Աստուծոյ հանգիստը մտա՞ծ էք
«Ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն»։—ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 4։10
1. Ինչո՞ւ հանգիստը շա՜տ փափաքելի է։
ՀԱՆԳԻ՛ՍՏ։ Ի՜նչ հաճելի եւ սիրելի բառ մը։ Ներկայ արագընթաց եւ հիւծող աշխարհին մէջ ապրելով, շատերս գրկաբաց կ’ընդունինք քիչ մը հանգիստը։ Երիտասարդ թէ տարեց, ամուսնացած թէ ամուրի, առօրեայ կեանքը գեր–ճնշուած եւ ուժասպառ վիճակի մէջ կը ձգէ բոլորս։ Ֆիզիքական սահմանափակումներ կամ հաշմանդամութիւններ ունեցողներուն համար իւրաքանչիւր օր պայքար է։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։ (Հռովմայեցիս 8։22) Պայման չէ որ հանգստացող անհատ մը ծոյլ մէկը ըլլայ։ Հանգստանալը մարդկային կարիք մըն է որ պէտք է գոհացուի։
2. Եհովա ե՞րբ սկսաւ հանգստանալ։
2 Եհովա Աստուած ալ կը հանգստանայ։ Բայց ի՞նչ առումով։ Ծննդոց գրքին մէջ կը կարդանք. «Ամբողջացան երկինք ու երկիր եւ անոնց բոլոր զարդերը։ Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն»։ Եհովա մասնաւոր իմաստ մը տուաւ «եօթներորդ օր»ուան, քանի որ ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց զանիկա»։—Ծննդոց 2։1-3
Աստուած Հանգստացաւ Իր Գործերէն
3. Աստուծոյ հանգստանալուն պատճառները ի՞նչ չէին կրնար ըլլալ։
3 Աստուած ինչո՞ւ հանգստացաւ «եօթներորդ օրը»։ Անշուշտ ան յոգնած ըլլալուն համար չէ որ հանգստացաւ։ Եհովա «սաստիկ զօրութիւն» ունի եւ «չի յոգնիր ու չի թուլնար»։ (Եսայեայ 40։26, 28) Ոչ ալ Աստուած դադարի կամ փոփոխութեան կարիքը ունենալուն համար հանգստացաւ, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»։ (Յովհաննու 5։17) Ամէն պարագայի, «Աստուած Հոգի է», եւ ֆիզիքական արարածներու մարմնաւոր կարիքներուն եւ մարմնաւոր շրջաններուն կապուած չէ։—Յովհաննու 4։24
4. «Եօթներորդ օրը» ի՞նչ կերպով տարբեր էր նախորդ վեց ‘օրերէն’։
4 Ի՞նչպէս կրնանք որոշ չափով հասկնալ թէ Աստուած «եօթներորդ օրը» ինչո՛ւ «հանգստացաւ»։ Կը նշմարենք որ թէեւ Աստուած շատ հաւնեցաւ նախորդ վեց ստեղծագործական երկար ժամանակաշրջանի ‘օրերուն’ ընթացքին իր իրագործած բաները, ան մասնայատուկ կերպով օրհնեց «եօթներորդ օրը» եւ զայն «սրբեց»։ Գոնսայզ Օքսֆորտ Տիգշընըրի–ն (Անգլերէն) ‘սուրբ’ բառը կը սահմանէ որպէս «(աստուծոյ մը կամ ուրիշ կրօնական նպատակի մը) լիովին նուիրուած կամ յատկացուած»։ Հետեւաբար, Եհովայի կողմէ «եօթներորդ օր»ուան օրհնուիլը ու սուրբ կոչուիլը կը նշէ թէ այդ օրը եւ իր ‘հանգիստը’ իր սրբազան կամքին ու նպատակին հետ պէտք է առնչութիւն մը ունեցած ըլլան, եւ ո՛չ թէ՝ անհատական կարիքի մը հետ։ Ի՞նչ է այդ առնչութիւնը։
5. Ստեղծագործական առաջին վեց «օրեր»ու ընթացքին, Աստուած ի՞նչ բան շարժման մէջ դրաւ։
5 Ստեղծագործական նախորդ վեց ‘օրերու’ ընթացքին, Աստուած երկրին գործընթացը ու անոր շրջակայքը կառավարող բոլոր շրջաններն ու օրէնքները հաստատեց եւ զանոնք շարժման մէջ դրաւ։ Գիտնականները հիմա կը հասկնան թէ անոնք որքան հոյակապ կերպով ծրագրուած են։ «Վեցերորդ օր»ուան վերջաւորութեան, Աստուած ստեղծեց մարդկային առաջին զոյգը եւ զանոնք ‘արեւելեան կողմը՝ Եդեմի պարտէզին մէջ’ դրաւ։ Վերջապէս Աստուած մարդկային ընտանիքին եւ երկրին նկատմամբ իր նպատակը յայտնեց, մարգարէական հետեւեալ խօսքերով. «Աճեցէք ու շատցէք եւ երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։—Ծննդոց 1։28, 31. 2։8
6. (ա) «Վեցերորդ օր»ուան վերջաւորութեան, Աստուած իր բոլոր ստեղծած բաներուն հանդէպ ի՞նչ զգաց։ (բ) «Եօթներորդ օրը» ի՞նչ առումով սուրբ է։
6 Մինչ ստեղծագործական ‘վեցերորդ օրը’ իր լրումին կը հասնէր, Աստուածաշունչի տեղեկութիւնը կ’ըսէ. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր»։ (Ծննդոց 1։31) Աստուած իր ըրած բոլոր բաներով գոհ էր։ Ուստի, ան հանգստացաւ, կամ երկրի առնչութեամբ յաւելեալ ստեղծագործութիւն ընելէ դադրեցաւ։ Այն ատեն դրախտ պարտէզը որքան ալ կատարեալ ու գեղեցիկ եղած ըլլար, անիկա պզտիկ շրջան մը կը ծածկէր, եւ երկրի վրայ միայն երկու մարդկային արարածներ կային։ Ժամանակ պիտի առնէր, մինչեւ որ երկիրը եւ մարդկային ընտանիքը Աստուծոյ նպատակադրած վիճակին հասնէր։ Ասոր համար ան «եօթներորդ օր» մը հաստատեց, որ թոյլ պիտի տար որպէսզի նախորդ վեց ‘օրերու’ ընթացքին իր ստեղծած բոլոր բաները իր սրբազան կամքին հետ համերաշխութեան մէջ գային։ (Բաղդատել՝ Եփեսացիս 1։11։) Երբ «եօթներորդ օրը» իր աւարտին հասնէր, երկիրը մարդկային կատարեալ ընտանիքով յաւիտեան բնակուած համերկրային դրախտի մը վերածուած պիտի ըլլար։ (Եսայեայ 45։18) «Եօթներորդ օրը» տրամադրուած կամ նուիրուած է, երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ կամքը իրագործելու ու կատարելու համար։ Այդ առումով ան ‘սուրբ’ է։
7. (ա) Աստուած ի՞նչ իմաստով հանգստացաւ «եօթներորդ օրը»։ (բ) Երբ «եօթներորդ օրը» իր աւարտին հասնի, ամէն բան ի՞նչ վիճակի բերուած պիտի ըլլայ։
7 Ուստի, Աստուած իր ստեղծագործութենէն հանգստացաւ «եօթներորդ օրը»։ Որպէս թէ ան ետ կեցաւ եւ թոյլ տուաւ որ իր շարժման մէջ դրած բաները իրենց ընթացքը աւարտեն։ Ինք կատարեալ վստահութիւն ունէր որ «եօթներորդ օր»ուան վերջաւորութեան, ամէն բան ճիշդ իր որոշածին պէս պիտի ըլլար։ Նոյնիսկ երբ խոչընդոտներ ըլլային, անոնք պիտի յաղթահարուէին։ Ամբողջ հնազանդ մարդկութիւնը պիտի օգտուի, երբ Աստուծոյ կամքը լիովին իրականացուի։ Ոչինչ կրնայ արգելք հանդիսանալ ասոր, քանի որ Աստուած «եօթներորդ օրը» օրհնեց ու զայն «սրբեց»։ Ի՜նչ փառաւոր հեռանկար մը՝ հնազանդ մարդկութեան համար։
Իսրայէլ Չկրցաւ Մտնել Աստուծոյ Հանգիստը
8. Իսրայելացիները ե՞րբ եւ ի՞նչպէս սկսան Շաբաթը պահել։
8 Իսրայէլ ազգը Աստուծոյ՝ աշխատանքի ու հանգիստի կարգադրութենէն օգտուեցաւ։ Սինա Լերան վրայ Իսրայէլի Օրէնքը տալէն առաջ իսկ, Մովսէսի միջոցաւ Աստուած անոնց ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, Տէրը տուաւ ձեզի շաբաթը, անոր համար վեցերորդ օրը ինք ձեզի երկու օրուան հաց կու տայ. ամէն մէկդ իր տեղը թող նստի. մէ՛կը իր տեղէն թող չելլէ՛ եօթներորդ օրը»։ Որպէս հետեւանք «ժողովուրդը հանգստացաւ եօթներորդ օրը»։—Ելից 16։22-30
9. Ինչո՞ւ անկասկած Իսրայելացիները ողջունած ըլլալու էին Շաբաթի օրէնքը։
9 Այս կարգադրութիւնը նորութիւն մըն էր Իսրայելացիներուն համար, որոնք Եգիպտոսի գերութենէն տակաւին նոր ազատագրուած էին։ Թէեւ Եգիպտացիները եւ ուրիշ ազգեր ժամանակը հինգ կամ տասը օրերու շրջանի մը բաժնած էին, անհաւանական էր որ գերեվարուած Իսրայելացիներուն հանգիստի օր մը տրուած ըլլար։ (Բաղդատել՝ Ելից 5։1-9։) Հետեւաբար, տրամաբանական է եզրակացնել որ Իսրայէլ ազգը ուրախութեամբ ընդունեց այս փոփոխութիւնը։ Շաբաթի պահանջքը փոխանակ բեռ մը կամ զրկում մը նկատելու, անոնք ուրախութեամբ զայն պահած ըլլալու էին։ Արդարեւ, հետագային Աստուած իրենց ըսաւ որ Շաբաթը՝ Եգիպտոսի մէջ իրենց գերութիւնը եւ զիրենք ազատագրելը յիշեցնելու պիտի ծառայէր։—Բ. Օրինաց 5։15
10, 11. (ա) Եթէ հնազանդ ըլլային, Իսրայելացիները ի՞նչ բան վայելելու ակնկալութիւնը կրնային ունենալ։ (բ) Իսրայելացիները ինչո՞ւ չկրցան Աստուծոյ հանգիստը մտնել։
10 Եթէ Մովսէսի հետ Եգիպտոսէն դուրս ելած Իսրայելացիները հնազանդէին, անոնք առանձնաշնորհումը պիտի ունենային «կաթ ու մեղր բղխող» խոստացեալ երկիրը մտնելու։ (Ելից 3։8) Հոն անոնք իրական հանգիստ մը վայելած պիտի ըլլային, ոչ միայն Շաբաթ օրը, այլ իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ (Բ. Օրինաց 12։9, 10) Բայց այդպէս չեղաւ։ Անոնց մասին Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ոմանք լսեցին ու բարկացուցին, բայց ոչ ամէնքը, որ Եգիպտոսէն ելած էին Մովսէսին ձեռքով։ Որոնցմէ՞ զզուեցաւ այն քառասուն տարին. չէ՞ որ մեղանչողներէն, որոնց ոսկորները անապատին մէջ ինկան։ Եւ որո՞նց համար երդում ըրաւ իր հանգիստը չմտցնել, եթէ ոչ՝ անհաւատներուն համար։ Եւ իրաւամբ չկրցան մտնել՝ իրենց անհաւատութեանը պատճառով»։—Եբրայեցիս 3։16-19
11 Ի՜նչ ազդու դաս մը մեզի համար։ Եհովայի վրայ հաւատքի պակաս ունենալով, այդ սերունդը անոր խոստացած հանգիստը չկրցաւ մտնել։ Անոնք անապատին մէջ բնաջնջուեցան։ Անոնք չկրցան ըմբռնել այն իրողութիւնը թէ Աբրահամէն սերած ըլլալով, երկրի բոլոր ազգերուն օրհնութիւններ բերելու Աստուծոյ կամքին հետ սերտօրէն առնչուած էին։ (Ծննդոց 17։7, 8. 22։18) Փոխանակ աստուածային կամքին հետ ներդաշնակ գործելու, անոնք իրենց աշխարհային եւ անձնասէր ցանկութիւններով ամբողջովին ցրուած էին։ Բնա՛ւ այսպիսի ընթացքի մը մէջ չգտնուինք։—Ա. Կորնթացիս 10։6, 10
Տակաւին Հանգիստ մը կը Մնայ
12. Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն համար տակաւին ի՞նչ հեռանկար մը կար, եւ ասոր ի՞նչպէս կրնային հասնիլ։
12 Մատնանշելէ ետք թէ Իսրայէլ հաւատքի պակասի պատճառով Աստուծոյ հանգիստը չմտաւ, Պօղոս իր ուշադրութիւնը հաւատակիցներուն դարձուց։ Ինչպէս նշուած է Եբրայեցիս 4։1-5–ի մէջ, Պօղոս անոնց վստահեցուց որ ‘Աստուծոյ հանգիստը մտնելու խոստում մը մեզի մնացեր է’։ Պօղոս զանոնք յորդորեց որ այս «աւետիս»ին հաւատք ընծայեն, քանի որ «մենք որ հաւատացինք, հանգիստը պիտի մտնենք»։ Քանի որ Օրէնքը Յիսուսի քաւիչ զոհով արդէն իսկ մէջտեղէն վերցուած էր, հոս Պօղոս Շաբաթ օրուան բառացի հանգստին չէր ակնարկեր։ (Կողոսացիս 2։13, 14) Ծննդոց 2։2–ը եւ Սաղմոս 95։11–ը մէջբերելով, Պօղոս կը յորդորէր Եբրայեցի Քրիստոնեաները որ Աստուծոյ հանգիստը մտնեն։
13. Սաղմոս 95–էն մէջբերում ընելով, Պօղոս ինչո՞ւ ուշադրութիւն հրաւիրեց «այսօր» բառին։
13 Աստուծոյ հանգիստը մտնելու կարելիութիւնը «աւետիս» մը պէտք էր եղած ըլլար Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն համար, ճիշդ ինչպէս որ Շաբաթի հանգիստը «աւետիս» մը եղած ըլլալու էր նախկին Իսրայելացիներուն։ Հետեւաբար, Պօղոս իր հաւատակիցները քաջալերեց որ անապատին մէջ Իսրայելացիներուն գործած նոյն սխալը չգործեն։ Մէջբերելով ինչ որ այսօր Սաղմոս 95։7, 8–ը կը նկատուի, ան ուշադրութիւն հրաւիրեց «այսօր» բառին վրայ, հակառակ անոր որ Աստուած իր ստեղծագործութենէն շատոնց հանգստացած էր։ (Եբրայեցիս 4։6, 7) Պօղոս ի՞նչ կ’ուզէր մատնանշել։ Ան կ’ուզէր մատնանշել թէ «եօթներորդ օրը», զոր Աստուած զատած էր որպէսզի երկրի ու մարդկութեան առնչութեամբ իր նպատակը լիովին իրագործուէր՝ տակաւին իր ընթացքին մէջ էր։ Հետեւաբար, շատ ստիպողական էր որ իր հաւատակիցները այդ նպատակին համաձայն գործէին, փոխանակ անձնասէր հետապնդումներու ետեւէ ըլլալու։ Ան անգամ մը եւս հնչեցուց հետեւեալ ազդարարութիւնը՝ «ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք»։
14. Պօղոս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ որ տակաւին Աստուծոյ «հանգիստը» կար։
14 Ասկէ զատ, Պօղոս ցոյց տուաւ որ խոստացուած ‘հանգիստը’, պարզապէս Յեսուի առաջնորդութեան ներքեւ Աւետեաց Երկրին մէջ հաստատուիլը չէր։ (Յեսուայ 21։44) Պօղոս առարկեց. «Վասն զի եթէ Յեսու հանգչեցուցած ըլլար զանոնք, ա՛լ անկէ ետքը ուրիշ օրուան համար չէր ըսուեր»։ Ասիկա ի մտի ունենալով, ան աւելցուց. «Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ»։ (Եբրայեցիս 4։8, 9) Այդ «հանգիստ»ը ի՞նչ է։
Աստուծոյ Հանգիստը Մտնել
15, 16. (ա) «Հանգիստ» բառը յատկանշական ի՞նչ իմաստ ունի։ (բ) Ի՞նչ կը նշանակէ ‘հանգչիլ մեր գործերէն’։
15 «Հանգիստ» բառը թարգմանուած է Յունարէն բառէ մը որ կը նշանակէ «շաբաթել»։ (Թագաւորութեան Տողընդմիջեայ Թարգմանութիւն) Ուսուցչապետ Ուիլիըմ Լէյնը նշեց. «Այս արտայայտութիւնը իր մասնայատուկ նրբերանգը ստացաւ Ելից 20։8-10–ի հիման վրայ Հրէականութեան մէջ զարգացած Շաբաթի հրահանգէն, ուր շեշտուած էր որ հանգիստը եւ փառաբանութիւնը իրարու հետ կ’ընթանան . . . [Անիկա] Աստուծոյ պաշտամունքին ու փառաբանութեան մէջ արտայայտուած տօնախմբութեան եւ ուրախութեան մասնաւոր երեսակը կը շեշտէ»։ Հետեւաբար, խոստացուած հանգիստը պարզապէս գործէն արձակուիլ չէ։ Անիկա յոգնեցուցիչ, աննպատակ աշխատանքէն՝ Աստուած պատուող ցնծալի ծառայութեան մը փոփոխութիւնն է։
16 Պօղոսի յաջորդ խօսքերը ասիկա երեւան կը հանեն. «Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն»։ (Եբրայեցիս 4։10) Աստուած յոգնած ըլլալուն համար չէր որ ստեղծագործական եօթներորդ օրը հանգստացաւ։ Այլ, ան երկրային ստեղծագործութենէն դադրեցաւ, թոյլ տալով որ իր ձեռագործը զարգանայ ու ամբողջական փառքին մէջ մտնէ, իրեն փառք ու պատիւ բերելով։ Որպէս Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէկ մասը, մենք ալ այդ կարգադրութեան մէջ տեղ մը պէտք է գրաւենք։ Պէտք է ‘հանգչինք մեր գործերէն’, այսինքն, փրկութիւն շահելու մտքով, Աստուծոյ առջեւ մենք մեզ արդարացնելէ ետ պէտք է կենանք։ Փոխարէն պէտք է հաւատանք որ մեր փրկութիւնը կախեալ է Յիսուս Քրիստոսի քաւիչ զոհէն, որու միջոցաւ ամէն բան դարձեալ Աստուծոյ նպատակին հետ ներդաշնակութեան մէջ պիտի գայ։—Եփեսացիս 1։8-14. Կողոսացիս 1։19, 20
Աստուծոյ Խօսքը Զօրեղ Է
17. Մարմնաւոր Իսրայէլի բռնած ո՞ր ընթացքէն պէտք է խուսափինք։
17 Իսրայելացիները չկրցան Աստուծոյ խոստացած հանգիստը մտնել իրենց անհնազանդութեան ու հաւատքի պակասի պատճառաւ։ Հետեւաբար, Պօղոս հետեւեալ յորդորը տուաւ Եբրայեցի Քրիստոնեաներուն. «Ուրեմն ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ»։ (Եբրայեցիս 4։11) Առաջին դարու Հրեաներէն շատեր չհաւատացին Յիսուսի, եւ անոնցմէ շատեր մեծապէս տառապեցան, երբ Հ.Դ. 70–ին հրէական իրերու դրութիւնը իր վախճանին հասաւ։ Մեր օրերուն ալ Աստուծոյ խոստումին հաւատք ընծայելը շա՜տ կարեւոր է։
18. (ա) Աստուծոյ խօսքին հաւատք ընծայելու համար Պօղոս ի՞նչ պատճառներ կու տայ։ (բ) Աստուծոյ խօսքը ի՞նչպէս «ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ» է։
18 Եհովայի խօսքին հաւատալու վաւերական պատճառներ ունինք։ Պօղոս գրեց. «Վասն զի Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբրայեցիս 4։12) Այո, Աստուծոյ խօսքը, կամ պատգամը, «ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ» է։ Եբրայեցի Քրիստոնեաները կարիքը ունէին յիշելու թէ ի՛նչ պատահած էր երբ իրենց նախահայրերը անտեսած էին Եհովայի դատաստանը թէ անոնք անապատին մէջ պիտի բնաջնջուէին ու փորձած էին Աւետեաց Երկիրը մտնել։ Մովսէս զգուշացուց զիրենք. «Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները հոն ձեր առջեւ են եւ սրով պիտի իյնաք»։ Երբ Իսրայելացիները յամառօրէն առաջ նետուեցան, «այն ատեն այն լերանը վրայ բնակող Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները իջան եւ զարկին զանոնք ու հալածեցին զանոնք մինչեւ Հօրմա»։ (Թուոց 14։39-45) Եհովայի խօսքը որեւէ երկսայրի սուրէ աւելի կտրուկ է եւ գիտակցօրէն զայն անտեսողը վստահաբար անոր հետեւանքները պիտի հնձէ։—Գաղատացիս 6։7-9
19. Աստուծոյ խօսքը ո՞րքան ուժգնութեամբ կը «թափանցէ», եւ ինչո՞ւ պէտք է գիտակցինք որ Աստուծոյ համարատու ենք։
19 Աստուծոյ խօսքը ո՛րքան ուժգնութեամբ «կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը»։ Անիկա անհատին խորհուրդներուն եւ շարժառիթներուն կը ներթափանցէ, այլաբանօրէն հասնելով մինչեւ ծուծը՝ ոսկորներուն ամենաներքին մասը։ Թէեւ եգիպտական ծառայութենէն ազատագրուած Իսրայելացիները համաձայնած էին Օրէնքը պահել, սակայն Եհովան գիտէր թէ անոնք իրենց սրտին խորքէն գնահատութիւն չունէին իր կարգադրութիւններուն ու պահանջներուն հանդէպ։ (Սաղմոս 95։7-11) Փոխանակ իր կամքը կատարելու, անոնք իրենց մարմնաւոր փափաքները գոհացնելով հետաքրքրուած էին։ Անոր համար անոնք Աստուծոյ խոստացած հանգիստը չմտան, հապա անապատին մէջ կործանեցան։ Ասիկա մեզի որպէս դաս պէտք է ծառայէ, քանի որ «չկայ արարած մը որ [Աստուծոյ] դէմ չերեւնայ, հապա ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը»։ (Եբրայեցիս 4։13) Հետեւաբար Եհովայի ըրած մեր նուիրումին համաձայն ապրինք եւ ‘ետ չքաշուինք որ կորսուինք’։—Եբրայեցիս 10։39
20. Մեր դիմաց ի՞նչ ունինք, եւ հիմա ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի Աստուծոյ հանգիստը մտնենք։
20 Թէեւ տակաւին «եօթներորդ օրը»՝ Աստուծոյ հանգիստի օրը՝ իր ընթացքին մէջ է, Ան երկրի ու մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին իրագործման նկատմամբ արթուն կը հսկէ։ Շատ շուտով, Մեսիական Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, քայլեր պիտի առնէ երկիրը Աստուծոյ կամքին հակառակողներէն մաքրելու համար՝ Բանսարկու Սատանան ալ ներառեալ։ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս եւ իր 144,000 իշխանակիցները երկիրը եւ մարդկութիւնը պիտի հասցնեն այն կատարեալ վիճակին զոր Աստուած նպատակադրած էր։ (Յայտնութիւն 14։1. 20։1-6) Հիմա է ժամանակը փաստելու որ մեր կեանքը Եհովա Աստուծոյ կամքին շուրջ կը դառնայ։ Փոխանակ Աստուծոյ առջեւ մենք մեզ արդարացնելու եւ մեր անձնական շահերը յառաջ մղելու, հիմա ժամանակն է որ ‘հանգչինք մեր գործերէն’ եւ բոլոր սրտով Թագաւորութեան շահերուն ծառայենք։ Ասիկա ընելով եւ մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի՝ հաւատարիմ մնալով, առանձնաշնորհումը պիտի ունենանք Աստուծոյ հանգիստէն օգտուելու հիմա եւ յաւիտեան։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Աստուած ի՞նչ նպատակով «եօթներորդ օրը» հանգստացաւ։
◻ Իսրայելացիները ի՞նչ հանգիստ կրնային վայելել, սակայն ինչո՞ւ չկրցան անոր մէջ մտնել։
◻ Աստուծոյ հանգիստը մտնելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
◻ Աստուծոյ խօսքը ի՞նչպէս կենդանի, զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ է։
[Նկար՝ էջ 14]
Իսրայելացիները Շաբաթը կը պահէին բայց Աստուծոյ հանգիստը չմտան։ Գիտէ՞ք ինչու