Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Կրնա՛ք մինչեւ վերջը համբերել
    Դիտարան 1999 | Հոկտեմբեր 1
    • 10 Քրիստոնեաներուն ձեռնարկած կեանքի մրցավազքին մէջի հանդիսատեսները որո՞նք են։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Եհովայի նախաքրիստոնէական հաւատարիմ վկաները թուելէ ետք, Պօղոս գրեց. «Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու ամպով շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։ (Եբրայեցիս 12։1, ստորանիշ) Երբ ամպի փոխաբերութիւնը կը գործածէ, Պօղոս Յունարէն այն բառը չի գործածեր որ որոշ չափ եւ ձեւ ունեցող ամպ մը կը բնութագրէ։ Այլ կը գործածէ այն բառը որ, ըստ բառարանագիր Ու. Ի. Վայնի, «կը նշէ երկինքը ծածկող ամպոտ, անձեւ զանգուած մը»։ Ուստի, Պօղոս իր մտքին մէջ ունէր վկաներու հսկայ բազմութիւնը, այնքան շատ, որ ամպի զանգուածի մը կը նմանէին։

      11, 12. (ա) Նախաքրիստոնէական հաւատարիմ վկաները ի՞նչպէս կրնան մեզ ոգեւորել, որպէսզի համբերութեամբ վազենք։ (բ) ‘Վկաներու մեծ ամպէն’ ի՞նչպէս կրնանք աւելի լման կերպով օգտուիլ։

      11 Նախաքրիստոնէական հաւատարիմ վկաները կրնա՞ն բառացիօրէն արդի հանդիսատեսները ըլլալ։ Քիչ մը դժուար է։ Անոնք մահուան քունին մէջ են եւ յարութեան կը սպասեն։ Սակայն, անոնք իրենց ողջութեան յաջողակ վազողներ էին եւ անոնց օրինակը Աստուածաշունչի էջերուն ընդմէջէն կ’ապրի։ Մինչ Սուրբ Գիրքը կ’ուսումնասիրենք, այս հաւատարիմները մեր մտքին մէջ կը կենդանանան եւ մեզ կ’ոգեւորեն, որպէսզի մրցավազքին մէջ մինչեւ վերջը վազենք։—Հռովմայեցիս 15։4a

      12 Օրինակ, երբ աշխարհային փորձիչ պատեհութիւններու դիմաց գտնուինք, Մովսէսի Եգիպտոսի փառքերը մերժելը մեզ չի՞ մղեր որ վազքին մէջ մնանք։ Եթէ մեր դիմագրաւելիք փորձութիւնը խիստ թուի, վստահաբար իր որդին՝ Իսահակը մատուցանելու Աբրահամի դիմագրաւած դժուար փորձութիւնը մեզ պիտի քաջալերէ որ հաւատքի մրցումէն չհրաժարինք։ Այս վկաներու ‘մեծ ամպ’ին մեզ խթանելու տարողութիւնը կախեալ է թէ մենք ո՛րքան յստակօրէն կը տեսնենք զանոնք մեր հաւատքի աչքերով։

      13. Եհովայի արդի Վկաները ի՞նչպէս կեանքի մրցավազքին մէջ մեզ կը խթանեն։

      13 Արդի օրերուն, մենք ալ Եհովայի Վկաներու հսկայ բազմութիւն մը ունինք մեր շուրջը։ Օծեալ Քրիստոնեաները, ինչպէս նաեւ, ‘մեծ բազմութենէն’ այրեր ու կիներ հաւատքի ի՜նչ հոյակապ տիպարներ եղած են։ (Յայտնութիւն 7։9) Այս պարբերաթերթին եւ Դիտարանի այլ գրականութիւններուն մէջ, երբեմն կը կարդանք անոնց մասին։b Երբ մտածենք անոնց հաւատքին մասին, մենք ալ կը քաջալերուինք որ մինչեւ վերջ տոկանք։ Իսկ ի՜նչ հոյակապ է մտերիմ բարեկամներու եւ ազգականներու աջակցութիւնը վայելել, որոնք իրենց կարգին հաւատարմօրէն կը ծառայեն Եհովայի։ Այո, հաւատքի մրցավազքին մէջ մեզ խթանողները շատ են։

      Ձեր Քայլերը Իմաստուն Կերպով Նետեցէք

      14, 15. (ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր քայլերը իմաստուն կերպով նետենք։ (բ) Նպատակակէտեր դնելու մէջ ինչո՞ւ բանաւոր պէտք է ըլլանք։

      14 Երբ մարաթոնի նման երկար մրցավազքի մը կը մասնակցի, վազող մը իր քայլերը իմաստուն կերպով պէտք է նետէ։ «Շատ արագ վազելուն արդիւնքը կրնայ ձախողութիւն ըլլալ», կ’ըսէ Տը Նիւ Եորք Ռանըր պարբերաթերթը։ «Հաւանական արդիւնքը կրնայ ըլլալ կա՛մ վերջին քանի մը մղոններուն երկար պայքար մը, կամ՝ հրաժարիլ»։ Մարաթոնական մը կը յիշէ. «Դասախօսութիւն մը ունկնդրեցի մրցավազքի նախապատրաստութեան մասին, որուն մէջ դասախօսը յստակօրէն զգուշացուց. ‘Մի՛ փորձէք արագ վազողներուն հետ քայլ պահել։ Ձեր գնացքով վազեցէք։ Եթէ ոչ՝ ուժասպառ պիտի ըլլաք եւ թերեւս ստիպուած ըլլաք հրաժարիլ’։ Այս խրատին մտիկ ընելը ինծի օգնեց որ վազքը աւարտեմ»։

      15 Կեանքի մրցավազքին մէջ, Աստուծոյ ծառաները պէտք է շատ մեծ ջանք թափեն։ (Ղուկաս 13։24) Սակայն, Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Վերին իմաստութիւնը . . . բանաւոր է»։ (Յակոբու 3։17, ՆԱ) Թէեւ ուրիշներուն լաւ օրինակը կրնայ մեզ քաջալերել որ աւելին ընենք, բայց բանաւորութիւնը պիտի օգնէ որ մեր կարողութիւններուն ու պարագաներուն համաձայն իրապաշտ նպատակակէտեր դնենք։ Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ՝ «Ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ։ Վասն զի ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։—Գաղատացիս 6։4, 5

      16. Համեստութիւնը մեր քայլերը նետելու ի՞նչպէս կ’օգնէ։

      16 Միքիայ 6։8–ի մէջ, միտք գրգռող հետեւեալ հարցումը ուղղուած է. «Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն . . . խոնարհութիւնով [«համեստութիւնով», ՆԱ] քու Աստուծոյդ հետ քալել»։ Համեստութիւնը կը ներփակէ գիտակցիլ որ սահմանափակ ենք։ Վատառողջութիւնը կամ յառաջացած տարիքը Աստուծոյ ծառայութեան մէջ որոշ սահմանափակումներ դրա՞ծ են մեր վրայ։ Չյուսահատի՛նք։ Եհովա մեր ջանքերն ու զոհողութիւնները կ’ընդունի ‘մեր ունեցածին չափովը ու ոչ թէ չունեցածին չափովը’։—Բ. Կորնթացիս 8։12. համեմատել՝ Ղուկաս 21։1-4

  • Կրնա՛ք մինչեւ վերջը համբերել
    Դիտարան 1999 | Հոկտեմբեր 1
    • Մինչ Վախճանը Աւելի կը Մօտենայ

      20. Մինչ վախճանը աւելի կը մօտենայ, կեանքի մրցավազքը ինչո՞ւ կրնայ աւելի դժուարանալ։

      20 Կեանքի մրցավազքին մէջ, մեր գլխաւոր թշնամիին՝ Բանսարկու Սատանային դէմ պէտք է պայքարինք։ Մինչ վախճանին կը մօտենանք, ան անխոնջօրէն կը փորձէ մեզ գայթակղեցնել կամ դանդաղեցնել։ (Յայտնութիւն 12։12, 17) Իսկ պատերազմներ, սովեր, համաճարակներ եւ «վերջին ժամանակ»ը յատկորոշող ուրիշ դժուարութիւններ ըլլալով հանդերձ, որպէս հաւատարիմ ու նուիրուած Թագաւորութեան հրատարակիչներ շարունակելը՝ դիւրին չէ։ (Դանիէլ 12։4. Մատթէոս 24։3-14. Ղուկաս 21։11. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Ասկէ զատ, երբեմն վախճանը մեր ակնկալածէն հեռու կրնայ թուիլ, մանաւանդ եթէ այս մրցավազքին տասնեակ տարիներէ ձեռնարկած ենք։ Բայց Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը վստահեցնէ որ վախճանը պիտի գա՛յ։ Եհովա կ’ըսէ որ անիկա պիտի չուշանայ։ Վախճանը մեր տեսադաշտի ծիրին մէջ է։—Ամբակումայ 2։3. Բ. Պետրոս 3։9, 10

      21. (ա) Ի՞նչ բան մեզ պիտի զօրացնէ, մինչ կեանքի մրցավազքին մէջ կը շարունակենք։ (բ) Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր որոշումը, մինչ վախճանը աւելի կը մօտենայ։

      21 Կեանքի մրցավազքին մէջ յաջողելու համար ուրեմն, մեր հոգեւոր սննդառութեան համար Եհովայի սիրալիր հայթայթումներէն ոյժ պէտք է առնենք։ Նաեւ պէտք ունինք այն քաջալերութեան որ նոյն մրցավազքին մէջ եղող մեր հաւատակիցներուն հետ կանոնաւորաբար ընկերակցելէն կը ստանանք։ Եթէ նոյնիսկ այս ճամբուն վրայ խիստ հալածանքներ եւ չնախատեսուած դէպքեր մեր վազքը դժուարացնեն, տակաւին կրնանք մինչեւ վերջ համբերել, քանի որ Եհովա «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը» կու տայ։ (Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ) Որքա՜ն մեզ կը խրախուսէ գիտնալ որ Եհովա կ’ուզէ որ մեր ընթացքը յաջողութեամբ աւարտենք։ Վճռենք ‘համբերութիւնով վազել մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը’, ամբողջովին վստահ ըլլալով որ «յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—Եբրայեցիս 12։1. Գաղատացիս 6։9

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել