Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ17 Յունուար էջ 27-31
  • ‘Այն բաները հաւատարիմ մարդոց յանձնէ’

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ‘Այն բաները հաւատարիմ մարդոց յանձնէ’
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԴԱՒԻԹ ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՍՈՂՈՄՈՆԸ
  • ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՄԱՐԶԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԶԳԱ՛
  • ՏԱՐԻՔՈՎ ՄԵԾԵՐԸ ԱՐԺԵՒՈՐԷ
  • ԱՄԷՆ ՄԷԿՍ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐ ՄԸ ՈՒՆԻ
  • Արժեւորէ երիտասարդ եղբայրներուն ու քոյրերուն ուժը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Մեր հաւատարիմ տարեցները գանձ սեպէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Եհովա իր տարեց ծառաները քնքշօրէն կը հոգայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Պատանիները Լաւ Օրինակի Մը Կարիքը Ունին
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1994)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2017
դ17 Յունուար էջ 27-31
Տարիքով աւելի մեծ եղբայր մը ժողովին մէջ պատասխան մը կու տայ, երիտասարդ եղբօր մը հետ հովուական այցելութիւն կ’ընէ, եւ մտիկ կ’ընէ մինչ երիտասարդ երէց մը կը խօսի

‘Այն բաները հաւատարիմ մարդոց յանձնէ’

«Այն բաները. . . հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել» (Բ. ՏԻՄ. 2։2)։

ԵՐԳԵՐ. 123, 53

ԿԸ ՅԻՇԵ՞Ս

  • Դաւիթ թագաւոր ի՞նչ ըրաւ երբ գիտցաւ թէ իր տղան պիտի շինէր Աստուծոյ տաճարը։

  • Տարիքով աւելի մեծերը ինչո՞ւ պէտք է օգնեն ուրիշներուն որ աւելի պատասխանատուութիւն վերցնեն։

  • Տարիքով աւելի երիտասարդները ինչպէ՞ս կրնան ճիշդ կեցուածքը ունենալ, մինչ տարեց եղբայրներուն գործը կը ստանձնեն։

1, 2. Շատեր ի՞նչ աչքով կը դիտեն իրենց գործը։

ՇԱՏԵՐ կը զգան թէ իրենց կարեւորութիւնը կախեալ է իրենց գործէն։ Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, երբ մարդիկ իրարու պիտի ծանօթանան, սովորաբար կը հարցնեն. «Ի՞նչ գործ կ’աշխատիս»։

2 Սուրբ Գիրքը կարգ մը մարդիկ կը նկարագրէ իրենց գործով։ Օրինակ, ատիկա կը նշէ «Մատթէոս մաքսաւոր»ը, «Սիմոն անունով կաշի բանող»ը եւ «Ղուկաս բժիշկը» (Մատ. 10։3. Գործք 10։6. Կող. 4։14)։ Սուրբ Գիրքին մէջ ուրիշ տեղեր նշուած է թէ որոշ անձեր ի՛նչ հոգեւոր նշանակում կամ առանձնաշնորհում ունէին։ Միտքդ բեր Դաւիթ թագաւորը, Եղիա մարգարէն եւ Պօղոս առաքեալը։ Անոնք կ’արժեւորէին իրենց աստուածատուր նշանակումը։ Եթէ մենք ալ հոգեւոր առանձնաշնորհումներ ունինք, պէտք է արժեւորենք զանոնք։

3. Ինչո՞ւ հարկ կայ որ տարիքով աւելի մեծերը մարզեն ուրիշներ (տե՛ս բացման պատկերը)։

3 Մեզմէ շատեր կը սիրեն իրենց հոգեւոր նշանակումները եւ կ’ուզեն միշտ ատոնց մէջ մնալ։ Բայց ցաւօք սրտի, երբ մարդիկ տարիքով մեծնան, չեն կրնար ընել ամէն ինչ որ առաջ կ’ընէին (Ժող. 1։4)։ Ասիկա Եհովայի ժողովուրդին առջեւ դժուարութիւններ կը դնէ։ Այսօր, քարոզչութեան գործը կը շարունակէ աւելնալ, եւ Եհովայի կազմակերպութիւնը կը գործածէ արդի արհեստագիտութիւնը, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնէ բարի լուրը։ Բայց ատեններ տարեցներուն համար դժուար կ’ըլլայ այս նոր կերպերը սորվիլ (Ղուկ. 5։39)։ Նաեւ, երիտասարդները աւելի ոյժ ու կորով կ’ունենան քան տարիքով մեծերը (Առ. 20։29)։ Ասոր համար, սիրալիր եւ գործնական է որ տարիքով աւելի մեծերը մարզեն ուրիշները, որ աւելի պատասխանատուութիւններ շալկեն (կարդա՛ Սաղմոս 71։18)։

4. Կարգ մը մարդոց համար ինչո՞ւ դժուար կ’ըլլայ որ ուրիշներուն գործ յանձնեն (տե՛ս «Ոմանք ինչո՞ւ գործ չեն յանձներ ուրիշներուն» շրջանակը)։

4 Հեղինակութիւն ունեցողներուն համար միշտ դիւրին չ’ըլլար ուրիշներուն գործ յանձնել։ Ոմանք կը վախնան որ ուրիշներ իրենց ձեռքէն առնեն իրենց սիրած նշանակումը։ Ոմանք համոզուած են որ իրենցմէ աւելի երիտասարդները իրենց պէս լաւ չեն կրնար ընել գործերը, եւ այսպիսով կը վախնան որ ամէն ինչ գլուխը առնէ երթայ։ Ոմանք ալ կ’ըսեն թէ ժամանակ չունին ուրիշ մը մարզելու։ Իսկ երիտասարդները պէտք է համբերող ըլլան, երբ աւելի պատասխանատուութիւն չստանան։

5. Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

5 Լաւ, ինչո՞ւ կարեւոր է որ տարիքով աւելի մեծերը ուրիշներուն օգնեն աւելի պատասխանատուութիւն առնելու։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան ընել ասիկա (Բ. Տիմ. 2։2)։ Եւ երիտասարդները ինչո՞ւ պէտք է ճիշդ կեցուածքը ունենան, մինչ տարիքով մեծ եւ փորձառու եղբայրներու հետ կ’աշխատին եւ անոնցմէ կը սորվին։ Նախ, տեսնենք թէ Դաւիթ թագաւոր ինչպէ՛ս իր տղան պատրաստեց, որ կարեւոր պատասխանատուութիւն մը շալկէ։

ԴԱՒԻԹ ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՍՈՂՈՄՈՆԸ

6. Դաւիթ ի՞նչ ուզեց ընել, եւ Եհովան ի՞նչ ըսաւ իրեն։

6 Դաւիթ տարիներով ապրեցաւ որպէս փախստական։ Ետքը, ան թագաւոր եղաւ եւ հանգստաւէտ տան մը մէջ ապրեցաւ։ Ան տեսաւ որ Եհովան տաճար չունէր եւ ուզեց գեղեցիկ տաճար մը շինել իրեն։ Ան Նաթան մարգարէին ըսաւ. «Ահա ես եղեւնափայտէ շինուած տան մէջ կը բնակիմ, բայց Տէրոջը ուխտին տապանակը վրանի տակ է»։ Նաթան պատասխանեց. «Բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է»։ Բայց Եհովային ուզածը ուրիշ բան մըն էր։ Ան Նաթանէն խնդրեց որ Դաւիթին ըսէ. «Իմ բնակելու տունս դուն պիտի չշինես»։ Թէեւ Եհովան սիրալիր կերպով վստահեցուց Դաւիթին թէ պիտի շարունակէ զինք օրհնել, բայց ըսաւ որ Դաւիթին տղան՝ Սողոմոնը պիտի շինէր տաճարը։ Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ (Ա. Մն. 17։1-4, 8, 11, 12. 29։1)։

7. Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ երբ իմացաւ Եհովային տուած ուղղութիւնը։

7 Դաւիթ թերեւս յուսախաբ եղաւ որ իր սրտին փափաքը պիտի չկրնար ընել։ Ան իրապէս կ’ուզէր տաճար մը շինել Եհովային։ Բայց ան լման թիկունք կանգնեցաւ այս ծրագրին, որ Սողոմոնին առաջնորդութեամբ պիտի կատարուէր։ Դաւիթ գործաւորներ կազմակերպեց եւ երկաթ, պղինձ, արծաթ, ոսկի ու տախտակ հաւաքեց։ Ան հոգ չըրաւ թէ տաճարը շինելուն վարկը որո՛ւն պիտի երթար։ Եւ ի վերջոյ տաճարը ճանչցուեցաւ որպէս Սողոմոնին տաճարը։ Նաեւ, Դաւիթ քաջալերեց Սողոմոնը, ըսելով. «Որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզի հետ ըլլայ ու յաջողութիւն գտնես եւ քու Տէր Աստուծոյդ տուն շինես, ինչպէս քեզի համար խօսեցաւ» (Ա. Մն. 22։11, 14-16)։

8. Դաւիթ ինչո՞ւ թերեւս մտածեց թէ Սողոմոն պատրաստ չէ տաճարը շինելու, բայց ան ի՞նչ ըրաւ։

8 Կարդա՛ Ա. Մնացորդաց 22։5։ Դաւիթ թերեւս մտածեց թէ Սողոմոն պատրաստ չէ այսպիսի կարեւոր ծրագիր մը առաջնորդելու։ Տաճարը պէտք էր «անուանի ու փառաւոր» ըլլար, իսկ Սողոմոն պատանի ու անփորձ էր։ Բայց Դաւիթ գիտէր թէ Եհովան Սողոմոնին պիտի օգնէր որ այս յատուկ գործը կատարէր։ Այսպիսով, Դաւիթ իր ամէն կարելին ըրաւ որ այս հսկայ գործին համար պատրաստութիւններ տեսնէ։

ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՄԱՐԶԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԶԳԱ՛

Տարիքով աւելի մեծ եղբայր մը ուրախ է՝ տեսնելով որ իր մարզած երիտասարդ եղբայրը կը վարէ Դիտարանի Ուսումնասիրութիւնը

Կ’ուրախանանք երբ կը տեսնենք թէ երիտասարդները աւելի պատասխանատուութիւններ կը շալկեն (տե՛ս պարբերութիւն 9)

9. Տարեցները ինչպէ՞ս ուրախ կրնան ըլլալ երբ իրենց պատասխանատուութիւնները կը յանձնեն ուրիշներուն. օրինակ մը տուր։

9 Տարիքով աւելի մեծ եղբայրները պէտք չէ յուսահատին, երբ պէտք ըլլայ որ իրենց նշանակումները յանձնեն ուրիշներուն։ Բոլորս գիտենք թէ Եհովային գործը առաջին տեղը կու գայ, եւ որպէսզի ատիկա կատարուի, պէտք է երիտասարդները մարզուին որ պատասխանատուութիւն շալկեն։ Տարեցները պէտք է շատ ուրախ ըլլան երբ տեսնեն, թէ իրենց մարզած անհատները կը շալկեն այն պատասխանատուութիւնները որ առաջ իրենք ունէին։ Այս օրինակը նկատի առ։ Պզտիկ տղայ մը իր հայրը կը դիտէ, մինչ ան ինքնաշարժ կը քշէ։ Երբ տղան քիչ մը մեծնայ, հայրը իրեն կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կը քշէ։ Ետքը, երբ տղան չափահաս դառնայ, կը սկսի ինքնաշարժը քշել մինչ իր հայրը ցուցմունքներ կու տայ իրեն։ Ատեններ հայրը կը քշէ, ատեններ ալ՝ տղան։ Բայց երբ հայրը իր տարիքը առնէ, գրեթէ միշտ տղան կը քշէ ինքնաշարժը։ Հայրը կ’ուրախանայ որ տղան կը տանի–կը բերէ զինք եւ չի զգար որ անպայման ի՛նք պէտք է քշէ։ Նմանապէս, տարիքով աւելի մեծերը հպարտ կը զգան երբ իրենց մարզած անձերը պատրաստ կ’ըլլան հոգեւոր պատասխանատուութիւններ շալկելու։

10. Մովսէսին համար որքա՞ն կարեւոր էին փառքն ու պատիւը եւ հեղինակութիւնը։

10 Պէտք է ուշադիր ըլլանք որ ուրիշներու նշանակումներուն չնախանձինք։ Նկատէ թէ Մովսէս ի՛նչ ըրաւ երբ որոշ իսրայէլացիներ սկսան մարգարէներու պէս վարուիլ (կարդա՛ Թուոց 11։24-29)։ Մովսէսին օգնականը՝ Յեսու ուզեց արգելք կենալ անոնց։ Ան հաւանաբար կարծեց որ անոնք Մովսէսին հեղինակութիւնը կը տկարացնէին։ Բայց Մովսէս ըսաւ. «Ինծի՞ համար կը նախանձիս. երանի՜ թէ Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային եւ Տէրը իր Հոգին անոնց վրայ դնէր»։ Ան գիտցաւ որ Եհովան կ’առաջնորդէր հարցերը։ Մովսէս իր անձին փառք չփնտռեց, հապա՝ կ’ուզէր որ Եհովային բոլոր ծառաները ունենան նոյն հոգեւոր պարգեւը։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Կ’ուրախանա՞նք երբ ուրիշներ ստանան առանձնաշնորհումներ որ մենք կրնայինք ստանալ։

11. Եղբայր մը ի՞նչ ըսաւ իր պատասխանատուութիւնը ուրիշին յանձնելուն մասին։

11 Այսօր, շատ եղբայրներ կան որ երկա՜ր տարիներ ծանր աշխատած են Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Անոնք ուրիշներ մարզած են որ աւելի պատասխանատուութիւն շալկեն։ Օրինակ, Փիթըր անունով եղբայր մը աւելի քան 74 տարի անցուց որպէս լիաժամ ծառայ, իսկ ատոր 35 տարին ծառայեց Եւրոպայի մէկ մասնաճիւղին մէջ։ Մինչեւ վերջերս ան կը ծառայէր որպէս Ծառայութեան բաժանմունքի տեսուչ։ Հիմա, այս նշանակումը տրուած է Փոլ անունով եղբօր մը, որ երկար ժամանակ Փիթըրին հետ աշխատած է։ Լաւ, Փիթըր ի՞նչ զգաց այս փոփոխութենէն ետք։ Ան ըսաւ. «Շատ ուրախ եմ որ կան եղբայրներ որոնք մարզուած են աւելի պատասխանատուութիւն շալկելու, եւ անոնք շատ լաւ հոգ կը տանին գործին»։

ՏԱՐԻՔՈՎ ՄԵԾԵՐԸ ԱՐԺԵՒՈՐԷ

12. Ի՞նչ կը սորվինք Ռոբովամէն։

12 Երբ Սողոմոնին տղան՝ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ, ծերերուն կարծիքը առաւ որ ինչպէ՛ս գլուխ ելլէ իր պատասխանատուութիւններուն հետ։ Բայց ետքը ան մերժեց անոնց խրատը եւ հետեւեցաւ իրեն հետ մեծցող երիտասարդներուն խրատին։ Արդիւնքը ցաւալի էր (Բ. Մն. 10։6-11, 19)։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Իմաստուն անձը մեծերէն եւ փորձառու անհատներէն խրատ կը խնդրէ։ Ճիշդ է որ երիտասարդները պէտք չունին ստիպուած զգալու, որ բոլոր բաները ընեն նոյն կերպով որ առաջ մեծերը սովորութիւն ունէին ընելու։ Բայց, անոնք պէտք է տարիքով աւելի մեծերուն գաղափարները յարգեն, եւ շուտով չմտածեն որ անոնց ըսածը գործնական չէ։

13. Երիտասարդները ինչպէ՞ս պէտք է աշխատին մեծերուն կողքին։

13 Ատեններ, երիտասարդներուն կը տրուի այն պատասխանատուութիւնը, որ տարիքով աւելի մեծերուն եւ փորձառու եղբայրներուն գործին վրայ վերահսկեն։ Լաւ կ’ըլլայ որ անոնք այդ մեծերուն իմաստութենէն եւ փորձառութենէն օգտուին առաջ որ որոշումներ առնեն։ Քիչ առաջ նշուած փորձառութեան մէջ, Փոլ Փիթըրին տեղ տեսուչ ըլլալէ ետք ըսաւ. «Ժամանակ կը տրամադրէի որ Փիթըրին խրատը առնէի, եւ բաժանմունքին մէջ միւսներն ալ կը քաջալերէի որ նոյնը ընեն»։

14. Ի՞նչ կը սորվինք Պօղոսէն եւ Տիմոթէոսէն։

14 Տիմոթէոս շատ աւելի պզտիկ էր քան Պօղոս առաքեալը, եւ անոնք տարիներով միասին ծառայեցին (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։20-22)։ Պօղոս կորնթացիներուն ըսաւ. «Ձեզի ղրկեցի Տիմոթէոսը, որ իմ սիրելի որդիս է ու Տէրոջմով հաւատարիմ. որ ձեր միտքը պիտի ձգէ Քրիստոսով իմ բռնած ճամբաներս, ինչպէս ամէն տեղ բոլոր եկեղեցիներուն կը սորվեցնեմ» (Ա. Կոր. 4։17)։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ Պօղոս եւ Տիմոթէոս շատ լաւ կը համագործակցէին իրարու հետ։ Պօղոս ժամանակ տրամադրած էր որ Տիմոթէոսին սորվեցնէ «Քրիստոսով [իր] բռնած ճամբաներ»ը։ Իսկ Տիմոթէոս լաւ սորված էր Պօղոսէն եւ անոր սէրը շահած էր։ Պօղոս վստահ էր որ Տիմոթէոս կրնա՛ր կորնթացիներուն հոգեւոր պէտքերուն հոգ տանիլ։ Ինչ լաւ կ’ըլլայ որ երէցները Պօղոսին նմանին, մինչ ուրիշները կը մարզեն որ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնեն։

ԱՄԷՆ ՄԷԿՍ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐ ՄԸ ՈՒՆԻ

15. Հռովմայեցիս 12։3-5–ը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի որ փոփոխութիւններուն հետ գլուխ ելլենք։

15 Հետաքրքրական ժամանակի մը մէջ կ’ապրինք։ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասը շատ մը կերպերով կ’աճի։ Ասիկա կը նշանակէ թէ փոփոխութիւնները պիտի շարունակուին։ Երբ փոփոխութիւնները անձնապէս մեզի ազդեն, լաւ կ’ըլլայ որ հեզ ըլլանք եւ Եհովային շահերը փնտռենք ու ոչ թէ մեր շահերը։ Ասիկա կը ձգէ որ միացած մնանք։ Պօղոս Հռոմի քրիստոնեաներուն գրեց. «Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց։ Վասն զի ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով» (Հռով. 12։3-5)։

16. Ամէն անձ ի՞նչ կրնայ ընել որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ խաղաղութիւնն ու միութիւնը պահպանուի։

16 Ուրեմն, ինչ ալ ըլլան մեր պարագաները, թող որ բոլորս ջանք թափենք որ Եհովայի հոյակապ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանինք։ Ո՛վ մեծեր, երիտասարդները մարզեցէք որ ձեր ըրած գործը ընեն։ Ո՛վ երիտասարդներ, տրուած պատասխանատուութիւնը ընդունեցէք, համեստ եղէք եւ մեծերը յարգեցէք։ Եւ ո՛վ կիներ, Ակիւղասի կնոջ՝ Պրիսկիղային նմանեցէք, որ իր ամուսինին հաւատարմաբար թիկունք կանգնեցաւ, երբ իրենց պարագաները փոխուեցան (Գործք 18։2)։

17. Յիսուս ի՞նչ վստահութիւն ունէր իր աշակերտներուն հանդէպ, եւ զանոնք մարզեց ի՞նչ ընելու։

17 Յիսուս լաւագոյն օրինակն է ուրիշները մարզելուն մէջ։ Ան գիտէր թէ իր երկրային ծառայութիւնը պիտի վերջանար, եւ պէտք պիտի ըլլար որ ուրիշներ իր գործը շարունակէին։ Թէեւ իր աշակերտները անկատար էին, բայց ան անոնց հանդէպ վստահութիւն ունէր, եւ անոնց ըսաւ որ իր գործերէն աւելի մեծ գործեր պիտի ընէին (Յովհ. 14։12)։ Ան աշակերտները լաւ մարզեց եւ անոնք բարի լուրը տարածեցին այդ ժամանակուան աշխարհի չորս կողմը (Կող. 1։23)։

18. Ապագային ի՞նչ ընելիք պիտի ունենանք, իսկ հիմա ի՞նչ կրնանք ընել։

18 Յիսուս իր մահուընէ ետք յարութիւն առնելով երկինք ելաւ։ Ան ստացաւ յաւելեալ գործեր եւ հեղինակութիւն՝ ‘ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր’ (Եփ. 1։19-21)։ Գալով մեզի, նոյնիսկ եթէ մեռնինք Արմագեդոնէն առաջ որպէս Եհովայի հաւատարիմ ծառայ, յարութիւն պիտի առնենք եւ շատ ընելիքներ պիտի ունենանք արդար նոր աշխարհին մէջ։ Իսկ հիմա բոլորս ունինք բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու գործը, որ շատ կարեւոր է։ Ըլլանք երիտասարդ թէ տարիքով մեծ, թող որ բոլորս «ամէն ատեն [աւելնանք] Տէրոջը գործին մէջ» (Ա. Կոր. 15։58)։

ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՞Ւ ԳՈՐԾ ՉԵՆ ՅԱՆՁՆԵՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ

1

Անոնք կը վախնան որ գործին վարկը իրենց չտրուի։

Բայց, ամէն վարկը Եհովային կ’երթայ (Սաղ. 115։1)։

2

Անոնք չեն ուզեր իրենց սիրած գործը իրենց ձեռքէն երթայ։

Բայց ուրիշները մարզելուն մէջ ուրախութիւն կայ (Գործք 20։35)։

3

Անոնք կը վախնան որ ուրիշներ գործը լաւ չընեն։

Բայց Աստուած կրնայ ուրիշներուն օգնել որ գործը ընեն (Սաղ. 37։5)։

4

Անոնք չեն ուզեր որ գործը գլուխը առնէ երթայ։

Բայց լաւ է որ ըմբռնենք թէ հարցերուն ղեկը Եհովային ձեռքն է (Եսա. 45։6, 7)։

5

Անոնք կը կարծեն որ ժամանակ չունին ուրիշները մարզելու։

Բայց ուրիշներ մարզելը կը ձգէ որ յետագային ժամանակ չկորսուի (Եփ. 5։15, 16)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել