Թող որ հաւատացողներէն ըլլանք
«Մենք . . . անոնցմէ ենք որ կը հաւատան, որպէս զի իրենց հոգին փրկուի»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 10։39, ՆԱ
1. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովայի իւրաքանչիւր հաւատարիմ ծառայի հաւատքը թանկարժէք է։
ՅԱՋՈՐԴ անգամ որ Եհովան պաշտողներով լեցուն Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ գտնուիք, պահ մը կեցէք ու ձեր շուրջը նայեցէք։ Խորհեցէք թէ անոնք ինչ տարբեր կերպերով հաւատք կը ցուցաբերեն։ Հոն կրնաք տեսնել տարեցներ, որոնք տասնեակ տարիներ Աստուծոյ ծառայած են, երիտասարդներ, որոնք օրական շրջապատի ճնշումին կ’ընդդիմանան, ծնողներ՝ որոնք ծանր կ’աշխատին աստուածավախ զաւակներ մեծցնելու համար։ Կան ժողովքի երէցներ եւ օգնական ծառաներ, որոնք բազմաթիւ պատասխանատուութիւններ կը շալկեն։ Այո, ամէն տարիքի պատկանող հոգեւոր եղբայրներ ու քոյրեր կրնաք տեսնել հոն, որոնք Եհովայի ծառայելու համար ամէն տեսակ արգելքներ կը յաղթահարեն։ Ամէն մէկուն հաւատքը ի՜նչ թանկարժէք է։—Ա. Պետրոս 1։7
2. Եբրայեցիս 10 եւ 11–րդ գլուխներու մէջի Պօղոսի խրատը ինչո՞ւ օգտակար է մեզի՝ այսօր։
2 Անկատար մարդոցմէ քիչեր՝ եթէ կան իսկ՝ Պօղոս առաքեալի չափ հաւատքի կարեւորութիւնը հասկցած են։ Արդարեւ, ան նշեց որ անկեղծ հաւատքը ‘հոգիի փրկութեան’ կ’առաջնորդէ։ (Եբրայեցիս 10։39) Սակայն, Պօղոս գիտէր որ հաւատքը այս անհաւատ աշխարհին մէջ յարձակումներու ու մաշումներու ենթակայ է։ Ան խորապէս մտահոգուած էր Երուսաղէմի ու Հրէաստանի մէջ ապրող Քրիստոնեայ Եբրայեցիներով, որոնք իրենց հաւատքը պահպանելու համար կը պայքարէին։ Մինչ Եբրայեցիս 10 եւ 11–րդ գլուխներէն մասեր նկատի կ’առնենք, ուշադիր ըլլանք այն կերպերուն, զորս Պօղոս գործածեց անոնց հաւատքը կերտելու համար։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, պիտի տեսնենք թէ մե՛նք ինչպէս աւելի զօրաւոր հաւատք մը կրնանք կերտել մեր եւ մեր շուրջը գտնուողներուն մէջ։
Իրարու Հանդէպ Վստահութիւն Արտայայտեցէք
3. Եբրայեցիս 10։39–ի մէջ գտնուած Պօղոսի խօսքերը ի՞նչպէս ցոյց կու տան թէ ան իր հաւատքի եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ վստահութիւն ունէր։
3 Առաջին բանը որ կրնանք նկատել, իր ունկնդիրներուն հանդէպ Պօղոսի ունեցած դրական կեցուածքն է։ Ան գրեց. «Մենք անոնցմէ չենք որ ետ կը քաշուին որ կորսուին, հապա անոնցմէ ենք որ կը հաւատան, որպէս զի իրենց հոգին փրկուի»։ (Եբրայեցիս 10։39) Պօղոս իր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն մասին լաւագոյն՝ եւ ոչ թէ վատագոյն՝ խորհուրդը ունէր։ Նշմարեցէք նաեւ որ ան գործածեց «մենք» արտայայտութիւնը։ Պօղոս արդար մարդ մըն էր։ Բայց ան ինքզինք իր ունկնդիրներէն գերադաս չէր նկատեր, որպէս թէ ինք անոնցմէ շատ բարձր արդար դիրքի մը մէջ եղած ըլլար։ (Համեմատել՝ Ժողովողի 7։16) Ընդհակառակը, ան ինքզինք անոնց կարգին դրաւ։ Ան սրտանց վստահութիւն յայտնեց թէ ինք ու իր Քրիստոնեայ հաւատարիմ ընթերցողները իրենց սպառնացող ահաւոր խոչընդոտներ պիտի դիմագրաւէին, եւ խիզախօրէն պիտի մերժէին ետ քաշուիլ՝ որպէսզի չկորսուէին, եւ պիտի ապացուցանէին որ կը հաւատային։
4. Պօղոս ի՞նչ պատճառներով վստահութիւն ունէր իր հաւատակիցներուն վրայ։
4 Պօղոս ի՞նչպէս կրնար այսպիսի վստահութիւն ունենալ։ Ան չէ՞ր տեսներ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն սխալները։ Անշուշտ կը տեսնէր, անոր համար մասնայատուկ խրատներ տուաւ, որպէսզի անոնք իրենց հոգեւոր տկարութիւնները յաղթահարեն։ (Եբրայեցիս 3։12. 5։12-14. 6։4-6. 10։26, 27. 12։5) Այսուհանդերձ, ան իր եղբայրներուն վրայ վստահութիւն ունենալու առ նուազ երկու լաւ պատճառներ ունէր։ (1) Որպէս Եհովան ընդօրինակող մը, Պօղոս ջանաց Աստուծոյ ծառաները դիտել այնպէս ինչպէս Եհովա կը դիտէ զանոնք։ Ո՛չ թէ անոնց մեղքերուն, այլ՝ անոնց լաւ յատկութիւններուն, եւ ապագային լաւը ընելու հաւանականութեան հիմա՛ն վրայ այդպէս արտայայտուեցաւ։ (Սաղմոս 130։3. Եփեսացիս 5։1) (2) Պօղոս ամբողջական հաւատք ունէր սուրբ հոգիի զօրութեան վրայ։ Ան գիտէր թէ ո՛չ մէկ խոչընդոտ եւ մարդկային ո՛չ մէկ տկարութիւն կրնար արգելք հանդիսանալ Եհովայի, որ Իրեն հաւատարմօրէն ծառայելու ջանք թափող ոեւէ Քրիստոնեայի տար «գերազանց զօրութիւնը»։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, Տրապիզոն. Փիլիպպեցիս 4։13) Ուստի իր եղբայրներուն ու քոյրերուն վրայ Պօղոսի ունեցած վստահութիւնը անտեղի, անիրապաշտ կամ կոյր լաւատեսութիւն մը չէր։ Անիկա հաստատ ու սուրբ գրային հիմ մը ունէր։
5. Ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել Պօղոսի վստահութիւնը, եւ հաւանական ի՞նչ արդիւնքով։
5 Վստահաբար, Պօղոսի ցուցաբերած վստահութիւնը վարակիչ եղաւ։ Երուսաղէմի ու Հրէաստանի ժողովքներուն համար մեծ նշանակութիւն ունեցան Պօղոսի այս քաջալերական խօսքերը։ Իրենց Հրեայ հակառակորդներուն քանդիչ քամահրանքին եւ բարձրամիտ անտարբերութեան դիմաց, այսպիսի արտայայտութիւններ օգնեցին Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն որ իրենց սրտին մէջ վճռեն ըլլալ անոնցմէ՝ որ հաւատք ունին։ Ներկայիս մենք ալ կրնա՞նք նոյնպէս վարուիլ իրարու հետ։ Շա՜տ դիւրին է ուրիշներուն մէջ միայն տեսնել յանցանքներու երկար շարք մը եւ անձնաւորութեան խոտորութիւններ։ (Մատթէոս 7։1-5) Սակայն կրնանք շատ աւելի օգնել իրարու, եթէ նկատի առնենք ու արժեւորենք իւրաքանչիւրին ունեցած իւրայատուկ հաւատքը։ Այսպիսի քաջալերութեամբ, շատ հաւանական է որ հաւատքը ուռճանայ։—Հռովմայեցիս 1։11, 12
Աստուծոյ Խօսքին Յարմար Գործածութիւնը
6. Պօղոս ուրկէ՞ կը մէջբերէր, երբ գրեց Եբրայեցիս 10։38–ի խօսքերը։
6 Պօղոս համարներու հմուտ գործածութեամբ ալ իր հաւատակիցներուն մէջ հաւատք կերտեց։ Օրինակ, ան գրեց. «Արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի»։ (Եբրայեցիս 10։38) Հոս Պօղոս Ամբակում մարգարէէն մէջբերում կ’ընէր։a Հաւանական է որ այս խօսքերուն ծանօթ էին Պօղոսի ունկնդիրները՝ Եբրայեցի Քրիստոնեաները՝ որոնք քաջածանօթ էին մարգարէական գրքերուն։ Իր նպատակը նկատի ունենալով, որ էր Երուսաղէմի ու անոր շրջակայքը գտնուող Քրիստոնեաներուն հաւատքը զօրացնել Հ.Դ. 61–ի ատենները, Ամբակումի օրինակը շատ տեղին ընտրութիւն մըն էր։ Ինչո՞ւ։
7. Ամբակում ե՞րբ արձանագրեց իր մարգարէութիւնը եւ այդ ժամանակ ի՞նչ էր կացութիւնը Յուդայի մէջ։
7 Ակներեւաբար, Ամբակում իր գիրքը գրեց, Հ.Դ.Ա. 607–ի Երուսաղէմի կործանումէն ճիշդ երկու տասնամեակ առաջ։ Տեսիլքով, մարգարէն տեսաւ Քաղդէացիները (կամ, Բաբելոնացիները)՝ «դառն ու արագընթաց ազգ» մը, որ կը սլանային Յուդայի վրայ ու կը կործանէին Երուսաղէմը, իրենց ճամբուն վրայ ժողովուրդներ ու ազգեր կլանելով։ (Ամբակումայ 1։5-11) Բայց այսպիսի չարիք մը դար մը առաջ, Եսայիի օրերէն ի վեր նախագուշակուած էր։ Ամբակումի ժամանակ, Յովսիա բարի Թագաւորին յաջորդեց Յովակիմ եւ չարութիւնը անգամ մը եւս ծաղկեցաւ Յուդայի մէջ։ Յովակիմ հալածեց, նոյնիսկ սպաննեց Եհովայի անունով խօսողները։ (Բ. Մնացորդաց 36։5. Երեմեայ 22։17. 26։20-24) Զարմանալի չէր որ շփոթած Ամբակում մարգարէն աղաղակեց. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր»։—Ամբակումայ 1։2
8. Ամբակումի օրինակը ինչո՞ւ օգտակար պիտի ըլլար առաջին դարու Քրիստոնեաներուն ու այսօր՝ մեզի։
8 Ամբակում չէր գիտեր թէ Երուսաղէմի կործանումը որքան մօտ էր։ Նոյն կերպով, առաջին դարու Քրիստոնեաները չէին գիտեր թէ հրէական իրերու դրութիւնը ե՛րբ վերջ պիտի գտնէր։ Մե՛նք ալ ներկայիս չենք գիտեր այս ամբարիշտ դրութեան վրայ գալիք Եհովայի դատաստանին ‘օրն ու ժամը’։ (Մատթէոս 24։36) Ուստի, նկատի առնենք Ամբակումի տուած Եհովայի երկու մասէ բաղկացած պատասխանը։ Նախ՝ ան հաւաստիացուց մարգարէն թէ վախճանը ժամանակին պիտի գար։ Աստուած ըսաւ. «ետ պիտի չմնայ», նոյնիսկ երբ մարդկային տեսակէտէն դիտուած՝ անիկա ուշացած թուի։ (Ամբակումայ 2։3) Երկրորդ՝ Եհովա Ամբակումի յիշեցուց. «Արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի»։ (Ամբակումայ 2։4) Ի՜նչ գեղեցիկ, պարզ ճշմարտութիւններ։ Կարեւորագոյն հարցը այն չէ թէ վախճանը ե՛րբ պիտի գայ, այլ՝ թէ մենք պիտի շարունակե՞նք հաւատքով լեցուն կեանք մը ապրիլ։
9. Եհովայի հնազանդ ծառաները ի՞նչպէս շարունակեցին ապրիլ իրենց հաւատարմութեան պատճառաւ (ա) Հ.Դ.Ա. 607–ին, (բ) Հ.Դ. 66–էն ետք։ (գ) Ինչո՞ւ կենսական է որ մեր հաւատքը զօրացնենք։
9 Երբ Երուսաղէմ ամայացուեցաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Երեմիա, անոր քարտուղարը՝ Բարուք, Աբդեմելէք եւ հաւատարիմ Ռեքաբեանները Ամբակումի ըսած Եհովայի խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը տեսան։ Անոնք Երուսաղէմի ահաւոր կործանումէն փախչելով ‘ապրեցան’։ Ինչո՞ւ։ Եհովա վարձատրեց անոնց հաւատարմութիւնը։ (Երեմեայ 35։1-19. 39։15-18. 43։4-7. 45։1-5) Նոյն կերպով, առաջին դարու Եբրայեցի Քրիստոնեաները լաւ ընդառաջացած ըլլալու էին Պօղոսի խրատին, քանի որ երբ հռովմէական բանակները Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան Հ.Դ. 66–ին ապա անբացատրելիօրէն նահանջեցին, այդ Քրիստոնեաները հաւատարմօրէն ուշադրութիւն դարձուցին անկէ փախչելու Յիսուսի ազդարարութեան։ (Ղուկաս 21։20, 21) Անոնք շարունակեցին ապրիլ իրենց հաւատարմութեան պատճառաւ։ Նոյն կերպով, մենք ալ պիտի շարունակենք ապրիլ, եթէ վախճանը եկած ժամանակ հաւատարիմ գտնուինք։ Հիմա մեր հաւատքը զօրացնելու ի՜նչ կենսական պատճառ մը։
Հաւատքի Տիպարներու Վառ Նկարագրութիւնը
10. Պօղոս ի՞նչպէս նկարագրեց Մովսէսի հաւատքը եւ այս նկատմամբ ի՞նչպէս կրնանք ընդօրինակել Մովսէսը։
10 Պօղոս ուժեղ ներգործութիւն ունեցող օրինակներու գործածութեամբ ալ հաւատք կերտեց։ Մինչ կը կարդաք Եբրայեցիս 11–րդ գլուխը, նշմարեցէք թէ ան Աստուածաշունչի տիպարները ի՛նչպէս վառ կը դարձնէ։ Ան կ’ըսէ, զոր օրինակ, թէ Մովսէս «համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։27) Ուրիշ խօսքով, Եհովա ա՛յնքան իրական էր Մովսէսի համար, որպէս թէ ան անտեսանելի Աստուածը կը տեսնէր։ Նոյնը կրնա՞յ ըսուիլ մեզի համար։ Դիւրին է խօսիլ Եհովայի հետ յարաբերութիւն ունենալու մասին, բայց այդ յարաբերութիւնը կերտելն ու զօրացնելը գործ կը պահանջէ։ Գործ մը՝ որ պէ՛տք է ընենք։ Արդեօք Եհովան մեզի համար ա՛յնքան իրակա՞ն է որ զինք նկատի առնենք երբ որոշումներ կու տանք, մէջը ըլլալով երեւութապէս չնչին որոշումներ։ Այդպիսի հաւատք մը մեզի պիտի օգնէ որ համբերենք նոյնիսկ ամենագէշ հակառակութեան դիմաց։
11, 12. (ա) Ո՞ր վիճակներու ներքեւ Ենովքի հաւատքը փորձի ենթարկուեցաւ։ (բ) Ենովք ի՞նչ քաջալերական վարձատրութիւն ստացաւ։
11 Նկատի առէք նաեւ Ենովքի հաւատքը։ Մեզի համար դժուար է երեւակայել անոր դիմագրաւած հակառակութիւնը։ Ենովք այն ատեն ապրող ամբարիշտ մարդոց դէմ դատաստանի խայթիչ պատգամ մը պէտք էր տար։ (Յուդա 14, 15) Այս հաւատարիմ մարդուն սպառնացող հալածանքը ակներեւաբար ա՛յնքան դաժան, ա՛յնքան վայրագ ըլլալու էր, որ Եհովա «փոխադրեց զանիկա», ողջ վիճակէն առնելով ու մահուան քունի մէջ մտցնելով, թշնամիները անոր ձեռք զարնելէն առաջ։ Ուստի, Ենովք չկրցաւ տեսնել իր տուած մարգարէութեան կատարումը։ Սակայն, ան պարգեւ մը ստացաւ, որ կարգ մը կողմերով աւելի լաւ էր։—Եբրայեցիս 11։5. Ծննդոց 5։22-24
12 Պօղոս կը բացատրէ. «Անոր փոխադրուելէն առաջ [Ենովքի] վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր»։ (Եբրայեցիս 11։5) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէր։ Մահուան քունի մէջ մտնելէն առաջ, թերեւս Ենովք տեսակ մը տեսիլք ունեցաւ. կրնայ ըլլալ որ երկրային Դրախտը տեսաւ, որու մէջ պիտի զարթնէր օր մը։ Ամենայնդէպս, Եհովա գիտցուց Ենովքի թէ Իրեն հաճելի էր իր հաւատարիմ ընթացքը։ Ենովք Եհովայի սիրտը ուրախացուցած էր։ (Համեմատել՝ Առակաց 27։11) Ենովքի կեանքին մասին մտածելը սրտաշարժ է, այդպէս չէ՞։ Դուք ալ պիտի ուզէի՞ք այսպիսի հաւատքով լեցուն կեանք մը ապրիլ։ Ուրեմն այսպիսի օրինակներու մասին խոր կերպով մտածեցէք. զանոնք տեսէք որպէս իրական անհատներ։ Վճռեցէք ամէն օր հաւատքով ապրիլ։ Յիշեցէք նաեւ թէ հաւատք ունեցող անհատներ Եհովայի չեն ծառայեր հիմնուելով թուականի մը կամ ժամկէտի մը վրայ, երբ Աստուած իր բոլոր խոստումները պիտի կատարէ։ Հապա, մենք վճռած ենք յաւիտեա՛ն ծառայել Եհովայի։ Այսպէս վարուիլը այս ու գալիք դրութեան մէջ լաւագոյն ապրելակերպն է։
Ի՛նչպէս Հաւատքի Մէջ Աւելի Զօրանալ
13, 14. (ա) Եբրայեցիս 10։24, 25–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խօսքերը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնեն որ մեր ժողովները ուրախ առիթներու վերածենք։ (բ) Քրիստոնէական ժողովներուն գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։
13 Պօղոս Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն քանի մը գործնական կերպեր ցոյց տուաւ, որոնցմով կրնային իրենց հաւատքը զօրացնել։ Անոնցմէ միայն երկուքը նկատի առնենք։ Հաւանաբար, մեզի ծանօթ է Եբրայեցիս 10։24, 25–ի յորդորը, որ մեզ կը քաջալերէ որ կանոնաւորաբար հաւաքուինք քրիստոնէական ժողովներու համար։ Սակայն յիշեցէք որ հոն տուած Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերը չեն թելադրեր որ այդ ժողովներուն կրաւորական հանդիսատեսներ ըլլանք։ Ընդհակառակը, Պօղոս ժողովները կը նկարագրէ որպէս զիրար ճանչնալու, աւելի լման կերպով Աստուծոյ ծառայելու համար զիրար դրդելու եւ զիրար քաջալերելու պատեհութիւններ։ Մենք հոն ենք տալու՝ ո՛չ թէ միայն առնելու համար։ Ասիկա կ’օգնէ որ մեր ժողովները ուրախ առիթներ ըլլան։—Գործք 20։35
14 Սակայն, մենք ժողովներու կը յաճախենք գլխաւորաբար Եհովա Աստուած պաշտելու համար։ Ասիկա կ’ընենք աղօթքի ու երգեցողութեան միանալով, ուշադիր կերպով մտիկ ընելով եւ «մեր շրթունքներուն պտուղը» մատուցանելով՝ Եհովան փառաբանող մեր արտայայտութիւններով եւ ժողովներու մէջ մեր պատասխաններով ու բաժիններով։ (Եբրայեցիս 13։15) Եթէ այս նպատակակէտերը մեր միտքը պահենք եւ ամէն ժողովի անոնց համաձայն վարուինք, անկասկած ամէն անգամ մեր հաւատքը պիտի կերտուի։
15. Պօղոս ինչո՞ւ յորդորեց Եբրայեցի Քրիստոնեաները որ իրենց քարոզչութեան կառչած մնան, եւ նոյն խրատը ինչո՞ւ յարմար է այսօր։
15 Քարոզչութիւնը հաւատք կերտելու ուրիշ կերպ մըն է։ Պօղոս գրեց. «Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ»։ (Եբրայեցիս 10։23) Կրնաք ուրիշները յորդորել որ բանի մը կառչին, երբ անոնք հրաժարելու վտանգին մէջ կը թուին ըլլալ։ Սատանան վստահաբար ճնշում կը բանեցնէր Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն վրայ, որպէսզի իրենց ծառայութենէն ձեռք քաշէին, ան այսօ՛ր ալ Աստուծոյ ծառաներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ։ Այսպիսի ճնշումի դիմաց ի՞նչ պէտք է ընենք։ Նկատի առէք թէ Պօղոս ի՛նչ ըրաւ։
16, 17. (ա) Պօղոս քարոզչութեան համար ի՞նչպէս համարձակութիւն ձեռք ձգեց։ (բ) Ի՞նչ քայլեր պէտք է առնենք եթէ քրիստոնէական ծառայութեան երեսակներէն մէկը մեզ կը վախցնէ։
16 Թեսաղոնիկէի Քրիստոնեաներուն Պօղոս գրեց. «Առաջ Փիլիպպէի մէջ չարչարանք կրելէ ու անարգուելէ վերջ համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։2) Պօղոս ու իր ընկերակիցները ի՞նչպէս ‘անարգուեցան’ Փիլիպպէի մէջ։ Կարգ մը ուսումնականներու համաձայն, Պօղոսի գործածած Յունարէն բառը կ’ընդգրկէ նախատինք, ամօթալի կամ կատաղի վերաբերմունք։ Փիլիպպէի իշխանութիւնները զանոնք ծեծած, բանտը նետած, եւ անոնց ոտքերը կոճղի մէջ ամրացուցած էին։ (Գործք 16։16-24) Այդ ցաւագին փորձառութենէն Պօղոս ի՞նչպէս ազդուեցաւ։ Իր միսիոնարական շրջապտոյտի յաջորդ քաղաքի՝ Թեսաղոնիկէի՝ մարդիկը անոր վախի անձնատուր ըլլալը տեսա՞ն։ Ո՛չ, ան «համարձակութիւն ունեցաւ»։ Ան վախը նուաճեց եւ շարունակեց համարձակ քարոզել։
17 Պօղոսի համարձակութիւնը ուրկէ՞ էր։ Իր մէջէ՞ն էր։ Ո՛չ, ան ըսաւ որ «Աստուծմով» համարձակութիւն ունեցած էր։ Աստուածաշունչի թարգմանիչներու աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ թէ այս նախադասութիւնը կարելի է թարգմանել «Աստուած մեր սրտէն վախը վանեց»։ Ուստի, եթէ քարոզչութեան համար բաւական համարձակութիւն չունիք, կամ անոր երեսակներէն մէկը մասնայատուկ կերպով կը վախցնէ ձեզ, ինչո՞ւ Եհովայէ չխնդրէք որ նոյնը ընէ ձեզի։ Իրմէ խնդրեցէք որ վախը ձեր սրտէն վանէ։ Իրմէ խնդրեցէք որ այս գործին մէջ համարձակութիւն ունենալու համար ձեզի օգնէ։ Անկէ զատ, կարգ մը գործնական քայլեր ալ առէք։ Օրինակ, կարգադրեցէք որ ձեզի վերաբերող վկայութեան մարզին մէջ ատակ եղող մէկու մը հետ աշխատիք։ Անիկա կրնայ ըլլալ առեւտրական թաղամասեր, փողոցի վկայութիւն, անպաշտօն քարոզչութիւն կամ հեռաձայնային վկայութիւն։ Թերեւս ձեր ընկերակիցը ուզէ ինք նախաձեռնութիւնը առնել։ Եթէ այս ըլլայ պարագան, դիտեցէք եւ սորվեցէք։ Բայց յետոյ զայն փորձելու համարձակութիւն ունեցէք։
18. Ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք ունենալ եթէ մեր ծառայութեան մէջ համարձակութիւն ձեռք ձգենք։
18 Խորհեցէք թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ արդիւնքը, եթէ համարձակութիւն ձեռք ձգէք։ Երբ յարատեւէք ու յուսահատութեան չմատնուիք, հաւանաբար ճշմարտութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու մէջ լաւ փորձառութիւններ պիտի ունենաք, փորձառութիւններ՝ զորս այլապէս պիտի չկարենայիք ունենալ։ (Տես՝ 25–րդ էջը։) Գոհունակութիւնը պիտի ունենաք գիտնալու թէ ձեզի համար դժուար եղող բան մը ընելով՝ Եհովան հաճեցուցիք։ Ձեր վախը յաղթահարելու համար Իր օրհնութիւնն ու օգնութիւնը պիտի ունենաք։ Ձեր հաւատքը աւելի զօրաւոր պիտի ըլլայ։ Իրապէս, չէք կրնար ուրիշներուն մէջ հաւատք կերտել, առանց միեւնոյն ատեն ձեր հաւատքը կերտելու։—Յուդա 20, 21
19. Ի՞նչ թանկարժէք վարձատրութիւն վերապահուած է ‘անոնց որ կը հաւատան’։
19 Կը մաղթենք որ շարունակէք ձեր հաւատքը եւ ձեր շուրջը գտնուողներուն հաւատքը զօրացնել։ Ասիկա կրնաք ընել դուք ձեզ եւ ուրիշները կերտելով Աստուծոյ Խօսքին հմուտ գործածութեամբ, Աստուածաշունչի հաւատքի տիպարները սերտելով եւ զանոնք վառ դարձնելով, քրիստոնէական ժողովներու համար պատրաստուելով ու անոնց մասնակցելով, եւ հանրային քարոզչութեան թանկագին առանձնաշնորհումին կառչելով։ Երբ ասոնք կ’ընէք, վստահ եղէք որ դուք արդարեւ ‘անոնցմէ էք որ կը հաւատան’։ Մի՛ մոռնաք նաեւ որ այսպիսիները թանկարժէք վարձատրութիւն մը ունին։ Անոնք ‘անոնցմէ են որ կը հաւատան, որպէս զի իրենց հոգին փրկուի’։b Թո՛ղ որ ձեր հաւատքը շարունակաբար աճի եւ կը մաղթենք որ Եհովա Աստուած ձեզ յաւիտեան ողջ պահէ։
[Ստորանիշներ]
a Պօղոս Եօթանասնից Թարգմանութենէն մէջբերեց Ամբակումայ 2։4–ը, որ կը բովանդակէր՝ «եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի» նախադասութիւնը։ Այս նախադասութիւնը չ’երեւնար Եբրայերէն որեւէ պահպանուած ձեռագրի մէջ։ Ոմանք ենթադրած են թէ Եօթանասնից–ը հիմնուած էր Եբրայերէն նախկին ձեռագիրներու վրայ, որոնք այլեւս գոյութիւն չունին։ Ամենայնդէպս, Պօղոս հոս զայն ներառեց Աստուծոյ սուրբ հոգիին ներգործութեան ներքեւ։ Ուստի, անիկա աստուածային արտօնութեամբ է։
b 2000 տարուան համար Եհովայի Վկաներու տարուան համարը պիտի ըլլայ՝ «Մենք ետ չենք քաշուիր . . . հապա կը հաւատանք»։—Եբրայեցիս 10։39
Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք
◻ Պօղոս Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն վրայ իր ունեցած վստահութիւնը ի՞նչպէս արտայայտեց, եւ ասկէ ի՞նչ կը սորվինք։
◻ Ամբակում մարգարէէն Պօղոսի ըրած մէջբերումը ինչո՞ւ տեղին էր։
◻ Հաւատքի ի՞նչ սուրբ գրային տիպարներ վառ կերպով ներկայացուց Պօղոս։
◻ Հաւատք կերտելու ի՞նչ գործնական միջոցներ յանձնարարեց Պօղոս։
[Նկար՝ էջ 23]
Փիլիպպէի մէջ իր ունեցած ցաւալի փորձառութենէն ետք, Պօղոս համարձակութիւն ունեցաւ քարոզչութիւնը շարունակելու
[Նկարներ՝ էջ 24]
Վկայութեան տարբեր ձեւերուն մասնակցելու համար համարձակութիւն պիտի ունենա՞ք