Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Աստուածաշունչը Աստուծոյ խօ՞սքն է
    Դիտարան 2010 | Մայիս 1
    • «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած» (Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։16, 17)։

      ՊՕՂՈՍ առաքեալի կողմէ ի՜նչ զօրաւոր արտայայտութիւն մը Աստուածաշունչին գերազանց արժէքին մասին։ Անշուշտ, ան յատկապէս կ’ակնարկէր իր օրերուն մատչելի եղող Աստուածաշունչի այն գրութիւններուն, զորս ներկայիս շատեր կը կոչեն Հին Կտակարան։ Բայց սկզբունքով, անոր խօսքերը կը կիրարկուին Աստուածաշունչի 66 գիրքերուն, ի ներառեալ՝ մ.թ. առաջին դարուն Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտներուն գրած գրութիւնները։

      Պօղոսի նման Աստուածաշունչը մեծապէս կ’արժեւորե՞ս։ Կը խորհի՞ս թէ Աստուածաշունչը գրողները իրապէս Աստուծմէ ներշնչուած էին։ Առաջին դարու քրիստոնեաները այդպէս համոզուած էին։ Եւ այս հաւատալիքը յաջորդ դարերուն ընթացքին երբեք չխախտեցաւ։ Օրինակ՝ 14–րդ դարու անգլիացի կղերական Ճոն Ուիքլիֆ, Աստուածաշունչը նկատեց «ճշմարտութեան անսխալական կանոնը»։ Երկ մը, Պօղոսի վերոնշեալ խօսքերուն մասին մեկնաբանելով, կը նշէ թէ աստուածային «ներշնչումը կ’երաշխաւորէ, թէ Աստուածաշունչի բոլոր արտայայտութիւնները ճշմարիտ են» (The New Bible Dictionary)։

  • Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ ներշնչեալ խօսքն է
    Դիտարան 2010 | Մայիս 1
    • ՊՕՂՈՍ առաքեալ ճիշդ ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ թէ Սուրբ Գիրքը «Աստուծոյ շունչն է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Պօղոս, որ յունարէն լեզուով կը գրէր, գործածեց բառ մը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Աստուծմէ շունչ փչուած»։ Ասով Պօղոս ըսել ուզեց, թէ Աստուած իր սուրբ հոգիին միջոցաւ Աստուածաշունչի գրողները առաջնորդեց, որ միայն իր ուզած բաները գրեն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել