Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Եհովայի վկաներու ժողովները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • Դաս 10։ Տղամարդ մը Սուրբ Գիրքին մէջ համար մը կը կարդայ, որ Վկայ մը իրեն ցոյց կու տայ Եհովայի վկաներու ժողովներէն մէկուն ընթացքին։

      ԴԱՍ 10

      Եհովայի վկաներու ժողովները ինչպէ՞ս կրնան քեզի օգնել

      Եհովայի վկաներու ժողովներէն մէկուն ներկայ եղա՞ծ ես։ Եթէ առաջին անգամ ներկայ պիտի ըլլաս, թերեւս քիչ մը մտահոգուիս եւ հարց տաս. ‘Այդ ժողովներուն մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ։ Ինչո՞ւ կարեւոր են։ Ինչո՞ւ պէտք է ներկայ ըլլամ’։ Այս դասը ցոյց պիտի տայ, թէ ուրիշներուն հետ հաւաքուիլը ինչպէ՛ս կրնայ քեզ Աստուծոյ մօտեցնել եւ քեզի անձնապէս օգնել։

      1. Միասին հաւաքուելու ամէնէն կարեւոր պատճառը ի՞նչ է

      Սուրբ Գիրքի գրող մը իր խօսքերով արտայայտեց, թէ ուրիշներու հետ հաւաքուելու ամէնէն կարեւոր պատճառը ի՛նչ է. «Ժողովին մէջ [Եհովան] պիտի գովեմ» (Սաղմոս 22։22)։ Այսօր ալ Եհովայի վկաները ուրախութեամբ քով–քովի կու գան։ Անոնք աշխարհի չորս կողմը ամէն շաբաթ միասին կը հաւաքուին Աստուած փառաբանելու, երգելու եւ աղօթելու։ Իսկ տարին քանի մը անգամ, աւելի մեծ խումբերով կը հաւաքուին։

      2. Մեր ժողովներուն մէջ ի՞նչ պիտի սորվիս

      Ժողովներուն մէջ կը կեդրոնանանք Աստուծոյ Խօսքին վրայ, զայն բացատրելով ու հասկնալի դարձնելով (կարդա՛ Նէեմիա 8։8)։ Ներկայ գտնուելով, Եհովային եւ իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին պիտի սորվիս։ Ո՛րքան աւելի գիտնաս քեզի հանդէպ իր սիրոյն մասին, ա՛յնքան աւելի իրեն պիտի մօտենաս։ Նաեւ պիտի սորվիս թէ ան ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգնել, որ խաղաղ կեանք ունենաս (Եսայի 48։17, 18)։

      3. Ժողովներուն մէջ ուրիշներու հետ ընկերակցելով ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ

      Եհովան մեզի կը պատուիրէ, որ «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք» (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Մեր ժողովներուն մէջ պիտի հանդիպիս անհատներու, որոնք իրապէս իրարու հոգ կը տանին եւ քեզի պէս՝ հետաքրքրուած են Աստուծոյ մասին աւելի սորվելով։ Պիտի լսես Սուրբ Գիրքին հիման վրայ իրենց տուած քաջալերական գաղափարները (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։11, 12)։ Նաեւ պիտի կարենաս խօսիլ անհատներու հետ, որոնք իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ կ’ելլեն։ Ասոնք միայն քանի մը պատճառներ են, թէ ինչո՛ւ Եհովան կ’ուզէ, որ կանոնաւորաբար քով–քովի գանք։

      ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

      Տե՛ս թէ Եհովայի վկաներու ժողովներուն մէջ ի՛նչ կ’ըլլայ եւ թէ ինչո՛ւ կ’արժէ ջանք ընել ներկայ գտնուելու համար։

      4. Եհովայի վկաներու ժողովները

      Առաջին դարուն, քրիստոնեաները կանոնաւորաբար կը հաւաքուէին Եհովան պաշտելու համար (Հռովմայեցիս 16։3-5)։ Կարդացէ՛ք Կողոսացիս 3։16 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Առաջին դարու քրիստոնեաները Եհովան ինչպէ՞ս կը պաշտէին։

      Ներկայիս, Վկաներն ալ կանոնաւորաբար ժողովներ կ’ունենան։ Անոնց ժողովներուն մասին գաղափար մը առնելու համար, դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։ Ետքը, նայեցէք ժողովի նկարին եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

      ՎԻՏԷՕ. Թագաւորութեան սրահին մէջ ի՞նչ կ’ըլլայ (2։12)

      • Ի՞նչ նմանութիւններ նկատեցիր Թագաւորութեան սրահին մէջ եղած բաներուն եւ Կողոսացիս 3։16–ի մէջ կարդացածիդ միջեւ։

      • Վիտէոյին կամ նկարին մէջ, ժողովներուն նկատմամբ նկատեցի՞ր ուրիշ բան մը, որ հաւնեցար։

      Կարդացէ՛ք Բ. Կորնթացիս 9։7 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներու ժողովներուն մէջ դրամ չեն հաւաքեր։

      Ուսուցիչիդ հետ նկատի առ, թէ այս շաբթուան ժողովներէն մէկուն մէջ ի՛նչ նիւթերու մասին պիտի խօսուի։

      • Ժողովի ո՞ր բաժինը կը կարծես թէ քեզ աւելի պիտի հետաքրքրէ կամ քեզի համար գործնական պիտի ըլլայ։

      Գիտէի՞ր

      Կրնաս jw.org կայքին վրայ գիտնալ, թէ աշխարհի չորս կողմը ժողովները ո՛ւր եւ ե՛րբ տեղի կ’ունենան։

      Թագաւորութեան սրահին մէջ տեսարաններ՝ ժողովէ մը առաջ, ընթացքին եւ ետք։ Տեսարանները կը կրկնուին Ա–էն Դ։ Ա. Ժողովի մը ընթացքին, Վկայ տղամարդ մը բեմէն Սուրբ Գիրքի վրայ հիմնուած դասախօսութիւն կու տայ։ Բ. Ժողովի մը ընթացքին, քննարկութեան ատեն Վկայ կին մը պատասխան կու տայ։ Գ. Ժողովէն ետք, Վկայ տղամարդ մը ընտանիքի մը հետ կը խօսակցի։ Դ. Վկայ տղամարդ մը դուռը բաց կը պահէ ժողովասրահ մտնող տարեց տղամարդու մը համար։
      1. Ա. Մեր ժողովներուն մէջ կան՝ դասախօսութիւններ, ցուցադրութիւններ եւ վիտէօներ։ Ժողովները կը սկսին երգով ու աղօթքով եւ նոյն կերպով ալ կը վերջանան

      2. Բ. Ժողովի կարգ մը բաժիններու մէջ, ներկաները կրնան մասնակցիլ

      3. Գ. Բոլո՛րը բարի եկած են, ըլլան տղամարդիկ, կիներ, տարեցներ կամ պատանիներ

      4. Դ. Մուտքը ձրի է եւ դրամ չի հաւաքուիր

      5. Ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ջանք կը պահանջէ

      Նկատի առ Յիսուսի ընտանիքին օրինակը։ Տարեկան տօնի մը ներկայ գտնուելու համար, անոնք Նազարէթէն շուրջ 100 քմ. կը քալէին դէպի Երուսաղէմ, լեռնային շրջաններէ անցնելով։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 2։39-42 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Քու կարծիքովդ, դէպի Երուսաղէմ այս ճամբորդութիւնը ջանք կը պահանջէ՞ր։

      • Ինչո՞ւ թերեւս պէտք ունենաս ջանք թափելու, որ ժողովներուն ներկայ գտնուիս։

      • Կը կարծե՞ս որ կ’արժէ ջանք թափել։ Ինչո՞ւ։

      Յովսէփ, Մարիամ, Յիսուս եւ Յիսուսի եղբայրներէն մէկը կը պատրաստուին ճամբորդելու։ 1. Յովսէփ պարկեր կը դնէ իշու մը վրայ, իսկ Մարիամ ուտելիքներ կը պատրաստէ։ 2. Քարտէս մը որ ցոյց կու տայ ճամբան՝ Նազարէթէն դէպի Երուսաղէմ։

      Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, որ պաշտամունքի համար միասին հաւաքուիլը շատ կարեւոր է։ Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 10։24, 25 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Ինչո՞ւ պէտք է կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլանք։

      ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Պէտք չունիս ժողովի երթալու։ Բաւարար է որ տունը Սուրբ Գիրքը կարդաս»։

      • Ո՞ր համարը կամ Սուրբ Գիրքէն ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ։

      ԱՄՓՈՓՈՒՄ

      Ժողովներուն ներկայ գտնուիլը քեզի պիտի օգնէ, որ Եհովայի մասին աւելի սորվիս, իրեն հետ բարեկամութիւնդ զօրացնես եւ ուրիշներու հետ զինք պաշտես։

      Վերաքաղ

      • Եհովան ինչո՞ւ մեզ կը քաջալերէ որ քով–քովի գանք։

      • Եհովայի վկաներու ժողովներուն մէջ ի՞նչ պիտի սորվիս։

      • Քու կարծիքովդ, ժողովներուն ներկայ գտնուելով ուրիշ ի՞նչ կերպով կրնաս օգտուիլ։

      Նպատակակէտ

      ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

      Եթէ ժողովներու ներկայ գտնուելու նկատմամբ կը մտահոգուիս, տե՛ս թէ ինչպէ՛ս տղամարդ մը, որ այդպէս կը զգար, սկսաւ ժողովները սիրել։

      Մենք բնա՛ւ պիտի չմոռնանք այդ ընդունելութիւնը (4։16)

      Տե՛ս թէ երիտասարդ մը ինչպէ՛ս ժողովներէն հաճոյք առաւ եւ ի՛նչ ըրաւ, որպէսզի շարունակէ ներկայ ըլլալ։

      Ժողովները շատ սիրեցի (4։33)

      Գաղափար մը առ թէ ուրիշներ ժողովները ինչպէ՛ս կը նկատեն։

      «Ինչո՞ւ կարեւոր է ժողովներուն ներկայ ըլլալ Թագաւորութեան սրահին մէջ» (յօդուած՝ մեր կայքին վրայ)

      Կարդա՛ թէ վայրագ անհատի մը կեանքը ինչպէ՛ս փոխուեցաւ, Եհովայի վկաներու ժողովի մը ներկայ գտնուելէ ետք։

      «Առանց ատրճանակի՝ տեղ մը չէի երթար» (Դիտարան 1 յուլիս 2014)

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն կ’իշխէ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
    • 5. 1914–էն ի վեր աշխարհը փոխուած է

      Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ։

      ՎԻՏԷՕ. 1914–էն ի վեր աշխարհը փոխուած է (1։10)

      Յիսուս մարգարէացաւ որ աշխարհին մէջ ի՛նչ վիճակներ պիտի տիրէին, ինք Թագաւոր ըլլալէն ետք։ Կարդացէ՛ք Ղուկաս 21։9-11 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Այս վիճակներէն որո՞նք տեսած ես կամ լսած ես։

      Պօղոս առաքեալ նկարագրեց, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի ըլլային մարդկային իշխանութեան վերջին օրերուն ընթացքին։ Կարդացէ՛ք Բ. Տիմոթէոս 3։1-5 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Նկատա՞ծ ես որ մարդիկ այսպէս կը վարուին։

      Տեսարաններ ցոյց կու տան աշխարհի վիճակները վերջին օրերուն։ 1. Զինուորական առաջնորդ մը ամպիոնի վրայ կը պոռայ՝ իր ձեռքը բարձրացուցած։ 2. Երկրաշարժէ փլած շէնքեր։ 3. Զինուորական օդանաւեր։ 4. Խումբ մը մարդիկ դիմակներ դրած՝ փողոցը կը քալեն։ 5. Նիւ Եորքի մէջ, «Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոն»ը ահաբեկչական յարձակումէն ետք կրակներու մէջ է։ 6. Մարդ մը թմրեցուցիչ կը գործածէ։ 7. Ամուսին մը կը պոռայ իր խեղճ կնոջ վրայ։ 8. Տեսակ–տեսակ թմրեցուցիչներ եւ խմիչքներ։ 9. Երկու կիներ նորաձեւ հագուստներով եւ զարդերով իրենք զիրենք կը նկարեն։ 10. «Տի. Ճէյ.» մը համերգի մը ատեն ամբոխը կ’առաջնորդէ։ 11. Խռովարար մը բան մը նետելու վրայ է։

      6. Ցոյց տուր որ կը հաւատաս, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ

      Կարդացէ՛ք Մատթէոս 24։3, 14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

      • Ի՞նչ կարեւոր գործ մը ցոյց կու տայ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ։

      • Ինչպէ՞ս կրնաս այս գործին մասնակցիլ։

      Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ, եւ շուտով կը հասնի այն օրը, երբ ամբողջ երկրի վրայ լիովին պիտի իշխէ։ Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 10։24, 25 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը.

      • Իւրաքանչիւրս ի՞նչ պէտք է ընենք, մինչ «այն օրուան մօտենալը» կը տեսնենք։

      1. Սուրբ Գիրքը սերտող կին մը Եհովայի վկաներու ժողովի մը ներկայ է։ 2. Նոյն կինը իր ծանօթին կը քարոզէ։

      Եթէ գիտնայիր բան մը, որ կրնայ ուրիշներուն օգնել եւ ազատել, ի՞նչ կ’ընէիր

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել