Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ ուսումն. 22 էջ 153-էջ 156 պարբ. 5
  • Համարները Շիտակ Կերպով Կիրարկուած

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Համարները Շիտակ Կերպով Կիրարկուած
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Համարին կիրարկումը յստակացնել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
  • Համարները Ազդու Կերպով Ներկայացուած
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ուսուցումիդ մէջ համոզիչ եղիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Համար կարդալէ առաջ՝ գետին պատրաստել
    Աւելի լաւ կարդանք եւ սորվեցնենք
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ ուսումն. 22 էջ 153-էջ 156 պարբ. 5

Ուսումնասիրութիւն 22

Համարները Շիտակ Կերպով Կիրարկուած

Ի՞նչ պէտք է ընէք

Վստահ եղէք որ համարի մը կիրարկումը՝ բովանդակութեան եւ ամբողջ Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ է։ Կիրարկումը նաեւ համաձայն պէտք է ըլլայ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին կողմէ հրատարակուած տեղեկութեանց հետ։

Ինչո՞ւ կարեւոր է

Ուրիշներուն Աստուծոյ Խօսքը սորվեցնելը լուրջ բան մըն է։ Իր կամքն է որ մարդիկ «ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։3, 4) Ասիկա մեր վրայ պատասխանատուութիւն կը դնէ որ Աստուծոյ Խօսքը շիտակ բացատրենք։

ԵՐԲ ուրիշներու կը սորվեցնենք, միմիայն Աստուածաշունչէն համարներ կարդալէն աւելին կը պահանջուի։ Պօղոս առաքեալ իր ընկերակիցին՝ Տիմոթէոսին գրեց. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով»։—Բ. Տիմ. 2։15

Ասիկա ընել կը նշանակէ որ համարներու մասին մեր տուած բացատրութիւնը պէտք է Աստուածաշունչի ուսուցումին հետ համապատասխան ըլլայ։ Ասիկա կը պահանջէ որ բովանդակութիւնը նկատի ունենանք, փոխանակ կարգ մը արտայայտութիւններ ընտրելու, որոնք մեզի հաճելի են, եւ անոնց վրայ մեր գաղափարները աւելցնելու։ Երեմիա մարգարէին միջոցով, Եհովա նախազգուշացուց այն մարգարէներուն դէմ, որոնք կը դաւանէին Եհովայի կողմէ խօսիլ, բայց իրականութեան մէջ «իրենց սրտին տեսիլքը կը խօսէին»։ (Երեմ. 23։16) Պօղոս առաքեալ զգուշացուց Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը մարդկային փիլիսոփայութիւններով վարակելու դէմ, երբ գրեց. «Կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ»։ Այդ օրերուն, գինիի անպարկեշտ վաճառականներ իրենց գինիին մէջ ջուր կը խառնէին քանակը աւելցնելու ու աւելի դրամ շահելու համար։ Մենք Աստուծոյ Խօսքը չենք խարդախեր, անոր մէջ մարդկային փիլիսոփայութիւններ խառնելով։ Պօղոս ըսաւ. «Մենք շատերուն պէս չենք, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը խարդախեն, հապա կը խօսինք անկեղծութեամբ, որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով»։—Բ. Կորն. 2։17. 4։2

Երբեմն, թերեւս համար մը կը մէջբերէք, սկզբունք մը շեշտելու համար։ Աստուածաշունչը լեցուն է սկզբունքներով, որոնք այլազան կացութիւններ ձեռք առնելու համար շիտակ առաջնորդութիւն կու տան։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Բայց վստահ պէտք է ըլլաք որ ձեր ըրած կիրարկումը ճիշդ է եւ համարը սխալ կերպով չէք գործածեր, անոր ըսել տալով ինչ որ դուք կ’ուզէք որ ըսէ։ (Սաղմ. 91։11, 12. Մատթ. 4։5, 6) Կիրարկումը Եհովայի նպատակին հետ ներդաշնակ ու ամբողջ Աստուծոյ Խօսքին համապատասխան պէտք է ըլլայ։

«Ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել»ը նաեւ կը պարփակէ՝ Աստուածաշունչի խօսքերուն հոգին հասկնալ։ Անիկա «գաւազան» մը չէ որ անով վախցնէք ուրիշները։ Յիսուս Քրիստոսի հակառակող կրօնական ուսուցիչները Սուրբ Գրութիւններէն կը մէջբերէին, բայց անոնք աւելի ծանրակշիռ բաներուն վրայ աչք կը խփէին, որոնց կարգին էին Աստուծոյ կողմէ պահանջուած արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը։ (Մատթ. 22։23, 24. 23։23, 24) Երբ Աստուծոյ Խօսքը կ’ուսուցանէր, Յիսուս իր Հօրը անձնաւորութիւնը կ’արտացոլացնէր։ Ճշմարտութեան հանդէպ Յիսուսի նախանձախնդրութեան զուգընթաց կ’երթար խոր սէր մը անոնց հանդէպ որ կը սորվեցնէր։ Պէտք է ջանանք իր օրինակին հետեւիլ։—Մատթ. 11։28

Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ համար մը շիտակ կերպով կը կիրարկենք։ Աստուածաշունչի կանոնաւոր ընթերցանութիւնը պիտի օգնէ մեզի։ Նաեւ պէտք է գնահատենք Եհովայի կողմէ կարգուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», հոգիէն օծուած Քրիստոնեաներու մարմինը, որուն միջոցաւ Ան հաւատքի ընտանիներուն հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ։ (Մատթ. 24։45) Անձնական ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ ժողովքային հանդիպումներու կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլն ու մասնակցիլը մեզի պիտի օգնեն որ այդ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին հայթայթած ուսուցումէն օգտուինք։

Եթէ ձեր լեզուով մատչելի է Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը, եւ սորվիք զայն լաւ կերպով գործածել, արդէն ձեր ձեռքին մէջ կ’ունենաք ուղեցոյց մը, որուն պէտք ունիք ճշգրիտ կերպով կիրարկելու համար այն հարիւրաւոր համարները, որոնք յաճախ կը գործածուին մեր ծառայութեան մէջ։ Եթէ կը ծրագրէք շատ ծանօթ չեղող համար մը գործածել, համեստութիւնը պիտի մղէ ձեզ որ անոր մասին պրպտում ընէք, որպէսզի երբ անոր մասին խօսիք, կարենաք ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրել։—Առ. 11։2

Կիրարկումը Յստակ։ Երբ ուրիշներուն կը սորվեցնէք, վստահ եղէք որ անոնք յստակօրէն կը տեսնեն ձեր խօսած նիւթին եւ ձեր գործածած համարներուն միջեւ եղող կապը։ Եթէ համարէն առաջ հարցում մը կը հարցնէք, ձեր ունկնդիրները պէտք է տեսնեն թէ ի՛նչպէս համարը կը պատասխանէ այդ հարցումին։ Եթէ համարը կը գործածէք ըսուած բան մը պաշտպանելու համար, վստահ եղէք որ աշակերտը յստակօրէն տեսնէ թէ համարը ի՛նչպէս կը փաստէ այդ կէտը։

Սովորաբար բաւարար չէ միայն համարը կարդալ, նոյնիսկ երբ շեշ տով կը կարդաք։ Մի՛ մոռնաք որ սովորաբար մարդիկ շատ ծանօթ չեն Աստուածաշունչին եւ հաւանաբար մէկ կարդալով կէտը պիտի չըմբռնեն։ Ուշադրութիւնը դարձուցէք համարին ա՛յն մասին վրայ որ ուղղակիօրէն կապ ունի ձեր խօսածին հետ։

Ասիկա ընդհանրապէս կը պահանջէ որ բանալի բառերը անջատէք, անոնք որ ուղղակիօրէն կապ ունին խօսուած կէտին հետ։ Ամենապարզ կերպն է՝ միտք հաղորդող այդ բառերը կրկնել։ Եթէ անհատի մը կը խօսիք, կրնաք հարցումներ հարցնել, իրեն օգնելով որ բանալի բառերը բնորոշէ։ Երբ խումբի մը կը խօսին, կարգ մը դասախօսներ կը նախընտրեն իրենց նպատակին հասնիլ հոմանիշներ գործածելով, կամ գաղափարը վերստին նշելով։ Սակայն, եթէ որոշէք ասիկա ընել, ուշադիր եղէք որ ունկնդիրները խօսուած կէտին ու համարին խօսքերուն միջեւ եղած կապը չկորսնցնեն։

Բանալի բառերը անջատելով, լաւ հիմ մը դրած կ’ըլլաք։ Հիմա անոր վրայ շինեցէք։ Համարը ներկայացնելու ատեն անոր գործածութեան պատճառը յստակօրէն նշեցի՞ք։ Եթէ այո, ցոյց տուէք թէ ձեր շեշտած բառերը ի՛նչ կապ ունին ձեր ունկնդիրներուն մատուցուած ակնկալութեան հետ։ Անոնց մէջ եղած կապը յստակօրէն նշեցէք։ Եթէ նոյնիսկ այսպիսի բացայայտ ներածական մը չըրիք համարին մասին, գաղափարը կերպով մը պէտք է զարգացնէք։

Փարիսեցիներ Յիսուսի հարցում մը հարցուցին, որ ըստ իրենց դժուար էր. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար»։ Յիսուս իր պատասխանը Ծննդոց 2։24–ի վրայ հիմնեց։ Նկատի առէք որ ան միայն անոր մէկ մասին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց, ապա հարկ եղած կիրարկումը ըրաւ։ Նշելէ ետք թէ մարդը եւ իր կինը «մէկ մարմին» եղան, Յիսուս եզրակացուց. «Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։—Մատթ. 19։3-6

Համարի մը կիրարկումը յստակացնելու համար ո՞րքան բացատրութիւն պէտք է տաք։ Ասիկա կախեալ է ձեր ունկնդիրներէն ու նկատի առնուած կէտին կարեւորութենէն։ Ձեր նպատակը թող ըլլայ պարզութիւնը եւ յստակութիւնը։

Սուրբ Գրքով Պատճառաբանել։ Թեսաղոնիկէի մէջ Պօղոս առաքեալի ծառայութեան մասին Գործք Առաքելոց 17։2, 3–ը (ՆԱ) մեզի կ’ըսէ թէ ան ‘Սուրբ Գրութիւններով կը պատճառաբանէր’։ Ասիկա կարողութիւն մըն է որ Եհովայի իւրաքանչիւր ծառայ պէտք է փորձէ մշակել։ Օրինակ՝ Պօղոս Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան մասին իրողութիւններ թուեց, ցոյց տուաւ որ անոնք Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ նախագուշակուած էին, ապա ազդեցիկ եզրակացութիւն մը ներկայացուց, ըսելով. «Այն Յիսուսը որ ես ձեզի կը քարոզեմ, . . . Քրիստոսն է»։

Երբ Եբրայեցիներուն կը գրէր, Պօղոս կրկին անգամ Եբրայերէն Գրութիւններէն մէջբերում ըրաւ։ Կէտ մը շեշտելու կամ լուսաբանելու համար, ան յաճախ բառ մը կամ կարճ նախադասութիւն մը կ’առնէր ու անոր նշանակութիւնը ցոյց կու տար։ (Եբր. 12։26, 27) Եբրայեցիս 3–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս մէջբերեց Սաղմոս 95։7-11–ը։ Նկատի առէք որ ետքը երեք մասեր ընդլայնեց. (1) սրտին մասին եղած ակնարկութիւնը (Եբր. 3։8-12), (2) «Այսօր» բառին իմաստը (Եբր. 3։7, 13-15. 4։6-11), եւ (3) «իմ հանգիստս պիտի չմտնեն» խօսքին նշանակութիւնը (Եբր. 3։11, 18, 19. 4։1-11)։ Ջանացէք այս օրինակին հետեւիլ, երբ համարի մը կիրարկումը կ’ընէք։

Ղուկաս 10։25-37–ի պատմութեան մէջ նկատի առէք թէ Յիսուս ո՛րքան ազդեցիկ կերպով Սուրբ Գրութիւններով պատճառաբանեց։ Օրինական մը հարցուց. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Առ ի պատասխան, Յիսուս նախ մարդուն հարցուց որ այս հարցին մասին իր տեսակէտը արտայայտէր, ապա Յիսուս շեշտեց Աստուծոյ Խօսքին ըսածը ընելու կարեւորութիւնը։ Երբ յայտնի եղաւ որ մարդը բուն կէտը չհասկցաւ, Յիսուս համարէն միայն մէկ բառ՝ «ընկեր» բառը մանրամասնօրէն բացատրեց։ Փոխանակ պարզապէս զայն սահմանելու, ան օրինակ մը գործածեց, մարդուն օգնելու համար որ շիտակ եզրակացութեան յանգի։

Բացայայտօրէն, հարցումներու պատասխանելու ատեն, Յիսուս պարզապէս ուղղակի կամ բացայայտ պատասխաններ տուող համարներ չէր մէջբերեր։ Ան կը վերլուծէր այդ համարներուն ըսածը, ապա զայն կը կիրարկէր հարցուած հարցումին։

Երբ Սադուկեցիները յարութեան յոյսին մասին առարկեցին, Յիսուս անոնց ուշադրութիւնը Ելից 3։6–ի մէկ մասին վրայ դարձուց։ Բայց համարը մէջբերելէն ետք կանգ չառաւ։ Անոր մասին պատճառաբանեց, որպէսզի յստակօրէն ցոյց տայ թէ յարութիւնը Աստուծոյ նպատակին մաս կը կազմէր։—Մար. 12։24-27

Սուրբ Գրութիւններով շիտակ ու ազդու կերպով պատճառաբանելու կարողութեան տիրանալը, նշանակալից ազդակ մը պիտի ըլլայ հմուտ ուսուցիչ մը դառնալու մէջ։

Ի՛ՆՉՊԷՍ ՄՇԱԿԵԼ ԱՅՍ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

  • Կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը կարդացէք։ Ուշադիր կերպով սերտեցէք Դիտարան–ը եւ ժողովներու համար լաւ պատրաստուեցէք։

  • Վստահ եղէք որ ձեր գործածելիք համարներուն մէջի բոլոր բառերուն իմաստը գիտէք։ Համարը ուշի ուշով կարդացէք, որպէսզի ճշգրիտ կերպով հասկնաք անոր ըսածը։

  • Վարժութիւն դարձուցէք մեր քրիստոնէական գրականութիւններուն մէջ պրպտում կատարել։

ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ. Բ. Պետրոս 3։7–ի իմաստին վրայ տրամաբանեցէք։ Անիկա կը փաստէ՞ որ երկիրը կրակով պիտի այրի։ (Երբ կը սահմանէք «երկիր» բառը, նաեւ նկատի առէք «երկինք» բառին իմաստը։ Ո՞ր համարները ցոյց կու տան որ «երկիր» բառը կրնայ այլաբանական իմաստով գործածուիլ։ Որո՞նք կամ ի՞նչ բան կը կործանին, ինչպէս ցոյց կու տայ 7–րդ համարը։ Անիկա ի՞նչպէս կը համապատասխանէ Նոյի օրուան պատահածին, որուն ակնարկուած է 5 եւ 6–րդ համարներուն մէջ։)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել