Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սիրալիր հովիւներուն խոնարհաբար ենթարկուինք
    Դիտարան 2007 | Ապրիլ 1
    • 7. Քրիստոնեայ տեսուչներուն հանդէպ մեր կեցուածքին նկատմամբ Պօղոս առաքեալ ի՞նչ խրատ տուաւ։

      7 Մեր երկնաւոր Հովիւները՝ Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս, մեզմէ կ’ակնկալեն որ հնազանդինք ու ենթարկուինք ենթահովիւներուն, զորս ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքերու վրայ դրած են։ (Ա. Պետրոս 5։5) Ներշնչման ներքեւ, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Յիշեցէ՛ք ձեզ կառավարողները՝ որ Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին ձեզի, եւ հետեւեցէ՛ք անոնց հաւատքին՝ զննելով անոնց վարքին աւարտը։ Անսացէ՛ք ձեզ կառավարողներուն եւ ենթարկուեցէ՛ք անոնց, որովհետեւ անոնք կը հսկեն ձեր անձերուն վրայ՝ որոնց համար հաշիւ պիտի տան. որպէսզի ուրախութեա՛մբ ընեն այդ գործը, եւ ո՛չ թէ հառաչելով, քանի որ ատիկա օգտակար չէ ձեզի»։—Եբրայեցիս 13։7, 17, ԱՎ

      8. Պօղոս մեզ կը հրաւիրէ որ ի՞նչ բան ‘զննենք’, եւ ի՞նչպէս պէտք է ‘հնազանդինք’։

      8 Նկատէ թէ Պօղոս մեզ կը հրաւիրէ որ երէցներու հաւատարիմ վարքին աւարտը ‘զննենք’, կամ ուշադրութեամբ նկատի առնենք, եւ հաւատքի այս տիպարները ընդօրինակենք։ Ասկէ զատ, ան մեզ կը խրատէ որ այս նշանակուած տղամարդոց հնազանդինք ու անոնց առաջնորդութեան ենթարկուինք։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ռ. Թ. Ֆրանս կը բացատրէ թէ Յունարէն բնագրին մէջ, հոս «անսացէ՛ք» կամ «հնազանդեցէ՛ք» թարգմանուած բառը «հնազանդութեան համար գործածուող սովորական բառը չէ, այլ՝ բառացիօրէն կը նշանակէ ‘համոզուեցէ՛ք’, ակնարկելով անոնց առաջնորդութիւնը յօժարակամ ընդունելուն»։ Երէցներուն կը հնազանդինք՝ ո՛չ միայն քանի որ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ որ ասիկա ընենք, այլեւ քանի որ համոզուած ենք թէ անոնք սրտանց կը փնտռեն Թագաւորութեան շահերն ու մեր լաւագոյն շահերը։ Եթէ անոնց առաջնորդութիւնը կամովին ընդունինք, վստահաբար ուրախ պիտի ըլլանք։

  • Սիրալիր հովիւներուն խոնարհաբար ենթարկուինք
    Դիտարան 2007 | Ապրիլ 1
    • 10, 11. Առաջին դարուն եւ ներկայիս, տեսուչները ի՞նչ կերպով ‘Աստուծոյ խօսքը քարոզած են’ Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն։

      10 Մէջբերուած Եբրայեցիս 13։7, 17–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ չորս պատճառներ կու տայ թէ Քրիստոնեայ տեսուչներուն ինչո՛ւ պէտք է հնազանդինք ու ենթարկուինք։ Առաջին պատճառը այն է՝ թէ անոնք «Աստուծոյ խօսքը քարոզեցին» մեզի։ Մտաբերէ թէ ‘որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’, զորս Յիսուս ժողովքին կը շնորհէ, «սուրբերուն կատարելութեանը համար» են։ (Եփեսացիս 4։11, 12) Ան առաջին դարու Քրիստոնեաներուն մտածումն ու վարքը ճշդեց՝ հաւատարիմ ենթահովիւներու միջոցաւ, որոնցմէ ոմանք ներշնչման ներքեւ ժողովքներուն նամակներ գրեցին։ Ան հոգիէն նշանակուած այսպիսի տեսուչներ գործածեց նախկին Քրիստոնեաները առաջնորդելու եւ զօրացնելու։—Ա. Կորնթացիս 16։15-18. Բ. Տիմոթէոս 2։2. Տիտոս 1։5

      11 Ներկայիս, Յիսուս մեզ կ’առաջնորդէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ, որ ներկայացուած է իր Կառավարիչ Մարմինով ու նշանակուած երէցներով։ (Մատթէոս 24։45) Ի յարգանք «Հովուապետին»՝ Յիսուս Քրիստոսի, Պօղոսի սա խրատին կը հետեւինք. «[Յարգեցէ՛ք] ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները»։—Ա. Պետրոս 5։4. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12. Ա. Տիմոթէոս 5։17

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել