Լաւոդիայէն, որքան որ ան կը յիշէր։ (Բ. Տիմոթէոս 1։5) ‘Ինչպէս ցանես, այնպէս կը բուսնի’ առածը իրապէս կիրարկուեցաւ Տիմոթէոսին։ Ան ‘իր ճամբուն համեմատ կրթուեցաւ’ եւ որպէս արդիւնք, Աստուծոյ լաւ ծառայ մը եղաւ։—Առակաց 22։6. Փիլիպպեցիս 2։19–22
Հարկ Եղած Մասնայատուկ Հոգատարութիւնը
9. (ա) Ծնողներ ի՞նչ ընելէն պէտք է զգուշանան եւ ինչո՞ւ։ (բ) Մինչ զաւակ մը կը մեծնայ, ծնողք մը ի՞նչ պէտք է ընէ, եւ ան ո՞ր օրինակին պէտք է հետեւի։
9 Երախաները բոյսերու կը նմանին նաեւ այդ առումով որ բոլորը նոյն յատկանիշները չունին, ոչ ալ հոգատարութեան նոյն կերպին կ’ընդառաջեն։ Իմաստուն ծնողները կը յարգեն այս տարբերակները եւ կը խուսափին զաւակ մը ուրիշի մը հետ բաղդատելէ։ (Բաղդատել Գաղատացիս 6։4։) Եթէ կ’ուզէք որ ձեր զաւակները փթթին որպէս չափահասներ, անոնց անհատական բնաւորութիւնները նկատի պէտք է ունենաք, լաւ կողմերը մշակելով եւ գէշ կողմերը պոկելով։ Ի՞նչ պիտի ընէք, երբ տկարութիւն մը կամ անպատշաճ հակում մը նշմարէք, թերեւս անպարկեշտութեան, նիւթապաշտութեան կամ անձնասիրութեան հակում մը։ Ազնուօրէն սրբագրեցէք զանոնք, ինչպէս Յիսուս սրբագրեց իր առաքեալներուն տկարութիւնները։ (Մարկոս 9։33–37) Մասնաւորաբար, իւրաքանչիւր երախան իր կարողութիւններուն եւ լաւ բնաւորութիւններուն համար կանոնաւորաբար գովեցէք։
10. Զաւակները մասնաւորաբար ի՞նչ բանի կարիքը ունին, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է տալ։
10 Երախաները մասնաւորաբար սիրալիր անձնական ուշադրութեան կարիքը ունին։ Յիսուս ժամանակ տրամադրեց, որպէսզի պզտիկներուն այսպիսի մասնայատուկ ուշադրութիւն մը ընծայէ, նոյնիսկ իր ծառայութեան ամենէն զբաղած շրջանին։ (Մարկոս 10։13–16, 32) Ո՛վ ծնողներ, այդ օրինակին հետեւեցէք։ Ձեր զաւակներուն հետ ըլլալու համար ժամանակ տրամադրեցէք։ Իսկ մի՛ քաշուիք անոնց հանդէպ ձեր սէրը անկեղծօրէն արտայայտելէ։ Յիսուսի նման, զանոնք ձեր թեւերուն մէջ առէք։ Զանոնք ջերմագին ողջագուրեցէք եւ համբուրեցէք։ Երբ լաւ հաւասարակշռուած զաւակներու ծնողներուն հարցուեցաւ թէ ի՛նչ խրատ կրնային տալ ուրիշ ծնողներու, յաճախ հետեւեալ պատասխանը տրուեցաւ. ‘Չափազանց սիրել’, ‘միասնաբար ժամանակ անցնել’, ‘փոխադարձ յարգանք զարգացնել’, ‘իրապէս անոնց մտիկ ընել’, ‘փոխանակ քարոզ կարդալու՝ առաջնորդութիւն տալ’ եւ ‘իրապաշտ ըլլալ’։
11. (ա) Ծնողները ինչպէ՞ս պէտք է նկատեն իրենց զաւակներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայելը։ (բ) Ծնողներ ե՞րբ կրնան իրենց զաւակներուն հետ արժէքաւոր փոխյարաբերութիւն մը վայելել։
11 Այսպիսով մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայելը կրնայ ուրախութեան պատճառ մը ըլլալ։ Բարեյաջող հայր մը ըսաւ. «Երբ մեր երկու տղաքը աւելի պզտիկ էին, զանոնք պառկեցնելու համար պատրաստելը, անոնց համար ընթերցանութիւն ընելը, զանոնք անկողինին մէջ լաւ մը ծածկելը եւ անոնց հետ աղօթք ընելը հաճոյք մըն էին»։ Միասնաբար այսպիսի ժամանակ անցնելը առիթ կու տայ մտքերու փոխանակման որ կրնայ քաջալերական ըլլալ թէ՛ ծնողքին եւ թէ զաւկին համար։ (Բաղդատել Հռովմայեցիս 1։11, 12։) Զոյգ մը մտիկ ըրին, երբ իրենց երեք տարեկան երախան Աստուծմէ խնդրեց որ «Ուալի»ին օրհնէր։ Ան «Ուալի»ի համար շատ մը գիշերներ աղօթեց եւ ծնողքը մեծապէս քաջալերուեցաւ, երբ անդրադարձաւ որ ան Մալաուիի եղբայրներուն համար կ’աղօթէր, որոնք այն ատեն հալածուած էին։ Կին մը ըսաւ. ‘Երբ հազիւ չորս տարեկան էի, մայրս զիս իր քով աթոռին վրայ կը կայնեցնէր, որպէսզի իր լուացած ամանները չորցնեմ եւ ինծի սուրբ գրային համարներ եւ Թագաւորութեան երգեցողութիւններ կը սորվեցնէր’։ Կրնա՞ք ժամանակ գտնել ձեր պզտիկներուն հետ արժէքաւոր փոխյարաբերութիւն մը ունենալու համար։
12. Քրիստոնեայ ծնողները իմաստուն կերպով ի՞նչ պէտք է ընեն, եւ անոնք ի՞նչ կերպեր կրնան գործածել։
12 Իմաստուն Քրիստոնեայ ծնողներ կանոնաւոր ուսումնասիրութեան յայտագիր մը կը կերտեն։ Թէեւ կրնաք սովորական հարց–պատասխանի կերպը գործածել, բայց ուսումնասիրութիւնը կրնա՞ք հաճոյալի փոխյարաբերութեան պահու վերածել զայն պարագային յարմարցնելով, մանաւանդ երբ պզտիկներ կան։ Կարելի է ասիկա ընել Աստուածաշունչի կարգ մը դէպքերուն պատկերները գծելով, սուրբ գրային դրուագներ պատմելով, կամ երախայէն ձեր խնդրած պատրաստութեան մտիկ ընելով։ Որչափ կարելի է, պզտիկներուն համար Աստուծոյ Խօսքը համով դարձուցէք, որպէսզի անոր տենչան։ (Ա. Պետրոս 2։2, 3) Հայր մը ըսաւ. ‘Երբ պզտիկները աւելի փոքր էին, անոնց հետ գետին կը նստէինք եւ պատմական, Աստուածաշունչի ծանօթ դէմքեր պարունակող դէպքերու դերակատարութիւնը կ’ընէինք։ Երախաները շա՜տ կը սիրէին ասիկա’։
13. Փորձի պահերը որքա՞ն արժէքաւոր են, եւ անոնց ընթացքին ի՞նչ բաներ կրնաք փորձել։
13 Փորձի պահերն ալ կրնան արժէքաւոր փոխյարաբերութիւն մը ստեղծել եւ պզտիկները պատրաստել իրական կեանքի փորձառութիւններուն։ Գուսէրոյի աղջիկներէն մէկը—ընտանիք մը, որու 11 զաւակներն ալ Աստուծոյ հաւատարիմ մնացին Նացի հալածանքի ընթացքին—իր ծնողքին մասին ըսաւ. «Անոնք մեզի ցոյց կու տային թէ ի՛նչպէս կրնանք վարուիլ եւ Աստուածաշունչով մենք մեզ պաշտպանել։ Յաճախ փորձի պահեր կ’ունենայինք, հարցումներ ընելով եւ պատասխաններ տալով»։ Ինչո՞ւ նոյնը չընէք։ Կրնաք ծառայութեան ներկայացումներ ընել, ծնող մը տանտէրի դերը կատարելով։ Կամ իրական կեանքի փորձութիւններէն բան մը ձեռք առնել։ (Առակաց 1։10–15) Անհատ մը ըսաւ. «Դժուար վիճակներու փորձեր կատարելը պզտիկին հմտութիւնները եւ վստահութիւնը կը կերտէ»։ «Օրինակի համար, կրնաք բարեկամի մը դերը խաղալ, որ ձեր զաւկին ծխախոտ, խմիչք կամ թմրեցուցիչ կը հրամցնէ»։ Այս պահերը կրնան ձեզի օգնել նկատելու որ ձեր զաւակը ի՛նչպէս պիտի ընդառաջէ այսպիսի պարագաներու։
14. Ձեր զաւակներուն հետ սիրալիր եւ կարեկից խօսակցութիւններ ունենալը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։
14 Երբ ձեր զաւկին հետ կը խօսակցիք, ձեր խօսքերուն մէջ ի յայտ թող ըլլայ այն գթասրտութիւնը զոր հետեւեալ բառերը գրողը արտայայտեց. «Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. վասնզի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն»։ (Առակաց 3։1, 2) Ձեր զաւկին սրտին դպած պիտի չըլլա՞ք, երբ անոր սիրալիր կերպով բացատրէք որ իրմէ հնազանդութիւն կը պահանջէք, որպէսզի ան խաղաղութիւն եւ երկար օրեր, Աստուծոյ խաղաղ նոր աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանք, ունենայ։ Ձեր զաւկին անձնաւորութիւնը հաշուի առէք, երբ Աստուծոյ Խօսքէն իրեն հետ կը տրամաբանէք։ Ասիկա աղօթքով ըրէք եւ Եհովա պիտի օրհնէ ձեր ջանքերը։ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այսպիսի սիրալիր եւ գթառատ խօսակցութիւններ շատ հաւանաբար լաւ արդիւնքներ պիտի ունենան եւ մնայուն օգուտներ պիտի բերեն։—Առակաց 22։6
15. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել իրենց խնդիրները լուծելու մէջ։
15 Նոյնիսկ երբ այսպիսի մտքերու փոխանակում մը տեղի չունենայ ձեր ծրագրած ուսումնասիրութեան ընթացքին, ձեր ուշադրութիւնը ուրիշ բաներով թող չտարուի։ Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք ոչ միայն ձեր զաւկին ըսածին, այլ նաեւ իր միտքը արտայայտելու կերպին։ Մասնագէտ մը կ’ըսէ. «Ձեր զաւկին նայեցէք։ Անոր լման ուշադրութիւն ընծայեցէք։ Ոչ միայն պէտք է լսէք, այլ՝ հասկնաք։ Այն ծնողները որ այդ յաւելեալ ջանքը կը թափեն, իրենց զաւակներուն կեանքին համար շատ մեծ տարբերութիւն պիտի ընէ»։ Այսօր երախաները, թէ՛ դպրոցը եւ թէ այլ տեղեր, յաճախ լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Որպէս ծնող, ձեր զաւկին խօսեցնել տուէք եւ իրեն օգնեցէք որ հարցերը Աստուծոյ տեսանկիւնէն դիտէ։ Եթէ խնդիր մը լուծելու կերպը չէք գիտեր, Աստուածաշունչին եւ ‘հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ’ին հայթայթած գրականութիւններուն մէջ փնտռտուքներ ըրէք։ (Մատթէոս 24։45) Ամէն կերպով հարկ եղած մասնայատուկ ուշադրութիւնը ընծայեցէք ձեր զաւկին խնդիրը լուծելու համար։
Միասնաբար Ըլլալը Մեծապէս Արժէւորեցէք
16, 17. (ա) Ներկայիս մասնաւորաբար երիտասարդները ինչո՞ւ մասնայատուկ ուշադրութեան եւ դաստիարակութեան կարիքը ունին։ (բ) Երբ իրենց ծնողքին կողմէ կրթութիւն ստանան, զաւակները ի՞նչ գիտնալու կարիքը ունին։
16 Ներկայիս երիտասարդները որեւէ ժամանակէ աւելի մասնայատուկ ուշադրութեան կարիքը ունին, քանի որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, որոնք կոչուած են «չար ժամանակներ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5. Մատթէոս 24։3–14) Ծնողները, ինչպէս նաեւ զաւակները, իրական իմաստութեան տուած պաշտպանութեան կարիքը ունին, որ «զինք ստացողները կ’ապրեցնէ»։ (Ժողովողի 7։12) Քանի որ աստուածային իմաստութիւնը կը պարփակէ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած գիտութիւնը լաւ կերպով կիրարկելը, զաւակները կանոնաւորաբար պէտք է դաստիարակուին Աստուծոյ Խօսքով։ Հետեւաբար, ձեր պզտիկներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեցէք։ Անոնց Եհովայի մասին խօսեցէք, իր պահանջները հոգածութեամբ բացատրեցէք եւ անոր հոյակապ խոստումներուն մասին ուրախ ակնկալութիւն մը ստեղծեցէք անոնց մէջ։ Այս բաներուն մասին խօսեցէք տանը մէջ, երբ ձեր զաւկին հետ կը քալէք, ուրիշ խօսքով, ամէն պատեհ առիթով։—Բ. Օրինաց 6։4–7
17 Հողագործները գիտեն որ բոլոր բոյսերն ալ նոյն պայմաններու ներքեւ չեն փթթիր։ Իւրաքանչիւր բոյս մասնայատուկ հոգատարութեան կարիքը ունի։ Նմանապէս, իւրաքանչիւր զաւակ տարբեր է եւ մասնայատուկ ուշադրութեան, դաստիարակութեան եւ կրթութեան կարիքը ունի։ Թերեւս ծնողի մը ծուռ նայուածքը բաւական է երախայի մը սխալ ընթացքը կեցնելու, մինչդեռ ուրիշ պզտիկ մը աւելի զօրաւոր կրթութեան կարիքը ունենայ։ Բայց ձեր բոլոր զաւակներն ալ պէտք է գիտնան թէ ի՛նչու որոշ բառեր կամ արարքներ ձեզի հաճելի չեն եւ երկու ծնողներն ալ պէտք է համագործակցին եւ համամիտ ըլլան այս ուղղութեամբ։ (Եփեսացիս 6։4) Շատ կարեւոր է որ Քրիստոնեայ ծնողներ Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ եղող յստակ ուղղութիւններ տան։
18, 19. Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին իրենց զաւակներուն հանդէպ, իսկ եթէ այս գործը լաւ կերպով ընեն, անոնք հաւանաբար ի՞նչ լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգեն։
18 Հողագործ մը ճիշդ ժամանակին պէտք է ցանէ եւ մշակէ։ Եթէ ան ուշանայ կամ անտեսէ իր հունձքը, շատ քիչ արդիւնք կամ ոչինչ պիտի հնձէ։ Այո, ձեր զաւակները աճող «բոյսեր» են, որոնք մասնայատուկ ուշադրութեան կարիքը ունին ճիշդ հիմա եւ ոչ թէ գալ ամիս կամ գալ տարի։ Աստուծոյ Խօսքով անոնց հոգեւոր աճման նպաստելու եւ անոնց հոգեւորականութիւնը չորցնող եւ սպաննող աշխարհային խորհուրդները անոնց մէջէն բրցնելու այս թանկագին առիթը ձեր ձեռքէն մի՛ փախցնէք։ Ձեր զաւակներուն հետ ձեր անցուցած ժամանակները եւ օրերը մեծապէս արժէւորեցէք, քանի որ այդ ժամանակը շուտով կ’անցնի։ Ձեր զաւակները ուրախ կեանքեր ունենալու եւ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ ըլլալու համար, անհրաժեշտ է որ անոնց մէջ աստուածային յատկութիւններ մշակէք. ուստի ծանր աշխատեցէք ասիկա ընելու համար։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Կողոսացիս 3։12–14) Ասիկա ուրիշին պարտականութիւնը չէ, ձերն է. երբ ասիկա ընէք, Աստուած ալ պիտի օգնէ ձեզի։
19 Ձեր զաւակներուն հոգեւոր ճոխ ժառանգութիւն մը տուէք։ Անոնց հետ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրեցէք եւ անոնց հետ լաւ զբօսանքներ ունեցէք։ Ձեր պզտիկները Քրիստոնէական ժողովներուն տարէք եւ երբ Թագաւորութիւնը կը քարոզէք, զանոնք ձեզի հետ տարէք։ Ձեր սիրելի զաւակներուն մէջ Եհովայի հաճութեան արժանացող անձնաւորութիւն մը կերտեցէք եւ վստահաբար, երբ անոնք մեծնան, մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառեն ձեզի։ Արդարեւ, «արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ։ Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան եւ քեզ ծնանողը թող ցնծայ»։—Առակաց 23։24, 25
Ճոխ Վարձատրութիւն մը
20. Յաջողակ պատանիներու ծնողքը ըլլալու բանալին ի՞նչ է։
20 Զաւակներ մեծցնելը բարդ եւ երկարատեւ նշանակում մըն է։ Աստուածավախ չափահասներ ըլլալու համար, ‘ձեր սեղանին չորս կողմը ձիթենիի այս տունկերը’ մեծցնելը 20 տարիներու ծրագիր մը կոչուած է։ (Սաղմոս 128։3. Յովհաննու 15։8) Այս ծրագիրը աւելի կը դժուարանայ, երբ զաւակները պատանեկութեան հասնին, քանի որ յաճախ այդ ատեն անոնց վրայ ճնշումը աւելի մեծ կ’ըլլայ եւ ծնողներ անհրաժեշտ կը գտնեն իրենց ջանքերը կրկնապատկել։ Բայց յաջողութեան բանալին նոյնն է. ուշադիր, ջերմ եւ հասկացող ըլլալ։ Մի՛ մոռնաք որ ձեր պզտիկները իրապէս մասնայատուկ ուշադրութեան կարիքը ունին։ Անոնց այսպիսի ուշադրութիւն մը կ’ընծայէք անոնց բարօրութեամբ իրապէս հետաքրքրուելով։ Անոնց օգնելու համար, դուք ձեր անձէն պէտք է տաք իրապէս հարկ եղած ժամանակը, սէրը եւ հետաքրքրութիւնը հայթայթելով։
21. Զաւակներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայելուն վարձատրութիւնը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։
21 Եհովայի ձեզի վստահած թանկագին պտուղին հոգ տանելու համար, ձեր թափած ջանքերուն վարձատրութիւնը շա՜տ աւելի գոհացուցիչ կրնայ ըլլալ քան ոեւէ հողագործի առատ հունձքը։ (Սաղմոս 127։3–5) Ուստի, ո՛վ ծնողներ, շարունակեցէք ձեր զաւակներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայել։ Ասիկա ըրէք իրենց ի նպաստ եւ ի փառս մեր երկնաւոր Հօրը՝ Եհովայի։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Բոյսեր աճեցնելը եւ զաւակներ մեծցնելը ինչպէ՞ս կարելի է իրարու հետ բաղդատել։
◻ Զաւակ մը իր մանկութենէն սկսեալ ամէն օր ի՞նչպիսի ուշադրութեան կարիքը ունի։
◻ Զաւակները ի՞նչ մասնայատուկ ուշադրութեան կարիքը ունին, եւ ինչպէ՞ս կարելի է այդ ուշադրութիւնը տալ։
◻ Ինչո՞ւ ձեր զաւակներուն մասնայատուկ ուշադրութիւն պէտք է տաք։