-
Միշտ Եհովայի վստահէԴիտարան 2015 | Ապրիլ 15
-
-
2 Շատ հաւանաբար որ այս տագնապալից ժամանակին մէջ էր որ Պօղոս առաքեալ երկրորդ անգամ ըլլալով Հռոմի մէջ բանտարկուեցաւ։ Այլ քրիստոնեաներ իրեն պիտի օգնէի՞ն։ Այս ուղղութեամբ Պօղոս թերեւս որոշ մտահոգութիւն ունեցաւ, քանի որ Տիմոթէոսի գրեց. «Առաջին անգամ ատեանին առջեւ պատասխան տալուս՝ իմ կողմս մէ՛կը չկայնեցաւ, հապա ամէնքն ալ զիս թողուցին. այս իրենց թող յանցանք չսեպուի»։ Այսուհանդերձ Պօղոս ընդունեց որ բոլորովին առանց օգնութեան չէր։ Ան աւելցուց. «Բայց Տէրը իմ քովս կայնեցաւ ու զիս զօրացուց»։ Այո, Տէր Յիսուս Պօղոսի հարկ եղած զօրութիւնը հայթայթեց։ Իսկ արդի՞ւնքը։ «Ես առիւծին բերնէն ազատեցայ» (Բ. Տիմ. 4։16, 17)a։
3 Այդ փորձառութիւնը վերյիշելը զօրացուցած ըլլալու էր Պօղոսը, օգնելով վստահութիւն ունենալու որ Եհովան զինք պիտի ամրացնէր, որպէսզի իր ներկայ փորձութիւններուն եւ գալիք որեւէ դժուարութեան տոկար։ Իրականութեան մէջ, ան յաջորդաբար ըսաւ. «Տէրը ամէն չար գործէ պիտի ազատէ զիս» (Բ. Տիմ. 4։18)։ Արդարեւ, Պօղոս փորձառաբար գիտէր որ նոյնիսկ երբ մարդկային օգնութիւնը սահմանափակ է, Եհովայի ու իր Որդիին հայթայթած օգնութիւնը իրական է։
-
-
Միշտ Եհովայի վստահէԴիտարան 2015 | Ապրիլ 15
-
-
«ԱՌԻՒԾԻՆ ԲԵՐԱՆԸ»
10-12. ա) Ի՞նչ բան կրնայ հիւանդ տնեցիի մը հոգ տանիլը դժուարացնել։ բ) Դժուար ժամանակներու ընթացքին Եհովայի վստահիլը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ իրեն հետ անհատին ունեցած յարաբերութեան. լուսաբանէ։
10 Երբ խիստ նեղութեան մէջ ես, թերեւս զգաս ինչպէս որ Պօղոս զգաց, թէ «առիւծին բերան»ին մէջ կամ առնուազն շատ մօտ ես։ Այսպիսի ժամանակներու ընթացքին, Եհովայի վստահիլը ծայրաստիճան կարեւոր է։ Օրինակ՝ թերեւս երկարատեւ հիւանդութենէ բռնուած տնեցիի մը հոգ կը տանիս։ Աղօթքով իմաստութիւն եւ զօրութիւն խնդրած եսb։ Այս ուղղութեամբ ամէն կարելիդ ընելէ ետք, որոշ չափով խաղաղութիւն կը զգաս, գիտնալով որ Եհովայի աչքերը քու վրադ են եւ հարկ եղածը պիտի հայթայթէ, որպէսզի հաւատարմօրէն տոկաս (Սաղ. 32։8)։
-
-
Միշտ Եհովայի վստահէԴիտարան 2015 | Ապրիլ 15
-
-
a «Առիւծին բերանը», որմէ Պօղոս ազատեցաւ, կրնայ բառացի կամ այլաբանական ըլլալ։
-