Մի՛ հեղգանաք
«Բարիք գործելէն չձանձրանանք [չհեղգանանք], քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6։9
1, 2. (ա) Առիւծ մը ի՞նչ կերպերով կ’որսայ։ (բ) Բանսարկուն յատկապէս որո՞նք որսալով հետաքրքրուած է։
ԱՌԻՒԾ ՄԸ զանազան կերպերով կ’որսայ։ Երբեմն ան ջրակոյտերու կամ շատ բանուկ արահետներու մօտ դարանակալ կը սպասէ իր որսը։ Բայց, գիրք մը (Portraits in the Wild) կ’ըսէ որ, երբեմն առիւծ մը «պարզապէս առիթը կ’օգտագործէ. զոր օրինակ, երբ վագրաձիի քնացած ձագի մը հանդիպի»։
2 Մեր «հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ», կը բացատրէ Պետրոս առաքեալ։ (Ա. Պետրոս 5։8) Սատանան գիտնալով որ քիչ ժամանակ ունի, մարդոց վրայ երթալով աւելի մեծ ճնշում կը բանեցնէ, զանոնք Եհովայի ծառայելէ արգիլելու համար։ Սակայն, այս «մռնչող առիւծ»ը յատկապէս Եհովայի ծառաները որսալով հետաքրքրուած է։ (Յայտնութիւն 12։12, 17) Անոր որսալու կերպերը անասնական աշխարհի մէջ իր համանմանին կերպերուն կը նմանին։ Ի՞նչպէս։
3, 4. (ա) Սատանան ի՞նչ կերպեր կը գործածէ Եհովայի ծառաները որսալու համար։ (Բ) Քանի որ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք, ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
3 Սատանան երբեմն կը փորձէ դարան մը լարել՝ հալածանք կամ հակառակութիւն պատճառել՝ որու նպատակն է մեր ուղղամտութիւնը բեկանել, որպէսզի Եհովայի ծառայելէ ետ կենանք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։12) Իսկ, առիւծի նման, Բանսարկուն երբեմն պարզապէս առիթ մը կ’օգտագործէ։ Ան կը սպասէ մինչեւ որ վհատինք կամ վշտաբեկ ըլլանք, ապա կը փորձէ շահագործել մեր զգացական վատ տրամադրութիւնը, որպէսզի մեզ մղէ որ հեղգանանք։ Մենք դիւրութեամբ յափշտակուող զոհ մը պէտք չէ ըլլանք։
4 Այսուհանդերձ, մենք մարդկային ամբողջ պատմութեան ամենապահանջկոտ ժամանակաշրջանին մէջ կ’ապրինք։ Այս «չար ժամանակներ»ուն, մեզմէ շատեր կարգ մը առիթներով կրնան վհատիլ կամ ընկճուած զգալ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ուստի, ինչպէ՞ս կրնանք չափազանց վշտաբեկ ըլլալէ խուսափիլ, Բանսարկուին կողմէ դիւրութեամբ յափշտակուելիք զոհ մը չդառնալու համար։ Այո, ի՞նչպէս կրնանք ուշադրութիւն ընծայել Պօղոս առաքեալի հետեւեալ ներշնչուած խրատին. «Բարիք գործելէն չձանձրանանք [չհեղգանանք], քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք»։—Գաղատացիս 6։9
Երբ Ուրիշներ Մեզ Յուսախաբ Ընեն
5. Ի՞նչ բան պատճառ եղաւ որ Դաւիթ վշտաբեկ ըլլար, բայց ան ի՞նչ չըրաւ։
5 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Եհովայի ամենահաւատարիմ ծառաներն անգամ երբեմն զգացած են որ իրենց ուժը հատած է։ «Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ», գրեց սաղմոսերգու Դաւիթ։ «Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս, արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։ Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէն»։ Դաւիթ ինչո՞ւ այդպէս զգաց։ «Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով», բացատրեց ան։ Ուրիշներու վիրաւորական արարքները Դաւիթի ա՛յնքան սրտացաւ պատճառեցին որ իր արցունքները առատապէս հոսեցան։ Այսուհանդերձ, իրեն դէմ մարդոց ըրած բաներուն պատճառաւ Դաւիթ Եհովայէ չհեռացաւ։—Սաղմոս 6։6–9
6. (ա) Ուրիշներու խօսքերէն կամ արարքներէն ի՞նչպէս կրնանք ազդուիլ։ (բ) Ոմանք ի՞նչպէս իրենք զիրենք Բանսարկուին կողմէ դիւրութեամբ յափշտակուելիք զոհ մը կը դարձնեն։
6 Նոյնպէս, ուրիշներու խօսքերը կամ արարքները կրնան մեզ ուժասպառ դարձնել ու շատ սրտացաւ պատճառել։ «Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն», կ’ըսէ Առակաց 12։18–ը։ Երբ անխոհեմաբար խօսողը Քրիստոնեայ եղբայր կամ քոյր մըն է, ‘վէրք’ը կրնայ խորունկ ըլլալ։ Մարդկային հակումն է վշտանալ՝ թերեւս ոխ սնուցանելով։ Այս կ’ըլլայ պարագան յատկապէս երբ զգանք որ մեզի հետ կոշտութեամբ կամ անիրաւութեամբ վարուած են։ Կրնայ ըլլալ որ յանցաւորին հետ խօսիլը դժուար գտնենք. թերեւս ուզելով անկէ խոյս տանք։ Ոխով լեցուելով, ոմանք հեղգացած ու Քրիստոնէական ժողովներու յաճախելէ ետ կեցած են։ Դժբախտաբար, անոնք այս բանը ընելով ‘Սատանային տեղի տուած են’ որ զիրենք որսալու համար առիթը օգտագործէ։—Եփեսացիս 4։27
7. (ա) Երբ ուրիշներ մեզ յուսախաբ ընեն կամ վիրաւորեն, ի՞նչպէս կրնանք Բանսարկուին ձեռքերուն մէջ խաղալիք մը դառնալէ խուսափիլ։ (բ) Ինչո՞ւ պէտք չէ ոխ պահենք։
7 Երբ ուրիշներ մեզ յուսախաբ ընեն կամ վիրաւորեն, ի՞նչպէս կրնանք Բանսարկուին ձեռքերուն մէջ խաղալիք դառնալէ խուսափիլ։ Պէտք է փորձենք ոխ չպահել։ Ընդհակառակը, կարելի եղածին չափ շուտով խաղաղութիւնը հաստատելու կամ հարցերը լուծելու համար նախաքայլը առնենք։ (Եփեսացիս 4։26) Կողոսացիս 3։13–ը կը յորդորէ մեզ. «Իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ»։ Ներելը յատկապէս տեղին է երբ յանցաւորը իր սխալը կ’ընդունի ու անկեղծօրէն ներողութիւն կը խնդրէ։ (Տես Սաղմոս 32։3–5 եւ Առակաց 28։13։) Երբ յիշենք որ ներել չի նշանակեր ուրիշներուն գործած սխալներուն հանդուրժել կամ անոնց լրջութիւնը նսեմացնել՝ անիկա ալ մեզի կ’օգնէ։ Ներելը կը պարփակէ ոխը վանել։ Ոխը շատ ծանր բեռ մըն է։ Անիկա կրնայ մեր մտածումները կլանել, մեր ուրախութիւնը խլելով։ Անիկա կրնայ նոյնիսկ մեր առողջութեան ազդել։ Ասոր հակառակը, ներելը՝ երբ տեղին է՝ օգտակար է մեզի։ Թող Դաւիթի նման բնաւ չհեղգանանք ու Եհովայէ չհեռանանք, մեզի դէմ մարդոց ըսած կամ ըրած բաներուն պատճառաւ։
Երբ կը Թերանանք
8. (ա) Ոմանք երբեմն ինչո՞ւ մասնաւորաբար յանցապարտ կը զգան։ (բ) Յանցապարտութեան զգացումը հեղգանալու աստիճան մեզ պատելու ի՞նչ վտանգ գոյութիւն ունի։
8 «Ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք», կ’ըսէ Յակոբու 3։2–ը։ Երբ սխալներ գործենք, շատ բնական է որ յանցապարտ զգանք։ (Սաղմոս 38։3–8) Յանցապարտութեան զգացումը կրնայ յատկապէս զօրաւոր ըլլալ եթէ մարմնաւոր տկարութեան մը դէմ կը պայքարինք ու պարբերական պարտութիւններ կը կրենք։a Այսպիսի պայքար մը դիմագրաւող Քրիստոնեայ քոյր մը բացատրեց. «Չէի փափաքեր ապրիլ, չէի գիտէր թէ աններելի մեղքը գործա՛ծ եմ թէ ոչ։ Նաեւ կը զգայի որ հարկ չկար Եհովայի ծառայութեան մէջ ջանք թափել, խորհելով որ հաւանաբար շատ ուշ էր ինծի համար»։ Երբ հեղգանալու աստիճան յանցապարտութեան զգացումը մեզ պատէ, Բանսարկուին հրաւէր մը տուած կ’ըլլանք—իսկ ան շուտով առիթը կ’օգտագործէ։ (Բ. Կորնթացիս 2։5–7, 11) Կրնայ ըլլալ որ յանցապարտութեան հանդէպ աւելի հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալու կարիքը ունինք։
9. Աստուծոյ ողորմութեան հանդէպ ինչո՞ւ վստահութիւն պէտք է ունենանք։
9 Երբ մեղանչենք, որոշ չափով յանցապարտ զգալը բնական է։ Երբեմն, սակայն, յանցապարտութեան զգացումը կը յարատեւէ, քանի որ Քրիստոնեան կը խորհի որ այլեւս Աստուծոյ ողորմութեան բնաւ պիտի չարժանանայ։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչը ջերմօրէն կը վստահեցնէ մեզ. «Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու»։ (Ա. Յովհաննու 1։9) Որեւէ վաւերական պատճառ կա՞յ խորհելու որ Աստուած մեր պարագային այս խոստումը պիտի չկատարէ։ Յիշենք որ իր Խօսքին մէջ Եհովա կ’ըսէ որ ինք «ներող» է։ (Սաղմոս 86։5. 130։3, 4) Քանի որ չի ստեր, Եհովա իր Խօսքին խոստումներուն համաձայն կը գործէ, պայմանաւ որ զղջացած սրտով մը իրեն մօտենանք։—Տիտոս 1։2
10. Դիտարանի նախկին թիւ մը ի՞նչ ջերմ հաւաստիք հրատարակեց մարմնի տկարութեան դէմ պայքարելու մասին։
10 Ի՞նչ պէտք է ընէք եթէ տկարութեան մը դէմ կը պայքարէիք ու ընկրկում մը ունեցաք։ Մի՛ հեղգանանք։ Պայման չէ որ ընկրկում մը ձեր արձանագրած յառաջդիմութիւնը ի դերեւ հանէ։ Այս պարբերաթերթին 15 Փետրուար 1954 թիւը հետեւեալ ջերմ հաւաստիքը կը ներկայացնէր. «Թերեւս, մեր նախկին ապրելակերպին մէջ մեր կարծածէն շատ աւելի խոր կերպով դրոշմուած գէշ սովորութեան մը մէջ շատ անգամ իյնանք եւ սայթաքինք։ . . . Մի՛ յուսահատիք։ Մի՛ եզրակացնէք որ աններելի մեղքը գործած էք։ Սատանան կ’ուզէ որ դուք ճիշդ այդպէս խորհիք։ Քանի որ դուք ձեզի դէմ վշտացած ու նեղացած էք, ինքնին ապացոյց մըն է որ շատ հեռու չէք գացած։ Բնաւ մի ձանձրանաք խոնարհութեամբ ու անկեղծօրէն Աստուծոյ դիմելէ, իրմէ խնդրելով որ ձեզի ներէ, մաքրէ եւ օգնէ։ Անոր մօտեցէք ինչպէս զաւակ մը իր հօր քով կ’երթայ երբ խնդիր մը ունի, առանց նկատի առնելու թէ նոյն տկարութեան համար որքան յաճախ կ’երթաք, իսկ Եհովա քաղցրութեամբ ձեզի պիտի օգնէ իր անարժան ողորմութեան շնորհիւ, եւ եթէ անկեղծ էք, ձեզի մաքրուած խղճմտանք մը պիտի տայ»։
Երբ Զգանք որ Բաւարար Չենք Ըներ
11. (ա) Թագաւորութեան քարոզչութեան մէջ բաժին բերելու նկատմամբ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր զգացումը։ (բ) Քրիստոնեաներէն ոմանք ծառայութեան մասնակցելու առնչութեամբ ի՞նչ զգացումներու դէմ կը պայքարին։
11 Թագաւորութիւնը քարոզելու գործունէութիւնը Քրիստոնեային կեանքին մէջ կարեւոր դեր մը կը խաղայ, իսկ անոր մասնակցիլը ուրախութիւն կը բերէ։ (Սաղմոս 40։8) Քրիստոնեաներէն ոմանք, սակայն, ծառայութեան մէջ աւելին ընելու կարող չըլլալով, շատ յանցաւոր կը զգան։ Այսպիսի յանցապարտութեան զգացում մը կրնայ նոյնիսկ մեր ուրախութիւնը խլել ու պատճառ ըլլալ որ տեղի տանք, խորհելով որ Եհովա կը սեպէ որ մենք բնաւ բաւարար չենք ըներ։ Ահաւասիկ կարգ մը զգացումներ, որոնց դէմ ոմանք պայքար կը մղեն։
«Գիտէ՞ք աղքատութիւնը որքան ժամավաճառութիւն է», գրեց Քրիստոնեայ քոյր մը, որ իր ամուսնոյն հետ երեք զաւակներ կը մեծցնէ։ «Ամէն բանի մէջ խնայողութիւն պէտք է ընեմ։ Ասիկա կը նշանակէ գործածուած կամ նուազ գինով ապրանքներ ծախող վաճառատուներու մէջ փնտռտուք ընելու, կամ նոյնիսկ հագուստներ կարելու համար՝ ժամանակ տրամադրել։ Նաեւ, ամէն շաբաթ մէկ կամ երկու ժամ կը տրամադրեմ [զեղչուած գինով ուտելիքի] կտրօններու համար—զանոնք կտրել, լեցնել եւ գործածել գնումի ժամանակ։ Երբեմն այս բաներուն համար շատ յանցապարտ կը զգամ, խորհելով որ այդ ժամանակը դաշտի ծառայութեան համար պէտք է տրամադրեմ»։
«Կը խորհէի որ պէտք եղածին չափ չէի սիրեր Եհովան», բացատրեց չորս զաւակներ ու անհաւատ ամուսին մը ունեցող քոյր մը։ «Ուստի Եհովայի ծառայութեան համար պայքար մղեցի։ Իրապէս լաւագոյնս կ’ընէի, բայց բնաւ չէի զգար որ ըրածս բաւարար էր։ Ինքզինքս անարժէք կը զգայի, ուստի չէի կրնար երեւակայել որ Եհովա կրնար իրեն մատուցած ծառայութիւնս ընդունիլ»։
Քրիստոնեայ քոյր մը որ ստիպուեցաւ լիաժամ ծառայութիւնը ձգել, ըսաւ. «Չէի կրնար հանդուրժել այն գաղափարին որ Եհովայի լիաժամ ծառայելու խոստումիս մէջ կը թերանայի։ Չէք կրնար երեւակայել որքա՜ն յուսախաբ եղած էի։ Հիմա իսկ, երբ միտքս կու գայ՝ կու լամ»։
12. Քրիստոնեաներէն ոմանք ծառայութեան մէջ աւելին ընելու կարող չըլլալով ինչո՞ւ չափազանց յանցաւոր կը զգան։
12 Եհովայի կարելի եղածին չափ լման կերպով ծառայելու փափաքը շատ բնական է։ (Սաղմոս 86։12) Սակայն, ինչո՞ւ ոմանք աւելին ընելու կարող չըլլալով չափազանց յանցաւոր կը զգան։ Ոմանց համար, անիկա երեւութապէս կապ ունի անարժէք ըլլալու ընդհանուր զգացումին հետ, որ թերեւս կեանքի ընթացքին պատահած անհաճելի փորձառութիւններու արդիւնքն է։ Ուրիշ պարագաներուն, անիկա կրնայ յառաջ գալ Եհովայի մեզմէ ակնկալածին նկատմամբ անիրապաշտ տեսակէտէ առթած յանցապարտութեան անտեղի զգացումէ մը։ Քրիստոնեայ քոյր մը խոստովանեցաւ. «Կը խորհէի որ եթէ չտանջուիս՝ ուրեմն բաւարար չես ըներ»։ Ուստի, ան իրեն համար չափազանց բարձր չափանիշներ դրաւ, ապա ա՛լ աւելի յանցաւոր զգաց, երբ չկրցաւ անոնց հասնիլ։
13. Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։
13 Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։ Պարզօրէն խօսելով, Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ լման սրտով իրեն ծառայել, ընելով մեր պարագաներուն ներած չափով։ (Կողոսացիս 3։23) Սակայն, կրնայ ըլլալ որ տարբերութիւն մը կայ՝ ինչ որ կը փափաքինք ընելու եւ ինչ որ իրապաշտօրէն կրնանք ընելու միջեւ։ Թերեւս որոշ ազդակներ՝ տարիքը, առողջութիւնը, ֆիզիքական կորովը կամ ընտանեկան պատասխանատուութիւնները՝ մեր կարելիութիւնները սահմանափակեն։ Այսուհանդերձ, երբ մեր ամբողջ կարելին ընենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութիւնը նոյնքան ամբողջ սրտով կատարուած է, որքան այն անհատին ծառայութիւնը, որու առողջութիւնը եւ պարագաները թոյլ կու տան որ լիաժամ ծառայութեան մէջ ըլլայ։—Մատթէոս 13։18–23
14. ի՞նչ կրնաք ընել եթէ օգնութեան կարիքը ունիք որոշելու թէ իրապաշտօրէն ձեր անձէն ի՛նչ կրնաք ակնկալել։
14 Արդ, ի՞նչպէս կրնաք որոշել թէ ձեր անձէն իրապաշտօրէն ո՛րքան կրնաք ակնկալել։ Թերեւս փափաքիք հարցը նկատի առնել վստահելի, հասուն Քրիստոնեայ ընկերոջ մը հետ, հաւանաբար երէցի մը կամ փորձառու քրոջ մը հետ, որ ձեր կարողութիւնները, սահմանափակումները ու ընտանեկան պատասխանատուութիւնները գիտէ։ (Առակաց 15։22) Յիշեցէք որ Աստուծոյ աչքին որպէս անձ ձեր արժէքը դաշտի ծառայութեան ձեր տրամադրած ժամանակով չի չափուիր։ Եհովայի բոլոր ծառաները իրեն համար թանկագին են։ (Անգեայ 2։7. Մաղաքեայ 3։16, 17) Քարոզչութեան մէջ ձեր ըրածը կրնայ ուրիշներուն ըրածէն աւելի կամ նուազ ըլլալ, բայց այնքան ատեն որ ատիկա ձեր լաւագոյնը կը ներկայացնէ, Եհովա կը հաճի անոր, ուստի յանցապարտ զգալու պէտք չունիք։—Գաղատացիս 6։4
Երբ Մեզմէ Շատ Կ’ուզուի
15. Ժողովքի երէցներէն ի՞նչ կերպերով շատ կ’ուզուի։
15 «Որու որ շատ տրուեցաւ», ըսաւ Յիսուս, «շատ պիտի ուզուի անկէ»։ (Ղուկաս 12։48) Վստահաբար ժողովքին մէջ որպէս երէցներ ծառայողներէն ‘շատ կ’ուզուի’։ Պօղոսի նման անոնք իրենք զիրենք կը վատնեն ժողովքի սիրոյն։ (Բ. Կորնթացիս 12։15) Անոնք դասախօսութիւններ պէտք է պատրաստեն, հովուական այցելութիւններ ընեն, դատական հարցեր ձեռք առնեն՝ առանց իրենց ընտանիքները անտեսելու։ (Ա. Տիմոթէոս 3։4, 5) Կարգ մը երէցներ նաեւ զբաղած են Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման օգնելով, Հիւանդանոցի Յարակցութեան Անձնակազմերուն մէջ ծառայելով եւ համաժողովներու մէջ կամաւորներ ըլլալով։ Այս ծանր աշխատող, նուիրուած մարդիկը ի՞նչպէս կրնան այսպիսի պատասխանատուութիւններու ծանրութեան ներքեւ ուժասպառ ըլլալէ խուսափիլ։
16. (ա) Յոթոր ի՞նչ գործնական լուծում մը առաջարկեց Մովսէսի։ (բ) Ո՞ր յատկութիւնը կարելի պիտի ընէ որ երէց մը ուրիշներու յարմար պատասխանատըւութիւններ յանձնէ։
16 Երբ Մովսէս՝ համեստ ու հեզ մարդ մը՝ ուրիշներու խնդիրներուն հոգ տանելով ինքզինք կը մաշեցնէր, իր աները՝ Յոթոր՝ գործնական լուծում մը առաջարկեց. ուրիշ որակելի մարդոց հետ կարգ մը պատասխանատուութիւններ բաժնել։ (Ելից 18։17–26. Թուոց 12։3) «Իմաստութիւնը խոնարհներուն [համեստներուն (ՆԱ)] հետ է», կ’ըսէ Առակաց 11։2–ը։ Համեստ ըլլալ կը նշանակէ ձեր սահմանափակումներուն գիտակցիլ ու զանոնք ընդունիլ։ Համեստ մարդը ուրիշներու պատասխանատուութիւններ յանձնելու չի դժկամիր, ոչ ալ կը վախնայ որ ուրիշ որակելի անհատներու յարմար պատասխանատուութիւններ բաժնելով, իր հեղինակութիւնը կերպով մը պիտի նուազի։b (Թուոց 11։16, 17, 26–29) Ընդհակառակը, ան սրտանց կը փափաքի անոնց օգնել որ յառաջդիմեն։—Ա. Տիմոթէոս 4։15
17. (ա) Ժողովքին անդամները ի՞նչպէս կրնան երէցներուն բեռը թեթեւցնել։ (բ) Երէցներու կիները ի՞նչ զոհողութիւններ կ’ընեն, եւ ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ որ այս զոհողութիւնները թեթեւի չենք առներ։
17 Ժողովքի անդամները շատ բան կրնան ընել երէցներուն բեռը թեթեւցնելու համար։ Գիտակցելով որ երէցները ընտանիքներ ունին որոնց պէտք է հոգ տանին, ուրիշներ երէցներու ժամանակն ու ուշադրութիւնը չափազանցօրէն պիտի չխլեն։ Անոնք նաեւ թեթեւի պիտի չառնեն այն յօժարակամ զոհողութիւնները զորս երէցներու կիները կ’ընեն, անձնուրացօրէն բաժնելով իրենց ամուսինները ժողովքին հետ։ Երեք զաւակներու տէր մայր մը, որու ամուսինը որպէս երէց կը ծառայէ, բացատրեց. «Բան մը որու համար բնաւ չեմ գանգատիր, այն յաւելեալ բեռն է զոր կամաւ կը վերցնեմ ընտանիքին մէջ, որպէսզի ամուսինս կարենայ որպէս երէց ծառայել։ Գիտեմ որ իր ծառայութեան շնորհիւ Եհովայի օրհնութիւնը առատ է մեր ընտանիքին վրայ եւ իր տրամադրած ժամանակին ու կորովին համար չեմ նեղանար։ Սակայն, իրապաշտ ըլլալու համար, քանի որ ամուսինս զբաղած է, ստիպուած եմ առաջուընէ շատ աւելի յաճախ պարտէզին տերեւները հաւաքել ու մեր զաւակները կրթելու համար աւելի ժամանակ տրամադրել»։ Դժբախտաբար, այս քոյրը նկատած է որ ոմանք, փոխանակ իր յաւելեալ բեռը գնահատելու, անկարեկից դիտողութիւններ կ’ընեն, ինչպէս՝ «Ինչո՞ւ ռահվիրայութիւն չես ըներ»։ (Առակաց 12։18) Որքա՜ն նախընտրելի է ուրիշներուն ըրածը գովել, փոխանակ զանոնք քննադատելու այն բանին համար, զոր չեն կրնար ընել։—Առակաց 16։24. 25։11
Քանի Դեռ Վերջը Եկած Չէ
18, 19. (ա) Յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու մրցավազքին մէջ, ինչո՞ւ հիմա կանգ առնելու ժամանակը չէ։ (բ) Պօղոս առաքեալ Երուսաղէմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն ի՞նչ այժմէական խրատ տուաւ։
18 Երբ վազորդ մը գիտակցի որ երկար մրցավազքին վերջաւորութեան հասած է՝ չի հեղգանար։ Թերեւս անոր մարմնին դիմադրողականութիւնը հատած է՝ ուժասպառ, չափազանց տաքցած ու ջուրը պակսած է՝ բայց աւարտագծին շատ մօտ ըլլալով, կանգ առնելու ժամանակը չէ։ Նմանապէս, որպէս Քրիստոնեաներ, մենք կեանքի մրցանակը ձեռք ձգելու վազքի մը մէջ ըլլալով, աւարտագծին շատ մօտեցած ենք։ Հիմա վազքը դադրեցնելու ժամանակը չէ։—Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 9։24. Փիլիպպեցիս 2։16. 3։13, 14։
19 Առաջին դարու Քրիստոնեաները նոյնանման պարագայ մը դիմագրաւեցին։ Հ.Դ. 61–ի ատենները, Պօղոս առաքեալ Երուսաղէմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներուն նամակ մը գրեց։ Ժամանակը վերջանալու վրայ էր. ամբարիշտ «ազգը [սերունդը (ՆԱ)]»՝ ըմբոստ Հրէական հաւատուրաց իրերու դրութիւնը՝ ‘անցնելու’ վրայ էր։ Մասնաւորաբար Երուսաղէմի մէջ գտնուող Քրիստոնեաները արթուն եւ հաւատարիմ պէտք էր ըլլային. երբ քաղաքը բանակներով պաշարուած տեսնէին, անկէ պէտք էր փախչէին։ (Ղուկաս 21։20–24, 32) Արդ, Պօղոսի ներշնչուած խրատը այսօր ալ կիրարկելի է. «Չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք»։ (Եբրայեցիս 12։3) Պօղոս առաքեալ հոս երկու յստակ բայեր գործածեց. ‘յոգնիլ’ (գամնօ) եւ ‘թուլնալ’ (էքլիոմէ)։ Ըստ Աստուածաշունչի ուսումնականի մը, այս Յունարէն բառերը «Արիստոտէլի կողմէ գործածուած են, աւարտագիծը անցնելէ ետք հանգստացող եւ ինկող վազորդները նկարագրելու համար։ [Պօղոսի նամակը] կարդացողները տակաւին վազքին մէջ էին։ Անոնք պէտք չէր ժամանակէն առաջ հեղգանային։ Անոնք պէտք չէր թոյլ տային որ ուժասպառութեան պատճառաւ նուաղէին ու իյնային։ Անգամ մը եւս դժուարութեան դիմաց յարատեւելու հրաւէր կը տրուի»։
20. Ներկայիս Պօղոսի խրատը ինչո՞ւ այժմէական է։
20 Պօղոսի խրատը որքա՜ն այժմէական է։ Աւելցող ճնշումներու դիմաց, թերեւս պահեր ըլլան, երբ մենք ալ, ոտքերը կքելու վրայ եղող ուժասպառ վազորդի մը նման զգանք։ Սակայն, աւարտագծին շատ մօտ ըլլալով, պէտք չէ՛ հեղգանանք։ (Բ. Մնացորդաց 29։11) Մեր Հակառակորդը՝ «մռնչող առիւծ»ը՝ կ’ուզէ՛ որ հեղգանանք։ Շնորհապարտ զգանք որ Եհովա «յոգնածին ոյժ» տալու համար կարգադրութիւններ ըրած է։ (Եսայեայ 40։29) Յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք թէ այդ կարգադրութիւնները ի՛նչ են եւ ի՛նչպէս կրնանք անոնցմէ օգտուիլ։
[Ստորանիշներ]
a Օրինակի համար, ոմանք կը պայքարին յաղթահարելու համար անձնաւորութեան յատկանիշ մը, որ խորապէս արմատացած է, ինչպէս՝ ցասումը կամ գիջութիւնը։—Տես՝ Անգլերէն լեզուով Զարթի՛ր 22 Մայիս 1988 էջ 19–21. 8 Նոյեմբեր 1981 էջ 16–20. եւ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ խորագրով գիրքը, էջ 198–211, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
b Տես՝ «Ո՛վ Երէցներ—Փոխանորդեցէք» յօդուածը, Դիտարան 15 Հոկտեմբեր 1992–ի թիւին մէջ, էջ 20–23 (Անգլերէնով)։
Ի՞նչ պիտի պատասխանէիք
◻ Երբ ուրիշներ մեզ յուսախաբ ընեն կամ վիրաւորեն, ի՞նչպէս կրնանք հեղգանալէ խուսափիլ։
◻ Յանցապարտութեան հանդէպ ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը մեզ հեղգանալէ ետ պիտի պահէ։
◻ Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։
◻ Համեստութիւնը ի՞նչպէս կրնայ ժողովքի երէցներուն օգնել որ ուժասպառ ըլլալէ խուսափին։
◻ Եբրայեցիս 12։3–ի մէջ Պօղոսի յիշած խրատը, ինչո՞ւ այժմէական է։