Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ95 12/1 էջ 8-12
  • Սուտ աստուածներու դէմ վկաներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սուտ աստուածներու դէմ վկաներ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աբրահամի Վկայութիւնը Ի Նպաստ Ճշմարտութեան
  • Վկաներու Ազգ մը
  • Աստուածներու Դատ մը
  • Աստուածային գերիշխանութեան համար քրիստոնեայ վկաներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • «Իմ վկաներս դուք էք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • «Հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Անոնք Աստուծոյ ընտրեալ ազգին մէջ ծնան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
դ95 12/1 էջ 8-12

Սուտ աստուածներու դէմ վկաներ

«‘Իմ վկաներս դուք էք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘նաեւ իմ ընտրած ծառաս’»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 43։10

1. Ճշմարիտ Աստուածը ո՞վ է, եւ ան ո՞ր մարզերուն մէջ ներկայիս պաշտուած բազմաթիւ աստուածներէն գերակայ է։

ՃՇՄԱՐԻՏ Աստուածը ո՞վ է։ Ներկայիս, ամբողջ մարդկութիւնը այս կարեւորագոյն հարցումը կը դիմագրաւէ։ Թէեւ մարդիկ բազմաթիւ աստուածներ կը պաշտեն, սակայն մի՛միայն Մէկը կրնայ մեզի կեանք տալ եւ ուրախ ապագայ մը հրամցնել։ Մի՛միայն այդ Մէկին մասին կարելի է ըսել. «Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք»։ (Գործք 17։28) Արդարեւ, միայն մէկ Աստուած պաշտուելու իրաւունքը ունի։ Ինչպէս Յայտնութիւն գրքին մէջ երկնային երգչախումբը կ’ըսէ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասնզի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։—Յայտնութիւն 4։10

2, 3. (ա) Սատանան ինչպէ՞ս ստութեան դիմեց Եհովայի պաշտուելու իրաւունքին դէմ ասպարէզ կարդալու համար։ (բ) Եւայի մեղքը ի՞նչ հետեւանք ունեցաւ իրեն եւ իր զաւակներուն համար, իսկ Սատանային համար արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

2 Եդեմի պարտէզին մէջ, Սատանան ստութեան դիմեց Եհովայի պաշտուելու իրաւունքին դէմ ասպարէզ կարդալու համար։ Օձ մը գործածելով, ան Եւային ըսաւ որ եթէ ան Եհովայի օրէնքին դէմ ըմբոստանար եւ Եհովայի արգիլած ծառէն ուտէր, աստուածներու պէս պիտի ըլլար։ Ան ըսաւ. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ (Ծննդոց 3։5) Եւա օձին հաւատաց եւ արգիլուած պտուղը կերաւ։

3 Անշուշտ, Սատանան կը ստէր։ (Յովհաննու 8։44) Երբ մեղանչեց, Եւա «աստուածներու պէս» եղաւ միայն մէկ կերպով. ան բանի մը շիտակ կամ սխալ ըլլալը որոշելու իրաւունքը յանձն առաւ, պատասխանատուութիւն մը որ Եհովային պէտք էր ձգուէր։ Իսկ հակառակ Սատանայի սուտին, Եւա վերջապէս մեռաւ։ Ուստի, Եւայի մեղքէն միակ իրական օգտուողը Սատանան եղաւ։ Արդարեւ, Եւան մեղանչելու մղելով, Սատանայի թաքուն նպատակն էր աստուած մը ըլլալ։ Երբ մեղանչեց, Եւա Սատանային մարդկային առաջին հետեւորդը դարձաւ, իսկ Ադամ շուտով անոր միացաւ։ Անոնց զաւակները ոչ միայն «մեղքով» ծնան, այլ անոնց մեծամասնութիւնը Սատանայի ազդեցութեան ներքեւ եկաւ եւ քիչ ժամանակի մը մէջ, ճշմարիտ Աստուծմէն օտարացած ամբողջ աշխարհ մը գոյացաւ։—Ծննդոց 6։5. Սաղմոս 51։5

4. (ա) Այս աշխարհի աստուածը ո՞վ է։ (բ) Ստիպողական ի՞նչ կարիք մը կայ։

4 Այդ աշխարհը Ջրհեղեղով կործանեցաւ։ (Բ. Պետրոս 3։6) Ջրհեղեղէն ետք, Եհովայէ օտարացած երկրորդ աշխարհ մը զարգացաւ եւ անիկա տակաւին կը գոյատեւէ։ Աստուածաշունչը անոր մասին կ’ըսէ. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է [զօրութեան ներքեւ է (ՆԱ)]»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Եհովայի օրէնքին հոգիին եւ բովանդակութեան ընդդէմ գործելով, այս աշխարհը Սատանայի նպատակներուն կը ծառայէ։ Սատանան է անոր աստուածը։ (Բ. Կորնթացիս 4։4) Այսուհանդերձ, ան հիմնովին անկարող աստուած մըն է։ Ան չի կրնար մարդիկը ուրախ դարձնել կամ անոնց կեանք տալ. մի՛միայն Եհովան կրնայ ընել ատիկա։ Հետեւաբար, իմաստալից կեանք մը եւ աւելի լաւ աշխարհ մը փափաքող անհատները նախ պէտք է գիտնան որ Եհովա ճշմարիտ Աստուածն է, ու ապա սորվին իր կամքը կատարել։ (Սաղմոս 37։18, 27, 28. Ժողովողի 12։13) Ուստի, Եհովայի մասին վկայելու, կամ ճշմարտութիւնը յայտարարելու համար հաւատքի տէր այրերու եւ կիներու ստիպողական կարիք մը կայ։

5. Պօղոս «վկաներու» ի՞նչ «ամպ» յիշեց։ Իր ցանկին մէջ տրուած ոմանց անունները թուեցէք։

5 Սկիզբէն իսկ, այսպիսի հաւատարիմ անհատներ աշխարհի թատերաբեմին վրայ երեւան եկան։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ, Պօղոս առաքեալ անոնց երկար ցանկը կու տայ եւ զանոնք կը կոչէ «այսչափ վկաներու ամպ» մը։ (Եբրայեցիս 12։1) Պօղոսի ցանկին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր Ադամի ու Եւայի երկրորդ որդին՝ Աբէլը։ Ենովք եւ Նոյ ալ Ջրհեղեղի շրջանէն առաջ յիշուած են։ (Եբրայեցիս 11։4, 5, 7) Հրեայ ցեղին նախահայրը՝ Աբրահամ ՝ կարկառուն է։ Ան, որ «Աստուծոյ բարեկամ» կոչուած է, Յիսուսի՝ ‘հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկայ’ին՝ նախահայրը եղաւ։—Յակոբու 2։23. Յայտնութիւն 3։14

Աբրահամի Վկայութիւնը Ի Նպաստ Ճշմարտութեան

6, 7. Աբրահամի կեանքն ու արարքները ի՞նչ կերպերով վկայութիւն մըն էին թէ Եհովա ճշմարիտ Աստուածն է։

6 Աբրահամ ինչպէ՞ս ծառայեց որպէս վկայ մը։ Եհովայի հանդէպ իր զօրաւոր հաւատքով եւ հաւատարիմ հնազանդութեամբ։ Երբ իրեն հրաւէր տրուեցաւ, որ Ուր քաղաքը լքէ եւ իր կեանքին մնացեալ օրերը հեռաւոր երկրի մը մէջ անցընէ, Աբրահամ հնազանդեցաւ։ (Ծննդոց 15։7. Գործք 7։2–4) Թափառական ցեղախումբեր յաճախ իրենց աստանդական կեանքը կը լքեն եւ քաղաքին մէջ կը հաստատուին աւելի ապահով կեանք մը նախընտրելով։ Ուստի, երբ վրաններու տակ բնակելու համար լքեց քաղաքը, Աբրահամ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ իր վստահութիւնը զօրաւոր կերպով ապացուցանեց։ Իր հնազանդութիւնը վկայութիւն մըն էր զինք դիտած անհատներուն համար։ Եհովա առատապէս օրհնեց Աբրահամը իր հաւատքին համար։ Վրաններու տակ բնակելով հանդերձ, Աբրահամ նիւթապէս բարգաւաճեցաւ։ Երբ Ղովտ ու իր ընտանիքը գերի տարուեցան, Աբրահամ անոնց ետեւէն ինկաւ, իսկ Եհովա յաջողութիւն տուաւ իրեն, այնպէս որ ան զանոնք ազատեց։ Աբրահամի կինը իր յառաջացած տարիքին որդի մը ծնաւ եւ այսպիսով հաստատուեցաւ Եհովայի խոստումը թէ Աբրահամ սերունդի մը հայր պիտի ըլլար։ Աբրահամին միջոցով, մարդիկ տեսան որ Եհովա իր խոստումները կատարող կենդանի Աստուած մըն է։—Ծննդոց 12։1–3. 14։14–16. 21։1–7

7 Ղովտը ազատելէն Աբրահամի վերադարձին, Սաղէմի (հետագայ Երուսաղէմ քաղաքին) թագաւոր Մելքիսեդեկ զինք դիմաւորեց ու ողջունեց, ըսելով. «Օրհնեալ ըլլայ Աբրամ ... Բարձրեալ Աստուծմէն»։ Սոդոմի թագաւորն ալ զինք դիմաւորեց եւ ուզեց իրեն պարգեւներ տալ։ Աբրահամ մերժեց։ Ինչո՞ւ։ Ան չէր ուզեր որ իր օրհնութիւններուն Աղբիւրին մասին որեւէ կասկած ըլլար։ Ան ըսաւ. «Երկնքի ու երկրի տէրը եղող Բարձրեալ Տէր Աստուծոյ վերցուցի իմ ձեռքս, որ դերձանէն մինչեւ կօշիկի կապը բան մը չառնեմ քու ունեցածներէդ, որ չըլլայ թէ ‘Աբրամը ես հարստացուցի’ ըսես»։ (Ծննդոց 14։17–24) Աբրահամ ի՜նչ ընտիր վկայ մըն էր։

Վկաներու Ազգ մը

8. Մովսէս ինչպէ՞ս Եհովայի հանդէպ մեծ հաւատք ցուցաբերեց։

8 Մովսէսն ալ, Աբրահամի մէկ սերունդը, Պօղոսի տուած վկաներու ցանկին մէջ կը գտնուի։ Մովսէս Եգիպտոսի հարստութիւններուն կռնակ դարձուց եւ հետագային, այդ աշխարհակալ հզօր ոյժին կառավարիչը խիզախօրէն դիմագրաւեց, որպէսզի Իսրայէլի զաւակները ազատութեան առաջնորդէ։ Ան իր քաջութիւնը ուրկէ՞ ձեռք կը ձգէր։ Իր հաւատքէն։ Պօղոս կ’ըսէ. «[Մովսէս] համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր»։ (Եբրայեցիս 11։27) Եգիպտոսի աստուածները տեսանելի, շօշափելի էին։ Նոյնիսկ այսօր, անոր արձանները կը տպաւորեն մարդոց։ Բայց Մովսէսին համար, Եհովա, անտեսանելի ըլլալով հանդերձ, շատ աւելի իրական էր քան այդ բոլոր սուտ աստուածները։ Մովսէս վստահ էր որ Եհովա գոյութիւն ունէր եւ որ ան իր երկրպագուները պիտի վարձատրէր։ (Եբրայեցիս 11։6) Մովսէս կարկառուն վկայ մը եղաւ։

9. Իսրայէլ ազգը ինչպէ՞ս Եհովայի պէտք էր ծառայէր։

9 Իսրայելացիները ազատութեան առաջնորդելէ ետք, Մովսէս Եհովայի եւ Աբրահամի—Յակոբի գծով—սերունդին միջեւ կատարուած ուխտի մը միջնորդը եղաւ։ Որպէս արդիւնք, Իսրայէլ ազգը գոյացաւ Եհովայի մասնայատուկ սեփականութիւնը ըլլալով։ (Ելից 19։5, 6) Առաջին անգամ ըլլալով, ազգային վկայութիւն մը պէտք էր տրուէր։ Շուրջ 800 տարիներ ետք, Եսայիի միջոցով Եհովայի խօսքերը հիմնովին կը կիրարկուէին ազգին գոյութեան սկիզբէն. «‘Իմ վկաներս դուք էք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘նաեւ իմ ընտրած ծառաս. որպէսզի գիտնաք ու ինծի հաւատաք եւ հասկնաք թէ ես եմ ’»։ (Եսայեայ 43։10) Այս նոր ազգին անդամները ինչպէ՞ս պիտի ծառայէին որպէս Եհովայի վկաներ։ Իրենց հաւատքով ու հնազանդութեամբ, ինչպէս նաեւ ի նպաստ անոնց Եհովայի արարքներուն միջոցաւ։

10. Ի նպաստ Իսրայէլին Եհովայի հզօր գործերը ի՞նչ կերպով վկայութիւն մը տուին, եւ ի՞նչ արդիւնքներով։

10 Ազգ մը ըլլալէ շուրջ 40 տարիներ ետք, Իսրայէլ Աւետեաց Երկիրը գրաւելու վրայ էր։ Երիքով քաղաքը զննելու համար լրտեսներ ղրկուեցան, իսկ Ռախաբ, Երիքովի բնակիչ մը, պահպանեց զանոնք։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Մենք լսեցինք թէ ի՛նչպէս Տէրը ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը Կարմիր ծովուն ջուրերը ձեր առջեւէն ցամքեցուց. նաեւ ինչ որ դուք ըրիք Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն՝ Սեհոնին ու Ովգին՝ որոնք բնաջինջ ըրիք։ Ուստի այս բաները լսածնուս պէս սրտերնիս հալեցաւ ու ձեր երեսէն վախնալով մէկո՛ւն վրայ համարձակութիւն չմնաց. քանզի ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած»։ (Յեսուայ 2։10, 11) Եհովայի հզօր գործերուն մասին տեղեկագրութիւնը մղեց Ռախաբին եւ իր ընտանիքին որ Երիքովը ու անոր սուտ աստուածները լքեն եւ Իսրայէլին հետ Եհովան պաշտեն։ Բացայայտ է որ Եհովա զօրաւոր վկայութիւն մը տուած էր Իսրայէլին միջոցաւ։—Յեսուայ 6։25

11. Բոլոր Իսրայելացի ծնողները վկայելու նկատմամբ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունէին։

11 Երբ Իսրայելացիները տակաւին Եգիպտոսի մէջ էին, Եհովա Մովսէսը Փարաւոնին ղրկեց, ու ըսաւ. «Գնա՛ Փարաւոնին, վասնզի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէսզի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց եւ որպէսզի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ եւ իմ նշաններս, որոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէսզի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։ (Ելից 10։1, 2) Հնազանդ Իսրայելացիները Եհովայի հզօր արարքները պիտի պատմէին իրենց զաւակներուն։ Անոնց զաւակները, իրենց կարգին, զանոնք իրենց զաւակներուն պիտի պատմէին եւ այսպէս պիտի շարունակուէր սերունդէ սերունդ։ Այսպիսով, Եհովայի հզօր գործերը պիտի յիշուէին։ Նոյնպէս այսօր, ծնողներ իրենց զաւակներուն վկայելու պատասխանատուութիւնը ունին։—Բ. Օրինաց 6։4–7. Առակաց 22։6

12. Սողոմոնի եւ Իսրայէլի վրայ Եհովայի օրհնութիւնը ինչպէ՞ս ծառայեց որպէս վկայութիւն մը։

12 Երբ Իսրայէլ հաւատարիմ էր, անոր վրայ Եհովայի առատ օրհնութիւնը շրջակայ ազգերուն համար կը ծառայէր որպէս վկայութիւն մը։ Եհովայի խոստացած օրհնութիւնները թուելէ ետք, ինչպէս Մովսէս ըսաւ. «Երկրի բոլոր ժողովուրդները պիտի տեսնեն թէ Տէրոջը անունով կը կոչուիս ու քեզմէ պիտի վախնան»։ (Բ. Օրինաց 28։10) Իր հաւատքին պատճառաւ, Սողոմոն իմաստութիւն ու հարստութիւն ստացաւ։ Իր իշխանութեան ներքեւ, ազգը բարգաւաճեցաւ եւ խաղաղութեան երկար շրջան մը վայելեց։ Այդ ժամանակին առնչութեամբ կը կարդանք. «Բոլոր ժողովուրդներէն ու անոր իմաստութեան համբաւը լսող բոլոր թագաւորներէն շատեր Սողոմոնին իմաստութիւնը մտիկ ընելու կու գային»։ (Գ. Թագաւորաց 4։25, 29, 30, 34) Սողոմոնի այցելուներուն մէջ կարկառուն էր Սաբայի թագուհին։ Ազգին ու անոր թագաւորին վրայ Եհովայի օրհնութիւնը անձամբ տեսնելէ ետք, ան ըսաւ. «Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ իր աթոռին վրայ դրաւ, որպէսզի քու Տէր Աստուծոյդ հաճելի թագաւոր ըլլաս։ Քու Աստուածդ Իսրայէլը սիրելուն ... համար»։—Բ. Մնացորդաց 9։8

13. Իսրայէլի ամենէն ազդու վկայութիւնը թերեւս ի՞նչ բան եղաւ, եւ մենք տակաւին ի՞նչ օգուտ կը քաղենք անկէ։

13 Պօղոս առաքեալ յիշեց ինչ որ թերեւս Իսրայէլի ամենէն ազդու վկայութիւնը եղաւ։ Երբ Հռովմի Քրիստոնէական ժողովքին մարմնաւոր Իսրայէլի մասին կը խօսէր, ան ըսաւ. «Աստուծոյ պատգամները անոնց վստահուեցան»։ (Հռովմայեցիս 3։1, 2) Մովսէսէն սկսեալ, հաւատարիմ Իսրայելացիներէն ոմանք ներշնչուեցան, որպէսզի գրի առնեն Իսրայէլին հետ Եհովայի գործառնութիւնները, ինչպէս նաեւ իր խրատները, իր օրէնքները եւ իր մարգարէութիւնները։ Այս գրութիւններով, այդ վաղեմի դպիրները բոլոր ապագայ սերունդներուն, մեր սերունդն ալ ներառեալ, վկայեցին որ միայն մէկ Աստուած գոյութիւն ունի եւ որ անոր անունը Եհովա է։—Դանիէլ 12։9. Ա. Պետրոս 1։10–12

14. Եհովայի մասին վկայած անհատներէն ոմանք ինչո՞ւ հալածանքէ տառապեցան։

14 Դժբախտաբար, Իսրայէլ շատ անգամ հաւատք ընծայելու մէջ թերացաւ, իսկ Եհովա հարկ տեսաւ իր ազգին իսկ վկաներ ղրկել։ Անոնցմէ շատեր հալածուեցան։ Պօղոս ըսաւ որ անոնցմէ ոմանք «նախատինքներու ու ծեծերու, նաեւ կապերու ու բանտերու փորձը առին»։ (Եբրայեցիս 11։36) Արդարեւ, անոնք հաւատարիմ վկաներ եղան։ Որքա՜ն ցաւալի է որ անոնց հալածանքները յաճախ Եհովայի ընտրեալ ազգին անդամներէ եկան։ (Մատթէոս 23։31, 37) Իրականութեան մէջ, ազգին մեղքը այնքան մեծ եղաւ որ Հ.Դ.Ա. 607–ին, Եհովա Բաբելոնացիները հանեց, որպէսզի անոնք Երուսաղէմը իր տաճարին հետ կործանեն եւ վերապրած Իսրայելացիներուն մեծամասնութիւնը աքսորի տանին։ (Երեմեայ 20։4. 21։10) Ատիկա Եհովայի անուան մասին ազգային վկայութիւն մը տալու վե՞րջը կը նշանակէր։ Ո՛չ։

Աստուածներու Դատ մը

15. Նոյնիսկ Բաբելոնական աքսորին մէջ, ինչպէ՞ս վկայութիւն մը տրուեցաւ։

15 Նոյնիսկ Բաբելոնական աքսորին մէջ, ազգին հաւատարիմ անդամներ չվարանեցան Եհովայի Աստուածութեան ու զօրութեան մասին վկայել։ Օրինակի համար, Դանիէլ խիզախօրէն Նաբուգոդոնոսորի երազները մեկնեց, Բաղտասարին համար պատին վրայ գրութիւնը բացատրեց եւ աղօթքի հարցին մէջ Դարեհին դիմաց զիջում չըրաւ։ Երեք Եբրայեցիներն ալ, երբ մերժեցին արձանի մը երկրպագութիւն ընել, հոյակապ վկայութիւն մը տուին Նաբուգոդոնոսորին։—Դանիէլ 3։13–18. 5։13–29. 6։4–27

16. Եհովա ի՞նչ բառերով գուշակեց Իսրայելացիներուն հայրենիք վերադարձը, եւ այս վերադարձին նպատակը ի՞նչ պիտի ըլլար։

16 Այսուհանդերձ, Եհովա կը նպատակադրէր որ Իսրայէլի հողին վրայ դարձեալ ազգային վկայութիւն մը տրուի։ Եզեկիէլ, որ Բաբելոն աքսորուած Հրեաներուն մէջ կը մարգարէանար, աւերակ երկրին առնչութեամբ Եհովայի որոշումին մասին գրեց. «Ձեր վրայ մարդիկ՝ Իսրայէլի տունը՝ պիտի շատցնեմ ու քաղաքներու մէջ պիտի բնակին եւ աւերակները պիտի շէնցնեն»։ (Եզեկիէլ 36։10) Եհովա ինչո՞ւ պիտի ընէր ասիկա։ Գլխաւորաբար իր անուան մասին վկայութիւն մը տալու համար։ Եզեկիէլի միջոցով, ան ըսաւ. «Ո՛չ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, ո՛վ Իսրայէլի տուն, հապա իմ սուրբ անուանըս համար, որը դուք ձեր մտած ազգերուն մէջ պղծեցիք»։—Եզեկիէլ 36։22. Երեմեայ 50։28

17. Եսայեայ 43։10–ի խօսքերուն բովանդակութիւնը ի՞նչ է։

17 Բաբելոնական աքսորէն Իսրայէլի վերադարձը մարգարէացած ատենին էր որ Եսայի մարգարէն ներշնչուեցաւ Եսայեայ 43։10–ի խօսքերը գրելու համար, ըսելով որ Իսրայէլ Եհովայի վկան եւ իր ծառան էր։ Եսայեայ 43 եւ 44–ին մէջ, Եհովա կը նկարագրուի որպէս Իսրայէլի Ստեղծիչը, Ձեւակերպողը, Աստուածը, Սուրբը, Փրկիչը եւ Թագաւորը։ (Եսայեայ 43։3, 14, 15. 44։2) Իսրայէլի աքսորը թոյլատրուեցաւ, քանի որ ազգը զինք այդ հանգամանքներով փառաւորելու մէջ շատ անգամ թերացաւ։ Սակայն, անոնք տակաւին իր ժողովուրդն էին։ Եհովա անոնց ըսած էր. «Մի՛ վախնար, վասնզի ես քեզ փրկեցի, քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես»։ (Եսայեայ 43։1) Բաբելոնի մէջ Իսրայէլի աքսորը վերջ պիտի գտնէր։

18. Բաբելոնէն Իսրայէլի ազատագրութիւնը ինչպէ՞ս փաստեց որ Եհովա միակ ճշմարիտ Աստուածըն է։

18 Արդարեւ, Եհովա Բաբելոնէն Իսրայէլի ազատագրութիւնը աստուածներու դատի մը վերածեց։ Ան ազգերու սուտ աստուածներուն ասպարէզ կարդաց, որ իրենց վկաները բերեն, իսկ ինք Իսրայէլը կոչեց որպէս իր վկան։ (Եսայեայ 43։9, 12) Երբ Իսրայէլին աքսորի կապանքները կոտրեց, ան փաստեց որ Բաբելոնի աստուածները բնաւ աստուածներ չէին եւ որ ինքն էր միակ ճշմարիտ Աստուածը։ (Եսայեայ 43։14, 15) Այս դէպքէն շուրջ 200 տարիներ առաջ, Եհովա իր Աստուածութեանը յաւելեալ ապացոյց մը տուած էր Պարսիկ Կիւրոսը իր ծառան կոչելով, որ Հրեաները պիտի ազատագրէր։ (Եսայեայ 44։28) Իսրայէլ պիտի ազատագրուէր։ Ինչո՞ւ։ Եհովա կը բացատրէ. «[Որպէսզի] անոնք [Իսրայելացիները] իմ գովութիւնս ... պատմեն»։ (Եսայեայ 43։21) Այդ ազատագրութիւնը վկայութեան մը համար յաւելեալ պատեհութիւն պիտի տար։

19. Իսրայելացիները Երուսաղէմ վերադառնալու մասին Կիւրոսի հրաւէրով եւ այդ վերադարձէն ետք, հաւատարիմ Հրեաներու արարքներով ի՞նչ վկայութիւն տրուեցաւ։

19 Երբ ժամանակը հասաւ, Պարսիկ Կիւրոս Բաբելոնը նուաճեց, ճիշդ ինչպէս մարգարէացուած էր։ Կիւրոս, հեթանոս մը ըլլալով հանդերձ, Եհովայի Աստուածութիւնը յայտարարեց, երբ Բաբելոնի Հրեաներուն համար հրովարտակ մը հանեց. «Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Աստուածը իրեն հետ ըլլայ, թող Յուդայի Երուսաղէմը երթայ եւ Իսրայէլին Եհովա Աստուծոյն, այն Երուսաղէմի մէջ եղող [ճշմարիտ (ՆԱ)] Աստուծոյն, տունը շինէ»։ (Եզրասայ 1։3) Շատ մը Հրեաներ ընդառաջեցին։ Անոնք Աւետեաց Երկիրը վերադառնալու երկար ճամբորդութեան ձեռնարկեցին եւ վաղեմի տաճարի վայրին վրայ սեղան մը կանգնեցին։ Հակառակ վհատութեան եւ կատաղի հակառակութեան, անոնք վերջապէս տաճարը եւ Երուսաղէմ քաղաքը վերաշինեցին։ Ինչպէս Եհովա անձամբ ըսած էր, այս բոլորը տեղի ունեցան «զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա [իր] հոգիով»։ (Զաքարեայ 4։6) Այս իրագործումները յաւելեալ կերպով ապացուցանեցին որ Եհովա ճշմարիտ Աստուածն է։

20. Հակառակ իր տկարութիւններուն, ի՞նչ կարելի է ըսել վաղեմի աշխարհին մէջ ի նպաստ Եհովայի անուան Իսրայէլի վկայութիւն մը տալուն մասին։

20 Այսպիսով, Եհովա շարունակեց Իսրայէլը գործածել որպէս իր վկան, թէեւ անիկա անկատար եւ երբեմն ըմբոստ ժողովուրդ մը էր։ Նախա–Քրիստոնէական աշխարհին մէջ, այդ ազգը, իր տաճարով եւ քահանայութեամբ, ճշմարիտ պաշտամունքին համաշխարհային կեդրոնը կը կազմէր։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ Իսրայէլին հետ Եհովայի գործառնութիւններուն մասին կարդացողը որեւէ կասկած չունենար որ միայն մէկ ճշմարիտ Աստուած գոյութիւն ունի եւ որ անոր անունը Եհովա է։ (Բ. Օրինաց 6։4. Զաքարեայ 14։9) Սակայն, Եհովայի անուան մասին շատ աւելի մեծ վկայութիւն մը պէտք էր տրուէր։ Ասիկա նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։

Կը Յիշէ՞ք

◻ Աբրահամ ինչպէ՞ս վկայութիւն մը տուաւ թէ Եհովա ճշմարիտ Աստուածն է։

◻ Մովսէսի ո՞ր կարկառուն յատկութիւնը կարող դարձուց զինք որ հաւատարիմ վկայ մը ըլլայ։

◻ Իսրայէլ ի՞նչ կերպերով Եհովայի մասին ազգային վկայութիւն մը տուաւ։

◻ Բաբելոնէն Իսրայէլի ազատագրութիւնը ինչպէ՞ս ցուցադրութիւն մըն էր թէ Եհովա միակ ճշմարիտ Աստուածն է։

[Նկար՝ էջ 10]

Իր հաւատքով եւ հնազանդութեամբ, Աբրահամ Եհովայի Աստուածութեան մասին հոյակապ վկայութիւն մը տուաւ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել