Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 9/1 էջ 8-12
  • Եհովայի պէտք է վստահինք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի պէտք է վստահինք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գիտութեան ու Բարեկամութեան Վրայ Հիմնուած Վստահութիւն
  • Եհովայի Ընտրութիւններուն Հանդէպ Վստահութիւն Ցուցաբերենք
  • Եհովայի Ընտրած Ծառաները Թերագնահատելէ Զգուշացէք
  • Եհովայի Արդարութեան Վրայ Վստահութիւն Ցուցաբերենք
  • Աստուծոյ արդարութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • «Հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Եհովայի ճամբաները ճանչնանք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Եհովան զինք իր «բարեկամ»ը կոչեց
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 9/1 էջ 8-12

Եհովայի պէտք է վստահինք

«Քու յոյսդ Տէրը [«վստահութիւնդ Եհովան», ՆԱ] պիտի ըլլայ»։—ԱՌԱԿԱՑ 3։26

1. Թէեւ շատեր կը դաւանին Աստուծոյ վստահիլ, սակայն ի՞նչ բան կը թելադրէ որ անոնք ասիկա միշտ չեն ըներ։

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ Միացեալ Նահանգներու դրամին վրայ հետեւեալ նշանաբանը կայ՝ «Մենք Աստուծոյ կը Վստահինք»։ Բայց այդ երկրին մէջ թէ այլուր, այդ դրամը գործածողներուն բոլորը իրապէս իրենց վստահութիւնը Աստուծո՞յ՝ թէ ոչ ուղղակիօրէն դրամին վրայ դրած են։ Այդ երկրին մէջ թէ այլուր, դրամին վրայ դրուած վստահութիւնը կարելի չէ համեմատել այն վստահութեան հետ որ կը դրուի ամենակալ սիրոյ Աստուծոյ վրայ, որ իր հեղինակութիւնը բնաւ սխալ կերպով չի բանեցներ եւ բնաւ ագահ չէ։ Իրականութեան մէջ ան բացայայտօրէն կը դատապարտէ ագահութիւնը։—Եփեսացիս 5։5

2. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ կեցուածք ունին հարստութեան ունեցած զօրութեան մասին։

2 Ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրենց վստահութիւնը կը դնեն Աստուծոյ վրայ եւ ոչ թէ ‘խաբէական’ զօրութիւն ունեցող հարստութեան վրայ։ (Մատթէոս 13։22) Անոնք կը գիտակցին որ ուրախութիւն պատճառելու եւ կեանքը պահպանելու մէջ դրամին ունեցած զօրութիւնը շատ սահմանափակ է։ Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել Ամենակալ Աստուծոյ զօրութեան մասին։ (Սոփոնեայ 1։18) Հետեւաբար, որքա՛ն իմաստուն է տրուած խրատը. «Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ ‘Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ’»։—Եբրայեցիս 13։5

3. Բ. Օրինաց 31։6–ի բովանդակութիւնը ի՞նչպէս լոյս կը սփռէ Պօղոսի մէջբերումին վրայ։

3 Երբ վերոյիշեալ խօսքերը կը գրէր Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն, Պօղոս առաքեալ մէջբերեց այն խրատը զոր Մովսէս տուաւ Իսրայելացիներուն, իր մահուընէ քիչ առաջ. «Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի հետ պիտի երթայ. անիկա ձեզ պիտի չթողու ու երեսէ պիտի չձգէ»։ (Բ. Օրինաց 31։6) Ընդհանուր բովանդակութիւնը ցոյց կու տայ որ Մովսէս Եհովայի վրայ այնպիսի վստահութիւն կը քաջալերէր, որ պարզապէս նիւթական կարիքները հայթայթելու նկատմամբ վստահութիւն ունենալէն աւելին էր։ Ի՞նչպէս։

4. Աստուած ի՞նչպէս Իսրայելացիներուն ապացուցանեց որ ինք վստահելի էր։

4 Անապատին մէջ Իսրայէլ 40 տարի թափառած շրջանին, Աստուած հաւատարմօրէն անոնց հայթայթեց կեանքի անհրաժեշտութիւնները։ (Բ. Օրինաց 2։7. 29։5) Ան առաջնորդութիւն ալ հայթայթեց։ Այս առաջնորդութեան մէկ յայտնաբերումն էր ցերեկը ամպը իսկ գիշերը կրակը, որ Իսրայելացիները առաջնորդեց «կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը»։ (Ելից 3։8. 40։36-38) Երբ վերջապէս Աւետեաց Երկիրը մտնելու ժամանակը հասաւ, Եհովա ընտրեց որ Յեսուն ըլլայ Մովսէսի յաջորդը։ Կ’ակնկալուէր որ երկրին բնակիչները ընդդիմանային։ Բայց տասնեակ տարիներ Եհովա իր ժողովուրդին հետ քալած էր, ուստի վախնալու հարկ չկար։ Իսրայելացիները ամէն պատճառ ունէին Եհովան նկատելու որպէս վստահելի Աստուած մը։

5. Ներկայ Քրիստոնեաներու կացութիւնը ի՞նչպէս նման է Աւետեաց Երկիրը մտնելէ առաջ Իսրայելացիներու վիճակին։

5 Ներկայիս Քրիստոնեաներն ալ ներկայ ամբարիշտ աշխարհի անապատին մէջ կը քալեն մինչեւ Աստուծոյ նոր աշխարհը հասնին։ Անոնցմէ ոմանք 40 տարիէ աւելի այս ճամբուն մէջ են։ Անոնք հիմա Աստուծոյ նոր աշխարհի սեմին կը գտնուին։ Բայց թշնամիներ իրենց ճամբուն վրայ կը կենան, ուզելով արգելք հանդիսանալ ոեւէ մէկուն որ կը փափաքի Աւետեաց Երկրին նման վայր մը մտնել, որ շատ աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ, քան այն երկիրը ուր կաթ ու մեղր կը բղխէր։ Հետեւաբար, ներկայիս Քրիստոնեաներուն համար որքա՜ն տեղին են Մովսէսի խօսքերը, զորս Պօղոս կրկնեց. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ»։ Բոլոր անոնք որոնք զօրաւոր ու անվեհեր կը մնան, հաւատքով լեցուն, Եհովայի վստահելով՝ վստահաբար պիտի վարձատրուին։

Գիտութեան ու Բարեկամութեան Վրայ Հիմնուած Վստահութիւն

6, 7. (ա) Ի՞նչ բան Եհովայի վրայ Աբրահամի ունեցած վստահութիւնը փորձի ենթարկեց։ (բ) Մինչ Աբրահամ Իսահակը զոհելու վայրը կ’երթար, ի՞նչ կրնար զգացած ըլլալ։

6 Առիթով մը Իսրայելացիներուն նախահօր՝ Աբրահամի՝ պատուէր տրուեցաւ որ իր որդին Իսահակը ողջակէզ մատուցանէ։ (Ծննդոց 22։2) Այս սիրալիր հայրը ի՞նչպէս կրցաւ Եհովայի վրայ ա՛յսքան անսասան վստահութիւն ունենալ, որ անմիջապէս հնազանդելու պատրաստ գտնուեցաւ։ Եբրայեցիս 11։17-19–ը կը պատասխանէ. «Հաւատքով Աբրահամ իր փորձուած ատենը Իսահակը պատարագ մատուցանեց. թէեւ ինք խոստում առած էր, բայց իր մէկ հատիկ որդին կը մատուցանէր, որուն համար ըսուած էր. ‘Իսահակով քեզի սերունդ պիտի տրուի’, քանզի Աբրահամ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել, ուստի որպէս նախատիպար ընդունեց զանիկա»։

7 Խորհեցէք որ երեք օր առաւ մինչեւ որ Աբրահամ ու Իսահակ զոհ ընելու վայրը հասան։ (Ծննդոց 22։4) Աբրահամ շատ ժամանակ ունէր իրմէ խնդրուած բանը վերատեսութեան ենթարկելու։ Կրնա՞ք երեւակայել իր զգացումներն ու յուզումները։ Իսահակի ծնունդը ա՛յնքան անակնկալ ուրախութիւն մը պատճառած էր։ Աստուածային միջամտութեան այս ապացոյցը Աբրահամի ու անոր ամուլ եղած կնկան Աստուծոյ հանդէպ ունեցած կապը շատ աւելի խորացուցած էր։ Վստահաբար անկէ ետք անոնք մեծ ակնկալութեամբ կը սպասէին տեսնելու թէ ապագան ի՛նչ վերապահած էր Իսահակի ու անոր սերունդին։ Արդ, Աստուծոյ պահանջածը նկատի ունենալով, արդեօք անոնց երազները անակնկալօրէն ցնդելու վրա՞յ էին։

8. Աստուծոյ վրայ Աբրահամի ունեցած վստահութիւնը ի՞նչպէս Իսահակը յարուցանելու կարող ըլլալէն աւելին էր։

8 Սակայն Աբրահամ վստահութիւն ունէր, Աստուծոյ մասին իր ունեցած անձնական գիտութեան վրայ հիմնուած, ինչպէս մտերիմ բարեկամներ իրար կը ճանչնան։ Որպէս ‘Եհովայի բարեկամը’, «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ»։ (Յակոբու 2։23) Եհովայի վրայ Աբրահամի ունեցած վստահութիւնը շա՛տ աւելին էր, քան պարզապէս հաւատալ թէ Աստուած կրնար յարուցանել Իսահակը։ Աբրահամ նաեւ համոզուած էր որ ինչ որ Եհովա իրմէ կը խնդրէր՝ պատշաճ էր, հակառակ անոր որ Աբրահամ բոլոր իրողութիւնները չէր գիտեր։ Ան պատճառ չունէր հարց տալու թէ արդեօք Եհովա այս խնդրանքը ընելուն մէջ իրաւացի՞ էր։ Ապա, Աբրահամի վստահութիւնը զօրացաւ, երբ Եհովայի հրեշտակը միջամտելով, արգելք հանդիսացաւ որ Իսահակ զոհուելով սպաննուի։—Ծննդոց 22։9-14

9, 10. (ա) Ասկէ առաջ, Աբրահամ ե՞րբ Եհովայի վրայ վստահութիւն ցուցաբերած էր։ (բ) Աբրահամէն ի՞նչ կարեւոր դաս մը կը սորվինք։

9 Աբրահամ այսպիսի վստահութիւն մը ցուցաբերած էր Եհովայի արդարութեան վրայ՝ շուրջ 25 տարի առաջ։ Ազդարարութիւն ստանալով որ Սոդոմն ու Գոմորը պիտի բնաջնջուէին, ան բնականաբար հոն բնակող արդար մարդոցմով, ի միջի այլոց իր զարմիկով, հետաքրքրուած էր։ Աբրահամ հետեւեալ աղաչանքը մատուցանեց Աստուծոյ. «Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։—Ծննդոց 18։25

10 Աբրահամ նահապետ համոզուած էր որ Եհովա բնա՛ւ անարդար բան չ’ըներ։ Հետագային սաղմոսերգուն երգեց. «Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ»։ (Սաղմոս 145։17) Մենք մեզի հարց տանք. ‘Առանց Եհովայի արդարութեան վրայ կասկածելու, կ’ընդունի՞մ ինչ որ ինք կը թոյլատրէ։ Համոզուա՞ծ եմ որ ինչ որ թոյլատրէ իմ, ինչպէս նաեւ ուրիշներու, բարիքին պիտի ծառայէ’։ Եթէ կրնանք այո՛ ըսել, ուրեմն Աբրահամէն կարեւոր դաս մը սորված ենք։

Եհովայի Ընտրութիւններուն Հանդէպ Վստահութիւն Ցուցաբերենք

11, 12. (ա) Աստուծոյ ծառաներուն համար վստահութեան ո՞ր երեսակը անհրաժեշտ եղած է։ (բ) Երբեմն ի՞նչ բան կրնայ խնդիր յարուցանել մեզի։

11 Անոնք որոնք Եհովայի կը վստահին, սովորաբար վստահութիւն կ’ունենան նաեւ իր նպատակներու իրագործման համար Եհովայի ընտրած մարդոց։ Իսրայելացիներուն պարագային ասիկա նշանակեց վստահութիւն ցոյց տալ Մովսէսի եւ անոր յաջորդին՝ Յեսուի հանդէպ։ Նախկին Քրիստոնեաներու համար, անիկա նշանակեց վստահութիւն ցոյց տալ առաքեալներուն եւ Երուսաղէմի ժողովքի երէցներուն հանդէպ։ Այսօր մեզի համար, անիկա կը նշանակէ վստահութիւն ունենալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին վրայ, որ մեզի ‘ատենին կերակուր’ տալու համար նշանակուած է, ինչպէս նաեւ՝ իրենցմէ կազմուած Կառավարիչ Մարմինին հանդէպ։—Մատթէոս 24։45

12 Քրիստոնէական ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն ստանձնողներուն վրայ վստահութիւն դնելը մեր օգտին կը ծառայէ։ Մեզի ըսուած է. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ»։—Եբրայեցիս 13։17

Եհովայի Ընտրած Ծառաները Թերագնահատելէ Զգուշացէք

13. Մեր մէջ առաջնորդութիւն ստանձնողներուն վստահելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

13 Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ որ Եհովայի ժողովուրդին մէջ առաջնորդութիւն ստանձնողներուն վրայ մեր ունեցած վստահութիւնը հաւասարակշռուած ըլլայ։ Մենք մեզի հարցնենք. ‘Մովսէս սխալներ գործե՞ց։ Առաքեալները միշտ Յիսուսի ուզած քրիստոսանման կեցուածքը ցուցաբերեցի՞ն’։ Պատասխանները յայտնի են։ Եհովա իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար հաւատարիմ ու անձնուէր տղամարդիկ ընտրած է, հակառակ անոնց անկատարութեան։ Հետեւաբար, թէեւ այսօրուան երէցներն ալ անկատար են, այսուհանդերձ պէտք է ընդունինք որ «Սուրբ Հոգին [զիրենք] տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու»։ Անոնք մեր օգնութեան ու յարգանքին արժանի են։—Գործք 20։28

14. Եհովա որպէս առաջնորդ փոխանակ Մարիամը կամ Ահարոնը ընտրելու, Մովսէսը ընտրելը ինչո՞ւ յատկանշական է։

14 Ահարոն Մովսէսէն երեք տարի մեծ էր, բայց երկունք ալ իրենց քրոջմէն՝ Մարիամէ՝ պզտիկ էին։ (Ելից 2։3, 4. 7։7) Իսկ քանի որ Ահարոն իր եղբօրմէն՝ Մովսէսէ՝ աւելի ճարտասան էր, իր եղբօրը խօսնակը ըլլալու նշանակում ստացաւ։ (Ելից 6։29–7։2) Սակայն, Իսրայելացիները առաջնորդելու համար Եհովա աւելի տարեց Մարիամը, կամ աւելի ճարտասան Ահարոնը չընտրեց։ Ինք Մովսէսը ընտրեց շատ լաւ գիտնալով բոլոր իրողութիւնները եւ այդ ժամանակուան կարիքները։ Երբ ժամանակ մը այս ներատեսութիւնը պղտորեցաւ իրենց մօտ, Ահարոն ու Մարիամ գանգատեցան. «Միթէ Տէրը միայն Մովսէսի՞ն միջոցով խօսեցաւ։ Չէ՞ որ մեր միջոցով ալ խօսեցաւ»։ Եհովայի ընտրութեան հանդէպ այս անյարգալից կեցուածքին պատճառաւ, Մարիամ՝ որ հաւանաբար գլխաւոր դրդողն էր՝ պատժուեցաւ։ Ինք եւ Ահարոն պէտք էր ընդունէին որ «Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի»։—Թուոց 12։1-3, 9-15

15, 16. Քաղէբ ի՞նչպէս ապացուցանեց որ Եհովայի կը վստահէր։

15 Երբ 12 լրտեսներ ղրկուեցան Աւետեաց Երկիրը լրտեսելու համար, անոնցմէ 10–ն բացասական տեղեկագրութիւն մը բերին։ Անոնք Քանանացի ‘յաղթահասակ մարդոց’ մասին խօսելով, Իսրայելացիներուն սրտերուն մէջ վախ ձգեցին։ Որպէս հետեւանք, Իսրայելացիները «տրտնջեցին Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ»։ Սակայն բոլոր լրտեսներն ալ Մովսէսի ու Եհովայի վրայ վստահութեան պակաս ցոյց չտուին։ Կը կարդանք. «Քաղէբ ժողովուրդը Մովսէսին առջեւ լռեցուց ու ըսաւ. ‘Աղէ՜կ, ելլե՛նք ու ժառանգենք զայն. քանզի մենք անշուշտ կրնանք անոր տիրել’»։ (Թուոց 13։2, 25-33. 14։2) Քաղէբի հաստատ կեցուածքին միացաւ իր ընկերակիցը՝ Յեսուն։ Երկունք ալ ցոյց տուին որ Եհովայի վստահած էին, երբ ըսին. «Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այն երկիրը տանի եւ զանիկա մեզի տայ, որ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մըն է։ Միայն թէ . . . այն երկրին ժողովուրդէն մի՛ վախնաք, . . . Տէրը մեզի հետ է։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք»։ (Թուոց 14։6-9) Եհովայի վրայ դրուած այս վստահութիւնը վարձատրուեցաւ։ Այդ ժամանակ ողջ եղող սերունդէն միայն Քաղէբ, Յեսու եւ կարգ մը Ղեւտացիներ առանձնաշնորհումը ունեցան Աւետեաց Երկիրը մտնելու։

16 Քանի մը տարիներ ետք, Քաղէբ ըսաւ. «Ես իմ բոլոր սրտովս իմ Տէր Աստուծոյս հնազանդեցայ։ . . . Արդ՝ ահա Տէրը իր ըսածին պէս քառասունըհինգ տարի իմ կեանքս պահեց, այն ժամանակէն ի վեր՝ որ Տէրը այս խօսքը Մովսէսին ըսաւ, քանի որ Իսրայէլ անապատին մէջ կը պտըտէր եւ ահա ես այսօր ութսունըհինգ տարեկան եմ։ Այսօր տակաւին ուժով եմ, ինչպէս էի Մովսէսին զիս ղրկած օրը. այն ատենուան զօրութիւնս ինչպէս էր, հիմակուան զօրութիւնս ալ նոյնպէս է»։ (Յեսուայ 14։6-11) Հոս նկատի առէք Քաղէբի դրական կեցուածքը, հաւատարմութիւնը եւ իր ֆիզիքական կարողութիւնները։ Սակայն, Եհովա Քաղէբը չընտրեց որպէս Մովսէսի յաջորդը. այս առանձնաշնորհումը Յեսուի տրուեցաւ։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովա իր պատճառները ունէր այս ընտրութիւնը ընելու եւ անիկա լաւագոյն ընտրութիւնն էր։

17. Երեւութապէս ի՞նչ բաներ Պետրոսը պատասխանատուութիւն ստանձնելու անատակ կրնային դարձնել։

17 Պետրոս առաքեալ երեք անգամ իր Տէրը ուրացաւ։ Ան նաեւ անշրջահայեաց կերպով ինքնագլուխ վարուեցաւ, երբ քահանայապետի ծառային ականջը փրցուց։ (Մատթէոս 26։47-55, 69-75. Յովհաննու 18։10, 11) Ոմանք կրնան ըսել որ Պետրոս վախկոտ, անհաւասարակշիռ մէկն էր եւ մասնաւոր առանձնաշնորհումներ վայելելու արժանի չէր։ Սակայն որո՞ւ տրուեցաւ Թագաւորութեան բանալիները, երեք խումբերու առջեւ երկնային կոչին ճամբան բանալու առանձնաշնորհումը։ Պե՛տրոսի։—Գործք 2։1-41. 8։14-17. 10։1-48

18. Յուդայի յիշած ո՞ր սխալէն պէտք է զգուշանանք։

18 Այս օրինակները ցոյց կու տան որ մենք դրսերեւոյթներէ պէտք չէ դատենք։ Եթէ Եհովայի վստահինք, իր ընտրութիւններու վրայ կասկած պիտի չունենանք։ Թէեւ իր երկրային ժողովքը անկատար մարդոցմէ բաղկացած է, որոնք չեն դաւանիր անսխալական ըլլալ, բայց զանոնք ուժեղ կերպով կը գործածէ։ Յիսուսի կէս–եղբայրը՝ Յուդա, առաջին դարու Քրիստոնեաները զգուշացուց այն անհատներու դէմ, որոնք «տէրութիւնը կ’անարգեն, մեծափառներուն դէմ կը հայհոյեն»։ (Յուդա 8-10) Բնա՛ւ անոնց նման չըլլանք։

19. Եհովայի ընտրութիւնները թերագնահատելու ինչո՞ւ պատճառներ չունինք։

19 Եհովա կարգ մը պատասխանատուութիւններու համար երեւութապէս կ’ընտրէ անհատներ, որոնք այդ մասնայատուկ ժամանակին մէջ իր ժողովուրդը առաջնորդելու համար հարկ եղած մասնայատուկ որակումներ ունին։ Պէտք է գիտակցինք այս իրողութեան, առանց թերագնահատելու Աստուծոյ ընտրութիւնները, այլ հեզութեամբ գոհանանք ծառայելով հո՛ն՝ ուր Եհովա մեզ դրած է։ Այսպէս վարուելով կ’ապացուցանենք որ Եհովայի վստահած ենք։—Եփեսացիս 4։11-16. Փիլիպպեցիս 2։3

Եհովայի Արդարութեան Վրայ Վստահութիւն Ցուցաբերենք

20, 21. Մովսէսի հետ Աստուծոյ վերաբերմունքէն ի՞նչ կը սորվինք։

20 Եթէ երբեմն հակումը ունենանք շատ աւելի մեր անձին վստահելու ու շատ քիչ՝ Եհովայի, ուրեմն Մովսէսէն դաս առնենք։ 40 տարեկանին, ան ինքն իր գլխուն գործելով, ուզեց Իսրայելացիները ազատել եգիպտական գերութենէն։ Կասկած չկայ որ անոր ջանքերը լաւ միտումով եղած էին, բայց անոնք Իսրայէլի անմիջական ազատագրութիւն չբերին, ոչ ալ իր վիճակը բարելաւեցին։ Ան ստիպուեցաւ փախչիլ։ Օտար երկրի մը մէջ 40 տարի ծանր մարզում ստանալէ ետքն է որ ան որակելի եղաւ ընտրուելու, ընելու համար այն ինչ որ փափաքած էր ընել։ Այս անգամ ան կրնար վստահիլ Եհովայի օգնութեան, քանի որ իրերը հիմա Եհովայի ժամանակացոյցին կը յարմարէին եւ Իր ուզած կերպով էր։—Ելից 2։11–3։10

21 Ամէն մէկս կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Երբեմն Եհովայէ եւ ժողովքին մէջ նշանակուած երէցներէն առա՞ջ կ’անցնիմ, փորձելով կարգ մը բաներ արագացնել կամ իմ կերպովս ընել։ Կարգ մը առանձնաշնորհումներու համար փոխանակ անտեսուած զգալու, սիրայօժար կերպով կ’ընդունի՞մ իմ մարզումի շրջանս’։ Արդեօք Մովսէսէն կարեւոր դաս մը սորվեցա՞նք։

22. Հակառակ անոր որ Մովսէս մեծ առանձնաշնորհում մը կորսնցուց, բայց ի՞նչ էր իր զգացումը Եհովայի հանդէպ։

22 Տակաւին ուրիշ դաս մըն ալ կրնանք սորվիլ Մովսէսէն։ Թուոց 20։7-13–ը մեզի կը խօսի անոր ըրած մէկ սխալին մասին, որ իրեն սուղի նստաւ։ Ան Աւետեաց Երկիրը մտնելու իր առանձնաշնորհումը կորսնցուց։ Այն ատեն այս հարցին մէջ Եհովայի որոշումը անիրաւ գտա՞ւ ան։ Արդեօք ան այդպէս ըսուած, իր անկիւնը քաշուեցա՞ւ, Աստուած իրեն հետ այսքան անիրաւ վարուելուն համար երեսը կախելով։ Եհովայի արդարութեան հանդէպ Մովսէս իր վստահութիւնը կորսնցո՞ւց։ Այս հարցումներուն պատասխանները կրնանք ստանալ ուղղակի իր մահուընէ առաջ Մովսէսի արտասանած խօսքերէն։ Եհովայի մասին Մովսէս ըսաւ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։4) Վստահաբար, Մովսէս Եհովայի վրայ իր վստահութիւնը մինչեւ վերջը հաստատ պահեց։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Անհատապէս, քայլեր կ’առնե՞նք Եհովայի եւ իր արդարութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը զօրացնելու համար։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Տեսնե՛նք։

Ի՞նչպէս Պիտի Պատասխանէիք

◻ Եհովայի վստահելու ի՞նչ պատճառներ ունէին Իսրայելացիները։

◻ Վստահութեան առնչութեամբ, Աբրահամէն ի՞նչ կը սորվինք։

◻ Եհովայի ընտրութիւնները թերագնահատելէ ինչո՞ւ պէտք է զգուշանանք։

[Նկար՝ էջ 11]

Եհովայի վստահիլը իր մէջ կը բովանդակէ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն ստանձնողները յարգել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել