Եհովա՝ նպատակ ունեցող Աստուած մը
«Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 14։24
1, 2. Շատեր ի՞նչ կ’ըսեն կեանքի նպատակին մասին։
ՄԱՐԴԻԿ ամենուրէք հարց կու տան. «Ի՞նչ է կեանքին նպատակը»։ Արեւմտեան երկրի մը քաղաքական առաջնորդներէն մէկը նշեց. «Որեւէ ատենէ աւելի մարդիկ հիմա հարց կու տան. ‘Ո՞վ ենք մենք։ Ի՞նչ է կեանքին նպատակը’»։ Երբ լրագիր մը կեանքի նպատակին ի՛նչ ըլլալուն մասին երիտասարդներուն կարծիքը հարցուց, ան սովորաբար հետեւեալ պատասխանները ստացաւ. «Սրտիդ ուզածը ընել»։ «Լիովին օգտուիլ իւրաքանչիւր վայրկեանէն»։ «Կեանքը վայելել»։ «Զաւակներ ունենալ, ուրախ ըլլալ եւ ապա մեռնիլ»։ Շատերու կարծիքը այդ էր որ ամէն բան այս կեանքին մէջ էր. անկէ դուրս բան մը չկար։ Ո՛չ մէկը խօսեցաւ երկրի վրայ երկարատեւ նպատակ ունեցող կեանքի մը մասին։
2 Կոնփիւկիոսական ուսումնական մը ըսաւ. «Կեանքի վերջնագոյն իմաստը կը գտնուի մեր սովորական, մարդկային գոյութեան մէջ»։ Ըստ այս գաղափարին, մարդիկ պիտի շարունակեն ծնիլ, 70–80 տարի պայքարիլ եւ ապա մեռնիլ ու յաւիտեան չքանալ։ Բարեպաշտութեան համակիր գիտնական մը ըսաւ. «‘Աւելի բարձր’ պատասխանի մը կը տենջանք, բայց՝ չկայ»։ Այս բարեշրջականին համար, կեանքը վերապրումի պայքար մըն է, մահը ըլլալով վերջին կայանը։ Այսպիսի փիլիսոփայութիւններ կեանքի նկատմամբ անյոյս տեսակէտ մը կը ներկայացնեն։
3, 4. Աշխարհի վիճակները ինչպէ՞ս կ’ազդեն կեանքի հանդէպ շատերու ունեցած տեսակէտին։
3 Շատեր, տեսնելով որ մարդուն գոյութիւնը թշուառութիւնով լեցուն է, կը կասկածին թէ կեանքը նպատակ մը ունի։ Այս ժամանակին, երբ կը թուի թէ մարդը ճարտարարուեստական եւ գիտական իրագործումներու գագաթնակէտին հասած է, շուրջ մէկ միլիառ անհատներ լուրջ հիւանդութենէ կամ թերի սննդարութենէ կը տառապին։ Ամէն տարի, անոնք միլիոնաւոր երախաներու մահուան պատճառ կը դառնան։ Ասկէ զատ, այս Ի. դարու պատերազմներէն չորս անգամ աւելի մարդ մեռած է քան անցեալ չորս հարիւր տարիներու ընթացքին։ Ոճիրը, բռնութիւնը, թմրեցուցիչի գործածութիւնը, ընտանեկան քայքայումը, ԱԴԱ–ն [AIDS] եւ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած ուրիշ հիւանդութիւնները—բացասական ազդակներու շարք մը աճումի մէջ են։ Աշխարհի առաջնորդները այս խնդիրներուն լուծում մը չունին։
4 Այս վիճակները տեսնելով, անհատ մը շատերուն գաղափարը արտայայտեց, ըսելով. «Կեանքը նպատակ մը չունի։ Եթէ այս բոլոր վատ բաները տեղի կ’ունենան, ուրեմն կեանքը մեծ իմաստ մը չունի»։ Իսկ տարեց մարդ մը ըսաւ. «Կեանքիս մեծագոյն մասը ես ինծի հարց տուած եմ թէ ի՛նչու հոս եմ։ Եթէ կեանքի մէջ նպատակ մը կայ, ա՛լ զիս չհետաքըրքրէր»։ Ուստի, քանի որ շատեր չեն գիտեր թէ Աստուած ի՛նչու տառապանքը կը թոյլատրէ, աշխարհի նեղացուցիչ վիճակները պատճառ կը դառնան որ անոնք ո՛չ մէկ յոյս ունենան ապագային համար։
5. Աշխարհի կրօնքները ինչպէ՞ս կեանքի նպատակին շուրջ շփոթութիւնը կ’աւելցնեն։
5 Նոյնիսկ կրօնական առաջնորդները կեանքի նպատակին մասին իրարու հետ համամիտ չեն եւ իրենց համար անիկա անորոշ է։ Լոնտոնի Սբ. Պօղոս Տաճարին նախկին երիցապետ մը ըսաւ. «Կեանքիս ամբողջ տեւողութեան պայքարած եմ ապրելու նպատակը գտնելու համար։ ... Ձախողած եմ»։ Ճիշդ է որ շատ մը կրօնաւորներ կը սորվեցնեն որ մահուան ատեն բարիները երկինք կ’երթան, իսկ չարերը՝ յաւիտենական կրակոտ դժոխք մը։ Բայց այս տեսակէտը կը շարունակէ երկրի վրայ մարդիկը ձգել իրենց տանջալի ընթացքին մէջ։ Իսկ եթէ Աստուծոյ կամքն էր որ մարդիկ երկինքի մէջ ապրէին, ան ինչո՞ւ սկիզբէն զանոնք երկնային արարածներ չստեղծեց հրեշտակներուն նման, զանոնք խնայելով այս տառապանքներէն։ Ուստի, երկրի վրայ կեանքը նպատակ մը ունենալու կամ չունենալու մասին շփոթութիւնը ընդհանրացած բան մըն է։
Նպատակ Ունեցող Աստուած մը
6, 7. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Տիեզերքի Գերիշխանին մասին։
6 Սակայն, պատմութեան մէջ ամենէն լայն շրջաբերութիւն ունեցող գիրքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը՝ մեզի կ’ըսէ որ Եհովա, տիեզերքի Գերիշխանը, նպատակ ունեցող Աստուած է։ Անիկա ցոյց կու տայ որ ան երկարատեւ, իրապէս յաւիտենական նպատակ մը ունի երկրի վրայ ապրող մարդկութեան համար։ Իսկ երբ Եհովա բան մը կը ծրագրէ, ան անպայման տեղը կը բերէ զանիկա։ Աստուած կ’ըսէ որ ինչպէս անձրեւը պատճառ կ’ըլլայ որ սերմերը ծլին, «իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի»։ (Եսայեայ 55։10, 11) Եհովա ի՛նչ որ ըսէ թէ պիտի իրագործէ, «ա՛ն պիտի կատարուի»։—Եսայեայ 14։24
7 Մարդիկ կրնան լիովին վստահ ըլլալ որ Ամենակալը պիտի պահէ իր խոստումը, քանի որ Աստուած ‘չի կրնար ստել’։ (Տիտոս 1։2, ՆԱ. Եբրայեցիս 6։18) Երբ ան մեզի ըսէ որ բան մը պիտի ընէ, իր խօսքը երաշխիք մըն է որ անիկա պիտի պատահի. անիկա եղածի պէս է։ Ան կ’ըսէ. «Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ, որ վերջինը՝ սկիզբէն ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի ու կ’ըսեմ թէ ‘իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’։ ... Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ»։—Եսայեայ 46։9–11
8. Անկեղծօրէն Աստուած ճանչնալ ուզողները կրնա՞ն զինք գտնել։
8 Ասկէ զատ, Եհովա «չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Այս պատճառաւ, ան չուզեր որ մէկը տգէտ մնայ իր մասին։ Ազարիա անունով մարգարէ մը ըսաւ. «Եթէ [Աստուած] փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու»։ (Բ. Մնացորդաց 15։1, 2) Հետեւաբար, Աստուած եւ իր նպատակները ճանչնալ անկեղծօրէն փափաքողները կրնան գտնել, եթէ զինք փնտռելու ջանք թափեն։
9, 10. (ա) Աստուած ճանչնալ փափաքողներուն ի՞նչ հայթայթուած է։ (բ) Աստուծոյ Խօսքին փնտռտուքը մեզի ի՞նչ ընելու կարող կը դարձնէ։
9 Ո՞ւր փնտռել։ Աստուած իրապէս զինք փնտռողներուն տրամադրութեան տակ դրած է իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ Ան հաւատարիմ մարդոց առաջնորդեց որ իր նպատակին մասին մեզի հարկ եղած բաները գրեն այն սուրբ հոգիին կամ գործօն ոյժին միջոցաւ, զոր ան գործածեց տիեզերքը ստեղծելու համար։ Օրինակի համար, Աստուածաշունչի մարգարէութիւններու առնչութեամբ, Պետրոս առաքեալ կ’ըսէ. «Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը սուրբ հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան»։ (Բ. Պետրոս 1։21) Նմանապէս, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, որպէսզի Աստուծոյ մարդը լիովին ատակ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու ամբողջովին պատրաստուած»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17, ՆԱ. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13
10 Նկատի առէք որ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կարող կ’ընէ որ ‘լիովին ատակ, ամբողջովին պատրաստուած’ ըլլանք եւ ոչ թէ՝ մասնակի կամ թերի կերպով։ Անիկա կարելի կը դարձնէ որ անհատ մը Աստուած ո՛վ ըլլալուն, իր նպատակները ի՛նչ ըլլալուն եւ իր ծառաներէն ի՛նչ պահանջելուն մասին վստահ ըլլայ։ Ասիկա կը սպասուէր ա՛յն գիրքէն որու հեղինակը Աստուած է։ Անիկա միակ աղբիւրն է, ուր կրնանք ճշգրիտ գիտութիւն փնտռել Աստուծոյ մասին։ (Առակաց 2։1–5. Յովհաննու 17։3) Այսպէս վարուելով, այլեւս տղաք չենք ըլլար, «երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու»։ (Եփեսացիս 4։13, 14) Սաղմոսերգուն իր միտքը պատշաճօրէն դրսեւորեց, երբ ըսաւ. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս»։—Սաղմոս 119։105
Աստիճանաբար Յայտնուած
11. Եհովա ինչպէ՞ս իր նպատակը յայտնած է մարդկութեան։
11 Մարդկային ընտանիքը ծնունդ առած ատեն իսկ, Եհովա իր նպատակները յայտնեց այս երկրին եւ անոր վրայ գտնուող մարդոց առնչութեամբ։ (Ծննդոց 1։26–30) Բայց երբ մեր առաջին ծնողքը մերժեց Աստուծոյ գերիշխանութիւնը, մարդկութիւնը հոգեւոր խաւարին եւ մահուան ենթակայ եղաւ։ (Հռովմայեցիս 5։12) Այսուհանդերձ, Եհովա գիտցաւ որ պիտի ըլլային անհատներ որոնք պիտի փափաքէին իրեն ծառայել։ Հետեւաբար, դարերու ընթացքին, ան իր նպատակները աստիճանաբար յայտնեց իր հաւատարիմ ծառաներուն։ Իր նպատակները հաղորդած անհատներուն մաս կը կազմէին Ենովք (Ծննդոց 5։24. Յուդա 14, 15), Նոյ (Ծննդոց 6։9, 13), Աբրահամ (Ծննդոց 12։1–3) եւ Մովսէս (Ելից 31։18. 34։27, 28)։ Աստուծոյ մարգարէ Ամովս գրեց. «Յիրաւի Տէր Եհովան բան մը չըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ»։—Ամովսեայ 3։7. Դանիէլ 2։27, 28
12. Յիսուս ինչպէ՞ս յաւելեալ լոյս սփռեց Աստուծոյ նպատակներուն վրայ։
12 Եդեմի ըմբոստութենէն շուրջ 4,000 տարիներ ետք, երբ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ երկրի վրայ էր, Եհովայի նպատակները աւելի լայն կերպով յայտնուեցան. մանաւանդ երկրի վրայ իշխելու համար երկնային Թագաւորութիւն մը հաստատելու Աստուծոյ նպատակին առնչութեամբ։ (Դանիէլ 2։44) Յիսուս այդ Թագաւորութիւնը իր ուսուցումին բնաբանը դարձուց։ (Մատթէոս 4։17. 6։10) Ան եւ իր աշակերտները սորվեցուցին որ այդ Թագաւորութեան ներքեւ, երկրի եւ մարդկութեան համար Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պիտի իրագործուի։ Երկիրը դրախտի մը պիտի վերածուի, բնակուած՝ կատարեալ մարդոցմով որոնք յաւիտեան պիտի ապրին։ (Սաղմոս 37։29. Մատթէոս 5։5. Ղուկաս 23։43. Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։4) Ասկէ զատ, Յիսուս եւ իր աշակերտները, Աստուծմէ զօրութիւն ստացած հրաշքներ կատարելով, ցոյց տուին թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենար այդ նոր աշխարհին մէջ։—Մատթէոս 10։1, 8. 15։30, 31. Յովհաննու 11։25–44
13. Մարդկութեան հետ Աստուծոյ գործառնութիւններուն նկատմամբ ի՞նչ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ Հ.Դ. Պէնտէկոստէին։
13 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուսի մահուընէ 50 օր ետք, Աստուծոյ հոգին թափուեցաւ Քրիստոսի հետեւորդներու ժողովքին վրայ։ Անիկա անհաւատարիմ Իսրայէլը փոխարինեց որպէս Եհովայի ուխտեալ ժողովուրդը։ (Մատթէոս 21։43. 27։51. Գործք 2։1–4) Այդ առիթով, սուրբ հոգիին թափուիլը կ’ապացուցանէր որ այդ ժամանակէն անդին, Աստուած իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնները պիտի յայտնէր այս նոր գործակալին միջոցով։ (Եփեսացիս 3։10) Հ.Դ. առաջին դարու ընթացքին, Քրիստոնէական ժողովքին կազմակերպչական գլխաւոր կառոյցը հաստատուած էր։—Ա. Կորնթացիս 12։27–31. Եփեսացիս 4։11, 12
14. Ճշմարտութիւնը փնտռողները ինչպէ՞ս կրնան Քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքը բնորոշել։
14 Այսօր, ճշմարտութիւնը փնտռողները կրնան Քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքը բնորոշել, քանի որ անիկա Աստուծոյ մեծագոյն յատկութիւնը՝ սէրը՝ անվարան կը ցուցաբերէ։ (Ա. Յովհաննու 4։8, 16) Արդարեւ, եղբայրական սէրը իրական Քրիստոնէութիւնը բնորոշող նշանն է։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։ (Յովհաննու 13։35. 15։12) Իսկ Յիսուս իր հետեւորդներուն յիշեցուց. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ»։ (Յովհաննու 15։14) Ուստի, Աստուծոյ իրական ծառաները անոնք են, որոնք սիրոյ օրէնքը կ’ապրին։ Անոնք այդ մասին մի՛այն չեն խօսիր, քանի որ «հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։—Յակոբու 2։26
Լուսաբանութիւն
15. Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ բանէ կրնան վստահ ըլլալ։
15 Յիսուս նախագուշակեց որ ժամանակի ընթացքին, Քրիստոնէական իրական ժողովքը երթալով աւելի պիտի լուսաբանուէր Աստուծոյ նպատակներուն առնչութեամբ։ Ան իր հետեւորդներուն խոստացաւ. «Մխիթարիչը՝ սուրբ հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ»։ (Յովհաննու 14։26) Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ (Մատթէոս 28։20) Հետեւաբար, Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութեան լուսաբանութիւնը կ’ընդլայնի Աստուծոյ ծառաներուն մէջ։ Այո, «արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։—Առակած 4։18
16. Մեր հոգեւոր լուսաբանութիւնը Աստուծոյ նպատակներուն առնչութեամբ ի՞նչ կը յայտնէ մեզի։
16 Ներկայիս, այդ հոգեւոր լոյսը որեւէ ատենէ աւելի կը շողայ, քանի որ կ’ապրինք այ՛ն ժամանակին մէջ, երբ Աստուածաշունչի շատ մը մարգարէութիւններ կը կատարուին կամ կատարուելու վրայ են։ Ասոնք ցոյց կու տան որ մենք կ’ապրինք ներկայ ամբարիշտ դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ։ Այս ժամանակաշրջանը կոչուած է ‘իրերու դրութեան վախճան’ը, որու պիտի յաջորդէ Աստուծոյ նոր աշխարհը։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–5, 13. Մատթէոս 24։3–13, ՆԱ։) Ինչպէս Դանիէլ մարգարէացած է, Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը շուտով «այս [հիմա գոյութիւն ունեցող] բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44
17, 18. Հիմա ի՞նչ հոյակապ մարգարէութիւններ կը կատարուին։
17 Հիմա կատարուող մարգարէութիւններուն մաս կը կազմէ Մատթէոս 24–րդ գլուխին 14–րդ համարը։ Հոն Յիսուս կ’ըսէ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ Համայն աշխարհի մէջ, Թագաւորութեան այս քարոզչութիւնը կը կատարուի միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներու կողմէ։ Իսկ ամէն տարի հարիւր հազարաւորներ անոնց կը միանան։ Ասիկա ներդաշնակ է Եսայեայ 2։2, 3–ի մարգարէութեան հետ, ուր կ’ըսէ որ այս չար աշխարհին «վերջին օրերը», բոլոր ազգերէն մարդիկ պիտի գային Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքին եւ ‘ան իր ճամբաները պիտի սորվեցնէր անոնց եւ անոնք իր շաւիղներուն մէջ պիտի քալէին’։
18 Այս նորեկները «ամպի պէս» կը խուժեն Եհովայի պաշտամունքին, ինչպէս նախագուշակուած էր Եսայեայ 60։8–ին մէջ։ Իսկ 22–րդ համարը կ’աւելցնէ. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա»։ Իրողութիւնները ցոյց կու տան որ ա՛յդ ժամանակը հիմա է։ Այս նորեկները կրնան վստահ ըլլալ որ, Եհովայի Վկաներուն հետ ընկերակցելով, շփման մէջ եկած են Քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքին հետ։
19. Ինչո՞ւ կ’ըսենք որ Եհովայի Վկաներուն ընկերակցող նորեկները Քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքին մէջ կու գան։
19 Ինչո՞ւ կրնանք այսքան վստահութեամբ խօսիլ։ Քանի որ այս նորեկները, Եհովայի կազմակերպութեան մէջ արդէն գտնուող միլիոնաւորներու հետ, իրենց կեանքը նուիրած են Աստուծոյ, իր կամքը կատարելու համար։ Ասիկա իր մէջ կ’առնէ նաեւ աստուածապաշտ սիրոյ օրէնքին հետ ներդաշնակ ապրիլը։ Ասոր որպէս ապացոյց, այս Քրիստոնեաները ‘իրենց սուրերը խոփեր եւ իրենց նիզակները յօտոցներ ըրած են եւ ա՛լ պատերազմ չեն սորվիր’։ (Եսայեայ 2։4) Համայն աշխարհին մէջ, Եհովայի Վկաները ասիկա ըրած են, քանի որ անոնք սէր ի գործ կը դնեն։ Ասիկա կը նշանակէ որ անոնք բնաւ զէնք չեն վերցներ իրար դէմ կամ ուրիշի մը դէմ։ Ասոր մէջ, անոնք անբաղդատելի են. աշխարհի կրօնքներուն հակառակը։ (Յովհաննու 13։34, 35. Ա. Յովհաննու 3։10–12, 15) Անոնք միջամուխ չեն ըլլար ազգայնական պառակտումներու, քանի որ համերկրային եղբայրակցութիւն մը կը կազմեն, որ շաղախուած է ‘միութեան կատարեալ կապը’ եղող՝ սիրով։—Կողոսացիս 3։14, ՆԱ. Մատթէոս 23։8. Ա. Յովհաննու 4։20, 21
Շատեր կը Նախընտրեն Անգիտանալ
20, 21. Մարդկութեան հսկայ մեծամասնութիւնը ինչո՞ւ հոգեւոր խաւարի մէջ է։ (Բ. Կորնթացիս 4։4. Ա. Յովհաննու 5։19)
20 Մինչ Աստուծոյ ծառաներուն մէջ հոգեւոր լոյսը կը շողայ, երկրի մնացեալ բնակչութիւնը երթալով հոգեւոր խաւարի մէջ աւելի կ’ընկղմի։ Անոնք Եհովան եւ իր նպատակները կ’անգիտանան։ Աստուծոյ մարգարէն նկարագրեց այս ժամանակը, երբ ըսաւ. «Ահա խաւարը՝ երկիրը ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ»։ (Եսայեայ 60։2) Պատճառը այն է որ մարդիկ Աստուծոյ մասին գիտնալու անկեղծ հետաքրքրութիւն չունին, ոչ ալ իրեն հաճելի ըլլալու ցանկութիւնը կը յայտնեն։ Յիսուս ըսաւ. «Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։ Վասնզի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէսզի իր գործերը չյանդիմանուին»։—Յովհաննու 3։19, 20
21 Այսպիսի անհատներ անկեղծ հետաքրքրութիւն չունին Աստուծոյ կամքը գիտնալու։ Այլ, իրենց կեանքին առանցքը դարձուցած են իրենց անձնական կամքը։ Աստուծոյ կամքը անտեսելով, անոնք իրենք զիրենք վտանգաւոր դիրքի մէջ կը դնեն, քանի որ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ան որ օրէնքին մտիկ չընելու համար կը գոցէ իր ականջը, անոր աղօթքն անգամ պիղծ է»։ (Առակաց 28։9) Անոնք իրենց ընտրած ընթացքին հետեւանքները պիտի կրեն։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասնզի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ»։—Գաղատացիս 6։7, 8
22. Աստուած ճանչնալ փափաքող մեծ թիւով անհատներ հիմա ի՞նչ կ’ընեն։
22 Սակայն, կան մեծ թիւով անհատներ որոնք կը փափաքին Աստուծոյ կամքը գիտնալ, որոնք անկեղծօրէն կը փնտռեն զինք եւ իրմով հրապուրուած են։ «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ», կ’ըսէ Յակոբու 4։8–ը։ Այսպիսիներուն մասին Յիսուս ըսաւ. «Ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։ (Յովհաննու 3։21) Իսկ Աստուած ի՜նչ հոյակապ ապագայ մը վերապահած է անոնց որոնք լոյսին կու գան։ Մեր յաջորդ յօդուածը պիտի խօսի այս խայտալի հեռանկարներուն մասին։
Ինչպէ՞ս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Շատեր ի՞նչ կ’ըսեն կեանքի նպատակին մասին։
◻ Եհովա ինչպէ՞ս ինքզինք յայտնած է որպէս նպատակի տէր Աստուած մը։
◻ Ի՞նչ մեծ լուսաբանութիւն եղաւ Հ.Դ. առաջին դարուն։
◻ Ներկայիս ինչպէ՞ս կրնանք Քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքը բնորոշել։