Ուսումնասիրութիւն 52
Ազդու Յորդոր
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ երէցներ պէտք է կարող ըլլան «ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել»։ (Տիտ. 1։9) Երբեմն ասիկա պէտք է կատարուի շատ դժուար կացութիւններու դիմաց։ Կարեւոր է խրատել սուրբ գրային ուղեգծերու համաձայն։ Հետեւաբար, երէցները պէտք է անսան սա խրատին. «Միտք դիր . . . յորդորելու»։ (Ա. Տիմ. 4։13) Թէեւ հոս գլխաւորաբար երէցներուն կամ այդ առանձնաշնորհումին ձգտողներուն ուղղուած է մեր քննարկութիւնը, բայց երբեմն ծնողներ ալ կը յորդորեն իրենց երախաները, կամ սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն վարողներ կը յորդորեն իրենց Աստուածաշունչի աշակերտները։ Այսպիսի պարագաներու, նման ուղեգծեր կը կիրարկուին։
Յորդոր Պահանջող Կացութիւններ։ Յորդորի կարիքը որոշելու համար, օգտաւէտ է քննել Սուրբ Գրքին մէջ արձանագրուած կացութիւններ, ուր յորդոր տրուեցաւ։ Պետրոս առաքեալ յորդորեց երէցները որ որպէս Աստուծոյ հօտին հովիւները, իրենց պատասխանատուութիւններուն հոգ տանին։ (Ա. Պետ. 5։1, 2) Պօղոս խրատեց Տիտոսը որ երիտասարդները յորդորէ որ «խոհեմ ըլլան»։ (Տիտ. 2։6) Պօղոս յորդորեց Քրիստոնեայ հաւատակիցները որ «միեւնոյն խօսքը ունենան» եւ զգուշանան անոնցմէ, որոնք եղբայրներու մէջ բաժանում կը յառաջացնեն։ (Ա. Կորն. 1։10. Հռովմ. 16։17. Փիլ. 4։2) Թէեւ Պօղոս գովեց Թեսաղոնիկէ ժողովքի անդամները, իրենց կատարած բարիքներուն համար, բայց զանոնք յորդորեց որ իրենց ստացած հրահանգները աւելի լիովին գործադրեն։ (Ա. Թես. 4։1, 10) Պետրոս աղաչեց իր հաւատակիցներուն որ ‘մէկդի կենան մարմնաւոր ցանկութիւններէն’։ (Ա. Պետ. 2։11) Յուդա յորդորեց իր եղբայրները որ ‘մրցին հաւատքին համար’, ամբարիշտ անհատներու ազդեցութեան պատճառաւ, որոնք անառակութեան անձնատուր եղած էին։ (Յուդա 3, 4) Բոլոր Քրիստոնեաներուն խրատ տրուած էր որ զիրար յորդորեն, որպէսզի անոնցմէ ոեւէ մէկը մեղքին խաբէութիւնով չխստանար։ (Եբր. 3։13) Քրիստոսի հաւատք չընծայող Հրեաներուն Պետրոս հետեւեալ յորդորը տուաւ. «Այս խոտորած ազգէն ինքզինքնիդ ազատեցէ՛ք»։—Գործք 2։40
Ի՞նչպիսի յատկութիւններու կարիքը կայ այսպիսի պարագաներուն զօրաւոր յորդոր տալու համար։ Յորդոր տուողը ի՞նչպէս կրնայ իր կոչին ստիպողականութիւնը ցոյց տալ, առանց խիստ կամ բիրտ ըլլալու։
«Սիրով»։ Եթէ մեր յորդորը «սիրով» չտրուի, անիկա կրնայ խիստ հնչել։ (Փիլի. 9) Անշուշտ, երբ անմիջական քայլ առնել պահանջուի, դասախօսին զեկուցումը պէտք է փոխանցէ կացութեան անյետաձգելի ըլլալը։ Մեղմ կերպով խօսիլը կրնայ չքմեղական հնչել։ Միեւնոյն ատեն, պէտք է լրջմտութեամբ ու կարեկցութեամբ յորդորել։ Շատ հաւանական է որ սիրով տրուած յորդոր մը խթանէ ունկնդիրները։ Երբ իր եւ իր ընկերակիցներուն մասին կը խօսէր, Պօղոս Թեսաղոնիկեցիներուն ըսաւ. «Ինչպէս գիտէք, ձեզմէ ամէն մէկը՝ ինչպէս հայր մը իր որդիները, այնպէս կը յորդորէինք»։ (Ա. Թես. 2։11, 12) Այդ Քրիստոնեայ տեսուչները սիրով կը յորդորէին եղբայրները։ Թող որ ձեր արտայայտութիւնները ձեր ունկնդիրներուն հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութենէ բխին։
Փափկանկատ եղէ՛ք։ Ձեր գործի մղած անհատներուն հակակրանքը մի՛ շահիք։ Միեւնոյն ատեն, ետ մի՛ կենաք ձեր ունկնդիրներուն յայտնելէ «Աստուծոյ բոլոր կամքը»։ (Գործք 20։27) Անոնք որ այս խրատներուն համար երախտապարտ են, պիտի չնեղանան, ո՛չ ալ ձեզ նուազ պիտի սիրեն, քանի որ ազնիւ կերպով զիրենք յորդորեցիք որ շիտակ եղածը ընեն։—Սաղմ. 141։5
Յաճախ, օգտաւէտ է յորդորելէ առաջ մասնայատուկ ու անկեղծ կերպով գովել։ Մտածեցէք ձեր եղբայրներուն ըրած լաւ բաներուն մասին, բաներ՝ որոնք հաճելի են Եհովայի. իրենց գործերուն մէջ իրենց ցուցաբերած հաւատքը, զիրենք ջանքի մղող սէրը, եւ փորձիչ կացութիւններու մէջ անոնց համբերութիւնը։ (Ա. Թես. 1։2-8. Բ. Թես. 1։3-5) Ասիկա պիտի օգնէ որ ձեր եղբայրները գնահատուած ու հասկցուած զգան եւ անոր յաջորդող կոչին ընդառաջեն։
«Ամենայն Երկայնմտութեամբ»։ Յորդորը պէտք է տրուի «ամենայն երկայնմտութեամբ»։ (Բ. Տիմ. 4։2) Ի՞նչ պարփակուած է ասոր մէջ։ Երկայնմտութիւնը իր մէջ կը պարփակէ համբերութեամբ տոկալ սխալին կամ գրգռումին։ Երկայնամիտ անհատ մը միշտ կը յուսայ որ իր ունկնդիրները պիտի գործադրեն իր ըսածները։ Այս հոգիով յորդորելը արգելք պիտի հանդիսանայ որ ձեր ունկնդիրները չխորհին թէ իրենց մասին լաւ համարում չունիք։ Երբ վստահութիւն յայտնէք որ ձեր եղբայրներն ու քոյրերը կ’ուզեն Եհովայի ծառայելու համար իրենց լաւագոյնը ընել, ասիկա զիրենք պիտի քաջալերէ որ փափաքին շիտակը ընել։—Եբր. 6։9
«Ողջամիտ Վարդապետութիւնով Յորդորել»։ Երէց մը ի՞նչպէս կրնայ «ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել»։ «Հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը»։ (Տիտ. 1։9) Ձեր անձնական կարծիքը տալու տեղ, Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը գործածեցէք յորդորելու համար։ Թող որ Աստուածաշունչը ձեզի օգնէ տեսնելու թէ ի՛նչ պէտք է ըսէք։ Տուեալ նիւթին շուրջ Աստուածաշունչի ըսածը կիրարկելուն օգուտները թուեցէք։ Ձեր մտքին մէջ յստակ թող ըլլան Աստուծոյ Խօսքին չհամակերպելուն թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ հետեւանքները, եւ ասոնք գործածեցէք ձեր ունկնդիրները համոզելու համար որ հարկ եղած քայլերը առնեն։
Վստահ եղէք որ ձեր ունկնդիրներուն յստակօրէն բացատրէք թէ ի՛նչ պէտք է ընեն եւ ի՛նչպէս պէտք է ընեն զայն։ Յստակօրէն ցոյց տուէք որ ձեր պատճառաբանութիւնը Սուրբ Գրքին վրայ հաստատուած է։ Եթէ Սուրբ Գիրքը որոշ ազատութիւն կու տայ որոշում մը կայացնելու մէջ, այդ ազատութեան տարողութիւնը ուրուագծեցէք։ Ապա ձեր եզրակացութեան մէջ վերջին կոչ մը ըրէք ձեր ունկնդիրներուն գործի լծուելու որոշումը զօրացնելու համար։
‘Համարձակութեամբ Խօսիլ’։ Դիմացինները ազդու կերպով յորդորելու համար, անհատ մը պէտք է ‘համարձակութեամբ խօսի իր ունեցած հաւատքին մասին’։ (Ա. Տիմ. 3։13, Արարատ) Ի՞նչ բան կ’օգնէ անհատի մը որ համարձակութեամբ խօսի։ Երբ իր «բարի գործերու օրինակ»ը եղբայրներուն տուած իր յորդորին հետ իրապէս ներդաշնակ ըլլայ։ (Տիտ. 2։6, 7. Ա. Պետ. 5։3) Երբ այս ըլլայ պարագան, գործի լծուելու յորդորուած անհատները պիտի գիտակցին որ զիրենք յորդորող անհատը իրենցմէ չ’ակնկալեր բան մը, որ ինք անձնապէս չ’ըներ։ Անոնք պիտի տեսնեն որ կրնան իր հաւատքը ընդօրինակել, ճիշդ ինչպէս ինք կը ջանայ Քրիստոսը ընդօրինակել։—Ա. Կորն. 11։1. Փիլ. 3։17
Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած եւ սիրալիր կերպով տրուած յորդորը շատ բարիք կրնայ ընել։ Անոնք որոնք այսպիսի յորդորներ տալու պատասխանատուութիւնը ունին, ուշադիր ըլլան որ ասիկա լաւ կերպով ընեն։—Հռովմ. 12։8