Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 5/1 էջ 17-21
  • Եհովայի եւ իր Խօսքին վստահինք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի եւ իր Խօսքին վստահինք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աշխարհային Իմաստութեան Վստահելէ Խուսափինք
  • Կասկածելու Հակումին Դէմ Պայքարինք
  • Ամուսնութեան մէջ Եհովայի Առաջնորդութեան Հետեւինք
  • Ո՛վ Պատանիներ, Աստուծոյ Խօսքին Մտիկ Ըրէք
  • Ճշմարտութիւնը սեփականացուցա՞ծ էք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Թոյլ մի՛ տաք որ կասկածներ ձեր հաւատքը կործանեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Իմաստութեան անզուգական աղբիւր մը
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Ամուսնութիւնդ յաջող դարձուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 5/1 էջ 17-21

Եհովայի եւ իր Խօսքին վստահինք

«Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան [վստահին (ՆԱ)]»։—ՍԱՂՄՈՍ 9։10

1. Մեր օրերուն, Եհովայի ու իր Խօսքին հանդէպ ինչո՞ւ տակաւին կրնանք վստահութիւն ունենալ։

ԱՅՍ արդի աշխարհին մէջ, Աստուծոյ ու իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ վստահելու հրաւէրը կրնայ անգործնական ու անիրապաշտ թուիլ։ Այսուհանդերձ, Աստուծոյ իմաստութիւնը ժամանակի փորձութեան տոկացած է։ Մարդուն եւ կնկան Ստեղծիչը ամուսնութեան ու ընտանիքին Հիմնադիրն է, իսկ ան ուրիշ ոեւէ մէկէ աւելի լաւ գիտէ մեր կարիքները։ Ճիշդ ինչպէս մարդոց հիմնական կարիքները փոխուած չեն, անոնց գոհացում տալու գլխաւոր կերպերն ալ նոյնը մնացած են։ Դարեր առաջ գրուած ըլլալով հանդերձ, յաջող կեանք մը ունենալու եւ մեր խնդիրները լուծելու համար Աստուածաշունչի իմաստուն խրատը տակաւին լաւագոյն առաջնորդութիւնը կը մատուցանէ։ Նոյնիսկ մեր ապրած յառաջադէմ ու գիտական աշխարհի մէջ, անոր ուշադրութիւն ընծայելը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ։

2. (ա) Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդիլը Եհովայի ծառաներուն կեանքին մէջ ի՞նչ լաւ պտուղ յառաջ բերած է։ (բ) Եհովա իրեն ու իր Խօսքին հնազանդ եղողներուն ի՞նչ յաւելեալ բաներ կը խոստանայ։

2 Եհովայի վստահելով ու Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելով ամէն օր գործնական օգուտներ կը քաղենք։ Համայն աշխարհի մէջ, միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ իրենց կեանքով կը փաստեն ասիկա, որոնք Աստուածաշունչի խրատը կիրարկելու համոզումը ու քաջութիւնը ունեցած են։ Ստեղծիչին ու իր Խօսքին վրայ անոնց ունեցած վստահութիւնը անօգուտ չէ եղած։ (Սաղմոս 9։9, 10) Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդիլը զիրենք աւելի լաւ անհատներ դարձուցած է մաքրութեան, պարկեշտութեան, ժրաջանութեան, ուրիշներու կեանքին ու ստացուածքին հանդէպ յարգանք ունենալու, ուտելու ու խմելու մէջ չափաւորութիւն պահելու, նկատմամբ։ Անիկա ընտանեկան շրջանակէն ներս պատշաճ սէր բերած, եւ հիւրասէր, համբերող, ողորմած ու ներող ըլլալու, ինչպէս նաեւ, ուրիշ շատ բաներու մէջ, մարզում հայթայթած է։ Անոնք, մեծաւ մասամբ, բարկութեան, ատելութեան, ոճիրի, նախանձի, վախի, ծուլութեան, հպարտութեան, ստախօսութեան, չարախօսութեան, խառնակութեան եւ անբարոյութեան գէշ պտուղներէն կրցած են խուսափիլ։ (Սաղմոս 32։10) Սակայն Աստուած իր օրէնքները պահողներուն միայն աւելի լաւ կեանք մը խոստանալով չէ բաւականացած։ Յիսուս ըսաւ որ Քրիստոնէական ճամբուն հետեւողները պիտի ստանան «հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս . . . մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը»։—Մարկոս 10։29, 30

Աշխարհային Իմաստութեան Վստահելէ Խուսափինք

3. Եհովայի ու իր Խօսքին յարատեւաբար վստահելու մէջ, Քրիստոնեաները երբեմն ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։

3 Անկատար մարդիկ Աստուծոյ պահանջները նսեմացնելու կամ մոռնալու հակումը ունին։ Անոնք հեշտութեամբ կը սկսին խորհիլ որ իրենք աւելի լաւ գիտեն, թէ այս աշխարհի մտաւորականներու իմաստութիւնը Աստուծոյ իմաստութենէն գերազանց եւ աւելի այժմէական է։ Քանի որ այս աշխարհի մէջ կ’ապրին, Աստուծոյ ծառաներն ալ կրնան այս մտավիճակը զարգացնել։ Հետեւաբար, երբ իր խրատը մտիկ ընելու սիրալիր հրաւէր կու տայ, մեր երկնաւոր Հայրը հետեւեալ ազդարարութիւնն ալ կը ներփակէ. «Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. վասնզի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն։ Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։ Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ»։—Առակաց 3։1, 2, 5–7

4. «Այս աշխարհի իմաստութիւնը» ո՞րքան համատարած է եւ անիկա ինչո՞ւ «Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է»։

4 Այս աշխարհի իմաստութիւնը առատօրէն ու բազմաթիւ աղբիւրներէ մատչելի է։ Ուսման բազմաթիւ հաստատութիւններ կան, իսկ «շատ գիրք շինելը ծայր չունի»։ (Ժողովողի 12։12) Ներկայիս համակարգիչի աշխարհի այդպէս կոչուած տեղեկութիւններու գերուղին կը խոստանայ գրեթէ որեւէ նիւթի շուրջ անսահման տուեալներ հայթայթել։ Սակայն, այս ամբողջ գիտութիւնը աշխարհը աւելի ուշիմ չի դարձներ, ոչ ալ անոր խնդիրները կը լուծէ։ Ընդհակառակը, աշխարհի վիճակը օրէ օր կը վատթարանայ։ Ուստի, հասկնալի է թէ ի՛նչու Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ որ «այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է»։—Ա. Կորնթացիս 3։19, 20

5. ‘Այս աշխարհի իմաստութեան’ նկատմամբ Աստուածաշունչը ի՞նչ ազդարարութիւններ կու տայ։

5 Վերջին օրերու այս վերջին ժամանակի ընթացքին, պարզապէս կ’ակնկալենք որ գլխաւոր խաբողը՝ Բանսարկու Սատանան՝ ջանայ սուտեր դիզել, որպէսզի Աստուածաշունչի արժանահաւատութեան վրայ վստահութիւնը քանդէ։ Բարձրագոյն քննադատները ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած բազմաթիւ գրքեր հրատարակած են, որոնք Աստուածաշունչի վաւերականութեան ու արժանահաւատութեան ասպարէզ կը կարդան։ Պօղոս իր Քրիստոնեայ հաւատակիցը ազդարարեց. «Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։ Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21) Աստուածաշունչը նաեւ կ’ազդարարէ. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս»։—Կողոսացիս 2։8

Կասկածելու Հակումին Դէմ Պայքարինք

6. Սրտին մէջ կասկածներ արմատ չբռնելու համար, ինչո՞ւ անհրաժեշտ է արթուն կենալ։

6 Բանսարկուին ուրիշ խորամանկ ռազմավարութիւններէն մէկն է մտքին մէջ կասկածներ ցանել։ Ան միշտ արթուն է հաւատքի տկարութիւն մը նկատելու ու զայն շահագործելու համար։ Կասկածներ ունեցող ոեւէ անհատ պէտք է յիշէ որ այսպիսի կասկածներու ետին գտնուողը ան է, որ Եւային ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Փորձիչը Եւայի մտքին մէջ կասկած մը ցանելէ ետք, յաջորդ քայլը եղաւ անոր սուտ մը խօսիլ, որու ան հաւատաց։ (Ծննդոց 3։1, 4, 5) Եթէ չենք ուզեր որ մեր հաւատքը կասկածի պատճառով խորտակուի, Եւայի պարագային նման, պէտք է արթուն ըլլանք։ Եթէ Եհովայի, իր Խօսքին կամ իր կազմակերպութեան նկատմամբ կասկածի պզտիկ նշոյլ մը սկսած է ձեր սրտին մէջ, շտապ քայլեր առէք զայն վանելու համար, առաջ որ ձեր հաւատքը քանդուելու աստիճանին հասնի։—Տես Ա. Կորնթացիս 10։12։

7. Կասկածները արմատախիլ ընելու համար, ի՞նչ կրնանք ընել։

7 Ի՞նչ կարելի է ընել։ Դարձեալ պատասխանն է՝ Եհովայի ու իր Խօսքին վստահիլ։ «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։ Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասնզի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է»։ (Յակոբու 1։5, 6. Բ. Պետրոս 3։17, 18) Ուստի, առաջին քայլն է, ջերմեռանդօրէն Եհովայի աղօթել։ (Սաղմոս 62։8) Ապա, ժողովքի սիրալիր տեսուչներէն օգնութիւն խնդրելու մի՛ վարանիք։ (Գործք 20։28. Յակոբու 5։14, 15. Յուդա 22) Անոնք ձեզի կ’օգնեն որ ձեր կասկածներուն աղբիւրը բնորոշէք, որ կրնայ հպարտութիւնը կամ սխալ մտածելակերպ մը ըլլալ։

8. Հաւատուրաց մտածելակերպը յաճախ ի՞նչպէս կը սկսի, եւ ի՞նչ է անոր դարմանը։

8 Արդիօք հաւատուրաց գաղափարներու կամ աշխարհային փիլիսոփայութիւններու մասին կարդալը կամ զանոնք ունկնդրե՞լը թունաւոր կասկածներ ներմուծած է ձեր մէջ։ Աստուածաշունչը իմաստութեամբ կը խրատէ. «Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով։ Բայց պիղծ ու փուճ խօսքերէն մէկդի՛ կեցիր, քանզի անոնք աւելի յառաջ կ’երթան ամբարշտութեան մէջ եւ անոնց խօսքը քաղցկեղի պէս կը ճարակէ»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15–17) Հետաքրքրական է որ հաւատուրացութեան զոհ գացողներէն շատեր, սխալ ուղղութիւն մը բռնելէ առաջ, սկսած են գանգատիլ, ըստ իրենց, Եհովայի կազմակերպութեան մէջ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։ (Յուդա 16) Անկէ ետքն է որ սկսած են հաւատալիքներուն մէջ սխալներ գտնել։ Ինչպէս վիրաբոյժ մը անմիջապէս գործի կը լծուի ոսկրախտը պոկելու համար, դուք ալ արագօրէն ձեր մտքէն արմատախիլ ըրէք, գանգատելու, Քրիստոնէական ժողովքին գործառնութեան կերպին շուրջ դժգոհութիւն յայտնելու որեւէ հակում։ (Կողոսացիս 3։13, 14) Այսպիսի կասկածներ սնուցանող ամէն բան ‘կտրեցէք’։—Մարկոս 9։42

9. Աստուածպետական աղէկ սովորութիւն մը ի՞նչպէս մեզի պիտի օգնէ որ առողջ հաւատք ունենանք։

9 Եհովայի ու իր կազմակերպութեան սերտօրէն կառչեցէք։ Հաւատարմօրէն ընդօրինակեցէք Պետրոսը, որ վճռակամութեամբ ըսաւ. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս»։ (Յովհաննու 6։53, 61, 67–69) Եհովայի Խօսքը ուսումնասիրելու լաւ յայտագիր մը ունեցէք, որպէսզի ձեր հաւատքը զօրաւոր պահէք, մեծ վահանի մը նման, որ «չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել»ու կարող ըլլայ։ (Եփեսացիս 6։16) Քրիստոնէական ծառայութեան մէջ զբաղած մնացէք, Թագաւորութեան պատգամը ուրիշներու հետ սիրալիրօրէն բաժնելով։ Ամէն օր գնահատանքով խոկացէք թէ Եհովա ի՛նչպէս օրհնած է ձեզ։ Շնորհապարտ եղէք որ ճշմարտութեան գիտութիւնը ունիք։ Քրիստոնէական աղէկ սովորութեամբ այս բոլոր բաները ընելը պիտի օգնէ ձեզի որ ուրախ ըլլաք, համբերէք ու կասկածներէ զերծ մնաք։—Սաղմոս 40։4. Փիլիպպեցիս 3։15, 16. Եբրայեցիս 6։10–12

Ամուսնութեան մէջ Եհովայի Առաջնորդութեան Հետեւինք

10. Քրիստոնէական ամուսնութեան մէջ ի՞նչու յատկապէս կարեւոր է առաջնորդութեան համար Եհովայի դիմել։

10 Երբ Եհովա մարդուն ու կնկան համար կարգադրութիւն ըրաւ որ իրար հետ ապրին որպէս ամուսնացած զոյգ մը, Անոր նպատակն էր ոչ միայն երկիրը հանգստաւէտ կերպով լեցնել, այլ նաեւ, անոնց ուրախութիւնը աւելցնել։ Սակայն, մեղքն ու անկատարութիւնը ամուսնական յարաբերութիւնը լրջօրէն խաթարեցին։ Քրիստոնեաները այս խնդիրներէն զերծ չեն, քանի որ իրենք ալ անկատար են եւ այժմու ապրելակերպի ճնշումներուն՝ ենթակայ։ Բայց եւ այնպէս, այնքան ատեն որ Եհովայի ու իր Խօսքին կը վստահին, անոնք կրնան ամուսնութեան ու իրենց զաւակները կրթելու մէջ լաւ յաջողութիւն գտնել։ Քրիստոնէական ամուսնութենէն ներս աշխարհային սովորութիւններու եւ վարուելակերպի տեղ չկայ։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ. «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»։—Եբրայեցիս 13։4

11. Ամուսնական խնդիրներ լուծելու համար, երկու կողակիցներն ալ ի՞նչ պէտք է ընդունին։

11 Աստուածաշունչի խրատներուն համաձայն ընթացող ամուսնութեան մէջ սիրոյ, պարտաւորութեան զգացումի ու ապահովութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ։ Թէ՛ ամուսինը եւ թէ կինը գլխաւորութեան սկզբունքը կը հասկնան ու կը յարգեն։ Յաճախ Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելու մէջ թերանալու պատճառով է որ դժուարութիւններ կը ծագին։ Ձգձգուող խնդիր մը լուծելու համար, կենսական է որ երկու կողակիցներն ալ անկեղծօրէն ուղղակի խնդրին վրայ ծանրանան ու ձեռք առնեն պատճառները, քան թէ ախտանշանները։ Եթէ վերջին խօսակցութիւնները շատ արդիւնք չեն տուած, զոյգը կրնայ սիրալիր տեսուչի մը անաչառ օգնութիւնը խնդրել։

12. (ա) Աստուածաշունչը ամուսնական ի՞նչ հասարակաց խնդիրներու նկատմամբ խրատներ կը հայթայթէ։ (բ) Ինչո՞ւ հարկ է որ երկու կողակիցներն ալ հարցերը Եհովայի ուզած կերպով ձեռք առնեն։

12 Արդիօք հարցը հաղորդակցութեան, իրարու զգացումներուն հանդէպ նկատառու ըլլալու, գլխաւորութիւնը յարգելու կամ որոշումներ տալու կերպին հե՞տ կապ ունի։ Թերեւս, զաւակները մեծցնելու, կամ սեռային կարիքներու նկատմամբ հաւասարակշռուած ըլլալուն հե՞տ է խնդիրը։ Թէ ոչ լարուածութեան պատճառը ընտանեկան պիւտճէն, զբօսանքը, ընկերակցութիւնը, կնկան աշխատանքի հարցը եւ կամ բնակութեան վայրն է։ Խնդիրը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, Աստուածաշունչը գործնական խրատներ կու տայ, կա՛մ ուղղակի օրէնքներու եւ կամ անուղղակիօրէն՝ սկզբունքներու ձեւով։ (Մատթէոս 19։4, 5, 9. Ա. Կորնթացիս 7։1–40. Եփեսացիս 5։21–23, 28–33. 6։1–4. Կողոսացիս 3։18–21. Տիտոս 2։4, 5. Ա. Պետրոս 3։1–7) Երբ կողակիցներ երկուստեք ետ կենան անձնասէր պահանջներէ եւ թոյլ տան որ սէրը լման կերպով արտայայտուի իրենց ամուսնութեան մէջ, աւելի մեծ ուրախութիւն յառաջ կու գայ։ Երկուքն ալ պէտք է զօրաւոր փափաք ունենան հարկ եղած փոփոխութիւնները ընելու ու հարցերը Եհովայի կերպով ձեռք առնելու։ «Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ ու Տէրոջը ապաւինողը երանելի է»։—Առակաց 16։20

Ո՛վ Պատանիներ, Աստուծոյ Խօսքին Մտիկ Ըրէք

13. Քրիստոնեայ պատանիներուն համար ինչո՞ւ դիւրին չէ Եհովայի ու իր Խօսքին հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունենալով մեծնալ։

13 Ամբարիշտ աշխարհով շրջապատած ըլլալով, Քրիստոնեայ պատանիներուն համար դիւրին չէ զօրաւոր հաւատքով մեծնալ։ Պատճառներէն մէկը այն է որ «բոլոր աշխարհ չարին [Բանսարկու Սատանային] մէջ [զօրութեան ներքեւ (ՆԱ)] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Պատանիները այս կատաղած թշնամիին յարձակման թիրախը կը կազմեն, որ կրնայ գէշ բաները հաճելի երեւցնել։ Անձնակեդրոն վերաբերմունքը, անձնասէր փառասիրութիւնները, անբարոյ ու վայրագ բաներու տենչը եւ հաճոյքներու անբնական հետապնդումը միասնաբար, հասարակաց, տիրապետող մտածելակերպ մը կը կազմեն, որ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած է որպէս այն «[ոգին] որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ»։ (Եփեսացիս 2։1–3) Սատանան խորամանկօրէն այս ‘հոգին’ խրախուսած է դպրոցական դասագրքերու, ներկայ բազմաթիւ երաժշտութիւններու, մարմնամարզանքի եւ զբօսանքի տարբեր տեսակներու մէջ։ Այսպիսի ազդեցութիւններ վանելու համար, ծնողներ պէտք է արթուն ըլլան, իրենց զաւակներուն օգնելով որ Եհովայի ու իր Խօսքին վստահելով մեծնան։

14. Պատանիները ի՞նչպէս կրնան ‘երիտասարդական ցանկութիւններէ փախչիլ’։

14 Պօղոս իր երիտասարդ ընկերակիցին՝ Տիմոթէոսի՝ հայրական խրատ տուաւ. «Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։22) Թէեւ ամէն «երիտասարդական ցանկութիւն» ինքնին գէշ չէ, սակայն, պատանիները անոնցմէ պէտք է ‘փախչին’, այն առումով որ, պէտք չէ թոյլ տան որ այս բաներով ա՛յնքան մտազբաղուին, որ գրեթէ ժամանակ չունենան բարեպաշտ հետապնդումներու համար։ Մարմնակրթութիւնը, մարզանքը, երաժշտութիւնը, զբօսանքը, ժամանցը եւ ճամբորդութիւնը, անպայմանօրէն սխալ չըլլալով հանդերձ, կրնան որոգայթ մը ըլլալ, եթէ կեանքի կարեւոր հետապնդումները դառնան։ Ամբողջովին հեռու կեցէք անիմաստ խօսակցութենէ, պարապ–սարապ դեգերելէ, սեռի նկատմամբ անբնական հետաքրքրութենէ, ժամավաճառ ըլլալէ, ձանձրանալէ եւ ձեր ծնողքին կողմէ չհասկցուելու շուրջ գանգատելէ։

15. Տան առանձնութեան մէջ, ի՞նչ բաներ կրնան նպաստել որ պատանիներ երկու տեսակ կեանք վարեն։

15 Նոյնիսկ տան առանձնութեան մէջ, պատանիներուն համար վտանգը կրնայ դարանակալ սպասել։ Հեռատեսիլի ու պատկերիզներու անբարոյ կամ վայրագ յայտագիրներ դիտելով, գէշ բաներ ընելու ցանկութիւնը կրնայ խոր արմատ կապել անոնց մէջ։ (Յակոբու 1։14, 15) Աստուածաշունչը կը խրատէ. «Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք»։ (Սաղմոս 97։10. 115։11) Եհովա գիտէ, երբ անհատ մը փորձէ երկու տեսակ կեանք վարել։ (Առակաց 15։3) Ո՛վ Քրիստոնեայ պատանիներ, ձեր սենեակին աչք մը նետեցէք։ Մարզական կամ երաժշտական աշխարհի անբարոյ աստղերու մեծցուած նկարները պատէն կախուա՞ծ են, թէ ոչ առողջ միտքեր արտայայտող օգտակար բաներ ցուցադրուած են։ (Սաղմոս 101։3) Ձեր պահարանին հագուստները պարկե՞շտ են, թէ ոչ անոնցմէ ոմանք այս աշխարհի ծայրայեղ ոճը կը ցոլացնեն։ Բանսարկուն խորամանկ կերպերով կրնայ ձեզ ծուղակը ձգել, որպէսզի որոշ չափով համտեսէք ինչ որ չար է։ Աստուածաշունչը իմաստութեամբ կը խրատէ. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասնզի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ»։—Ա. Պետրոս 5։8

16. Աստուածաշունչի խրատները ի՞նչպէս կ’օգնեն պատանիի մը որ իր շրջապատի անհատները կարենան իրմով պարծենան։

16 Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ձեր ընկերակցութեան ուշադիր ըլլաք։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Ձեր ընկերները Եհովայէ վախցողներ պէտք է ըլլան։ Ընկերներու ճնշումին տեղի մի՛ տաք։ (Սաղմոս 56։11. Առակաց 29։25) Ձեր աստուածավախ ծնողներուն հնազանդ եղէք։ (Առակաց 6։20–22. Եփեսացիս 6։1–3) Առաջնորդութեան ու քաջալերութեան համար երէցներուն դիմեցէք։ (Եսայեայ 32։1, 2) Ձեր միտքը ու աչքերը հոգեւոր արժէքներու եւ նպատակակէտերու վրայ պահեցէք։ Հոգեւորապէս յառաջդիմելու եւ ժողովքի գործունէութիւններուն մասնակցելու պատեհութիւններ փնտռեցէք։ Սորվեցէք ձեր ձեռքերով աշխատիլ։ Հաւատքի մէջ զօրացէք ու աճեցէք. այդ պարագային պիտի փաստէք թէ իրապէս մէկն էք՝ Եհովայի նոր աշխարհին մէջ ապրելու արժանի մէկը։ Մեր երկնաւոր Հայրը ձեզմով պիտի պարծենայ, ձեր երկրային ծնողները ձեզմով պիտի ուրախանան եւ ձեր Քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը ձեզմով պիտի քաջալերուին։ Ահաւասիկ բան մը որ ի՛րապէս արժէք կը ներկայացնէ։ —Առակաց 4։1, 2, 7, 8

17. Եհովայի ու իր Խօսքին վստահողները ի՞նչ օգուտներ կը քաղեն։

17 Սաղմոսերգուն ներշնչման ներքեւ, բանաստեղծական ոճով գրեց. «[Եհովա] բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն։ Ո՛վ զօրաց Տէր, երանելի՜ է քեզի յուսացող [վստահող (ՆԱ)] մարդը»։ (Սաղմոս 84։11, 12) Բոլոր անոնք, որոնք Եհովայի ու իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ կը վստահին, ուրախութիւն ու յաջողութիւն պիտի քաղեն եւ ո՛չ թէ՝ յուսախաբութիւն ու ձախողութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։14, 16, 17

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէիք

◻ Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պէտք չէ վստահին ‘այս աշխարհի իմաստութեան’։

◻ Եթէ մէկը կասկածներ ունենայ, ի՞նչ պէտք է ընէ։

◻ Ամուսնութեան մէջ հարցերը Եհովայի ուզած կերպով ձեռք առնելը ի՞նչպէս յաջողութիւն եւ ուրախութիւն յառաջ կը բերէ։

◻ Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կ’օգնէ պատանիներուն որ ‘երիտասարդական ցանկութիւններէն փախչին’։

[Նկար՝ էջ 18]

Քրիստոնեաները Եհովայի ու իր Խօսքին կը դիմեն մերժելով «այս աշխարհի իմաստութիւնը՝» որպէս յիմարութիւն

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել