Մեր հաւատքը պաշտպանենք
«Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք . . . պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն»։—Ա. ՊԵՏՐՈՍ 3։15
1, 2. Ինչո՞ւ հակառակութիւնը չի զարմացներ Եհովայի Վկաները, բայց անոնք ի՞նչ կը փափաքին։
ԲԱԶՄԱԹԻՒ երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները ընդհանրապէս ճանչցուած են որպէս պարկեշտ, բարոյապէս մաքուր անհատներ։ Շատեր զանոնք լաւ ու անվնաս դրացիներ կը նկատեն։ Սակայն, ծիծաղելիօրէն այս խաղաղասէր Քրիստոնեաները անիրաւ հալածանքներ կրած են պատերազմի ու խաղաղութեան ժամանակներուն։ Այս հակառակութիւնը զիրենք չի զարմացներ։ Իրականութեան մէջ, զայն կ’ակնկալեն։ Անոնք գիտեն որ Հ.Դ. առաջին դարու հաւատարիմ Քրիստոնեաները «ատելի» եղան, ուստի, անոնք որոնք ներկայիս կը ջանան Քրիստոսի հետեւորդները ըլլալ, ինչո՞ւ անոնցմէ տարբեր վերաբերմունք մը պիտի ակնկալեն։ (Մատթէոս 10։22) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն»։—Բ. Տիմոթէոս 3։12
2 Եհովայի Վկաները հալածանք չեն փնտռեր, ոչ ալ անոր բերած տառապանքը՝ տուգանքը, բանտարկութիւնը կամ բիրտ վերաբերմունքը, կը սիրեն։ Անոնք կը փափաքին ‘խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարել’, որպէսզի կարենան առանց արգելքի Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել։ (Ա. Տիմոթէոս 2։1, 2) Անոնք կը գնահատեն իրենց պաշտամունքը յառաջ տանելու համար շատ մը երկիրներու մէջ իրենց վայելած կրօնական ազատութիւնը, եւ խղճմտօրէն իրենց կարելին կ’ընեն, որպէսզի ‘ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունենան’, ի ներառեալ կառավարիչներու։ (Հռովմայեցիս 12։18. 13։1-7) Արդ, անոնք ինչո՞ւ «ատելի» եղած են։
3. Եհովայի Վկաներուն անիրաւօրէն ատուած ըլլալուն պատճառներէն մէկը ի՞նչ է։
3 Եհովայի Վկաները անիրաւօրէն ատուած են, հիմնականօրէն ճիշդ այդ պատճառներով, որոնց համար նախկին Քրիստոնեաները հալածուած էին։ Առաջին՝ Եհովայի Վկաները իրենց կրօնական հաւատալիքներուն համաձայն կ’ապրին, որու համար ոմանց աչքին անժողովրդական կը դառնան։ Անոնք, զոր օրինակ, Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրաբար կը քարոզեն, սակայն մարդիկ յաճախ սխալ մեկնելով անոնց նախանձախնդրութիւնը, այս քարոզչութիւնը կը նկատեն «գրգռիչ հաւատափոխութիւն» մը։ (Բաղդատել՝ Գործք Առաքելոց 4։19, 20։) Անոնք ազգերու պատերազմներուն ու քաղաքականութեանց մէջ ալ չէզոք դիրք մը կը բռնեն, եւ երբեմն ասիկա սխալ կերպով մեկնաբանուելով, Վկաները նկատուած են որպէս անհաւատարիմ քաղաքացիներ։—Միքիայ 4։3, 4
4, 5. (ա) Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս սուտ ամբաստանութիւններու թիրախ եղած են։ (բ) Եհովայի ծառաներու հալածանքը գլխաւորաբար որո՞նց կողմէ դրդուած է։
4 Երկրորդ՝ Եհովայի Վկաները սուտ ամբաստանութիւններու՝ բացայայտ սուտերու, թիրախ դարձած են, եւ անոնց հաւատալիքները խեղաթիւրուած կերպով ներկայացուած են։ Որպէս հետեւանք, կարգ մը երկիրներու մէջ, անոնք անիրաւ յարձակումի ենթարկուած են։ Ասկէ զատ, անոնք «երախայասպան» կամ «անձնասպանական պաշտամունք» պիտակուած են, քանի որ ‘արիւնէ ետ կենալու’ Աստուածաշունչի պատուէրին հնազանդելու փափաքով, առանց արիւնի բժշկական դարմանումներ փնտռած են։ (Գործք 15։29) Բայց իրողութիւնը այն է որ Եհովայի Վկաները կեանքի շատ մեծ արժէք կու տան եւ կը ջանան իրենց եւ իրենց զաւակներուն համար ձեռնտու եղող բժշկական լաւագոյն դարմանը փնտռել։ Ամբողջովին անհիմն է այն ամբաստանութիւնը թէ ամէն տարի մեծ թիւով Եհովայի Վկաներու երախաներ կը մեռնին, քանի որ կը մերժեն արեան ներարկումը։ Ասկէ զատ, ընտանիքի բոլոր անդամներուն վրայ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը նոյն ազդեցութիւնը չունենալուն համար, Վկաները նաեւ մեղադրուած են որպէս ընտանիք քանդողներ։ Սակայն, Եհովայի Վկաները ճանչցող անհատներ գիտեն թէ անոնք ընտանեկան կեանքը շատ բարձր կը դասեն եւ կը ջանան Աստուածաշունչի պատուէրներուն հետեւիլ, ուր կ’ըսուի թէ ամուսին եւ կին իրար սիրեն ու յարգեն եւ զաւակներ իրենց ծնողներուն հնազանդ ըլլան, անոնք հաւատացեալ ըլլան կամ ոչ։—Եփեսացիս 5։21–6։3
5 Շատ մը պարագաներու, տեսնուած է որ Եհովայի ծառաներու հալածանքին գլխաւոր դրդիչներն են կրօնական հակառակորդները, որոնք քաղաքական հեղինակութիւններու քով իրենց ունեցած ազդեցութիւնը գործածած են, Վկաներուն գործունէութիւնները կասեցնելու համար։ Մենք՝ Եհովայի Վկաներս՝ ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք հակառակութեան, անիկա ըլլայ մեր հաւատալիքներուն, կամ սխալ ամբաստանութիւններու հետեւանքով։
«Ձեր Բանաւորութիւնը Ամէն Մարդու Թող Յայտնի Ըլլայ»
6. Ինչո՞ւ կարեւոր է քրիստոնէական ժողովքէն չեղողներու հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենալ։
6 Նախ, շիտակ տեսակէտ՝ Եհովայի տեսակէտը, պէտք է ունենանք անոնց նկատմամբ, որոնք մեր կրօնական համոզումները չեն բաժներ։ Ապա թէ ոչ, կրնանք անտեղիօրէն ուրիշներու հակակրանքը կամ նախատինքը հրաւիրել մեր վրայ։ «Ձեր քաղցրութիւնը [«բանաւորութիւնը», ՆԱ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ», գրեց Պօղոս առաքեալ։ (Փիլիպպեցիս 4։5) Ուստի, Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ քրիստոնէական ժողովքէն չեղողներու հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենանք։
7. ‘Աշխարհէն անարատ մնալը’ ի՞նչ կը բովանդակէ։
7 Նախ ըսենք որ Սուրբ Գիրքը շատ յստակօրէն մեզ կը խրատէ որ մեր ‘անձը անարատ պահենք աշխարհէն’։ (Յակոբու 1։27. 4։4) Հոս, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի շատ մը տարբեր մասերուն մէջ, «աշխարհ» արտայայտութիւնը կ’ակնարկէ ճշմարիտ Քրիստոնեաներէ զատ մնացեալ մարդկութեան։ Մենք մարդկային այս ընկերութեան մէջ կ’ապրինք եւ գործի, դպրոցի եւ դրացիութեան մէջ անոնց հետ շփման մէջ ենք։ (Յովհաննու 17։11, 15. Ա. Կորնթացիս 5։9, 10) Սակայն, մենք մեզ անարատ կը պահենք աշխարհէն, Աստուծոյ արդար չափանիշներուն հետ բախումի մէջ եղող կեցուածքներէն, խօսակցութենէն եւ վարքէն խուսափելով։ Կենսական է նաեւ գիտակցիլ որ այս աշխարհի՝ մանաւանդ Եհովայի չափանիշները ամբողջովին անտեսողներուն՝ հետ սերտ ընկերակցութիւնը վտանգաւոր է։—Առակաց 13։20
8. Աշխարհէն անարատ մնալու մասին տրուած խրատը ինչո՞ւ ուրիշներուն ցած աչքով նայելու հիմ մը չի տար մեզի։
8 Սակայն, աշխարհէն անարատ մնալու խրատը, Եհովայի Վկաներ չեղողները նուաստացնելու որեւէ հիմ չի տար մեզի։ (Առակաց 8։13) Յիշեցէք Հրեայ կրօնական առաջնորդներուն օրինակը, զոր նկատի առինք նախորդ յօդուածին մէջ։ Անոնց զարգացուցած կրօնքը Եհովայի հաճութիւնը չշահեցաւ. ոչ ալ Հրեայ չեղողներուն հետ լաւ յարաբերութիւն մշակելու նպաստեց։ (Մատթէոս 21։43, 45) Իրենց թառած բարձր դիրքէն, այս մոլեռանդները Հեթանոսներուն ցած աչքով կը նայէին։ Մենք այսպիսի տեսակէտ չենք որդեգրել, Վկայ չեղողներու հետ արհամարհանքով վարուելով։ Պօղոս առաքեալի նման, մեր փափաքն է որ բոլոր անոնք որոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութեան պատգամը կը լսեն, Աստուծոյ հաճութիւնը շահին։—Գործք 26։29. Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4
9. Հաւասարակշռուած, սուրբ գրային տեսակէտ մը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր հաւատքը չբաժնողներուն մասին մեր ունեցած խօսակցութեան վրայ։
9 Հաւասարակշռուած, սուրբ գրային տեսակէտ մը ունենալը պէտք է ազդէ Վկայ չեղողներու մասին մեր ունեցած խօսակցութեան։ Պօղոս խրատ տուաւ Տիտոսի որ Կրետէ կղզիի Քրիստոնեաներուն յիշեցնէ որ «մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն»։ (Տիտոս 3։2) Նկատի առէք որ Քրիստոնեաները «մէկո՛ւն»՝ ոչ իսկ Կրետէի մէջ Քրիստոնեայ չեղողներու մասին վարկաբեկիչ կերպով պէտք էր արտայայտուէին, որոնք ճանչցուած էին իրենց ստախօսութեան, շատակերութեան եւ ծուլութեան համար։ (Տիտոս 1։12) Ուստի, մեր հաւատքը չբաժնողներու մասին խօսելու ատեն զանոնք վատաբանելը մեր կողմէ քրիստոնէավայել չեղող ընթացք մը պիտի ըլլայ։ Մեծամիտ կեցուածքը ուրիշները Եհովայի պաշտամունքին պիտի չքաշէ։ Փոխարէն, երբ ուրիշները Եհովայի Խօսքին բանաւոր սկզբունքներուն ընդմէջէն դիտենք եւ անոնց հետ այդ հիման վրայ վարուինք, «Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդար»ած կ’ըլլանք։—Տիտոս 2։10
Ե՛րբ Լռել եւ Ե՛րբ Խօսիլ
10, 11. Յիսուս ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ ինք գիտէր (ա) ե՛րբ ‘լռել’ եւ՝ (բ) ե՛րբ ‘խօսիլ’։
10 «Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ, կ’ըսէ Ժողովողի 3։7–ն։ Հոս է հարցը. գիտնալ ե՛րբ հակառակորդները անտեսել, եւ ե՛րբ խօսիլ, մեր հաւատքը պաշտպանելու համար։ Կրնանք շատ բան սորվիլ Անկէ, որ միշտ կատարեալ դատողութիւն մը ունէր, որ է Յիսուս։ (Ա. Պետրոս 2։21) Ան գիտէր թէ ե՛րբ պէտք էր ‘լռէր’։ Օրինակ, երբ քահանայապետները եւ երէցները Պիղատոսի դիմաց զինք ամբաստանեցին, Յիսուս «պատասխան չտուաւ»։ (Մատթէոս 27։11-14) Ան չուզեց որեւէ բան ըսել, որ իրեն նկատմամբ Աստուծոյ կամքին գործադրութեան կրնար արգելք ըլլալ։ Ընդհակառակը, ան նախընտրեց որ իր գործե՛րը խօսին իր մասին։ Ան գիտէր թէ նոյնիսկ ճշմարտութիւնը որեւէ կերպով անոնց ամբարտաւան մտքերն ու սրտերը պիտի չփոխէր։ Ուստի, ան անտեսեց անոնց ամբաստանութիւնը, իր դիտումնաւոր լռութիւնը չխզելով։—Եսայեայ 53։7
11 Սակայն, Յիսուս «խօսելու ժամանակ»ն ալ գիտէր։ Կարգ մը առիթներով ան զինք քննադատողներուն հետ համարձակօրէն եւ բացէ ի բաց վիճեցաւ, անոնց ամբաստանութիւնները հերքելով։ Օրինակ, երբ Փարիսեցիները եւ դպիրները փորձեցին ժողովուրդին դիմաց զինք վարկաբեկել, ամբաստանելով որ ինք Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանէր, Յիսուս չձգեց որ անոնց ամբաստանութիւնները գետին գտնեն։ Զգետնող տրամաբանութեամբ եւ ազդու օրինակով մը, ան շրջեց սուտը։ (Մարկոս 3։20-30. տես նաեւ՝ Մատթէոս 15։1-11. 22։17-21. Յովհաննու 18։37։) Նմանապէս, երբ Յիսուս մատնուելէ եւ ձերբակալուելէ ետք Սենետրիոնի դիմաց տարուեցաւ, Կայիափա Քահանայապետը խորամանկօրէն հարցուց. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ»։ Հոս ալ «խօսելու ժամանակ» էր, քանի որ լուռ կենալը այն տպաւորութիւնը պիտի տար թէ ինք Քրիստոսը չէր։ Ուստի Յիսուս պատասխանեց. «Ես եմ»։—Մատթէոս 26։63, 64. Մարկոս 14։61, 62
12. Ո՞ր պարագաները մղեցին որ Պօղոս եւ Բառնաբաս համարձակօրէն խօսին Իկոնիոնի մէջ։
12 Նկատի առէք նաեւ Պօղոսի եւ Բառնաբասի օրինակը։ Գործք Առաքելոց 14։1, 2–ը կը նշէ. «Պօղոս եւ Բառնաբաս մէկտեղ Իկոնիոնի մէջ Հրեաներուն ժողովարանը մտան եւ այնպէս խօսեցան, որ խիստ շատ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին։ Բայց չհաւատացող Հրեաները դրդեցին ու չարութեան գրգռեցին հեթանոսներուն սիրտը եղբայրներուն դէմ»։ Անթիլիաս թարգմանութիւնը կ’ըսէ. «Անոնց քարոզչութիւնը չընդունող Հրեաները հեթանոսներու միտքը պղտորեցին եւ հաւատացող եղբայրներուն դէմ գրգռեցին զանոնք»։ Անձնապէս պատգամը մերժելով չբաւականանալով, Հրեայ հակառակորդները Քրիստոնեաները մրոտելու արշաւի մը սկսան, ջանալով Հեթանոս բնակչութիւնը անոնց դէմ նախապաշարել։a Որքա՜ն խոր էր Քրիստոնէութեան հանդէպ անոնց ատելութիւնը։ (Բաղդատել՝ Գործք Առաքելոց 10։28։) Պօղոս եւ Բառնաբաս զգացին որ «խօսելու ժամանակ»ն էր, ապա թէ ոչ հանրութեան նախատական կեցուածքը նոր աշակերտները պիտի վհատեցնէր։ Հետեւաբար, «Անոնք [Պօղոս եւ Բառնաբաս] շատ ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակ կը քարոզէին Տէրոջմով», որ իր կարգին, իր հաճութիւնը ցոյց տուաւ, զանոնք զօրացնելով որ հրաշքներ ընեն։ Առ ի հետեւանք, «ոմանք Հրեաներուն կողմէն եղան, ոմանք ալ՝ առաքեալներուն»։—Գործք 14։3, 4
13. Երբ հարցը նախատինք ըլլայ, սովորաբար ե՞րբ «լռելու ժամանակ» է։
13 Արդ, երբ մեզ նախատեն, ի՞նչպէս պէտք է ընդառաջենք։ Ասիկա պարագաներէն կախեալ է։ Կարգ մը պարագաներ կը պահանջեն որ «լռելու ժամանակ»ի սկզբունքը գործադրենք։ Պարագան մասնաւորաբար այս կ’ըլլայ, երբ յամառ հակառակորդներ կը ջանան մեզ անիմաստ հակաճառութիւններու մէջ քաշել։ Պէտք չէ մոռնանք որ կարգ մը անհատներ պարզապէս չեն ուզեր ճշմարտութիւնը գիտնալ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9-11) Սնապարծօրէն անհաւատ մտքերու վրայ կեդրոնացած սիրտ ունեցող անհատներուն հետ տրամաբանելու ջանք թափելը՝ ապարդիւն է։ Ասկէ զատ, ամէն ամբաստանողի հետ վիճաբանութեան մէջ մտնելը, մեզ կրնայ շեղեցնել շատ աւելի կարեւոր ու վարձահատոյց գործունէութենէ մը, որ է Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը իրապէս սորվիլ փափաքող պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն օգնել։ Ուստի, երբ դէմ յանդիման կու գանք հակառակորդներու հետ, որոնք վճռած են մեր վրայ սուտեր տարածել, ներշնչեալ խրատը մեզի կ’ըսէ՝ «Անոնցմէ ետ կեցէք»։—Հռովմայեցիս 16։17, 18. Մատթէոս 7։6
14. Մեր հաւատքը ի՞նչ կերպերով կրնանք պաշտպանել ուրիշներու դիմաց։
14 Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր որ մենք մեր հաւատքը չենք պաշտպաներ։ Վերջապէս՝ «խօսելու ժամանակ» ալ կայ։ Տեղին ըլլալով, մենք հետաքրքրութիւն ցոյց կու տանք այն անկեղծ անհատներուն հանդէպ, որոնք մեր մասին վատահամբաւ քննադատութիւն մը լսած են։ Մենք կ’ուզենք առիթէն օգտուիլ, ուրիշներուն մեր համոզումներուն մասին յստակ բացատրութիւն մը տալու համար։ Պետրոս գրեց. «Հապա Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն»։ (Ա. Պետրոս 3։15) Երբ անկեղծօրէն հետաքրքրուած անհատներ հակառակորդներու կողմէ յարուցուած սուտ ամբաստանութիւններու մասին հարց կու տան եւ մեզի սիրելի եղող հաւատալիքներուն մասին փաստեր կ’ուզեն, մեր պատասխանատուութիւնն է մեր հաւատքը պաշտպանել, սուրբ գրային պատասխաններ հայթայթելով։ Ասկէ աւելի, մեր լաւ վարմունքը կրնայ մեծ վկայութիւն ըլլալ։ Երբ լայնամիտ անհատներ նշմարեն որ մենք իրապէս Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն կ’ապրինք, անոնք կրնան անմիջապէս տեսնել որ մեր վրայ եղած ամբաստանութիւնները անհիմն են։—Ա. Պետրոս 2։12-15
Ի՞նչ Ըսենք Զրպարտիչ Տեղեկագիրներու Մասին
15. Օրինակով մը ցոյց տուէք թէ Եհովայի Վկաները ի՛նչպէս խեղաթիւրուած տեղեկութեան թիրախը եղած են լրատուական սպասարկութեան կողմէ։
15 Երբեմն, Եհովայի Վկաները լրատուական սպասարկութեան կողմէ խեղաթիւրուած տեղեկութեան թիրախը եղած են։ Օրինակ, 1 Օգոստոս 1997–ին, ռուսական օրաթերթ մը զրպարտիչ յօդուած մը հրատարակեց, ուրիշ բաներու շարքին ըսելով որ Վկաները իրենց անդամներէն բացարձակօրէն կը պահանջեն որ ‘իրենց կիները, ամուսինները եւ ծնողքը մերժեն, եթէ անոնք իրենց հաւատքը չհասկնան կամ զայն չբաժնեն’։ Ոեւէ մէկը որ ծանօթ է Եհովայի վկաներուն, գիտէ թէ ասիկա սուտ ամբաստանութիւն մըն է։ Աստուածաշունչը կը նշէ որ Քրիստոնեաները ընտանիքի անդամներուն հանդէպ սիրով եւ յարգանքով վարուին եւ Վկաները կը ջանան այս ցուցմունքին հետեւիլ։ (Ա. Կորնթացիս 7։12-16. Ա. Պետրոս 3։1-4) Այսպէս ըլլալով հանդերձ, այս յօդուածը տպուեցաւ եւ շատ մը ընթերցողներ այս կերպով սխալ տեղեկութիւն ստացան։ Երբ մեզ անիրաւ տեղը ամբաստանեն, մեր հաւատքը ի՞նչպէս կրնանք պաշտպանել։
16, 17, եւ էջ 26–ի վրայ գտնուող շրջագիծը. (ա) Առիթով մը Դիտարան–ը ի՞նչ ըսաւ տեղեկատուական սպասարկութեան սուտ ամբաստանութեան պատասխանելու մասին։ (բ) Ո՞ր պարագաներու ներքեւ, Եհովայի Վկաները լրատուութեան բացասական տեղեկագրութիւններու կը պատասխանեն։
16 Անգամ մը եւս, «լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ։ Անգամ մը Դիտարան–ը հետեւեալ կերպով արտայայտուեցաւ. «Տեղեկատուական սպասարկութեան մէջ սուտ տեղեկութիւն մը անտեսելը կամ յարմար միջոցներով ճշմարտութիւնը պաշտպանելը կախեալ է պարագաներէն, քննադատութեան դրդիչէն եւ իր հետապնդած նպատակէն»։ Կարգ մը պարագաներու, նախընտրելի է անտեսել բացասական տեղեկագրութիւն մը, սուտերը յաւելեալ կերպով չծանուցանելու համար։
17 Ուրիշ պարագաներու, թերեւս «խօսելու ժամանակ» է։ Կրնայ ըլլալ որ վստահելի լրագրող մը Եհովայի Վկաներու մասին սխալ տեղեկութիւն մը ստացած է եւ ուրախութեամբ կ’ընդունի շիտակ տեղեկութիւն մը ստանալ մեր մասին։ (Տես շրջագիծը՝ «Սխալ Տեղեկութիւն մը Սրբագրել»։) Եթէ լրատուութեան մէջ բացասական տեղեկագրութիւնները կանխադատողութիւն յարուցանելով մեր քարոզչութեան արգելք հանդիսանան, Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակի ներկայացուցիչները յարմար միջոցներով, ճշմարտութիւնը պաշտպանելու համար նախաքայլը կ’առնեն։b Օրինակ, որակելի երէցներ կրնան նշանակուիլ իրողութիւններ ներկայացնելու համար, թերեւս հեռատեսիլէն, ուր այսպէս չընելը կրնայ այն տպաւորութիւնը տալ որ Եհովայի Վկաները տալիք պատասխան մը չունին։ Այսպիսի հարցերու մէջ, անհատապէս Վկաներ իմաստուն կերպով կը հետեւին Դիտարանի Ընկերութեան եւ անոր ներկայացուցիչներու ցուցմունքներուն։—Եբրայեցիս 13։17
Օրինաւոր Կերպով Պաշտպանել Բարի Լուրը
18. (ա) Քարոզելու համար ինչո՞ւ մարդկային կառավարութիւններէն արտօնութիւն առնելու պէտք չունինք։ (բ) Երբ քարոզելու արտօնութիւն չտան մեզի, ի՞նչ ընթացքի կը հետեւինք։
18 Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու մեր արտօնութիւնը երկինքէն կու գայ։ Այս գործը ընելու համար մեզի յանձնարարութիւն տուող Յիսուսի յանձնուած է ‘ամէն իշխանութիւն, երկնքի մէջ ու երկրի վրայ’։ (Մատթէոս 28։18-20. Փիլիպպեցիս 2։9-11) Հետեւաբար, մենք մարդկային կառավարութիւններէ արտօնութիւն առնելու պէտք չունինք քարոզելու համար։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, կը գիտակցինք որ կրօնական ազատութիւն ունենալը Թագաւորութեան պատգամը տարածելու կ’օգնէ։ Այն երկիրներու մէջ, ուր մեր պաշտամունքը յառաջ տանելու ազատութիւն ունինք, զայն պաշտպանելու համար իրաւաբանական դրութիւնը կը գործածենք։ Հոն ուր այսպիսի ազատութիւն չունինք, օրէնքին կռթնելով պիտի ջանանք զայն ձեռք ձգել։ Մեր նպատակը ընկերային բարեկարգում չէ, այլ՝ «աւետարանին ջատագովութեանը ու հաստատութեանը» նպաստել է։—Փիլիպպեցիս 1։7
19. (ա) ‘Ինչ որ Աստուծոյ է, Աստուծոյ տալուն’ արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ (բ) Ի՞նչ ընել վճռած ենք։
19 Որպէս Եհովայի Վկաներ մենք Եհովան կ’ընդունինք որպէս Տիեզերական Գերիշխան։ Իր օրէնքը գերագոյնն է։ Մենք խղճմտօրէն կը հնազանդինք մարդկային կառավարութիւններու, ‘ինչ որ Կայսրին է՝ Կայսրին տալով’։ Բայց թոյլ չենք տար որ որեւէ բան արգելք հանդիսանայ շատ աւելի կարեւոր պատասխանատուութիւն մը կատարելու, որ է՝ ‘ինչ որ Աստուծոյ է, Աստուծոյ տալ’։ (Մատթէոս 22։21) Շատ լաւ գիտենք որ այսպէս ընելով ‘ատելի պիտի ըլլանք’ ազգերու կողմէ, բայց մենք ասիկա կ’ընդունինք որպէս աշակերտ ըլլալու գինը։ Ի. դարու Եհովայի Վկաներու դատական արձանագրութիւնները, մեր հաւատքը պաշտպանելու մեր վճռակամութիւնը ցոյց կու տան։ Եհովայի օգնութեամբ պիտի շարունակենք ‘առանց դադարելու սորվեցնել ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզել’։—Գործք 5։42
[Ստորանիշներ]
a Ամբողջ Աստուածաշունչի Շուրջ Մէթիու Հէնրիին Մեկնաբանութիւնը (Անգլերէն) կը բացատրէ թէ Հրեայ հակառակորդներ «իրենց գործը դարձուցին դիտմամբ երթալ [Հեթանոս] ծանօթներու եւ անոնց ըսել ինչ որ իրենց միտքը կամ չարակամութիւնը կրնար հնարել, անոնց մէջ զետեղելու համար Քրիստոնէութեան հանդէպ ոչ միայն խեղճ, այլ, վատ կարծիք մը»։
b Ռուսական թերթի մը մէջ զրպարտիչ յօդուած մը հրատարակուելէն ետք (յիշուած՝ 15–րդ պարբերութեան մէջ), Եհովայի Վկաները կոչ ըրին Տեղեկատուական Վէճերու Ռուսական Դաշնակցութեան Նախագահական Իրաւաբանական Գրասենեակին, խնդրելով որ յօդուածին մէջ եղած զրպարտութիւնները վերաքննութեան ենթարկեն։ Վերջերս ատեանը վճռեց տուգանք դնել լրագրին վրայ, վարկաբեկիչ յօդուած մը հրատարակելուն համար։—Տես՝ Զարթի՛ր 22 Նոյեմբեր 1998, էջ 26-27։
Կը Յիշէ՞ք
◻ Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ «ատելի» եղած են։
◻ Մեր կրօնական հաւատալիքները չբաժնողները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
◻ Յիսուս հաւասարակշռութեան ի՞նչ լաւ օրինակ մը հանդիսացաւ, հակառակորդներուն հետ իր գործառնութեանց մէջ։
◻ Երբ մեզ նախատեն, ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել այն սկզբունքը թէ՝ «լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ» կայ։
[Շրջանակ՝ էջ 26]
Սխալ տեղեկութիւն մը սրբագրել
«Եգուիպայի մէջ, Պոլիվիա, տեղւոյն աւետարանչական խումբ մը կարգադրութիւն ըրած էր հեռատեսիլէն շարժապատկեր մը ցոյց տալու, որ բացայայտօրէն հաւատուրացներու կողմէ պատրաստուած էր։ Այդ յայտագրին ձգած գէշ ազդեցութեան պատճառաւ, երէցները որոշեցին հեռատեսիլի երկու կայաններ այցելել եւ առաջարկել որ վճարումով պատկերասփռեն՝ Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը, եւ Աստուածաշունչը՝ Իրողութեան ու Մարգարէութեան Գիրք մը պատկերիզները։ Ընկերութեան պատկերիզները տեսնելէ ետք, ձայնասփիւռի կայանի մը տէրը ա՛յնքան բարկացաւ հաւատուրացներուն յայտագրին ապատեղեկատուութեան համար, որ առաջարկեց ձրիօրէն կարճ ծանուցում մը ընել Եհովայի Վկաներու մօտալուտ նահանգային համաժողովին համար։ Ներկաներուն թիւը անսովոր կերպով բարձրացաւ եւ պարկեշտ սիրտ ունեցող շատեր սկսան հարցումներ հարցնել, երբ քարոզչութեան ընթացքին Վկաները իրենց այցելեցին»։—Եհովայի Վկաներու 1997–ի Տարեգիրքը, էջ 61-62։
[Նկար՝ էջ 25]
Կարգ մը առիթներով Յիսուս բացէ ի բաց հերքեց զինք քննադատողներուն սուտ ամբաստանութիւնները